Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մենք տեսանք Յովնան, որ տանիքէ ի տանիս ցատկելով, ելնելով եւ իշնելով անհետացեր էր, բայց վերջապէս հասնելով անկեան գլուխ եւ հոն իւր նիզակին վրայ յեցեալ պտոյտ մ՚ընելով իջաւ փողոց եւ տեսաւ խումբ մը հեծելազօր, որ կ'ուգար. հակառակ կողմը դառնալով սկսաւ խուսափել, բայց հազիւ թէ քանի մը քայլ առաւ եւ ահա դիմացեն նաեւ խումբ մը արաբացի խառնաղանճ զինք դիմաւորեց. երկու սուրի մէջ մնալով Յովնան` է՛լ չի դարձաւ, իւր ընթացքը շարունակեց: Արաբացի խումբը նախ ուշադրութիւն չըրաւ իրեն, բայց վերջը մէկը յանկարծ սոսկմամբ ետ քաշուելով աղաղակեց թէ` «Ահա՛ թշնամեաց գլուխը», սա Շիրակայ դաշտին մէջ տեսեր էր զհովնան մօտեն եւ նորա երկաթի զօրութեան փորձն առած էր. ուստի հարիւրաւոր սուսերք վայրկենին մերկացան եւ շրջապատեցին «թշնամեաց գլուխը», որ նոյնպէս սուրը ձեռքը յարձակեցաւ ճամփայ բանալու իրեն, իւր կաշեայ վահանաւ քառասուն հարուած ի դերեւ հանելով եւ աջ ու ձախ կոտորելով կը յառաջեր անվեհեր: Եւ ահա սուրը խորտակեցաւ, արաբացի խմբին գլխաւորը, որ մինչեւ այն ատեն խոհեմութեամբ դիտէր էր, առաջ անցաւ եւ մուրճի հարուած մը տուաւ գլխուն, որ սաղաւարտը ջախջախեց եւ դէտին գլորեց զհովնան. փախստականները դարձան`— վատերուն քաջութեան վայրկեանն էր այդ ինկած թշնամին սպաննել. բայց Իպրահիմ զօրագլուխը իւր ահագին մուրճը ձեռքը կը սպառնար փշրել այն մարդուն գլուխը, որ մօտենար վնասելու թշնամուոյն, վասնզի իմացաւ թէ մրցանակը ողջ առողջ զնայ Բուղայի հասցնելու վրայ էր: Ուստի սաստիկ մաքառելով հազիւ կրցաւ ողջ պահել, մինչեւ ձիաւորաց օգնութիւն հասաւ: Հարուածին թմրութենեն սթափել էր Յովնան, երբ թշնամի ուսոց վրայ հասաւ ոստիկանին պալատը, եւ երբ հանեցին զինք Բուղայի առջեւ, եւ նա իւր խոր եւ մանր աչքրն ուղղեց նորա վրայ, որուն «թշնամեաց գլխաւոր» անունն կ'ուտային`

Ո՞վ ես դու, ի՞նչ է անունդ, հարցուց:

Յովնան է իմ անունս, պատասխանեց նա անխռով:

Դո՞ւ ես Յովնան Խութեցին:

Այո, ես ինքս եմ:

Եւ ինչպէ՜ս կը համարձակիս դու, անարգ, վատ եւ անհաւա՜տ շուն, այս քաղաքը մտնել. չե՞ս գիտէր թէ ես Բուղայ հոս կը նստիմ, ես ամենակարող փոխանորդ Մարգարէի յաջորդին:

Իսկ Յովնան, այս նախատական եւ պարծանաց խօսքերուն` գլուխն եւ յօնքերը վեր առնելով արհամարհանաց աչք մը նետել բաւական համարեցաւ:

Ի՜նչ, ինձի պատասխան չե՞ս տար, դու չե՜ս գիտէր ուրեմն թէ ո՞ւր կը հասնի իմ կարողութիւնս: Այս խօսքերը զրուցելով` վագրը աղրայները կը կրճտէր եւ թունաւոր աչքեր կը փայլեցնէր դիմացնին. բայց դարձեալ պարտաւորեցաւ Յովնանու անխռով եւ սայրասուր հայեցուածքին առջեւ խոնարհիլ եւ այլուր շրջել աչքերը եւ լռել: Ան ատեն Յովնան սկսաւ հանդարտ ձայնով խօսիլ.

Նախ, դու եթէ քու Մարգարէիդ խօսքը յարգէիր` զիս ոչ երբեք անհաւատ պիտի անուանէիր. վասնզի պէտք էիր գիտնալ թէ ես միայն աստուած մը կը պաշտեմ արարիչ երկնի եւ երկրի. իսկ իմ համարձակութեանս յայտնի նշանն էր, թէ վատութիւնը շատ հեռու բան է ինձմէ, եւ դու եթէ յիշողութիւն եւ միտք ունենայիր պէտք էիր յիշել թէ այդ Խութեցի Յովնանն է, որ քու նախորդ Ապուսէթի որդի Իւսուֆ իւր զօրքերով բնաջինջ ըրաւ ի Մուշ. նոյն Յովնանն էր, որ Բռնաշեն քու յիսուն հազար հոգուոյ մէկ բանակդ զարկաւ ջարդեց եւ փախուց, նոյն Յովնանն է, որ քու զօրավարդ Ժիրակ փոքր գնդով հարուածեց եւ ծաղրեց, նոյն Յովնանն է, որ սոյն այս Դվնայ դռան մօտ` քու աչացդ առջեւ իւր ազգին դաւաճաններն ու մատնիչները կախաղան հանեց, եւ երկու հարիւր հոգուով քու հազարաւոր խումբերդ Շիրակ, Արտահան եւ Արտանուշ զարկաւ եւ կորակոր հալածեց: Եւ հիմա որ աստուած այդ Յովնան քու ձեռքդ մատնեց, կրնաս գնա տանջել եւ սպաննել, այդ քու եւ քեզ նման գազանաց գործն է եւ բնութիւն. բայց նախատել` սրտիդ անարգութիւնը եւ մտքիդ տկարութիւնը յայտնել է:

Դեռ այդ վիճակիդ մէջ զիս նախատել կը համարձակիս եւ չես իմանար թէ ես ի՜նչ կրնամ ընել: Ես քեզ պէս անօրէնի մը կրնամ ներել, բայց միմիայն պայման ունի իմ ներողութիւնս ուրացիր քու հաւատքդ, ընդունէ՛ ճշմարիտ կրօնքը, ընդունէ՛ փառք, պատիւ եւ մեծութիւն, ճանչէ աստուծոյ կարողութիւնը հոն, ուր կայ զօրութիւն, տե՛ս թէ ուսկից ուր կը տարածի մեր Մարգարէին իշխանութիւնը, եւ ամէն դիմադրութիւն անապատի խռիւ է դորայ առաջ: Օ՜ն, մտիկ ըրէ իմ խօսքերս, զղջա՛, եւ ես կը ներեմ քեզ ու կը շնորհեմ ոչ միայն կեանք այլ եւ մեծութիւն: Մտածէ, որ դու քու այս վիճակիդ մէջ եղեռնաւոր մը իմ աչաց առջեւ կը կենաս ներկուած արաբաց արեամբ, եւ քու ապստամբ սուրդ դեռ նոր տասներկու հոգիէ աւելի զոհ կտրած է իմ զօրքերես. ապստամբին պատիժը մահ է, եւ ես քեզի կը շնորհեմ քու կեանքդ:

Հեգնական ծիծաղով մը միայն պատասխանեց Յովնան այս խօսքերուն, եւ երբ Բուղայ այս ծիծաղին վրայ շփոթած իւր փոքրիկ աչքերը կը ջանար մեծ-մեծ բանալու, Յովնան դարձաւ այն մարդուն, որ Բուղայի մօտ նստած եղէգը ձեռքը շարունակ կը գրեր եղած խօսակցութեանց համառօտութիւնը.

Միրզա՛ Հասան, դու զրուցէ` միթէ ես քու կեանքդ չե՞մ շնորհած, ըսաւ շեշտակի ձայնով:

Իսկ նա շուարած, աչքերը բացած երեսը կը նայէր, եւ յանկարծ մտաբերելով նետեց եղէգը` ցատկեց տեղաց եւ ետ-ետ քաշուելով աղաղակեց.

Այո՛, այո՛, աւազակ, երբ գիշերը Խլաթ իմ տունս կոխեցիր, իմ ծառայներս կապեցիր, սպաննեցի՜ր, իմ թեւս կոտրեցիր, ինչպէ՜ս կարելի է չյիշել. կրկնապատիկ` հազարապատիկ մահապարտ ես դու:

Այո՛, ես որ քեզ գտայ Հայոց երկրին մէջ, որ ստերդումն, խաբեբայ տիրոջ մը կը ծառայէիր, եւ այդ տէրդ, որ մատնութիւն եւ դաւաճանութիւն կը գրգռէր ու կը քաջալերէր, եւ որ երկու հարիւր հազար աւազակներով իմ հայրենի երկիրս կը մտնէր` կը սպաննէր եւ կը քանդեր, նա աւազակ չէ՜ր, եւ ես աւազակ էի: Եթէ աւազակ եւս էի` առանց քու կրօնքիդ ուրացութիւնը պահանջելու թուղթ մը միայն առի քեզմէ, քու քսակդ քեզի դարձուցի ես, որ կրնայի զքեղ, քու ծառայներդ, քու այդ յիմարական թղթերդ եւ բնակեալ տունդ ի միասին կրակի տալ եւ մոխիր դարձնէի ո՜վ զիս կ'արգիլէր եթէ բռնութիւնն օրէնք էր: Եւ դու Բուղայ` դու կը համարձակի՜ս աւազակ զիս անուանել, որ ելեր եմ պաշտպանելու համար իմ հարցս երկիրը` իմ ազգիս եւ իմ կրօնիս սրբութիւնը, որոնց համար ոչ մէկ` այլ հազար մահ, հազար անգամ մեռնիլ շատոնց աչքս առած եմ, եւ դու կը հաւատա՞ս թէ կրնամ ես փոխել, ուրանալ զայն, որ երբեք չի ներէր սուտերդումն լինիլ եւ դաւաճանել: Աղէ՛կ, հրամայէ, թո՛ղ դան քու դահիճներդ, այս մարմինը քուկդ է, բայց հոն միայն կը հասնի եւ կը դադրի քու իշխանութիւնդ, չի կայ տանջանք մը, որ զիս զարհուրեցնէ:

Եւ իր աչքերը այնպէս բոցավառ էին եւ շանթաձիգ, որ Բուղայ վագրն անգամ ակամայ սարսուռ մը զգաց, եւ հրամայեց հանել իր երեսեն այդ մարդը` բանտ տանիլ եւ կրկին շղթայներով ամրացնել. մահ սպառնալով ամէնուն` եթէ յանկարծ փախչէր ազատէր: Նոյն միջոցին բերել կ'ուտար այն Եպրահիմը, որ զհովնան բռնել էր, իրեն անձնապահապետ կ'անուանէր ու պարգեւներ կը հրամայես:

Ի՜նչ էին Յովնանու համար այդ շղթայներու ծանրութիւնն ու խաւարաչին բանտը, ինք որ ամէն տանջանք կ'արհամարհէր, եւ այդ աւազակներէ եկած ամէն նախատինք պատիւ կը սեպեր: Բոլոր իւր բանտարգելութեան օրերը, որ քսանի չափ տեւեցին, ամէն արաբացուոց գլխաւորները Ժիրակէ սկսեալ կ'ուգային տեսնելու, այդ մարդը, որուն քաշութեան համբաւը եւ երկիւղը իրենց մէջ տարածուէր էր: «Սասնոյ լեռանց գայլը» կ'ուգային տեսնելու, ինչպէս զինք կ'անուանէին, եւ տեսնելեն վերջ այդ երկայն մազերով մեծ գլուխը, այդ հրավառ աչերը, ուր ահեղ զօրութիւն կը փայլատակէր «Սասնոյ լեռանց առիւծը» տեսանք, կ'ըսէին:

Բայց Բուղայ պէտք էր երթալ եւ չէր կրնար ուշացնել իւր գազանային արշաւանքը, ուստի վերջին փորձ մ՚էլ ուզեց փորձել եւ իւր կրօնքին պաշտօնէից գիտուն մէկը ղրկեց, որ թերեւս կարէնայ համոզել զհովնան, որ թողու իւր հայրենի կրօնքը եւ ընդունի մահմեդականութիւնը: Սակայն այդ մարդը շուտով ելաւ եւ յայտնեց իւր տիրոջ թէ համոզել անկարելի էր, եւ թէ կրօնին օգուտը կը պահանջէր ժամ առաջ վերցնել չարն ի միջոյ:

Երկրորդ օրը մեծ զօրաց բազմութենէ եւ դահիէճներէ շրջապատեալ հանեցին բանտեն Յովնան անխռով եւ անսասան, եւ սպանման տեղը բերին: Շղթայներէ ծանրացեալ թեւերը վեր վերցուց, աղօթեց եւ տուաւ վիզը մահուան. սուրը փայլակեց, գլուխը գլորեցաւ, ժողովուրդը ցրուեցաւ, եւ հազիւ թէ քիչ մը ժամանակ անցաւ, Սմբատ Սպարապետ կը մտնէր բռնաւորին քով, եւ նա կը շնորհէր իրեն առնուլ նահատակին մարմինը:

Քիչ վերջը առաւօտ մը կանուխ` կառք մը կ'ելնէր Դուին քաղքեն խումբ մը ձիաւորաց պահպանութեամբ. այդ խումբին գլուխն էր երիտասարդ Մուշեղ Սպարապետին երկրորդ որդին, եւ որուն առջեւեն սեւեր հագած` սեւ քօղով ծածկեալ բարձրահասակ կին մը կը ձիավարհր երկու իրեն պէս հագնուած կանանց հետ: Լռութիւն եւ սուգ կը տիրէին այս կարաւանին մէջ, մինչեւ որ հասան Բագարան, հոն աւանը չի մտած քիչ մը յոգնութիւն առին, եւ երբ աւանին մօտեցան տեսնուեցաւ բազմութիւն մը եկեղեցական դասու, որ խնկոք եւ մոմոք մարտիրոսաց շարականներ երգելով բերին կառքը, որ Յովնանու մարմինը կը կրէր` մինչեւ եկեղեցուոյ դուռը:

Օրերով այս կարաւանը շարունակեց իր ընթացքը մինչեւ Արտանուշի գաւառը հասաւ. Սմբատաւանի մայր եկեղեցին մարմինը գրուեցաւ յարգանօք ինչպէս կը վայելէր մարտիրոսի մը եւ ազատարարի, եւ ժողովուրդը կը յիշէր այդ սասնցուոց զօրավարը, որ վտանգի օր հասել էր իւր օգնութեան եւ այնչափ ազնուական մարդասիրութիւն ցոյց էր տուել:

Տարի մը վերջ Մայր իշխանուհին վանքին դիմացը` Ճորոխի հանդիպակաց ափին վրայ փոքրիկ վկայարան մը շինել տուաւ եւ հոն փոխադրեց երանելուոյն մարմինը, սեղանին առջեւը մարմարէ պարզ կափարիչ մը դրուեցաւ, որուն վրան այս խօսքերը կային փորագրեալ.

ԱՍՏ ԴՆԻ ԵՕՒՆԱՆ ԽՈՒԹԵՑԻ
ՆԱՀԱՏԱԿԷԱԼ Ի ՎԵՐԱՅ ՀԱՒԱՏՈՅ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ եւ ԲԱԶՄԱՉԱՐՉԱՐ
ԱԶԳԻՍ ՀԱՅՈՑ.

Քանի մը տարի վերջ Ճորոխի ափանց վրայ պտըտող անցաւորը նոյն վկայարանին մէջ ուրիշ գերեզման մը կը տեսնէր հար եւ նման առաջինի` անկից վար զետեղեալ եւ որուն այս էր արձանագրութիւնը.

ԱՍՏ ԴՆԻ ԵՕՏՍ ԵՐԱՆԵԼԻ ՆԱՀԱՏԱԿԻՍ
ԱՂԱԽԻՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՎԱՍԿԱՆՈՒՇ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.

Եթէ մարդկանց սրտին գաղտնիքը շատ անգամ մարմին եւ ոսկի կը ծածկեն, ուր կը մնա ցուրտ քարին տակ ծածկուած գաղտնիքը, որ յաւիտենականութեան օւկիանոսին մէջ կ'երթայ կը խորասուզիր

Երախտագիտութենէ շարժեալ ամէն տարի գարնան գեղեցիկ օր մը Արտանուշի ժողովուրդը կ'ուգային այդ վկայարանին շուրջը, քանի մը ծաղիկներ կը բերէին կը ձգէին այդ գերեզմաններուն վբայ, ծերերը կը պատմէին թէ ինչ մարդ էր Յովնան, թէ ինչպէ՛ս քաջ խմբի մը ընկերակցութեամբ եկեր անթիւ արաբացի աւազակները ջնջէր էր եւ թշնամուոյն աւարը ժողովրդեան շնորհէր էր. եւ պարծանոք կը ցցնէին սուր մը, նիզակ մը, վահան մը արաբացի աւարեն: Կանայք կը պատմէին թէ ինչպէ՛ս աննման գեղեցիկ կին մ՚էր Վասկանուշ, թէ ինչչափ մեծ էր իր ողորմութիւնը ժողովրդեան համար, եւ թէ ինչչափ երջանիկ էին նորա օրով ամէնքը:

Բայց ո՜վ գիտէր եւ ո՜վ էր համրէր այն անթիւ արցունքներն ու հառաչանքները այդ երկու անձանց, որ տարիներով բաժնուած` վերջապէս գերեզմանին քով իրարու մօտ կը հանգչէին…