Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լէմա՜ն, բնութեան նկարչական գեղեցկութիւններու երազային անկիւնը, բայց մանաւանդ՝ ընկերային արդարութեան եւ համամարդկային մեծ իտէալներու պաշտելի բոյնը: Լէմա՜ն… Եւ ձիւնապատ լեռնակատարները՝ որոնք իրենց անապակ խրոխտութեամբը կը հովանաւորեն զայն ու կ’անդրադառնան լճին անդորր ջրերուն մէջ, յաւիտենական ճշմարտութիւններ են որ գերազանց խղճի մը մաքրութիւնը կը թափանցեն:

Հայրենիք յեղափոխութեանց եւ ազատագրութեանց երազներու, եւ մեծ յեղափոխութեան մը երազատեսին՝ Ռուսոյին, զուիցերիական այդ բնավայրը իր շրջանակով ապաստանը դարձաւ անոնց որ բիրտ ոյժէն հալածական, հերաձակ  ու շնչասպառ վազեցին, անոնց՝ որ անիրաւութեանց հանդիսատես ըլլալէ անհանգիստ, արդարութեան իրենց մտատիպարին հոյակերտման համար անկաշկանդ գործանոցը փնտռեցին: Պաքունինէ մինչեւ Քրիստափոր Միքայէլեան, ժամանակներու ընդմէջէն, հոնկէ հնչեց միշտ բողոքի, ընդվզումի ու ազատամարտի ձայնը, հսկայօրէն, զայրագնօրէն ու գեղեցկօրէն: Տարիներ ու տարինե՜ր ուսանողական երիտասարդութիւն մը, Ուրալի, Կուրի թէ Եփրատի ափունքէն պանդխտացած, զաւակ ժողովուրդներու որ գերութեան կապանքներու չխչխկոցովը կը լեցնէին ու կը լեցնեն բռնակալական երկիրներու գերեզմանային լռութիւնը, հեռաւոր հայրենի ցաւերէն իր մարդկայնական իտէալը յօրինեց ու զայն ապրեցաւ տուայտագին, աւիւնալիր, հո՜ն, Լէմանի երջանիկ ափերուն մօտ: Եւ մինչ երջանիկ այդ ափերուն երջանիկ նաւորդը լուսնի լոյսով պալլատ մը կը գեղգեղէր ազատ կեանքի քաղցրութեան վայելքին մէջ հեշտազուարճ, դարձեալ այդ ափերուն շուրջ՝ ռուս ուսանողուհին կամ Կովկասցի տարագիրը՝ իր հայրենի ցաւը կ’երգէր, պահ մը օրօրելով իր համբուրելի դարդերը, պահ մը յուզումով լեցնելով մթնոլորտը:

Եւ բոլոր համակրելի ներկայացուցիչները պաշտելի ցնորքներու, բոլոր դժգոհները, բոլոր շեղածները բռնադատուած պայմանադրական գծէն, բոլոր «խենթ»երը, —«խենթ»երը գերագոյն խենթութեան ինչպէս պիտի աղաղակէր Վէրհառըն բանաստեղծը իրենց տեսիլքները, իրենց երգերը, իրենց ցաւերն ու տառապանքները եղբայրացած տեսան հոն, անիշխանականը՝ ինչպէս ոչնչականը, ընկերվարականը՝ ինչպէս դաշնակցականը:

* * *

Եւ Լէմանի ափերուն մօտ երազը կառուցուեցաւ ասիական Զուիցերիոյ մը, երազ, որ ինչպէս ծիածան, արձակուեցաւ մինչեւ հեռուն, մինչեւ ափունքը Բզնունեաց ծովուն, եւ որ իր անպատում հրաշալիքը ընդգծեց Ազատամարտի միջոցին՝ կիսարեւ եւ արցունքոտ երկինքներու վրայ: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը՝ ի՛նքն ալ իր իմացական մարտկոցահիմ եւ մշտավառ օջախը հաստատած Լէմանի ջրերուն մօտ, որպէս լուսեղէն հնոցէ մը արծարծեց այն բոցը որ կը ծառայէր երկրի մը ազատութեան դարբնումին, երկիր մը, Լէմանէն հեռու, այնտեղ, Բզնունեաց ծովու բոլորտիքը՝ հէքեաթային ու տիտանեան Մասիսի ոտքերուն քով, առանձին ձգուած իր ստրկային ճակատագրին հետ, լքուած, մոռցուած, զոհաբերուած ներոնեան ոճրահեշտութիւններու ամբարիշտ բագինին, երբ մանաւանդ ընտրեալ պարմանին էր ան մարդկային հանճարին ընծայուելու, արդարութեան թեւերուն վրայ բարձուած, երբ մանաւանդ երկիրն էր ան՝ որ առաջին ու յետագայ քաղաքակրթութիւններու տօնահանդէսներէն դարձած եւ կողոպտուած, չարչարուած ու անարգուած իր գոյութեան ազնիւ ու կենսաբաղձ մնացորդին մէջ, անցեալի շքեղ յիշատակները կ’ողբերգէր, ինչպէս տեսլահարօրէն ցանկութեամբը կը սարսռար ապառնի արեւազեղ բարեբախտութիւններու:

Եւ ահա շղթայազերծ՝ ան, եւ ահա տէր ան՝ իր շարժումներուն:

Եւ ահա՛ Լէմանն ու Բզնունեաց ծովը, հեռաւոր քոյրեր, երկուքն ալ կախարդիչ իրենց գեղեցկութեան ուրոյն հրապոյրներովը, տարբեր իրենց կեանքովն ու ճակատագրով, բայց ահա՛ որ նոյնացած՝ յեղափոխականին համար՝ այն բաղձանքներովն ու «ցնորք»ներովը զորս ապրեցաւ ան տանջահար երկրի մը դիմաց, յեղափոխականին համար՝ որ անոր այսօրուան փրկութեան առջեւ, կը մտաբերէ իսկոյն հեռաւոր, ազատ ու հիւրընկալ Լէմանը, որ ապաստաններէն մէկը եղաւ նա՛եւ Հայ Յեղափոխութեան:

* * *

Ձայն տուր ո՛վ ծովակ, ինչո՞ւ լռում ես…

Եւ Աղթամարայ բարձունքէն՝ Րաֆֆիի քարէն սաւառնած երգը շուտով գտաւ իր արձագանգը: Արցունքը լեցուած, մունջ մռայլ, շուտով ձայնեց ծովակը, եւ իր մռնչագին կոհակներու ժայթքած փրփուրներէն ցնցուեցան ե՛ւ զինքը պարսպող լեռները: Եւ վերապրելու վճռական ճիգը որ դղրդեցուց Հայաստանի կողերը, արտայայտուեցաւ գերագոյն ճիչի մը ընդմէջէն, որ ցաւ ու տենդ էր, որ տենչ ու մղձաւանջ էր, որ յուզումն ու հաւատքն էր, որ հեծք եւ միեւնոյն ատեն ըմբոստութեան շանթամռունչ ուժարձակումն էր որ մարդկային խոր ու բազմայօդ հոգւոյն թնդագին արտայայտութիւնն էր:

Ազատ կեանքի մը անթեղուած կայծը թռաւ դարերու մոխրակոյտին խորէն, Արեւելքի ժամանակակից պատմութեան մթին էջերը այրելու, որպէսզի վերսկսէր գեղեցիկ ու մարդկային գործերու պատմութիւնը Փոքր-Ասիոյ խորը, որպէսզի բռնութեան, վայրագութեան եւ խաւարի քաոսին մէջ լուսաւէտ նոր երկիրը ստեղծուէր, եւ որպէսզի նոր Լէման մը դառնար Բզնունեաց ծովը:

Լէմանէն Բզնունեաց ծո՜վ… Այն օրը, երբ Բզնունեաց ազատ ծովու ափերուն ալ, ազատ սերունդներ արդէն նոր ու ազատ կեանքի մը հիմը դրած, նոր մարդկութիւն մը ստեղծած, համամարդկային իտէալներու արշաւը կը շարունակեն, յեղափոխութենէ ի կարգ, կարգէ ի յեղափոխութիւն, ազատամարտէ ազատամարտ:

 

«Ազդակ» 1908, թիւ