ԱՏՈՄ
ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ
(Ճառ
Պ.
ՍԱՐԳԻՍ
ՄԻՆԱՍԵԱՆի)
Ամէն
մարդ,
առանց
գիտնալու,
քիչ
շատ
բանաստեղծ
է,
ինչպէս
եւ
փիլիսոփայ:
Ան
որ
գեղեցիկ
տեսարանի
մը
կամ
առարկայի
մը
առջեւ
կը
զմայլի
կամ
հիացումի
ճիչ
մը
կ’արձակէ,
արդէն
բանաստեղծի
մը
րոպեմ
կ’ապրի
թերեւս.
նոյնիսկ,
ասոր
համար
է
որ
ըսուած
է
թէ
մեծագոյն
բանաստեղծութիւնները
անոնք
են
որ
չեն
գրուած:
Բայց
քիչեր
են
որ
իրենց
հիացումի
ու
զմայլումի
զգացումները,
տպաւորութիւնները
կը
մարմնացնեն
գրական
ձեւի
տակ:
Բանաստեղծութիւնը
կ’ապրի
ու
պիտի
ապրի,
որքան
մարդկութիւնը
գոյութիւն
ունենայ,
որքան
ատեն
զգացումով
կ’ապրինք,
եւ
պատրանքը
երջանկօրէն
կ’ուղեկցի
մեր
կեանքին:
Առանց
բանաստեղծութեան՝
կեանքը
պիտի
ըլլար
արձակունակ
եւ
անհրապոյր:
Ամէն
գիտուն,
ըսած
է
փիլիսոփայ
մը,
քիչ
մը
բանաստեղծ
ըլլալու
է:
Գիտութիւնը
չսպաններ
բանաստեղծական
զգացումը,
ընդհակառակը
անոր
սահմանները
կ’ընդլայնէ:
Ժողովուրդ
մը
պէտք
է
ունենայ
իր
երգիչները,
ներշնչուածները
որ
մեզ
ներում
ընեն
(initier)
բնութեան
ու
կեանքի
գեղեցկութիւններուն,
խոր
զգացումներուն,
երազներուն
ու
պատրանքներուն:
Կան
բանաստեղծներ
որ
կը
կարդացուին
կեանքի
որոշ
տարիքներուն
մէջ,
կան
որ
ամէն
տարիքի
մէջ
ալ
կը
կարդացուին:
Եարճանեան
ամէն
հասակի
մէջ
ալ
կը
կարդացուի:
Եարճանեան
մեր
պատմական
էն
արիւնոտ
շրջանին
զայրոյթի
ամենահզօր
ճիչը
արձակած
է,
եւ
ատոր
համար
իր
քնարը
ցաւին
ահաւորութիւնը
եւ
հերոսական
ժէսթերը
միայն
հնչեցուց:
Իր
կնտնտոցը
բոցեղէն
սուր
մը
եղաւ
որ
փոթորիկի
ձայներ
կը
հանէ:
Ուրախութիւնը
չերգեց
ան,
ոչ
ալ
յաղթութիւններ,
այլ
աւելի
մեծ
կոչում
մը
ունեցաւ,
–
մեր
հերոսներուն
յաղթութեան
հորիզոնները
շողացուց
եւ
արձագանգեց
ոսկի
շեփորը
որ
յաղթութեան
կ’առաջնորդէ
ամեհի
նժոյգներով
անձնուէրները:
Եարճանեան
իտէալացուց
կռիւը
եւ
անոր
գեղեցկութեան
արշալուսային
տաճարներ
կանգնեց,
եւ
եթէ
կարելի
է
ըսել
ազգային
կորովի
երգիչը
եղաւ:
Ուժեղ
երեւակայութիւն
ունի
եւ
հզօր
պատկերներ,
բնութեան
տարրերուն
չափ
ուժեղ,
ամէն
ինչ
կը
հսկայացնէ,
paroxysmeի
[1]
հասցնելու
չափ:
Իր
գրուածները
ռազմաշունչ
վազք
մըն
են,
յաղթութեան
փառքին
համար:
Սիրոյ
թելը
կը
լռէ
իր
քնարին
վրայ.
–
բայց
չունի
չէ–.
փոթորկալից
երեւակայութեան
մը
առջեւ
սրտի
coquetterieները
[2]
կը
թուին
թէ
ահաբէկ
կը
սմքին:
Ասպետին
երգին
մէջ
կ’ըսէ
իր
երիվարին
որ
կանգ
չառնէ
ոչ
մէկ
բանի
առջեւ,
ոչ
ալ
սիրոյ
առջեւ.
այնքան
ուժգին
է
իր
թափը
եւ
այնքան
անհամբեր,
վախնալով,
կարծես,
որ
փոքրիկ
դադար
մը,
սիրոյ
ժպիտ
մը,
պիտի
ուշացներ
յաղթանակը:
Սիրոյ
կաթիլ
մը
արցունք
պիտի
մեղմացնէր
թերեւս
փոթորիկի
ամեհութիւնը
եւ
արիւներանգ
տեսարաններու
տպաւորութիւնը
որ
հայ
ժողովրդի
ապրած
պատմաշրջանին
իրական
եւ
զարհուրելի
տեսիլքը
կուտայ:
Սիրոյ
փոխարէն
իր
գործերուն
մէջ
ադամանդահիւսեց
եղերգութիւններ:
Ափ
մը
մոխիր
հայրենի
տուն,
Արցունքներս,
Հայրենի
աղբիւրը
եւ
այլն,
աննման
կտորներ
են
խոր
եւ
քաղցր
զգացողութիւնով
գրուած,
որով
ականահոս
աղբիւրի
մը
քով
շունչ
մը
կ’առնէ,
վերսկսելու
համար
հերոսական
խոյանքը:
Լեզուն
ադամանդի
պէս
յղկուած
ու
մաքուր
է:
Գրադատ
մը
Միրպօյի
համար
կ’ըսէ
թէ
անոր
գործը
կարդացողը,
որ
ընկերային
անարդարութեանց
դէմ
բողոք
մը
եւ
զայրոյթ
մը
ունի,
կ’ըսէ.
«ահաւասիկ
մարդը
որ
վրէժս
կը
լուծէ»:
Ամէն
հայ
որ
Եարճանեանի
գործերը
կը
կարդայ,
պիտի
չվարանէր
ըսելու
«ահաւասիկ
բանաստեղծը
որ
ցեղին
վրէժը
կը
լուծէ...
»:
[1]
Paroxysme
(ֆր.
)
-
հանկարծական
նոպա:
[2]
Coquetterie
(ֆր.
)
–
կոկետություն: