Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ոչ ցուրտը, ոչ ճամփուն երկայնութիւնը եւ օրուան կարճութիւնը եւ ոչ վերահաս գիշերուան մութը չէին արգիլեր Գուրգէն իւր ճամփան շարունակելէ. միշտ ձախ թեւին վրայ երբեմն հեռուեն եւ քիչ անգամ մօտեն տեսնելով Աղթամարայ ծովակը. եւ կոխուած ձիւնի արահետ ճամփեն անխոտոր երթալով հազիւ թէ երբեմն կը կենար գիւղի մը, աւանի մը քով հարցնելու անուն մը, եւ ձիուն շունչ առնել տալու համար: Ուստի այսպէս անդադար ձիաւորելով հասաւ Ռշտունեաց Ոստանն, եւ կէս-գիշերուն մօտ էր, երբ ձիեն ցատկես միջնաբերդին դռանն առջեւ: Եւ սկսաւ երկաթէ դուռը ծեծել անխնայ, որ գերեզմանական լռութենեն յայտնի էր թէ բացուելու միտք չունէր: Բայց Գուրգէն դիւրաւ յուսահատող մարդկանցմէ չէր. եւ ձմեռ օրով տասնչորս ժամ ճամփայ կտրելով եւ Ցոլակը կիսամեռ ընելով, այդ բերդին առաջ ետ չէր կրնար դառնալ, երբ սիրտը կը տրոփէր Հեղինէի յիշատակով: Եւ որքա՜ն բան ունէր նորա ըսելիք: Ուստի այնպիսի դոփիւն, թնդիւն եւ շառաչիւն հանեց, եւ այնչափ դղրդեց բերդին դուռը, որ մօտակայ թնակիչքը, սկսան իրենց դռներէն գլուխնին դուրս երկնցնել` կարծելով թէ բազմութիւն մը հասած էր, եւ կը զարմանային տեսնելով լուսնի աղօտ լուսով մարդ մը միայն եւ ձի մը: Ալս միջոցին էր, որ վերջապէս դռան քովին նաեւ ձայն մը ելաւ, որ բերդապահին դիտանոցն էր, ուսկից ինք առանց տեսնուելու դուրսի մարդը կը տեսնէր:

Ա՛յ մարդ, ո՞վ ես, ի՞նչ կ'ուզես, միթէ՞ այս ժամուս հիւրնկալութիւն կը լինի:

Գուրգէն Արծրունի եմ, բա՛ց, բերդապա՛հ, կանչեց ձայնը դուրսեն:

Տէ՛, տղաք, լոյս բերէ՛ք, իշխանին եղբայրն է, շուտ ըրէ՛ք եւ ներսը շարժմունք սկսաւ:

Իսկ Գուրգէն կ'ըսէր. ո՞ւմ յոգն է թէ որ Գուրգէնի համար ներսը կը կոտրաին, բաւ՛ է, որ դռները բացուին:

Ուստի, երբ դուռը բացուեցաւ` տեսան Գուրգէն բարձրահասակ երիտասարդ, որ անխռով եւ զուարթ ներս մտաւ եւ Ցոլակն ալ իւր ետեւեն, եւ ուրիշ ոչ ոք չի կար միատեղ, եւ որ անգամ մը ձեռքը կուրծքին դնելով բարեւ մը տալէ վերջ` շտկուեցաւ անվրդով դէպի սանդուխը, եւ ոտքը վրան չի դրած` «Տղաք, գոչից, ձիուն լաւ հոգ տարէք, կընդունիք ձեր վարձքը» եւ առանց ուրիշ բան խօսելու երբ երկու-երէք ոտք սանդուխ միատեղ առնելով մտաւ զինուց սրահը եւ անցնելով ընդունելութեան դահլիճը, ուր ցրտութիւն մը կը տիրէր, դարձաւ տղուն, որ լապտէր մը ետեւեն կը բերէր.

Տղա՛յ, ըսաւ, միթէ՞ ամէնքը քնէր են, Տիկինը, Օրիորդը քաշուի ր են իրենց սենեակները եւ ոչ ո՞ք չի կայ:

Ոչ ոք չի կայ, իշխան, պատասխանեց պատանին, հիմա բերդապահն կ'ուգայ, ես նորեկ եմ, տեղեակ չեմ:

Ափս միջոցին Գուրգէն ուրախ, զուարթ կը շրջագայէր իւրաքանչիւր առարկայի վրայ աչքերը պտըտցնելով, երբ տղայն կանթեղները կը վառէր, բազմոցներու, գորգերու փոշին կը մաքրէր. եւ ուրիշ երիտասարդ մը նոյն միջոցին վառարանին մէջ դիզուած փայտերուն կրակ կ'ուտար: Եւ ահա բերդապահը եկաւ, միջահասակ մարդ մը իւր քառակուսի մորուոք, եւ կանգնեցաւ անշարժ, սպասելով, որ նախ իշխանը խօսի. իսկ Գուրգէն իւր արծուի աչքերը նորա վրայ շտկելով.

Խուրեն եղբայր, ըսաւ, զիս չե՞ս ճանչեր, հին բարեկամները այսչա՞փ շուտով կը` մոռնաս:

Կը ներես, իշխան, պատասխանեց Խուրեն կասկածոտ` կերպով մը, մենք մեծ իշխանի Աշոտոյ եղբայրը միայն կը ճանչենք Գուրգէն Արծրունի:

Մոռցա՞ր ուրեմն դարձեալ Արծրունի, Ապուպեւճի որդի Գուրգէնը, որ այս ամրոցիս մէջ ութը տարի անցուց Ռշտունեաց Մուշեղին յանձնուած:

Ինչպէ՜ս մոռցայ, ինչպէ՜ս չեմ յիշէր իշխանիկը, գոչեց Խուրեն մօտենալով զարմանքով եւ երեսին վրայ զուարթութիւն գալով, ո՜հ, ինչպէ՜ս փոխուէր է, տէ՜ր աստուած, տղայն` ահագին հսկայ մ՚է եղեր, այս ի՜նչ կերպարանք է, սուրբ խաչն քեզ օգնական…

Լաւ՛, լաւ՛, հերիք է, Խուրեն եղբայր, ահա ես այն տղայն եմ, հիմա զրուցէ ինձ Ռշտունեաց Տիկինն ու Օրիորդը, որ քաշուիցան իրենց սենեակները` կարելի չէ՞ իրենց իմացնել թէ Գուրգէն եկաւ:

Իշխան, դու չես իմացեր, որ մեր Տիկինն, աստուած լուսաւորէ Հոգին, վախճանուեցաւ ահա տարի ու կէս է:

Ուրեմն Օրիորդը ո՜ւր է, ըսաւ իշխանը առաջ վազելով եւ աչքերեն փայլակնէր ցատկելով:

Օրիորդը՞, չե՞ս իմացեր, անմխիթար, անտէր եւ անտէրունչ մնալով, վերջապէս կամայ ակամայ Անձեւացեաց Մովսէս իշխանին հարսնացաւ:

Ի՞նչ կ'ըսես, Խուրեն… ինչչա՞փ ժամանակ է:

Ուղորդ կ'ըսեմ, իշխան, խեղճ Օրիորդը` «Թողէք զիս իմ հօրս տունը, ես ոչ իշխանութեան փափագ ունիմ, ոչ ամուսնութեան, ամէն բան ձեզ լինի, միայն զիս հանգիստ թողէք» կ'ըսէր, ոչ ոք չէր ուզէր մտիկ ընել. մեծն ու պզտիկ վրան ինկան, ամէնքը` Աշոտ մեծ իշխան են սկսեալ խորհրդական դարձան, այդ Անձեւացեաց Տէրն էլ շարունակ անձանձիր խնդիրք խնդիրքի վրայ կ'ուղարկէր: Իսկ Արծրունիք բաւական չէր, որ բոլոր բերդերն կը գրաւէին մէկ կողմէ, բաւական չէր, որ ամէն տուրքերը կը սեփականէին, ամէն ջանք ի գործ կը դնէին, որ Օրիորդը հարսնանայ այդ իշխանին հետ, մենք իմացանք, որ պատճառը այն էր թէ Մովսէս խօսք տուած էր երդմունքով եւ դաշնագրով, որ եթէ Օրիորդը իրեն հետ ամուսնանար` ոչինչ պահանջմունք պիտի չընէր Ռշտունեաց մեծ ժառանգութենեն, այլ ամէն բան Արծրունեաց մեծ իշխանին պիտի թողնէր: Ահա բուն պատճառը այս անսպառ յորդորանաց: Օրիորդը ազատ չէր դուրս ելնելու, կին եւ մարդ պահապաններ էին, ետեւեն կ'ելնէին, որ յանկարծ չի փախչի, վերջապէս խեղճ աղջիկը իր հօր տան մէջ պատուաւոր բանտի մը մէջ էր: Շատ անգամ լուռ եւ անմռունչ ժամեր կ'անցնէր սարաւանդի հովանոցի մէջ ծովուն եւ ճամփուն վրայ սեւեռեալ աչքերը, եւ երբ խաւարը տիրէր` փոքր հառաչանք մը միայն կը ձգէր եւ իր սենեակները կը քաշուէր: Իբրեւ թէ ատելի եղած էին իրեն ամէն մարդ, ամէն այցելութիւն կը մերժէր, վասնզի մինչեւ Ռշտունեաց եպիսկոպոսն ուրիշ բան չունէր իրեն քարոզելու այլ թէ լաւ կը լինէր եթէ ամուսնանար Անձեւացեաց իշխանին հետ: Միմիայն մխիթարութիւն կար իրեն, որ երբեմն նուիրակ մը յանկարծ կ'երեւէր, Ս. Կարապետի վարդապետ մը, որ տարին մէկ կամ երկու անգամ կ'ուգար` նամակ մը կը յանձնէր, որ Օրիորդին կ'ուտայինք. այդ օրհնութեան գիրն էր, որ իր երեսին զուարթութիւն կը բերէր: Բայց վերջապէս այս աշնան ետքերը` յանկարծ օր մը նոյն վարդապետը երեւցաւ, իւր նամակը տուաւ եւ գնաց. ահա այդ նամակը այս անգամ, որ առաւ Օրիորդը` քանի մը օր ամենեւին չերեւցաւ եւ դուրս չելաւ իւր սենեակներէն: Երբ չորս-հինգ օրէն վերջր զինք տեսանք, աչքերը խորն էին մտած, աննկարագրելի տխրութիւն մը նոցայ մէջ կ'երեւէր, եւ նոցայ շուրջը կապոյտ գիծ մ՚էր պլորած: է՛լ սարաւանդի հովանոցը չելաւ, իր ծանր եւ ազնուական ժպիտը մէկ մ՚էլ չի տեսնուեցաւ, եւ իւր անուշութիւնը` խստութեան եւ արհամարհանաց փոխուեցաւ: Մենք` իւր հայրենական հաւատարիմներն չէինք կրնար մօտենալ այդ Օրիորդին, որ գրկերնիս մեծցեր էր, քաղցրութեան աղբիւրն էր, ոչ ժպիտ մը եւ ոչ խօսք մը ունէր մեզ համար: Եւ այդ վիճակի փոփոխութեան վրայ ամիս մը հազիւ անցաւ, տեսանք օր մը փառաւոր խումբ մը եկաւ հասաւ Ոստան, Վասպուրականի բոլոր իշխանք` Անձեւացեաց նախարարը գլուխնին, եւ մենք ապուշ մնացինք, երբ ըսին թէ Օրիորդը հարս տանելու եկեր էին, մենք որ ամենէեւին պատրաստութիւն չունէինք: Զարմանքով տեսանք, որ Տիրուհին ելաւ իւր սենեակներէն խստիւ քօղարկեալ. բոլոր իւր հայրենի ծառայներն ժողովուած` ամէնքս կուլայինք, չի տեսանք իւր երեսը. միայն սպասուհիներն ափսէներով բերին իր ընծայներն, այսինքն բոլոր ստացուածքը ծրարներ ըրած եւ անուննիս վրան նշանակուած եւ իր ձեռոք բաժնեց. մենք կը հեկեկայինք, իսկ նա անխռով եւ խիստ ձայնովի «Մի՛ լաք, զիս ձեր աղօթքին մէջ յիշեցէք, աստուած ձեզ երջանիկ ընէ», ըսաւ` հեծաւ եւ գնաց: Ասոնք եղան իւր վերջին խօսքերը եւ այսպէս ահա գոցուեցաւ` վերջացաւ Ռշտունեաց նախարարութեան տունն… Ու խեղճ մարդն սկսաւ հեկեկալ եւ է՛լ արցունքը զինք կը խեղդէր եւ կարողութիւն չունէր դիտելու եւ տեսնելով Գուրգէնի երեսը, որ երբեմն կը ճերմկեր, երբեմն կը կարմրէր այս երկայն եւ սոսկալի պատմութեան ժամանակ, եւ չէր իմանար թէ իւր ամէն մէկ խօսքերը մէկ, մէկ սլաք էին վիրաւորելու թշուառ երիտասարդին սիրտը:

Բայց ես յիմար մ՚եմ, իշխան, որ փոխանակ քեզի կերակուր պատրաստել տալու` կեցէր այսպիսի տխուր պատմութիւն կը պատմեմ, դու որ յոգնած ճամփէ կը հասնիս:

Եւ Խուրեն դուրս ելաւ, եւ իրօք ատենն էր, վասնզի Գուրգէն, որ այդ պատմութենեն շանթահար եղած էր, երբ դուռը գոցուեցաւ եւ մինակ մնաց, ինքնիրեն ապշութիւնը թօթափել սկսաւ եւ հարցնել թէ իրաւ՞ էր ինչ որ լսեց. միթէ՞ երազ չէ՜ր այդ սոսկալի պատահարը, միթէ՜ ներսի սենեակներն եթէ մտնէր արդեօք Հեղինէ դեռ հոն չէ՞ր, զինք չպիտի՞ դիմաւորէր:

Ցաւն անտանելի էր, բայց մեծ մխիթարութիւն մը կար իր սիրող սրտին համար` Հեղինէ զինք կը սիրէր, եւ բոլոր սրտանց կը սիրէր, բայց ի՜նչ օգուտ, Հեղինէ հիմա ուրիշինն էր, վասնզի Հեղինէ խաբուած էր. եւ սոսկալի դաւ մը կար այդ դառն պատմութեան մէջ: Մեծ-մեծ հառաչանքներ կ'ելնէին իր չայն կ'ուրծքեն, ձեռքը շարունակ ճակտին կը տանէր, վասնզի գլխուն երակները սաստիկ կը բախէին, իւր աչքերը չէին տեսնէր Խուրեն եւ իր տղաքը, որ իրեն կերակուր կը բերէին եւ սեղան կը շտկէին: Յանկարծ թողուց դահլիճը, վասնզի կը խղդուէր, բացաւ քովնտի դուռը, որ սարաւանդը կը հանէր եւ ափով ձիւնը ճակտին եւ գլխուն կը զարնէր եւ այդպէս քիչ մը իբրեւ թէ հանդարտեցաւ եւ զովացաւ: Երբ Խուրեն քովն եկաւ հրաւիրելու թէ կերակուրը պատրաստ էր, իշխանը խնդրեց, որ զինքը մինակ թողուն, եւ այնպիսի հրամայական ձայնիւ` որու պատասխան կարելի չէր:

Հոն` այդ սարաւանդին տափին վրայ Գուրգէն իւր հառաչանաց ձայները ծովուն մռնչմանց ձայնին մէջ կը խղդէր, ձիւնախառն քամին իւր սեւ եւ երկայն մազերուն հետ կը խաղար եւ որովհետեւ այն բաւական չէր` ուստի ինք շարունակ ձիւն կ'ածէր գլխուն. հայուն առակին վրայ կը ճշգրտէր եւ կը խորհրդածէր.

«Այ՜ս է եղեր ուրեմն իմ ութ տարուան արեանց եւ քրտանց նպատակս, ինձ որ ամէն բան կը դիւրանար, վասնզի Հեղինէի երջանիկ օրերու յուսով կ'ապրէի եւ նոր կեանքը կարծէի թէ աս գիշեր պիտի՛ սկսի ինձ համար. այո՛, կը սկսի նոր կեանք կեանք դռն հառաչանաց եւ տխրութեանց, դրախտ կ'երազէի, երբ սա դահլիճեն ներս մտայ, եւ դժոխք իւր բոլոր տանջանքներով ու բոցերով զիս իմ սիրտս կը շրջապատեն… Բայց իմ նամակներս ամէնքը հասեր են Հեղինէին եւ վերջինը… ահա այդ մասին է բոլոր դաւը… փոխէր են իմ նամակս, փոխէր են մէջի գրութիւնը, ո՜յ գիտէ ի՜նչ զրուցել տուեր են ինձ… ո՜հ Արծրունիք, անիծեաւ դուք, ձեր սերունդը, Մերուժաններու ծնունդք… ի՜նչ անյագուրդ փափագ տիրելու եւ մեծնալու… Բայց միթէ՞ ես Արծրունի չեմ, տոհմը, սերունդը ի՞նչ ընե… Բայց ես ակսպես անգո՞րծ պէտք է մնամ, ո՜հ, ո՛չ երբեք. պէ՛տք է, այո, պէտք է վրէժխնդրութիւն, եւ այդ վրէժխնդրութիւնը պէտք է որ լինի սոսկալի, գազանային, արիւնռուշտ, այնպէս որ բոլոր Վասպուրական ի հիմանց սասանի, բերդերը կործանին, քաղաքները հրդեհին, գիւղերն աւերին, եւ ամէն անցնող ըսէ. ահա՛ այդպէս են Արծրունիք, միշտ առաջինք քանդելու եւ կործանելու համար եւ իրենց անզգամութեան համար. երբ մէկը դաւաճանութիւն, խարդախութիւն, բանսարկութիւն կը գործածն, միւսը հուր, սուր, թոյն եւ մատնութիւն ի գործ դնելէ չի խորշիր… բայց Ի՛նչ կ'ըսեմ ես, ո՜վ աստուած իմ, ա՛ռ իմ սրտես այդ ցաւը, հանէ՛ ինձմէ այդ ատելութեան եւ վրէժախնդրութեան հոգին, ես որ մինչեւ այսօր անզգամութենէ զզուեցայ հիմա երբ բախտը եւ մարդկանց անիրաւութիւնը կը յափշտակէ ինձմէ ամէն երջանկութիւն, ամէն յոյս բարօրութեան, պէ՞տք է որ իմ խղճմտանքս աղտոտեմ, քաւ՛ մի՛ լիցի. աւելի լաւ է անիրաւութիւն կրել քան թէ անիրաւութիւն ընել… Տէ՛, Գուրգէն, մի մոռնար ի՛նչ դու կ'ընտէիր քու տղայութենեդ մինչեւ այսօր. աւելի լաւ է, որ քու հայրդ դաւաճանեալ մեռէր է Աշոտոյ հօր ձեռքեն, քան թէ ինք գնա դաւաճանէր եղբայրասպան լինելով, աւելի լաւ են, որ քու կալուածքդ ու ստացուածքդ յափշտակեալ են քան թէ յափշտակութեամբ ժառանգութիւն թողներ… բայց… այդ որդուոյն ըրածը, ո՜հ սոսկալի է, աւելի լաւ էր զիս սպաննէր քան թէ այդ հարուածը ինձի տար սիրտս սպաննելով` Հեղինէն ինձմէ յափշտակելով… Ո՜հ, Հեղինէին արցունքը, Հեղինէին այդ չարչարանքը ինձ դառն է քան թէ իմ ցաւերս… բայց Հեղինէ ինձ հաւատարիմ մնացեր է… ո՜յ գիտէ ինչ գրեր են իրեն, անշուշտ զրուցէր են թէ Գուրգէն մեռաւ… խեղճ Հեղինէ, թաղեր է զիս սրտին մէջ, տուեր է իր մարմինը Անձեւացեաց իշխանին, եւ ազատէր է Արծրունեաց յափշտակիչ բռնութենեն. թողէր է նոցայ իւր բոլոր ժառանգութիւնը եւ ինք էլ գնացեր է թաղուիլ Անձեւացեաց քարայրներուն մէջ»:

Այսպէս եւ ասոր նման խորհրդածութեամբք եւ մռնչելով ծովուն մռնչմանց դէմ` ժամեր անցնելով քիչ-քիչ հանդարտեցաւ Գուրգէն, բայց թունաւոր նետը սրտին մէջն էր, վէրքը սրտին խորն էր.

Նոյն միջոցին Խուրեն վարը` իր սենեակը նստեր էր շրջապատեալ իւր ընտանիքեն. ամէնքն` կին, զաւկներ եւ հարսներ իւր ակնարկութեան կը մնային. որովհետեւ ամէնքը քուներնեն զարթած էին այս նոր Արծրունուոյն գաչստեամր: Եւ կինը, որ բնականաբար երբ զաւկներու եւ հարսերու տէր է, բաւական իշխանութիւն կառնուր հայ ընտանեաց մէջ, կը հարցնէր իւր էրկան.

Խուրեն, այդ Գուրգէն իշխանն այդ Արծրունի Աշոտ իշխանին եղբայր Գուրգէն չէ՞, այդ ո՞վ է, որ զինք Արծրունի կանուանէ. գեղեցիկ, փառաւոր, պարթեւ երիտասարդ է, բայց կ'երեւի թէ բերդի դուռը բանալ տալու համար զինք Արծրունի անուանեց:

Ո՛չ, Սէթայ, այդ երիտասարդը Գուրգէն` Արծրունի է, հարազատ ճիշտ միւս Արծրունեաց պէս, սա եղբօր թոռն է Աշոտ իշխանին, որուն պապը սորա հայր Ապուպելճը սպաննեց ժառանգութիւնը գրւաւելու համար. այս որբ, տասը տարու տղան Գուրգէնը, մեր Ռշտունեաց իշխանն Ատոմ` ստուած լուսաւորն յօդին, որ խելօք եւ յարգոյ մարդ էր, սպաննողին ձեռքեն խլեց եւ հոստան բերաւ եւ իւր տունը կը մեծցնէր զաւկի պէս: Մեր Օրիորդը եւ սա միատեղ կը խաղային եղբօր, քրոջ պէս: ես շատ անգամ զիրենք կ'առնուի, կը տանէի զբօսանքի երբեմն ձիով, երբեմն նաւակով: Մեր Տիկինը` իշխանին մահուանեն ետք, Արծրունեաց պահանջմանց դէմ կեցաւ, որ այդ Գուրգէնը կ'ուզէին իրենց քով պահել: Վասնզի իշխանուհին շատ խելօք կին էր, «Այո՛, կ'ուզեն, կ'ըսէր, հայրը սրով սպաննեցին, տղան էլ տամ, որ թունաւօրէն. քանի որ պատառ մը հաց կայ Ռշտունեաց տունը, այդ տղան իմ զաւկիս պէս կը պահեմ. իշխանը մահուան անկողնին մէջ դա էլ ինձի յանձնեց. նորա կամքը ինձի համար անդառնալի է»: Վեց-յոթ տարի աս տունը ապրեցաւ, իբրեւ թէ Օրիորդին եղբայր լինէր, եւ ես այնպէս յարմար կը տեսնէի թէ պէտք էր զիրենք ամուսնացնել, երբ յանկարծ ելաւ եւ Յունաստան գնաց, եւ էլ լուր չառինք իրմէ. ահա յանկարծ կ'ուգայ դարձեալ. բայց շատ սիրտը նեղ երիտասարդ է ըսեմ, թէ ցուրտեն յանկարծ վառարանին տաքը գլուխը զարկաւ ըսեմ` չեմ գիտէր. սարաւանդին վրայ ելեր վեր, վար կը պտրտի, եւ ինձ էլ հրամայեց, որ քիչ մը ժամանակ միայն թողում զինքը:

Թէ այսպէս է` մեյ մը գնա տես, կարելի է, որ հիմա քեզ ուզէ:

Տղան Գրիգորը հոն թողի, նա կսպասէ վերը, երբ ներս գա ինձ իմաց կ'ուտան:

Այսպէս սոքա ժամ մը եւ աւելի Գուրգէնի պատճառաւ անցեալի վրայ կը խոսէին եւ դեռ Գրիգոր չէր երեւար, ուստի Խուրեն կնոջը յորդորմամբ, երբ ելաւ վեր եւ տեսաւ, որ Գուրգէն նստած սեղանին առջեւ կ'ընթրէր, եւ Գրիգոր էլ մէկտեղ նստած կը մասնակցէր` լի՛ բարկութեամբ սկսաւ տղուն մօտենալ:

Կա՛ց, Խուրեն եղբայր, ես հրամայեցի տղուն, որ ինձ ընկերանայ, ըսաւ Գուրգէն, եւ թեւէն բռնելով նա էլ իւր միւս քովը նստեցուց:

Գուրգէն ինքն էլ կը զարմանար թէ ինչպէ՞ս կերակուր կ'ուտէր, այնպիսի յուզմունքէ մը վերջ, բայց այդ զօրաւոր կազմուածքը այդ տաժանելի ճամփորդութենեն ետքը, նիւթական սնունդի պէտք ունէր, եւ իւրաքանչիւր հացի պատառին կը մտածէր թէ երբ մինակ մնար բոլոր գիշերը եւ յետագայ գալիք գիշերներն` բաւական էին իւր սրտի վէրքին հետ զբաղելու: Բայց կերակուրը իր համն ու զուարճութիւնը կորուսէր էր իրեն համար, ուստի շուտ մը կշտացաւ եւ ելաւ սեղանեն եւ երբ լուացուեցաւ, հարցուց թէ`

Արծրունիք կ'ուգայի՞ն երբեմն այս իրենց նոր կալուածի սւյցելութեան:

Օրիորդին երթալեն վերջ գրեթէ չորս ամիս կը լինի եւ դեռ ոչ ոք չերեւցաւ. ինձ յանձնեցին բերդին բոլոր կառավարութիւնը, ինձ տուին բոլոր բանլիքները եւ ահա առաջին անգամն է, որ աս դահլիճին դուռը բացուեցաւ եւ սա վառարանը մխաց:

Ուրեմն անկողնոյ սենեակնե՞րն էլ քեզ յանձնուած են, Խուրեն եղբայր:

Դու քուն ունիս, իշխան, եւ իրաւունք էլ ունիս, ըսաւ Խուրեն, եւ շուտ մը բանլիքներու տրցակ մը հանեց եւ ուղղեցաւ դէպի հիւրի սենեակներն:

Խուրեն եղբայր, ըսաւ իշխանը, դու գիտես թէ երբ ես տղայ էի, այս Ռշտունեաց տան մէջ տարիներով բնակեցայ եւ իմ սենեակս ունէի, միթէ կարելի չէ, նոյն սենեակը աս գիշերն անցընեմ:

Ինչպէս որ կամենաս, իշխան, միայն այն քու սենեակը քու երթալեդ քիչ վերջը Օրիորդը իրեն սենեակ ըրած էր, եւ մենք այն օրէն մինչեւ հիմա սրտերնիս վիրաւոր չի կրցանք մաքրել ու շտկել:

Ի՜նչ վնաս, Խուրեն եղբայր, իմ տղայութեան յիշատակները նսրայ յիշատակաց հետ շաւղուած են. երթանք ուրեմն անգամ մ՚ալ այդ երջանիկ օրերը յիշելու:

Եւ Խուրեն շտկուեցաւ հոն ճրագն ի ձեռին. եւ իրօք երբ ներս մտան միայն խորազննին ակնարկ մը ձգողը կրնար երեւակայել թէ բոլոր կահ եւ կարասիքը առանց պերճութեան կնոջ մը քնքուշ ընտրութեամբ զետեղեալ էին: Գորգեր, բաստեռունք, բազմոցք, վարագոյր, արկղ, գզրոց ամենայն յարմար եւ հաճոյ էին աչաց:

Ուրեմն, իշխան, քեզ համար երթամ անկողին մը բերեմ, ըսաւ Խուրեն:

Ո՛չ, պէտք չի կայ, ըսաւ իշխանը վճռական եւ հրամայական ձայնիւ:

Խուրեն ան ատեն ակնարկ մը ձգելով անգամ մը անկողնին փոքրկութեան վրայ եւ ակնարկ մը Գուրգէնի վիթխարի հասակին վրայ` լռիկ բաղդատութիւն մ՚ընելով մտքեն, գլուխը քովնտի մը շարժեց, եւ երկու ճրագները վառելով եւ Գրիգորի ձեռքի ջուրի փոքրիկ կուժն ալ դնելով կարասիքի մը վրայ`

Գիշեր բարի, ըսաւ եւ քաշուեցաւ, միայն թողնելով իշխանը իւր վիթալից սրտին ամենատխուր ուրախութեան մէջ, որ Հեղինէի սենեակը ան գիշեր պիտի անց ընէր:

Մենք էլ կը թողունք իշխանը այդ սենեկին մէջ, կը թողունք հոն իր բոլոր հակասական դառն խորհրդածութեանց եւ կրից հետ, ուր սէր, ատելութիւն, վրէժխնդրութիւն, ներողամտութիւն, արհամարհանք, անցելոյն տղայութեան քաղցր յիշատակք իրար կը խաոնուէին, կը կռուէին փոթորկացեալ ալեաց պէս, եւ ուր վերջապէս բնութիւն յաղթող ամենայն կրից իր իրաւունքն ի գործ դրաւ, եւ Գուրգէն խոր քունի մը մէջ ընկղմեցաւ: