Եւ
ի՞նչ,
Պարմա՛ն,
նուաղեցա՞ւ
բիւր
լարերու
եւ
բիւր
զանգերու
եւ
բիւր
բիրեղներու
երաժշտութեան
կարկեհանէ
մրրիկը
ծիածանեայ
կամարներուն
տակ
ճակտիդ,
որպէսզի
դեդեւէիր,
ակնթարթ
մը,
աջին
ու
ձախին
դաւաճանութեան
առջեւ:
Արձակուած
տօնահանդէսէ
մը
ուր
դափնեվարդերու
թափօրի
մը
բուրումնաւէտութեանց
եւ
փայփայանքներուն
եւ
գիրկընդխառնումներուն
վրայ
կ’ուսամբարձուէիր
քու
անուրջներուդ
եւ
անգիտութեանդ
հետ,
արծաթահունչ
վազքէ
մը
ետքը,
հասած
ես
տենչանքներուդ
քառուղիին
լայնահորիզոն
կրկէսին
մէջտեղ,
—
եւ
կը
կենաս,
եւ
կը
շփոթիս:
Ո՞րն
է
ճամբան:
Բայց
ի՞նչ,
Պարմա՛ն,
յոգնեցա՞ն
արծիւները
ովկէանին
վրայ,
ատլանտները
իրենց
ուսերու
լուծին
տակ,
մեծ
քաղաքները՝
իրենց
պողպատեայ
մոլուցքին
մէջ:
Լսէ՛
եւ
տե՛ս
յարաստեղծ
աշխարհի
մը
անծանօթին
երփներփումները
որ
կը
ծագին
յար
տենչանքներուդ
քառուղիին
չորս
ճամբաներէն.
լսէ՛
եւ
տե՛ս
նորօրինակ
արշալոյսներու
հեղեղը
որ
կը
փրփրայ
անցամաքելի
հովիտներու
գրկին
մէջ.
եւ,
նախ
ուզելդ
կենալ,
յաղթական
սիւնի
մը
պէս,
Տենչանքներուդ
Քառուղիին
մէջտեղ,
լսէ՛
եւ
տե՛ս
յաղթական
սիւնին
ապստամբօրէն
բարձրանալը
կորովի
եւ
պայքարներու
անողոք
մրճահարումներուն
դէմ:
Տե՛ս
եւ
լսէ՛
միլիոնապատիկ
ջղագար
շարժումները
իրարու
հետ
եւ
իրարու
դէմ,
ինչպէս
միլիոնապատիկ
ճօճումները
նիզակներուն՝
ռազմադաշտի
փոթորիկին
մէջ.
մեծ
ու
փոքր
տառապանքները
որ
յարանորոգ
մարդկութիւնները
կը
դիեցնեն.
աշտարակները
որ
կը
փլին
ու
կը
կանգնին,
եւ
որ
կը
փլին
ու
կը
բարձրանան՝
երկինքը
շնորհելու
մարդերուն:
Տե՛ս
ու
լսէ՛
մարդերը
որ
կը
բարձրանան՝
աստղերուն
հեղուկը
ըմպելու:
Եւ
ի՞նչ,
Պարմա՛ն,
կը
յամենա՞ս
ընտրութեանդ
դժուարութեանը
ճակատած:
Չորս
ուղիները,
լայն,
ամենալայն
պողոտաներուն
չափ,
կը
յորդին
ինչպէս
գետերը,
եւ
տենչանքներուդ
քառուղիին
աւազանին
մէջ
թափելով,
կ’ողողեն
քեզ,
քու
շիկաշառայլ
տեսիլքներդ
դղրդացնելով
եւ
տենդերու
սարսուռը
փրփրալով
քեզի:
Իւրաքանչիւր
չորս
պողոտաներէն
մոգական
պատմութիւններ
կ’աղաղակէ
քեզի,
կա՛մ
ահեղօրէն
գեղեցիկ՝
վտանգներու
մեծութեամբը
կշռական.
կա՛մ
կախարդօրէն
գեղեցիկ՝
բազմագունեան
ցոլքերու
ներուժութեամբը
դաշնաւոր:
—
Եւ
նոր
տիեզերք
մը
կը
թաւալի
նայուածքիդ
անջրպետին
մէջ,
եւ
կը
շփոթիս
ու
կ’ընկրկիս
ու
կը
թշուառանաս՝
տենչանքներուդ
արքայազօր
թագին
ադամանդէ
հովանիին
տակ
որ
արդ
քու
ուժերուդ
զրահը
կը
լուսաւորէ:
Բայց
նայէ՛,
—
բայց
լսէ՛
խրոխտագեղ
խմբերգը
որ
փառքը
կը
փառաբանէ,
տենչանքներուդ
քառուղիին
ճամբաներէն
անդին,
փառքի
պալատան
գմբէթներուն
տակ,
ձայներու
արբեցուցիչ
սահանքը
ջրվէժելով
մարմարեայ
վանդակապատներէն
վար
ու
սպիտակ
պատշգամներէն
վեր:
Եւ
տենչանքներուդ
քառուղիին
լուսաւէտ
հորիզոնը,
կախարդական
աւազան,
կը
յորդի
ալիքներուն
տակ
որ
կը
հոսին
անոր
չորս
ճամբաներէն:
Աչքերդ,
աստղեր
մտածումէդ
դուրս
ժայթքած,
կը
սուզուին
անոնց
մէջ
եւ
կը
բեկբեկուին,
—
եւ
կ’անդրադառնան
դէպի
պողոտաները
տենչանքներուդ
քառուղիին:
Բազուկներդ
կ՚երկարես
դուն
զարմանահար
ու
զմայլագին,
դէպի
բազուկները
տենչանքներուդ
քառուղիին
որ
դէպի
քեզ
կ՚երկարին,
—
իւրաքանչիւրը
կը
սկսի
խոստումներու
անհունութեամբը՝
աճելու
համար
հետզհետէ
եւ
ինքն
իր
վրայ
ճիւղաւորուելու
համար,
բեռնաւորուելու
համար
անանուն
պտուղներու
առատութեամբը:
Բազուկներդ
կ’երկարես
ու
կը
շփոթիս:
Ո՞րն
է
ճամբան,
—
կը
հարցնես,
որովհետեւ
կը
տենչաս
բոլոր
ճամբաներուն:
Բայց,
Պարմա՛ն,
եթէ
կը
տենչաս
բոլո՛ր
ճամբաներուն,
տենչա,
՛
անոնց
ու
բազմապատկէ
դուն
զքեզ,
քու
բազմապատիկ
տենչանքներդ
բազմապատկէ՛
եւ
նորէ՛ն
բազմապատկէ՛.
թեւերդ
տարածէ,
եւ
բիւր
տենչանքներու
ճառագայթները
արձակէ՛:
Անոնց
դէմ,
որ,
տեսիլքի
վայրենագեղ
կոհակներ,
կուգան
ընկլուզել
քեզ
իրենց
գրոհովը,
տենչերուդ
երկաթեայ
թեւթափներովը
լուղորդէ՛:
Եւ
մտի՛ր,
այն
ատեն,
եւ
միեւնոյն
ատեն,
բոլո՛ր
ճամբաներէն
տենչանքներուդ
քառուղիին:
Եւ
ի՞նչ,
Պարմա՛ն,
կը
դեդեւի՞ս
տակաւին
աջին
ու
ձախին
դաւաճանութեան
առջեւ.
—
Հազարթեւեան
տենչանքն
եղի՛ր
ու,
մէկէ՛ն,
տենչանքներուդ
քառուղիին
բոլոր,
բոլո՛ր
պողոտաներէն
ներս
արշաւէ:
«Երկունք»
1913,
թիւ
4-5