Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այսպէս երկու յոյն առջեւեն եւ Թորոս ու իր ծառան ետեւնուն անցան արքունի դռնեն, որ ի կրկէս կը հանէր, նոյնպէս կրկին յաղթական կամարներէն, եւ վերջապէս մտան բուն քաղաքը, ուր բարձր երկայն պատեր, մեծամեծ դռներով պալատներ, եւ երեւեյաց տուներ կը նշանակէին, որոց երբեմն կը յաջորդէին փոքր եւ ցած փայտաշեն տներ, եւ ուր տեղ-տեղ ժողովուրդը կը խռնուէր, ինչպէս ամէն մեծ քաղաքներու սովորական է, եւ դարձեալ ամայի փողոցնէր, մինչեւ հասան պարզ դռան մը առջեւ, որ բարձր քառակուսի պատի մէջտեղ բացուած էր, եւ երբ դուռը զարնուեցաւ, շուտ մը բացուեցաւ, սովորական պարտէզ մը տեսնուեցաւ քանի մը մեծամեծ ծառերով եւ խիտ առ խիտ վարդենիներով զարդարուած, պարտէզին վերջին ծայրը բնակութեան տունն էր. կրկնայարկ տուն` բոլոր պատուհաններն պարտէզի վրայ կը հայէին երեք կողմեն. իսկ ինչ որ ծառայութեան կը վերաբերէր` միայարկ պարտէզին դռան քովի պատերուն տակ շինուած էր:

Դուռը բացողը իր հա գուսան երէն յայտնի` սովորական մաքուր տունի մը ծառայ էր, եւ երբ աս մեր չորս անձինքը ներս կը մտնէին, տարէց կին մը խոհանոցին դռնեն գլուխը դուրս երկնցնելով կը նայէր բնական հետաքրքրութեամբ մը: Դռնեն ներս ոտուընին դրածնուն պէս առաջնորդը դարձաւ ըսաւ կարճուկին.

Բարեկամ, ահա տունը ճանչեցիք կարծեմ, ունի՞ք ուրիշ փափագ մ՚ալ:

Ո՛չ, այլ…

Ուրեմն մեր կողմնակի դաշնադրութիւնը կատարեալ է ըսելով այնպիսի ձեւ մ՚առաւ, որ կ'իմացնէր դիմացինին թէ երկայն խօսելու ժամանակ չի կար. ուստի նա ալ հասկնալով, բարեւ մը տուաւ. եւ դուրս ելաւ, թողլով իր երեք ընկերները այդ տան առանձնութեան չորս պատերուն մէջ, որ տաճկի կանանոցի կամ կուսանաց վանքի մը կը նմանէր եթէ իր փոքրիկութիւնը չլինէր: Երբ դուռը գոցուեցաւ, ան ատեն անծանօթը պարզ եւ խորին յարգանօք դարձաւ Թորոսին եւ ձեռոք տանը ներքին դուռը ցցնելով` «Կ'ուզէ՞ք, իշխան, ձեր բնակարանը տեսնել, ըսաւ, եւ ինչ որ պակաս կայ հրամայել ձեր ծառային»: Իսկ նա, որ տարիներէ ի վեր բացի իր Բաբկէնեն ուրիշէ մը այսպիսի վարմունք չէր տեսած, դարձեալ ամենեւին զարմանք ցոյց չի տալով իր անտարբեր կերպովն առաջ անցաւ, գտաւ փոքրիկ սրահ մը, երկու սենեակ երկու կողմը, որոնց մէկը սեղանատուն էր, միւսը` հիւր ընդունելու սենեակ, իրենց ամէն կարասիքով. սրահին ծայրը սանդուխ մը, որ վերի յարկը կը տանէր, ուր նոյնպէս երկու սենեակ կար մին անկողնոյ, միւսը` աշխատութեան, ուր բացի կարեւոր բազմոցներէ եւ կարասիքներէ, կային մաքուր զէնքեր պատերէն կախուած. անկողնոյ սենեակը ազնուական երիտասարդի մը պէտք եղած ամէն զգեստեղենք կային, նոյնպէս անկողնոյն պարզ եւ ազնիւ հանդերձանքը կ'իմացնէին թէ արթուն կնոջ մը աչք կամ ձեռք անցէր էին հոնկից. Փոքրիկ բաղանեաց խուց մը` անկողնի սենեկեն դռովմը կը զատուէր: Երբ աչս ամէնքը տեսան, առաջնորդը դարձեալ, «Դեռ ի՛նչ բանի որ պէտք ունիք, իշխան, խնդրեմ, հրամայէք», ըսաւ: Իսկ Թորոս առաջին անգամ իր սուր աչքերը ցցնելով դիմացինին, ըսաւ. «Վայրկեան մ՚ալ սա սենեակը դառնանք»: Եւ երկրորդ անգամ դիմացի սենեակը մտնելով` շիտակ ձեռքը երկնցուց կորաձեւ ահագին սուսերին, որ պատեն վար կախուած էր, վար առաւ, կէս մը քաշեց պատենեն, զննեց, եւ ճանչնալով իր հօր` Լեւոնին սուրը, եւ դարձեալ իր տեղը զետ եղելով` «Բարեկամ, զրուցեց հատիկ-հատիկ բառերուն վրայ կենաւռվ, կը զրուցես անոր, որ աս տունը պատրաստեց, եթէ հրեշտակ է` իմ սրտիս կէսն իրն է այս վայրկենես», եւ կեցաւ: Մարդը` «Երբ հրաման ընէք հոստեղի սպասաւորին` պատրաստ եմ միշտ ձեր ծառայութեան», ըսաւ եւ խոնարհ ձեւով ողջունեց ու գնաց:

Ան ատեն Թորոս դառնալով ծառային` «Բաբկէն հայրիկ, ըսաւ, սա տանը դիրքը տեսա՞ր, ել, քանի որ մութը չէ կոխած, շուրջ պտոյտ մը ըրէ, դիտէ առանց դիտելու, տես առանց նայելու, նայէ սա տանը կռնակը ի՞նչ տեղի կը պատասխանէ, սա պատը ինչի՞ յեցեալ է, տո՞ւն է թէ պարտէզ, տեղեկութիւն մը. մ՚ուշանար, որ կերակուր ուտենք»:

Երբ Բաբկէն գնաց, ելաւ Թորոս անշշունջ քննելու տախտակամած պատերուն շէնքերը, ամենեն փոքրիկ ճեղքը մանր զննութեան նիւթ եղաւ իր արծուի աչքերուն, եւ վերջապէս անկողնոյ սհնեկին մէջ կանգնեցաւ հատուածոյ տախտակի մը առջեւ եւ հեգնական ժպիտ մը ծնաւ իր շրթանց վրայ: «Ահա իմ փնտրածս, կ'ըսէր, դաւաճան տախտակ, դուն բիւզանդացի դուռ մ՚ես, բայց ի՛նչ կը ծածկես քու կռնակդ, իրաւ սա անկողինը, սա բեհեզեայ վարագոյրները, սա զգեստներուն ծալքերը նաեւ կը զրուցեն թէ հրեշտակի մը թեւերը անցէր են անոնց վրայեն, բայց հազար տարի առաջ վկայուած է թէ խաւարի հրեշտակներ կային, որ լուսոյ հրեշտակաց կերպարանք կառնուին, եւ սա քաղքիս մէջ, սա անիծեաղ Բաբելոնին մէջ լուսոյ հրեշտակ, ի՜նչ անկարելի հրաշք է. լաւ՛, այս ամէն աղէ՜կ, բայց հօրս սուրը ներսի սենեակը կախուա՛ծ, ի՜նչ կը նշանակէ, ո՜վ կը նշանակեմ կի՞ն մը. բայց այդ սուրը յաղթանակի յիշատակաց գանձատունեն հանուած է, ի՛նչ տեսակ կին կրնայ լինիր Բայց այսօր ինչչա՛փ նոր պատահարք իրարու կը յաջորդեն. բանտէ ազատիչ, եղբօրս դաւաճանը տեսնել, որ զիս կարհամարհէ, կայսրը ու իր ամբարտաւան պատգամը, որ մինչեւ իմ հոգիս հայութենէ հանել կուզէ, իր բոլոր ժողովրդեան հոգին քաղէր իր քահանաներուն հետ բաժնէր եւ աստուծոյ բան մը չէ ձգէր: Ո՛հ, թէ որ այդ մարդը իր թագին եւ իր ժողովրդոց օգուտը ճանչեր, կամ թէ ես իր տեղը լինէի՜: Ես իմ բանտիս մէջ ի՛նչ որ իմ ազգիս, իմ տոհմիս անցեալին վրայ սորուեցայ իմ հորմես, ի՛նչ որ աս հին յունաց եւ արդի հոռոմոց վրայ ուսայ իրենց գրքերեն, որ իրենց վանքերուն գրքատանց մէջ փոշոտած եւ որդնոտած էին` թէ որ այդ մեծ թագով պսակեալ գլուխը ուսած լինէր` անշուշտ այդ յիմար ճառատանքը ինձի չէր ընէր. եւ փոխանակ զիս նկունս արհամարհելու, իմ ազդս հալածելու` արեւելեան քրիստոնէութեան փաղանգ մը կը կազմեր կեդրոնացնելու համար իր ազգը եւ զմեզ, որպէսզի արեւելքի եւ արեւմուտքի յարձակմանց կարէնար դիմանալ, որոնց կամ մէկուն եւ կամ միւսին առջեւ օր մը դիաթաւալ պիտի կործանի, եւ այս մայրաքաղաքը պիտի դառնայ Անի մը հափափեալ եւ առեւանգեալ: Բայց ո՜վ զիս մոռացեալս, ծովուն անապատի բանտեալս` յիշել տուաւ այդ տղայամիտ կայսեր, ար ինձ արեւ եւ ազատութիւն կը շնորհէ. ո՛հ, իմ Սեւ լեռան պայծառ արեւ, ե՜րբ քու սեւ ժայռերուդ վրայ պիտի կանգնիմ, եւ զթորոս ան ատեն պիտի տեսնեն իմ ազգս եւ օտարները, չէ՛ թէ տղայ մը, որ վերեն վար կը կշռեն, այղ հսկայ մը, որու հետ խօսելու համար պէտք է վարեն վեր խօսին. եւ պէտք է այդ Անդրոնիկոս համոզուի, թէ կորիւնը առիւծ է. ո՜հ դաւաճաններ, խեղճ երիտասարդ մը իրօք առիւծ էր, կորիւն առիւծու, իմ եղբայրս, իմ Ռուբենս, ճիշտ (այսօրուան տարիքս ունէր, առիւծի ուժ, առիւծի սիրտ ունէր. աչքին լոյսն առի՛ք արեւը խաւարեցուցիք. երեք մտանք բանայ, անոնք հոն հալումաշ մեռան, եւ ես մինակ կ'ելնեմ, բայց խրատուած անոնց օրինակեն եւ անոնց սխալներէն: Ո՜վ աստուած իմ, տո՛ւր ինձ մտաց կարողութիւն չի մատնելու զիս, մինչեւ, որ Ռուբինեան խաչին դրօշակը տնկեմ Տորոսի բարձանց վրայ: Բայց ահա առջի քայլերս ինձի կը ցնցեն աս խաւարին մէջ, աս անոք, անօգնական թշնամի երկրին մէջ բարեկամ ձեռք մը առ իս կարկառեալ. բայց բարեկամ հազար ձեռքեր միթէ իմ հարազատիս չէի՞ն կարկառեալ. գեղեցիկ, անձնեայ, կորովի, անվեհեր, սիրելու համար, բարեկամութեան համար միայն ստեղծուած, ո՜վ կրնար ըսել թէ մարդ մը կրնար գտնուիլ, որ զինքն ատէր, կանայք բոլոր իրեն սիրահար էին, երիտասարդք բոլոր իր ձեռքը կը փնտրէինք ո՜հ բիւզանդեան սէր, ո՜հ բիւզանդեան բարեկամութիւն. աս քաղքին պարիսպները ինչքա՜փ անիծեալ կիրք կը պատսպարէն. այդ պալատին ոսկեզօծ շողշողուն գմբէթները քանի՜ զազիր ապականութեանց շիրիմներէն: Իրաւ հօրս սուրը իմ սիրտս շարժեց, բայց միթէ Անդրոնիկոս ինք չի կրնար լինիլ այդ սուրը հոս` սա՛ պատեն վար կախել տուողը, որպէսզի զիս ալ եղբօրս ճամփան ղրկէ եւ ազատի ան վրեմխնդրութենեն թէ որ Ռուբենի նման եղբայր մը՞ կա… բայց Ստեփանէ՜ բայց Մլե՜հ ի՞նչ եղան, ձայներնին չի կայ. թէ որ անոնք շարժէին, կեանքի նշան տային, զիս բանտեն հանող մը անշուշտ չէր գտնուէր… Կիլիկիա Ի՜նչ վիճակի մէջ է, ո՞վ ինձի տեղեկութիւն մը պիտի կարէնայ տալ… Ես, այո՛, ես. պէտք է անձամբ երթամ, բայց մինչեւ այն օրը ես պէտք է լինիմ ան հռովմայեցուոյն պէս, որ իր հայրենիքը ազատելու համար սուտ խենթ մ՚եղաւ, ես ապուշ մը կ'ըլլամ, եւ թէ որ նա զիս այնպէս կարծե` հաւանական է թէ բոլոր պալատականք այնպէս պիտի կարծեն: Բայց ապուշ մը կին կրնա՞յ սիրել… այդ դուռը դնող, այդ սուրբ կախող ձեռքը իմ դիմակս հաւանական թէ կուզէ սկրդել… տեսնենք ո՞վ պիտի յաջողի այս խաղին մէջ, եւ յաղթութիւնը որո՞ւ պիտի լինի: Անշուշտ իմս, այո՛, իմս պէտք է լինի. վասնզի ես ցամաքի եւ ծովու պիտի տիրեմ. այս է գուշակութիւնը… այո՛, գուշէկութիւն երազի. բայց ի՜նչ է երազը, ո՜վ կրցեր է մեկնել անոր ուսկից գալը, ի՜նչ է անոր նշանակութիւնը… ես ուզեցի իմանալ երազը` Մովսէսի Ծննդոց գրքեն մինչեւ Գորգիաս Լէոնդացի, Դանիէլի Բաղդասարեն մինչեւ Բռոթակոր Ապտերացի, եւ համոզուած եմ թէ երազները նշանակութիւն ունին, երբ որոշ են, պարզ հոգուոյ, յստակութեան քունի մէջ եւ ծնունդ հանդարտութեան մտաց, եւ իմ փառաւոր ծերս յիրաւի աստուածային կերպարանք ունէր իր վսեմ եւ լուսալիր դէմքով, իր փառահեղ մօրուքով, իր նշոզագեզ աչօք, որու ակնթարթը զիս տղայութենէ ի մարդ փոխարկած էր, երբ արթնցայ: «Ի՜նչ, ըսաւ հայրս Լեւոն, հացը` հայրենի հող, ձուկը` ծով կը նշանակէ, դու ծովու եւ ցամաքի պիտի տիրէս, ու ես չպիտի տեսնեմ»: Եւ իրօք քանի մը օր անցաւ ու ինք մեռաւ, եւ ես մնացի մինակ, աս աշխարհիս վրայ օտար, բանտարկեալ, պաշարեալ բոլոր իր թշնամիներեն… իր թշնամիները թէ որ մինակ լինէի՜ն, բոլոր հայութեան թշնամիներէն. վասնզի ես թէ որ բանտեն կազատիմ այսօր, անշուշտ հայ մը չի գայ աշխարհքիս վրայ, որ հայուն անկախութիւնը եւ ազատութիւնը մտածէ: Միթէ՞ իմ պապերս, Ռուբեն Կոստանդին, հօրեղբայրս Թորոս եւ հայրս Լեւոն թէ որ ուզէին, թէ որ խնդրէին յունական արծուոյն սոթտած թեւերուկ տակ մտնել Լամբրոնական Օշիններու, Հեթումներու պէս ուրանաղով հայութեան իրաւունքը, հայրենեաց եւ ազգութեան սէրը, միթէ՞ այս թուլամորթ եւ քնէած կայսերք, որոնք անգործ ամբարտաւանութեան, վաւաշոտութեան եւ աստուածաբանական վարդապետութեանց ստուերներու տակ կը թաւալին, կը մերժէի՞ն զանոնք. քաւ՛ լիցի: Բայց անոնք արքայական արիւն ունէին երակներու մէջ, եւ աչն նշանաւոր օրը կը յիշէին` ուր հայ ժողովուրդը` սինլոքորը, ռամիկը, շինականը, որ ազնուական չէր, որ ազատ չէր, որ եկեղեցական չէր` ոչ Վեստ Սարգսի պէս, ոչ հրաշագործ Գետադարձ կաթողիկոսին պէս, ոչ Կիրակոս Երէցի պէս, կ'երթար կը դիմէր առ Վահրամ, եւ անոր քաջութեան ընկերացած ջարդուբուրդ փախստական ընելեն վերջ յունական բանակը, որ Անիի բան լիքները` մատնութեան նշան` ձեռքը կ'ուգար քաղաքը պահանջելու, եւ ետքը թողած զէնքերը` յուսահատ եւ լքեալ Աշոտներու, Սմբատներու, Գաւգիկներու գերեզմանաց վրայ վերջի եւ անյուսութեան արցունքը կը թափէր. ահա այդ ժողովրդեան սէրն էր, որ կ'ագեւորէր իմ պապերս եւ յունական ատելութեամբ եւ արդար վրէժխնդրութեամբ կ'ելնէին Տորոսի բարձանց վրայ կանգնելու ազատութեան դրօշակը, եւ ես այդ սիրտը ունիմ եւ կը զգամ, ե՛ս որ չէ թէ միայն իմ նախահարցս զաւակն եմ, այլ այս օտարախորթ հուէաց գրականութեան, որ չեն գիտէր եւ չեն ճանչեյր իրենց Լիգուրկները, իրենց Լէոնիտասները, իրենց Արիսդիտները, այլ կը նսաին ժամերով եւ գրերով կը վիճեն, կը կռուին եւ կը հալածեն իրենց դաւանակից եղբարքը կաթիլ մը ջուրի, հացի մը խմորի ` անիմանալի բառի մը մեկնութեան համար: Խելագարներ, թէ որ աստուած տա իքնձ կատարել իմ փափագներս, ո՜հ, դիտեմ թէ ի՜նչ կ'ընեմ, բայց յոյսերս մեծ, եւ վիճակս դժուարին. տեսնե՜նք…»:

Այս խորհրդածութեանս վրայ էր, երբ Բաբկէն ներս մտաւ: Իսկ Թորոս զինքը առանց խօսեցնելու միւս սենեակ տանելով հարցուց թէ ի՞նչ տեսաւ. եւ ինչպէս կ'երեւակայէր` բարձր պատերէ զատ բան մը չէր կրցած նշմարել: Ուստի առանց ժամանակ անցնելու իջան ընթրեւու, վասնզի արդէն ճաշու ժամանակը անցէր էր, եւ իրենք առաւօտուընէ մինչեւ երեկոյ դեռ բան չէին կրցեր ուտել: Բայց անօթութենեն աւելի հետաքրքիր էր Թորոս իմանալու թէ ի՞նչ էր կերակրոյ պատրաստութիւնը այս անսովոր տան մէջ` ուր դարանակալ ձեռք մը կը նշմարուէր կամ սրտի. կամ կենաց. ուստի իջաւ սեղանատուն եւ երբ ակնարկեց Բաբկէնին նստիլ սեղան իրեն հետ, երբ նա կը քաշուէր, «Բաբկէն հայրիկ, թէ որ պարագաները պահանջէն, ես քեզի կ'իմացնեմ թէ ե՞րբ ինձի սեղանակից պիտի չլինիս, իսկ ուրիշ ժամանակ մեր բանտի սովորութիւնը չենք փոխէր. եւ որոշ գիտցիր թէ ինձ աւելի ախորժելի է հօրս հաւատարմին եւ իմ տղայութեանս խնամածուին հետ անուշ հացն ու պանիրն ուտել` քան թագաւորաց շնորհեալ խորտիկներն օտարներու հետ վայելել», եւ նստան: Կերակուրներն ընտիր եւ համեղ էին առանց շռայլութեան, գինին ազնիւ էր եւ պտուղներն պատուական, Թորոս առանց բառ մը զրուցելու ելաւ սեղանեն, տան սպասաւորը, որ կը ծառայէր, հարցուց ան ատեն թէ` «Ի՞նչ հրաման ունէր երկրորդ օրուան կերակրին համար», իսկ Թորոս պարզութեամբ պատասխանեց. «Այսօրուան կերակուրը ով քեզի պատրաստել հրամայեց` ւանոր կը հարցնես»:

Եւ ինք քաշուեցաւ վերնայարկը. նախ Բաբկէնի ապսպրելով վարի հիւրի սենեակը անկողին մը տարածել եւ պառկիլ եւ միշտ արթուն քնանալ. «Թէպէտ, հաւել ժպտելով, այդպիսի պատուէր մը աւելորդ էր այնպիսի մարդու մը համար, որ 12 տարեկան սկսած էր հօրեղբօրը եւ հօրը ամէն պատերազմաց գտնուիլ եւ խելամուտ էր թէ թշնամեաց բանակէ մը շրջապատեալ միշտ զգոյշ պէտք էր լինել»: Եւ առանց երկար խորհրդածութեան մտաւ անկողին եւ պառկեցաւ, իբրեւ թէ իր հայրենի Վահկայ բերդին տղայութեան ապահով սենեակը լինէր, եւ քունն թէպէտ քանի մը ժամ ուշացաւ վրայ հասնելու, բայց վերջապէս այնպիսի տարիքի մը մէջ` օրուան զանազան դիպուածներու պատճառած սրտայուզութիւնը յաղթեցին կամքին զօրութեան եւ քնացաւ. երբ արթնցաւ, ինչպէս տղայութեան սովորութիւնն էր, մէկեն ցատկեց անկողնեն եւ բնականաբար աչքը դարձուց խաբուսիկ դռան, որ անշար պատի մը կերպարանք կը պահէր, պատուհանը բացաւ եւ տեսաւ, որ Բաբկէն պարտէզին մէջ անխռով կը շրջաւգայեր. երիտասարդին ակնարկին վրայ վեր ելաւ, եւ առջի նայուածքը` հար եւ նման Թորոսի` խաբուսիկ դռանը եղաւ:

Բաբկէն հայրիկ, ըսաւ իշխանազունն, ի՜նչ հետաքննին աչք կը նետես այդ պատին վրայ, ի՞նչ տեսար:

Հիմա չէ որ տեսայ, պատասխանեց Բաբկէն, երէկ տեսայ ես այդ դաւը, բայց վտանգը իմ կարծածիս պէս չելաւ:

Ի՞նչ ըսել կ'ուզես:

Ան կ'ուզեմ ըսել թէ ես կարծէի, որ այդ դռնեն սուսերաւոր թշնամի մը պիտի ելնէ, իրօք թշնամի մը եղաւ, բայց իմ կարծած տեսակես չէ:

Ի՞նչ կ'ըսես, Բաբկէն, բան մը չեմ հասկնար:

Դու ինձի ըսիր թէ «արթուն քնացիր», եւ ես արդէն միտքս դրած էի. բայց ի՞նչ օգուտ արթուն քնանալ վարի սենեակը անկողնի մը վրայ տարածեալ, ուստի պէտք էր այնպէս դիրք մ՚առնէի, որ տան մէջի շարժմունքը տեսնէի եւ հայոց միակ յուսոյն վրայ հսկէի. ուստի երբ ամէն ձայն դադրեցաւ քաղքին մէջ` քիչ մ՚ալ անկողին փոխենք, ըսի, ելայ կամաց մը իջայ պարտէզ ու սօսի ծառեն յարմար անկողին մը չի գտնելով, անոր վրայ զետեղեցաւ եւ իրօք մինչեւ կ'էս-գիշէր ամէն տեղ լուռ էր եւ խաւար, բայց յանկարծ ու քու պատդ տեսայ, որ ճեղքեցաւ, եւ տկար լուսոյ գիծ մը նկարուեցաւ. ձեռքս սա պահած թուրիս տարի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, ըսի, ինձի համբերութիւն տա…

Ի՜նչ. պիտի պոռայի՞ր:

Աստուած չընէ՛. ճիւղեն ներս պիտի ցատկէի, մենք մեր Սեւ լեռը լաւ կը ցատկենք, բայց միջոցը շատ էր, պատուհանը նեղ, անշշունջ ցատկելն անհնար, եկողը կրնար փախչիլ, մանաւանդ որ լոյսը տկար էր, ուրեմն` եկողը վախկոտ, ուրեմն` պէտք էր սպասել. եւ վայրկեանը տարի մը եղաւ, լուսոյ երկայն, վերեն` վար գիծը սկսաւ շարժիլ, բայց անզգալի կերպով, եւ ահա գլուխ մը տեսայ. փառք քեզ, Լուսաւորիչ, ըսի, սուրը տեղը դրի. սատանի գլուխը կը նկան մ՚էր. բայց ի՜նչ կուզեր. մտիկ կ'ընէր, կուզեր իմանալ թէ դու իրօք քուն ե՞ս. երբ ապահով եղաւ, դուռը կատարեալ բացուեցաւ, քօղարկած լուսով մը ի ձեռին մտաւ սենեակը, նախ զգուշութեամբ սենեակը զննեց, վերջը կամաց-կամաց մօտեցաւ դէպի քեզ, եւ երբ իր երեսր տեսայ, զիս դող առաւ…

Ինչո՜ւ, ի՜նչ կար երեսին վրայ, ի՜նչ էր:

Լուսոյ պէս աղուոր էր. սատանան երբ աղուոր է` ես շատ կը վախեմ, մանաւանդ հիմա, քեզ կը դիտէր, քու վրադ կ'աղօթէր, ես ալ կ'աղօթէի, որ այդ գեղեցիկ սատանային ճանկեն Լուսաւորիչ քեզ ազատէ, քանի մը վայրկեան կեցաւ, եւ վերջը գիտես թէ մէկը զինք ցնցեց, առաւ իր լոյսը եւ ինչպէս անշշունջ մտաւ, նոյնպէս հալածեցաւ գնաց: Տեսիլն աներեւոյթ եղաւ:

Այ՞ս էր բոլոր քու տեսիլքդ ու վախդ, Բաբկէն հայրիկ, ըսաւ ծիծաղելով Թորոս:

Այդ կինը թէ որ շատ աղուոր չըլլար, չէի վախեր:

Կ'իմանամ, կը վախես, որ խելքս անոր կ'երթայ եւ մեր լեռները կը մոռնամ, այնպէս չէ՞:

Այո՛, ստոյգ ալ ատ է: Թէ որ այդ կինը աս քաղաքը ձգէ, քեզի հետ գա, իր նզով հաւատքը թողու, Լուսաւորչի հաւտա, մենք անիկայ մեր լեռներուն թագուհի կ'ընենք. բայց հոռոմ կինը անիծած է. դու ալ մեր իշխանը` լաւ ես, խելօք ես, գիտուն ես, շատ կարդացող ես, վարդապետի չափ բան գիտես, բայց կնիկ, տեսած չունիս. վախեմ, որ ինչպէս մեր հայու գրքերը մոռցար ու վանքին բանտը հոռոմի գրքերը կը կարդայիր, մեր կնիկներն ալ չի մոռնաս այդ հոռոմին կը նկան համար: Ես լուսահոգի հօրդ կ'ըսէի. «Տէ՛ր, մեր Թորոս իշխանը լաւ է, բայց այդ նզոված ազգին գրքերը կը կարդայ, վախեմ Լուսաւորչի հաւատքն մոռնայ»: Նա ինձ կ'ըսէր.

«Բաբկէն, Թորոսեն մի վախեր, նա ինձմէ խելօք` հօրեղբօր պէս է, օր մը մեզ պիտի մոռցնէ, մեզմէ քաջ, մեզմէ լաւ պիտի լինի. դու հոգ մ՚ընէր, կը տեսնես»: Ե՛ս ալ անհոգ կը լինէի, բայց երբ կը տեսնէի Նարեկ բարձիթողի, ու որդնոտած, փոշոտած հոռմի գրքերը գաղտուկ կը բերէիր ու գիշերն ի լուռ կը կարդայիր` «Աստուած պահէ մեր իշխանիկը» կ'ըսէի: Հիմա տեսայ այդ կինը, իր դեղձան մազերը ոսկեկապ ձգած կը ռնկեն, որ ականջդ ի վար քեզ դիւթել կը ջանար, վախն առաւ զիս, աստուած քեզ պահէ, Լուսաւորիչ քեզ լոյս տա:

Հոգ մ՚ընէր, Բաբկէն հայրիկ, աստուած կը պահէ. իմ սիրտս քիչ մ՚ապահովցաւ, ինչպէս հոռոմոց գրքերը զիս ապահով ըրին իրենց կրօնքին վտանգեն, իրենց կանայք ալ զմեզ կ'ապահովեն իրենց արանց վտանգեն: Դու շատ լաւ ըրեր ես, այս գիշեր անկողինդ թռչուններէն փոխ առէր ես, ա՛լ ապահով կրնաս գիշերները քնանալ, վասնզի թշնամին քու կարծածիդ չափ զօրաւոր չէ. ո՜յ գիտէ թէ նիզակակից մ՚ալ չէ մեզի:

Աստուած պահէ հոռմի մը նիզակակցութենեն, ըսաւ ծերուկն, երեսը խաչակնքելով, հարցո՛ւ այդ փռանկներուն թէ ի՞նչ վաստակ ըրին ատօնց օգնութենեն, հոռոմը կը խոստանար անուշ-անուշ բարեկամութիւն, պաշար, առատութիւն, միւս կողմէ ձեռքի տակէ խոտերն ու արտերը կ'այրէր, ցորենն ու գարին ջուրը կը թափէր, գեղն ու քաղաք անապատ կ'ընէր, երբ մեր Կիլիկիա հասան քու պապուդ օրը, հայրս կը պատմէր, աստուած լուսաւորէ անոնց հոգին, ձի չէր մնացեր տակերնին, ճամփան ամէնն ալ սատկած էին, մարդիկ ըսես հալումաշ եղած անօթութենէ, հիւնդութենէ, գիտես թէ բարակ ցաւի էին հանդիպէր, մենք կ'ըսէինք, որ ամէնն կը մեռնին, ան քաջ պարոններ ու փռերներն թէ որ մեր հայու հացն չուտէին` Երուսաղէմ չէին մտնէր, բայց նա, որ շատ խելօք մարդ էր, աստուծոյ սիրոյն համար ալ, իր սիրոյն համար ալ, անոնց թագաւորին գնաց, պէտքերնին լցուց. կերան, խմեցին, ութ օր չանցաւ, ամէն մէկը մեյմէկ ցուլ դարձան, ուժովացան, գնացին ամէն տեղ առին, Ս. գերեզմանն ալ ազատեցին, ի՛նչ օգուտ, սա փռանկները ուժով են, քաջ են, լաւ բազուկ ունին, բայց գլուխնին դատարկ է, խելք չունին, սա հոռոմք հակառակն են, ուժ չունին բայց շատ գիտեն, խորը կը տեսնեն, նայէ՛ ատօնց տէրտէրներու աչքին, դժոխքի ճրագ կը նմանի, գիտես թէ սատանան մէջը կը պլպլա: Ես աս գիշերվնէ ի վեր հոռոմ մարդկանցմէ աւելի կնիկներէն կը վախնամ:

Փուճ տեղ կը յոգնիս, Բաբկէն, ըսաւ Թորոս լուրջ կերպով, մենք հիմա քարէ, փայտէ բարեկամ մը չունինք, պէտք է որ պատրաստուինք աս անիծեալ քաղաքեն փախչելու, ծոցերնիս ստակ մը չունինք, որ նաւու մը վարձք կարէնանք ընել, քու ըսածիդ պէս թէ որ խելօք լինինք եւ առիթ մը երբ պատահի անկից օգուտ քաղել չդիանանք, մենք ալ քու փռանկներեղ ավիզի դատարկ գլուխ կը լինինք: Դու նայէ սա քաղաքս, այս օր պտոյտ մը ըրէ. տե՛ս, նայէ՛ հայ մը կը տեսնես թերեւս, ամէն հայու ականջ մի՛ դնէր, հայերէն խօսող ուրացեալ հայ կարելի է շատ գտնես, բայց սրտով հայ շատ քիչ կայ, մանաւանդ տէրտէրներէն զգուշացիր, անոնց լաւը սուրբ է, բայց գէշը սատանայեն ալ վատ է: Երբ իմ վրայ խօսք դառնա, զրուցէ՛ թէ ապուշին մէկն է, զրուցէ թէ միտքը բռնուած տարտամ մարդ մ՚է, հօրը հիւանդութենեն վերջը փոխուեցաւ զրուցէ, ցաւի, ողբա իմ վրաս. իսկ թէ որ մարդ մը հանդիպիս, իրօք ճշմարիտ մարդ մը, քանի մը տեսութենէ վերջ ինձ իմաց տուր անունով, տեղով, անցեալով եւ յետոյ, երբ որ ուզեմ, ինձի կը բերես: Ահա քու ընելիքդ:

Լաւ, ըսաւ Բաբկէն, ելաւ երթալու:

Շատոնց էր` Լեւոնի մեռնելեն վերջը` այսչափ երկար խօսակցութիւն չէր ունեցեր իր երիտասարդ տիրոջ հետ, ուստի ուրախ էր սրտով, թէպէտ դէմքը ծիծաղի սովորութիւնը մոռցեր էր: Եւ երբ դուրս կ'ելնէր, ձայնեց Թորոս.

Բաբկէն հայրիկ, փող ունի՞ս:

Մէկ փող չի կայ, բայց աստուած ողորմած է:

Ինչպէ՞ս:

Երբ ոտք չունէինք աստուած ոտք տուաւ, հիմա ալ ստակ վունինք, աստուած մեծ է, կ'ուտայ, դու հոգ մ՚ընէր: