Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Իսկ ինք Գուրգէն իբրեւ իւր վրայ ստանձնեալ` օտարին հարստահարութեանց պատուհասը, Վասպուրական, Տարօն, Ապահունիք եւ Անձեւացիք եւ մինչեւ հարզն ի սահմանս Յունաց կը շրջէր, սարսափ բռնաւորաց եւ մխիթարութիւն ժողովրղաց:

Երբ այս հեռաւոր շրջագայութեանց դարձած Մարդաստան` իւր հայրենի գաւառը կը հանգչէր, յանկարծ Խոսրովու գալուստն հրէն իմացուցին:

Մեծ ուրախութիւն էր Գուրգէնի հին եւ ազնիւ բարեկամին այցելութիւնը, եւ իւր ուրախութիւնը կրկնապատկեցաւ, երբ Խոսրովու զուարթ երեսը տեսաւ: Ընթրեցին, խօսեցան զանազան նիւ0երու վրայ, ուր մանաւանդ Բագրատունուոյն Աշոտոյ խորագէտ քաղաքականութիւնը քննութեան առիթ տուաւ իրենց: Եւ երբ ամէնքը քաշուեցան, եւ միայն այս երկու բարեկամք մնացին, Խոսրով յանկարծ իբրեւ քունէ արթնցած`

Բուն իմ գալստեանս գլխաւոր նպատակը քեզի յայտնելու չի մոռցայ` այլ դանդաղեցայ, Գուրգէն, ըսաւ Խոսրով եւ հանեց կնքեալ թուղթ մը տուաւ:

Գուրգէն նամակը ձեռքն առաւ եւ երեսին գոյնը դարձաւ.

Հեղինէի գիրն է, ըսաւ, եւ փոխանակ բանալու Խոսրովու երեսը կը նայէր:

Բա՛ց, կարդա՛յ, ո՞ւմ կը սպասես:

«Հեղինէ, Անձեւացեաց Տիկին առ Գուրգէն Արծրունի, իշխան Մարդաստանի»: Այս տողերը կարդալուն` կորովի մարդուն ձեռքերը կը դողային, առաջին անգամն էր, որ տասնմէկ տարի վերջ Հեղինէ իրեն կը գրեր, եւ այնպիսի մարդու ձեռոք կ'ուղարկէր իր նամակը:

Ո՜հ, Գուրգէն, ըսաւ Խոսրով անհամբերութեամբ եւ աննշմարելի ծիծաղով, միթէ՞ դեռ տղայ ես, բաց` կարդա՛յ, վերջ տուր սա նամակիդ…

«Մուշեղ վախճանեցաւ, եթէ որբ եւ տկար աղու մը յանձն կառնուս հայր լինիլ եւ տիրել Անձեւացեաց մի՛ դանդաղիր. արդէն ազդեցութիւնք եւ բանսարկուք մեր շուրջ պատած են, քու սիրտդ տես թէ ինչ խորհուրդ կ'ուտայ քեզ: Կշռէ եւ ըստ այնմ շարժէ: Հեղինէ»:

Ո՜հ, ըսաւ Գուրգէն տեղաց ցատկելով, եւ այսպիսի նամակ մը կը դանդաղէիր ինձ տալու, եւ Հեղինէ իմ որոշմունքես միթէ կը կասկածի: Երթա՚նք Խոսրով:

Գուրգէն, կ'երեւայ, որ դու մոռցար թէ քու բարեկամդ ծերացեր է արդէն, ես նոր ճամփէ կ'ուգամ, մէկ գիշեր մը միթէ՞ կարելի չէ համբերել:

Իրաւունք ունիս, բայց ես տասնինը տարի է կը համբերեմ: Ամէնքը զիս պատերազմի եւ արեանց ծարաւի կը կարծէին, վասնզի ես ամիս մը, շաբաթ մը հանգիստ տեղ մը չէի կրնար նստել. ամէնքը կարծէին թէ պատերազմը իմ զուարճութիւնս է, բայց դու, Խոսրով, զիս եւ իմ սիրտս կը ճանչէիր` թէ այդ սրտին կրակն էր, որ զիս հանգիստ չէր թողուր, ինչո՞ւ այդ նրբամիտ նամակն իրեն գրել տուիր. ինչո՞ւ Հեղինէ չի զրուցէր յայտնի թէ ամուսնանանք:

Դու սխալ կը դատես զիս նոյնչափ` ինչչափ զհեղինեն: Ես իրեն խորհուրդ ամենեւին չի տուի, քեզ յայտնի է, որ տասը մարդու գլուխը խելք գնելու կարողութիւն ունի այդ կինը. ինձ խնդրէր գրեր էր, որ իրեն հասնիմ: Ես երբ Կ'անգուար մտայ, Մուշեղ նոր վախճանել էր. իւր յուղարկաւորութեան հանդէսը ամենայն վայելչութեամբ կատարելեն վերջ` ինձ յայտնեց պարզութեամբ իր սիրտը, ինձ պատմեց ձեր սէրը, որ ես գիտէի բայց որ դուք երկուքդ էլ ինձ չէիք խոստովանէր, եւ լաւ կ'ընէիք, վասնզի ձէթ պարտքը լռելն էր եւ իմս գուշակել: Ինձ հարցուց թէ ինք` մայր եւ կին ի՜նչ պէտք էր ընել: Ինձ պատմեց թէ ինչպէ՞ս Դերենիկ Արծրունին Հոգեաց վանահօր ձեռոք կտակ մը ստորագրել տուեր էր Մուշեղի` նորա տկարամտութենեն եւ զառամութենեն օգուտ քաղելով. պատմեց այդ անյագ Արծրունեաց` Ռշտունեաց տիրանալը, որ քու ազնիւ սիրտդ կը փափագի մոռնալ, բայց այդ կինը, որ երկրին կորուստը կարամարհէր` Գուրգէն կորուսելուն չէր կրնար ներել, վասնզի յիշատակին միայն շրթունքը կը դողային եւ աչքերը հուր կը փայլատակէին: «Չորս տարի է, ըսաւ, որ ես գիտես թէ այս երկիրը կառավարեցի Մուշեղի անուամբ. ապստամբ, խռովարար, բանսարկու, խստութեամբ սանձահարեցի, եւ ոչ ոք չի համարձակիր խլրտելու, բայց հիմա կը տեսնեմ թէ Դերենիկ մը մէջտեղ կելնէ` Տէր Արծրունեաց` եւ շնորհիւ Գուրգէնի փեսայ իշխանաց իշխանին, եւ կը զգամ թէ ամէն հնարք, խաբէութիւն, կաշառք եւ զինու բռնութիւն ի գործ պիտի դնէ այս տկար եւ թշուառ ժառանգը ղրկելու համար: Ի՛նչ խորհուրդ կ'ուտաս ինձ դու, որ սիրտ եւ գլուխ ունիս»: Ես իրեն ըսի թէ ժամավաճառ պէտք չէ լինի, այլ շուտ մը նամակ գրէ քեզ եւ իմացնէ. թէ ես ապահով էի եւ տարակոյս չունէի, որ Գուրգէնի ազնիւ սրտին մէջ սէրն անշէջ է Հեղինէի համար, եւ թէ Գուրգէն ու Հեղինէ միացեալ ամուսնութեան կապերով` աշխարհիս բոլոր Աշոտներուն եւ Դերէնիկներուն կրնային դիմագրեր

Շատ լաւ եւ իմ սրտես խօսել ես, Խոսրով: Դու հանգչի ուրեմն եւ վաղն առաւօտ կանուխ ճամփայ կ'ելնենք: Այո, եթէ Հեղինէ իմս է, ես կրնամ արհամարհել աշխարհքիս բոլոր զօրութիւնքը, դու չես կարող երեւակայել իմ` Ռշտունեաց Ոստանն անցուցած մէկ գիշերս, երբ ութ տարի թափառելէ վերջ իմացայ թէ Հեղինէ ուրիշինն եղել է: Եթէ Արտոս լեռը գլուխս փլէր` աւելի գոհ կը լինէի: Ի՜նչ կ'ուգայ մարդկային տկար ձեռքերեն: Ես էլ տկար մարդ էի, աստուծմէ խնդրեցի, որ սիրոյ կուրացեալ չընեմ այնպիսի անարժան գործ մը, որ իմ կեանքիս մէջ խղճմտանքիս վրայ ծանրանայ. կրնայի Մուշեղ շղթայակապ թող տալ քրդաց ձեռք, կրնայի այդ գոռոզ Դերենիկը երկու մատով խղդել, կրնայի… բայց ի՞նչ յիմար խօսքեր կընեմ… աստուած իմ չարչարանացս վերջ տուաւ եւ ես ուրախ եմ, որ իմ ամենեն աւելի սիրած բարեկամս ներկա է այս վայրկենիս, որ սրտիս վրայեն այսչափ տարուան բեռը կը վերնա: Դու քուն եղիր, ես երթամ պատրաստեմ ամէն բան եւ պէտք եղած Հրամանները տամ:

Նոյն գիշեր Գուրգէն Մարդաստանի համար իւր բոլոր կարգադրութիւնքն ըրաւ, բերդերու ամրութեան ամէն հրամաններ տուաւ, բերդակալներ որոշեց, եւ հազարի չափ ընտիրներով երկրորդ օրը Խոսրովի հետ կ'ելնէր ուղեւորելու Անձեւացեաց գաւառը:

Բայց երբ իշխանը զբաղմանց եւ իր անհամբերութլանց մէջ Վահրիճ կը ձայներ, սպասաւորը, որ կարեւոր անձ մը դարձեր էր նորա իւր բոլոր կատարելութեամբք եւ բոլոր պակսութեամբք, նոյն միջոցին Հադամակերտի մօտ նստած էր անխնամ պարտէզի մը մէջ փառաւոր լուսնի գիշերով` սեղանի մը առջեւ ուր պատուական կաքաւներու եւ լորամարգներու խորոված եւ Վասպուրականի գերագոյն գինին ու Խլաթի տանձը նաեւ պակաս չէին:

Իւր դիմաց նստած էր երկար եւ խառն մորուոք մարդ մը, ում քով սեւ վերարկուն եւ վեղար կը յայտնէին թէ վանքի վարդապետն էր. վասնզի այդ պարտէզը մենաստանինն էր, որուն խեղճուկ եկեղեցին, փլփլած սենեակները կը վկայէին թէ թշուառ վիճակի մէջ կը գտնուէր շինութիւնը:

Իսկ Վահրիճ, որ յայտնի կ'երեւար թէ զուարթութեան գեղեցիկ աստիճաններուն վրայ էր

Է՜հ, հայր սուրբ, կ'ըսէր, քու վանքիդ ողորմելի կերպարանքը եւ գիեւուոյդ ու պտուղներուդ պատուականութիւնը իրարմէ շատ հեռու են, ես իմ որսերուս այսչափ լաւ ընկերներ տալ չէի կարծէր, երբ զքեզ դռան քով նստած տեսայ:

Հայր Սուրբը, որուն աչքերուն փայլը կը ցցնէր թէ պակաս չէր Վահրիճէ իւր զուարթութեան մէջ, եւ գին վոյն կուժը պարպելու համար մէկտեղ կը ճգնէր, ախորժեցաւ իւր գինուոյն գովասանքեն, պատասխանեց.

Որսորդ եղբայր, ես քեզի պէս հիւրը կը սիրեմ, որ իւր ընտիր կերակուրը մէկտեղ կը բերէ. քու կաքաւներդ ու լորամարգիդ այս գինին սեղան հրաւփրեցին, եթէ ոչ քացխած գինի շա՜տ:

Իշխանաց արժանի գինի է, ես այսպիսի զինի անգամ մ՚էլ հանդիպած եմ Տարոնոյ մէջ, համը դեռ բերանս է. Բագրատունեաց Մշոյ կարասներէն տիկս չցուցի, ո՜վ գիտէ քանի տարուայ գինի էր:

Աս գինին էլ նորա խնամին է, որսորդ եղբայր, Արծրունեաց ապրանք է, Դերենիկ իշխանը ինձ յուղարկեց… անցեալ տարի… ոչ… առաջին տարի… միտքս չէ հիմա:

Դու մեծ մարդկանց հետ գործ ունիս, հայր սուրբ, քու վանքդ պէտք էր նորէ նոր շինէին այդ մեծ իշխանները:

Այն էլ կարելի է, խելօք մարդը պարագայներէ օգուտ քաղել դիանալու է: Ս. Կարապետ գնացել ես, որսորդ եղբայր, այնպէ՞ս չէ, ի՜նչ աբեղայներ կան այնտեղ, որ խոտաճարակ կապրին. ես այդ կեանքը կը ճանչեմ, ես էլ այնպէս կը մնայի թէ որ արթուն չլինէի… ի՛նչ որ է, այսչափ միայն յաջողեցաւ, եթէ քիչ մը ժամանակ տեւէր, ես եպիսկոպոս եղած էի:

Քու եպիսկոպոսութեանդ յաջողելո՜ւն, ըսաւ Վահրիճ եւ բաժակը պարպեց:

Քու միշտ յաջո՜ղ որսորդութեանդ, պատասխանեց հայր սուրբը ետ չի կենալով. բայց քանի անգամ է, որ եպիսկոպոսութիւն կը մօտենա, հա բռնեցի, կ'ըսեմ` դարձեալ ձեռացս կը փախչի:

Այսչափ դժա՞ր բան է եպիսկոպոսանալը:

Ի՜նչ, դիւրին բան գիտցա՞ր, բայց դարձեալ քանի անգամ դիւրացաւ. ես որ մէկ քանի ամիս այս Դերենիկի հօր Աշոտ իշխանին ատենադպիրն էի. նա գերի գնաց… մնաց, միայն այս աւերակ վանքը ձեռք բերի վերջը, այս Դերենիկն ինձ խօսք տուաւ, որ զիս Մարդաստան գաւառիս եպիսկոպոս ձեռնադրել տա. գաւառը նորա ձեռաց գնաց, եպիսկոպոսութիւնն էլ իմ ձեռացս թռաւ:

Այս բաժակը կը քամեմ մինչեւ վերջին կաթիլը եպիսկոպոսութեան դառնալուդ վրայ: Եւ Վահրիճ լցուց ու քամեց: Հայր սուրբը շուտ մը նորա օրինակին հետեւեցաւ առիթն ամենեւին չի կորսնցնելով: Վահրիճ հետաքրքրութիւն ունեցաւ այս առանց միաբանի վանահօր ամէն գաղտնիքն իմանալու, վասնզի տեսաւ, որ շարունակ այդ Արծրունեաց հետ դործ ունեցել էր, վասնզի ինքզինքը Գուրգէնէ չէր կարող բաժնել, եւ իր տիրոջ հետ բարեկամ կամ թշնամի կը դառնար անդադար, եւ հիմա Հադամակերտի դռան առաջ Երագանի գիւղին քով գտնելով Դերենիկի բարեկամ մը` իր կէս գինեհարեալ վիճակին մէջ օգուտ քաղել մտածեց, ուստի մէկ մը գինին գովելով` մէկ մը հայր սուրբին եպիսկոպոսութիւնը առաջ քշելով կուժին տակը հասաւ սեղանակցին հետ եւ տեսաւ, որ մտերմութեան դուռ բացուեցաւ:

Քեզի պէս արթուն վարդապետ մը դժբախտութիւն է, որ այսպիսի անապատի մը վանահայր մնա. բայց իշխանները երախտամոռաց էակներ են, դու հօրը ծառայէր ես, որդուոյն ծառայէր ես` կուժ մը գինուով ինչպէ՞ս կարելի է զքեզ վարձատրել եւ դադրիլ. իրաւ ես չեմ գիտէր ինչ տեսակ ծառայութիւն ըրած ես սոցայ, բայց վերջապէս իշխան մը այսպիսի ծանր եւ դժուար ժամանակի մէջ` քեզի պէս արթուն մարդու պէտք էր, որ աս պատուական ըմպելիքեն ուրիշ վարձատրութիւն մ՚ընէր:

Իմ ըրած ծառայութիւնս Դերենիկին սովորական բան չէր… հիմա թող մնա…

Իսկ Վահրիճ թէպէտ լաւ դիտէր թէ կուժը իր վերջին կարողութիւնը թափել էր, բայց կամաւ ուժով մը վեր առաւ ամանը, որ իւր պարապութեան համար վարդապետին գլխեն աւելի բարձրացաւ. հայր սուրբը հիւրընկալութեան պարտաւորութիւնն կատարեալ րնելով ձայնեց ծառային եւ հրամայեց ուրիշ լեցուն աման մը բերել: Արդէն վարդապետին լեզուն ծանրացեր էր, եւ իշխանաց ապերախտութեան յիշատակն էլ գլխուն վրայ նոյնպէս ծանրանալով` աչքերն սկսէր էին պզտիկնալ. Վահրիճ մխիթարութիւն մատռուակելով բաժակ բաժակի վրայ դարձեալ լցուց. վասնզի աս հաւատարիմ ծառան Գուրգէնի համամիտ չէր ամէն նիւթի մէջ, եւ նորա անոխակալ ներողամտութեան երբեք կամակից չէր. բայց բերան բանաք խորհուրդ տալ չէր համարձակէր, եւ հազիւ երբեմն Խոսրովու զուարթ վայրկեաններուն` միավանկ բառերով իւր իշխանին Դերենիկի ըրած բարերարութիւնքը «չափազանց բարեսրտութիւն» անուանել համարձակած էր: Ուստի հիմա գտնելով Մարդաստանի մէջ վարդապետ մը, որ իւր տիրոջ թշնամեաց բարեկամն էր, միտքը դրաւ թէ դա Դերենիկի լրտեսն է, եւ ամէն ջանք սկսաւ ի գործ դնել այդ մարդուն լեզուն արձակել:

Հայր Սուրբ, կը տեսնեմ թէ դու էլ ինձի պէս անբախտ մարդ ես, խելօք մարդու չես հանդիպէր, ես էլ իշխանի մը ծառայեցի տարիներով, ապերախտը երբ մեծութեան եւ փառքի հասաւ զիս վռնդեց, ես էլ հիմա որ ապրուստ ունիմ փա՛ռք աստուծոյ եւ մարդու կարօտ չեմ շնորհիւ խելօք վարմունքիս` որսորդութեամբ ժամանակս կ'անցնեմ:

Ո՞վ էր քու ծառայած իշխանդ:

Նա էլ Արծրունի մ՚էր. այս ցեղը ապերախտութեան համար ծնած է:

Ի՞նչ Արծրունի էր, հոգիդ սիրես:

Գուրգէն Ապուպելճ, շատ քաջ, բայց կատարեալ յիմարին մէկր:

Հը՜… Գուրգէ՜ն… լաւ կը ճանչեմ:

Ուստի՞ կը ճանչես:

Այնպէս լաւ կը ճանչեմ եւ այնպէս ափիս մէջ ունեցեր եմ վայրկեան մը` ինչպէս սա բաժակը:

Միթէ՞ կարելի է այդ հսկան, որ Բուղայ ափին մէջ չի կրցաւ սզմեցնել քու ափիդ մէջ սղմէր. յիրաւի զարմանք բանէր կը պատմես, Հայր Սուրբ:

Կ'ուզես հաւտա՛, կ'ուզես մի՛ հավտար, եթէ հիմա նա տիրացաւ Մարդաստանի Դերենիկի յիմարութեան պտուղն է, Մարտիրոս վարդապետ յանցանք չունի. ես այդտեղ մը չի սղմող հսկան` սա փոքրիկ ծակին մէջ սղմեցուցի` նորա ձեռքը տուի… ի՞մն էր յանցանքը եթէ կաթողիկոս, իշխանաց իշխան հազար կտոր եղան, սապէս ըսին, նապէս ըսին, ձեռքեն առին, ելան գնացին:

Վարդապետը երբ այս խօսքերն կը զրուցէր, լեզուն բերնին մէջ կը պլորէր, լուսին իւր աչաց բաղմապատկեալ էր, եւ Վահրիճ իւր գինուոյն գրեթէ բոլորովին սթափած նոյն միջոցին` այդ Մարտիրոս անուան մտքին ամբողջ զօրութիւնը զտէր էր: Ուստի զուարթ դէմքով ջանալով իր վիճակը ծածկել, ըսաւ.

Իմ պատուական Հայր Սուրբ, դու շատ խելօք եւ հնարագէտ մարդ ես, դու լաւ գիր նաեւ գիտես, վասնզի Աշոտ Արծրունուոյ պէս մեծ իշխանի ատենադպիր եղեր ես. այդ անպիտանն էլ քեզ մոռցեր է:

Իրեն այնպէ՛ս ծառայութիւն ըրի, որ սատանան չի կրնար ընել, մէկ թուղթ մը գրեցի, թուղթ մը գրեցի, որ գաւառ մը իրեն օժիտ բերաւ… ի՜նչ աչքերդ կը բանաս… մե՜ղք աշխատանացս… այնչափ լաւութիւն, հը, բոլոր սա փլփլած վանքին համար, տարի մ՚էր, որ թափառական կը շրջէի այդ քու Գուրգէնի երկիւղեն… վերջը իմացայ, որ դա մոռացկոտ մարդ է, ոչ բարեկամը գիտէ, ոչ թշնամին… էլ չեմ կարող… գլուխս կը շր… կը դառնա, ես այստեղ լաւ մը քնեմ…

Եւ իրօք մարդը երկնցաւ. Վահրիճ էլ դիմացը վերարկուն քաշեց` կէս քուն, կէս արթուն կը քնէր` նորա խորդալուն ձայնը երբ յանկարծ դադրէր աչքերը կը բանար, որ մարդը չի փախցնէ: Երբ արշալոյսը սկսաւ, ժողվտեցաւ, եւ շիտակ քաղաքը շունչն առաւ: