Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թողունք Յովնան իւր խոր մտածութեանց մէջ, Աշտիշատայ աւերակաց վրայ, Մեծին Սահակայ գերեզմանին մօտ, որ խորհրդածէ իւր բախտին եւ իւր հայրենեաց վրայ եւ ջանայ ուղղութիւն մը տալու իր բռնելու ընթացքին, դառնանք այդ Գուրգէն իշխանին, որ տեսանք եւ որ երեւելի դիւցազն մ՚է այդ ժամանակի պատմութեան մէջ եւ որ զարմանալի է` գրեթէ անծանօթ մնացած:

Գուրգէն` Արծրունի էր հօր կողմանէ, Մամիկոնեան մօր կողմանէ. բախտը զինքն այդ երկու ազնուատոհմ ընտանեաց զաւակ ընելովք եւ ամէն անձնական բարեմասնութեամբ զարդարելով` այնպիսի վիճակի մը մէջ դրած էր, որ չուզեց, մանաւանդ թէ չի կրցաւ պատասխանել Յովնանու ծանր ամբաստանութեանց ընդդէմ նախարարական սերնդին: Եւ բաւական հեռանալեն վերջ նաեւ Մշոյ քաղաքեն, միտքը միշտ ժողովրդական մարդուն ըսածներուն վրայ կը շրշէր եւ իբրեւ թէ նորա վերշին խօսքերուն արձագանքը դեռ իւր ականջին կը հնչէր:

«Այդ մարդը հասարակ մարդ մը չէ, եւ ինք իրաւունք ունի գանգտելու մեզմե… բայց միթէ՜ մենք չունինք իրաւունք գանգտելու, ո՜վ է իշխանական ցեղի մարդ, որ սրոյ հարուածի մը, դաւաճանութեան մը, որոգայթի մը, յափշտակութեան մը ենթակայ եղած լուինի իւր համանման սերնդակից ազատեն: Միթէ իմ հայրս բռնի մահուամբ չի գրաւեցաւ՞ իւր տոհմակից Արծրունիներէն, եւ իմ ժառանգութիւնս ամբողջ նոցայ ձեռքը չանցաւ՞: Ո՞ւմ ուստի գանգտիմ: Ահս ութը տարի է, որ կը թափառիմ թողած իմ հայրենի Վասպուրական երկիր. եւ ի՞նչ տեսայ, ամէն տեղ մարդ նոյն գազանը տեսայ` վատ, հաչաղկոտ, շողոքորթ, անգութ, գոռոզ յաջողութեանց մէջ, անարգ ձախորդութեան մէջ, վերջապէս մարդ` ողորմելի կենդանի: Այն օրը, որ դիւցազն մը տեսայ` Մանուէլ Մամիկոնեան, որ փախստական կ'երթար Յունաց կայսեր ձեռքեն, որու կեանքն ազատէր էր, եւ նորա թշնամեաց գիրկը կ'իյնար, որպէսզի իւր կեանքն էլ ազատէր, զզուեցայ մարդիկներէն, եւ առանց քոսոտ, բորոտ ու վիրալից լինելու Հոբայ հետ` իրաւունք ունի ամէն մարդ անիծելու օրը հորում ծնաւ: Ահա Արծրունեաց եւ Մամգունեաց ճշմարիտ շառաւիղ մը` ե՜ս Գուրգէն` որդի Ապուպելճի, ես ազատ, ազնուատոհմ, որ իմ հայրենի ժառանգական երկիրս կը մտնեմ իբրեւ անազատ, իբրեւ գերի, իբրեւ ճորտ, որ չունի գլուխ դնելու տեղ մը, եւ բոլոր իմ ստացուածքս, իմ հարստութիւնս, իմ կալուածքս սա սուրը եւ սա ձին է… Այլ միթէ՞ նա, որ ինձ կը սպասեմ. Ահա միմիայն բարիք, միմիայն գանձ, միմիայն կեանք, դո՜ւ` իմս Հեղինէ: Ես, այո՛, երջանիկ եմ քան զաշոտ, եւ իմ Հեղինէն չեմ փոխէր Արծրունեաց իշխանին փառաւոր գահին հետ: Իմ Թորթումի փոքր բերդը իւր գեղեցիկ լճակով, իւր գետոց խոխոջներով, իւր պտղազարդ ծառաստաններով չեմ փոխէր Վասպուրական աշխարհի Վանայ մեծատարած բերդին, ծովակին, կղզիներուն եւ լայնարձակ անտառներուն հետ: Փոխանակ նախարարաց բազմագլխեան ապստամբութիւնքն հարուածելու, բազմապատիկ դաւաղրութեանց դէմ հնարքներ հնտրելու, տաճկաց անգութ սուրեր ու եւ բիւր խաբէութեանց դէմ միշտ արթուն գտնուելու, շատ աւելի կը նախադասեմ իմ խեղճուկ Թորթումի գիւղապետներս, իմ թեթեւամիտ յոյներս, որոնցմէ երբ յիմար չես եւ ուզես այն ատեն միայն կը խաբուիս: Այո, Հեղինէիս հետ ինձ համար ամէն տեղ երջանիկ կարելի է լինիլ: Ի՛նչ ըսի իրեն, երբ թողի հայրենի երկիրը եւ գնացի: «Կամ այն է որ ես կը մեռնիմ, կամ այն է որ քեզ Ռշտունեաց Օրիորդ, կը դառնամ փոքրիկ գաւառ մը բերելու, ուր հեռի ի հոգոց եւ թախծութեանց մեր զրկեալ գլուխներն կարէնանք հանգչեցնել, հեռի եւ անտես այդ ազնուատոհմ ազգականաց, որ սպանութիւն, դաւ, սուտ վկայութիւն` վերջապէս ամէն անարգ միջոցներ չի խնայեցին յափշտակելու համար երկու որբոց հայրենի ժառանգութիւնը»:

«Ի՞նչ, ըսաւ ինձ Աշոտ մեծ իշխանը, երբ վերջին այցելութեամբ իրմէ խնդրեցի, որ իմ հայրենի ժառանգութիւնս ինձ դարձնէ: Ես լաւ համոզուած եմ թէ իմ պապս մեծ անիրաւութիւն մ՚ըրած է հայրդ սպաննելով եւ նորա երկիրները գրաւելով, բայց եթէ ամէն նախարար իւր կալուածոց անիրաւ մասը հարազատ տիրոջը դարձնէր մէկ արտավարի հող եւ հիւղիկ մը չէր ունենար. երիտասարդ մարդ ես եւ ազնուական, քաջ եւ կորովի, ծառայէ՛ ինձ հաւատարմութեամբ, ես զքեզ լաւ կը վարձատրեմ. տուն, տեղ, այգի կ'ունենաս եւ եթէ զիս գոհ ընես, ամրոցի եւ գիւղերու տէր նաեւ կ'ընեմ քեզ, բայց հայրենի ժառանգութեան եւ անցեալ անիրաւութեանց եթէ խօսքը կրկնես, գիտցի՛ր, որ չեմ կրնար ներեւ, զգուշացի՛ր…»: Այդչափ փոքր առատաձեռնութիւն եւ այդչափ մեծ սպառնալիք իմ ախորժակացս յարմար չեկան: Փոխանակ քեզ ծառայելու այդ գինով` կ'երթամ կայսեր կը ծառայեմ, ըսի մտքես, եւ անցայ Արածանին եւ Եփրատ, ճիշտ նոյն ատեն երկու բանակ իրարու դէմ կը գտնուէին, մտայ յունաց բանակը, եւ զարմանալի՜ յարմարութիւն: Յունաց մեծ Սպարապետը ոչ միայն հայ մ՚էր, այլեւ Մամիկոնեան էր. Մանուէլ զօրավար երեւեչի իւր քաջութեամբ, որ զթէոփիլոս կայսրը ազատէր էր մահուանէ ու գերութենէ: Երբ զիս տեսաւ տասնութ տարեկան անմօրուս տղայ մը, եւ հարցուց եւ իմացաւ իմ ազգս, պապս եւ քեռիս ճանչեց, նայուածքով զիս անգամ մը չափեց, ըսաւ. «Թէպէտ դեռ պատանի ես` բայց Արծրունեաց եւ Մամիկոնեաց արեան ծնունդ լինիլ եւ քաջ չլինիլ անկարելի է, քայլէ՛, որդեակ, բախտաւոր էլ ես, փառաց ասպարէզը` պատերազմի դաշտը առջեւնիս է ահա. դու խաչի կողմը կը գտնուիս, այդ նաեւ բարեբախտութիւն մ՚է»:

«Երթանք Ռշտունեաց Ոստանը, երթանք ժամ առաջ դառնալու շուտով մեր նոր հայրենիքը Թորթում, ուր ամէն բան պատրաստեցի գեղեցիկ եւ վայելուչ քաղցրացնելու համար իմ Հեղինէիս այդ օտարութիւնը. ո՜հ, եթէ ինք նոյն սիրով, նոյն սրտով զիս սիրէ, ինչպէս ես զինք, անշուշտ ինձ հետ երջանիկ պիտի լինի, հեռի նաեւ Վասպուրական ծովուն եզերք են»:

Այսպէս ժամերով կ'էրթային այս մեր հեծեալքը եւ Գուրգէնի լռութիւնը ամէնուն լռութիւն կը հրամայէր. մանաւանդ օդին ցրտութիւնը ամէնուն հոգին եւ ջերմութիւնը ամփոփելով ընտանութեանց համարձակութիւնը կը սեղմեր: Բայց կար բան մը, որ կարելի չէր այդ վիճակը չընդհատել, եւ այդ բանը անօթութիւնս էր. ուստի, երբ Առաքելոց վանքն անցան, եւ Մորխայ ճամփան սկսան, եւ արեւը սկսաւ իջնել, այն ատեն իբրեւ թէ քունէ զարթած Գուրգէն դարձաւ.

Տղա՛ք, ըսաւ, դուք անօթի չէ՞ք եւ բան ամենեւին չէք խօսիր: Լաւ ճամփայ առի՞նք թէ ոչ, Վահրի՛ճ, դու այս տեղուանքը լաւ կը ճանչես` ո՞ւր ես, ձայնդ (էլ չելնէր, ցուրտէ լեզուդ սառեր է, բերնիդ կպէր է որ չես խօսիր. հաց ալ պիտի չուտե՞ս:

Տէ՛ր իշխան, ըսաւ Վահրիճ մօտենալով, այսպիսի ձիւնով շատ ճամփայ առած կը համարուինք. կարելի է այսպէս շուտով հասնինք Նորաշէն եւ եթէ վաղն էլ այսպիսի եղանակ ունենալու չափ բախտաւոր լինինք` անկից շուտ կը հասնինք Դատուան եւ ալ ճամփան կը դիւրանայ:

Միթէ՞ Նորաշէնէ մինչեւ Դատուան ճամփան այդչափ դժուար եւ երկայն է:

Ոչ դժուար եւ ոչ երկայն է, իշխան, այլ սաստիկ վտանգաւոր ձմեռ ժամանակ: Եթէ արեւելեան փոքր քամի լինի, կորած է ամէն ուղեւոր, վասնզի ծովուն վրայեն տկար քամի որ կը փչէ, դիւական մրրիկ կը դառնա Գրգուռ եւ Նեբրովթ լեռներու մէջ:

Եր՞բ կը յուսալս, որ հասնինք նորաշէն:

Եթէ քիչ մը աւելի ուժով քշենք ձիերը, արեւը մտնելեն վերջ կը հասնինք:

Քշե՛նք ուրեմն, երբ դու ոչ վաստակած ես եւ ոչ անօթի:

Ինձ համար շատ դիւրին է, բայց սա իշխանազուն տղայք կարծեմ անօթի եւ վաստակած են, թէպէտ ձայն հանելու կ'ամաչեն:

Տէ՛, Վահրիճ, ի՞նչ կ'ըսես, Արծրունի չե՞ն դոքա:

Այո՛, Արծրունի են, Տէր, բայց ամէն Արծրունի Գուրգէն չէ:

Իշխանք, ձայնեց Գուրգէն, լաւ չլինի՞ր, որ ձիանքը քշենք եւ ժամ առաջ հասնինք Նորաշէն. ձիուն վրայ մէկ քիչ բան ծամելով` մեր ախորժը խաբելով որպէսզի երեկոյեան լաւ ընթրենք եւ լաւ հանգչինք: Տէ՛, Վահրիճ, իշխանաց մեյ մէկ պատառիկ տո՛ւր, թէ ուտենք, թէ երթանք:

Իշխանաց ոչ հացի պատառիկը եւ մսի պատառիկը միայն, այլ ահա ումպ մը գինի ալ կրնամ տալ, յիմար արաբները ամէն բան աւարէ` գինին մոռցեր էին, Տարոնոյ պատուական գինին է. Ս. Կարապետ իրաւ՞ է թէ այս գինին միայն կը խմէր արքայութիւն չուղեւորած, չգիտեմ, բայց գիտեմ թէ ես իմ տիկս ասկից լեցուցի:

Տեսնիմ սա գինին:

Շնորհք ըրէ. Տէ՛ր, ըսաւ Վահրիճ եւ բաւական մեծութեամբ տիկ մը երկնցուց իշխանին, եւ նոյն միջոցին լաւաշներ կը հանէր պայուսակեն եւ միսի կտորին հետ կը բաժնէր ամէնուն. իսկ Գուրգէն քմծիծաղով.

Քո Ս. Կարապետի գինին լաւ է, բայց պէտք էր այդ տիկը ամբողջ լցնել եւ դու անհոգ գտնուէր ես, Վահրիճ:

Ո՛չ, Տէր, ես ամբողջ լցուցի, բայց ցուրտին գինի՞ կը դիմանայ, կեցած տեղ կը պակսի…

Այս հրաշքին վրայ ծիծաղելով` սկսան քշել ձիանքը, եւ չի մթնցած հասան Նորաշէն, որ բաւական մեծութեամբ գիւղ մ՚էր ան ատեն, եւ գիւղացիք տեսնելով իշխանազուն մարդիկ մեծարեցին զանոնք ըստ իրենց կարի, հայկական հիւրասիրութիւնը չափեն աւելի ի գործ դնելով: Աւելորդ է ըսել թէ մեր Վահրիճի տիկը սմքեցաւ բոլորովին, ի մեծ ցաւ իրեն եւ յուսահատութիւն ամէնուն:

Մութ էր դեռ, երբ Գուրգէն ամէնուն զարթեցուց եւ լուսնի լուսով հասան Դատուան, եւ առանց թոյլ ու դադար տալու կ'անցնէին կ'ոլորուէին Վանայ ծովուն շուրջը, եւ այսօր իշխանը ոչ կը խոսէր, ոչ կ'անօթենար` այլ Ցոլակին վիզը ծեծելով, «Ապրի՛ս Ցոլակ, դու յիմար մար դէ լաւ ես, դու կ'իմանաս իմ սիրտս» կ'ըսէր: Եւ ձին, որ իրօք շատ խելօք նժոյգ մ՚էր աւելի եռանդով կ'արշաւէր. իսկ միւսները քիթ, բերան թթուեցուցած կը քշէին, կը մտրակէին իրենց անասունները, երբ Վահրիճ ամենեն ետ մնացած, կը մռմռար ինքնիրեն իւր տկի մնացորդը բերանը մղելով:

Աստուած յաջողութիւն տա, Տէր Գուրգէն, չգիտես թէ սատանան քո՞ւ փորդ է մտէր թն Ցոլակին, բայց թէ խեղճ Ցոլակին փորն լինէր, դու զանի շատոնց կը հանէիր, ըսել է թէ քու փորդ է, որ այսօր մարդն ու ձի կը սպաննես: Վահրի՛ճ, դու դարձեալ պէտք է խօսիս այդ մարդու հետ, ամէնքը իրմէ կը խորշին: Այսչափ օր է, երբեք այսպէս դիւահարած չունէր, շէնք, շնորհք ուղեգնացութիւն կնէինք, մինչեւ երէկ շատ լաւ էր, միայն երէկ չէր խոսէր` կը մտածէր. այսօր ետին անգամ չի նայիր, չիմանար թէ ուրիշներն ի՛նչ եզան: Տէ՛, Վահրի՛ճ, հասնինք ետեւեն:

Եւ ոտքով, ձեռքով իւր գրաստին խօսք հասկցնելով, ի՛նքն ալ, խեղճ կենդանին ալ շնչասպառ մօտեցաւ իշխանին: Բայց ո՛չ Ցոլակ, ոչ իշխանը խօսք հասկնալու վիճակի մէջ չէին. Ցոլակ իւր բոլոր իմաստութեամբ դարձեալ ձի էր եւ ձիու բնութիւն ունէր եւ չէր կրնար ներել, որ ձի մը զինքն անցնի, երբ իւր Տէրը «Ապրի՛ս Ցոլակ» ըսած էր անգամ մը, ուստի ձիու ոտքի մը ձայն առնելուն արշաւը մոռցած` սկսաւ սրանալ, իսկ Գուրգէն, որ դիւահարեալ էր արդէն` ինչպէս կը դատեր Վահրիճ, ամենեւին ուշ չէր դնէր թէ ի՜նչ կար առաջն եւ թէ ի՜նչ կար ետին:

Ահա, իշխան, մարդու ամենեն լաւը, կ'ըսէր Վահրիճ յուսահատ եւ յոգնած, ի՞նչ յոգն է եթէ աշխարհք` մարդն ու ձին կը կոտրուի ետեւեն, խելքին այնպէս փչէր է, որ երթայ, իր նժոյգը թեւ ունի` կը թռչի, ո՛վ չի հասնիր, ճամփան կը մնա` թո՛ղ մնա… Լաւ՛, թո՛ղ երթայ, ո՛ւր որ ուզէ, ես ալ կ'երթամ հոն, ուր իմ ձին մնա:

Եւ սկսաւ հանդարտ քայլել, իսկ Գուրգէն անհետ եղաւ առջեւեն: