Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անա՜նկ բարի էր Աւետ աղբարը… Աւետ աղբար մեր թաղին ժամկոչն էր, եւ թաղին մէջ չի կար տղայ մը որ չսիրէր զայն: Հեզ ու ազնիւ դէմքով, քաղցր նայուածքով, սպիտակախառն թաւ պեխերը կախ շրթունքին վրայ, ծերուկ մարդ մըն էր ան, որ իր ծննդավայրը թողած ընտանիքն ու զաւակները, պանդխտութեան ելած էր ու միսմինակը կ’ապրէր մեր ժամուն շուքին տակ:

Եւ ի՜նչպէս ալ լաւ կ’երգէր շարականները: Իր միամիտ, պարզ, գեղջուկ երգեցողութիւնը անբացատրելի հմայք մը կը թողուր մեր վրայ, եւ ամէնքս ալ կը սպասէինք որ տօնական օրերը հասնէին ու Աւետ աղբար, մութնուլուսուն, կոչնակը զարնելէ ետք, ճոկանն առնէր ու մեր դուռներուն առջեւ գալով մեզ արթընցնէր իր անուշ ձայնով. «Ո՜վ բարի քրիստոնեաներ, ժամ եկէք» կ’երգէր:

Ամէնքս ալ, ամէ՛նքս ալ կը սիրէինք զինքը, եւ ա՛ն ալ մեզ կը սիրէր: Խնդումով ու գգուանքներով մեզ կ’ընդունէր, ամէն անգամ որ դպրոցէն արձակուելնուս իր սենեակին կամ բանկալին առջեւէն կ’անցնէինք, «Աւե՛տ աղբար, Աւե՛տ աղբար» գոչելով: Եւ բնաւ չէր նեղանար, երբ իրիկուան կոչնակը զարկած պահուն, շուրջը կը հաւաքուէինք ու կ’ուզէինք որ մենք ալ մէյ մէկ քիչ քաշենք պարանը: Ի՜նչ մէծ ուրախութիւն կը զգայինք՝ տեսնելով որ մենէ իւրաքանչիւրին՝ պարանը քաշելուն զանգակը ձայն կը հանէր:

Է՜հ, խեղճ մարդը քանի՛ մեզ տեսնէր կը յիշէր իր պզտիկ տղան, որ հեռուն կը գտնուէր, եւ որու մասին կը խօսէր մեզի.

Իմ Կիկօն ալ էդպէս կ’ընէր… թէ որ տեսնէք իմ Կիկօ՜ն:

Խե՜ղճ ու բարի՜ Աւետ աղբա՜ր…

* * *

Բայց միթէ կարելի՞ էր: Կարելի՞ էր ա՛յսքան բարի ու խեղճ մարդու մը հետ ա՛յնքան չարութեամբ ու կոշտութեամբ վարուիլ: Մանուկի հեստ միտքը չէր կրնար ըմբռնել թէ ի՞նչպէս այն դուրս ինկած աչքերով մարդը, որուն համար թաղական է կ’ըսէին, կ’ատէր ու հայհոյելով կը մշտէր մեր ամէնուն սիրած Աւետ աղբարը:

Քանի՛ անգամ որ տեսած էի այդ մարդը բանկալին մէջ նստած, միշտ յանդիմանութեամբ ու անարգանքով կը խօսէր Աւետ աղբօր հետ, եւ սկսած էի խոր ատելութիւն մը սնուցանել անոր նկատմամբ: Բայց մանաւանդ բոլորովին ընդվզեցայ այն իրիկունը, կարծեմ Ոտնալուայի իրիկուն մը, երբ այդ անխիղճ թաղականը առաւ ժամուն պնակը ու զարկաւ Աւետ աղբօր գլխուն: Ա՜հ, կը յիշեմ թէ ո՛րքան, ո՛րքան տխրեցայ, սկսայ լալ, եւ ուզեցի երթալ Աւետ աղբօր քով, ձեռքէն բռնել, մխիթարել. բայց չհամարձակեցայ:

Ու անկէ ետք ալ ո՜րքան խիղճս տանջուեցաւ, քանի կը խորհէի թէ այդպէս անտարբեր կեցած եւ ականատես եղած էի այդ վայրագութեան: Պէտք չէ՞ր որ վազէի այդ անսիրտ մարդուն քով, իմ կարգիս, պնակը գլխուն զարնէի: Ինչո՞ւ չըրի, ինչո՞ւ անտարբեր կեցայ: Ա՜խ, վատութիւն չէ՞ր ըրածս. ո՞ւր մնաց ուրեմն Աւետ աղբօր համար ունեցած սէրս:

Ծերուկ Աւետ աղբար շատոնց արդէն իր ծննդավայրը դարձած է, եւ չեմ գիտեր թէ մեռա՞ծ է հիմա թէ ողջ կ’ապրի տակաւին: Բայց տակաւին չեմ մոռցած այդ վրդովիչ տեսարանը, եւ ամէն անգամ որ միտքս կ’իյնայ ան, խիղճս անհանգիստ կ’ըլլայ պահ մը, խորհելով որ իմ այն օրուան անտարբեր կենալս ալ՝ անգութ թաղականին արարքին չափ վատութիւն մըն էր ինքնին:

 

«Ծաղիկ» 1908, թիւ 48։