Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բանաստեղծ Միսաք Միծարենցի մահուան տարեդարձն էր այս շաբթու:

Հակառակ որ արդէն տարի մը անցած է այդ մահէն ի վեր, մերթ ընդ մերթ, ինչպէս սա տխուր տարեդարձին առթիւ ալ, կը սիրեմ երեւակայել զինքը՝ տակաւին ողջ, իր զմայլելի տաղանդին մէջ հասունացած, նոր ստեղծագործութիւններու սուրբ աշխատանքին նուիրուած, նոր յղացումներով բեռնաւոր, գործակից մեզի՝ մեր նոր կեանքի ազատ ընթացքին մէջ, մեզի հետ, քով քովի…

Բայց ինչո՞ւ այս զգայախաբութիւնը տակաւին: Անոր համար որ իրմէ ամէն ինչ կենդանի՞ կը մնայ դեռ մեր եղբայր հոգիներուն մէջ, որ նոյնաշունչ մտերմութեան մը մեղմասացութիւնն ունին: Հիմա որ սակայն, մտածումը կը հալածէ զգայախաբութիւնն ու կը նուաճէ զիս, մտածումը որ իրականութեան անմիջական իմացումն ունի, հիմա որ գիտեմ թէ մեր սիրելի ընկերը՝ այլեւս վաղուց արդէն, մեր հէգ սիրելի մեռելն է որուն սուգն այնքան թանձրօրէն սեւ է, շեշտ գծերով կը յառնէ իր ստուերն աչքիս առջեւ, իր փախստեայ ստուերն որուն գուրգուրանքով կը փարիմ, կ՚ուզեմ սեղմել իր ձեռքը՝ պինդ ու սիրազեղ, կ՚ոգեկոչեմ իր բովանդակ արտայայտութիւնն ու բոլոր իր շարժուձեւերը եւ այն բոլոր մանրամասնութիւններն որ զինքը կը յօրինէին: Ա՜հ իր եղբայրական դէմքը՝ խոհալիր աչուըներուն բարութեամբը ճառագայթուած, պայծառ, իր սիրագորով ձայնը, իր յատկանշական շեշտը՝ գաւառացի տղու մաքրասիրտ անկեղծութեամբը թրթռական, իր ժպիտը՝ յամրածագ ու յետոյ բոլորովին լուսեղէն ու քաղքենի ստութիւններու եւ արուեստակութիւններու արմկահարումներուն մէջ՝ ինքզինքը չկորսնցնող իր պանդուխտ հոգին, պարզ, վսեմ, քաղցր:

Իրա՛ւ այսպէս. չեղաւ օր մը որ իր ինքնաբուխ, անապակ էութեանը մէջ այլափոխման ոեւէ ախտանիշ ցոյց տար: Մնաց այնպէս ինչպէս որ էր: Իր տաղանդը, յետոյ իր համբաւը, երբե՛ք իրեն աւելորդ պզտիկ  մտահոգութիւններու շարժառիթ չեղան: Միշտ միեւնոյն Միսաքը, Մեծատուրեան կամ Մեծարենց Միսաքը, Բինկեանցին: Բինկեան իր գիւղը, իրեն համար յաւէտ անմոռանալի ծննդավայրն էր, որուն կարօտը ցմահ պահեց կուրծքին տակ եւ թերեւս մահէն ալ ետք: Չնմանեցաւ երբէք այն միւսներուն զորս հանդարտօրէն այլ ճշմարտօրէն եւ ուժգնօրէն կը հեգնէր «Ակնայ թորիկ» տիտղոսով, զանոնք՝ որ նոյն իսկ գրող կամ բանաստեղծ, աւա՜ղ, այնքան վաղ կը մոռնան իրենց ծագումն ու ծնունդը, իրենց բնավայրը եւ ծիծաղելիօրէն՝ քաղքենիութեամբ կը սեթեւեթուին, աւելի քան քաղքենիները:

Բայց այս տղան որ իր պարզուկ ու անոյշ նկարագրին մէջ երբէք չկրցաւ ինքնահաւան ըլլալ, եղաւ սակայն ինքնաճանաչ մը: Ինքնաճանաչութի՜ւն, թերեւս ա՛յս իսկ է որ կը պակսի  ամէնէն աւելի մեր գրականութեան կամաւորներուն: Ինքնաճանաչութի՜ւն, ո՜րքան հեռու ինքնահաւանութենէն եւ ո՜րքան թշնամի անոր:

Ինքնաճանաչութիւնը, գրողի մը մօտ, տիրացուած արժանիքներուն ճանաչումն իսկ է, որ ինքնին արժանիք մըն է. վասնզի ան կը նշանակէ գիտակցութիւն ինքզինքին եւ հաւատք ինքզինքին վրայ: Վասնզի ան է որ գրողն ինքն իր կարողութիւններուն կ՚անդրադարձնէ՝ որեւէ գրական իրագործումի հանդէպ, խիզախել կուտայ այդ իրագործման կամ զերծ կը պահէ զայն ձախորդ վիժումէ մը: Եւ այս մեծագոյն իմաստութեան իր մասնակցութիւնն էր, որ այս երեւութապէս համեստ, անխռով տղուն մէջ վիրաւորուած հպարտութիւնը կ՚արթնցնէր, ինքնապաշտպանի, եթէ ոչ պայքարողի, հեստ ոգին կը յարուցանէր, երբ որ անիրաւ յարձակում մը ըլլար իր գործին դէմ, երբեմն՝ ճիշդ է, կարեւորութիւն ընծայել տալով իրեն, այնպիսի անշնորհ ճիչերու զորս նկուն եւ տղմուտ հոգիներու տքանքն ու նախանձը կ’արձակէին: Այո՛, Մեծարենց հպարտ էր՝ երբ որ պէտք էր հպարտ ըլլալ, ինքնաճանաչութեան առթած հպարտութեամբը:

***

Չորս տարի առաջ ճանչցայ զինքը: Օր մը, Վահրամ Թաթուլ բարեկամս զայն հետը բերած էր՝ Սուրհանդակի խմբագրական սենեակը: Տակաւին ուսանող Կեդրոնական վարժարանին մէջ, իր սկզբնաւորութիւնն ըրած էր արդէն: Բայց Շաւասպ Ծիածանը կամ  Միսաք Միծարենցը կ՚ուզէինք ճանչնալ: Անկէ ետք իրիկնադէմերուն, Վ. Թ. ի հետ իր այցերը կ՚ընդունէինք մեր խմբագրական խցիկին մէջ, այն խցիկին որ նաեւ մերթ «ստորերկրեայ» ժամադրավայր գաղտնի խօսակցութիւններու, հաճելի յիշատակներու բոյն մը պիտի մնայ ինծի համար:

Թէյարանը մօտն էր. ձայն մը եւ թէյի գաւաթներու ափսէ մը՝ պարսկական խնամքով յարդարուած, սեղանին վրայ կազմ ու պատրաստ էր գոլորշապատ: Խցիկը կը լեցուէր աղմուկով, խօսակցութիւնները կը յաջորդէին իրարու, իրար կը խաչաձեւէին, իրարու կը բախէին եւ այս բոլոր ձայներուն մէջ ապահովաբար ամէնէն բարձրը չէր Միսաքինը, որ մտածումէ մը ետք եղած խօսքի մը լրջութիւնը կը պահէր: Պզտիկ գրական ժամանցներ՝ մեր այդ հաւաքոյթները, զորս հեռուէն հեռու մեր սիրական հանդէսին «Լա Փլիւմ»ի գրական երեկոյթներուն իբր թէ նմանցնելու անմեղ զբօսանքովը կը զուարճանայինք: Կարծիքներ ու վճիռներ կ’ունենայինք այս կամ այն գրողին վրայ:

  Մինչ թէյերը կը համտեսէինք ընդհատ ումպերով, կը խօսէինք մինչեւ որ գրաշարի մը ուրուականը ներս կը սպրդէր սենեակէն ու մեզ մեր աշխատութիւններուն կ՚անդրադարձնէր պահ մը՝ դարձեալ վերսկսելու համար մեր մտազբօսանքին:

***

Յետոյ ունէինք մենք գլխաւորաբար Շ. Միսաքեան, Վ. Թ. եւ ես բացօթեայ պտոյտները, այս կամ այն հովանուտքին ներքեւ:

Ու բոլոր այս տեսակցութիւններուն մէջ, ո՜րքան հաճոյք էր ունենալ Միսաքին ներկայութիւնը, որով ա՛յնքան սրտազեղ ու մտերմական կը դառնար մեր ստեղծած մթնոլորտը: Իր հիւանդութիւնը յայտարարուած արդէն, Մեծարենց թողած էր վարժարանը եւ կ՚ապրէր անձնապէս այն անկախ պայմաններուն մէջ որոնց կը կարօտի բանաստեղծը: Բժիշկին յանձնարարութեամբ, Թօփգաբու հաստատուած էր ծնողքին հետ, ուր օրն ի բուն մարդոց ու արձակ բնութեան վայելքովը կ՚արբենար ու ահա առաւելապէս այդ միջոցին է որ ինքզինք եղբայրացած զգաց համայնական գոյութեանց, նոյնացաւ անոնց, ապրելու երջանկութիւնը իր քաղցրութիւնները հոսեցուց իր հիւանդագին հոգւոյն մէջ, այլեւ ամրացուց բնութենապաշտ իր հաւատքը, որ արդէն զգալի էր ծիածանին մէջ եւ որ քնարերգել տուաւ իրեն Նոր Տաղերը: Բանաստեղծին այդ դաւանանքը՝ զգացող էութիւն մը գտնելու իրերուն մէջ, համեմատութիւն կը գտնէր Մորիս-Մեթերլինկի ծաղիկներու իմացականութեան մէջ, զոր կը կարդար այդ միջոցին: Ընթերցումը ամենամեծ վայելքն էր իրեն համար, որմէ զրկուած էր սակայն վերջին ատենները, հիւանդութեան պահանջմամբ:

Մեծ նախասիրութիւն մը ունէր գրաբարին համար, զայն դաւանելով լեզուի գեղեցկագիտութեան անսպառ աղբիւր մը եւ Նարեկին հետ կը կարդար գրաբար Աստուածաշունչը, որոնք թերեւս իր կրօնական զգացումներուն ալ կը խօսէին։ Չէր անտեսեր նաեւ գաւառական բարբառը: Նօթատետրի մը մէջ, ընդօրինակած էր ժողովրդական երգեր: Գաւառական գրականութիւնը մտազբաղում մըն էր իրեն համար եւ արեւելեան գեղեցկութիւններ խուզող իր միտքը՝ կը սիրէր պարսիկ բանաստեղծներու վարդենիքի բուրեաններով խնկաւէտ երգերը իրենց բնագրին մէջ կարդալ. ու կ՚ուզէր պարսկերէն եւս սորվիլ:

Իր տաղանդին կազմութեան մէջ անշուշտ կարեւոր դեր մը պիտի ունենար ֆրանսական գրականութիւնը, մանաւանդ նորն ու ինչպէս կ՚ըսեն, անպաշտօն գրականութիւնը, որ այնքան նուազ ծառուղիական է, ա՜յնքան հարուստ է բանաստեղծութեամբ եւ յաճախ ա՛յնքան մարդկայնական եւ զոր ա՜յնքան կը սիրէինք: Մեծարենց կարդաց Վէրհառնը, Հանրի Տը Ռէնեիէն, Ժան-Մորէասը, Ատոլֆ-Ռեդէն, Ալպեր Մոքելը ու շատերն այն բանաստեղծներուն որ Մերքիւր Տը Ֆրանսի եւ Լա Փլիւմի եւ անոնց ընկերացող հոյլ մը նոր հանդէսներու ոյժերը կը կազմէին: Ո՞ր աստիճան ուղղակի եղաւ ատոնց ազդեցութիւնը՝ իր մտքին վրայ կամ ստուգիւ կրե՞ց ոեւէ ազդեցութիւն ատոնցմէ: Իր գործը ատիկա չի ցուցներ յայտնապէս, բայց անհաւանական չէ որ միտքը ձեւակերպուած պահուն, անզգալապէս օգտուած ըլլայ անոնց ընթերցումներէն եւ մանաւանդ քաջալերուած իր խորհրդանշական արուեստին մէջ:

Ուրախացուցիչ չէ մանաւանդ Ռեդէի ոգին, որ կը խանդավառէր ո՛րքան մեզ, նո՛յնքան եւ Միսաքը, այդ ուժեղ, յստակ, մարդկայնական ու յեղափոխական ոգին, որ սակայն աւաղելի անցեալ մը եղած է այժմ, նոյն ինքն իր տիրոջ համար՝ իր վերջին հաւատափոխութենէն ի վեր, իր տաղանդին, երիտասարդութեան դաւանանքներն ու ձգտումները ժխտելէն ի վեր: Բայց մեզի սիրելի կը մնայ՝ ինչն որ կը մնայ Ռեդէէն, նոյն իսկ անոր ինքզինքը ուրանալէն ետքն ալ: Վերհառնը չէր թուեր սակայն թէ սիրցուցած էր ինքզինքը Մեծարենցին ա՛յնքան՝ ո՛րքան կը խանդավառէր մեզ: Արդէն բուռն ու խիզախ խառնուածք մը չէր ինքը՝ որքան որ զեղուն էր խանդաղատանքով, գորովով, քաղցր յուզմամբ: Այս էր պատճառը թերեւս՝ որ քիչ մը ցուրտ գտած էր Վերհառնը, երբ վերջացուց ընթերցումը բարբարոս քերթողին երկու հատորներուն:

Ընդհառակը հանգիտութիւնն աւելի ստոյգ էր Կաղը, Խուլը եւ Համրըին քերթողին եւ պելժ միւս մեծ քերթողին, կոյրերու եւ խոնարհներու գանձըին զմայլելի Մեթերլինկին միջեւ:

Մեծարենց կը կարդար նաեւ անգլիացի հեղինակներ քանի որ Պոլիս գալէ առաջ, Մարզուանի գոլէճին մէջ ուսած էր նաեւ անգլիերէն գլխաւորաբար Քարլայլն ու Էմըրսէնը:

***

Այսպէս, սփոփարար էր տեսակցիլ այս տղուն հետ, որ իր յորդազեղ խառնուածքին ազնուագոյն յարումներուն հետ կատարելագործելի իմացականութեան մը ձգտումը կը զգացնէր, եթէ երբեք չէր ապացուցած զայն՝ իր գործին մէջ: Եւ մեր տեսակցութիւնները անպէտ շաղակրատութիւններ չէին։ Իր լռակեցութիւնը ազնուական հոգիներու պերճախօսութիւնը թերեւս քիչ անգամ կը վրդովուէր իր վեհութեան մէջ. բայց իր խօսքը՝ գրին չափ նշանակութիւն ունէր, իր ծանրախոհ խօսուածքն որ հզօր էր աւելի քան բարձրաղաղակ աղմուկները: Եւ յետոյ, կը կարծեմ թէ ինք ալ կ՚օգտուէր մեր այս տեսակցութիւններէն, իր աշխարհահայեցողութիւնը կը յեղաշրջուէր՝ մինչեւ այն ատեն իրեն համար նոր իտէալներու որդեգրուելովը եւ կ՚ենթարկուէր այնպիսի իւրաշրջումներու, որ պիտի ուշանային խստամբեր անհատականութեան մը ներամփոփման մէջ եւ այդ տեսակցութիւններէն, նոր տառապանքներու եւ նոր զգայութիւններու իր մէջէն ընդանցնելէն ետքն էր որ սկսաւ երգել հայ արիւնին ու հայ վշտին վսեմ տրտմութեամբը սարսռագին այն մէկ քանի գեղեցիկ տաղերը, որոնցմէ մէկը հրատարակուեցաւ Ազդակի երկրորդ թիւին մէջ:

Այո՛, մեր չորս հինգին ըմբռնած նորագոյն գրականութիւնը թիրախ մը ունէր իրեն հանդէպ, նշանակէտ մը որով գիտակցօրէն կը խանդավառուէր, ընկերային արուեստն ու գրականութիւնը: Թերեւս ատիկա պիտի կրնար միայն գոհացում տալ մեր բազմատենչ տենդերուն, քսան-քսանըհինգ տարու երիտասարդի յեղափոխական ու գեղեցկագիտական ըմբռնումներուն, որոնց համեմատ «մտքի գիջութիւն» է գրողի մը՝ ինքզինքին համար ըրած գրականութիւնը, առանց շուրջի մտահոգութեան, Մեծարենց արդէն այս համոզումը հաստատաբանեց իր վերջին մէկ-երկու քերթուածներուն մէջ: Եթէ կարենար տակաւին իր ծննդավայրն երթալ ինչպէս կը ցանկար ա՛յնքան անձկակարօտ՝ իր բանաստեղծութեան տոհմային գոյնը աւելի՛ եւս շեշտելու համար, բոլորովին գաւառացի դառնալու համար ո՜րքան լայն յատակաձեւ մը պիտի ունենար այն ատեն:

***

Որքա՜ն փոյթ ու որքա՜ն եռանդ ցոյց կուտար, իր հիւանդագին վիճակին մէջ իսկ, իր վերջին երկին Նոր Տաղերուն հրատարակման համար, միշտ տրամադրելի գտնելով ջանքերը իր հօր, որ մինչեւ վերջին պահը, իր բանաստեղծ զաւկին գերագոյն հոգը ապրեցաւ այնքան անխոնջ կերպով, իր յոգնավաստակ ծերութեան մէջ: Մօտալուտ եղերական վախճանին նախազգացո՞ւմը պէտք էր նշմարել իր այդ փոյթին ու արտորանքին մէջ: Արդէն իր տաղանդին կատարելագործութեան հետ, արհամարհանքով կը նայէր իր առաջին գործին, Ծիածանին վրայ եւ նորին կը սպասէր: Որքան մեծ ուրախութիւն մը մոռցնել տուած էր իրեն՝ իր հիւանդութիւնը, երբ վերջապէս անցեալ ամրան ելաւ իր գիրքը: Արարիչն էր որ կը ցնծար իր մէջ: Խնդակցական նամակներ գրեցին իրեն բազմաթիւ տաղանդաւոր գրողներ: Գիտենք թէ ի՛նչ փառաւոր ընդունելութիւն մը կը սպասէր իրեն՝ երկրորդ հատորին ալ:

***

Ի՜նչ օգուտ սակայն, որ իր համբաւին լայննալուն հետ, զինքը գիշատող ախտը աւելի եռանդով կը պեղէր իր կուրծքը: Նոր Տաղերու լոյս տեսնելէն գրեթէ անմիջապէս ետք, սկսաւ տունը մնալ: Արդէն Սամաթիա փոխադրուած էին: Կ’երթայինք իրեն շատ անգամ: Ու ահա նորէն, մեզ տեսնելուն, կը մոռնար հիւանդութիւնը եւ ուրախ կ՚ելլէր, կը դիմաւորէր մեզ, զարմացնելով նոյնիսկ մայրը՝ հէգ, պաշտելի մայրը, ինքն ալ ալեհեր ու ազնիւ կին մը, որ կը պատմէր մեզի թէ ի՛նչպէս մեզ տեսնելուն կ՚ոգեւորուէր, կ՚ուրախանար: Իսկ իր առանձին պահերուն, ո՛րքան ալ տխուր, երբէք չէր լքեր իր յոյսը: «Միշտ յուսալ կուտայ այս հիւանդութիւնը», կ’ըսէր Վ. Թ. ին, որ գրեթէ միշտ եւ ամենօրեայ անբաժան մտերիմը մնաց հիւանդ բանաստեղծին. «Արդէն ինքզինքս եղբայրացած կը զգամ անոր, հիւանդութեան հետ» կը յարէր: Մեծ կամք կ՚ընէր ապրելու, առողջ երեւալու։ Յաճախ, առանձին պահերուն, կը տքար անզօր տնքտնքոցով մը, բայց մայրը ներս մտնելուն՝ ճիգով մը կը շտկուէր նորէն: Չէր ուզեր որ մայրը հոգ ընէր իրեն համար:

Կը յուսար նոյնիսկ, վերստին կազդուրուելէ ետք, անցած գարնան էր կամ ամրան, երթալ դէպի իր ծննդավայրը: Բայց չէր կրնար: Օր մը ըսած էր դարձեալ Վ. Թաթուլին. «Ձախէն աջ թոքս անցաւ»: Արդէն անկողին ինկած էր: Եւ օր մըն ալ հօրը՝ թռցուցած էր բերնէն սա խօսքը. «Ա՜լ քայքայուեցայ, հա՛յր»: Բայց ո՛չ, նորէն կեանքին փարած կը մնար, լաւատես: Ծնողքը մեծ զոհողութիւններով առանց սակայն ասիկա իրեն հասկցնելու, որովհետեւ չէր ուզեր որ ծնողքը զրկանքներու ենթարկուին իրեն համար կրցած էին տնակ մը վարձել Հալքի եւ օր մը հիւանդը հոն փոխադրուեցաւ: Օր մը միայն զբօսավայր մը գացած նստած էր: Վերջինն էր ատիկա: Վերջապէս անկողին ինկաւ, միշտ սնարին վերեւ ունենալով մայրը՝ առանձին: Նորէն ապրելու հաւատքը ունէր սակայն: Հալքիէն ուղղած երկտողով մը, մահուընէ երկու շաբաթ առաջ՝ չորս-հինգ հատ անգլիերէն գրքեր ուզած էր, միեւնոյն ատեն յանձնարարելով մեզի որ ամիս մը ետք միայն իր քով երթանք, որպէսզի ինք ալ կարենար ոտքի ելլել եւ մէկտեղ շնչէինք բոյրը եղեւիններու, «որոնց այնքան մօտն էր, բայց միեւնոյն ատեն այնքան հեռուն կը գտնուէր», ինչպէս գրած էր: Հոգեվարքը սկսաւ շաբաթէն կիրակի լուսնալու գիշեր մը. աքաղաղներու կանչէն պահ մը առաջ, բանաստեղծը վերջին անգամ շնչեց երեք անգամ թեթեւակի հազալէ ետք, մինչ գիշերուան համայնութեան մէջ, ու այդ ամայութեան ու միայնութեան խորը, մայրը քաջութիւնը ունեցաւ անոր դէմքը թաշկինակով մը ծածկելու վերջին հոգածութիւնը ցոյց տալէ յետոյ միս-մինակ, իր մահացած զաւկին քով նստած, հեծկլտագին, ամէնէն բանաստեղծական եղերգները երգեց ու ամէնէն ճշմարիտ արցունքները լացաւ, սպասելով լոյսին ծագման:

 

«Ազդակ» 1909, թիւ 28։