Եւ
քաղաքին
փողոցներու
ցեխուտքը
առտու
մը
սկսաւ
անսովոր
կերպով
խժալ
տենդագին
քայլափոխներու
ներքեւ.
անհանգիստ
երթեւեկներ
հոս
ու
հոն.
դէմքերը
անասելի
խոժոռանքի
մը
մէջ
տգեղցած
էին
տարօրինապէս.
նայուածքները
կը
փայլէին
սողունի
մը
շապիկին
փայլուկովը,
եւ
բերանները
աղբիւր
էին
դարձած
գարշաբոյր
հայհոյանքներու…
Ամբոխն
էր
որ,
ինչպէս
խլուրդ,
կը
խլրտար
ստրկօրէն:
Մտահոգ
էին
ամէնքն
ալ,
վրդովուած
ու
սարսափած
նոյն
ատեն:
Փողոցներուն
անկիւնը,
խումբ
խումբ,
քաղքենին
կը
զրուցէր,
կը
մեկնաբանէր,
կ’անիծէր,
կը
հայհոյէր,
ու
կը
հայհոյէր
նորէն:
Քաղքենին
կը
պատմէր
թէ
ինչպէս
ամէն
կողմ
ծաւալած
էին
այն
նորերը,
որոնք
իրենց
պէս
չէին
մտածեր,
որոնք
նոր
ու
տարօրինակ
բաներ
կը
սորվեցնէին,
նոր
ու
անհասկնալի
բաներ
կ’ըսէին,
եւ
որ
իրենց
«հանգիստը
կը
խռովէին»:
—«Նոյնիսկ
եկած
են
կեանքը
յեղաշրջելու»,
գոչեց
ապշահար
քաղքենիին
մէկը՝
կեանքը
իր
ուզածին
պէս
ապրած
ըլլալու
իր
գոհունակութեան
մէջ
դառնօրէն
խոշտանգուած:
—«Սարսափելի
է
իրենց
հաւատացած
ճշմարտութիւնը,
օ՜հ,
սարսափելի
է
մեզի
համար»,
կ’աղաղակէր
դիւահարի
նման
մօրուսաւոր
մարդուկ
մը՝
որուն
դէմքն
ու
ոտքերը
գրեթէ
կը
կորսուէին
գմբէթուռոյց
որովայնի
մը
ծածկոյթին
տակ:
—
«Միթէ
կա՞յ
ուրիշ
ըմբռնում
քան
այն
զոր
ունինք
մենք»,
կը
բացագանչէր
ուրիշ
մը,
որուն
գլուխը
բնութենէ
քառանկիւն
ստեղծուած
էր:
—«Միթէ
կա՞յ
ուրիշ
հորիզոն
բացի
մեր
սա
հորիզոնէն»,
կը
բարբանջէր
տարէց
մը՝
որուն
քամակին
կորութիւնը
թոյլ
չէր
տար
իրեն
քիչ
մը
հեռուն,
քիչ
մը
բարձր
նայելու:
—
«Միթէ
կա՞յ
աւելի
ուղիղ
բան
քան
այն
զոր
մեր
բարի
պապերէն
ուսած
ենք»,
կը
մրթմրթար
երկար
պատմուճանով
մօրուսաւոր
մը:
Եւ
ամէնքն
ալ
իրենց
անզօր
միջակութեան
մէջ
կը
գալարուէին,
եւ
ամէնքն
ալ
կ’երկնչէին
այն
պայքարէն
զոր
ստիպուած
էին
պայքարիլ՝
ինքզինքնին
իսկ
պահպանելու
համար:
Եւ
ամէն
անգամ
որ
նոր
երգը
կը
գոռար
երիտասարդ
հագագներէ,
նոր
երգ
որ
մրրիկի
մը
պէս
պտոյտ
կ’ընէր
ու
ականջները
կը
խլացնէր,
եւ
ինքնագոհ
ու
վախկոտ
շէնքերու
դուռները
կը
դղրդացնէր,
քաղքենին,
իր
կարգին,
ինքն
իր
մէջ
կը
մոլեգնէր,
եւ
յուսահատօրէն
կը
հայհոյէր,
կը
հայհոյէր…
Այսպէս՝
օրերով,
երկա՜ր
օրերով:
«Մա՜հ
նորերուն,
մահ
յեղափոխութեան»
կը
վայնասունէր
եղկելի
ամբոխ
մը,
հրամանատարութեամբը
խմբակի
մը՝
որուն
մէջ
թեւթեւի
էին
կրօնաւորն
ու
դաւաճանութեան
ու
կեղծ
բարոյականի
ասպետներն
ու
Սոդոմի
հեռաւոր
ժառանգորդները,
ու
բոլո՛ր
աղբանոցներու
պաշտօնակալները,
ու
շահորսութեան
նուիրաբերուած
մարդակերպ
բորենիները:
*
*
*
Այսպէս
էր
այն
ատեն
քաղաքին
մէջ՝
երբ
նորեր
իրենց
առաքելական
արշաւը
սկսած
էին
պտտցնել:
Իրենց
վճիտ
ու
վճռական
նայուածքներուն
մէջ
նոր
կեանքի
հաւատքը
կ’արփիանար,
Նորին
Վեհափառութիւն
Հաւատքը
—
Սէն-Բօլ-Ռու
բանաստեղծին
համեմատ
—
եւ
իրենց
դիմագծերը
երկաթեայ
կամքը
կը
գծագրէին,
ամրոցակուռ,
անխորտակելի
կամքը:
Եւ
գաղափարը
կը
կոթողանար
իրենց
ճակտին
մարմարներովը:
Արհամարհոտ
բոլոր
փոքրութիւններուն
եւ
բոլոր
վտանգներուն
հանդէպ
—
եթէ
երբեք
կար
վտանգ
իրենց
համար
—
անոնք,
առաքեալները
նոր
մտքին,
կ’անցնէին
խրոխտագին,
դէպի
բարձրը
ցցած
իրենց
դրօշը՝
զոր
իրենցմէ
իւրաքանչիւր
զոհի
արեան
մէջ
թաթաւելով,
նուիրականացուցած
էին,
անոնք,
առաքեալները,
կ’ընթանային
ու
կ’արշաւէին՝
պեղելով
կրանիթեայ
խաչերը,
դէպի
վաղը,
դէպի
վաղուան
յաղթանակները
նորանոր:
*
*
*
Հին
պատմութիւնը
կ’ըսէ
թէ
ամբոխը՝
իր
ղեկավարներով,
իր
պղծութիւններով՝
այնքան
տկարացաւ
երիտասարդ
ու
նոր
ոյժին
դիմադրելու
իր
տրամադրութիւններուն
մէջ,
եւ
իր
ականջները
ա՛յնքան
խլացան
նոր
երգին
գոռումներէն,
որ
սմքեցաւ
ի
վերջոյ,
թողլով
որ
յաղթութեան
պերճահունչ
սմբակները
գլեն
անցնին
զինքը:
«Ազդակ»
1909,
թիւ
38։