Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ինչպէս լռիկ եկած էին մեր երկու ընկերները, նոյնպէս լռիկ կը դառնային, բայց ծերը իր շոր վոյն վրայ կորաց եալ կը դիտէր շարունակ, որ երիտասարդ իշխանին ճակատը պարզեալ էր, այն դառնութիւնը եւ անհանդարտ հոգը, որ քիչ առաջ իւր երեսին վրայ ոկարեալ էր` անհետ եղած էր բոլորովին: Երբեմն ձեռոք իւր նժոյգին պարանոցը կը շոյէր, երբեմն զուարթ դէմքով գլուխը շուրջ դարձնելով բնութեան ծիծաղն իբրեւ թէ կը փնտրեր, եւ յանկարծ գլուխը ետին դարձնելով,

Հայրի՛կ, այս ձեր մայր իշխանուհին սովորական կին չէ, ես նորա նման ոչ ոք չեմ տեսեր կեանքիս մէջ, ըսաւ:

Այո, իշխան, բոլոր շրջակայքը` ամէնքը ազգայինք եւ օտարք իւր իմաստութեան եւ առաքինութեան գովութիւնը կ'ընեն եւ կը յարգեն: Իսկ մենք իւր ժողովուրդը եւ մեր ամենեն յետինը` աստուծմէ ետքը, մեղա՜յ, մեղա՜յ, Աստուածամօր պէս զինքն կը պաշտէինք պիտի ըսէի:

Ծերուն այս վկայութիւնն էլ խոր մտածութեան մէջ թաղեց իշխանը եւ հազիւ թէ Սմբատաւան հասան, առանց ձիեն իջնելու հրամայեց իւր փոքրիկ գունդին, որ հեծնեն, եւ աւանապետեն քսակ մը տալով խնդրեց քաղցրութեամբ, որ գոհ րնէ իւր մարդիկը եւ փոխանակ Արտահանի ճամփան բռնելու, Կարուց ճամփան բռնեց որովհետեւ այնպէս իմացեր էր թէ կաթողիկոսը Բագարան երթալու միտք ունէր Բուղայի երկիւղեն, եւ անկից Յունաց սահման անցնիլ Կարնոյ քաղաք, ինք կը յուսար թէ Բագարան իւր նամակը կրնար իրեն հասցնել:

Ուստի երբ Բագրատունեաց քաղաքը մտաւ եւ միջնաբերդը գնաց իւր անուանակից Աշոտ Բագրատունին տեսնելու, նա շատ այլայլած գտաւ, վասնզի երկու լուր մէկտեղ առած էր, նախ Յովհաննէս կաթողիկոսին մահը, իսկ երկրորդ Բուղայէ հասած հրաման մը, որ ստիպաւ` հայրը` Սմբատ Սպարապետը կուզեր, որ Մոկաց երկիրն էր: Ուստի այս լուրերը հաղորդելու համար հօրը սուրհանդակ մը ղրկելեն վերջ, Բագրատունին սկսաւ գանգտիլ ժամանակին դժուարութեան վրայ, մանաւանդ որ սասնեցիք բոլոր իւր եւ հօրը այնչափ խնամքը` յարդարեալ պատրաստութիւնքը հիմնահատակ ըրեր էին: Եւ երբ իրենք կը յուսային այդ ճիւաղին` Բուղայի սիրտը կակղացնել ամէն օր նոր-նոր եւ անհաւատալի յանդգնութեամբ ամէն խորհուրդ վեր ի վայր կը շրջէին:

Չի լսեցի՞ր այդ սասնեցուոց նոր քաջագործութիւնը:

Ո՛չ. նո՞ր բան կայ:

Խումբ մը այս լեռնականներէն իրենց սարերուն գագաթներէն կ'իջնեն, կ'ուգան մինչեւ Դուին, եւ հոն համարեա Բուղայի աչաց առջեւ երեք հայ նախարար, որք Նկան բերդին եւ Աշոտ Արծրունուոյ անձնատուր լինելուն պատճառ եղան Մուշեղ Վահեւունի, Վահրամ Տրունի եւ Վահրամ թիկնապահ, մահապարտաց սահման եալ կախաղանը կը հանեն եւ բոլոր Դուին` հայ ու տաճիկ զարմանքով կը տեսնեն այս երեք իշխանաց դիակները կ'ուրծքերնեն իրենց մատնութեան յանցանքը եւ օրինաւորապէս դատաւորաց տուեալ դատակնիքըյ որուն հնազանդելով Յովնան խութեցուոց զօրավարը կը գործադրէ նոյն վճիռը: Կրնաս երեւակայել հայ ժողովրդեան լռիկ եւ անձայն ուրախութիւնը, բայց նոյնպէս երեւակայէ այդ անիծեալ Բուղայի կատաղութիւնը եւ միանգամայն սարսափը, որուն առջի հրամանը եղեր է երեք-չորս մեծամեծ զօրաց գունդեր ղրկել այս սասնցուոց վրայ, ուր որ հանդիպին ողջ կամ մեռած իրեն բերել: Այս առաւօտ մասնաւոր սուրհանդակ մը այս լուրը ինձի կը բերէ, քիչ մը վերջը բռնաւորին սուրհանդակը ինձ հրաման կը բերէ, որ զհայրս սպարապետը կուզէ այս անօրէնը: Ահա բոլոր վիճակը, ուր հիմա կը գտնուինք: Աստուած ինք հասնի, այս գարնան դուռները տեսնենք մեզ ի՞նչ դառնութեան աղբիւր պիտի բանան:

Աշոտ Սիւնի, կաթողիկոսին մահը լսելով յարկ համարեցաւ երթալ Սիւնիք, ուստի իր հրաժարական ողջոյնը տալով Բագրատունուոյն, ելաւ ճամփայ եւ սառած Ախուրեանին վրայեն անցաւ դիմացի դաշտավայրը, հազիւ մէկ քանի ժամուան ճամփայ առաւ սիւնեցի հեծելագունդը` եւ ահա բարձանց վրայեն տեսնուեցաւ Արագածի ստորոտը երկու խումբ, որ դիմացէ դիմաց կանգնած զիրար կը դիտէին, փոքրիկ խումբը, որ ամուր դիրք մը առած էր բլրոյ մը վրայ յայտնի հայոց գունդ մ՚էր, իսկ միւսը արաբացի էր իւր ճերմակ փաթթոցներով: Աշոտ առանց դանդաղելու, «Երթանք, տղաք, մեր եղբարց օգնենք», գոչեց եւ ձիերը մտրակեցին դէպի բլուրը: Աշոտ առջեւնին սուրը խաչաձեւ կը փայլեցնէր, եւ ահա բոլոր խումբը շարժեցաւ ընդունելու փոքրիկ օգնութիւնը: Ինչպէս դատեր էր հեռուանց ճիշտ նոյնպէս սակաւաթիւ էր խումբը, հարիւր յիսունի չափ հետեւակ սասունցիք էին, եւ երեսունի չափ հեծեալք գրեթէ ամէնքը ազնուատոհմք, քաջ եւ կորովի մարդիկ. երեք հոգի առանձին կեցած այս նորեկ ընկերաց կը նայէին դիտող աչօք, եւ այս երեք անձինք մեզ քաջածանօթ Յովնան, Գուրգէն եւ Խոսրով էին: Երբ Աշոտ մօտեցաւ այս խմբակին սիրալիր ընդունելութիւն գտաւ, եւ Գուրգէն յայտնեց թէ իրենք յարձակելու որոշմունքն ըրած էին արդէն, բայց քիչ մը պիտի սպասէին, որ նոր եկող եղբարց ձիանքը յոգնութիւն առնեն: Սիրով ընդունեցաւ Աշոտ այս պատիւը եւ կէսժամու չափ ժամանակ ուրախ-զուարթ խօսակցելեն վերջ այս երկու հարիւր հոգին` հետեւակները մէջտեղնին, ձիաւորները երկու կողմեն բլուրն ի վար յարձակեցան սաստկութեամբ: Թշնամիք, որ հազար հոգիէ աւելի էին, ուրախութեան ձայներով դիմաւորեցին զիրենք, յաղթութիւնն ապահով համարելով, բայց երբ իրենց բոլոր յարձակումները անօգուտ տեսան այդ փոքրիկ հետեւակախումբին դէմ, որուն նիզակներու անտառը կը քայլեր եւ ամէն բան կը խորտակէր իւր առաջ, երբ աջ թեւին վրայ Գուրգէն հսկայ հասակաւ իւր ահագին սուրը կը շարժէր տրդատաբար, եւ ամէն ընդդիմակաց կը կործանէր եւ կը տապալէր, ձախ կողմը սիւնեցիք առիւծի պէս կը պատերաղմէին եւ Աշոտ` «Տղաք, սիւնեցիք, ձեզ տեսնեմ, ամօթով չելնենք մեր եղբարց քով», ըսելով թշնամեաց վրայ կոտորած կոտորածի կը հասցնէր: Եւ վերջապէս գոհութեամբ տեսան հայք, որ արաբացի գունդը տկարացած սկսաւ քաշվփլ եւ նահանջել. ան ատեն իրենք էլ դադրեցան հալածելեն եւ տեսնելով թէ երկու միայն անկեալ ունէին եւ քանի մը թեթեւ վիրաւոր ու թշնամին երեք հարիւրի չափ մարդ կորուսած էր, փառք տուին` աստուծոյ եւ քաշուեցան դէպ Ախուրեան: Աշոտ կուզեր իւր ճամփան շարունակեչ, բայց Գուրգէն եւ Յովնան զինք համոզեցին, որ իրենց ընկերանայ եւ չի բաժնուի, ոչ միայն, որ առջեւը վտանգը մեծ էր, այլ նաեւ, որ իրենք որոշած էին վրէժխնդիր գունդ մը կազմուել հայ ազգի եւ հաւատքի նախատինքը քաւել, թշնամի եւ մատնիչ պատուհասել, եւ թէ արժան էր, որ Աշոտս պէս քաջ երիտասարդ մը Սիւնեաց նահանգը Տարօնս եւ Վասպուրականի հետ իրենց մէջ. ներկայացնէր: Իսկ սիւնեցի իշխանը ինքնիրեն հաշուի մ՚ըրաւ, որ մինչեւ գարնան ոչինչ գործ չունէր, սիրով յանձն առաւ այդ ընկերութիւնը եւ բռնեցին Կարսի ճամփան. անցան Ախուրեան, որ սառած իւր բոլոր երկայնութեան մէջ ահագին կամուրջ մ՚էր ճանապարհորդաց, եւ գիշերով հասան Արգինայի աւանը:

Ուրախ-զուարթ գիշեր մը անցուցին, թշնամուոյն աւարեն բաժին հանեցին արգինացուոց, ամէն կողմ պահապաններ դնելով լաւ մը հանգստացան, եւ դեռ արշալոյս չեղած լուր հասաւ թէ թշնամի մեծ խումբ դէպի Կարս կը դիմէր, իրենց ճամփայն արգիլելու համար: Որոշեցին, որ Արտահանու ճամփով յունաց սահմանագլխեն շարունակեն ճամփայնին, իսկ եթէ թշնամին հասնի եւ համարձակի պատերազմիլ` ջախջախեն եւ անցնին առաջ: Այսպէս բոլոր երկու օր ճանապարհորդելով առանց արգելքի հասան Արտահան. հոն անկարծելի արգելք մը դարձեալ զիրենք կասեցուց:

Գուրգէն իբրեւ յառաջապահ իւր փոքրիկ գնդով կ'երթար ժամու մը ճանապարհ հեռաւորութեամբ, հարիւր ձիաւոր զօրաց յունական խումբ մը յանկարծ յանդուգն յարձակմամբ շրջապատելով զինք հրամայեց անձնատուր լինիր Գուրգէնի պէս մարդու այսպիսի առաջարկութիւնը անտանելի էր, բայց խոհեմութիւն նաեւ իրեն պարտք համարելով եւ չուզելով տաճկաց թշնամութեան վրայ աւելացնել յունաց թշնամութիւնը` ջանաց համոզել քաղցր խօսքերովհոյն գնդին զօրավարը թէ` «Անհաւատից ձեռքեն հալածեալ կայսեր սահմաններուն մէջ` նորա պաշտպանութեան կը դիմէին, եւ երբեք թշնամութեան գործ ընել չէին կրնար մտքէ անցնել եւ ոչ յունական իշխանութեանց ծանրանալ եւ թէ ինք եւս յունական իշխան եւ հպատակ էր կայսեր եւ թէ գաւառի մը ամբողջ տէրն էր նոյն կայսեր շնորհիւ»: Բայց երբ տեսաւ թէ յոյնք իւր քաշութիւնը երկիւղի նշան համարելով սկսան բռնակալ եւ իր մարդիկը զինաթափ ընել շանալ, եւ նոցայ գլխաւորը համարձակեցաւ զէն ի ձեռին իր վրայ յարձակելով սուրն ուզելու, ան ատեն.

Սո՜ւր կ'ուզէք, առէք ձեզի սուր, հապա՜, տղաք, ձեզ տեսնեմ, սո՜ւր սոցայ վրայ, գոչից Գուրգէն:

Եւ նախ գլխաւորն ինք զոհ գնաց իւր ահագին սրոյն, եւ քանի մը վայրկեանի մէջ այդ յունական խումբը ցիրուցան դաշտին վրան քսանէ աւելի մեռել կը թողուր եւ մնացորդը վայրավատին կը փախչէին:

Իսկ երբ Յովնան եւ մեծ խումբը հասան տեսան եղածը եւ Գուրգէն, որ քանի մը կալանաւոր կը հարցաքննէր, յայտնի եղաւ այս գործողութեան բուն պատճառն: Գրիգոր, Բագրատունեաց ցեղեն մէկը, Իշխանիկ մականուանեալ, Արամանեակ եւ Աշխարհաբերդ ամրոցներու կը տիրէր ժառանգութեամբ ճիշտ յունաց սահմանագլխուն վրայ: Եւ այսպիսի անորոշ դիրքի մէջ ոչ կայսեր յարկ կ'ուտար եւ ոչ ամիրապետին: Յունաց Կարնոյ զօրավարն այսպիսի անկարգութեան վերջ տալ ուզելով եկեր պաշարէր էր Արամանեակ բերդը: Իր զօրքերեն հարիւրի չափ պահապանաց խումբ մը հանդիպելով Գուրգէնի եւ շարդուբուրդ փախստական, պիտի տանէին լուրը բանակը եւ պիտի գրգռէին Գուրգէնեանց ու Յովնանեանց դէմ նոցայ բոլոր զօրութիւնը: Եւ այսպէս մեր փոքրիկ գունդը, որ հայկական արդարութեան եւ վրէժխնդրութեան պաշտօն էր ստանձնել ձախ թեւին վրայ արաբացիքն ունէր եւ աջ թեւին վրայ յոյներն: Խորհուրդի նստան մեր չորս զօրավարները, որոց թիւը զօրաց թուոյն հետ բաղդատեալ շատ էր եւ չափազանց, բայց չորսն էլ իրենց օրինակաւ կը վարէին զօրքը` որք անմռունչ եւ սիրով կ'երթային ո՛ւր որ սոքա զիրենք տանէին:

Գուրգէն համառօտ մը եղածը եւ առած տեղեկութիւնքը պատմելեն վերջ.

Հիմա, իմ կարծիքս էլ զրուցեմ եւ դուք էլ ձեր որոշմունքը յայտնեցէք, վասնզի ժամանակ չունինք կորսնցնելու, ետ դառնալ ինձ անկարելի կը թուի, ուստի պէտք է առաջ անցնիլ եւ եթէ յարկ լինի մեր ճամփան արգիլողներուն վրայեն կոխելով անցնիլ: Ես այս յոյները կը ճանչեմ: Ինչպէս դու էլ Յովնան, ոչ երբեք ամուր զինուոր են, ինչպէս խօսելու նոյնպէս փախչելու մէջ վարպետ են, իսկ յաջողութեան մէջ յիմար եւ ամբարտաւան, իրենք մեր վրայ չի յարձակած մենք յարձակինք նոցայ վրայ Արամանեակի եւ մեր մէջ զիրենք պաշարենք, եւ յաղթութիւնն ապահով է:

Բայց ինչչա՞փ է այս հուն աս գնդին թիւը, հարցուց Խոսրով Ակէացի, գոնէ այդ իմանայինք:

Կալանաւորն երէ առած տեղեկութեանս նայելով` շատ չեն, երեք հազարէ մինչեւ հինգ հազար առ առաւելն, յունաց մեծաբանութեան էլ եթէ բաժինն հանենք` երեք հազար նաեւ չկարծեմ թէ յինին, վասնզի այս ազգը միշտ մեծ եւ բարձրեն կը խօսի:

Իշխանիկի զօրքն ինչչա՛փ կը կարծես, հարցուց դարձեալ Խոսրով:

Հարիւր, շատ, շատ երկու հարիւր հոգի, բայց ընտիր տղամարդիկ են, ես զիրենք կը ճանչեմ:

Ի՜նչ կեռեր ենք ուրեմն, գոչեց Աշոտ, երթա՜նք, ժամանակ չի կորսնցնենք:

Բայց Յովնան, դու բան չես խօսիր, ըսաւ Գուրգէն:

Տղոց քիչ մը կերակուր հրամայենք եւ յարձակինք, ըսաւ Յովնան եւ ելաւ երթալու զօրաց քով:

Միամի՜տ եւ միաբա՜ն, այսպէս միշտ պէտք է լինիլ, զրուցեց Գուրգէն:

Արամանեակի բերդի մէջ լաւ ընթրիք մը կ'ընենք այս գիշեր, րսաւ Աշոտ ուրախութեամբ եւ ձեռքերը շփելով:

Ապրի՜ս տղայ, պատասխանեց Գուրգէն աջ եւ ահագին բազուկը տարածելով եւ ձգելով իւր լայն կուրծքին վրայ զաշոտ, մեր փոքրիկ բանակին ուրախութիւն ղրկեց քեզ աստուած, նայէ՛ Յովնանու անգամ փոքր ժպիտ բերիր դու երեսին եւ այս մեծ շնորհք է: Քե՜զ պէս պէտք էին լինիլ հայ իշխանազունք: Միշտ դու ուրախ ես այսպէս եւ միշտ քաջ, այնպէս չէ՞:

Սիւնիք միշտ քաջ են: Իսկ իմ ուրախութիւնս երկայն ամիսներէ ի վեր կորել էր եւ փախէի աստուած երկար կեանք եւ երջանկութիւն տա՛ այն կնոջ, այն հրեշտակին, որ իմ սրտիս նորէն զուարթութիւն եւ յոյս բերաւ: Խմե՜նք նորա կենաց: Եւ այս ըսելով թիկնապահին ձեռքեն առաւ արծթէ մեծ բաժակը եւ պարպեց:

Այս խօսքին վրայ փոքր լռութիւն յաջորդեց, Յովնան եւ Գուրգէն երիտասարդին երեսը` եւ ետքը առաջնին նայեցան, վասնզի երկուքն էլ իրենց սրտին մէջ թշուառ սիրոյ վէրքն զգացին, Խոսրով միայն անշփոթ եւ պատառը բերանը բաժակը ձեռքն առաւ:

Այդ կնոջ կենա՜ցն, ըսաւ, որովհետեւ հրեշտակ զինքն անուանեցիր:

Աստուա՜ծ վկայ, որ հրեշտակ է նա, ես այդպիսի կին չէի տեսել կենացս մէջ, ես զինքը ժամ մը միայն տեսայ, բայց բոլոր շրջակայք` մեծն ու պզտիկ` զինք կ'օրհնեն ու կը գովաբանեն. մայր թշուառներու եւ ծերուն պէս խօսելով` «մեղա՛յ, մեղա՛յ, Աստուածամայր» կ'անուանեն գնա գիւղացիք:

Տո՛ւր, տղայ, սա բաժակը, ըսաւ Գուրգէն թիկնապահին որ կը մատռուակէր, այդ կնոջ` այդ հրեշտակին անգին կենաց, որ մայր է թշուառներու եւ ուրախութիւն կը բերէ տխուր երիտասարդ սրտերու:

Հրեշտակին կենաց, ըսաւ Յովնան եւ ըստ իւր սովորութեան գաւաթ մը ջուր խմեց:

Ջո՞ւր կը խմես, հարցուց Աշոտ զարմացեալ:

Քանի մը տարի կայ որ ես ջուր կը խմեմ: Բայց երթանք, ահա տղաքը պատրաստ են, ըսաւ եւ ելաւ:

Հազիւ թէ մեր փոքրիկ խումբը կէս ժամու չափ քալեցին, եւ ահա երեւցաւ բազմաթիւի հազարի չափ յունական գունդը որ կ'ուգար. եւ ահա Գուրգէնի մեծ ձայնը որ առջեւեն գոչեց լսեցնելով ամէնուն.

Փա՜ռք տանք աստուծոյ, հայու տղա՛ք, թշնամին քիչ-քիչ մեր վրայ կուղարկէ:

Իսկ Յովնան դառնալով իր խութեցուոց կ'ըսէր.

Նետերը նախ, նիզակներն յետոյ, եւ վերջը, վերջը սուրերը, ձեզ տեսնեմ, քաջ սասնայք, պարապ նետ մը պէտք չէ ելնէ ձեր աղեղներէն եւ ոչ հարուած մը անօգուտ:

Իրօք երբ թշնամին մօտեցաւ, սաստիկ նետաձգութիւն հարիւր յիսուն վիրաւոր յիմարեցուց, եւ գրոհ մը փոքրիկ հայ խումբին` ժամանակ չի տուաւ նոցայ ոգի առնլու եւ գործին սկիզբն ու վերջը` կոտորած եւ փախուստ եղաւ. աւելորդ է պատմել թէ ի՛նչ ըրին Գուրգէն, Յովնան, Խոսրով եւ Աշոտ. իրենց քրտինքը թշնամուոյն արիւնին հետ խառնուեցաւ եւ ձիւնապատ երկիրը չորս հարիւրի չափ դիակամբ ծածկուեցաւ ու կարմիր ներկուեցաւ: Եւ երբ կռիւը, որ կէս ժամ տեւեց` վերջացաւ, եւ հայք իրենց կորուստը քննելունլան` տեսան, որ քանի մը վիրաւոր միայն ունէին եւ մեռած ոք չի կար. փառք տուին աստուծոյ` տուողին յաղթութեան, եւ շարունակեցին իրենց ընթացքը, որպէսզի ժամանակ չի տան թշնամուոյն սթափուելու:

Եւ իրօք յունաց փախստական գորքերը իրենց բանակը գնացին պարտութեան լուրը տանելու, ահով եւ վախով լցուցին ամէնուն սիրտը, ոչ միայն հայ խումբին զօրութիւնն անպարտելի էր, այլ նաեւ ամէն մէկուն հասակն ահագին, ոչ միայն իրենց երեսին գոյնը ճերմակ չէր, այլ նաեւ սեւ էր սատանայի երեսի պէս, եւ որ մեծն էր ոչ թէ հարիւր, երկու հարիւր էր իրենց թիւը, այլ ահագին բազմութիւն էին: Այս չափազանց լուրը զօրավարին եւ բոլոր զօրաց երբ հաղորդեցին փախստականք, վհատութիւնը տիրեց, եւ հրաման եղաւ շուտ մը բանակը վերցնելու եւ Կարնոյ ճամփան բռնելու. եւ այնպիսի արագութեամբ շարժեցան յոյնք, որ հազիւ թէ կարեւորը տանելով` շատ աւար թողին Արամանեակի առջեւ, հայք քանի մը յետամնաց կալանաւորեցին եւ Գուրգէն հրամայեց արձակել:

Բերդականք չի կարէնալով մեկնել թշնամուոյն փախուստը եւ նոր եկող փոքրիկ խումբը, կը զարմանային, եւ երբ մարդ հանել ու եղածն իմանալ կը մտածէին, Գուրգէն իւր թիկնապահներէն մէկը ղրկեց բերդը իմացնելու Իշխանիկին բոլոր պատահարը, որ մեծ ուրախութեամբ իջաւ եկաւ եւ հրաւիրեց ներս իւր քաջ ազգակիցքն ու աղատարարքր: Գիշերն սկսել էր վրայ հասնիլ, երբ ձիոց եւ մարդկանց ոտքերու դոփիւնը հնչեց բերդին կամարներուն տակ, եւ Աշոտ ուրախ-զուարթ կը գոչէր.

Ես ձեզի չըսի՞, որ այս գիշեր Արամանեակի իշխանին հիւրն ենք մենք: Ահա իմ գուշակութիւնս կատարեցաւ:

Ո՞վ է այս երիտասարդ իշխանը, հարցուց Իշխանիկ Գուրգէնին:

Մեր փոքր բանակին մեծ ուրախութիւնն է, պատասխանեց Գուրգէն:

Եթէ արդիւնքը կը ցցնէ իրի մը մեծութիւնը, ես ձեր բանակին չափ մեծ բանակ չեմ տեսեր մինչեւ այսօր, ձեր ուրախութիւնն էլ ըստ այնմ կը չափեմ:

Սա Բաբկէն Սիսականի որդի Աշոտն է: Քաջ, զուարթ, սիրուն երիտասարդ մ՚է, իւր կերպարանքին գեղեցկութեան վրայ չեմ խօսիր, միայն լաւ նայէ՛ երեսին եւ աչքերուն` գործդ միշտ յաջող կ'երթայ:

Չըսե՞ս, որ դուք ոչ միայն ուրախութիւն գտեր էք այս տղուն հետ, այլ եւ բարեբախտութիւն:

Հայաստանի այս վիճակին մէջ, բարեբախտութիւն բառը հայու մը չի յարմարիր: Բայց ալս օր յաջողութեան օր է, Հանգչենք եւ ուրախ լինինք. վաղուան մնան հոգ ու մտածմունք:

Տանտէրը ջուր բերել տուաւ, լուացուեցան, մաքրուեցան հիւրերը, բերդին դահլիճները լուսաւորուեցան, վառարանին մէջ հուրը կը փայլէր ու կը ճարճատէր, գուսանք եւ երաժշտական ձայներ կը հնչէին, սեղանն ամէն տեսակ խորտիկներով` ընտիր գինիներով եւ ազնիւ պտուղներով ճոխ էր ու զարդարուն:

Իշխանիկն ամէն տեղ էր. վար կ'իջնէր նոյն միջոցին իւր մատակարարին նաեւ չի վստահանալով, աչքով կուզեր տեսնել թէ զօրականաց առատապէս ինչպէս հրամայած էր ամէն կերակուր եւ ըմպելիք եւ հանգստեան խշտիք պատրաստուա՞ծ էին, պակասն աւելիով կը լեցնէր եւ կրկին-կրկին կը պատուիրէր, որ այս քաջ եւ ազատարար ազդայնոց բան մը չի խնայուի:

Երբ սեղանի նստան եւ տանտէրը հրամայեցէք ըսելով ձեռքը հրկնցուց կերակուրի, Գուրգէն թեւէն բռնելով եւ արգիլելով ձեռք մխելու.

Վահրիճ, գոչեց, ո՜ւր է Յովնան եղբայր:

Վարն է, Սասնցուոց հետ հաց կուտէ:

Եթէ նա հոս չէ, ես հաց կրնա՞մ ուտել այսօր:

Ո՞վ է նա, երթամ զինք բերելու, ըսաւ Իշխանիկ եւ ելաւ: Գուրգէն նոյնպէս ելաւ ետեւեն, եւ երբ տեսաւ, որ Յովնան կը դժկամակէր գալու, վասնզի հոն վարը աւելի հանգիստ էր:

Իմ սի բոյս համար, Յովնան, սա այս գիշերուան հանգստութիւնդ աւրէ՛, ըսելով Գուրգէն Յովնանի թեւէն առաւ:

Քու սիրոյդ կարելի չէ դէմ դնել, ինչպէս քու բազկիդ զօրութեան, ո՜վ Գուրգէն, պատասխանեց Յովնան. եւ տարին չի կատարած կը յուսամ թէ բոլոր Հայաստան զքեզ պիտի ճանչէ:

Ուրախ եմ գուշակութեանդ վրայ, երթանք զուարճանանք. ձմեռուան մէջ նաեւ երկինք զուարթ օրեր ունի, մեր սրտերն ինչո՞ւ չունենան, Յովնան:

Եւ այսպէս սեղանին քով նստան բոլորուեցան ամէնքը, կերան, խմեցին, զուարճացան: Յովնան նաեւ զուարթ կ'երեւէր, իր տխուր երեսին վրայ ժպիտ մը կար. իսկ երբ երաժիշտք կը հնչեցնէին իրենց նուագարանները եւ երգիչը հին երգ մը կ'երգէր, որու վերջի ձոողերը կը կրկնուէին.

Անցեալ աւուրց քաղցր յիշատակք մեզ դարձէ՛ք.
Քնած վարդեր, գարուն եկաւ, ծաղկեցէ՛ք,
Սէր եւ հըրճուանք անգամ մի եւս արթրնցէ՛ք,

աչքերը խփեց, վասնզի կը յիշէր սրտի արտասուոք քսանեօթ տարի առաջ հրեշտակային գեղեցիկ եւ յստակ ձայն մը վարդենեաց պարտէզի մը մէջ այդ երգը մրմնջէր էր: Միթէ՞ անցեալ աւուրք կրնային դառնալ, գարունը մեռած վարդին համար կրնա՜ր կեանք տալ, սէր եւ հրճուանք միթէ՞ գերեզմանեն կրնային յարութիւն առնել: Այս էին իւր խորհրդածութիւնքը, երբ աչքերը գոց` քուն ձեւացաւ, եւ մարդ մը միայն կար, որ իւր ամէն շարժմունքը կը դիտէր կը տեսնէր, վասնզի նա միայն գիտէր իւր գաղտնիքը, այդ մարդը Խոսրով Ակէացին էր, որ զնայ ճանչյցած վայրկենեն համարմունքն օր աւուր կ'աւելնար, տեսնելով նորա անշահասիրութիւնը, հայրենեաց եւ արդարութեան անձնուիրութիւնը եւ փառաց, եւ անձնդիւրութ եան արհամարհանքը:

Խնջոյքը կ'երկարէին, Յովնան ակնարկ ըրաւ Գուրգէնի, որ զինք թողու եւ գնաց իր սասնեցուոց քով իր խշտին ընկողմանելու: Իսկ Խոսրով` Սիւնի իշխանին կը զուարճաբաներ, կ'ընտանենար, որպէսզի իմանար գաղտնիքը այն հրեշտակին, որուն կենաց այնչափ եռանդով, փափագով գինի խմած էին նոյն օրը իրենց աղքատիկ եւ ձիւնեղէն սեղանին վրայ: