Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ ՆՈՐԱՎԷՊԵՐԸ

Էսաեան սանուց միութեան երկրորդ Գրական ասուլիսը որ նուիրուած էր Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերուն վերլուծութեան, տեղի ունեցաւ 17 մարտ 1913, կիրակի, Բերայի Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ:

Նախագահ Դուրեան Սրբազանի բացակայութեան հետեւանքով, հաւաքոյթին նախագահեց Պ. ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ:

Յաջորդաբար խօսք առին Պ. Պ. Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ՝ որ համառոտ գիծերու մէջ ներկայացուց Զօհրապի կեանքը եւ գրական գործունեութիւնը, ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ՝ որ առաւելապէս ծանրացաւ Զօհրապի գրական գործունեութեան բացասական կողմերուն վրայ, ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ՝ որ ներկայացուց Զօհրապը իբր նորավիպագիր եւ անոր դերը թրքահայ գրական շարժման մէջ, ՏԻԿ. ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ՝ որ խօսեցաւ Զօհրապի հերոսուհիներուն վրայ, ԳՐԻԳՈՐ ՄԱԼԽԱՍ՝ որ պտոյտ մը ըրաւ Զօհրապի գործերուն մէջ, եւ Գ. ԽԱԺԱԿ՝ որ Զօհրապը ներկայացուց իբր իր միջավայրին արտայայտիչը: