Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԺԻՒՐԻԻՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Բանախօսութեանց աւարտումէն ետք, Ժիւրին, զոր կը կազմէին ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴ., ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ, ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ, ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ, ՍԻԱՄԱՆԹՕ, ՄԻՔԱՅԵԼ ՇԱՄՏԱՆՃԵԱՆ, ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ, ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ եւ ԹԷՈԴԻԿ, կատարեց մասնակի խորհրդակցութիւն եւ յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեանց.

Ա. Երեք բանախօսներու խօսածները չունենալով դատական ամբաստանութեան եւ պաշտպանողականի հանգամանք, Ժիւրին տեղի ունեցածը կը նկատէ գրական վիճաբանական համախմբում մը, եւ ոչ թէ գրական դատավարութիւն, հետեւաբար կը մերժէ Շանթի Հին աստւածներուն մասին վճիռներ արձակել, այլ կը բաւականանայ ներկայացնել երեք ատենախօսութիւններէն ստացած իր տպաւորութիւնը:

Բ. Շանթի Հին աստւածները իբր գեղարուեստական գործ կը կազմէ հայ թատերական գրականութեան մէջ սէմպօլիք առաջին գեղեցիկ փորձը:

Գ. Հին աստւածներու նիւթը ամենաշահեկան եւ հետաքրքրական է, պատկերացնելուն համար այն յաւիտենական ընդհարումը որ կը մղուի զգացումներու եւ դատողութեանց աշխարհներուն միջեւ, այսինքն մտքին եւ սրտին յաւերժական կռիւը։

Դ. Թատերախաղը իր էութեամբ կը կրէ համաշխարհային բնոյթ՝ հայկական գոյնով եւ հայկական միջավայրի մէջ պատկերացուած:

Ե. Ժիւրին անյարմար կը նկատէ յայտնել իր կարծիքը Հին աստւածներու բեմականութեան եւ թատերական կառուցուածքի տեսակէտին մասին՝ անոր բեմադրութեան ականատես չեղած, ընդունելով հանդերձ որ սէմպօլիք գրուածքէ մը, ինչպիսին է Հին աստւածները, պէտք չէ սպասել թատերախաղի դասական պահանջներ:

Զ. Հին աստւածներու ոճը ըստ էութեան քննադատելի չէ, իսկ լեզուն ունի քննադատելի կողմեր:

Է. Հին աստւածները, վերջապէս, Հայ տաղանդի գեղեցիկ մէկ արտայայտութիւնն է: