Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մենք տեսանք, որ Եւփիմէ մինչեւ վերջը առանց դիմադրութեան կամ խորհրդածութեան բառ արտասանելու օգնէր էր նաեւ Թորոսի փախստեան, վասնզի իւր սրամտութիւնը վտանգը յայտնէր, նշմարէր էր: Բայց երբ սրահներու մթութեան մէջ տեսաւ թէ իր սիրելին անհետացաւ` «Ո՛հ, աստուած իմ», ըսաւ եւ բազմոցի մը վրայ ընկաւ երկու ձեռքերն երեսին վրայ սքօղելով, իսկ Դիոնիս անխռով մօտենալով

Եւփիմէ՛, ըսաւ, տխրութեանց եւ արտասուաց ժամանակ չէ, քա՛ջ եղիր, որպէսզի կարէնանք կատարեալ վտանգին առաջն առնուլ:

Դեռ վտանգ մնա՜ց ուրեմն, ըսաւ աղջիկը սոսկումով:

Անշուշտ` թէ որ անհոգ նստինք, ոչինչ` թէ որ աշխատինք:

Բայց չեմ գիտէր թէ ի՜նչ պէտք է ընել:

Ես ամէն բան պատրաստէր եմ, անհոգ եղիր, միայն զիս մի շփոթէր:

Ո՛հ, ինչպէ՞ս կ'ուզես, որ անհոգ լինիմ, երբ իմ Թորոսս կորսուի:

Թորոս կորսուած չէ, եւ վաղը ես ձեր պսակը կատարել պիտի տամ:

Ի՜նչ կը զրուցես…

Այո՛, այդ արարողութիւնը գրաւական մ՚է քու ապագայ երջանկութեանդ համար, եւ ո՛յ գիտէ թերեւս զէնք մ՚ալ է ապագային անկարծելի արկածից համար:

Բայց ես Թորոսին վրայ ամենեւին կասկած չունիմ:

Ես ալ չունիմ, մանաւանդ թէ շատ համարմունք ալ ունիմ. բայց ժամանակը, պարագաները, բախտին փոփոխութիւնները մարդկային խեղճ սրտին վրայ շատ եւ անկարծելի ազդեցութիւններ ունին: Ես չեմ կրնար իմ Եւփիմես` իր պատիւը, իր ստացուածքը, իր գեղեցկութիւնը երիտասարդութեան փոփոխամտութեան անձնատուր ընէի պսակի արարողութիւնը բաւական գրաւական մ՚է:

Ես բոլորովին քու կամացդ հետեւելով ալ` չեմ կրնար մոռնալ ամէն օրուան պսակներու ոչնչանալն պատրիարքական վճիռներով:

Մեր եկեղեցին շատ թուլացուցած է ամուսնութեան կանոնաց խստութիւնը, բայց հայոց մէջ այդպէս չէ. Անուոյ թագաւորներն նաեւ գիտեմ թէ ամուսնութեան կանոնաց անհնազանդ գտնուելու յանդգնութիւն շատ քիչ անգամ ունեցեր են: Բայց ժամանակ կորսնցնել պէտք չէ:

Ես քեզի արգելք չեմ, հայրիկ, ըրէ՛ ինչ որ կ'ուզես:

Ծերը շուտ մը ելաւ ծառայ մը կանչեց, ապսպբեց Թորոսի տան ծառայող երկու անձինքը առնուլ` դեռ չի լուսցած` նաւակ մը դնել Թարապիայ տանիլ. երկու որմնագործ, որ արդէն իր հրամանին կը սպասէին` բերել տուաւ եւ գաղտնի դուռը ամրացնելեն վերջը հռոմայեցի ծեփով (որու գաղտնեաց հմուտ էր ինք) որմնել տուաւ ներսեն եւ անմիջապէս նստաւ թուղթ մը գրեց բարեկամ հայ վարդապետի մը, ուսկից կը խնդրէր ծպտեալ իր ցոյց տուած ժամատեղն գտնուիի եւ երբ այս ամէն բանն կարգադրեց ու կատարեց` բարի գիշեր մաղթելով իւր սանուհուոյն, գնաց իր սենեակը, քաշուեցաւ քնանալու:

Իսկ Եւփիմէ տեսնելով իր ծեր խնամակալին անխռով վստահութիւնը, հանդարտեցաւ. կանչեց իր նաժիշտները զինքը հանուեցնելու, եւ իր երկրորդ օրուան երջանկութեան մտածութեամբ զբաղած մոռցաւ գրեթէ ալեկոծութիւնը, որ քանի մը ժամ առաջ զինք կը տարուբերէր, եւ երջանիկ քունի մէջ ընկղմեցաւ: Երբ առաւօտուն արթնցաւ, Դիոնիս ելած` քանի մը երեւելի անձանց այցելութիւն ըրած, իր է՛ն կարեւոր տեղեկութիւններն ստացած եւ վտանգը հեռացնելու ամէն հնարք ի գործ դրած էր: Ուստի երբ Եւփիմէին քով մտաւ` նա իւր առջի նայուածքեն ապահովեալ`

Հայրիկ, ի՞նչ պիտի ընենք այսօր, հարցուց:

Կը հագնուինք, կը զարգարուինք եւ կ'երթանք զուարճանալու:

Զուարճութիւ՜ն… ո՜հ, բառը գեղեցիկ է, զուարճութիւն Դիոնիսի համար, իր գրքերեն, իր ուսմունքներէն դուրս. ինչչա՛փ սուղի կը լինիմ քեզի, սիրո՛ւն հայրիկ, ըսաւ Եւփիմէ եւ ծերուն երեսները պագաւ: Դիոնիս իր բոլոր փիլիսոփայական ծանրութեամբ չի կրցաւ ախորժանաց ժպիտ մը չարձակել, վասնզի ծերերուն բնական է ախորժիլ երիտասարդ գգուանքէ: Բայց դարձեալ պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսնել հրամայեց, ամէն բան կարգի դրաւ, եւ երբ ճաշն ըրին, ու Եւփիմէ կը հարցնէր թէ պէտք չէ՞ր պատրաստուիլ, «Քիչ մ՚ալ կ'ըսէր ծերը պէտք է համբերել, վասնզի ոստիկանութեան կը սպասեմ». եւ իրօք ծառայ մը եկաւ իմացնելու թէ ոստիկանութեան մեծը կը խնդրէր այցելութիւն մ՚ընել պալատին` Տիկին օրիորդի հրամանաւ:

Եւ ահա ոստիկանապետն ներս մտաւ ու ամենայն մեծարանոք ողջունելէ վերջ`

Տիկին օրիորդ, ըսաւ, խնդրեմ հրաման տաք, որ քանի մը սենեակներու փոքրիկ խուզարկութիւն մը ընեն մեր պաշտօնատարք:

Ի՜նչ արդեօք, ըսաւ Եւփիմէ, միթէ մեծ յանցա՞նք մը` ոճի՞ր մը իմ տանս մէջ կը յուսացուի:

Յուսացուի՜լ, չէ, բայց ո՜յ գիտէ, տանը Յարմարութիւնը, դիրքը` կասկածներ կրնան տալ, ուստի ամէն անոնք փարատելու համար…

Լաւ՛, տիար, ի՛նչ խուզարկութիւն, որ ուզէք` տէր էք:

Ան ատեն, շիտակ արդէն մեզի ծանօթ կողմը երթալով, ան սենեակը, որ Թորոսի անկողնին սենեկին կը պատասխանէր, փնտրեցին, նայեցին եւ երբ տախտակամածին բերանը քարածեփ պատ մը գտան` ամէն իրենց կասկածները փարատեցան. եւ ոստիկանաց գլուխն խստութեամբ կարճահասակ մարդու մը դառնալով, որ արդէն մեզի ծանօթ է, վասնզի անգամ մը տեսանք,

Աս երիտասարդին փախստեան պատասխանատու դո՞ւ ես, տիար Միքայէլ, ըսաւ, հսկողութիւնը քեզ կինկներ. պէտք էր, որ դու անոր ամէն շարժմունքը դիանայիր. եւ ահա մարդը անյայտ կը լինի, եւ ոչ միայն ինք, այլնաեւ անոնք, որ դու տուած էիր իրեն ծառայելու, եւ դու, ապուշ ու անմիտ բառ մը չունիս պատասխան. դատաստանին կը մնա քեզի պատասխանելու. փուճ տեղ բերանդ մի՛ բանար հոս խօսելու:

Բայց, տիար…

Մի՛ խօսիր, անօգուտ կաշխատիս ինձ պատասխան տալու Համար, պահէ քու բոլոր ճարտասանութիւնդ դատաւորին, անոր առջեւ միայն պէտք կայ խօսելու: Ոստիկա՛նք, այս մարդը դատարան տարէք:

Բայց անգամ մ՚ալ մտիկ ըրէք, ես այդ երիտասարդին ծառայողները չեմ ճանչեր, անգամ մը միայն տեսայ, երկու օր առաջ եւ այսօր…

Այդ խօսքով քու յանցանքդ կը ծանրացնես, դու չի ճանչցած մարդկա՞նցդ յանձնեցիր քու հսկողութեանդ յանձնեալ մարդիկ: Տարէ՛ք, տարէ՛ք:

Իսկ խեղճ Միքայէլ, զարմացական ձեւեր ընելով, եւ ճակտեն ջրի պէս քրտինք թափելով, երկու ոստիկանաց մէջեն դուրս ելաւ դատարան երթալու:

Ոստիկանութեան գլուխը յարգանօք ողջունելով զեւփիմէ եւ Դիոնիսի կամաց ձայնով յայտնելով իր զարմանքը կ'ըսէր. «Տէրութիւնը կառավարող մեր մեծերը յիրաւի զարմանալի են, ազատ կը թողուն ասանկ վտանգաւոր մարդ մը աս ծովու պէս քաղքին մէջ, մեզի լուր մը չեն տար, եւ խեղճ մարդու մը, որ իր գլխուն տէրը չէ, կը յանձնեն, եւ հիմա կ'ելնեն մեզմէ կը փնտրեն»:

Եւ դու, տիար, անշուշտ երբ փնտրես` մէկը կրնաս գտնել:

Անշուշտ, ըսաւ ոստիկանութեան պետը, թէ որ փախցնողը Դիոնիս չէ:

Թէ որ նա ինքն է՞:

Ուրեմն չեմ գտնէր, ըսաւ ժպտելով պաշտօնատարը:

Լաւ կ'ընես, զրուցեց ծերը նոյնպիսի ժպիտով մը:

Բաւական է այսչափս, իմացայ, ե՞րբ ինձի հրաման մը եկաւ ձեզմէ եւ չի կատարուեցաւ, սիրտդ հանգիստ բռնէ, թող հայ երիտասարդը հանգիստ պտտի, միայն թէ Անդրոնիկոսեն զգուշանայ, վասնզի ամէն չարեաց պատճառ նա է, բաւական է թէ հայ մը գտնուի խնդիրի մը մէջ` իր ատելութիւնը դաւ եւ վտանգ կը տեսնէ հոն, երկինք, երկիր իրար կը խառնէ: Քանի-քանի՜՜ անգամ կայսրը եւ Ծերակոյտը աս ապուշ երիտասարդին ազատութիւն տալու հրաման ըրին, եւ ինք միշտ արգիլելու ճարը գտաւ, եւ հիմա, որովհետեւ ապստամբ ու վտանգաւոր հայ մը տեսնուած կայ եղեր քաղքիս մէջ, իր գրգռութեամբ երիտասարդը կ'ուզուի, որպէսզի բանտի դատապարտուի, եւ այդ Միքայէլը Անդրոնիկոսի մարդն է: Աս խօսքերն ըսելով ոստիկանապետը թողուց եւ գնաց:

Իսկ Դիոնիս սանուհոյն գալով, հրաւիրեց պատրաստուիլ երթալու եւ գտնելու համար Թորոս: Եւ քիչ մը ժամանակեն վերջը երկու դեսպակ կը թողուին պալատը եւ կը շտկուէին դէպի ծովեզրը, ուր գեղեցիկ նաւակ մը իրենց կը սպասէր:

Նոյն գիշերը Թարաբիայի ամառանոցին մեծ սրահին մէջ Թորոսի եւ Եւփիմէի պսակի հանդէսը կը կատարուէր հայկական արարողութեամբ, Բաբկէն կնքահօր պաշտօն կը կատարէր ամենայն գոհութեամբ, ներելով սրտանց Եւփիմէի արեան մէջ ինչ որ յունական կաթիլներ կը գտնուէին, եւ ծածկելով ինչչափ որ կարելի էր տրտմախառն ուրախութեան արցունքին քանի մը կաթիլներն:

Երբ ամէն բան կատարուեցաւ եւ գիշերը կէս եղաւ, Դիոնիսի կարգադրութեամբ մեր հարսն ու փեսան հասարակ նաւակ մը մտած Բաբկէնով, երկու ծառայով եւ մէկ նաժիշտով կ'անցնէին դիմացի Ասիոյ ծովափունքը, եւ ծովեզրեն մղոն մը հեռաւորութեամբ անտառախիտ ծառերի շրջապատեալ գիւղական ամայի տուն մը պատրաստ կը գտնէին զիրենք ընդունելու համար. հոն ի՛նչ որ բնութեան սքանչելիք կար, այս երկու գեղեցիկ անձանց ուրախութիւնը կը պսակէր. Բաբկէն իր լեռներուն գարունը կը Յիշէր, եւ երբ իր երկու սաները կ'ելնէին բնակարանեն եւ կը սկսէին հեռանալ, իր երկսայրին մէջքը` հեռուանց անտեսանելի` անոնց յետոց կը հետեւեր, պահապան եւ աչալուրջ գամփռի մը պէս ամէն ծառի` ամէն բլրակի շուքը կը քննէր, որ վտանգ մը անոնց չի պատահի:

Ութ օր աս երջանիկ կեանքն անցուցին մեր նորապսակ ամուսինք, եւ Թորոս իր հարսին քով կը գտնէր ան ամէն գեղեցիկ եւ բարձր զգացմունքները, որ երազն են երիտասարդութեան փափագանաց, ու իւր երջանկութեան` միայն իր լեռները կը պակսէին, եւ այն ազգային ազատութեան սէրը որ իր նախահոր` Ռուբենի արեան հետ իր երակներուն մէջ կը շրջէր:

Ութ օր էր նաեւ, որ Դիոնիսեն լուր ամենեւին չի կար, այլ ըստ սովորութեան տնտեսը ամէն օր կերակուրը կը բերէր արշալոյսին հետ եւ մէկեն կը հեռանար, որպէսզի կասկածի տեղիք մը չի տայ: Յանկարծ երեկոյ մը ծեր Դիոնիս երեւցաւ. թէպէտ շատ դժուար էր նորա երեսին վյրայ գաղտնիք մը նշմարել, բայց Եւփիմէ իրեն սիրալիր ընդոնելութիւն մը ընելէ վերջը, երբ քիչ մ՚ատեն տան առջեւ աղբիւրին քով նստան, կասկածոտ ծիծաղով մը ըսաւ.

Հայրիկ, դու մեզի բան մ՚ունիս զրուցելիք, եւ կ'երեւայ թէ կը դանդաղիս:

Այո՛, Եւփիմէ, լաւ գիտցիր թէ բան ունիմ ձեզի հետ խօսելիք, եւ շատ կարեւոր բան:

Ինչո՞ւ կ'ուշացնես, կ'երեւայ թէ շատ անախորժ լուր մը պիտի ըլլայ:

Ես, քանի օր է, Թորոսի փախստեան համար նաւ մը կը նայիմ, եւ այսօր հազիւ թէ փնտրածս գտա…

Ինչո՞ւ այդչափ շուտով, հայրիկ, միթէ ինձի համար նաւուն մեշ տեղ չի կա՞յ:

Մանաւանդ թէ ան կը ցավիմ, որ իմ կարծածիս չափ շուտ չի կրցայ շարժիլ. վասնզի այսօր փոքրիկ նամակ մը ինձ կ'իմացնէր թէ ձեր փախստեան տեղն իմացուէր է ձեր թշնամիներէն, ուստի արտորնօք եկայ զքեզ տանելու, Եւփիմէ: Մինչեւ որ Թորոս իր գործերը կ'արզի չդնէ, մինչեւ որ յաջողութիւնը իրեն չի ծիծաղի, դու ոչ թէ իրեն օգտակար, այլ վնասակար կրնաս լինիլ:

Ամենեւի՛ն, ըսաւ Եւփիմէ, որոշ եւ վճռողական ձայնով, կը փափագէի մանաւանդ, որ դիպուածը այնպէս բերէր, որ կարէնայի զքեզ համոզել իմ ըսածիս ճշմարտութեան:

Քեզի հետ այս նիւթիս վրայ վիճել ինձ աւելորդ է, տէր եւ դատաւոր այս խնդրոյս մէջ` ինձմէ շատ աւելի ուրիշ մը կայ, ըսաւ ծերը Թորոսին դառնալով:

Իսկ Թորոս այն միջոցին դէպի անտառին խորը աչքերը •անկած կը դիտէր` կէս ուշադրութիւն մ՚ընելով այս խօսակցութեան, ու երբ ծերը`

Իշխա՛ն, դու մեր խօսակցութեան կ'երեւայ թէ ուշ չես` դնէր, բայց ես շատ կարեւոր նիւթի մը վրայ կը խօսիմ:

Այո՛, ձեզ ալ ուշ կը դնեմ, բայց ուրիշ բանի մ՚ալ ուշ կը դնեմ, ըսաւ առանց իւր սուր աչքը խախտելու իւր նպատակեն:

Ան ատեն Դիոնիս ու Եւփիմէ նոյն կողմը դարձուցին իրենց աչքը եւ թան մը չի տեսնելով դարձան Թորոսի, որ տեսնելով ալ իրենց հարցնող նայուածքին առանց պատասխանելու, ոտք ելաւ, մէկ ձայնովի

Բաբկէ՜ն, կանչեց,

Բաբկէն հոն չէ, ըսաւ ծառայ մը:

Ուրեմն, զրուցեց Թորոս, հիմա կ'ուգայ եւ մեզի որոշ լուր մը կը բերէ:

Ի՜նչ բանի լուր, հարցուց Եւփիմէ այլայլելով:

Կ'երեւայ թէ, սիրելի Եւփիմէ, մեր թշնամիները, որոնց համար լուր առած ըլլալը իմացուց Դիոնիս, մեզի այցելութիւն մ՚ընել կը փափագին:

Եւ դու հիմա որ բան մը կը դիտէիր, անո՞նք էին, տեսա՞ր…

Հինգ-վեց հոգի եւ զէնքի փայլիւն տեսա…

Ի՜նչ կ'ըսես, հինգ-վեց հոգի՜…

Թէ որ այդչափ են մեր թշնամիները, ըսաւ Թորոս ժպտելով, Բաբկէն միայն բաւական է զանոնք ցրուելու, իսկ թէ որ անօթ կրկինն են, պէտք է որ ես ալ օգնեմ: Բայց խնդիրը հոն չէ, աւելցուց Թորոս Դիոնիսի դառնալով, «մեր թշնամիները» կրնա՞նք իմանալ թէ որոնք են. կայսրը եւ իր ոստիկանութիւ՞նն է, թէ մասնաւոր մարդիկ:

Հիմա աս միջոցին քու թշնամիդ Անդրոնիկոս Կեսարն է. բայց թէ որ իր փոքրիկ խումբը վիրաւորուի եւ ցրուի` իրենց վերադարձը չգիտեմ թէ ինչչափ բազմութեամբ կրնայ լինիր

Ուրեմն մեզի պարտք կը ձգես այնպէս շարժէլու, որ ասոնցմէ ողջ չի դառնայ:

Ան չէ իմ միտքս, բայց ըլլալիքը յայտնի է, մէկ փախստական մը տասնապատիկ բազմութեամբ կը դառնա:

Քու նաւդ ե՞րբ կ'ուգայ հոս` աս ծովեզրը:

Վաղն առաւօտ կանուխ:

Ահա, Բաբկէն, ըսաւ Թորոս, որ ծովեզրին կողմեն կ'ուգայ, հիմա ճիշտ լուր կառնունք… աս ծանր քալուածքեն ալ կը ցցնէ թէ վտանգը մեծ չէ:

Սպասելու լռութիւն մը տիրեց, մինչեւ որ Բաբկէն հասաւ, առանց այլայլութեան նշան մը ունենալու իր կերպարանքին վրայ, իբրեւ թէ բան մը տեսած չէր, իսկ երբ որ Թորոս նշանացի հարցուց ի՞նչ լուր կար, ան ատեն պատասխանեց.

Ես անտառին մէջ պտոյտ մը կ'ընէի երբ, տեսայ, որ քալելու եւ կամաց խօսելու ձայն կ'ուգար ծառերու մէջ քիչ մը հեռուեն, ուստի թումբի մը խստութեան մէջ ծածկուեցայ եւ տեսայ որ երկուք-երկուք 12, 13 հոգիի չափ զինեալ մարդիկ քովես անցան. եւ այնչափ մօտ, որ մէկ հատը, որ տեսած էի արդէն, ճանչցայ. նոյն մարդն էր, որ ասկից տասն օր առաջ առիւծին կորիւնը կը նախատէր: Վերջապէս տեսայ, որ անոնք պտոյտներ կ'ընէին անտառին մէջ խուզարկութեան համար, ուստի, ես ալ կամաց մը ելայ, դէպ իրենց եկած ճամփան գնացի, եւ տեսայ, որ մակոյկ մը զիրենք բերած էր, եւ մէջը պահապան մէկ հոգի մը ձգէր էին:

Լաւ, ըսաւ Թորոս անխռով, կարծեմ թէ մեր կերակուրի ժամանակն է եւ պէտք է քիչ մը բան ուտել, որովհետեւ հաւանական է թէ վերջը ժամանակ չունենանք:

Եւ չորսերնին մէկտեղ շտկուեցան դէպի տունը, երբ դռնեն մտան` պարտէզին վրայ դիտող աչք մը պտտցուց Թորոս եւ Բաբկէնին քանի մը բան ապսպրեց կամաց ձայնով, որ անմիջապէս դռներուն մէկը քարերով ամրացուց եւ միւսը առջի վիճակին մէջ ձգեց. երբ նստան կերակուրի մեր երկու հայերը` ըստ իրենց սովորութեան կերան, Եւփիմէ կը խաղար քան թէ կ'ուտէր, իսկ ծերը մտախոհ քանի մը պատառ առնելեն վերջ` «Ի՞նչ է քու միտքդ», ըսաւ Թորոսի, երբ նա դադրէր էր ուտելէ եւ անհոգ կը խորհեր:

Մենք պարտական ենք ինքզինքնիս պաշտպանելու. մանաւանդ որ մասնաւոր անձի մը թշնամութիւնն է, որ մեր կենաց ոխերմաբար կը դարանի, եւ գիշերուան մութը իրեն ընկեր կառն ու: Կը տեսնեմ թէ դու, իմաստուն մարդ մը, որու նման ես շատ քիչ տեսեր եմ, կը վարանիս, կ'երեւակայեմ թէ քսանը հազիւ անցած երիտասարդի մը գինուց վարժութեան վրայ վստահութիւն չունենաս, բայց այդ մի հոգար, ես տղայ տարիքես զէնքի վարժութեան եւ վտանգի մէջ ծնէր եւ սնէր եմ. անոր համար ալ աս իրիկունը չեմ մտածէր, վաղը կը մտածեմ, այս իրիկուն ան մարդիկը ժամ մը չի քաշէր հաւու պէս կը թօթափին:

Եւ աս խօսքերը այնպիսի անհոգ արհամարհանք մը ունէին, եւ իր յստակ ու որոշ ձայնը այնչափ փոխուած չէր, որ եթէ իր մեծ աչքերուն բոցը չլինէր, որ ամէն շարժմունքին կայծակ կը հանէր, արձան կը կարծուէր, այն միջոցին Բաբկէն ներս մտաւ.

Ե՛լ, իշխանիկս, ըսաւ, մարդիկը կ'ուգան, ինչպէ՞ս պիտի ընենք:

Թո՛ղ զիրենք, որ մեծ դռնեն ներս մտնեն, դու, երբ ամէնքը կը մտնեն, դուրսը կեցիր, ո՜վ որ ելնէ` մահուան հարուած մը տուր:

Բայց դու հոս մինակ ես, անոնք կամ տասներկու կամ տասներեք են:

Դու լսեցի՞ր, Բաբկէ՛ն հայրիկ, քու պաշտօնդ դռանը դուրսը` մարդ ողջ չի հանելն է:

Այնպիսի անդիմադրելի եղանակաւ մը զրուցուեցաւ այս, որ Բաբկէն դուրս ելաւ առանց խօսելու, քթին տակեն աղօթք մը մռմռալով. անտարակոյս աղօթքը Թորոսին համար էր:

Տան վարի պատուհանները երկթէ վանդակներ ունէին, ճրագները վերցնել տուաւ. վերի փեղկերը` ըսաւ Դիոնիսին թէ` պէտք է պաշտպանել, որպէսզի Եւփիմէ չի վախնայ: Իսկ ինք թռաւ սանդուխներէն վեր, Լեւոնի ահագին սուրը մերկ աջ ձեռքը բռնած եւ երկսայրի սուրը մէջքը, իջաւ փայլակի մը պէս. Եւփիմէի, որ անխօս կեցէր էր, գգուանօք ձեռքը պագաւ. «Սիրտդ հանգիստ բռնէ, ժամ մը չի տեւէր, ասիկայ դիպուած մ՚է, ըսաւ, վաղուան համար մտածենք»: Սա անխռով խօսքերը թէպէտ կ'ապահովէին քիչ մը անոր սիրտը, եւ կուզեր խօսիլ` բայց չի կրցաւ, ու նոյն միջոցին տեսաւ, որ Թորոս զինք ձգեց, դուրս ելաւ պարտէզ եւ տան դուռը վրայեն գոցեց ու պատին քով թուփերուն մէջ ծածկուեցաւ: Ինք տան շուքին մէջն էր, ո՛վ որ դռնեն մտնէր` որոշ կը տեսնէր լուսնի լուսով. եւ ահա կիսաբաց դուռը բացուեցաւ եւ մէկիկ-մէկիկ գողի պէս կը մտնէին իր սպասած մարդիկը. մտնողը մէկ մը կանգ կառնուր, չորս կողմը կը դիտէր եւ դէպի դուռը կը յառաջանար: Երբ եօթ-ութ հոգի ներս մտան եւ առջի մտնողները տան դռանը եւ թուփերուն մօտեցան` ահագին եւ սոսկալի ձայն մը որոտաց. Թորոս ինքն էր, եւ հարուած հարուածի վրայ կը յաջորդէր. արդէն երեք հոգի գետինը կը տապլտկէին եւ երկուքը փախան. հազիւ ան ատեն երեք հոգի թշնամիներէն կարողացան նորա վրայ հարձկիլ, բայց այս յարձակմունքն ալ նոյնչափ օգտակար եղաւ իրենց` որչափ առջի յանկարծակի գալն. երկու հոգի դարձեալ մահացու վիրաւոր կ'ինկնէին, եւ իր ահագին սուրը մէկդի կը թռցնէր զէնքերու բեկորները, թեւեր, մատեր, եւ վիրաւորք կամ վատք, որ դուրս կ'ելնէին, Բաբկէնը կը գտնէին, որ հարուած մը միայն տալով կը պառկեցնէր զիրենք. եւ որպէսզի արգելք չըլլան ուրիշ ելլողներոմէ` խղճմտանքաբար ոտքերնին կը քաշէր եւ պատին տակ կը դիղեր: Երբ երեք-չորս եղաւ դիակը եւ տեսաւ, որ դեռ ներսը գինուց հարուածները չեն դադրիր, «Քիչ մ՚ալ ներս մտնենք, ըսաւ, վասնզի երկայն եղաւ»: Ճիշտ ժամանակին մտաւ, վասնզի չորս-հինգ հոգի զթորոս շրջապատած սուրերնին ձեռուընին կանոնաւոր յարձակում կ'ընէին. ասոնց մէկուն կռնկին` Բաբկէնի սուրին հարուածը` զայն գետին գլորցուց, եւ աս անակնկալ օգնութիւնը միւս ամէնքը յուսահատեցուց. փախչելու որոշումն աւին: Թորոս սաստիկ յոգնած էր, իսկ Բաբկէն` «Ասոնք ալ թող երթան սատանային գիրկը, ո՜ւմ յոգն է, կ'ըսէր, բաւական է, որ սա ինկածներուն մէջ ան անպիտան մեծաբանն ալ գտնուի` որ չէր հավտար թէ առիւծու կորիւնն միշտ առիւծ է: Ապրի՜ս, իշխանիկս, տես քանի՛ մարդ դիաթաւալ կացուցէր է… ես գիտէի, որ քաջ էր, բայց ինչչափ ժամանակ է ոչ կռիւ տեսած էր, ոչ զէնք գործածած… լաւ՜ սկսանք, մեր Սեւ լեռն հասնինք, ան ատեն տասնապատիկ պիտի մեծնա…»:

Աս միջոցին լռութիւն տիրած էր պարտէզին մէջ, գինուց շաչիւն եւ շառաչիւն ամէն բան դադրած էր, միայն քանի մը վիրաւորք եւ հոգեվարք կը տքային. ան ատեն Թորոս` «բացէ՛ք դռներն» գոչեց, եւ տան դռներն բացուեցան. ճրագներն վազցուցին, տունն ու պարտէզր լուսաւորեցան. դուրսն ու ներսր եօթ-ութ դիակք կայի՛ն, եւ մեր քաջակորովը կանգնած էր անոնց մէջ, կ'ապսպրէր ծառաներուն ողջ մնացողներն ներս առնուլ եւ դարմանել: Իսկ Եւփիմէ երբ տեսաւ զթորոս` ողջ բայց արիւնով ներկուած, եւ երբ իմացաւ թէ` չէր անգամ վիրաւորուած, աչքերը ուրախութեամբ երկինք կը վերցնէր, գոհութիւն կ'ուտար աստուծոյ: Եւ առանց ծառաներուն սպասելու ինք ջուր կը բերէր, որ իր փեսան մաքրուի, լուացուի: Եւ երբ Թորոս ան ահագին աշխատութենեն վերջը բազմոցին վրայ տարածուեցաւ, Եւփիմէի երեւակայութեան մէջ աշխարհիս բոլոր Աքիւլլեսներէն եւ Հերակլեսներէն աւելի բարձր էր, ուստի դառնալով Դիոնիսին`

Վաղը նաւը, որ պիտի գայ, մենք ալ մէկտեղ կերթանքյ այնպէս չէ՞, հայրիկ, ըսաւ:

Իսկ Դիոնիս առանց պատասխանելու աս հարցման` Թորոսին կը նայէր, որ նոյնպէս պատասխան չտալով ծերուն կարծիքը կուզեր իմանալ: Իսկ նա երբ տեսաւ թէ երկուքն ալ լուռ կեցէր են` «Ո՞ւր է Բաբկէն, Բաբկէն հայրի՜կ» սկսաւ կանչել: Բաբկէն ներս մտաւ գլուխն ու երեսը ծածկած եւ հազիւ քանի մի քայլ կրցաւ առնիւլ միայն, նստաւ եւ գլորեցաւ. ամէնքը տեղերնեն ցատկեցին ելան եւ գլուխը բոլոր արնաշաղախ տեսան. ինք մարած էր կամ մեռած: Դիոնիս մէկեն` մօտեցաւ, զննեց գլխուն պատռածը, լուաց, վէրքերը դարմանեց, պատեց եւ իմացուց թէ սուրի հարուած մը ճակտին ոսկորը թէպէտ կտրէր էր, բայց ուղեղին չէր վնասած, ուստի ապահովցուց զամենքը` յուսացնելով թէ քիչ մը ժամանակեն կրնար առողջանալ բոլորովին: Աս վերջին խօսքը մխիթարեց զթորոս բայց Եւփիմէի խնդիրը չի լուծեց: