ՎԱՐՈՒԺԱՆ
ԵՒ
ԻՐ
«ՀԵԹԱՆՈՍ
ԵՐԳԵՐ»Ը
(Բանախօսութիւն
Պ.
ԵԴՈՒԱՐԴ
ԳՕԼԱՆՃԵԱՆի)
Տիկիններ
եւ
պարոններ,
Խորին
եւ
անկեղծ
հաճոյքն
ունիմ
ձեզ
ներկայացնելու
այսօր
երիտասարդ
բանաստեղծ
մը
իր
արուեստին
մէջ
այնքան
գունագեղ
ու
այնքա՛ն
հզօր,
իր
յղացման
մէջ
այնքա՛ն
խիզախ
որքան
ազնուական
եւ
իր
զգացմանց
մէջ
իրապէս
ազգային,
բանաստեղծ
մը
որ
այնքա՛ն
շեշտ
ինքնատիպ
անհատականութիւն
մըն
է
որքան
իր
ցեղին
սրտին
կատարեալ
մէկ
ցոլացումը:
Դանիէլ
Վարուժանի
բանաստեղծական
կարողութեանց
մեծագոյն
մասը
ըմբոշխնած
էինք
արդէն,
ազատութեան
առաջին
օրերուն,
իր
քերթուածներու
ստուար
մէկ
հաւաքածոյին
մէջ
զոր
իրաւամբ
ինքը
կոչած
է
Ցեղին
սիրտը:
Ու
հաճոյքով
ճաշակած
էինք
հոն
իր
այնքան
գեղեցիկ,
խանդաղատալիր
ու
հզօր
քերթուածները
որ
կը
կոչուին
Նեմեսիս,
Թիապարտները,
Կարոտի
նամակ,
Պատուեր,
Հայրենի
լեռներ,
Դիւցազնի
մը
սուրին,
Յաղթողը,
Հովիւը,
յիշելու
համար
ուրիշներ:
Ցեղին
սիրտը
հայ
հոգիին
կարկառուն
յաւիտենական
գիծերուն
եւ
գաւառին
մշտառոյգ
մշտածիծաղ
բնութեան
փառաբանութիւնն
է՝
մխացող
աւերակներուն
ծուխին
մէջէն
աղաղակուած,
մկանունքին
պաշտամունքը՝
տառապանքին
մէջէն
հայցուած,
ջիղին
շեշտը՝
հալածանքին
մէջէն
լուսագծուած:
Անիկա
մէկ
ծայրէն
միւսը՝
բնապաշտ
խորարմատ
ձգտում
մը
ունի,
վարդագոյն
յաւիտենական
ուժին
վճիտ
առաքինութիւնը
ազգի
մը
մէջ
մասնաւորելու
համար,
չարչարուած,
բայց
հուսկ
ուրեմն
յաղթահարող
Գեղեցկին
կայծակնաշող
տեսանողութեամբ,
եւ
տառապանքին
ու
արցունքին
մէջ
անգամ
ազնւականօրէն
հպարտ
երեւնալու
համար:
Վարուժան,
գրչի
մէկ
հարուածով,
կրցած
է
վերջ
տալ
այն
հին
տաղտկալի
դպրոցին
որ,
դեռ
քառորդ
դար
մը
առաջ,
հայրենասիրութեան
պատրուակին
տակ՝
գիտցաւ
միայն
միօրինակօրէն
լալկան,
տժգունօրէն
յուսահատ
երգեր
հրամցնել
մեզ
եւ
քնացնել
ընդարմացնել
մեր
մէջ
մեր
նախահարց
հեթանոս
արիւնը,
ստեղծիչ
խանդը:
Վարուժանի
հայրենասիրական
երգերը
կը
նմանին
այն
հայրենի
աղբիւրներուն,
որոնցմէ
թէեւ
ջուրն
արտօսրի
պէս
կը
կաթի,
համեստունակ
կայլակ
առ
կայլակ,
բայց
այդ
լեռնաբոյր
զուլալ
ջուրն
ընտիր
է
ու
սնուցիչ՝
կաթի
ու
արիւնի
պէս
եւ
զայն
արտասուացօղ
կայլակող
աղբիւրները
մութին
մէջ
ցայտող
վեհակարկառ
սպիտակ
ճակատ
մը
ունին՝
բաղեղներով
ու
ծիծեռնակներու
բոյներով
պսակուած:
Հեթանոս
երգերուն
հորիզոնը
–
քանի
որ
այսօր
կոչուած
եմ
ծանրանալ
միայն
Վարուժանի
այս
վերջատիպ
երկին
վրայ
–
աւելի
ընդարձակ
է:
Հեթանոս
կը
կոչուին
առ
հասարակ
բոլոր
այն
նիւթերը
որոնք,
ներկայէն
անկախ,
անցեալ
ժամանակներու
եւ
գեղարուեստական
հնութիւններու
վայրենի
հրապոյրն
ունին,
աւելի
կամ
նուազ
գիտակցուած,
ուզուած
ու
արուեստ
եղած:
Լըքոնթ
տը
Լիլ,
եւ
իր
տիրապետող
հմայքին
ու
ազդեցութեան
տակ
գրող
բանաստեղծները,
Հերետիա,
Լէոն
Տիէռքս,
Հանրի
Գազալիս,
Լորան
Թայյատ,
եւ
ուրիշներ
այս
առումով
հեթանոս
երգիչներ
եղած
են
[1]:
Աւելի
կամ
նուազ
դժգոհ
եւ
ուծացած
ներկայ
ժամանակիս
արուեստին
լրբօրէն
անձնական,
խուսափուկ,
անյոյզ
եւ
անիտէալ
երանգներէն,
ուզած
են
վերակոչել
հին
ժամանակներու
պատմական
մեծ
տպաւորութիւնները,
մեծ
կիրքերը,
եւ
մխիթարուիլ՝
վերապրելով
անոնցմէ
բղխած
հաստատուն
բեղմնաւոր
ուժին
բոլոր
ընտիր
ձեւերը,
ժեսդերն
ու
պատկերները:
Այս
կարգէն
է
Վարուժանի
երկար
քերթուածը,
Հարճը,
Բագրատունեաց
հարստութեան
շրջանէն
վիթխարի
արձագանգ
մը,
ակնախտիղ
վայրենաշքեղ
պատկերներով
հոծուած,
ինչպէս
այս
կարգէն
էին
Ցեղին
սիրտին
մէջ
Վահագնը
եւ
Արմենուհին:
Պատմութիւնը
չի՛
բաւեր՝
հին
օրերու,
նախաքրիստոնէական
մեծ
դէպքերու
վերահասու
ըլլալու
համար
հոգեվին:
Պատմութիւնները
անունները
կ’որոշեն,
մեծ
անցքերը,
մեծ
գիծերը.
–
բանաստեղծն
է
որ
կը
տեսնէ
միայն
անոնց
տակ
ապրող,
զանոնք
առթող,
զանոնք
ստեղծող
յարակայուն
հոգին.
–
կը
տեսնէ
խառնուածքները
կենդանի
մկաններով,
միշտ
թարմ
արիւնով
եւ
իր
արուետին՝
իր
կամքին
համաձայն
կ’ընտրէ
զանոնք՝
ի
խնդիր
ընդհանուր
սիրելի
գաղափարի
մը:
Ստուգի՛ւ,
հեթանոս
բանաստեղծութեան
պանծալի
գլուխ-գործոց
մըն
է
Վարուժանի
Հարճը,
ցանկութեան,
նախանձի,
կիրքի,
վրէժի,
հալածանքի,
ցաւի
ու
քաջութեան
շանթակուռ
խօլաշարժ
հրեղէն
պատկերներով
զեղուն,
ուր
կը
գիտնանք
թէ
ինչպէս
Բագրատունին
Տրդատ
խնջոյքի
մը
մէջ
կը
սիրահարի
Սիւնեաց
նահապետ
Բակուրին
հարճերէն
ամէնէն
սխրալիին,
Նազենիկին,
թէ
ինչպէս
Բակուր
կը
նախանձի
Տրդատէն,
ինչպէս
Տրդատ
կը
զայրանայ,
կը
մոլեգնի
եւ
փրփրերախ
նժոյգին
վրայ
առած
Նազենիկը
սրարշաւ
փախ
կու
տայ
լեռնէ
լեռ,
ձորէ
ձոր,
հակառակ
զինքը
հալածող
թշնամի
անհամար
նետերուն,
թէ
ինչպէս
Բակուրի
վերջին
մէկ
նետը
հուսկ
ուրեմն
կը
հասնի
քառատրոփ
նժոյգին
ու
կ’սպաննէ
Նազենիկը:
Մէ՛կ
խօսքով
ապողոնեան
ուժին
փառաբանութիւնը,
սայրասուր
կամքին
եւ
գեղեցկին
պաշտամունքը,
գեղեցկին,
իբրեւ
ամէնէն
խորունկ
արձագանգին՝
կեանքին
անիշխանական
անբաւութեան
մէջ,
գեղեցկին՝
որ
ուրիշ
բան
չէ
հեթանոս
երգիչին
համար,
բայց
եթէ
կեանքին
այդ
ամբաւ
պատկերին
պատճառն
ի՛սկ,
ստեղծիչն
ի՛սկ:
Հարճը
հեթանոս
ներքնասրահի
մը
ճշգրիտ
ցայտուն
մէկ
նկարն
է
ուր
Վարուժանի
փայլակնարագ
տեսանող
երեւակայութիւնը
կը
ճախրէ
առարկայէ
առարկայ,
այնքա՛ն
հեշտին,
իբրեւ
միահեծան
տէրն
իսկ
այդ
առարկաներուն:
Հեթանոս
դարերու
տեսիլքներուն
մասին
իր
ունեցած
ջերմ
նախապատւութիւնն
է
անշուշտ
որ
իրեն
սապէ՛ս
հեծել
կուտայ
Մեռած
աստուածներուն
խորագրուած
բանաստեղծութեան
մէջ.
Լոկ
կը
տեսնեմ
Աւանդութիւնն՝
որ
կուլայ
Նստած
կոճղի
մը
վըրայ:
Սակայն
Աւանդութիւնը
կրնայ
յառնել
իր
հրացայտ
գրչին
տակ,
միս
ու
արիւն
զգեցած,
երբ
առաքինի,
աննենգ
վճիտ
ուժին
գաղափարն
է
որ
նախնական
հերարձակ
անտառներուն
խորէն
հմայաշունչ
կուգայ
սարսե՛լ
Դարուս
ցրտին,
անյոյզ,
անիտէալ,
կեղծ
ներկային
մէջ
պարփակուած
իր
դժգոհ
մարմինը:
Պատմական
դրուագներէն
դուրս,
որոնք
դեռ
մեծ
թիւ
չեն
կազմեր
Վարուժանի
գրականութեան
մէջ,
գեղեցկագիտական
տեսակէտով
հեթանոսային
հանգամանք
մը
կը
ձգտին
ներկայացնել
նաեւ
առանձին
բանաստեղծութիւնները,
որոնք
զուտ
զգայական՝
յատկապէս
ընտրուած
արեւելեան
գունագեղ
պատկերներ
են,
առանց
պատմական
յաւակնութեան,
կամ
նոյն
իսկ
եւրոպական
շպարուն
ագուցուածներ
արեւելքցիի
նայուածքով
ցանկացուած,
եւրոպական
անկիւններ՝
արեւելքի
արեւով
օծուած:
Այսպէս
են
ա՛յն
բանաստեղծութիւնները
որ
կը
կոչուին
Արեւելեան
բաղանիք,
Ո՛վ
Լալագէ,
Հեթանոսական,
Մեռած
աստուածներուն
եւ
Գինարբուքէն
վերջ:
Բոլոր
այս
հատուածները
զուտ
զգայաբանական
յաջող
պատկերներ
են,
հազիւ
մերթ
միացած
համապատասխան
զգացումի
մը,
մարդկային
յայտնի
յուզիչ
արձագանգի
մը.
բայց
ճաղատ
գլուխով
եւ
պռստած
յօնքերով
ծերուկ
ինքնակոչ
բարոյախօսներն
են
միայն
որ
չպիտի
տեսնէին
այս
շողշողուն
մանրամասնութեանց
ամբողջութեան
մէջ՝
կուռ
ձգտում
մը
դէպի
լուսագեղ
Բնութիւնը,
մարդկային
շնորհ
ու
առաքինութիւն
եղած
Արուեստին
ներզօրութեամբ:
Վարուժանի
բնութենապաշտ
առարկայական
Արուեստը
շատ
քիչ
անգամ
կը
ճանչնայ
անձնական
խուսափուկ
փցուն
տպաւորութիւնները,
վայրկեանին
անիտէալ
քմահաճոյքները,
անկապաշտի
վատառողջ
եսասիրութեան
մը
թունաւոր
հրապոյրները:
Եւ
ինքն
է
որ
կ’ըսէ,
Եղիայի
ձօնած
Տրտունջքին
մէջ,
այնքա՛ն
յստակօրէն.
Նւիրուի՜լ
պետք
էր
ինծի.
ու
ես
տեսայ
այն
ատեն
Իմ
վէրքերէս
աւելի՛
խորունկ
վէրքեր
ու
ցաւեր.
–
…Կամքս
նուաճուած
իմ
ցաւով՝
կազդուրեց
ցաւն
ուրիշին:
Ժողովուրդ
մ’ես
զգացի՝
որ
լանջքիս
տակ
կը
տրոփէր,
Աստուած
մը,
ա՛հ,
եկած
էր
քաոսիս
մէջ
բընակիլ,
Եւ
խորն
հնոցիս՝
որ
դատարկ
էր
Սէրերէն
եսապաշտ՝
Նետեց
անմահ
Գաղափարն,
ոսկեփրփուր
եռեփեց:
Եւ
բնութենապաշտ
բանաստեղծին
համար
որ
իրերէն
մինչեւ
մարդը
եւ
մարդէն
մինչեւ
իրերը
միեւնո՛յն
տիեզերական
օրէնքները
կը
տեսնէ,
ժողովուրդը
բնութիւնն
է,
եւ
այն
ժողովուրդը
որուն
կ’ուզէ
նուիրուիլ
անշուշտ
լաւագոյն
բնութիւնն
է
իրեն
համար,
ընտրուած
շրջանակը
ուր
բնութիւնն
ամէնէն
աւելի
գեղեցիկ
եւ
օժտուած
պէտք
է
ըլլայ:
Եւ
եթէ
այսպէս
ըմբռնուած,
նուիրումը
հարկ
մըն
է
հասնելու
համար
ընդհանուր
գաղափարներուն,
բանաստեղծական
ճշմարտին,
անկարելի
պիտի
ըլլար
աչքէ
վրիպեցնել
չարչարանքի
ու
զրկումներու
բոլոր
այն
մեծ
տեսարանները,
որոնք
ալ
աւելի
կը
շեշտեն
ժողովուրդին
մէջ
բնութիւնը
իր
բոլոր
ներքին
պոռթկումներով,
լոյսին
տենչը,
ընդոծին
իղձը
ազատութեան:
Եւ
այսպէս՝
Վարուժան՝
հեթանոսական
աւիւնէն
կը
հասնի
մինչեւ
ընկերվարութեան
ամենանուրբ
զգացումը:
Բանաստեղծին
հոգեկան
բնաշրջումն
է
որ
աստիճանաբար
կը
յայտնուի
գրքին
մէջ:
Նախ
Աւանդութիւնը,
պատմական
խոշոր
գիծերը,
արուած
նիւթերը
իրենց
բոլոր
պարեճահունչ
հումութեան,
նախնական
հեթանոսութեան
մէջ,
զորս
երեւակայութիւնը
կը
հագուեցնէ
իր
ամէնէն
փողփողուն
գոյներով,
իբրեւ
կեանքի
գերագոյն
շեշտումներ:
Յետոյ
անհատապէս
յղացուած
նիւթեր,
ուղղակի
զգայարանքներուն
տակ
ինկած
պատկերներ,
արեւով
տաքցած
անկիւններ,
բացօդեայ
ազատ
կեանքին
բոլոր
անկախ,
աննախապաշար
վայելքը՝
ուր
Տրտունջքին
Վարուժանը
դեռ
չի
հեծեր.
Լուսինն
ինծի
չը
հասած
դուրսն
որմիս
տակ
կը
մեռնի,
Եւ
կը
կոտրի
փեղկերուն
մէջ
սիւքին
թեւն
անուշակ:
Զուտ
զգայական
հաճոյքներ,
ինչպէս
Արեւելեան
բաղանիքը,
ուր
բանաստեղծը,
միջօրէի
սիրահար,
կեանքի
սաստկութիւն
մը
միայն
ունի
դեռ,
լոյսի
անխօս
տրոփումներ,
առանց
խորհրդածական
առանցքի
մը:
Յետոյ
է
որ
պիտի
փթթին
Գողգոթայի
ծաղիկները,
ինչպէս
կը
կոչէ
Վարուժան
իր
գրքին
վերջին
մասը,
յետոյ
է
որ
պիտի
գան
բոլոր
տանջուած
հոգիները,
բոլոր
մեծ
կնճիռներն
ու
խորհրդածութեան
ակօսները,
ինչպէս
բուխերիկին
հեշտալիր
ջերմութենէն
վեր՝
ծուխն
է
որ
կը
ծառանայ,
ինչպէս
միջօրէէն
վերջ
մեծ
իրիկունը:
Իր
գրքին
վերջին
մասին
մէջ
Վարուժան
փոխն
ի
փոխ
գողտր
կ’երեւայ,
միսթիք,
հեգնող,
ըմբոստ,
վրէժխնդիր,
հայրենաբաղձ,
կրօնական
եւ
ընկերվարական:
Այս
երեւոյթապէս
իրերամարտ
հանգամանքները
զիրար
չե՛ն
չեզոքացներ
գրքին
մէջ,
ընդհակառակը
զիրար
կը
լրացնեն,
եւ
ամէնքն
ալ
Վարուժանինն
են
իբրեւ
իր
ամէնէն
մտերիմ
մասնիկները,
տրուած
ըլլալով
իր
կեանքին
յատուկ
առարկաները,
ու
այն
պայմանները,
որոնց
մէջ
ապրած
է
ան:
Բոլոր
իր
զանազան
հանգամանքներու
արտայայտութեանց
մէջ,
Վարուժան
կը
պահէ
իր
միջօրէի
ուժգին
պայծառութիւնը,
եւ
իր
միսթիք
երեւցող
տողերն
անգամ,
ուր
կրօնական
նօսր
քաղցրութիւններ
կը
ջրվէժին՝
հիւանդագին
խորհրդապաշտի
յատուկ
չեն,
այլ
իրականութեանց
սաստկութենէն
յառաջ
եկած
խտղտումներ,
ընդարձակ
միջօրէին
մէջ
ծաւալող
շոգիներու
սատափէ
ծուէնի
մը
պէս,
կեանքին
ծանրութենէն
կարծես
քրտնաթոր:
Անուրանալի
է
անշուշտ
արդի
եւրոպական
գրականութեան,
մասնաւորապէս
պելճիքական
գրականութեան
երկու
գլխաւոր
հզօր
դէմքերուն՝
Վէռհառնի
եւ
Մէթէռլինկի
ազդեցութիւնը
իր
քերթուածներուն
արուեստին
վրայ:
Իր
Մեքենաները
խորագրուած
քերթուածը
մասնաւորապէս
կը
յիշեցնէ
Վէռհառնի
Les
forces
tentaculairesին
[2]
վերլուծական
կորովն
ու
Առկայծ
ճրագը
՝
Մէթէռլինկի
գրելակերպը
իր
բանաստեղծութեանց
մէջ:
Իսկ
իր
միւս
ընկերվարական
հակումով
գրած
մէկ
քանի
քերթուածները,
որոնք
կը
կոչուին
Մեռնող
բանուոր,
Խաբուած
կոյսեր,
Դադար,
Մայիս
մէկ,
եւ
այլն,
անշուշտ
եւրոպական
գրականութեան
ճաշակն
ու
առարկաներն
ունին,
ֆրանսական
եւ
պելճ
գործատանց
ծուխին
կծու
համը,
մինչեւ
մեր
գեղածիծաղ
յոյլ
ափերը
փոխադրուած,
քանի
որ
մենք
գործատուն
չունինք
դեռ:
Բայց
Վարուժանի
մեծ
տաղանդը
իրապէս
կրցած
է
մեր
աչքին
այնքան
հարազատ
ցուցնել
բոլոր
այս
տեսարաններին
ու
անոնց
տակ
թաքնուած
ցաւերը,
այնքա՛ն
հարազատ
թերեւս
որքան
հարազատ
են
իր
հայրենաբաղձ
շինականի
արեւոտ
շեշտերն
ու
վճիտ
հեծեծմունքը:
Իր
ճամփորդութիւններն
Իտալիա
եւ
Պելճիքա,
աւելի՛
լայնցուցած
են
իր
նիւթերու
հորիզոնը
եւ
իր
հայրենաբաղձի
զգացումներուն
վրայ
աւելցուցած
են
աւելի
համամարդկային
զգացումներ,
որպիսին
է
ընկերւարութիւնը
որ
այնքան
պերճախօսներ
ու
գործողներ
որքան
բանաստեղծներ
ստեղծված
է
այսօր,
–
ամէնէն
թարմ
ու
ամէնէն
հզօր
բանաստեղծութիւնը
թերեւս:
Իմաստասիրական
տեսակէտով,
եթէ
կարելի
ըլլար
այժմէն
իսկ
վերջին
բառը
ըսել
իր
գործին
ամբողջական
իմաստի
մասին,
զինքը
կը
գտնենք
գրեթէ
միշտ
բնապաշտ
մը,
իսկապէս
լաւատես,
որ
կը
հաւատայ
լաւագոյն
օրերու,
եւ
մեծ
հաւատք
ու
յարգանք
ունի
կեանքին
մասին:
Կենսապաշտ
մը,
եթէ
կ’ուզէք,
բառին
իմաստասիրական
ազնուագոյն
առումով,
որ
բոլոր
բնազանցական
ճանչցուած
բաները
կեանքին
մէջ
միայն
պարունակած
կը
տեսնէ:
Աստուած
կեանքին
մէջ
է
միայն,
եւ
երբ
կեանքը
կը
թողունք,
կրնա՛նք
ըսել
Դուրեանին
պէս
«Է՜հ,
մնաք
բարով,
Աստուած
եւ
արեւ»
[3],
այս
անգամ
գիտակցօրէն,
առանց
վայրենահանճար
բանաստեղծին
շփոթուն
տարտամ
խռովքին:
Արուեստի
տեսակէտով,
կը
գտնենք
Վարուժանի
մէջ
սանձարձակ
երեւակայութիւն
մը,
վերացման
ու
վերլուծման
հաւասարապէս
ուժգին
կարողութիւն
որ
մերթ
կ’աղօտացնէ
ու
կը
յամեցնէ
զգացումները,
արտայայտութեան
հզօր
կամք
մը
որ
եղէգի
պէս
գիտէ
ճկիլ,
եւ
լեզու
մը
ներդաշնակ,
կուռ,
հանդիսաւոր,
առանց
կրկնաբան
ու
երկարաբան
ըլլալու:
Մերթ
նմանութիւններ,
փոխաբերական
ասացուածքներ
ու
մանրամասնութիւններ
ընելու
հոգը
ուռուցիկ
կը
դարձնէ
իր
մէկ
քանի
քերթուածները,
ինչպէս
Բեգաս
խորագրով
իր
մէկ
քերթուածը:
Չեն
պակսիր
շա՛տ
աղքատ
յանգեր
կամ
նոյն
իսկ
յանգի
բացակայութիւններ
ճոխ
յանգերու
քով,
ինչ
որ
արուեստի
անհաւասարութիւն
մըն
է:
Չե՛ն
պակսիր
թարմատար
յերիւրուած
կամ
սխալ
վանկերի,
բռնի
չափեր
(césure)
լեցնելու
համար,
ինչպէս
թա-րԸմ,
անօ-սԸր,
գող-տԸրիկ,
ընտԸրուած,
փոխանակ
ըսելու
ընտրըւած:
Սխալ
բառեր
ալ
չեն
պակսիր.
ինչպէս
առջի,
առաջին
ըսելու
տեղ,
–
քանի
որ
առջի
կը
նշանակէ
նախընթաց,
անցեալ:
Նշանակելի
է
նաեւ
«կը»
երու
անհարկի
կրճատումը՝
բաղաձայններու
առջեւ.
բառերու
կրճատումը,
ինչպէս
գերեզմնոց,
յուսհատութիւն,
եւն.:
Բայց
լեզուին
ընդհանուր
կուռ
ներդաշնակութեանց
մէջ
անշուշտ
այս
խորթութիւնները
հետզհետէ
պիտի
անհետանան:
Հեթանոս
երգերուն
վերլուծման
մէջ
ջանացի
ընտրել
գլուխ-գործոցներ,
եւ
հարկ
եղաւ
տեսակէտներու
բաժնել
զանոնք,
գրքին
երեք
բաժանումներուն
համաձայն.
Արեւելեան
բաղանիքը
գլուխ-գործոց
մըն
է
իբրեւ
զուտ
զգայաբանական
յաջող
գունագեղ
տպաւորութիւն,
իբրեւ
պատկեր
միայն,
բայց
ո՛չ
իբրեւ
մարդկային
վերին
զգացման
ագուցում
մը:
Գլուխ-գործոց
մըն
է
Հարճը
իբրեւ
դիւցազնավէպ
կամ
իբրեւ
պատմուածք,
թէեւ
կարելի
է
կրճատել
տեղ
տեղ.
գլուխ-գործոց
մըն
է
Լոյսը
իբրեւ
զգացում,
շքեղ
վերացման
մը
հասած:
Իսկ
այլապէս
գեղեցիկ
են
եւ
հզօր
իր
այն
քերթուածները
որ
կը
կոչուին՝
Ո՛վ
Լալագե,
Ականջներուն,
Ճանապարհ
խաչի,
Սպասում,
Խաբուած
կոյսեր,
Մեքենաները,
Դադար,
Լքում,
եւայլն:
Վերջացնելու
համար
ներկայ
ուսումնասիրութիւնս,
մենք
ամէն
բանէ
առաջ
կը
շնորհաւորէնք
Վարուժանը
իբրեւ
հզօր
արուեստագէտ
բանաստեղծի
մը
որ
հալած
կապարով
կը
գրէ
ոսկի
գանգիւններ
հանելու
համար,
որ
բոլոր
եսապաշտ
հիւանդագին
զառածումներէ
վեր՝
ժողովուրդի
մը
վէրքերը
կը
դիտէ
Կիկլոպեան
աչքով,
տառապանքին
մէջ
ու
տառապանքէն
վեր
միանգամայն,
յաղթող
ըմբոստի
մը
կանգնագեղ
իրանով:
Կ’ողջունենք
Վարուժանին
մէջ
հոյակապ
տոհմիկ
բանաստեղծը,
գլուխն
ու
լանջքը
բաց՝
միջօրէին
մեծ
Արեւին
տակ,
որուն
միակ
նախապաշարումը
կեանքն
է,
արեւալիր
կայծակնաշող
պայքարը,
լուսագիծ
շարժումը,
կամքը
ուղիղ
սայրասուր
գիծով,
եւ
որուն
ակնարկին
առջեւ
բոլոր
ճշմարտութիւնները
կրնան
յանգիլ
չարչարուած
վսեմ
գեղեցկութեանը
մէջ
այն
ժողովուրդին
որ
բոլոր
անցքերուն,
բոլոր
հեղեղներուն,
բոլոր
մրրիկներուն
դիմակալեց
կեանքին
ու
լոյսին
հաւատքով
եւ
մռնչեց
իրեն
պէս
բոլոր
նանրամիտ,
մեղկ,
ու
տկար
անցորդներուն.
«Կ’երթամ
Աղբիւրը
Լոյսին…»
[4]:
[1]
Լկոնտ
դը
Լիլի
առաջնորդած
գրական
խմբակը
կոչվում
էր
«Պառնաս»
(«Parnasse»),
իսկ
անդամները՝
«պառնասականներ»:
[2]
Ըստ
ամենայնի,
բանախոսը
խառնել,
ավելի
ճիշտ՝
սինթեզել
է
Վերհառնի
երկու
տարբեր
ժողովածուների
վերնագրերը:
“Les
forces
tentaculaires”
վերնագրով
ժողովածու
կամ
բանաստեղծություն
Վերհառնը
չունի:
Փոխարենն
ունի
«Les
villes
tentaculaires»
(1895,
«Հրեշ
քաղաքներ»)
եւ
«Les
forces
tumultueuses»
(1902,
«Կատաղի
ուժեր»)
վերնագրված
ժողովածուներ:
[3]
Պետրոս
Դուրյանի
«Տրտունջք»
բանաստեղծության
առաջին
տողն
է:
[4]
Վարուժանի
«Լույսը»
բանաստեղծության
առաջին
տողն
է: