Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հասաւ դարձեալ Երասխայ ափանց վրայ, որ դարիւ-դարիւ կ'ուգար իւր խրոխտ ընթացիւք, սիրտը այնչափ տխուր էր, որ առաջ քան անցնիլը նստաւ ճանապարհեն հեռու նոյն ափանց վրայ. ի՜նչ կը մտածէր այդ մարդը, որ քսանչորս ժամը անցէր` բերանը բան չէր դրած ուտելու եւ ոչ ախորժ ունէր:

Այդ Երասխայ դիմացի գետեզրը, Բագարանէ շատ վար` փոքրիկ վանք մը կը տեսնէր, ճիշտ նոյն միջոցին ուր Ախուրեան Երասխ կը թափէր եւ իր աչքը անկից չէր կարող բաժնել. այդ վանքը երկու երկայն տարիներ իրեն բանտ էր եղած, կը նայէր այդ աշտարակին ուր կը յիշէր թէ անքուն գիշերներ անցուցեր էր, կը տեսնէր այն փոքրիկ երկաթապատ լուսամուտի, ուսկից առանց երկաթի արգելքին դարձեալ մարդ չէր կրնար անցնիլ, ծակը ուսկից շնորհեալ էր տեսնել երկինք իւր պայծառութեան եւ իւր տխրութեանց մէջ, երբ իր սրտին այն օրերէն սկսեալ մինչեւ սոյն այս վայրկեան օր մը ուրախութեան արեւ չէր ծագած քսան-քսանհինգ տարիներու ժամանակ: Եւ որ աւելին է կը յիշէր այն սրտի համար սոսկալի վայրկեանները, որ չարչարանաց երկար տարիներ էին, հորում հոգին կը տոչորէր եւ նորա տանջանքները բացատրելու համար չի կար բառ վասնզի մարդկային լեզուն շատ աղքատ է յայտնելու այո վիճակը, եւ նա միայն կը զգայ, որ սիրէր է անյոյս, որ սիրէր է թշուառ եւ որ խնդրէր է հաստուծոյ հազար բիւր անգամ ազատել զինք ի սիրոյ եւ ի կենաց, որուն երկնային քաղցրութիւնը դառնացուցեր լափլիզէր է բաժանման եւ անյուսութեան դժոխային հուրը: Կը յիշէր այն տխուր գիշերներու անհանգիստ քունը, ուր հրեշտակային եւ պաշտելի կերպարանքը Վասկանուշին կ'երեւար փայլակի մը պէս, եւ խեղճ բանտեալն հազիւ աչքերը յագեցնել փափագէր` աներեւոյթ կը լինէր եւ ինք խոտէ խշտուոյն վրայ ամբողջ ժամեր կը տապլտկէր: Վերջապէս յոգնած այդ յիշատակն երէն ձեռքը ակամայ ճակտին դրաւ մէկդի վանելու համար ամէն խորհրդածութիւն, թէպէտ այնչափ տարիներէ վերջը սրտի սպիացեալ վէրքը ձայն կ'ուտար թէ չէր բժշկուած, եւ այս այն վայրկենեն, որ քրմուհին գուշակէր էր թէ դարձեալ պիտի տեսնէր իր սրտին սիրելին: Ցնցուեցաւ ելաւ, հանեց զգեստներն ու զէնքերը, կապեց գլխուն վրայ եւ առանց ուշ գնելու Երասխայ մռնչիւններուն եւ բարկացայտ յարձակմանց նետուի ցաւ մէջ, եւ նորա ընթացքին հետ կը սրանար, կ'իջնէր միշտ հանդէպ կողմը, մինչեւ որ ափունքը գտաւ, եւ երբ վրայեն ջուրը ցնցեց, իր պարեգօտը դարձեալ հագաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի նոյն վանքը, որ իբրեւ թէ մագնիսական զօրութեամբ առ ինքն կը ձգէր, վասնզի Վասկանուշի համար բանտին յիշատակը նաեւ քաղցր էր, եւ նոյն միջոցին մտածութիւն չի կար մտքին մէջ այլ միայն Վասկանուշ, վասնզի այս սիրոյ հսկայ ուրուականին առջեւ ամէն բան ազգ, Սասուն, արաբ, նախարար, կաթողիկոս, անհետացեր էր մտքեն, այս մտածութեամբք երբ կ'անցնէր առաջին գիւղին քովին, երկու պա տանիք իրեն մօտենալով եւ ակնածութեամբ, իրար երեսու նայելէ եւ աչքով խորհրդակցելէ վերջ, մին աւելի համարձակ հարցուց.

Եղբա՛յր, խութեցի Յովնան դո՞ւ ես: Այո, որդեակ, ես եմ:

Խնդրեմ մեզ հետ գալ, վասնզի տունը մարդ մը քեզ կսպասէ:

Լաւ՛, որդեակ, պատասխանեց Յովնան քիչ մը մտածելեն վերջ եւ առանց հետաքրքրութեան նշան կերպարանքին վրայ ցոյց տալու, Լռիկ սկսաւ երթալ պատանուոյն հետ, որու միւս ընկերը միշտ պատկառանոք իրեն կը հետեւեր:

Եւ երբ պատանին դռան մը առջեւ կեցաւ, մտաւ Յովնան եւ առաջին աչք նետելուն տեսաւ Գուրգէն թիկնաւէտ, որ դէպ իրեն քայլելով.

Ե՛կ, ըսաւ, եղբայր, հազիւ թէ իմացայ քեզի եղած այն վատթար եւ յիմար ընդունելութիւնը, սիրտս տրոփեց եւ վախելով, որ առանց քեզ տեսնելու ձեռաց կը հանեմ եւ դու կ'երթաս Տարօն, բոլոր սա գետեզրը գիւղացուոց ապսպրեցի, որպէսզի տեսնուինք եւ եթէ կարելի բան մի կայ` գործ դնենք:

Ի՞նչ մնաց ընելիք, եղբայր, պատասխանեց Յովնան տխրութեամբ եւ հանդարտութեամբ, —յոյս չի կայ ոչ կաթողիկօսէ, ոչ եպիսկոպոսն, ոչ իշխանէ եւ ոչ նախարարէ. իսկ ժողովուրդը «ոչխար, որու հովիւ չի կայ»` որ վաղը պիտի մատնուի բարբարոսաց ձեռքը` սրոյ եւ գերութեան: Եթէ կաթողիկոսը միայն ուզէր շարժիլ, եթէ իմ խորհրդոյս ուզէր հետեւիլ, դար Ս. Կարապետ, հանէր ոտք եկեղեցական բանակը, ժողովրդոց բանակը հարիւր հազարներով կը կանգնէր անմիջապէս, եւ մենք հայքս ան ատեն ոչ վատ կը լինէինք, ոչ անմիաբան, ոչ նախանձոտ, այլ քարով միայն զինեալ` շունէու պէս կը հալածէին թշնամին, որուն անարգ ոտից տակ կը հեծեն գերութեամբ մեր զաւկները, մեր կանայքը, մեր իշխանքը, մեր եկեղեցին, մեր հաւատքը… Աստուած մեղք չի համարի, Գուրգէն, բայց սրտիս դառնութենեն առջի անգամ չէ, որ խնդրէր եմ իրմէ առնուլ, վերցնել աս կեանքը, որ չի տեսնեմ միմիայն քրիստոնեայ ասիական իմ ազդիս վիճակը, որ օրաւուր կը վատթարանայ, ծաղր ու ծանակ կը լինի անհաւատից եւ կարճամիտ քրիսաոնէից: Եւ այն կը ցավիմ, որ մենք կրնայինք անկարօտ եւ առանց ուրիշի օգնութեան այս երկու ինքնակալութեանց նաեւ դիմադրել եւ մեր երկիրը պաշտպանել եթէ մեր այդ յիմար նախարարական եւ ազնուապետական կառավարութեան ձեւը չունենայինք, որ մեր ազգը հարիւր կտոր ընելով բիւր բռնաւորաց գերի է ըրեր:

Աս խօսքերը զրուցելով Յովնան` իբրեւ թէ յոգնութիւն իմացաւ եւ նստաւ: Գուրգէն տեսնելով այս երկաթի մարդուն գունատութիւնը` հարցուց.

Յովնան, ե՞րբ ելար Դուինեն:

Երէկ երեկոյ:

Ոտքո՞վ եկար մինչեւ հոս եւ առանց դադրելու, այնպէս չէ՞:

Այո:

Են՞չ կերար:

Ոչինչ,

Կը մտածէր Գուրգէն թէ այդ մարդը քսանչորս ժամու մէջ երեք օրուան ճամփայ էր քալած եւ անօթի, եւ հացի խօսք չէր ընէր ամենեւին, ուստի շուտ մը ուժեղ ձայնով կանչեց.

Վահրի՛ճ:

Հրամայէ, տէր, ըսաւ մեր հին ծանօթ Վահրիճ:

Զրուցէ մեզի շուտ կերակուր բերեն:

Վահրիճ գնաց կերակուր ուզելու. Յովնան անշարժ նստեր, աչքերը գետնին սեւեռեալ կը նայէր, իսկ Գուրգէն սենեակին մէջ վեր, վար կը շրջագայէր, եղած վիճակին վրայ խորհրդածելով եւ այդ ժողովրդեան մարդուն, ինք նախարարական` ամօթալից ակնարկ մը նետելով, իբր թէ իր Արծրունի եւ Մամիկոնեան լինելուն ամաչէր, մոռն ալով թէ այդ նախարարական իշխանութեան առաջին զոհեդ րուն մէկն ինքն էր:

Լռութեամբ կերակուր կերան գրեթէ առանց խօսելու: Գուրգէն Յովնանու երեսը նայեցաւ:

Դու պէտք է քնանաս քիչ մը, Յովնան, վասնզի քեզի հետ ետքը գործ ունինք:

Եթէ գործը կարեւոր է, հոգ չէ:

Ո՛չ, պէտք է հանգչիս, եւ կ'էս-գիշերեն վերջ քեզ հետ կ'երթանք:

Լաւ, ըսաւ Յովնան եւ Գուրգէն տեսաւ, որ քանի մը վայրկեան ետքը իր անուանակից մարգարէին նման կը քնէր, թէպէտ մենք գիտենք, որ իւր սիրտը նաեւ նորա նաւուն պէս ալեկոծեալ էր: Կ'էս-գիշէր չի կար, երբ ելաւ կանգնեցաւ Յովնան. այդ զօրաւոր կազմուածքը պէտք չունէր երկայն հանգստեան, արդէն բոլորովին կազդուրել էր. նոյնպէս ելաւ Գուրգէն եւ ահա քիչ մը վերջը մեր երկու բարեկամները ձիարշաւ կ'երթային Ախուրեանն ի վեր Բագարանու ճամփան, եւ մեր հին ծանօթ Վահրիճ կը ջանար իւր գրաստով նոցայ հետեւիլ եւ հասնիլ ոչ միայն զանոնք չի կորսնցնելու, այլ նաեւ իւր հետաքրքրութիւնը գոհ ընելու համար. վասնզի պատուական մարդը, որ շատ քիչ միջոց երբեմն Գուրգէնի դաստիարակ լինելու փառասիրութիւն ունեցեր էր, հիմա շատ քիչով էլ գոհ լինելու կամք ունէր իր հետաքրքրութիւնը լցնելու համար, մանաւանդ, քանի որ տէրը կորուսել եւ ոտք-ոտք, գիւղեգիւղ հարցնելով կրցեր էր հետեւիլ նորա շաւղաց եւ գտնել զինք Բագրեւանդ: Բայց ի՜նչ փոփոխութիւն այդ մարդուն վրայ, մէկ քանի շաբաթուան հեռաւորութեամբ Գուրգէն փոխուէր էր, տխրութիւն նկարուած կերպարանաց վրայ, քիչ եւ միավանկ կը խոսէր, ծիծաղ եթէ ծագէր երեսին` այն էլ հեգնական էր գրեթէ, Թորթումի անունը եւ հոն դառնալու խօսք չի կար ամենեւին: Հիմա էլ իւր սովորական ձին Յովնանու տալ պարտաւորեալ` ինք անտանելի գրաստի մը վրայ ցնցուելով ոսկորները խուրտ ու խաշ կը հետեւեր, նզովելով` Յովնան եւ բոլոր սասունցիք, Ցոլակ եւ բոլոր աշխարհիս ձիանք, կը նզովեր նաեւ բոլոր աշխարհիս տեարք եւ իշխանք եւ Գուրգէն նաեւ, բայց այնպէս կամաց, մնջիկ ձայնով, որ ոչ ոք եւ սատանան անգամ կարող չէր լսելու, վասնզի մեր Վահրիճ շատ խորագէտ մարդ էր եւ վտանգաւոր բառ բերնեն չէր հանէր եթէ մտքեն անցնէր:

Գրո՜ղ տանի այդ խութեցին, իր լեռներուն վրայ ձիու երես տեսած ունէ՞ր, որ իմ ձին կը հեծնա, եւ ես այս անիծած կենդանուոյն կը դատապարտվիմ, ուստի՞ այս մարդն ելաւ մեր դիմաց, քանի որ դա տեսանք, մեր գործը յաջող չի գնաց, մա՛րդ, որ կեանքին մէջ երեսին ծիծաղ չէ եկել, մա՛րդ, որ ու բերանը ամենեւին չի բացուիր` եւ երբ յանկարծ բացուի, ամենեւին չի գոցուիր, մինչեւ չի հարցնես չի պատասխաներ… Այդ մարդը կախարդ է, վեցհազարլայի կը ծառայե… ահա քանի որ իշխանը այդ մարդը տեսաւ, ինք էլ տխուր է, խելքին եկաւ: Երէկ յանկարծ խաղաղ նստած էինք` Բլուր, ի՞նչ եղաւ, սատանան դրդեց` վազէ՛ Երասխայ ափունքը, ամէն գեղացուոց իմաց տո՛ւր. ո՞ւմ համար… «Խութեցի Յովնան եղբայր հրաւիրել ամենայն ակնածութեամբ, որ շնորհք ընէ` գա մեր տեսութեան եւ Գուրգէն իշխան ընդառաջ կելնէ, լեռնցի մարդուն ձեռքերը կը բռնե… հին բարեկամ եղած իրարու Յովնա՛ն, Գուրգէ՛ն, իբրեւ թէ եղբօր զաւկներ լինէին… Անիծա՛ծ կենդանի, աղիքներս վեր, վար դարձաւ… իմ պատուակա՜ն ձին, տես ինչպէ՛ս լաւ կ'երթայ Ցոլակին հետ… բայց դոքա ի՞նչ կը խօսին, մենք ո՞ւր կ'երթանք, այս ճանապարհը դեռ ինչչա՞փ կը քշէ, ասոնք ամէնը խնդիր են, բայց ո՞ւմ հարցնես: Իրաւ որ Վահրի՛ճ, դու մեծ յիմարութիւն ըրիր` թողիր տուն տեղ ելար իշխանին ետեւեն… բայց միթէ գիտէի թէ զիս այսպէս պիտի ընդունի. ոչ ընտանութիւն, ո՛չ` ի՞նչ ըրիր, ո՛չ` ընտանիքդ ինչպէ՞ս են, ոչինչ հարցմունք չի կայ, այլ միայն «բարի ես եկեր» մը եւ ետքը գնա այդ կախարդը փնտրէ, տո՛ւր ձիդ որ վեցհազարեայի մարդը նստի, եւ դու հեծի՛ր վայրենի կենդանուոյն վրայ, որ բոլոր աղիքներդ վեր, վար շրջէ եւ զքեզ սպաննէ:

Եւ յանկարծ այս ամէն խորհրղածութիւնք ընդհատեցան, Բագարան եւ իր կ'աթողիկէին ստուերը երեւցաւ մութուն մէջ եւ մեր երկու ձիաւորք կ'եցան եւ իջան ձիերնեն. Վահրիճ իջաւ նոյնպէս եւ կաղնիկաղ ամենաթթու կերպարանքով եկաւ ձիերը առնլու: Դու այս աղբիւրին քով մեզ սպասէ, ըսաւ Գուրգէն, առանց գլուխ անգամ դարձնելու Վահրիճի տխուր երեսին, որ արդէն տեսնել կարելի չէր մութուն պատճառաւ, եւ շարունակելով Յովնանու հետ իւր ճամփան դէպի քաղաք: Թէպէտ դժգոհ, որ այս արշաւանքեն բան մը չիմացաւ, թէպէտ զկծեալ, որ զինք քաղաք մտնելու արժանի չէր համարէր իշխանը` բայց մխիթար եալ, որ ազատեցաւ ցնցմունքէ եւ ոսկորներու ցաւէ, կապեց երկու ձին ծառի մը, Ցոլակին էլ ապսպրեց հսկել եւ ինք վերարկուին փաթաթեալ երջանիկ քունի մը մէջ ընկղմեց աւ: Խեղճ Վահրիճ հազիւ թէ քառորդ մը կրցաւ քնանալ եւ ահա զգաց տաք շունչ մը եւ երկու ահագին շրթունք իւր երեսը կը գգուէին, Ցոլակ իրեն իմաց կ'ուտար. ցատկեց ելաւ, եւ կը լսէր քանի մը հեծելոց, ոտից դոփիւն. կորովաբար իւր երկու ոտքին վրայ, հաստատուն կանգնեցաւ, եւ կրցաւ որոշել, որ իշխանական խումբ մ՚էր, որ կ'անցնէր. դարձեալ առաջին դիրքը առաւ, իր քարէ բարձին վրայ սկսաւ քնանալ, բայց հազիւ աչքերը կը գոցեր` Ցոլակ հաւատարիմ պահապան զինք կ'արթնցնէր: Երկու-երէք անգամ նոյն դիպուածը նորոգուեցաւ, միշտ նոյնանման փոքրիկ գունդեր էին, որ քաղաք կը մտնէին:

Թողունք Վահրիճ իր քոլէին, երթանք մեր երկու ընկերաց հետ, որ ուղղուեցան հետի դէպի Բագարան:

Լաւ կը խօսիս, կ'ըսէր Յովնան, կ'ուզես յոյս ունենալ այդ երիտասարդին վրայ. այնպիսի յուսահատ վիճակի մէջ է մեր խեղճ ազգը, որ ո՛ւմ ըսես օգնութեան ձեռք պիտի երկնցնէ. ես տեսայ զինք, շատ խելօք եւ ուշիմ կ'երեւայ, բայց ժամանակը միայն կրնայ յայտնել թէ երեւոյթը պիտի իրագործի թէ ոչ:

Տեսնենք ի՞նչ է իր առաջարկութիւնը, ինքն է, որ զմեզ կը խնդրէ, ինքն է, որ ինձ մա)սնաւոր իմացուցեր էր, որ զքեզ առնում եւ գամ Բագարան եւ թէ շատ կարեւոր խնդրոյ վրայ կը փափագի խորհրդածել. ես որ աշխարհքես զզուած կը խորհէի առնուլ գլուխս` անցնիլ Յունաց բաժինը, այս լուրիս վրայ զարմացայ` ուզեցի այս երիտասարդը տէանել, որու վրայ ամէն մարդ գովութեամբ կը խոտի:

Ամէ՜ն մարդ, կը նշանակէ` ո՛չ մէկ մարդ: Եթէ ես էլ ամէնուն պէս ո՜վ որ իմ երեսիս ծիծաղէր նա գովէի, եթէ ես էլ ամէնուն պէս որ անիրաւութչան մը փոխարէն նշոյլ մը տեսնելուն արդարութչան արեւ ծագեցաւ գոչէի, անշուշտ այդ երիտասարդը պիտի գովէի, վասնզի զիս անիրաւ բանտէ մը ազատեց. բայց ինձ եղած մէկ դիպուած եւ ուրիշներուն եղած հազար դիպուած բաւակա՞ն են ըսել տալ թէ հաչ ազգին փրկութչուն ծնաւ, որովհետեւ Բագրատունի սմբատ Սպարապետի որդի Աշոտ իշխան մը կայ: Տեսնե՛նք զինք հիմա փորձով թէ ի՛նչ է, եւ մինչեւ ո՜ւր կ'երթայ իւր գործունէութիւնը ազգին ընդհանրութեան համար:

Այս միջոցիս ձիերու ոտից տրոփ լսուեցաւ եւ քանի մը հեծչալք անցան եւ ուղեւորեցան դէպի վերին բերդը, որ Ախուրեանի բարձրաւանդակը կը տանէր, հազիւ թէ քանի մը վայրկեան անցաւ ուրիշ փոքրիկ խումբ մը դարձչալ տեսնուեցաւ, երբ մեր երկու բարեկամք արդէն բերդին դռան հասեր էին: Հաչտնի կ'երեւէր լռութենեն, որ կը տիրէր թէ գաղտնիութեան կարգադրութիւն մը կար. հեծելոց ձիերը անմիջապէս պատրաստ ձիասպասք կառնուին իրենց սահմանեալ ախոռները կը տանէին, լռիկ սպասաւորներ հիւրերուն կ'առաջնորդէին դահլիճը, ուր երկու-երկու, երեք-երեք, չորս-չորս խմբիկներու բաժնուած հրաւիրչալք կամաց ձաչնով կը խոսէին. քանի մը կանթեղ աղօտ լուչս կը ձգէին ժողովականաց վրայ:

Յովնան հետազօտ աչք մը ձգելով տեսաւ, որ բոլոր երիտասարդ իշխանազունք էին սոքա, իրեն տարեկից քառասունն անցած մարդ չէր գտնէր եւ ոչ մէկ հատ. կը փնտրեր եւ չէր տեսնէր զաշոտ, եւ ինքնիրեն` «լաւ՛, տիրաբար թող վարուի, հո՛գ չէ, միայն թէ գիտնա կառավարելի, կ'ըսէր, եւ առանձին անկիւն մը քաշուած կը ծածկուէր:

Իսկ Գուրգէն նոյն միջոցին արդէն հաչանի ամէնուն ոչ անուամբ այլ իւր հսկայ հասակաւ, համարձակ կերպիւ կը մօտենար իւրաքանչիւր խումբի, իւր մեծ աչքերուն նայուածքը ձգելեն վերջ կ'անցնէր ամէնուն քովեն` սրահին մէջ կեցած զհովնան կը փնտրեր, երբ ղռան երկու փեղկերը միանգամաչն բացուեցան, եւ Աշոտ Բագրատունի երեւցաւ իւր եղբօր Շապհոյ եւ քանի մը Բագրատունի իշխանաց հետ մէկտեղ: Ամէնքը ոտք ելան. իսկ նա քաղցր եւ ծանր քաղաքավարութեամբ, ձեռքը սրտին վրայ դնելով զամենքը ողջունեց, անցաւ նստաւ եւ ձեռքով զամենքը հրաւիրեց նստելու: Նոյն միջոցին տեսնելով զգուրգէն, որ չէր ճանչեր, այլ երեւակայեց, ելաւ տեղաց «Գուրգէ՜ն իշխան» ձայնեց իւր խոշոր ու փայլուն ձայնով. իսկ նա` «Աւասիկ եմ, իշխան քաջ, միայն թէ ընկերս կը փնտրեմ» պատասխանեց եւ, տեսնելով զհովնան քաշուած մէկ կողմ, մօտեցաւ թռնեց ձեռքեն` բերաւ եւ իւր եւ Աշոտոյ մէջ նստեցուց:

Գուրգէնի այս ըրածը ամէնուն եւ Աշոտոյ անգամ զարմանք պատճառեց. միայն ինք Գուրգէն էր, որ անխռով աչք պտըտցնելով կ'իմացնէր թէ իր տուած պատիւը այդ լեռնականին, այդ շինականին` արժանաւոր յարկ մ՚էր:

Երբ հետաքրքրութեամբ ամէնը խոր լռութեան մտան, այսպէս խօսեցաւ Աշոտ Բագրատունի.

«Ո՜վ ազնիւ եւ պատուական բարեկամք իմ եւ իշխանազունք, հայրենիք եւ կրօնք կարելի է այնպիսի ծանր եւ վտանգաւոր վիճակի մէջ չեն գտնուած ինչպէս այսօր. Վարդանանց ժամանակի վտանգը հիմկուանին հետ բաղդատելով շատ ոչինչ է. թէպէտ ան ատեն Պարսից մեծազօր արքայից արքայն էր, բայց Հայաստան իւր մատնիչներէն զատ օտարազգի չունէր իր ծոցը, իսկ այսօր Բաղդատու արաբացուոց ամիրապետը իւր իշխանութեան հզօր թեւերը կը տարածէ ո՛չ Ասիոյ վրայ միայն, այլեւ բոլոր Ափրիկոյ եւ մինչեւ Եւրոպա կը դողացնէ, եւ օտար թշնամին մեր Հայաստան երկրին մէջտեղ իրեն բոյներ կը շինէ. Դուին, Նախջեւան, Բաղէշ, Տփխիս եւ Գանձակ տաճկաբնակ քաղաքներ են դարձած, ոչ մեր հնազանդութիւնը, ոչ մեր հաւատարմութիւնը, ոչ մեր վճարած յարկաց ծանրութիւնը, մեր կրօնից, մեր կենաց, մեր ստացուածոց, մեր ազգութեան ապահովութիւն չունին. այս տիրապետող տէրութեան ձեռքեն, որ կը խոստանայ` խաբելու համար, կերդնու, ստելու համար, ապահովութեան ձեռագիր կ'ուտայ կողոպտելու, գերելու, քանելու, այրելու եւ հիմնահատակ ընելու համար. քաղաքներն աւերակ, գեղերն անշեն, դաշտերն անապատ, ժողովուրդ տարագիր եւ փախստական լեռներու, ժայռերու, ծործորներու դատապարտուած այս է մեր Հայաստանի վիճակը: Երբ այս վիճակին վրայ մեր հայրերը, մեր մեծերը, մեր իշխանները կը մտածեն եւ ճար ու հնար չեն գտնէր` մեզ բնական է յուսահատիլ. բայց յուսահատութիւնը, լքումը վերջապէս ոչ մարդու վայել է, ոչ քրիստոնէի. եթէ մենք խելքով, խոհեմութեամբ եւ քաջութեամբ վարուինք ես այնպէս կը հաւատամ, որ աստուած մեզ կօգնէ, եւ Քրիստոսի զօրութիւնը մեծ է` կրնայ այս դառն վիճակեն մեզ ազատել: Աստուածաշունչ գիրք եւ մեր Հայոց պատմութիւն եւ մեր օրերու պատմութիւն նաեւ մեզի ցոյց կ'ուտան, որ մեր սոյն թշնամեաց դէմ նոյնիսկ մեր հայրերը քաշութեամբ պատերազմէր են. Դաւիթ Սահառունի, Աշոտ Մսակեր իմ պապս, եւ դեռ շատ սոցայ նմաններ ահագին հարուածներ տուեր են այս արաբացուոց, եւ դեռ երէկ մեր քաջ սասնցիք ոստիկան մը իւր բոլոր բանակով բնաջինջ ըրին: Ուրեմն ինչ որ պէտք է ընել, ի՛նչ որ կարելի է ընել մտածենք եւ եթէ ընելիք բան մը կայ ջանանք ի զօրծ դնել: Խնդրեմ, հոս ազատ համարձակ խօսինք, ես զձեզ ամէնքդ կը ճանչեմ եւ գիտեմ եւ ամէն վստահութիւն քէւնիմ ձեր վրայ եւ ամէնուդ երաշխաւոր եմ, որ մեր գաղտնիքը գաղտնիք կը մնա, եւ գործելու համար միայն կը յայտնուի»:

Երբ նա վերջացուց իր խօսքը, քրթմնջիւն մը ելաւ բոլոր սրահին մէջ, ամէն ոք իւր ընկերին հետ կը խոսէր, բայց բարձրաձայն խօսող` կարծիք յայտնելու համարձակող ոչ ոք չէր երեւէր:

Յովնան եւ Գուրգէն լուռ կը կենային եւ բերան չէին բանար: Իսկ Աշոտ տեսնելով վիճակը` դարձաւ յանկարծ այս երկուքին` «Դուք, ըսաւ, ամենեւին բան` առաջարկութիւն չունի՞ք ընելու»:

Իմ առաջարկութիւնս երկու օր առաջ լսեցիք այդ մեծ ժողովքին մէջ. ես կը յուսայի, որ եկեղեցական իշխանութիւն գլուխ կանգնելով ազգին կրնար հրաշքներ գործէի նա չուզէր շարժիլ. դուք էլ կարելի է իրաւունք ունիք այս իշխանազուն երիտասարդութեան վրայ յոյս դնելու եւ փրկութեան նշոյլ մը փնտրելու: Ես այստեղ այս ժողովքիս մէջ, անյարմար անձ մը կը զտնեմ ինքզինքս, ոչ իշխանազն եմ եւ ոչ երիտասարդ. լռութիւնը իմ բաժինս ուրեմն պէտք է լինի:

Յովնա՛ն եղբայր, երկու օր առաջ այն ժողովքին մէջ, ուր սւտենաբանեցիք, կարծեմ թէ նոյնպէս իշխանազն չէիք» եւ ժողովքը կաթողիկոսի ու մեծ նախարարաց ժողովք էր:

Առանց այս խօսքերուն հեգնական մասին ուշադրութիւն ընելու, միամիտ հանդարտութեամբ պատասխանեց Յովնան.

Կարելի է ես խաբուեցայ եւ համարձակեցայ խօսելու սոսկական ռամիկ մը, վասնզի ալեզարդ կաթողիկոս մը հոն նախագահ կը տեսնէի ժողովքին, եւ այդ կրօնական գլուխը կարծէի թէ ինձի պէս կը հասկնար Լուսաւորչայ ժողովուրդը` ինչպէս առաքեալը կը կարծե` որուն առջեւ «ոչ ազատ կայ եւ ոչ ծառայ` այլ ամենայն ոք մի ի Քրիստոս Յիսուս»: Եւ ես այդ հաւասարութիւնը ոչ իշխանութեան եւ ոչ մեծութեան առջեւ կը փափագէի, այլ ահաւոր վտանգին, ուր կը գտնուի այս խեղճ հայրենիք:

Վտանգը դարձեալ նոյնն է. եթէ ոմանք ծերութեամբ, ոմանք անձնական շահերով, ոմանք քէնով կը մոռնան Հայրենեաց վիճակը, հաւասարապէս յանցաւոր են:

Այս խօսքերուն վրայ Գուրգէն թէպէտ կամաց` բայց ի բնէ որոտաձայն պատասխանեց.

Իշխան քաջ, դուք, երբ այս ժողովքը հրաւիրեցիք` անշուշտ այս վիճակին դարման մը ունէիք ձեր մտաց մէջ, անշուշտ առաջարկութիւն մը պատրաստած էիք, ինչո՞ւ ժամավաճառ լինինք խօսեցէ՛ք համարձակ:

Գուրգէնի հեզիկ ձայնը, որ առիւծի լռիկ մռնչիւնի կը նմանէր բոլոր դահլիճին ուշադրութիւնը դէպ այն կողմը դարձուց, ուր մեր այս խօսակցաց հետ քանի մը անձինք նաեւ ունկնդիր էին, շրջանակը մեծցաւ, եւ այս խօսքերուն վրայ Աշոտ խորագէտ, ինչ որ կուզեր, որ ուրիշները զրուցեն, ինք պարտաւորեցաւ զրուցելու:

Այսպիսի վիճակի մը մէջ, Գուրգէն իշխան, ըսաւ նա, իբրեւ թէ միայն Գուրգէն կը տեսնէր, ազգի մը պարտաւորութիւն ինքզինք զօրացնելն է, եւ այս զօրութեան համար միութիւն մը կազմել պէտք է անքակտելի. մեր բոլոր թշուառութեանց աղբիւրը զօրաւոր կապ մը չունենալնես կը ծնանի. արաբացին զօրաւոր է վասնզի ամիրապետ մը ունի որուն ամէնքը կը հնազանդին, յոյնը զօրաւոր է որովհետեւ կայսր մը ունի, որուն ամէնքը կը հնազան դին, եւ այն ամէն ազգք եւ ազինք, որ իշխանութիւն մը չունին ամուր եւ զօրաւոր` այս երկուքին գերի են եւ ծառայ: Ուրեմն խնդիրն հոն է իմ կարծիքովս, որ մենք էլ պէտք է իշխանութիւն մը հաստատենք եւ այդ իշխանութեան պէտք է հարուինք ամէն սրտով, պէտք է յանձն առնունք հնազանդիլ այդ իշխանութեան հրամանաց: Յարկ չէ իշխանութիւնը մէկ անձի միայն յանձնել, կրնայ երկու-երէք անձի ալ յանձնուիլ, միայն թէ այդ իշխանութիւնը գիտնա կառավարել, եւ ամենայն ոք գիտնա նոյնպէս հնազանդիլ եւ ուրիշները հնազանդեցնել: Պէտք է համոզուինք, որ Հայաստան ուտող, սպասող ցեցը անիշխանութիւնն է, միմիայն պատճառ իւր կործանման, աւերակաց եւ գերութեան:

Երբ ինք լռեց` քանի մը երիտասարդք մօտենալով ըսին.

Աշոտ իշխան, մենք զքեզ արժանաւոր կը տեսնենք այդ իշխանութեան, դու յանձն առ եւ գործէ եւ մենք պատրաստ ենք քեզ հնազանդելու եւ օգնելու: Նոյնը կրկնեցին մեծ մասը ժողովականաց. երբ Աշոտ լուռ կեցած կը մտածէր, եւ երբ ամէնքը նոյնը կը կրկնէին եւ կը բռնադատէին պատասխանել, նա վերջապէս համեստ ծանրութեամբ սկսաւ այդ իշխանութեան դժուարութիւնքը ցոյց տաշ, իւր երիտասարդութիւնն առջեւ դնել, եւ խնդրեց, որ «Միթէ՞ կարելի չէ՜ր այսպիսի իշխանութիւն մը իւր հօր` Սպարապետին յանձնել, որուն քաջութիւնը, խոհեմութիւնը, փորձառութիւնը յայտնի էին բոլոր Հայաստանի»:

Կեցցէ՜ Սմբատ Սպարապետ, ըսաւ, գրեթէ միաբերան բոլոր ժողովքը, յիրաւի նա է միայն արժանաւոր, նա կրնայ փրկութեան հանել Հայաստան:

Եւ երբ ձայները հանդարտեցան, Աշոտ խոստացաւ հօրը իմացնել այդ ժողովքին որոշմունքը եւ խնդրեց, որ երբ իւրաքանչիւրին իմաց տրուի` սահման եալ տեղին ամէնքը գտնուին:

Արդէն արշալոյսն հասած էր, ժողովքը սկսաւ ցրուիլ, ամէն մարդ իւր տեղը կ'երթար: Երբ դռնեն դուրս ելան, Գուրգէն Յովնանի երեսը նայելով. «Եղբա՛յր, դու ի՞նչ կ'ըսես այս եղածին, ես Սպարապետը ոչ տեսած եմ եւ ոչ կը ճանչեմ, կրնա՞յ ազդը փրկել»:

Ազգը փրկելու կարողութիւն մարդ մը միայն ունէր, իմ կարծիքովս, յկայոց կաթողիկոսը. բայց նա ո՛չ կամեցաւ. դատաստանը աստուած ինք տեսնէ:

Բայց Սմբատ կրնա՞յ բան մ՚ընել:

Ո՜վ գիտէ, տեսնենք, ես բանի մը յոյս չունիմ, կ'երթամ մեր լեռները, ինչ որ կրնամ կը ջանամ ընելու. իմ պարտքս մահվնէ չի վախել եւ չի փախ չիլ է, այդ աստուծոյ շնորհքով կրնամ կատարել: Մնաս բարով, Գուրգէն իշխան, եթէ աստուած ուզէ դարձեալ կը տեսնուինք:

Յովնան Երուանդակերտի ճամփան բռնեց, իսկ իշխանը կ'ուղղուէր դէպի Բլուր եւ չէր կրնար չի դարձնել գլուխը երբեմն այդ լեռնցի մարդուն ետեւեն, որ առանց ետին նայելու կ'երթար անսասան, ուր որ պարտքը զինքը կը տանէր. վասնզի ինք միակ մարդն էր նոյն օրը բոլոր Հայաստանի մէջ, որ գիտէր թէ ի՛նչ պիտի բներ: