Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երկու օր վերջ մեր այս բարեկամաց խումբը կը հասնէր Կ'անգուարի բերդը, ուր Հոգեաց վանքի Թէոդորոս վանահայրը` Խոսրով եւ Գուրգէն յոգնութիւն կառնուին, երբ Հեղինէ տիկին եկաւ իրենց բարի գալուստ մաղթելու: Նոյն այն սենեակն էր ուր երբեմն Գուրգէն տեսութիւն ունեցեր էր իւր սրտին սիրելուոյն հետ:

Գուրգէն մինչեւ այն վայրկեանը, որ վանահայրը գնաց` անտարբեր տեսնուեցաւ Հեղինէի հետ, իսկ երբ միայն Խոսրով եւ նա մնացին.

Հեղինէ, քեզ շնորհակալութիւն չեմ կրնար ընել, ես գիտեմ եւ իմ սրտես կը չափեմ քու արարքդ, որ կարող եմ քեզ համար կրակի մէջ նետել ինքզինքս: Բայց քու բոլոր կարգադրութեանդ մէջ այնչափ ուշիմութիւն, այնչափ նախատեսութիւն կը գտնեմ, որ զիս շատ կը զարմացնէ եւ քու կորուստդ ինձ աւելի զգալի կրնար ընել եթէ տեղի մնար աւելուոյն: Ընդունէ՛ ո՛չ իմ շնորհակալութիւնքս` այլ շնորհաւորութիւնքս քու այդ նախատես իմաստութեանդ համար, որ գիտէի` բայց այդ աստիճանի բարձր չէի կարծէր, չէի կարծէր, որ իմ Հեղինէս Վասկանուշի հաւասար լինի: Խե՜ղճ Յովնան, խե՜ղճ Գուրգէն…

Այս խօսքերուն քանի մը րոպէ խոր լռութիւն յաջորդեց, մտածութեան վայրկեան էր այդ: Հեղինէ ընդհատեց լռութիւնը եւ հարցուց Խոսրովու.

Ո՞վ է Վասկանուշ:

Բագրատունեաց Օրիորդ մը, պատասխանեց նա, ճաշեն վերջ պատմեմ քեզի Վասկանուշի եւ Յովնանու պատմութիւնը, վասնզի կարելի չէ այդ երկու անձը իրարմէ զատել, որ իրենց կենաց մէջ թէպէտ միշտ բաժնուած` միասիրտ եւ միահոգի ապրեցան, եւ հիմա աստուծոյ սեղանին առջեւ իրենց մարմինները քովե-քով կը հանգչին:

Դարձեալ լռութիւն յաջորդեց` մինչեւ Հեղինէ ելաւ` իր թէ տնական թէ իշխանական գործերը տեսնելու, որ իր հեռաւորութեամբ կրնային անտես մնացեալ լինիլ:

Այն ատեն Գուրգէն հարցուց.

Վասկանուշ ե՞րբ մեռաւ, Խոսրով, ես ամենեւին չիմացայ:

Հազիւ թէ տաի մը կամ երկու` Յովնանու նահատակութենեն վերջ ապրել էր:

Զարմանալի՜ ճակատագիր, ըսաւ եւ հառաչից Գուրգէն, յետոյ իր Յովնանու տեսիլքը պատմեց:

Երկու օր հիւր եղան մեր իշխանները Կ'անգուարի բերդը. երրորդ օրը Գուրգէնի խորհրդով Խոսրով յայտնեց Հեղինէի թէ ինք հրաւիրած էր իւր տկար բարեկամր Ակէոյ գաւառն եւս օդափոխութիւն ընելու եւ այսպէս անգամ մ՚էլ հրաժարեցան այս երկու սիրեցեալք տխուր եւ լուռ սրտի արտասուոք:

Իսկ Խոսրով զարմանքով կը դիտէր սիրոյ այս ուրիշ կերպարանքն: Կը բաղդատէր Հեղինէ Վասկանուշի հետ, որ ուրախ, զուարթ կը խոսէր, կը ծիծաղէր, եւ այդ ուրախութեան դիմակին տակ ցաւագին սիրտ մը անթափանցելի կը ծածկէր: Իսկ հիմա զհեղինէ կը տեսնէր աւելի երիտասարդ, նոյնպէս սրամիտ, հեռատես, կառավարութեան ոգի ունեցող, բայց սա արձան էր մարմարեայ` հազիւ թէ ժպիտ մը իւր շրթանց վրայ կը նշմարուէր, իւր պարզ ճակատը ոչ կնճիռ ունէր եւ ոչ զուարթութիւն, իւր խոր եւ սուր աչքերը ծանր ակնարկ մ՚ունէին անխռով ուրախութեան, տրտմութեան եւ երկիւղի համար: Գիտէր Խոսրով, որ եթէ Մուշեղ հիւանդ չլինէր` եւ այդ կնոջ ձեռք չլինէր երկրին կառավարութեան ղեկը` Կ'անգուար եւ Անձեւացեաց գաւառը թշնամեաց աւար եւ յափշտակութիւն պիտի դառնային: Բայց մէկ կողմեն նախատեսութիւն` ժողովրդոց պիտոյքը հոգալ ժամանակին, միւս կողմեն խստութիւն, որ ներել չէր պիտեր մատնութեան եւ դաւաճանութեան, այլ դատաստանական վճիռներ անդառնալի դործադրել կատար, փրկարար զէնքեր եղել էին այդ կնոջ ձեռք: Բուղայի ամիրայից եւ զօրավարաց յափշտակութենեն պահելու համար երկիրը եւ ժողովուրդը` գաւառին գլխաւոր բերդերը Նորաբերդ եւ Կ'անգուար ոչ միայն լաւ ամրացեալ էին, այլ նաեւ երկու-երէք տարուան պաշար ու զէնք ունէին, վտանգի ժամանակ ժողովրդեան ոչ միայն իրաւունք տուած էր ամրանալու, այլ ամէն տեղ պահապաններ եւ սուրհանդակներ իմաց կ'ուտային անպատսպար գիւղերու եւ աւանաց, որ վտանգը չի հասած փախչին ազատին: Կ'անգուար եւ Նորաբերդ քանի-քանի՜՜ անգամ պաշարուիցան ի թշնամեաց, թշնամին սովեցաւ եւ գնաց, իսկ Անձեւացեաց ժողովուրդը պաշար ունէր մարդկանց համար, դարման ունէր կենդանեաց` ի շնորհս իշխանուհվրւյն, որ նախագահութեամբ խիստ, բայց արդար ձեռքով կը կառավարէր: Իր ընտրած զօրավարներն քաջ կին եւ արթուն, իր դիած դատաւորներն ուղիղ էին եւ անաչառ: Խոսրով ինք փորձել էր միջնորդել քանի մը յանցաւորներու շնորհք խնդրելով, եւ այդ անողոքելի երիտասարդ կնոջ պատասխանին առջեւ լռել էր: «Այսպիսի վիճակի մէջ, ըսել էր Հեղինէ, ես ուխտ ըրած եմ դատաստանական վճռաց մէկ գիրը, մէկ կէտը չաւրել. երբ թրամին զմեզ կը պաշարէ, կողողէ եւ կը ջնջէ, գթութիւն մատնիչներու, դաւաճաններու եւ իրենց պարտքը չի կատարողներու համար, մատնութիւն եւ դաւաճանութիւն է ազգին դէմ, կրօնքին դէմ: Ներէ՛, իշխան, զքեզ հօրս պէս կը յարգեմ եւ կը սիրեմ, բայց այդ խորհրդոցդ չեմ կրնար հնազանդիլ: Ուխտ ըրած եմ աստուծոյ, ուխտազանց չեմ կարող լինիլ»:

Երբ իր այս խորհրդածութիւնքը յայտնեց Գուրգէնի, նա դառն ծիծաղով պատասխանեց.

Ի՜նչ բարեբախտ են եղեր Վասակ Կ'ովակէր եւ իրեն նման անպիտան դաւաճաններ, եւ ես էլ ի՜նչ դժբախտ եմ եղեր, որ Հեղինէ իմ կինս չէ. անտարակոյս Յովնանու խիստ արդարութեան օրինակը ինձ կանոն պիտի ընել տար, եւ ես անզգամները կախաղան Հանելու պիտի պարտաւորէի:

Ամիս մը ժամանակ հազիւ կրցտվ Խոսրով արգելուլ Գուրգէն Ակէոյ գաւառը, որ կատարեալ առողջանայ եւ հինքն գա: Ամէն ջանք անօգուտ եղաւ, վասնզի լսելով թէ ի՛նչ անիշխանութիւն կը տիրէր Բաղդատ, չի կրցաւ համբերել եւ գնաց Վասպուրական, մտաւ իւր հայրենի գաւառը Մարդաստան քանի մը հաւատարիմներով:

Ժողովուրդը երբ իմացաւ Գուրգէնի դարձը` խուռն բազմութեամբ զինք դիմաւորեց ուրախութեան եւ գոհութեան ցոյցերով, վասնզի Գրիգոր Դերենիկ Աշոտոյ երիտասարդ անդրանիկը, որ հօրը փոխանակ կը վարէր Վասպուրական երկիրը, մինչդեռ նա Բաղդատ էր, շատերու ատելի էր անձնահաճ գոռոզութեանն համար: Գուրգէնի գալուստը բոլոր փոքրիկ բռնաւորները զարհուրեցուց, որ կը տիրէին բերդերու եւ քաղաքաց. շուտ մը ժողովուեցան Դերենիկի շուրջը եկան Գուրգէնի վրայ, որ իւր սակաւաթիւ զօրօք յարձակեցաւ, ցրուեց զամենքը եւ դարձուց կորակոր ի փախուստ, թէպէտ աջ արմունկեն վփրաւորուեցաւ. յայտնի էր թէ ժամանակի կարօտ էր բժշկութեան:

Դերենիկ եւ իւրայինք իմանալով այս վիճակը` դարձեայ յարձակեցան բազմութեամբ Գուրգէնի վրայ, որ վփրաւոր` ոչ կատարեալ կազդուրեալ հիւանդութենէ եւ բանտի նեղութեանց ու տառապանաց` բռնուեցաւ իւր թշնամիներէն, որ տարին զէնք եւ բանտեցին շղթայակապ Հադամակերտ քաղքին` իւր հայրենի պալատին մէջ:

Հոն երբ գիշեր մը նստած (էր տխուր եւ վիրաւոր, յանկարծ բանտին դուռը բացուեցաւ, եւ Դերենիկին ծառայներէն մէկը մտաւ ներս` քակեց Գուրգէնի շղթաները եւ զէնքերն առջեւը դնելով` «Դա միայն կրնաս իմ վրէժս այս յիմար եւ գոռոզ երիտասարդեն խնդրել, քայլէք եկ ինձ հետ եւ մէկ հարուածով տէր եղիր ո՛չ Մարդաստանի միայն, այլ բոլոր Վասպուրականի», ըսաւ: Մերկ սուրն ի ձեռին, մտաւ Գուրգէն Դերենիկի սենեակը, եւ մեծ ու տխուր ձայնով`

Որդեա՛կ իմ Դերենիկ, ողջոյն քեզ, ողջոյն քեզ, գոչեց:

Երբ Դերենիկ աչքերը բացաւ այդ ահարկու հսկայն տեսաւ սուսերամերկ, որ բանակներու սարսափն էր`

Հայր իմ, խնայէ՛ ինձ, միայն կրցաւ զրուցել, եւ լեզուն կապուեցաւ:

Իսկ Գուրգէն, որու վեհ սիրտր ոչ հին հայրենական եւ ոչ նոր անարգանաց վրէժխնդրութիւն կրնար տածել, առանց պատասխան տալու` թողուց եւ ելաւ քաղքեն. հրազանի գիւղին մօտ վանք մը գնաց ապաստանեցաւ կրօնաւորի մը մօտ, որու բարերարն եղած էր երբեմն: Իսկ սա զարմանալի ապերախտութեամբ Գուրգէնն ապահովցնելով նեղ սենեակի մը մէջ, մատնեց Դերենիկին, որ դարձեալ բանտ դնել տուաւ առանց ամենեւին վնաս հասցնելու:

Բայց այս միջոցիս, երբ Խոսրով մէկ կողմեն` Գուրգէնի այս դժբախտութիւնը լսելով կ'ուգար Վասպուրական, միւս կողմանէ Զաքարիա Հայոց կաթողիկոս` հետն առած Աշոտ Բագրատունի, որ իշխանաց իշխան պատուանունն ունէր, կ'ուգային Վասպուրականի քաջին ազատութիւնը խնդրելու: Դերենիկ այս պատկառելի անձանց չի կրնալով դիմադրել` ազատութիւն տուաւ Գուրգէնի եւ դարձուց իրեն Մարդաստան` իւր հայրենի ժառանգութիւնը:

Սակայն Գուրգէն, որ գտեր էր առջի առողջութիւնն եւ առջի զօրութիւնը` զզուած էր աշխարհիս բանսարկու մատնութիւններէն նոյնիսկ Բագրատունի Աշոտոյ խորիմաց քաղաքագիտութիւնն ու փառասիրութիւնը` իւր բարձր սրտին դառնութիւն կը պատճառէին. Հեղինէի անյոյս սէրն ու յիշատակը ամէն մեծութենէ եւ իշխանութենէ զինք պաղեցուցել էր. Մարդաստան կարգի դնելեն վերջ, իրեն զբաղմունք րնտրեց Տարոնոյ անտէրունչ գաւառը մաքրել թշնամիներէ եւ խեղճ ժողովուրդը անդորրացնել:

Այս «շրջաբերական յեղափոխման» կենաց մէջ` «արիական քաջասրտութեամբ սիրեց եալ ընդ բնաւ աշխարհաց»` ժամանակակից հեղինակին խօսքերը կը վկայէն թէ ինչ էր ժողովրդոց համա» կրութիւնն իրեն համար:

Նոյն միջոցներուն, Աշոտ իշխանաց իշխան` Հայոց, Վրաց եւ Աղուանից իշխանները նուաճելու նպատակ դրած, մտաւ յանկարծ Վասպուրական, եւ Դերենիկ չի կրնալով դիմանալ բռնուեցաւ եւ կալանաւորուեցաւ: Գուրգէն Տարօն էր, երբ այս անիրաւութիւնն իմացաւ: Առանց վայրկեան մը կորսնցնելու, չորս հարիւր ընտիր սպառազէն զօրօք զաշոտ փնտրելու ելաւ, եւ իմանալով թէ Ռշտունեաց Ոստանն բանակէր էր, առանց նորա զօրաց թիւը հարցնելու` եկաւ Ռշտունեաց Նորագեղ եւ գրեց իշխանաց իշխանին թողուլ Դերենիկ` Հապա թէ ոչ տեսից զքեզ ի զէն` հասպազէն եւ ի ճակատամարտ», ու կը մտածէր գիշերային պատերազմաւ հասնիլ Աշոտոյ վրայ:

Բայց սա խորագէտ եւ իմաստուն էր. այնպիսի մարդու հետ վտանգաւոր խաղ խաղալ չէր ախորժէր. քաղցրութեամբ պատասխանեց Գուրգէնի եւ ապահովեց թէ վնաս հասցնելու միտք չունէր Դերենիկին: Այն ատեն պատասխան գրելով Գուրգէն Աշոտոյ առաւել քաղցրութեամբ եւ մեծ յարգանօք` առաջարկեց իւր աղջիկը տալ Դերենիկին ի կնութիւն եւ ի տիկնութիւն Վասպուրականի: Յանձն առաւ Աշոտ եւ տարաւ Դերենիկը Բագարան, ու մեծ հանդէս հարսանեաց կատարելով խաղաղութիւն հաստատուեցաւ բոլոր Հայաստանի մէջ: