Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տխրամած սենեակին մէջ ուր խումբ մը հայ վտարանդիներէն՝ մարդերու չուառ աւերակոյտ մը գոյացած է ա՛յնքան յուսահատօրէն, հիմա իրիկնամուտի մռայլ ստուերները՝ որպէս օդագնաց յոգնաբեկ ուղեւորներ՝ կ’իջնեն ու կը հանգչին դանդաղ վայրէջքով մը: Ու, իրիկուան հետ, անօթութիւնը նորէն՝ անխուսափելի՝ որ կը թուի թէ անամոքելի դառնութիւն մը կը հոսեցնէ անոնց հոգիներէն ներս, դառնութիւն մը որ խորապէս կ’ընկճէ զանոնք եւ այդ դառնութեան ու ընկճումին, եւ հալածանքին ու պանդխտութեան բովանդակ եղերականութիւնը ուրուականօրէն կը յածի սենեակին մէջ սգաւոր ու վայրահակ:

Բայց այդ պահուն կը թուի թէ յափշտակումի վայրկեան մը կ’ապրին անոնք, աւելի հզօր քան անօթութիւնը, որ ա՛յնքան հզօր է արդէն: Ամէնքն ալ, մարդկային լքուած բեկորներ, ժողվուած են իրենցմէ մէկուն շուրջը զոր Դաշտը ղրկած է, Տարօնի Դաշտը, եւ մտիկ կընեն անոր զրոյցը, ամէնքն ալ նոյնացած իրենց դէմքերու արտայայտութեան մէջ՝ տառապագին, անսուաղ, մտախոհ, բայց, այդ պահուն, նաեւ զարմանահար ու սքանչացած:

Կը խօսի ան, դաշտեցին, տանջուած շա՛տ աւելի, բայց նո՛յնքան եւ ոգեւորուած այդ պահուն: Դաշտը, Տարօնն է որ կը յայտնուի անոր դէմքին ու երեւոյթին վրայ ճշմարտիւ: Իր սուր, խելացի ու սիրալիր աչքերը, իր հաղորդական դէմքը՝ տժգոյն բայց ջղուտ, կը պահեն կենդանութիւն մը, որ չէ շիջանած հակառակ իր զուլումնահար երկարամեայ կեանքին:

Կը պատմէ ան, Տարօնցին, գլխուն բբուկ եղած արաղչինը՝ որ, սակայն, գունատած, իր նախշուն գեղեցկութիւնն է կորուսած, եւ զգեստաւորուած Հայաստանի իսկատիպ տարազովը որմէ գրգլեակներու ամբողջութիւն մը միայն կը մնայ:

Ու կը խօսի ան, խանդավառ, օդին մէջ ձեռքի լայն շարժուձեւերով՝ վսեմութիւնը բացատրող, աչուըներուն ջերմաջերմ հուրքը կայլակելով, իր բազմաչարչար դէմքը՝ հիացական շլացումի մը մէջ լուսաւորելով ու հպարտացնելով: Կը խօսի ան, կը խօսի ան, Դաշտեցին, զգլխած ու ինքնամոռացումի նոպայ մը ապրելով, կը խօսի՝ ֆէտայինե՜րն ու անոնց գեղեցկագործութիւննե՜րը պատմելով: Իր քաղցր գաւառաբարբառին անմեղութեամբը պաշտամունքի խօսքեր կը թոթովէ անոնց անունին ի յուշ. հետզհետէ կը յիշատակէ Սերոբ փաշան, Սուլուխցին, Չավուշը, ու նորէն Սերոբ փաշան, ու նորէն Սերոբ փաշան, որուն ա՜յնքան մօտը եղած էր, եւ որուն շարժումներուն ա՜յնքան յաճախ մասնակցած էր: Ա՜հ, ահա անոր աստուածարեալ մեծութիւնը զինքը կը շփոթեցնէ, կը զգայ թէ անկարող է արտաբերելու այն, ինչ որ կը ներշնչէ ան՝ անոր հերոսութեան մաքրամաքուր սրբութիւնը, անոր առիւծանման խրոխտապանծ վէսութիւնը:

Բայց կը զրուցէ նորէն, կը բարբառի անխոնջ, անդուլ, միշտ աւելի հիացական ու միշտ աւելի ոգեւոր: Եւ կը շարունակեն մտիկ ընել իրեն խոհական ու զմայլած՝ իր սենեակակիցները, ամէնքն ալ իրեն պէս հեռաւոր հորիզոններու տարագիրներ, ամէնուն ալ սրտազարկերը դաշնաւորուած անպատում եղբայրութեամբ մը:

Կը խօսի Տարօնցին, եւ ամէնքն ալ, պատմիչը, ինչպէս ունկնդիրները՝ կը թուի թէ կը մոռնան իրենց անօթութիւնն ու իրենց դժբախտութիւնը, վասն զի կը թուի թէ գեղեցիկ եւ հերոսական բաներու պատմութիւնը, վերյիշումը իրենց հայրենակիցներուն հոյարձակ մարդկայնութիւններուն, կը մխիթարէ զիրենք, ինչպէս որ կը հպարտացնէ ու կը խանդավառեցնէ զիրենք, վասն զի իրենց աղէտներն եւ ահաւոր պատահարները կը խաւարին ու կը կորչին հերոսներու ճաճանչաւէտ գեղեցկութեան արփիացման դէմ, եւ վասն զի կը թուի թէ Դաշտեցիին զրոյցները երջանկաբեր օրրերգ մը կ’ըլլան իրենց վաստակաբեկ հոգիներուն, իրենց չարչարուած մարմիններուն վերեւ երգուած…

Մինչ գիշերամուտի ստուերները՝ ինչպէս յոգնաբեկ եթերային ճամբորդներ՝ դանդաղօրէն ու հիմա աւելի թանձր հոծութեամբ մը կ’իջնեն ու կը խտանան մռայլամած սենեկին մէջ հէգ տարաբախտ հայ գաղթականներուն:

 

«Ազատամարտ» 1909, թիւ 2.