Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բայց մենք թողինք մեր ուղեւորները ճամփան, որոնք ամէնքը պակաս բեռնաւոր եալ քան Վահրիճ` առաջ անցան հետեւելով Գուրգէնի օրինակին. սա միայն մնաց վերջապահ կարաւանին, եւ վերջապէս վախելով իւր ձին ալ մնա բոլորովին` ձիուն սանձը ձեռքն սկսաւ կամաց-կամաց հետի քալել եւ այսպէս մութը կոխեց, երբ անցաւ Թուխայ գետը եւ միշտ ծովը ձախ թեւին ունենալով հասաւ էարզիթ: Քիչ մը մրսած, քիչ մը յոգնած, քիչ մը անօթի, քիչ մ՚ալ ծարաւ, վասնզի իւր Ս. Կարապետի գինուոյ տիկը բոլորովին ցամքէր էր, «Եթէ իշխանը հոս չէ, կ'ըսէր, աւելի լաւ, նա իւր հանգստութիւնն արդէն գտած է: Արծրունի իշխանի մը ո՜վ չուզէր ծառայել, ո՜վ կրնայ չի ծառայել մանաւանդ այսպիսի իշխանի, որ մեղրի պէս քաղցր է, երբ լաւ վարուիս, աստուծոյ կրակն է, երբ գէշ վարուիս: Յոգնած, դադրած` աս գիշեր Արծրունի եմ, իմ հանգստութիւնս կը գտնեմ աս գիւղը, փա՛ռք աստուծոյ, բարեկամ, խնամի չի պակսիր, երթանք մեզի տեղ ճարենք թէ որ իշխանը այստեղ չէ դադրէր»:

Ուստի, երբ գիւղին մէջ հասաւ, եւ շուները շրջապատեցին զինքը` հաչելով եւ վրան ցատկելով, նա վայրկեան մը կեցաւ մտածելով թէ ո՞ւր լաւ ընդունելութիւն եւ վայելք կրնար գտնել, եւ այսպէս հաշուելով ու կշռելով որոշեց, որ Գեւորգ կնքահօր հիւր լինի, ուստի շտկուեցաւ նորա տունը:

Բայց երբ դռան առաջ հասաւ եւ դուռը զարնելու եղաւ` դուռն ինքնիրեն հազիւ թէ դպաւ` բացուեցաւ, ներս մտաւ, տեսաւ, որ մարդ չկար, զարմացաւ մնաց. «Գէորգ կնքահայր գնացել է, լաւ՛ մեռէր է, լաւ՛, միթէ՞ տղաքն էլ, կինն էլ, ամէնն էլ մեռան»: Ուստի որոշեց աւելի անդին, հին բարեկամ Կարապետին երթալ. այս անգամ դուռը պէտք եղաւ ծեծել եւ երկայն ծեծել, որ վերջապէս մարդ մը եկաւ բացաւ, մռմռալով եւ գանգտելով քթին տակեն, բայց երբ հիւրը`

Բարի երեկոյ, եղբայր, ըսաւ, շուտ մը`

Աստուծոյ բարին գա վրադ, բարի եկար: Պատասխանեց եւ դարձաւ, Տղա՛ք, լոյս բերէք, սենեակը կրակ վառեցէք, հրամայեց: Եւ երբ ճրագն եկաւ եւ երկու հին բարեկամք իրար ճանչցան ու պագտուեցան.

Եղբա՛յր, ինչո՞ւ ձայն չես հանէր, կ'ըսէր Կարապետ:

Ձայն չեմ հանէր իմանալու համար թէ այս քանի մը տարուան միջոցին հայ հիւրընկալութիւնը փոխուէ՞ր է. բայց` փա՛ռք աստուծոյ, նոյնը կը տեսնեմ. իրաւ, տան տէրը դուռը չի բացած կը մռմռա, բայց եկողին` բարի ես եկեր, հրամայէ՛, կըսէ: Դարձեալ կը զրուցեմ, կեցցէ՜ մեր Հայաստան եւ հայ, եղբա՛յր, Եփրատն ու Ճորոխ կանցնիս, փողը ձեռքդ գլուխ դնելու տեղ չես գտնէր, այս օրհնած հողին վրայ կէս-գիշերուն քեզ կ'ուգան դուռ կը բանան եւ ոչ միայն դուռ կը բանան` այլ գիւղեն կ'իջնեն քեզ ձիւնին, բուքին մէջեն կ'ազատեն, կը հանեն: Աստուած հայուն բարի տա՜:

Աստուած ձայնիդ լսէ, եղբայր, բայց քանի տարի է մեր մեղքերը միայն տեսաւ, մեր գլխեն պատիժ պատուհասն անպակաս չընէր, դու քանի տարի է օտարութեան ես, չես գիտէր. ի՜նչ քաշեցինք աս անօրէն անողորմ ազգին ձեռքեն, որ յոյնն ու պարսիկ մոռացուց, ոտքին հասած տեղն աւերակ դարձուց:

Ինչպէ՜ս չգիտեմ, մէկ քանի հատը` Մուշ` երէկ չէ առջի օր այս ձեռոքս հաւու պէս մորթեցի:

Աստուած ձեռքերուդ մէջեն այսպիսի գործ պակաս չընէ: Տղա՛ք, բեռերը վար առէք, ձին ախոռ քաշեցէք:

Բայց դու, Կարապետ եղբայր, զրուցէ՛ թէ գիւղին մէջ իշխաններ հիւր եկա՞ն:

Մենք իշխան չտեսանք, եղբայր:

Կէսօրին մէկ փառահեղ, մեծ երիտասարդ մը անցաւ, ըսաւ Կարապետի տղայն, քանի մը վայրկեան կեցաւ եկեղեցուոյ առաջ. իբրեւ թէ մտածէր իջնել եւ վերջը միտքը փոխէր, շտկուեցաւ ձիուն վրայ` քշեց եւ գնաց: Ձին ճերմակ պիսակաւոր էր, լաւ՜ ձի էր:

Նա է` Գուրգէն իշխանն է. հիմա նա. Մոխրաբերդ իջած կը լինի:

Ի՜նչ կ'ըսես, եղբայր, կարելի՜ բան է:

Գուրգէն անկարելին կարելի կընէ: Տեսնէի՜ք թէ ինչ էր նա կայսեր քաղաքը, յունաց բանակներու մէջ, ամէնքը կը սիրէին: Մեր հայերը շատ պատիւ ունին զինուորաց մէջ. քսան տարի առաջ Յունաց կայսրը հայ է եղեր եւ Արծրունի մը. մեծ զօրապետը Մամիկոնեան էր. մենք Թորթում էինք, երբ նորա մահը իմացանք, ի՜նչ քաշ, ի՜նչ խելօք ծեր էր:

Այս միջոցին վառարանը սենեակը լուսաւորեց, եւ մեր Վահրիճ եղբայր «Փա՜ռք քեզ աստուած» ըսելով տարածուեցաւ կրակին քով, տանտէրն ալ դիմացը նստած կը հրամայէր տղոց, որ կերակուր բերեն, գինի հանեն, ձիուն ուտեստ տան:

Բայց դու, եղբայր, կ'ըսէր Վահրիճ, ինձ զրուցէ՛ թէ ի նչպես է տէր Սահակ աւագերէց, մեռաւ՞, ո՜ղջ է, ի՜նչ կընէ, ո՜ւր են մեր բարեկամները. ձեզ մինակ եւ տխուր կը տեսնեմ. մեր կնքահայր Գէորգը, սանահայր Պետրոսը, ի՜նչ կ'ընեն, լաւ՞ են:

Այստեղ, Վահրիճ իւր բոլոր հնարիմացութիւնն ի գործ գրած էր հարցմունքին ձեւին մէջ. չուզելով կնքահայր Գէորգի անունն առաջ դնել որ նա նախադասելով կասկած չի տայ թէ առաջ Գէորգի տուն գնացել էր:

Ի՜նչ կը հարցնես, Վահրիճ, պատասխանեց Կարապետ, դու չե՞ս իմացեր թէ մենք այս քանի տարի է ի՜նչ կը քաշենք, աստուած մեզ երեսէ թողուց, այդ անիրաւ տաճիկը կ'ուգայ այս տարի հոս կը զարնէ, գալ տարի հոն կավարէ, կը սպաննէ, կը գերէ, կը քանդէ: Խեղճ Գէորգը բոլոր ունեցածը ծախեց, տուն-տեղ ամէն բան թողուց, Բաղդատ գնաց կինն ու քսան տաբու տղան գերութենէ աղատելու համար, թէ որ ողջ, առողջ կարէնայ գտնել անօրինաց ձեռք: Գեղին կէսը աւէր է. մենք էլ չենք գիտէր թէ գարնան ի՜նչ կը մնա մեզ լինիլ. զարմանք հոն է, որ դու ողջ հախսեր ես այդպէս մինակ. դուք որ հոռոմոց երկրեն կ'ուգաք, Տարոնոյ անցաք, ես կը զարմանամ ինչպէ՛ս անցաք. մենք կը լսենք թէ բոլոր այդ երկիրը արաբացիք զարկեր կը բնակին, ժողովուրդը եթէ չսպաննեն` գերի կ'ընեն: Արդէն քու խօսքդ քանի տարի է չի կար, երկու անդամ, որ ես Մոկս գնացի` քեզ հարցուցի, քանի տարիէ պանդխտութիւն գնացել է ըսին: Հիմա որ եկար` կերակուրդ կեր եւ մեզ պատմէ քու ճամփորդութիւնքդ, քու տեսածներդ, քու այդ Գուրգէն իշխանդ, թէ նա այնպիսի՞ մարդ է որ մեր ցաւոց դարման լինի, թէ ցաւ մ՚ալ ինք պիտի աւելնայ մեր վրայ:

Կերան, խմեցին մեր հիւր եւ տանտէր, եւ երբ հանգչեցան, մեր բարեկամ Վահրիճ սկսաւ խառնափնթոր իւր պատմութիւնը պատմել. թէ ինչպէս մէկ երկու քուրդ սպաննելով իւր Մոկաց երկիրը եւ տեսնելով թէ վբեժխնդրութեամբ զինք կը փնտրեն նոցայ ազգականները, խոհեմութիւն համարէր էր քիչ մը ատեն քաշուիլ եւ դէպի Տպէր ուղեւորիի թէ ինչպէս ճամփան հանդիպէր էր Գուրգէն եւ տեսնելով երիտասարդ տղայ մը ազնուական եւ անփորձ, որ ամենեւին առանց իւր ոտքի տակ գտնուած աշխարհքը ճանչելու կ'երթար հեռու աշխարհք բախտ փնտրելու. եւ կարծելով թէ միամիտ տղու մը հետ գործ ունի` ինք` հասուն երիտասարդ եւ քիչ մը սրիկայ` եւ թէ այդ վիճակեն օգուտ քաղել ուզելով` նորա ծառայութեան մէջ մտէր էր. «Վասնզի, կ'ըսէր Վահրիճ, ես փախստական մը` միտք ունէի երթալ ոեւիցէ՛ իշխանի մը ծառայութեան մէջ մտնել. իսկ այս տասնեօթը տարեկան տղուն ծառայութեան մտնելով ինքնիրենս կ'ըսէի. ո՛վ որ զմեզ տեսնէ, նախ իմ վրաս համարում կառնու, զիս սորա դաստիարակը կը կարծե. երկրորդ, երբ սա սկսի իւր գործը կարգին դնել եւ քիչ մը դրամի տէր լինիլ, բնականապէս ես գանձապետ լինելով իրմէ աւելի հարուստ պիտի լինէի. երրորդ, ես զօրաւոր եւ արդէն քանի մը պատերազմ տեսած, քանի մը քուրդ սպաննած, զէնք գործածելու մէջ յաջողակ, այդ տղայ իշխանն պիտի Վսհաբեկէի, երբ մինակ լինէինք եւ բնապէս աւելի տէր ես պիտի լինէի, քան թէ նա: ուստի Տարօնս սահմանագլուխը իրեն հանդիպելով` այս խորհրդածութեամբք խնդրեցի զիս սպասաւոր ընդունիլ. իսկ նա, որ իր միամիտ հարցմունքներով եւ պատասխաններով զիս զուարճացուցեր էր, երբ պարզ կերպով ընդունելով իմ խնդիրքս աւելցուց թէ սուտի եւ անիրաւութեան թշնամի լինելով` պէտք էր զգուշանալ այդ բաներէն, վասնզի չէր կրնար ներել եւ անպատիժ թողուլ, ծիծաղս հազիւ բռնեցի, վասնզի ես փորձ էի եւ երեսունը անցած. լաւ՛, շատ լաւ ըսի եւ ընդունեցայ: Մեր դաշնադրութեան երկրորդ օրը Եփրատայ մօտեցեր էինք, գիւղ մը գիշերը օթեւանելով, երբ առաւօտուն իշխանը ձի կը հեծնէր, գիւղացի մարդ մը եկաւ գանգտելու թէ ինչպէ՛ս ես անառակութեամբ ուզէր էի բոնի գզուել եւ համբուրել դեռահաս աղջիկ մը, եւ նորա աղաղակներէն բռնադատ եալ միայն թողլու էի պարտաւորել եւ ծանր նախատինքներ ըրած էի տարէց կանանց, որ նորա պաշտպանութեան դիմէր էին. իշխանը որ ես տղայ կը համարէի հանդարտութեամբ ինձ հարցուց, թէ իրաւ՞ է այս ամբաստանութիւնը, իսկ ես քմծիծաղով մը այո, ըսի. վասնզի ո՞վ կրնար վախել այդ աղջկան նման պատանիեն, ան ատեն դարձաւ գիւղացուոյն ըսաւ. «Հայրիկ, կը տեսնես, որ իմ ծառան սուտ չի զրուցէր, եւ ուրիշ անգամ այդպիսի բան ալ չընէր, ես քեզ կ'ապահովեմ»: Ես ալ հեծա եւ գնացինք: Երբ Եփրատն անցանք, եւ երեկոյի ժամանակ էր, եւ գիւղը ուր պիտի օթեւանէինք մօտ էր` հասանք աղբիւրի մը գլուխ ուր մարդ չի կար, տեսնեմ իշխանը ձիեն վար թռաւ, ինձ էլ լրջաբար վար իջնել հրամայեց, ձին ծառի մը կապեց, ինձ նոյնը հրամայեց, ես ալ իմ ձին կապեցի Չէի հասկնար թէ ի՛նչ ըսել կուզեր. բայց երբ տղայական հանդարտութեամբ ըսաւ թէ` «Դու խոստովանեցար աս առաւօտ քու յանցանքդ, քու անիրաւութիւնդ, եւ որովհետեւ ես խօսք տուի, որ ուրիշ անգամ այնպիսի չարութիւն պիտի չընես, պէտք է զքեզ պատժեմ»: Եւ հազիւ թէ ծիծաղի ժամանակ ինձ թողլով` ձախ ձեռոքը իմ ծոծրակս բռնեց այնպիսի զօրութեամբ, որ կարծեցի թէ երկաթ մը զիս յափշտակեց եւ գետին զարկաւ, ու մէկ ծունկը մէջքիս վրայ դրաւ եւ աջ ձեռքի խարազանով այնպիսի՛ ծեծ մը ինձ զարնել սկսաւ, որ ես շարժէլու անկարող` պարտաւորեցայ աղաչել, պաղատիլ, որ թողու: Իսկ նա անխնայ կը զարնէր, մինչեւ որ տղու պէս «Մեյ մ՚էլ չեմ ընէր» ըսի, վայրկենին թողաց եւ ինձ զրուցեց ամենայն հանդարտութեամբ` իբրեւ թէ մեր մէջ ամենեւին բան մը չէր անցած, «պէտք որ որ քիչ մը առաջ խօսք տայիր ուրիշ անգամ այդպիսի անիրաւութիւն չընելու, ես քեզ այսչափ դիւրին չէի թողուր, բայց յիշեցի, որ իմ առաջին պատուերս չէիր մոռցել եւ սուտ չըսիր` չուրացար: Տէ՛, ե՛լ ուրեմն եւ զգուշացիր»: Կ'ուզէի ելնել, բայց մէջքս ուր ծունկը դրեր էր կարկամել էր, ծոծրակս, ուր իւր երկթէ ձեռքերը անցէր էին` չէի կրնար շարժէլ. իսկ խարազանի հարուածները ուր ընդունէր էր, այնպիսի վիճակի մէջ էր, որ ձի նստելն անկարելի էր. ուստի ամօթես վերջի ճիգն թափելով` խուրտուխաշ մարդ մը` ելայ կ'անգնեցայ. իսկ սարսափելի իշխանը` որ ես քառորդ մը առաջ իբրեւ տղայ կը ծադրէի` քակեց ձին, հեծաւ վրան եւ գնաց գիւղ: Հոն` աղբիւրի գլուխ կեցած` սկսայ մտածել թէ այդպիսի վտանգաւոր տղու մը ծառայութեան մէջ կ'ենալեն աւելի լաւ էր թողուլ երթալ: Գիւղը չէի ուզէր մտնել, բայց վիճակիս դարման գտնելու համար պէտք էր, ուստի քառորդուան մը ճամփան ժամու մը մէջ առնելով մտայ գիւղ, եւ առաջին տունը, որ հասայ հիւրընկալութիւն խնդրեցի. մեր հայ գիւղացիք լաւ մարդիկ են, երբ իմ վիճակս տեսան եւ իմացան թէ ծեծ եմ կերած, պառաւ մը բերին, որ դեղ շինէ ինձ. ո՜հ, այդ պառաւփն դեղը իմ կերած ծեծէս աւելի սարսափելի էր, վասնզի չի կրնալով դիմանալ կովու պէս կը պոռայի, երբ յանկարծ` «Վահրի՛ճ, չե՞ս ամաչէր, որ տղու պէս կը կ'անչուըռտես» ըսաւ ձայն մը գլխուս վերեւ, որ լաւ ճանչեցի, իշխանին ձայնն էր, եւ իրօք ամաչեցի: Իսկ պառաւը բժշկի անգթութեամբ եւ անհոգութեամբ` «Որովհետեւ շուտ առողջանալ ուզեցիր, կ'ըսէր, մեծ դեղն ընել պէտք էր, դու յանձն առիր. վաղն առաւօտ հեծիր ձին` գնա՛, բան չի կայ ամենեւին, մի՛ վախեր»: Երեսի վրայ պառկած էի, վասնզի ուրիշ դիրք կարելի չէր, երբ ինձի քիչ մը բան ուտել հրաւփրեցին. իւրաքանչիւր պատառ դժուար վար կ'երթար. ուստի պառաւին դիմեցին, նա եկաւ` ծոծրակս տեսաւ, «Հը՛, հրէք հողի են եղեր սա ծեծողները, մէկը գլուխն է բռնէր, մէկը մէջքեն է կոխէր, մէկն ալ զարկեր է. հոգ չէ, աս ալ կ'անցնի», ըսաւ, դեղ մ՚ալ ծոծրակիս գրաւ, եւ ես տքալով քուն մտայ, առաւօտուն արթնցայ, որ աղէկ եմ: Պառկած տեղս սկսայ խորհրդածել եւ կ'ըսէի— այո՛, իշխանը (որ էլ տղայ չէր) այս սոսկալի ուժով շատ առաջ կ'երթայ, եւ նա երբ մեծնայ բնականապէս մեծութեան մէկ մասն ալ իմ կը լինի, խելօք եղի՛ր, Վահրիճ, այդ մարդուն քովեն մի՛ զատուիր, սուտ մի՛ զրուցեր… բարեբախտաբար որ սուտ չէի զրուցէր, այդ տղան… այդ իշխանը զիս անտարակոյս կը սպաննէր ծեծի տակ… բայց անիրաւութիւն բառին մէջ աղջկան երես պագնելը կա՞… ես այսօր ճամփան պէտք է երեսս պնդացնեմ եւ իրմէ մեկնութիւն խնդրեմ եւ իմանամ թէ անիրաւութիւններն քանի՞ են: Ո՜վ կ'ըսէր թէ այդ աղջկան պէս տղուն քով այդչափ ուժ կա… մեր Հայկն է այնքան ուժ ունեցել, մէկ մ՚էլ Տրդատ թագաւոր, սա էլ երբ քսան տարեկան լինի լեռներ պիտի փրցնէ: Ես այս իշխանեն չեմ զատուիր, երբ ուրիշ անգամ սատանան զիս սխալեցնէ` «մէկ մ՚էլ չեմ ընէր, մեղայ» կը գոչեմ ու կազատիմ: Ուստի ելայ պառկած տեղես, տեսայ որ կրնամ շարժիլ, փառք տուի աստուծոյ, պառաւին ձեռքն համբուրեցի (այս համբոյրին վրայ ծեծի վտանգ չի կար), նա ալ «ապրիս» ըսաւ, եւ ելանք ճամփայ: Այն օր, այսօր, ութ տարի եղաւ անցաւ` ոչ ծեծ, ոչ ծանր խօսք մը չեմ լսած: Բայց դիանալու է բնութիւնը, դէմ տալու չի գար: Վերջն սկսաւ պատմել Մանուէլ Մամիկոնեանի բանակը մտնելն` եւ թէ ինչպէ՛ս փոքրիկ գունդի մը զօրապետ անուանեալ` շատ քաջութիւններ ընելով Թորթումի գաւառը պարգեւ ընդունեցաւ կայսրեն, եւ շատ դրամ Մանուէլի միջնորդութեամբ` որ անբաժանելի կուզեր քովը պահել զինքն եւ աղջկան մէկը իրեն տալ, եւ որ Գուրգէն չընդունելով ամէնքը զարմացան եւ կարծէին թէ Մանուէլ զինք պիտի արհամարհէր, բայց նա դարձեալ կը սիրէր, մինչեւ որ նա մեռաւ, եւ իրենք գնացին Թորթում, ուր իշխանը գեղեցիկ ամրոց մը նորոգեց եւ գրեթէ շինել տուաւ լճին վրայ եւ վայելուչ ամառանոց մը ջրվէժին քով, եւ բոլոր կահ-կարասիքը բերել տուաւ թագաւորական քաղաքեն: Թէպէտ չի խօսիր եւ չի զրուցէր` բայց կ'երեւայ թէ նշանած է օրիորդի մը հետ, եւ սիրածը շատ հեռու պէտք չէ լինի, վասնզի այսօր դիւահարի մը պէս ձին կը քշէր, մինչեւ որ բոլորովին անհետացաւ. ո՜յ գիտէ թերեւս Ցոլակն էլ սպաննեց:

Իշխանի, նախարարի, եպիսկոպոսի, վարդապետի գործն շատ դիւրին է, եղբայր, մենք ժողովուրդս մտածենք, որ իշխանին էլ, քահանային էլ, աւազակին էլ, հասնելու ենք, տալու ենք: Դու այդ մարդուն ծառայելովդ ի՜նչ օգուտ ունեցար, այդ պատմէ մեզի:

Վրանիս աստուած կայ, ես այդ մարդեն երկրէ երկինք գոհ եմ. ամէն տարի իմ ու տանս պէտքը կը հոգար, մինչեւ իմ թուղթերս տարին անգամ մը ինք կը գրեր եւ կ'ուղարկէր, պատասխանները ձեռքս կը հասցնէր հիւանդ որ լինէի կը նայէր, կը հոգար, միայն ինձի չէ` ամէն իւր ծառայողներուն հետ այսպէս կը վարուէր:

Այդ մարդը Արծրունի՞ է:

Այո՛:

Ինչո՞ւ Հայաստան կը թողու կ'երթայ, մենք այդպիսի իշխանի մը պէտք ունինք, այդպիսի քաշ մը եւ լաւ մը երկիրը կը պահէր թշնամիներէն, աւազակն երէն եւ քեզի պէս սրիկայ երիտասարդներն էլ կը խելօքցնէր, մարդ կ'ընէր:

Ուղորդ է, Կարապետ եղբայր, շատ ճշմարիտասացիր: Հիմա ձեր իշխանն ո՞վ է:

Աշոտն է, Արծրունին. վատ մարդ չէ, բայց ի՜նչ կարող է անէի երկիրը չի կրնար պաշտպանել. երբ թշնամին քիչ է, սակաւաթիւ է, այդ իշխանները կը վազեն վրան, կը ցրուեն, իսկ երբ շատ է, կը քաշուին իրենց բերդերն, իրենց ամրոցներն, վերեն կը նային թէ անօրէնը ի՞նչ կընէ, ինչպէ՞ս կսպաննէ, ինչպէ՞ս գերի կը տանի, ինչպէ՞ս կայրէ, ինչպէ՞ս կը յափշտակէ: Եւ երբ նա կ'երթայ, կ'իջնեն իրենց ծա կ'երեն, ժողովուրդը կը կսկծան եւ կը յորդորէն, որ նորէն ցան են, նորէն հնձեն, նորէն շինեն: Ահա մեր վիճակը: Այդ անիծած արաբը դեռ երէկ էր, որ եկաւ քանդեց, ապականեց երկիրը. ի՜նչ ըրաւ Աշոտ մեծ իշխանը, գնաց ամրացաւ բերդերը, ընծաներ, պատանդներ ղրկեց արաբին, ինքզինքը ազատեց, ճշմարիտ է, մեզ ալ ազատեց, բայց բանը բանեն անցնելեն վերջը:

Մա՛րդ, մա՛րդ սասնցիք են, եղբա՛յր, նախարարներու, իշխաններու, Արծրունեաց, Բագրատունեաց ընել չի կրցածը ըրին մարդիկը` գլուխ հանեցին: Տարօն հիմա արաբ մը չի կայ:

Ի՜նչ կ'ըսես, եղբայր, երկու շաբաթ չի կայ, դեռ հոս էին Տարօնս եկած, սասիկ զարկին, մենք իմացանք, պատրաստուեցինք, որ էշնահատակ չլինինք. եթէ մեռնել է` գոնէ մեռցնենք այնպէս մեռէինք, ըսինք, մէկ մ՚էլ իմացանք, որ անհետացեր են: Այս անօրէնները այս կողմ, այն կողմ կը զարնեն: Լաւ ծեծ մը պէտք է ուտեն, որ մեյ մ՚էլ չի գան:

Եթէ լաւ ծեծ մը այս անօրէնները խելօքցնէր, որ է՛լ չիգան, սասնցիքներէն երեք օր առաջ կերածնին պիտի լինի, վասնզի մէկ հատ չի մնացին. Ոստիկան, զօրապետ, ձիաւոր, հետեւակ, ամէնքն էլ մինչեւ վերջինը ջարդուեցան Մշոյ մէջ:

Ի՜նչ, եղբայր, երա՞զ կը տեսնես:

Ի՜նչ երազ, Ս. Կարապետ վկայ, որ հատ մը չմնացին:

Դու ուստի՞ գիտես, ո՞վ քեզ պատմեց:

Ես հոն էի, ես միասին էի. ես իմ աս ձեռոք քանի հատ հաւու պէս մորթեցի, ըսի քիչ մը առաջ. խո՞ւլ էիր, չիմացար:

Ան ատեն Վահրիճ սկսաւ ծայրէ ծայր պատմութիւնն ընել: Բոլոր ընտանիքը ժողւուած ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէին. եւ երբ թշնամուոյն կոտորածին հասան, երբ ոստիկանին մահուան պատմութիւնն լսեցին, է՛լ ուրախութիւնը իր վերջին սահմանները գտաւ. Կարապետը իւր տղայքը վազցուց տէրտէրին, դրացուոյն, ազգականին, խնամիին ու սանահայրին տունը թէպէտ ձիւնը կ'ուգար բայց դարձեալ սենեակը բազմութեամբ լցուեցաւ, եւ երբ սասնցուոց քաջութիւնն երկրորդ անգամ եւ աւելի զարդարուն պատմեց Վահրիճ, ամէնքն զմայլեցան, գինին ծածկած կարասներէն յայտնի եղաւ` դուրս եկաւ, երգող բանաստեղծը իր եռաթելեան պարզ նուագարանը ձեռք առած երգեց սասնցոց գովաբանութիւնը, ուրախութիւնը մինչեւ կ'էս-գիշէր տեւեց, եւ ամէնքը «գիշեր բարի» եւ «լոյս բարի» մաղթելով իրարու ելան գնացին իրենց տեղ, մեծ մեծ շնորհակալութիւն ընելով Վահրիճին, որու պատմական աշխոյժը մինչեւ փառաւորեցաւ բանաստեղծներու երգերուն մէջ: Կային երիտասարդներ որ երբ մեծերը տուներն մտան, ցրուեցան, իրենք փողոցին մէջ ձիւնին տակ կեցած` «Եղբա՛րք, մենք էլ սասնցուոց պէս ինչո՞ւ չլինինք, վտանգի օրը երբ կը հասնի` յիմար հաւուն պէս գլուխնիս փոխանակ ծածկելու տեղ ինչո՜ւ չելնենք, թշնամ վոյն դէմ չի յարձակինք. մինչեւ ե՞րբ հայուն անունը վատութեամբ աղտեղենք…», եւ այսպիսի խօսքեր ըսելով գնացին իրենց տները:

Իսկ նոյն միջոցին Վահրիճ օրուան յոգնութեան եւ գին վոյն զօրութեան օգնութեամբ մեռելի պէս կը քնէր եւ որ աւելին է սաստիկ կը խորդար Կարապետ եղբօր անվրդով սենեկին մէջ: Եւ երբ առաւօտ եղաւ` հեծաւ իր գրաստին վրայ եւ կ'երթար գիւղ հարցնելու իր իշխանը մինչեւ որ մութուն հասաւ Ռշտունեաց Ոստանն: Եւ ի՜նչ եղաւ իր զարմանքն, երբ իմացաւ թէ իւր իշխանը առանց հրաման մը ձգեղու, առանց իւր խօսքը նաեւ ընելու, հեծէր Ցոլակին վրայ` ելեր գնացեր էր:

Ան ատեն ձիու գլուխը դարձուց, «երթամ Մոկս տեսնեմ թէ տունը կին եւ տղաք ի՛նչ կ'ընեն»: Եւ իրօք, երբ Մոկաց սահմաններն մտաւ, ամէն բան լաւ եւ երջանիկ վիճակի մէջ էր. վասնզի հոն Սմբատ Բագրատունի Սպարապետին հովանաւորութեան տակ Հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն կը տիրէր: