Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ապրիլ ամիսն եկաւ, բայց ո՞վ իմացաւ գարունը այդ սոսկալի տարին, ո՜վ տեսաւ գարնանաբեր թռչունը. գուժաբերք Բաղէշու կողմեն իրարու վրայ կը հասնէին եւ լուր կը բերէին ի Սասուն թէ արաբացի ահագին բանակը ուղղակի կ'ուգար նախ խութեցիք բնաջինջ ընելու, Ապուսէթի որդուոյն վրէժն հանելու համար: Եւ իրօք չափազանցութիւն չի կար այդ պատմութեան մէջ, վասնզի ամիրապետը բոլոր մահմեդական զօրութիւնը ոտք հանէր էր հարուածելու, պատմելու եւ բնաջինջ ընելու համար Հայաստան: Ասորիք, բաբելացիք, Թուրքաստան, Խուժաստան, մարք, իսլամացիք, եգիպտացիք եւ Տաճկաստանի խորերը մինչեւ Սակաստան իրենց զօրաց ընտիրները ղրկել էին Հայոց երկիրը անապատացնելու համար: Ամիրապետը բոլոր զօրաց առջեւ իւր Բուղայ Սպարապետին խստիւ հրաման էր տուած «Սովով եւ սրով եւ գերութեամբ ելնել Հայոց աշխարհին վրայ աղատքը եւ ազատորդիքը իրեն ղրկել, գեղեցիկներն ուրացնել, ռամիկն ի չիք դարձնել եւ երկիրը ժառանգել» այսպիսի հրամաններով կ'ուգային Հայաստան այդ խուժադուժ ժողովրդոց արիւնախանձ ամբոխը:

Իսկ Սասուն ի՞նչ կ'ընէր այն միջոցին:

Սասուն միաբան, անխռով մարդու մը վրայ աչքերը յառեալ կը սպասէր թէ նա ի՞նչ պիտի հրամայէր, եւ այդ մարդը գիտենք թէ Յովնանն էր, որ բոլոր կիրճերը ամրացնել տուեր էր, պահապաններ բաժնէր լեռներուն անառիկ կողմերը, կանայք, տղաք եւ ծերերը ապահովել էր իրենց բոլոր աղքատին ստացուածով եւ պաշարով, եւ ինք քանի մը հազար հոգուոյ ընտիր խումբով Խութի ստորոտը բանակեալ` դարանամուտ կը սպասէր անսասան, որ թշնամին գա: Եւ թշնամին կ'ուգար բազմութեամբ երեք առաջ բաժնած իւր բանակը, իբրեւ թէ Խութայ լեռներն անհետացնելու եւ շնչաւոր կենդանի մարդ չի թողլու համար հոն:

Երբ իմացաւ Յովնան թէ թշնամեաց մէջ առաջ մը մտաւ Բռնաշեն գաւառ, առաւ իր ընտիրները, եւ զանխուլ ճամփայներէ հասաւ մութուն նոցայ դիմաց. այդ խիտ առ խիտ լեռները ծածկուած կաղնի ծառերով, այդ անդնդախոր ձորերը, որոնց ամէն մէկ խորշը իւր լեռնականք լաւ կը ճանչէին` իրեն մեծ վստահութիւն էին: Ուստի քիչ մը դադար եւ հաց ուտելու ժամանակ տալեն վերջ իր գունդին` բաժնեց զանոնք երեք խումբի, եւ երբ թշնամին ամենեւին անկասկած եւ ապահով քունի էր թաղուած, երեք խումբը երեք զանազան կողմէ ահագին աղաղակաւ, սուրերը, վահանները շկահելով յարձակեցան թշնամուոյն վրայ եւ սկսան կոտորել անխնայ:

Յովնան իւր խութեցուոց նշան պատուիրած էր իւրաքանչիւր հարուածի Սուրբ Առաքեալ գոչել, ի յիշատակ Սրբոյն Թադէոսի, մէկ ձայնի` հազար եւ բիւր ձայն արձագանք կ'ուտային այդ լեռներուն մէջ Ս. Առաքեալ բառերուն. թշնամին, որ փախչիլ կուզեր, ճամփայ չէր գտնէր, այդ սոսկալի բաւիղին մէջ եւ մութուն սուրի փայլիւն եւ նիզակի հարուած կը գտնէր. վիրաւորեալներուն ձայնը, փախչողներուն աղաղակը, Ս. Առաքեալ ներու գոռումն ու գոչումը անիմանալի վիճակ մը զգալ կ'ուտային նաեւ Յովնանու: Ուստի, երբ գործողութիւնը լմնցաւ, օտար եւ խուժական ձայները դադրեցան եւ միայն Հայ խութեցի լեզուն մնաց, փառք տուաւ Յովնան աստուծոյ, եւ օրհնութեան սաղմոսներ սկսան երգել միաբերան բոլոր լեռնականք, եւ, երբ արշալոյսը ծագեցաւ եւ տեսան թշնամուոյն դիակներով ծածկուած գետինը, երբ տեսան թէ գահավէժ ժայռերէն վար գլորածներուն թիւը աւելի շատ էր քան Սուրէն ինկածները, երբ բաղդատեցին իրենց եղբարց կորստեան ոչնչութիւնը եւ թշնամուոյն թողած աւարին հարստութիւնը եւ ճանչցան թէ այս ամէնքը իրենց զօրավարին հնարիմացութեան արդիւնքն էր, իրենց համարմունքը Յովնանի վրայ բազմապատկեցաւ, եւ չէին գիտէր թէ ինչպէ՞ս յայտնէին իրենց երախտագիտութիւնը: Մտածեցին իրենց մէջ գաղտնի, որ կողոպուտին մէջ գտնուած արծաթն ու ոսկին բոլոր իրեն ընծայեն. վերարկու մը Յովնանի առջեւ տարածած ամէն ոք գտած դրամ, մանեակ, ապարանջան կը բերէին մէջ կը ձգէին. իսկ նա երկար ժամանակ առանց ուշադրութեան կը նայէր եղածը, եւ երբ իմացաւ իրենց դիտաւորութիւնքը` հրաւիրեց զամենքը եւ սկսաւ այսպէս խօսիլ.

«Ո՜Յ իմ սիրելի եղբարք, իմ սիրելի խութեցիքս, միթէ՞ այս չնչին ոսկին եւ արծաթը ձեր սիրոյն նշա՞նն է ինձ, մի թէ ես առանց այս նուէրին չե՞մ ճանչեր ձեզ: Ձեր քաջութիւնը, ձեր ցոյց տուած հնազանդութիւնը այս պատերազմին մէջ ձեր գլուխ ընտրած եղբօր ինձ ամէն վարձքէ վեր է, գնացէ՛ք, բաժնեցէք ամէն աւարը, միայն ի՛նչ որ պաշար գտնէք բանակին մէջ պահեցէք զգուշութեամ, որ յանձնէք ամբարապետին: Լաւ համոզուեցէք, որ մեր առջեւ դեռ խիստ աշխատութիւն կայ, վասնզի թշնամուոյն բանակը շատ մեծ է եւ բազմաթիւ. պէտք չէ յուսահատիլ եւ վախէք այլ գիտնալ քաջ լինիլ եւ յարատեւել: Իսկ զիս թող տուէք, ես գոհ եմ իմ վիճակես, իմ ունեցածս շատ է ինձ համար, վասնզի ինձ պատառ մը հաց, իմ գրգլեակս եւ իմ զէնքերս բաւական են: Գնացէ՛ք, որդեակք իմ, գնացէ՛ք, եղբարք իմ, ջանացէք, որ ձեր սակաւապետութենեն չի բաժնուիք»:

Երբ իմացաւ Բուղայ իւր կորուստը, հազիւ թէ Հայաստան ոտք կոխած այդպիսի անակնունելի հարուած մը, նա որ կարծէր թէ առանց դիմադրութեան երկիրն պիտի ոչնչացնէր, ապշեցաւ, բայց խստիւ արզիլեց այդ նիւթին վրայ ամենեւին խօսիլ, որպէսզի մի՛ գուցէ հայք քաջալերուին եւ իւր տաճիկք լքանին, եւ ամէն իւր զօրութեամբ եւ ամէն կ'ողմերեն յարձակեցաւ Սասնոյ վրայ. ամէն հաղորդակցութիւն կտրեց պաշարելով բոլոր ճանապարհները: Իսկ Յովնան իւր քաշ խումբով կը գտնէր ճամփայ` երբ չի կար կը հնարէր, յանկարծուստ կը հասնէր այդ բազմազգի եւ բազմալեզու ամբոխին ցանուցիր խումբերուն վրայ, կոտորած կը հասցնէր նոցայ, եւ երբ կը տեսնէր թէ օգնութիւն կը հասնի թշնամուոյն` կը քաշուէր կ'ելնէր իւր բարձանց վրայ, հոն իբրեւ ամպ մը կը ժողուէր, կը թանձրանար` դարձեալ յանկարծ որոտմունքով իջնելու փայլակ, կայծակ, կարկուտ լինելու այդ բարբարոս թշնամեաց խումբին վրայ: Երկու կողմեն էլ շնորհք գթութիւն չի կար այդ պատերազմին մէջ, գերին իբրեւ վրէժխնդրութեան գործիք կը պահէին փոփոխակի զոհելու համար: Արաբը սասունցի մը կը բերէր տանջանոք կը սպաննէր իւր լեռնականաց առջեւ, շուտ մը սասունցին տասն անգամ վրէժ կը հատուցաներ, եւ տասն արաբացի գլուխ Բուղայի բանակին մէջ կը նետուէր փոխարէն:

Զօրքը կը քրթմնջէին, վասնզի ի՛նչ օգուտ կար այդպիսի աղքատ լեռնականաց հետ պատերազմելեն, որ եթէ բոլոր լեռան էլ տիրէին` ոչինչ շահ չունէին այդ ժայռերէն: Պէտք էր ուրեմն, որ Բուղայ փոխէր զէնքը, գործածէր այն, որ շատ անգամ յաջողէր էր արաբաց ընդդէմ հայոց, պատգամաւոր մը կը հասնէր առ Յովնան` քաջ զօրավար խութեցուոց, որ գայ ի հնազանդութիւն օրինաւոր իշխանութեան մեծ թագաւորին, իր հաւատքին սրբութեան վրայ երդմունքով կը հաստատէր թէ վնաս ամենեւին պիտի չի տեսնէր ոչ ինք եւ ոչ իւր լեռնականք, եւ թէ իրենց կրօնական ազատութեան ոչ ոք պիտի վնասէր` միայն թէ յանձն առնուին ապստամբութեան զէնքը թողուլ:

Երբ պատգամաւորը բերին եւ աչքերուն կապը վար առին, եւ նա տեսաւ սովորական մարդ մը` հագուած խութեցի ասուէ կապան, ժայռի մը վրայ նստած անշուք, նիզակը եւ վահանը ոտքին քով դրբած` չէր կրնար հաւտալ թէ Յովնան էր այդ մարդը, վասնզի իւր անունը Բաղդատ մինչեւ ամիրապետին ականջը հասած էր, եւ հիմա Բռնաշենի կոտորածեն վերջ բոլոր տաճկաց բանակը գիտէր եւ կը ճանչեր Յովնանի անունը: Իսկ խութեցի զօրավարը եւ ոչ գլուխ վերուց պատգամաւորին, երբ նա իւր բոլոր ճարտարախօսութիւնն ի գործ ածեց, այլ մինչեւ վերջը մտիկ ընելով, երբ վերջացուց խօսքը, գլուխը վեր առաւ եւ երկու կրակէ աչքեր պատգամաւորին վրայ բանալով, որ գնայ քանի մը քայլ ընկրկեցին. «Գնա՛, զրուցէ քու զօրավարիդ թէ խութեցիք թէպէտ միամիտ լեռնականք են, բայց տաճկաց խաբէութեանց եւ ստերդումնութեանց հաւտալու չափ յիմար չեն: Թէ Բագարատ եւ բոլոր հայ նախարարք եւ իշխանք մեր պարզամիտ խորհրդոց մտիկ ըրած լինէին եւ փոխանակ ձեր ստութեանց լսելու զէնքով պատերազմէին քաշութեամբ, ոչ անարգ կապանաց, ոչ տանջանաց, ոչ ուրացութեան չէին մատնուէր, եւ Հայաստան երկիր այդ ձեր անզգամ խուժանին ոտնակոխ չէր լինէր; եւ այդ ողորմելի աւերակաց կերպարանքը չէր ունենար: Դժբախտութիւն մ՚է, որ մեր իշխանք յիմարաբար ձեր գիրկը դիմեն կուրօրէն, երբ նոցայ ուսը կը շոյէք կեղծաւորաբար, բայց հոս այս լեռներուն մէջ պէտք է լաւ գիտենա Բուղայ, որ ոչ իշխան կայ, ոչ նախարար, ոչ ազնուական, ոչ ազատ, բայց եւ ոչ մի ծառայ եւ մի գերի. ուստի խաբուելու մարդ ամենեւին չի կայ եւ մեռնելու պատրաստ ամէն ոք: Մենք այն ատեն միայն զէնքերը կը թողունք, երբ տեսնենք մեր երկիրն ազատ ձեր սիրելի ներկայութենեն. իսկ ձեր խոստումները Կաշմերու, Աբդլաներու խոստմունք են որոց չենք կրնար հաւատ ընծայել: Միայն մէկ սխալ ըրեր են մեր տղայք, որ քու աչքերդ կապեր եւ այնպէս բերէր են իմ քովս. ո՛չ այդպէս, ես քեզի ցոյց կը տամ թէ ինչպէ՛ս կրնաք ելնել մեր լեռները եւ մեզի հասնիր որպէսզի դիւրանայ Բուղայի քաշութիւնը եւ ամիրապետին վրէժխնդրութիւնը»:

Եւ այս խօսքերը զրուցելով ելաւ եւ առաւ պատգամաւորը աչքերը բաց հանեց սարն ի վեր այնպիսի ահաւոր բարձրութիւն մը, ուսկից կ'երեւար պատսպարանը կանանց եւ տղայոց անելանելի բարձրութեան մէջ, կը տանէր` ցոյց կ'ուտար իրեն ժայռերու ահագին բեկորներ բարձրաւանդակներու վրայ դիզուած, ուսկից տղու մը ձեռք կրնար դիւրութեամբ վեր ելնող զօրաց բազմութիւն ոչնչացնել, վերջապէս կը ցցնէր այն ամէն ամրութիւնքր, որ ամիսներով Սասնոյ ժողովուրդը պատրաստել էր իւր անառիկ լեռները անմատոյց ընելու համար թշնամեաց, եւ երբ այս ամէն բան ցցուց Յովնան պատգամաւորին, «Հիմա գնա՛, մեզմէ բարեւ զրուցէ՛ տիրոջդ», ըսաւ եւ ճամփեց:

Երբ պատգամաւորը պատմեց Բուղայի թէ ի՛նչ ընդունելութիւն գտաւ Հովնանէ, դիմակը վար առաւ եւ աղրաները կրճտելով կատաղութեամբ հրամայեց անզգամութիւնն աւելցնել եւ խեղճ ու թշուառ բնակիչք, որ միամտաբար իրենց հնազանդութեան վրայ վստահացեալ մնացեր էին սրոյ ճարակ` կամ գերութեան շղթայներու մատնուեցան կամ ուրացութեամբ իրենց կեանքը եւ ազատութիւնը գնեցին:

Ծանր էր Յովնանու առաքինի եւ հայրենասէր սրտին այս սոսկալի անգթութիւնքը տեսնել անկարեկիր եւ համբերել: Փախստականներ ամէն օր կ'ուգային մանրամասն տեղեկութիւններ կ'ուտային, եւ նա կեցած ժայռերու գլուխը արծուի աչերով կը դիտէր թշնամուոյն շարժմունքը եւ երբ տեսաւ առաւօտ մը, որ ահագին բանակը կը դղրդէր, կը թողուր Սասնոյ շրջակայքը, կը պարպէր Տարոնոյ դաշտը եւ կ'ուղղուէր Ապահունեաց գաւառը. ձայն տուաւ իւր քաջերուն, իջաւ յարձակեցաւ վերջապահ բանակին վրայ` կը կոտրէր, կը ջարդեր ինչ որ ցանուցիր կը գտնէր դաշտին երեսը, եւ երբ թշնամին իւր վրայ դարձնէր զօրութիւնը` դարձեալ կ'ամրանար իւր լեռները:

Տեսնելով Բուղայ, որ խաղալիք եղած էր այս վայրենի լեռնցուոյն, ինչ որ ամրութիւն, բերդ եւ վանք կար այդ շրջանին մէջ ամրացուց ամէնքը եւ բազմաթիւ զօրքերով լցուց, որպէսզի Յովնանու ոտքը կապէ: Եւ այսու թէպէտ Յովնան իւր առջի ազատութիւնը կորոյս, այլ ոչ երբեք դադարեցաւ եւ օր չէր անցնէր, որ յանկարծ չի լսուէր թէ Յովնան, որ Տարօն կը կարծուէր, փոքր խումբով մը Բաղէշի քովերը տեսնուած էր եւ արաբացի ասպատակներ ջարդած, եւ երբ Բաղէշի վրայ զօրք կը շարժէր զինք բռնելու, կը լսուէր թէ ինք Ռշտունեաց գաւառը մտէր` թշնամեաց խումբեր բնաջինջ կ'ընէր եւ հայ գերիներ կ'ազատէր: Զարմանալի էր իւր շարժմունքներուն արագութիւնը եւ իւր յանդգնութիւնը. քսան-երեսուն հոգուոյ փոքրիկ գնդով մը կը յարձակէր հարիւրաւոր մարդկանց վրայ, եւ այն աստիճանի հասած էր իւր անուան ահը, որ միայն երբ զրուցուէր, թէ Յովնան կամ սասնցիք եկան, արաբը խոհեմութիւն կը համարէր հեռանալ:

Իւր բոլոր արշաւանաց մէջ Յովնան կը յիշէր երբեմն այն Բագարանի ժողովը եւ կը սպասէր, թէ ի՞նչ պիտի ընէր Սմբատ Սպարապետ, թէ ե՞րբ կենաց նշան պիտի երեւէր հայ իշխանազանց շարժմունքով. ուստի թէպէտ շատ քիչ վստահութիւն ունեցեր էր, այլ դարձեալ շատ հետաքրքիր էր իմանալու ամէն բան, եւ գերիներէ, փախստականներէ կը տեղեկանար թէ Աշոտ եւ Սմբատ ամենեւին շարժմունք մը չէին ընէր, միայն թէ Հայրը Մոկաց գաւառը կը նստեր անշարժ, իսկ որդին Արարատայ եւ Վանանդայ կողմերը կը շրջագայէր. ոմանք կ'ըսէին թէ զօրք կը ժողուէր, ուրիշները կ'ըսէին թէ զամենքը խաղաղութեան եւ հնազանդութեան կը յորդորէր, այսպիսի հակասական լուրերէ որոշ բան իմանալ անկարելի էր, ուստի աստուծոյ յանձնելով ամէն ինչ դարձաւ տեսնելու իւր Սասնոյ լեռները, եւ կ'արգի-կանոնի մէջ գտնելով, հանզիստ սրտով առաւ դարձեալ ընտիր եւ փոքրիկ խումբ մը իր լեռնցիներէն, ելաւ ճամփայ երթալու դարձեալ Վասպուրական, գտնելու Աշոտ Տէրն Արծրունեաց, վասնզի կը լսէր, թէ նա կը պատրաստուի իւր բոլոր զօրութեամբ մաքառելու ընդդէմ թշնամեաց, ուստի իւր սովորական արագութեամբ հասաւ Բզնունեաց երկիրը եւ քստմնելով տեսաւ երկրին աւերմունքը, Նորաշէն մեծ աւանը բոլորովին քարուքանդ եղած, հաչ մարդ չէր մնացեր եւ աւերակաց մէջ հետամնադ արաբացի գունդեր մողէսի պէս աւերակներէն դուրս երբեմն կ'երեւային, զանոնք ջարդել, անհետացնել դիւրին գործ մը եղաւ սասնցի գունդին, բայց ո՞ւմ համար էր այդ աշխատանքը, շէն աւանը բնակիչ մը չէր մնացեր, կաթընկեր տղայոց անգամ չէր խնայել արաբացի սուրը, եւ Բուղայի երկրորդը` Ժիրակ զօրավարը, հասեր Ռշտունեաց Ոստանը հայ գերեաց բազմութիւն չուան ի վիզ քշելով առջեւեն իբրեւ անասնոց նախիր` եւ աճուրդով ծախելու կը հանէր:

Նորաշէնի աւերակաց վբայ նստեր էր Յովնան գիշերելու իր խմբովը, երբ գիշերապահ տղայքը եկան իմացնելու իրեն, թէ ձիաւորաց մեծ գունդ մը կը դիմէր Նորաշէն` Հողցի կողմեն: Արդէն Յովնանու սովորութիւնն էր գիշերելու տեղը միշտ ամրացնել խառնիխուռն պատնէշներով, ուստի խիստ լռութիւն հրամայեց իւրայնոց եւ բոլոր կրակները մարել եւ պատրաստ հսկել եւ ինք ընկեր մը միայն առած գնաց աւանին մուտքը դիտելու եւ իմանալու թէ ո՞յք էին, որ կ'ուգային: Հոն կիսակործան աւերակաց մէջ սմքած, երբ քանի մը խօսք լսեց, յայտնի եղաւ իրեն թէ հայ էր այր ու ձին եւ թէ մոկացի էին զօրքն, որ կ'ուգային: Մութուն մէջ նաեւ դիւրին եղաւ նշմարել Սմբատ Սպարապետ, որ շրջապատեալ ի թիկնտպահաց կը յառաջանար: Առանց դանդաղելու վազեց ելաւ Յովնան կիսակործան պատին վբայ, եւ մեծ ձայնով, որ ձիերուն սաըասմդակ շառաչմանը յաղթանակեց, գոչից յանկարծ եւ ամէն արշաւանք կարկամեցաւ.

«Սբատ Սպարապետ Հայոց, ո՞ր այսպէս կ'երթաս, սխալ է այդ քու ճամփան, թշնամեաց գիրկը զքեզ կը տանի, ինչպէս տարաւ Բագարատ քու եղբայրդ: Ո՜վ նախարարք, ո՜վ ազատագունդք, հայոց, մինչեւ ե՞րբ այսպէս միամտութեան եւ վատութեան ձեր անձը, ձեր ազգը, ձեր երկիրը, ձեր հաւատը պիտի զոհէք, մինչեւ ե՞րբ այդ իմաստութիւն կարծուած յիմարութեան պիտի հէ տեւիք: Ափսո՜ս, հազար ափսոս, դուք անձամբ կ'երթաք զձեզ մատնելու անօրինաց ձեռքը. եթէ միայն զձեզ մատնէի՜ք, զիտէ՞ք ուր կը տանի զձեզ ձեր անձանց մատնութիւնը` կը տանի մինչեւ դաւաճանութեան ձեր ազգին, կըսէ զձեզ անարգ ստրուկ եւ գործակից Բուղայի, եւ ձեզի վարձք փոխարէն վաստակոց շղթայներ կը սպասեն եւ բանտ, երբ մայրն Հայաստան բոլորովին ճնշեալ, վատթարացեալ եւ չքացեալ լայնատարած գերեզման մը պիտի կազմէ եւ ողբա ոչ միայն իւր զաւկներու դիականց եւ շղթաներու վրայ, այլ նաեւ մանաւանդ այն զաւկներուն վրայ, որ արբանեակ եղան իւր դահիճներուն եւ մատնիչ իրենց եղբարց»:

Այդ մեծ ձայնը գիշերուան լռութեան մէջ` այդ աւերակաց վրայեն սասանելուց Սմբատ:

Ո՞վ ես դու, մա՛րդ, ըսաւ, չարագուշակ մարգարէ, որ ամէն բարի փափագները ի շար փոխարկեալ կը տեսնես, ամէն քայլափոխ վատ կը մեկնես, իբրեւ թէ դու միայն քու ազգդ սիրէիր, եւ ամէն հայ մատնիչ լինէր եւ դաւաճան իւր ազգին, միայն դու տեսար նորա թշուառութիւնը եւ ցաւեցար, եւ Սմբատայ սրտեն արիւն չի՞ հոսիր միթէ այղ սոսկալի պատուհասին, որ մեր վրայ հասեալ է:

Եթէ ճշմարտապէս ազգդ կը սիրես, մ՚երթար Խլաթ, մ՚երթա՛ր Բուղայի. հոն կայ մահ բունեաղ ոչ քու անձիդ, ոչ քու տոհմիդ միայն, այլ բոլոր հայ ազգին, դարձու այս քաշերը, զինէ սոցայ ձեռքը պատերազմի եւ ոչ շղթայից: Վատութեան անունը խոհեմութեան հետ մի խառնէր, խոհեմութիւնը ուխտադրուժներէ, սուտ եր-

դումներէ հեռի կենալն է: Մինչեւ ե՞րբ եւ քանի՞ անգամ պիտ փորձեն հայք այդ թշնամին:

Բայց ո՛վ եւ ինչ մարդ որ լինիս այսպէս մութուն եւ խաւարի մէջ կարելի չէ խօսիլ եւ վիճաբանէի օթեւան մը մեզի գտնենք եւ հոն տեսնուինք:

Ո՜ւր է ասկից վերջ հայուն օթեւան եւ բնակարան, Սմբատ Սպարապետ, ես լոյս աչօք Նորաշէն աւանը փնտրեցի եւ աւերակներ գտայ, մարդ փնտրեցի եւ երկոտանի գազաններ գտայ. դու խաւարի մէջ ի՜նչ կը յուսաս գտնել:

Իջնենք, տղա՛ք, ըսաւ Սպարապետը. ամէնը իջան ձիերնեն, եւ ինք ուղղուելով Յովնան ու կողմը, ե՞ս քեզի գամ, թէ դու ինձ կուգաւս, հարցուց:

Իսկ Յովնան շուտ մը ցատկելով իւր բարձրաւանդակեն ճամփուն վրայ, եւ մօտենալով.

Ես միշտ պատրաստ եմ գնալու եւ հնազանդելու նոցայ, որ աստուած ազգին գլուխը գրեր է, միայն թէ սրբազան պարտիք կայ իմ վզին, որ զիրենք վտանգէ զգուշացնեմ, մանաւանդ երբ վտանգն ակներեւ եւ յայտնի է:

Իսկ Սմբատ, երբ մերձեցաւ եւ նշմարեց ամառուան գեղեցիկ եւ աստղազարդ գիշերուան մը աղօտ լուսով Յովնան ու աչքերուն փայլը, որուն արդէն ձայնը մտքին մէջ ծանօթ յիշատակ մը կ'արթնցնէր, կանգ առաւ եւ ձեռքեն բռնելով,

Ո՞ւր կրնամ քեզ հետ երկար եւ առանձին խօսիլ, Յովնան, ըսաւ:

Ո՛ւր եւ երբ կամենաս, ես միշտ պատրաստ եմ:

Երթանք ուրեմն եւ տեղ մը ճարենք, դու անշուշտ տեղ մը գտար քեզի եւ քու մարդիկներուդ. յուսամ թէ միայն չես:

Բոլոր աւանը աւերակ է դարձեր, իշխան. ես իմ ընկերներո՛վս աւերակներու մէջ զետեղեցայ ինչպէս որ կրցայ, մենք մեր կորեկի հացով կը շատանանք, բայց դուք ինչպէ՞ս կ'ընէք. միատեղ պաշար ունի՞ք, ձիոց համար գարի ունի՞ք:

Մենք էլ զինուոր ենք, Յովնան, ըսաւ Սմբատ հառաչեչով, մեր ձիերն էլ կրնան երբեմն շատանալ խոտով. եւ շատ անգամ քսանչորս ժամ անօթի կռուած ունինք. իրաւ արժանի ենք նախատանաց, վասնզի շատ յանցանքներ ունինք, բայց վատութեան նախատինքը Բագրատունի զօրավարի մը շփել, որու մազն ու մօրուքը զէնքերու տակ ճերմկեր է, ծանր է, եւ դու պէտք չէիր ընէր

Ներէ, իշխան մեծ, պատասխանեց Յովնան եւ նոյն միջոցին զգաց, որ ծեր Սպարապետին ձեռքը կրքեն կը դողար` ինչպէս խօսելու ատեն ձայնը դողացեր էր. ես մտքես անգամ չեմ կրնար անցնել այսպիսի նախատինք մը, եւ եթէ իմ խօսքերուս մէջ այնպիսի նշմար մը կար քու անձիդ վրայ, ինձ դառնա, քու կեանքդ պէտք է Հայաստանի, նորա պահպանութիւնը միայն ինձ չափազանցութեան տարած կրնայ լինիլ:

Մոռնանք այդ դիպուածը, Յովնան, վասնզի ժամանակը կարճ է, եւ պէտք է ես քեզի հետ խօսիմ:

Վերջապէս յառաջ գնալով հասան եկեղեցուոյ մը առջեւ. «Գոնէ Հոս այս գիշեր սա աստուծոյ տան մէջ կրնանք պատսպարիլ», ըսաւ իշխանը, նոյն միջոցին թիկնապահները լապտէր մը բերին Վառած եւ հազիւ թէ քանի մը քայլ առին` արանց, կանանց, տղայոց դիակնէր տեսան, որ գետինը դիզուած էին եւ թանձրացած արիւնը ոտքերնին կը սահեցնէր: Սոսկալով ետ քաշուեցան, Սմբատ հառաչանքով հրամայեց թիկնապահաց ուրիշ տեղ մը ճարել եւ ինք Յովնանու միշտ ձեռքեն բռնած կը շրջագայէր, երբ թիկնապահք եկան իմացուցին թէ պատրաստ տեղ մը յարմարցուցին: Այն ատեն քանի՛ մը գորգ փռած սենեակ մը մտան, ուր Հայաստանի առաջին մեծ նախարարը եւ Սասունի լեռնականը դիմացէ դիմաց նստած ժամերով խօսեցան, եւ այդ խօսակցութեան վերջի արգասիքն այդ եղաւ, 4էր Յովնան կատարեալ համոզուեցաւ թէ նախարարութիւնը` բազ– մագլխեան վիշապ` ի կորուստ պիտի տանէր Հայաստան, վասնզի այն նաեւ իմացաւ Սպարապետեն թէ Աշոտ Արծրունի, որ պատէ բազմելու կը պատրաստուէր` կը վարանի, վասնզի իւր նախարարքն իրեն հետ միաբան չէին: