Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այսօր ֆրանսացի ժողովուրդին հոգին կը թրթռայ խանդաղատ պաշտամունքի յոյզերով, անիկա կը տօնէ Ժանն տ’Առքի յիշատակը, Լօռէնցի տանեւեօթամեայ այն կոյսին, որ, ինչպէս ծանօթ է, 1412ին, ինքզինքը «Աստուծմէ ներշնչեալ»  յայտարարելով, արտօնուեցաւ Շառլ Է. էն զինուորներու գլուխը անցնիլ, եւ, շարունակական յաղթանակներ տանելէ ետքը թշնամիներուն Անգլիացիներուն վրայ, վանեց զանոնք եւ փրկեց Օռլէանը, ի վերջոյ, սակայն, զոհ դաւաճանութեան մը, խարոյկին վրայ գտնելով իր մահը՝ Ռուանի մէջ:

Ո՛րքան ալ Ժանն տ’Առքի դէմքը մնայ ո՛չ միայն ֆրանսական, այլեւ տիեզերական պատմութեան մէջ զարմանահրաշ տեսիլք մը՝ խրոխտ եւ պայծառ, ո՛րքան ալ անիկա ըլլայ շքեղ ու իսկական մէկ արտայայտութիւնը գաղղիական դիւցազնական հոգիին պայքարներուն՝ ժողովուրդի մը ոսկի հէքեաթներու գիրքը ճոխացնող, բայց եւ այնպէս Ֆրանսայի հանրային իշխանութիւնները չեն ուզած ցարդ ազգային տօնի մը հաստատումով նուիրականացնել անոր տարեդարձը: Եւ առանց պատճառի չէ այս, անշուշտ: Անոնք կը վախնան զօրանալէն կղերականութեան ոգիին, որ, պատրաստ արդէն շահագործելու ամէն առիթ, պատրուակ պիտի դարձնէր, ինչպէս որ կը դարձնէ, շողշողուն հերոսուհիին յիշատակն ալ՝ իր չարաշուք ազդեցութեան ի հաշիւ, քանի որ եկեղեցին կը տօնէ զայն իբր սրբուհի:

Բայց Ժանն տ’Առք կղերին սեփականութիւնը չէ. անիկա ժողովուրդինն է, անիկա ցեղին կուրծքէն ժայթքած գեղեցիկ ճառագայթ մըն է եւ այդ կուրծքը ուռեցնող հպարտութիւն մը: Այս պատճառով, ֆրանսացին յուզումով եւ խանդավառութեամբ կը մեծարէ զայն այսօր հանդիսութիւններու ընդմէջէն, որոնք սովորականէն աւելի ոգեւոր ու փայլուն կը ներկայանան, ինչպէս կը հաստատուի: Նորեռանդ հայրենասիրութեան մը խմորումը նորագոյն սերունդին մէջ բան մը որու մասին կը խօսէի նախորդ նամակով մը նպաստաւոր եղած է ատոնց համար:

Օրեր առաջ, հայրենասիրական կոչեր, պատերու վրայ փակցուած, հրաւէր կը կարդային փարիզցի ժողովուրդին՝ տօնելու Ժաննի յիշատակը, տօնելու համար Ֆրանսայի փառքն իսկ: Քանի մը օրերէ ի վեր, բազմաթիւ շէնքերու վրայ, եռագոյն դրօշներուն հետ կը ծածանին Ժանն տ’Առքի պատերազմական պատկերը ներկայացնող դրօշները՝ կապոյտ—ճերմակ: Եւ այսօր, առաւօտեան ժամերէն իսկ, յորդակոհակ բազմութիւն մը հաւաքուած է բոլոր այն հրապարակներուն վրայ ուր ֆրանսացի հերոսուհիին արձանները կը կանգնին, Փլաս տէ Փիռամիտ, Փլաս Սէն-Մարսէլ, Փլաս Սէնթ-Օկիւսթէն: Աւիւնոտ երիտասարդութիւն մը եւ թրթռուն պատանութիւն մը ուսանողներու եւ աշակերտներու՝ նուագախումբերէ առաջնորդուած, եւ քաղցր խայտանքը ֆրանսուհիներու՝ հաւատարիմ իրենց պաշտպան սրբուհիին, մեծապէս կ’ոգեւորեն ցոյցերը: Եւ արձանները ծածկուեցան ծաղիկներով, ծաղիկներով, ծաղիկներով: Եւ ծափեր, ծափեր, ծափեր ամէն կողմէ:

* * *

Թէ հակակղերական տարրերը, Ժանն տ’Առքի դերը չուրանալով հանդերձ, մեծամասնութեամբ չէ որ կը մասնակցին այս ցոյցերուն, թէ, այս պատճառով ալ, առիթը կը տրուէր որպէսզի  պահպանողական տարրերը Տէռուլէտներ, Պառէսներ գլուխը կանգնէին անոնց կազմակերպման, այդ չէր խնդիրը: Մեզի՝ Հայերուս համար, որ գիտենք թէ ի՛նչ կարժեն, ի՛նչ պիտի արժեն Ժանն տ’Առքեան դէմքերը, ինծի համար որ այս պահուս Ժանն տ’Առքի մը քոյրը կը փնտռեմ իմ ցեղիս հայրենիքին արիւնոտ հողերուն վրայ, այլապէս գերազանց նշանակութիւն մը կը ստանայ օրուան հերոսուհին: Կղերին վաւերացուցած սրբուհիին յիշատակէն անկախաբար, հերոսուհիի մը հոգին է որ կը ցաթի ահա ցուցարարներուն վրայ եւ կը նոյնախառնուի անոնց հոգիին հետ: Ի՞նչպէս կրցած էր ան, ագարակապանի մը համեստ աղջիկը, իր քնքոյշ գոյութեան մէջ գտնել կրակէ հերոսութեան մը աղբիւրը: Ի՞նչպէս հովուական սրինգներու անդորրաւէտ  մեղեդիները հզօր ներդաշնակութեան մը փոխակերպուած էին իր հոգւոյն մէջ՝ հայրենիքի ազատագրութեան իտէալին խրոխտ ներդաշնակութիւնը: Ահա գողտր աղաւնին՝ բարձրաթռիչ արծիւ մը: Կուսական փափկութեամբ գեղջկուհին՝ ահա հրացայտ ամազոն մը, դիցաբանական աւանդութիւններէն յառնելով, իր նիզակը ճօճելով ինչպէս կայծակը մոլեգնահար մրրիկին մէջ, իր հրամաններուն որոտը պայթելով հազարաւոր լեգէոնի մը գլխուն վերեւ: Եւ յետոյ, իր երիտասարդութեան մէջ ծաղկաւէտ, իր փառքին մէջ երանաւէտ, ահա բոցերուն մէջ բիւրեղանալով:

Զգայախաբ մը ըլլայ անիկա թէ պարագայական ու առհաւական ազդեցութիւններէ թելադրուած հոգի մը, ի՛նչ աւելի գեղեցիկ քան հերոսութեան մը անվերջ փողփողումները այս աղջկան՝ զոր մեծ գերմանացին Շիլլէր ալ երգեց իր մէկ թատերգութեամբը, «Օռլէանի Կոյսը», եւ զոր իր թշնամիները՝ անգլիացիներն իսկ մեծարեցին աւելի ետքը:

* * *

Եւ ոչինչ աւելի բնական քան սրտազեղ պաշտամունքը ժողովուրդին դէպի հերոսները: Ի՜նչպէս անիկա իր երջանկութեան քանակը կ’աւելցնէ, քանի որ մաքուր ու ազնիւ խանդավառութիւններու առիթները կը հայթայթէ: Ի՜նչպէս անիկա իր հոգւոյն ազնուացման կը նպաստէ, քանի որ մեծութեան եւ կատարելութեան ճամբաներէ կը սորվեցնէ: Ժամանակները տարբեր դերեր ու պաշտօններ կը վերապահեն անշուշտ հերոսներուն, բայց անոնք պիտի մնան ճիգերը դէպի գերմարդը, եթէ երբէք իրենք իսկ չեն արդէն գերմարդու տիպերը:

Հերոսներու պաշտամունքը, Ժանն տ’Առք չէր անշուշտ այն հերոսներէն զորս Քարլայլ կը բացատրէր ու կը նուիրագործէր իբր մարդկային պատմութիւնը կառուցանող հոյակապ դէմքեր: Ժողովրդային հերոս մըն էր ան աւելի, որ սէր ու խանդաղատանք կը ներշնչէ աւելի քան պատկառանք, խտացնելուն ու արտայայտելուն համար տառապանքն ու ընդվզումը այն ցեղին որուն ծոցէն ծնած էր, ինչպէս հերոսները, անանուն կամ անուանի, մեր հայրենի լեռներուն, հիւղակներու խոնարհ դուռներէն արձակուած՝ կամքի ու խիզախումի րոպէներուն: Պայքարի ու ռազմի հերոսներ՝ զորս սակայն աւերքի եւ ունայն փառասիրութեան տենչը չէ որ կը վարէ, այլ ինչ որ կայ նուիրական ու վսեմ՝ մարդկային հոգւոյն մէջ: Ա՜հ, ո՜րքան գոհ եմ, այս պահուն, ձեր յիշատակն ու անունը կրելուս համար հոգւոյս մէջ, ո՜վ պաշտելի հերոսներ որ իմ ցեղիս հպարտութիւնը եղաք:

***

Հերոսներու պաշտամունքը, բայց ո՜րքան սխալ կը հասկցուի ան յաճախ, եւ, այն ատեն, սերունդներու դաստիարակութեան ազդակ մը չէ որ կ’ըլլայ ան. ընդհակառակը: Ինչպէս կը յիշուի տարի մը առաջ, թուրք երիտասարդութեան մէջ պաշտամունքի եռանդ մը երեւան եկաւ Թիմուրլէնկի համար: Եւ ազգայնամոլ թափ մը կը մոռցնէր կը մոռցնէ՜ր թէ այդ անողորմ աշխարհակալը արիւնի ու աւերքի դեւ մըն էր միայն: Եւ սակայն ձգտումը դէպի գերմարդը՝ այդ տիպի հերոսներուն համեմատ, բացասութիւնն իսկ պիտի ըլլար մարդերու մեծացման:

Ո՜րքան թելադրական է օրինակը Պէթհովէնի, մարդկային բարւոյն ու տիեզերական երջանկութեան երազը ապրող մեծ երգահանին: Գիտենք թէ ի՛նչ ըրաւ Պէթհովէն զօրավար Նաբոլէոնի նուիրած իր մէկ հեղինակութիւնը: Ոգեւորուած անոր յաղթանակներէն, այլ մանաւանդ անոր հզօր դերէն, որով կարգը հաստատեց Ֆրանսայի մէջ եւ գլուխը անցաւ հանրապետութեան, Պէթհովէն համերգութիւն մը հեղինակեց՝ ձօնելով զայն ֆրանսացի հերոսին: Պէթհովէն հանրապետութիւնը կը սիրէր: Երբ իմացաւ որ Նաբոլէոն ինքզինքը կայսր հռչակեց, իսկոյն պատռեց իր համերգութիւնը: Յետոյ, իր բարեկամներու խնդրանքին վրայ վերակազմեց զայն՝ այս անգամ սակայն համերգութեան վերջին մասին՝ յաղթական քայլերգին տեղ, դնելով մեռելական քայլերգ մը, ողբալով իր յուսախաբութիւնը:

Եթէ Պէթհովէնի այս մտածումը տիրէր հերոսներու զանազանման ու անոնց նուիրուած պաշտամունքին մէջ, այն ատեն է որ մարդկութիւնը ո՛չ միայն ճշմարտապէս փառաւորած պիտի ըլլար իր հերոսները՝ այլ եւ բարձրացուցած ինքզինքը: Եւ այդ դիրքին մէջ չէ՞ որ կը գտնուի, այս պահուս, Ֆրանսայի ժողովուրդը՝ որ Ժանն տ’Առքի արձաններուն շուրջն է խռնուած:

* * *

Շատ գեղեցիկ կերպով ի վեր հանեց Ժանն տ’Առքի նշանակութիւնը Մօռիս Պառէս, մեծատաղանդ գրագէտը, այսօր արտասանած իր ճառին մէջ: Ստգտանելէ ետքը այն պարագան թէ խորհրդարանը, այն նկատումներով զորս քիչ մը վերը պարզեցի, չէ ուզած ազգային տօն մը դարձնել Ժաննի տօնը, Պառէս ըսաւ ի միջի այլոց. «Չկայ ֆրանսացի մը որուն խորին մեծարանքներուն բաւարարութիւն չտայ Ժանն տ’Առք: Մենէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր իտէալը անձնաւորել Ժանն տ’Առքի մէջ: Անիկա արքայականներու հաւատարիմ ծառայողն է որ իր թագաւորին օգնութեան կը սլանայ. կեսարեաններուն համար, նախախնամական անձնաւորութիւնն է որ կը յառնէ ա՛յն պահուն երբ ազգը պէտքը կը զգայ անոր. հանրապետականներուն համար ժողովուրդին զաւակն է որ շքեղօրէն կը քշէ կ’անցնի բոլոր հաստատուած մեծութիւնները, եւ յեղափոխականներն ալ կրնան զայն դրօշի մը վրայ դնել՝ ըսելով որ ան երեւցաւ գայթակղութեան եւ բաժանումի առարկայ մը՝ փրկութեան գործիք մը ըլլալու համար: Ո՛չ մէկ կուսակցութիւն ի Ֆրանսա օտար չէ Ժանն տ՚Առքին, եւ բոլոր կուսակցութիւնները պէտք ունին անոր։ Ի՞նչու համար. որովհետեւ անիկա խորհրդաւոր այն ոյժն է, այն երկնային ոյժը ուրկէ յոյսը կը ցայտէ: Ժանն տ’Առքի դէմքը մեզի յուսալ կուսուցանէ։ Իր կեանքը կը բարձրացնէ մեր հոգիները, եւ կը լեցնէ մեր սիրտերը քաջարի մտածումներով, բարոյական գեղեցկութիւններով եւ բանաստեղծութեամբ: Անիկա հրաշքն է հայրենիքին համար եւ մեզի կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս կը կատարուին հրաշքները:

***

Անշուշտ, Ժանն տ’Առքի նման հերոսական ոգիներն են որ կը կատարեն հրաշքները, եւ ժողովուրդը որ ներկայ եղաւ այսօրուան հանդէսներուն, անգամ մըն ալ սորվեցաւ այդ ճշմարտութիւնը: Եւ անիկա գոհ է հիմա ատկէ: Եւ, երախտագիտութեան պարտքի մը կատարումէն սփոփուած, ահա կը ցրուի ան տակաւ այս ու այն կողմ, այս ու այն ուղղութեամբը Փարիզի փողոցներուն, ուր կը թնդան դեռ յիշատակները աւելի ետքի հերոսութիւններուն եւ պայքարներուն՝ այլապէս մեծ ու այլապէս փրկարար:

«Ազատամարտ» 1913, թիւ 1207։