Ջուրի
վճիտ
ցայտքը
կը
բարձրանայ
խրոխտանքով.
ծաղկեթաղարներով
շրջանակուած
բոլորշի
աւազանին
գոգը`
վերամբարձ
ծորակէն
դուրս
կը
փախչի
շատրուանին
ջուրը,
եւ,
վէս
ու
անվեհեր,
կը
բարձրանայ:
Ու
կը
գզուի,
կը
ցրցքնուի
յետոյ.
երբ
անծանօթ
ոյժէ
մը
մղուած`
ջուրի
նուրբ
ու
սեղմ
ցայտքը
կը
բղխի
ու
շեշտակի
կը
ճեղքէ
օդը,
արծուաթիռ
արագութեամբ
կը
սլանայ
դէպի
վեր`
յանկարծ
կը
յոգնի
իր
թափին
մէջ,
կը
թուլնայ,
կը
ճիւղաւորուի,
կը
տարածուի.
այն
ատեն
ահա
բարակ,
քնքուշ
անձրեւ
մըն
է
որ
կը
տեղայ`
դէպի
վար
այս
անգամ.
ջուրը
այդ
ամենաբարձր
կատարին
վրայ
անօսրացած`
վասն
զի
կը
տարտղնի`
իսկոյն
կը
քակուի
թել
առ
թել,
բիւրաթեւ`
անհամար
կաթիլներ,
մանրիկ,
քաղցրիկ,
թեթեւ
կայլակներ,
հեղուկ
ու
թափանցիկ
զանակներ
կ’իյնան`
կը
թափին,
կը
թափթփին
շարունակ,
անվերջ:
Շատրուանը
կը
սերմանէ.
իր
պսպղուն
հունտերը
կը
ցանցնէ
աւազանին
ջուրին
մէջ,
որ
կ’ակօսուի
ու
կը
խռովի.
վայրկեան
մը
չի
կրնար
իր
միապաղաղ
անդորրութիւնը
գտնել,
վասն
զի
մշտապէս
կը
հարուածուի
այն
պզտիկ
տարափէն
որ
չընդհատիր
բնաւ:
Իր
դէմքը
հազար
ու
մէկ
կնճռոտութիւններ
կ’ուրուագծէ,
հազար
ու
մէկ
արտայայտութիւններով
կը
փոփոխուի
ընդմիշտ.
իւրաքանչիւր
կայլակի
հպումին
տակ`
փոքր
շրջանակներ
կը
կազմուին,
որոնք
կը
լայննան
անմիջապէս,
մինչեւ
անորոշ
ըլլալու,
սրբուելու
աստիճան.
ու
այսպէս`
իրարու
ետեւէ,
անդադրում:
Ու
ջուրի
այս
թարմ
բողբոջման,
ջուրի
այս
մշտառոյգ,
կենդանի
ու
յարաշարժ
ծաղկեւորման
մէջէն`
ահա
հիմա
արեւու
շառայլ
մը`
ծառին
սաղարթներէն
սպրդելով
մուտ
կը
գործէ,
կը
պրիսմակուի.
ու
այն
ատեն
կենսաշխարհային
մթնոլորտ
մը
կը
ստեղծուի
շատրուանին
մէջտեղ.
իրարու
ընդելուզուած,
գրեթէ
միաւորուած
բազմազան
գոյներ
կ’ընդնշմարուին
ջուրի
խուրձին
մէջ,
ծիածան
մը
կը
դողդղայ,
եօթնգունեան
հիրիկը
կը
փթթի
տժգունօրէն
ու
բիւրեղներ,
բիւրեղացումներ
թռչտուն
ժայթքերով
կը
փալփլին`
ջուրի,
արեւու
ու
ծիածանի
այդ
մոգական
հրաշալիքին
մէջ:
*
*
*
Անապակ
եւ
ուժգին
տաղանդն
իսկ
չի՞
թուիր
ըլլալ
շատրուանի
այս
ժայթքը.
չէ՞
որ
ան
ալ
կը
բղխի
միեւնոյն
ինքնաշարժ
մղումով,
կը
բարձրանայ
միեւնոյն
թափով,
ու
յետոյ
իր
բարերար
ներգործութիւնը
կը
տարածէ,
կը
համասփռէ
չորս
բոլորքը:
Ա՛ն
ալ,
ինչպէս
շատրուանին
ցայտքը`
նախ
սեղմ
ու
ինքնամփոփ`
երբ
փայլակնային
արագութեամբ
կը
յայտնուի,
ու
սիգապանծ
թռիչքով
մը
իր
գագաթնակէտը
կը
հասնի`
չէ՞
որ
ա՛լ
իր
դերին
մէջ
կ’ըլլայ.
սերմնացանի
դեր,
որ
կը
կայանայ
մտքի
հունտերը
ցանցնելու
շարժուձեւին
մէջ:
Ան`
ճշմարիտ
տաղանդն
ալ
չէ՞
որ
մինչեւ
իր
բարձրանալը`
միեւնոյն
սարսուռները
կ’ապրի,
բայց
այդ
սարսուռներով
կ’ոգեւորուի,
ու
յետոյ
կը
տեղայ
իր
արգանդին
մէջ
յղացուած
տարրերը,
կը
ցանէ
զանոնք
իր
շուրջը
—
սերմեր`
որ
կը
վրդովեն
իր
շուրջի
մարդիկը,
կը
ցնցեն
զանոնք,
ինչպէս
շատրուանին
ջրացայտքը
կը
վրդովէ
աւազանին
ջուրը:
Ու
այդ
դիրքին,
այդ
բարձրութեան
մէջ
չէ՞
որ
փառքի
ծիածանը
կը
շրջապատէ
տաղանդն
ալ,
ինչպէս
ահա
զարդարած
է
շատրուանին
ջուրը:
*
*
*
Ահա
անիկա`
այդ
ջուրի
ցայտքը`
կը
բարձրանայ
միշտ,
հաճոյք
պատճառող
սլացքով
մը
թափ
կուտայ
ու
կը
բարձրանայ:
Իր
տենդը,
իր
յուզմունքը
ունի
ան,
այդ
ջուրը.
անվկանդ
ու
մշտանորոգ
կենսունակութիւն
մը
կը
խայտացնէ
զայն.
կ’արհամարհէ
ան
ամէն
բան.
իր
հպարտ
եսին
գիտակցութեամբ
կը
խանդավառուի.
իր
գոհացումը
կը
գտնէ
հո՛ն`
ուր
իր
ամենաբարձր
զէնիթին
հասած
ըլլալ
կը
կարծէ,
եւ
երբ
կը
հասնի
այդ
կատարին`
իր
ոյժերուն
փթթինագեղ
ծաղիկները
կը
թօթուէ,
կը
ցրցքնէ:
Շատրուանին
ջուրին
ցայտքը
վեր
կը
սլանայ
միշտ,
ջինջ
ու
անապակ`
ինչպէս
ստոյգ
տաղանդը
եւ
սէգ
ու
հպարտ`
ինչպէս
արծիւը:
«Սուրհանդակ»
1905,
թ.
2029.