Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գերութիւն կ'ըսենք այսօր եւ կանցնինք բառին վրայ թեթեւութեամբ, բայց մեր այս իրողութիւնքը անցած ժամանակներուն` մեր հարք լաւ զգացեր էին բառին նշանակութիւնը իրենց սրտին ցաւերով, թէ ինչ էր գերութիւն: Երբ սարկաւագը «Ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց» կ'երգէր սեղանին վրայ, հազար հեկեկանաց ձայնք եւ ձեռք կը բարձրանային երկինք խնդրելով «գերելոց ազատութիւն»: Ոմանք հարք, ոմանք զաւակունք, ոմանք ամուսինք, վերջապէս շատերն սիրելի կորուստ մը կը փնտրէին, որ շատ քիչ անգամ կը դառնար:

Գերութեան բարեբախտութիւնն էր նաեւ, երբ մէկը գթասիրտ տիրոջ մը վիճակէր, եւ դառն ծառայութեան ու տանջանաց չէր ենթարկեալ. վասնզի բաւական չէր ծնողաց, զաւակաց բարեբախտ վիճակի մը կորուստը, այլ նաեւ շղթայներու, ծեծի, նախատինքի, ուրացութեան հրաւիրանաց եւ բռնադատութեան պէտք էր տոկալ:

Բնութեան օրէնք, բնութեան կարծեցեալ եւ ընդունեալ օրէնք այս խառնակութեան խիստ ժամանակներոհէ վեր ի վայր էին եղած բոլորովին, մանաւանդ խեղճ հայուն համար: Քրիստոնէութիւնն «լրացեալ զաւակը` արհամարհ աչօք կը նայէր իր ծնողաց վրայ` եթէ գերութիւնն իրեն մեծութիւն եւ վայելք բերած էր: Երիտասարդ կրօնափոխ այրը մահմեդականի ամուսնացեալ` պատուհաս մ՚էր իր առջի ընտանեաց վրայ: Գերեվար եալ գեղեցիկ աղջիկ մը երբեմն մեծութեան կը հասնէր կին դառնալով երեւելի մարդու մը եւ տիկին կը լինէր, երբեմն յետին եւ ամենաթշուառ աղախին կը դառնար անգութ տիկնոջ մը` որու ծագումը եւ բախտը բարձր էր էրկնեն եւ որուն նախանձը սոսկալի ու մահաբեր:

Այս տեսակ գերութեան վիճակը կար նաեւ բուն Հայաստանի ոչ շրջակայքը միայն` այլ եւ կեդրոնը, ուր արաբացին արմատ կը ձգէր, եւ ուր գրեթէ ամբողջ գաւառ մը եթէ ոչ ժողովրդեամբ գոնէ իւր ամրոցներով մահմեդականին յափշտակութիւն եւ ստացուածք եղած էր:

Ասլահունեաց գաւառը այս բանիս օրինակ մը կրնար լինիլ, եւ այս մեր պատմութեան ժամանակին գրեթէ բոլոր բերդ եւ ամրոց մահմեդականաց կը վերաբերէին, որք իբրեւ բացարձակ տեարք բռնանալով շրջակայ գիւղորէից վրայ երկիրը կ'անապատացնէին:

Եւ այս վիճակը աւելի զգալի էր, երբ Բուղայի ձեռքը կը ծանրանար հայոց վրայ:

Այս ժամանակներն էր, եւ Գուրգէն արիաբար կը կռուէր յունաց հետ, քառասուն հոգուով հազար մարդոյ դէմ կ'ելնէր, ընտիրները կը սպաննէր, կը կողոպտէր, կը մերկացնէր, մնացածը կը փախցնէր. այսպէս ոչ անգամ մի այլ շատ անգամներ. մինչեւ յունաց զօրավարք մէկ կը սղմեն Միքայէլ կայսեր կը գրէին իմացնելով այս արտաքոյ կարգի մարդուն զօրութիւնը, եւ միւս կողմեն տաճկաց օգնութիւն կը խնդրէին եւ նոցայ օգնութեամբ դարձեալ կը յարձակէին իր վրայ: Իսկ սա կրկնապատկելով իւր քաջութիւնը այս անպիտան դաշնակցաց կոտորած կոտորածի վրայ հասցնելով զամենքը ահաբեկ կ'ընէր: Մինչեւ կայսեր հրաւէրը կ'իմացնէր յունաց զօրավարը խաղաղութեան խօսքերով թէ ինչպէ՛ս կայսրը կը փափագէր զինք թագաւորական քաղաքը մեծամեծ պարգեւներ եւ գահ, եւ պատիւ իրեն խոստանալով: Իսկ Գուրգէն, որ յունաց բարեկամութենեն աւելի կը կասկածէր` քան թէ նոցայ զօրութենեն կը վախեր` յանձն չառաւ երթալ, այլ խաղաղութեան կապ մը հաստատելով Իշխանիկին եւ յունաց զօրավարին մէջ որոշեց երթալ առ Սմբատ Սպարապետ:

Գուրգէն իր պատերազմական զբաղմանց մէջ չէր իմացեր Յովնանու նահատակութիւնը, եւ կը կարծէր թէ նա Տարօն եւուասպուրական կը գտնուի, իսկ հիմա այս որոշմունքեն վերջ, դժուար կ'ուգար Խոսրովեն բաժնվյիլ, որ բոլոր իւր քաջութեանց մասնակից եղած էր, լուր տարիքեն վեր, եւ որու վյրայ Գուրգէն միշտ կը հսկէր: Եւ վերջի երեկոյին երբ երկրորդ օրը պիտի թողուր Յունաց սահմանը` մտնելու համար Մեծ Հայոց երկիրը յանկարծ դարձաւ Գուրգէն եւ ըսաւ լուր բարեկամին.

Եթէ բան մը կայ, որ զիս կը զարմացնէ` այն է, որ դու յիսունը անցած այդպէս յանդգնութեամբ պատերազմեցար ինձ հետ նիզակակցութեամբ, որ սուրէ չեմ վախեր, վասնզի ինքզինքս խնայելու պէտք չեմ զգար. բան մը չունիմ այս աշխարհքիս վրայ կորսնցնելու, եւ բան մը չունիմ ստանալու. իսկ դու որ կին եւ զաւկներ ունիս եւ Ակէոյ գաւառը` ուր օր մը յոյս ունիս մտնելու. ինչո՞ւ մահ կը փնտրէիր շատ անգամ պատերազմի մէջ յանդգնութեամբ:

Դու, Գուրգէն, որ երիտասարդ ես, երիտասարդի պէս կը խօսիս: Միթէ՜ մարդուս սրտին ցաւերը մէկ տեսակ են. դու` ինչպէս կ'երեւակայեմ քաջ երիտասարդ մը` սրտիդ մէջ կը հեղձնես սիրոյ ծանր վէրք մը եւ հառաչանքներ եւ վեր չես յայտնէր ոչ ոքի: Ես էլ նոյնպէս ծանր վէրք մը ունիմ հայրենի սրտիս խորը. իմ Արիգայիս կորուստը. չեմ խօսիր, չեմ գանգտիր կարկաջ պառաւներու պէս, բայց մտնել տուն, տեսնել նորա մօր արցունքները, չի կրնալ խեղճ կինը մխիթարել, որ ինձի պէս մահը անհաւատից գերութենեն վեր կը համարի. այս էլ անտանելի ցաւ է, Գուրգէն: Հազար Ակէոյ գաւառ կ'ուտայի եւ այս ծերացեալ գլուխս զոհ` եթէ Արիգաս կարէնայի դարձեալ անգամ մը գգուել եւ մօրը գիրկը նորէն դարձնել: Բայց ո՜յ գիտէ ո՛ւր է, ո՜յ գիտէ ի՜նչ վիճակի մէջ է, ո՜յ գիտէ ո՜ղջ է թէ մեռած. ո՜հ իմ վերջին զաւակս: Անստուգութիւ՜ն սոսկալի բան է, Գուրգէն: Ներէ՛ իմ արցունքներուս, սոքա իմ առանձնութեան եւ իմ անկողնիս մխիթարութիւնն էին եւ գաղտնիքը, դու ուզեցիր ես չէի ուզէր յայտնել:

Խե՜ղճ հայր, ըսաւ Գուրգէն լցուած աչքերը անդին դարձնելով, վասնզի ճշմարիտ քաջ մարդիկ զգայուն սիրտ ունին եւ գիտեն ցաւ զգալ:

Ինձի կրկնակի հիմա դժուար պիտի լինի քեզմէ բաժնըւիլ, միթե՛…

Ի՞նչ, միտքդ դրած էիր թէ ես տուն պիտի դառնայի. ոչ երբեք. եթէ դու Յունաց սահմանները մնայիր` ես միտքս դրած էի պանդխտութեան ցուպը ձեռքս ուղեւորիլ, փնտրել զաւակս եւ այս սոսկալի անստուգութենեն ազատիլ:

Լաւ՜, ի՛նչ ճամփայ պիտի բռնէիր ազատելու համար աղջիկդ:

Ապահունեաց երկիրը քննելէ վերջ միտքս Դուին երթալ էր, վասնզի հոն եղաւ գերեվաճառութիւնը, եւ պէտք եղած տեղեկութիւնքն առնելով մինչեւ Բաղդատ երթալ:

Վաղը ուրեմն Ապահունեաց ճամփան կը բռնենք, հոն խոյզ եւ խնդիր ընելէ վերջ կուղեւորուինք Դուին, եւ այնտեղ կ'որոշենք թէ ի՛նչ պէտք է ընել:

Աստուած քեզ օրհնէ, Գուրգէն, եւ երջանիկ հայր ընէ զքեզ:

Աստուած մեր բարի ձեռնարկութիւնն յաջողէ, այն ինձի մեծ վարձք է:

Ցատկեց ծերը, փաթթուեցաւ երիտասարդին վզին եւ երեսները պագաւ:

Երկրորդ օրը տասը ձիաւոր սպառազէնք ճամփայ կ'ելնէին դէպ Ապահունեաց երկիրը: Քաջ եւ արթուն մարդիկ էին այս մեր երկու իշխանաց հաւատարիմքը, ուստի իրենց պէտք եղած տեղեկութիւններ տրուի ցան թէ ի՛նչ կերպ հետազօտութիւն պիտի ընէին եւ ի՛նչ պիտի հարցնէին իւրաքանչիւր գիւղ եւ բերդ, ուր հասնէին. եւ այսպէս օրը հազիւ թէ երեք-չորս ժամ ճամփայ կ'ընէին, ծանր կ'երթային, որպէսզի իրենց փնտրածը, կարէնան գտնել: Միշտ կը ջանային այն բերդերն աւելի իջեւան ել, որոց տեարքը տաճիկ էին, եւ Վահրիճ, որ բերդապահ ծառայից բարեկամութիւն եւ ընտանութիւն կը ցցնէր` գրեթէ միշտ անօգուտ եւ ունայն լուրեր կը բերէր իշխանաց, որ երբեմն ծիծաղ նաեւ կը պատճառէին:

Արեւելեան հիւրընկալութիւնը թէպէտ հռչակաւոր եղած է ամէն երկիր, բայց միշտ տաճիկը հաճութեամբ չընդունիր քրիստոնեայ հիւր, ինչպէս քրիստոնեան զտաճիկը: Խոսրով եւ Գուրգէն որպէսզի հեռուեն գալ կարծուին, մութուն երեք ժամ մնացած սովորութիւն ունէին ճամփայ ելնելու. նոյնպէս երեկոյ մ՚էլ տեղեկութիւն առած մօտաւոր տաճիկ բերդի մը, որ Ծաղկեայ լեռան ստորոտը կը գտնուէր, մութը իյնալեն գրեթէ ժամ մը վերջ հոն հասան, եւ դուռը ինչչա՛փ որ զարկին անկարելի եղաւ բանալ տալ. ան ատեն Գուրգէն տղոց մէկուն հրամայեց, որ իր ուսերուն վրայ ելնէ եւ ուրիշ մը աւելի թեթեւ նոյնպէս նորա վրայ մինչեւ պարսպին վրայ մէկը կրցաւ ելնել, եւ պարանաւ ամէնքը ներս իջան առանց դռան պէտք ունենալու: Ոչ դիմագրութիւն, ոչ ձայն կար բերդականաց կողմեն. կարելի չէր իմանալ թէ մարդ կա՜ր թէ ոչ, բայց բլրուն ստորոտը լոյս տեսնուած էր, ուստի Գուրգէն կ'ըսէր կամաց ձայնով. «Դուք հիմա դռները կը բանաք եթէ ոչ կամաւ այլ ակամայ»: Եւ իրօք էլ այնպէս եղաւ. երբ քանի մը անգամ Վահրիճ խնդրեց, որ բանան եւ պատասխան չընդունեցաւ, ան ատեն. «մէկդի, տղա՛ք», գոռաց Գուրգէնի ահագին եւ բարկաճայթ ձայն եւ տեսան մութ տեղը, որ ահագին քար մը մառած կ'ուգար վազելով, եւ երբ այդ քարը դռան բախեց ուժգնութեամբ` դուռը խախտեցաւ, տունը թնդաց եւ ներսեն մարդկանց եւ կանանց աղաղակներ լսուեցան: Իսկ Գուրգէն առանց ուշ դնելու հեռացաւ դարձեալ եւ երկրորդ յարձակումն եւ հարուած մ՚էլ տուաւ. դռան երկու փեղկերը միատեղ գետինն ինկան: Ան ատեն ձեռքերը շփեց, վահանը ձեռքն առած մտաւ ներս եւ ուղղուեցաւ սենեակները հանդարտութեամբ եւ հրամայեց թիկնապահաց, որ ձայն տան բնակչաց լոյս բերել, եւ շնորհքով հիւրընկալել եթէ չեն ուղեր, որ տուներնին հիմն ի վեր տապալի:

Եւ ահա քանի մը վայրկեան վերջը խռուած, կնճռոտած ալէոր տաճիկ մը ձեռքը ճրագ ներկայացաւ եւ «բարի երեկոյ» մաղթեց մեր Հիւրերուն. իւր կերպին մէջ դժկամակութիւն եւ երկիւղ յայտնի կ'երեւէին: Իսկ Գուրգէն առանց նորա վիճակին ուշադրութիւն ընելու, հարցուց ծերուն ահագին ձայնով.

Ծե՜ր դու, քեզ կ'ըսեմ, ինձ մտիկ ըրէ, այս տան մէջ քեզմէ զատ մարդ չի կայ:

Կայ, իշխան:

Ինչո՞ւ քեզ կ'ուղարկեն ուրեմն, որ ծեր մարդ ես, հանգստեան պէտք ունիս, եւ ուրիշ երիտասարդ մարդիկ երեւանին կը ծածկեն: Ի՞նչ է քու տիրոջդ անունը:

Ալի Էրմենի:

Շատ բարի, Ալին լաւ է, Էրմենին էլ լաւ է, երբ այս երկու անունները իրարմէ հեռու լինին. ինձմէ բարն ըրէ եւ ըսէ իրեն, որ հիւրընկալութեան օրէնքը զինք կը պարտաւորէ, որ գայ մեզի ընկերութիւն ընէ, եւ ոչ թէ փախուստ տա:

Բայց երբ հարցնէ թէ ո՞վ է բարեւ ընողը, ի՞նչ անուն տամ:

Զրուցէ թէ բարեկամ աոյ բարեկամ, թշնամեաց թշնամի, բուն, անխառն, ճշմարիտ էրմենի մ՚է:

Մեր բարեկամները թողունք քիչ մը այս երկու-երէք սենեակներուն մէջ, որ արանք եւ հիւրոց բնակարան կը կազմեն, եւ ծերուն հետ մտնենք կանանոցը, ուր նոյն վայրկենին ամէնը` այր եւ կին պատսպարեաղ էին: Հինգ-վեց սպառազէն մարդիկ կանանոցին դռան առաջ կանգնեալ էին. արձան կարելի էր կարծել զիրենք` եթէ չի դողային: Չորս-հինգ հատ մը խափշիկ եթովպացի գերիք իրենց ապուշ դէմքով բոլորովին շփոթած կը տարտամէին: Իսկ ներքին սենեակներուն մէջ ահաբեկ եւ յուսահատ տասնհինգի չափ ամէն հասակի եւ ամէն տեսակի կանայք շարուած կեցէր էին` փառաւոր ոսկեթել բեհեզներով հագուած կնոջ մը առաջ, որ միայն բազմոցին վրայ ծնկուըները ծալլած նստած էր, եւ որուն գլուխը կանաչ լաչակ մի կապուած կար ի նշան Մարգարէին ցեղեն իջնելուն: Կինը թխամորթ, չոր, հրկայնահասակ, սեւ աչքեր եւ հաստ յօնքեր ունէր, որ իր նայուածքեն աւելի խստութիւն մը կ'ուտային. մէջքի ականակապ գօտիեն կախուած էր ոսկեպատեան դաշոյն մը, եւ քովի բարձին վրայ արջառաջիլ մը կար ահարկութիւն աղախնայց եւ ստրկաց, վասնզի այդ դաժան, արհամարհոտ եւ ամբարտաւան աչքերը կը ցցնէին թէ ամենափոքր սխալմունք եւ յանցանք քաւութիւն չէին գտնէր առանց այդ խարազանին հարուածներէն անցնելու:

Ընդարձակ սենեակին մէջ որ այնչափ կանայք եւ աղջկունք կանգնած էին շնչառութեան ձայն անգամ չի կար, թէպէտ երեք-չորս հատը տասը-տասներկու տարու աղջիկներ էին. եւ միայն հանմին շարժմունքին իր բեհեզեայ եւ մետաքսեայ հագուստներուն ձայնը կը լսուէր: Բարկութիւն եւ երկիւղ իւր բնական տգեղ դէմքը աւելի տգեղ կը ցցնէին. եւ անհամբերութիւնն արդէն վերջի սահմանը գտած էր, երբ Հասան պապա ներս մտաւ եւ դռան առջեւ կեցաւ:

Մօ՛տ եկ, Հասան, գոչից Տիկինը, ո՞վ են, ի՞նչ մարդիկ են այդ աւազակները:

Տիկին, հայ են, երկուքը իշխանաւոր են, տասնի չափ ալ զինուորք:

Ի՞նչ խօսեցան, ի՞նչ ըսին. իմ ըսածներ ուս ի՞նչ պատասխան տուին:

Տիկին, ձեր ըսածները զրուցելու ժամանակ չի տուած` այդ գլխաւորներուն մէկ երկայն ահագին մարդ մը` սոսկալի ձայնով ինձ հրամայեց, որ մէկ մ՚էլ աչքին չերեւամ, եւ տէրը ուզեց:

Չի զրուցեցի՞ր թէ այս բերդին տէրը տիկին մ՚է:

Ոչ, Տիկին, ըսաւ ծերը ահով մէկ-երկու ոտք ետ քաշուելով` վասնզի կնոջ աչքերը կատաղի փայլ մը առին եւ ձեռքը արջառաջիլին երկնցաւ:

Անպիտա՛ն ծառայ, այսպէ՞ս իմ հրամաններս կը կատարես. չըսի՞ր այդ անհաւատներուն թէ Տիկինը Մարգարէին ցեղեն կիջնէ եւ ամիրապետին մօտ ազգականն է:

Այդ խօսքերը զրուցելու ժամանակ չի մնաց, Տիկին, ո՜վ եւ ինչչափ քաջասիրտ մարդ լինի այդ հսկային առաջ կը շփոթի ըսելիքը. ես ծեր, տկար մարդ եմ, Տիկին, փառք աստուծոյ, այսչափ ինձմէ լաւ ծառայներ ունիս…

Լռէ՛, անպիտան ծեր, խորհուրդ տալդ միայն կը պակսէր. կորի՛ր, աչքիս մ՚երեւի՛ր, կերած հացդ լեղի դառնա՛: Եւ ծերը ուրախութեամբ դուրս ելաւ դիւրագին ազատելուն համար:

Տիկինը երեք անգամ ծափ զարկաւ, եւ անմիջապէս քսանհինգ-երեւսուն տարու երիտասարդ մը քովի սենեակի մը դուռ բացաւ եւ դահլիճը մտաւ. Տիկնոջ մօտեցաւ համարձակ ձեւով, բայց առանց աչք դարձնելու այդ աղախնայց բազմութեան վրայ, որ ձեռնամած, գլուխնին ծուռ` արձանի պէս շարուած կեցէր էին:

Գնա՛, Ալի, նայէ՛ թէ ի՜նչ կ'ուզեն այդ աւազակները. ըսաւ Տիկինը կատաղի աչքեր փայլեցնելով երիտասարդին վրայ:

Իսկ երիտասարդը իբրեւ թէ չիմանալով այդ նայուածքին սպառնալից նշանակութիւնը ելաւ կանանոց են դուրս եւ մտաւ հիւրանոցը, ուր Գուրգէն եւ Խոսրով նստած էին: Քաղցրութեամբ բարեւ մը տալեն վերջ նստաւ:

Այս բերդին տէրը դո՞ւ ես, հարցուց Խոսրով ծանրութեամբ, առանց Գուրգէնի ժամանակ տալու, որ խօսի:

Այո, եթէ աստուած ուզէ, պատասխանեց Ալի:

Այ՞ս է ընդունելութիւնը, որ սովոր ես ընել ատտուծոյ հիւրերուն, որ կ'ուգան քու դուռդ կը զարնեն գիշերով, պատառ մը հաց եւ անկողին մը խնդրելու. քու կերպարանքդ այդպէս չի վկայէր:

Արտաքոյ կ'արղի ընտանեկան դիպուածներ սխալմունք մը մեզի ընել տուին, ո՜վ դիտէ թերեւս ձեր կողմեն էլ չափազանց սպառազինութիւն երկիւղ պատճառեց պահապանաց, ես էլ քիչ մը տկար եւ քուն էի. անխոհեմութիւն մը եղած համարինք, դուք հիւր եւ մենք հիւրընկալ, խաղաղութեամբ կ'ուղղենք սխալմունքը: Արդէն ապսպրուած է ձեր ընթրիքը, քիչ մը խնդրեմ համբերել:

Երիտասարդին այս աղցր եղանակը եւ խօսքերը Գուրգէնի բարկութիւնը իջուցին եւ իր հոնից բնական պարզութիւնը բերին, երբ Վահրիճ գռան քով երեւցաւ եւ ակնարկ ըրաւ իւր տիրոջ: Եւ Գուրգէն թողլով երկու խօսակիցքը, դուրս ելաւ իւր սպասաւորին հետ, որ երբ առանձին մնացին`

Այս անգամ լաւ լուր ունիմ, ըսաւ ուրախութեամբ:

Զրուցէ՛, շուտ ըրէ, միւս լաւ լուրերուդ պէս չլինի:

Խոսրով իշխանին աղջիկը հոս է:

Ինչպէ՛ս, ըսաւ Գուրգէն աչքերը բանալով:

Աստուած վկա՜յ` հոս է:

Ինչպէ՞ս գիտես…

Ինչպէս ինձ հրամայեցիր տան չորս կողմը կը շրջագայէի, որպէսզի մարդ մը չի փախցնեմ եւ չերթայ դուրսեն օգնութիւն փնտրելու: Վերջապէս յոգնայ` երկաթապատ նեղ պատուհանի մը առջեւ նստայ եւ կը դիտէի, երբ փոքրիկ նուաղ ձայն մը ինձ «հա՞յ ես, հա՞յ ես», ըսաւ պատուհանեն: «Փառք աստուծոյ, հայ եմ», պատասխանեցի. «Խնդրեմ, կամաց խոսէ, չիմանան, ի սէր աստուծոյ, ազատէ զիս այս տեղաց, հանըմը զիս պիտի սպաննէ, ես էլ հայ եմ քեզի պէս. իմ անունս Արիգա է, Խոսրով Ակէացիին աղջիկն եմ», ըսաւ լալագին եւ այնպիսի կամաց ձայնով, որ հազիւ կը լսուէր:

Տէ՛, քալէ, ցցուր ինձի սա պատուհանը: Մարդ կրնա՞յ անցնիլ պատուհանեն:

Քեզի պէս մարդ չի կրնար անցնիլ, բայց փոքր մարդը կրնայ անցնիր

Շատ բա՞րձր է պատուհանը:

Մարդաչափ բարձրութիւն ունի, ահա՛:

Գուրգէնի ուսերուն չափ էր բարձրութիւնը պատուհանին. առանց ուրիշ հարցմունք ընելու մեր հսկան երկաթները փորձեց, ծունկը պատին կրթնցուց, եւ երբ ուժ մը տուաւ ու ցնցեց ձեռքը մնացին երկաթները եւ պատուհանին շրջանակը կազմող քարերը թափեցան:

Ե՛կ աղջիկս, ահա ազատ ես, ըսաւ Գուրգէն ձայնն ըստ կարելուոյն քաղցրացնելով եւ գլուխը ներս երկնցնելով. իսկ աղջիկը, որ այդ ցնցմունքեն դէպի դուռը փախեր էր պատուհանին մօտեցաւ եւ ձեռքը հրկնցուց ազատարարին, որ զինքն յափշտակեց եւ տղու մը պէս գրկելով. իրաւ՞, քու անունդ Արիգա՞ է, դու Խոսրովի աղջի՞կն ես, հարցուց:

Այո, ըսաւ աղջիկը եւ չէր գիտէր թէ վախնա՞ կամ չի վախնայ այդ մարդեն:

Կ'ուզե՞ս հայրդ տեսնել. վաղը առատու ես քեզ իրեն կը տանիմ:

Այս երեկոյ միթէ՞ կարելի չէ:

Տեսնենք, կը ջանամ, աղջիկս:

Եւ այսպէս գրկած, տարաւ փոքրիկ սենեակ մը աղջիկը նստեցուց, Վահրիճ իրեն պահապան դնելով եւ լռութիւն հրամայելով: Ինք մտաւ Խոսրովու քով, երբ Ալի մնաս բարով ըսելով կը հեռանար.

Խոսրով, կարծեմ թէ աղջիկդ աս բերդին մէջն է:

Ինչպէ՜ս, ըսաւ ծերը աչքերուն կենդանութեան փայլ մը գալով. ինչե՜ն գիտես…

Որոշ չեմ գիտէր, բայց պատուհաններէն գերի աղջիկներ մեր թիկնապահաց հետ խոսէր են, ազատութիւն խնդրէր են:

Իսկ Խոսրով լաւ մը Գուրգէնի երեսը նայելով, եւ գոհութեան ու զուարթութեան ամենամեծ նշաններ տեսնելով.

Իմ աղջիկս ազատէր ես դու, Գուրգէ՛ն, օրհնեալ լինիս, ըսաւ, ցատկեց եւ նորա վիզը փաթթուելով, զրուցէ՛, ո՜ւր է Արիգաս:

Մ՚այլայլիր, Խոսրով, աղջիկ մը ազատած կայ, բայց նա է թէ ոչ կրնանք իմանալ:

Երթանք, երթանք, ըսաւ Խոսրով, եւ երբ քովի սենեակը մտան, Արիգա նստած էր մարած աչքերով, նիհար, եւ գունաթափ պատառոտի զգեստներով, հազիւ թէ զինք ճանչեց հայրը, իսկ նա զայն տեսնելուն վազեց տեղացը եւ երկուքը իրարու գիրկ ինկած երկար ուրախութեան հեկեկանք մը անվերջանալի պիտի լինէր, եթէ Գուրգէն երկուքն էլ իրարմէ չի զատէր, որպէսզի ուրախութիւնը տրտմութեան չի դառնայ: Ուստի ջանաց Խոսրովու միտքը բերել թէ իրենց դիրքին մէջ շատ հարկաւոր բանէր կար տեղեկանալու Արիգայեն, ուստի սկսաւ հարցաքննութիւն մը եւ իմացաւ թէ ինչչափ զինեալ մարդիկ կային ներսը. իսկ երբ տանտիկնոջ նկարագրին հասաւ եւ այդ վտանգաւոր կնոջ պատմութիւնը լսեց, որ ահուդողն էր ծառայներու, գերեաց, աղախնայց եւ իր ամուսնոյն, երբ իմացաւ թէ սաստիկ նախանձոտ, ոչինչ կասկածի մը համար ծեծ, բանտ, տանջանք եւ թոյն կը գործածէր այդ կինը եթէ ամուսինը փոքրիկ նշան մը քաղցրութեան ցցնէր աղջկանց մէկուն` կամ ջուր մը ուզէր, եւ թէ պարտի զին մէկ կողմը «գերեզման աղախնայց» կ'անուանէին սոսկմամբ գերիները:

Ես այստեղ բերանս հաց չեմ կրնար դնել, ըսաւ Գուրգէն, եւ մէկուն պատառ մը հաց ուտել թող չեմ տալ: Երթանք:

Բայց ի՛նչ կը շտապես, ըսաւ Խոսրով, մենք մեր աղջիկը ազատեցինք, բայց հոն պէտք է ուրիշ հայ աղջիկներ ալ գտնուին, որ կարելի չէ այդ կատաղի կնոջ ձեռք ձգել, ազատենք նոքա էլ: Զրուցէ, Արիգա, դեռ ուրիշ հայ աղջիկ կա՞յ ներսը:

Չորս հատ փոքր աղջիկներ կան, մէկը իմ տարիքովս հազիւ կը լինի:

Մեծերուն մէջ հայ չի կա՞յ ամենեւին:

Երկու հատ կային, բայց հանըմը այնչափ չարչարեց, որ յուսահատեցան` խաչին վրայ կոխեցին եւ Քրիստոս ուրացան:

Դո՛ւ ի՞նչ բանի համար բանտն էիր, հարցուց Խոսրով:

Ես էլ չգիտեմ, ամիս մը կայ, որ հանըմը ամուսնոյն հետ վէճ մը ունեցաւ, զիս անոր առջեւ սաստիկ ծեծեց, եւ անկից ի վեր բանտն եմ. դեռ վէրքերս նոր առողջացան:

Շա՛տ բարի. դուք հայր ու աղջիկ իրարու հետ տեսնուեցէք, ես պէտք եղածը հոգամ: Երբ ելաւ, տեսաւ, որ կանանոցին դռները բացուեցան եւ սեղան մը կերակուրներով զարգար եալ դուրս կը հանէին երկու սեւ ստրուկք, երկու ուրիշ ստրուկք էլ պարկերով ձիաններուն գարի կը բերէին: Գարին առնուլ հրամայեց, իսկ կերակուրները ետ դարձնել. նոյնպէս լուր ղրկեց, որ տանտէրը շուտով դուրս գա, վասնզի հարկաւոր բան ունէր զրուցելու:

Երբ Ալի եկաւ, Գուրգէն զինք մէկ կողմն առաւ եւ ըսաւ.

Այստեղ չորս փոքրիկ հայ աղջկունք կան, եւ երկու էլ չափահաս, որ նոր ուրացեր են իրենց կրօնքը, այդ վեց աղջիկները հիմա մեզ պէտք է յանձնուին:

Բայց անկարելին կ'ուզէք, ինչպէ՞ս կրնամ ձեր այդ պահանջմունքը Տիկնոջ հաղորդել, այդ աղջիկներն իրեն արծաթագին աղախիններն են, ինք կենաց եւ մահու իրաւունք ունի նոցայ վրայ, եթէ ես այս խօսքերը իրեն զրուցեմ, շատ վատ հետեւանք կ'ունենայ նոյնիսկ աղջկանց համար:

Այսինքն այդ Տիկինը աղջիկները խեղդել կ'ուտայ եւ մեր ձեռքը չի յանձնէր. այնպէս չէ՞:

Այս խօսքերուն Ալի պատասխան չի տուաւ եւ գետինը կը նայէր:

Չըսե՜ս, զրուցեց Գուրգէն, դու էլ որ իբրեւ Տէր մեզ ներկայացար` նորա առաջին ստրուկն ես:

Այո, պատասխանեց Ալի կարմրելով, ես չեմ ուրանար իմ վիճակս, սա աշխարհքիս վրայ աչքս բացի նա ճանչցայ ինձի տիրուհի, մայր, դաստիարակ եւ ամէն ինչ. չեմ կրնար ապերախտ լինիր

Կ'իմանամ, շան առաքինութիւն ունիս, ըսաւ Գուրգէն խստութեամբ, ուրեմն ես պէտք է խօսեմ իրեն հետ:

Անկարելի է. ինք մարդու չերեւար, կրօնասէր կին է, Մարգարէին ցեղեն իջած է:

Ես իր կրօնքին արգելք չեմ, բայց երբ իմ ազգիս զաւկները կը տանջէ եւ կրօնափոխ կընէ, Մարգարէին ցեղեն լինիլն չարգիլէր, որ ես աս բերդը քարուքանդ ընեմ եւ մէջիններն ամէնքը սրէ անցնեմ: Եթէ զօրաւորին ներեալ է ամէն անիրաւութիւն` ես հիմա սա վայրկենիս ձեզմէ զօրաւոր եմ: Զրուցէ՛ իրեն թէ կամայ եւ թէ ակամայ ես հիմա ներս պիտի մտնեմ եւ իրեն պիտի խօսիմ:

Խնդրեմ, իշխան, ե՛կ դու մի՛ խօսիր, այդ միւս ծերը իրեն խօսի:

Լաւ՛, կ'իմանամ քու միտքդ, այնպէս թող լինի, բայց եթէ յանկարծ վտանգ մը իրեն հանդիպի` գիտե՞ս ի՜նչ կընեմ…

Կ'երեւակայեմ. ուստի երթամ ես ներս եւ հիմա կ'ուգամ:

Խեղճ երիտասարդը մտաւ ներս եւ նոյն դիրքին մէջ, նոյն բազմոցին վրայ գտաւ իւր Տիկինը` եւ նոյն կրքով դառնացեալ. դարձեալ աղախիններուն մէկ մասը առջեւը կեցած` ձեռածալ, միւս մասը գնացեր կին զանազան ծառայութիւնք կատարել: Երբ տեսաւ իր ամուսինը, առջի հարցմունքն եղաւ.

Ի՞նչ բանի համար այդ աւազակները ետ դարձուցեր են իրենց ղրկուած կերակուրները:

Պատճառը չեմ գիտէր, Տիկին. միայն այս չափը գիտեմ թէ մենք այդ աւազակներուն ձեռքն ենք, եւ ի՛նչ չարիք որ ուզեն կրնան մեր գլուխը բերել:

Ի՜նչ զարմանք, երբ այստեղ վեց-յոթը հոգի զինեալ մարդ ունինք, եւ սա անարգ աղախիններուն չափ արժէք չունին եւ աւելի անպիտան են: Բերդ մը տասը հոգուոյ դէմ չի կրցաք պաշտպանել, դռները կոտրեցին ներս մտան, շան պէս դողացիք եւ դիմադրութիւն մը չի կրցաք ընել. եւս եմ յանցաւորը, որ ձեզի պէս թշուառականներու հաց կը կերցնեմ:

Տիկին, հիմա յանդիմանութեանց ժամանակ չէ, վասնզի այդ մարդիկը եթէ քիչ մը ուշանանք ներս կը խուժեն եւ քու հանգստութիւնդ կ'աւրեն. հիմա իրենք կը խնդրեն, որ իրենց մէջեն խելօք մէկը ուղարկեն վասնզի առաջարկութիւն մը ունինք հանըմին կ'ըսեն:

Ինձի՜ մարդ պիտի ուղարկեն այդ անհաւատները, աստուա՜ծ չընէ, որ ես ընդունիմ այդպիսի առաջարկութիւն, այս բազմոցիս վրայ մեռնիլ աւելի յանձն կառնում քան թէ այդ շուներուն երեսը տեսնել:

Բայց ի՜նչ օգուտ այսչափ խստութենէ, մենք կարելի է որ լաւ չի պաշտպանեցինք բերդը, բայց անգամ մը տեսնելու է թէ ի՜նչ մարդ է իրենց հսկայ գլուխը, քսան-քառասուն մայրդ կարժէ:

Երկար խօսք չեմ ուզէր, գնա՛` իմացիր թէ ինչ է առաջարկութիւննին:

Երթամ… բայց…

Գիտե՛ս ուրեմն եւ չես կրնար համարձակիլ զրուցելու, անհաւատի որդի: Եւ թեւէն քաշելով, շո՛ւտ, զրուցէ՛ տեսնեմ, ըսաւ:

Չորս փոքրիկ աղջիկները, որք հայու զաւակ են` կ'ուզեն, որ իրենց յանձնուի, եւ երկու էլ մեծերը, որ դու միւսուլման ըրիր այս մօտերս…

Ի՛նչ, աղջիկ տա՞մ իրենց, վեցն էլ հիմա ձեռոքս կը մորթեմ, գլխնին թող առնուն նստին, ըսաւ կինը կատաղութեամբ եւ ոտք ելնելով:

Բայց գիտես, Տիկին, թէ այդպիսի գործի մը հետեւանք ի՛նչ կը լինի:

Ի՛նչ որ կուզէ թող լինի… բայց դու մատնիչ, դու իրենց ըսիր թէ այսպիսի աղախիններ ունիմ ես, ըսաւ կատաղութեամբ յարձակելով երիտասարդին վրայ, որ յարգանօք եւ հանդարտութեամբ քայլ-քայլ ետ կը քաշուէր:

Աստուա՜ծ վկայ, որ ես էլ չեմ գիտէր թէ ուսկից են իմացեր:

Այս միջոցիս ներս մտաւ պառաւ աղախին մը եւ դռան մէջ կեցած`

Տիկին, աստուած քեզ պահէ, այդ հայու աղջիկը, որ ամիսէ մը ի վեր բանտն էր, չի կայ, պատուհանին երկաթները կոտրտէր փախեր է:

Ի՞նչ կ'ըսես. ողորմելի տկար աղջիկ մը երկաթները կոտրտէ՞, անկարելի բան է. Ալի, շո՛ւտ պատասխան տուր, այդ աղջիկը ո՞վ փախցուց, եթէ ոչ` հիմա…

Եւ դաշոյնը մերկացած` երիտասարդին վրայ յարձակեցաւ, որ թեւէն բռնելով միշտ հանդարտութեամբ

Տիկին, նախանձը զքեզ կը կուրցնէ, կ'ըսէր, դու գիտես թէ առանց քու հրամանիդ սա սենեակեն դուրս ելած չունիմ. ես ինչպէ՞ս, ե՞րբ կրնայի այդ աղջիկը փախցնել:

Իսկ սա`

Թո՛ղ տուր ձեռքս, կը գոչէր կատաղութեամբ եւ աչքերն արիւնով լցուած` ամէն ուժը կը թափէր ձեռքը կուղէր աղատել:

Այս միջոցիս յանկարծ կանանոցին դուռը կը ռնկի վրայ պառկեցաւ շառաչմամբ, եւ Գուրգէնի որոտալից ձայնը լսուեցաւ, որ «մահ դիմադրողին» կը պոռար. զինեալ պահապանները ծակէ ծակ փախան, եւ սա երկու քայլ փոխելով լուսաւոր սենեակը մտաւ ուր կատաղի կինը աչքերը դարձած` ոչ բան կը տեսնէր եւ ոչ խօսք կը լսէր:

Աղախինները այս ահագին սպառազէն մարդը, որ մերկ սուրը ձեռքը երբ տեսան, վայերու ձայներ եւ ճիչեր ձգելով փախչող փախչողի եղան. իսկ Գուրգէն երբ տեսաւ կատաղի կինը, որուն ձեռքը դաշոյնը կը փայլէր եւ «թո՛ղ տուր» կը գոչէր, եւ երիտասարդը, որ ամուր ձեռքը թող չէր տալ, բոլոր բարկությռւնը կորսնցուց եւ մեծաձայն ծիծաղով քրքիջ արձակեց այս կատակերգակ տեսարանին վրայ:

Այդ ահագին ծիծաղը եւ ձեռքին ուժաթափութիւնը պարտաւորեցին կինը, որ դաշոյնը ձեռքեն նետեց, եւ երբ դարձաւ սպառազէն հսկայն տեսաւ, որուն ետեւր չորս-հինգ նոյնպէս սպառազէն թիկնապահք կանգնած էին, շուտ մը քօղը գլուխը քաշեց եւ իր բազմոցին վրայ սմքեցաւ:

Իսկ Գուրգէն միշտ ծիծաղելով ծռեցաւ, առաւ գետնեն դաշոյնը եւ լաւ մը զննելեն վերջ.

Ի՜նչ գեղեցիկ խաղալիք, պէտք չէ Տիկինը այսպիսի զարդէ մը զրկել, ըսաւ եւ բերաւ կնոջը քով դրաւ. իսկ նա բարկութեամբ առաւ քովի բարձին տակ ծածկեց:

Բարկութիւն լաւ բան չէ, շարունակեց հանդարտ ծիծաղով, եւ առանցակնածութեան Տիկնոջ բազմոցին վրայ` նորա քով նստելով: Կը ներես, կ'ըսէր, եթէ երրորդ դուռն է, որ այս գիշեր բռնի անցնելու կը պարտաւորվիմ. յանցանքը իմս չէ, վասնզի միշտ այնպէս սովրած եմ, որ դուռները բանան. եթէ քու սովորութիւնդ է, որ դուռը չի բանաս պէտք է ամուր շինել տաս, եւ ոչ փտած ծխնեաց վրայ հաստատես դռներն, որ առջի հարուածին կը բացուին:

Իսկ կիսը քաշուած բազմոցին մէկ անկիւնը, ոչ ձայն կը հանէր եւ ոչ պատասխան կ'ուտար:

Բայց վերջապէս, ըսաւ Գուրգէն, դու որ լեզու կը պահես, ազատ ես ինձ հետ խօսելու կամ չի խօսելու, այլ ոչ իմ պահանջմունքս չի կատարելու. ո՞ւր են այդ չորս փոքրիկ աղջիկները, եւ դառնալով աղջկանց, ո՜վ որ հայ է թող սա կողմն անցնի, ըսաւ:

Փոխանակ վեց հոգուոյ ինը աղջիկ զատուեցան եւ մէկ կողմը շարուեցան: Գուրգէն կը զարմանար, վասնզի վեց հոգի միայն գիտէր հայ, իսկ հիմա երեք հոգի աւելի կը տեսնէր: Դարձաւ այն ատեն կնոջը.

Կ'երեւայ, որ եթէ ես ազատութիւն խոստանամ տայս խեղճերուն` ոչ ոք քու քովդ պիտի մնայ գաւաթ մը ջուր տալու քեզի. եւ տեսնելով բարձին վրայ սոսկալի արջառաջիլ խարազանը` եւ ձեռքն առնելով ու շարժէլով, ի՜նչ Գեղեցիկ գործիք կրթութեան եւ հաւատքի քարոզութեան. դու շատ կը գործածէիր այս, Տիկին, այնպէս չէ՞…

Իսկ կինը արձան էր լռութեան. ոչ կը խոսէր, ոչ ձայն կը հանէր:

Տղա՛ք, ըսաւ Գուրգէն, նայեցէք, ի՛նչ որ գտնէք` ձի, էշ, ջորի Տիկնոջ ախոռներոմէ մէջ պատրաստեցէք, որ այս խեղճ աղջիկները իրենց տեղերը դարձնենք. շո՛ւտ ըրէք, շարժեցէք, անօթի ջարդուեցանք: Շնորհակալ ենք, Տիկինը մեզի հաց, կերակուր ղրկած էր, բայց ո՜յ գիտէ թէ իր օրհնած աղը մէջը խառնած չէր:

Այս միջոցիս Վահրիճ ներս մտաւ.

Տէր, դուրսը նժոյգ մը կայ, որուն նմանը ես կայսեր ախոռներուն մէջ չեմ տեսեր, Ցոլակին լաւ ընկեր մը կը լինի:

Այդ նժոյգը, Տիկինը ընծայ կընէ Արիգային, պատասխանեց Գուրգէն անխռով:

Իմ նժոյգս որ գի՜ն չունի: Անհաւա՜տ, անօրէ՜ն աւազակներ, մինչեւ, ե՜րբ համբերելու է ձեզի…— գոչելով կինը արագութեամբ յափշտակեց դաշոյնը բարձին տակեն եւ Գուրգէնի վրայ շողացուց, որ միշտ արթուն բռնեց ձեռքը եւ մատներուն մէջ քիչ մը տրորելով պարտաւորեց թողլու դաշոյնը, բայց միանգամայն զարմացաւ նաեւ այդ կը նկան կորովին վրայ, որ աղաղակներ չի ձգեց ուրիշ մարդկանց պէս` այլ միւս ձեռքով իւր երեսը ծածկել կը ջանար քօղով:

Ո՜ւմ համար կը ծածկես այդ գեղեցիկ լաչակիդ պէս կանաչ երեսդ, ըսաւ Գուրգէն, եւ զննելով դաշոյնը` արհամարհոտ աչօք «այդ խաղալիքը օրուան մէջ քանի անգամ կը գործածես» հարցուց հեգնութեամբ: Եւ երկու կտոր ընելով գետինը նետեց:

Նոյն միջոցին եկան թիկնապահները եւ իմացուցին թէ ամէն բան պատրաստուած էր:

Տարէք աղջիկները հեծուցէք, Արիգային համար նժոյգը, որ ոչինչ նշանակութիւն չունի, փոխանակ իւր այնչափ չարչարանաց եւ բանտերու տայս գարշելի կնոջ ձեռքեն. ըսաւ եւ ելաւ:

Կարաւանը ուրախ-զուարթ ուղեւորեցաւ ի Տարօն գաւառ, եւ երբ Սասուն հասաւ, սիրալիր ընդունելութիւն գտաւ ամենեն: Բայց կարելի չէր ուրախութիւն ցցնել Յովնանու սուգին առջեւ, որ բոլոր լեռը համակէր էր: Սասուն իւր դիւցազնը կ'ողբար եւ ամէն տուն հայր մը եւ եղբայր մը կորուսէր էր: