Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԻՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
(Ամփոփում Պ. ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆի ճառին)


Ես համամիտ չեմ Տօքթ. Բարսեղեանի, երբ կ’ըսէ թէ բանաստեղծութեան մը լեզուն պէտք է անպայման ըլլայ պարզ եւ ժողովուրդին մատչելի: Այդ կարծիքը ոչ միայն անիրաւ է, այլ նաեւ, թող ներուի ինծի ըսել, հայհոյութիւն մըն է արուեստին դէմ:

Իրաւ է, կան բանաստեղծութիւններ որ պէտք է գրուած ըլլան ժողովրդական լեզուով, բայց անիրաւութիւն է ելել պնդել որ ամէն բանաստեղծութիւն պէտք է նոյն լեզուով գրել: Ժողովրդական երգերուն համար պայման է որ պարզ ու անսեթեւեթ լեզուով մը գրուած ըլլան անոնք, որովհետեւ այդ երգերը կ’արտայայտեն մարդկային հոգւոյն ամենապարզ զգացումները՝ սէրը, կարօտը, վիշտը, հայրենասիրութիւնը, եւ պէտք է որ ժողովուրդին հոգւոյն մէջ երթան ուղիղ ճամբով, երթան ուղղակի հաղորդակցութեամբ՝ արթնցնելու համար միեւնոյն զգացումները: Այդպէս ըրած են Յովհ. Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան եւ ուրիշ կովկասահայ բանաստեղծները որ ուզած են քնարերգել ժողովրդական մօթիվներու վրայ: Բայց ժողովրդական երգերը բանաստեղծութեան մէկ մասն են միայն. կան անդին ուրիշ քերթուածներ, որոնք մարդկային հոգին պիտի երգեն իր ամէնէն խորին նրբութիւններուն մէջ, եւ կեանքի ու բնութեան պատկերները իրենց ամէնէն նուրբ մանրամասնութիւններով: Հոս արդէն պէտք է դադրինք պարզ ու ժողովրդական լեզու մը պահանջելէ, ու պէտք է ազատ ձգենք բանաստեղծը որ իր նիւթին համաձայն զարդարէ ու բարձրացնէ իր լեզուն, խորացնէ ու նրբացնէ իր ոճը: Ասկէ զատ, քանի քաղաքակրթութիւնը կը յառաջդիմէ, այնքա՛ն մարդկային զգացումները կը նրբանան եւ հոգեկան պահանջները կը բազմանան, ու մարդկային հոգին հետզհետե կը դառնայ աւելի բարդ, աւելի բազմազան եւ աւելի բազմերես: Հետեւաբար, մարդկային հոգին արձագանգելու համար՝ հին ոճերն ու բառամթերքը անբաւական կը մնան, եւ նոր նոր բառերու ու ասացուածքներու պէտքը զգալի կը դառնայ: Օրինակի համար, չենք կրնար պահանջել որ Վարուժան իր Հարճը՝ հեթանոսական կեանքի այդ հոյակապ էջը՝ գրէր ժողովրդական աշուղի մը լեզուովը:

Գալով Վարուժանի լեզուին, ան՝ Բագրատունիներու եւ Ալիշաններու շունչին տակ կազմուած, առատօրէն կ’օգտուի գրաբարի ճոխութիւններէն, զորս գործածելու ատեն երբեմն սայթաքումներ ալ ունենալէ զերծ չէ, սակայն բանաստեղծը, իր նկարագրութեան մէջ երբեմն դնելով հինցած բառեր, ինչպէս դռոյթ, ռօշնական, խրախ, եւայլն, որոնք պատկերներուն մէջ ոեւէ գեղեցկութիւն չեն աւելցներ:

Ուրիշ կէտ մը, զոր կ’ուզէի շեշտել, չափազանցութեան տարուած իրապաշտութիւնն է Վարուժանի քերթուածներուն մէջ: Իրապաշտութիւնը անշուշտ որ անհրաժեշտութիւն մըն է, բայց երբ չափազանցութեան կը տարուի՝ քերթողութեան արուեստին մէջ, բանաստեղծական հրապոյրը կը խաթարուի, եւ կը փճանայ այն մշուշապատ խորհրդաւորութիւնը որ բանաստեղծութեան հմայքն է միշտ: Վարուժան իր շատ մը գեղեցիկ էջերուն մէջ երբեմն այնպիսի տողեր կը սպրդեցնէ, որոնք պատկերին ընդհանուր գեղեցկութիւնը կը խաթարեն: Այսպէս՝ Արեւելեան բաղանիքին մէջ: Յետոյ Վարուժանի քերթուածներուն մէջ զգայասիրութիւնը չափէն աւելի շեշտուած է, եւ ուղղակի կիրքին փառաբանութիւնն է որ կ’ընդնշմարուի տեղ տեղ:

Այս մէկ քանի թերութիւններէն դուրս, Դանիէլ Վարուժանի Հեթանոս երգերը թէ՛ յղացման եւ թէ արուեստի տեսակէտով, թանկագին գոհար մը կ’աւելցնէ հայ քերթողութեան մէջ: