Բայց
այդ
Յովնան
ո՞վ
է,
այդ
սասնցուոց
զօրավարը.
տեսայ
զինք
պատերազմի
մէջ
քաջ,
բայց
երբ
ընկերութեան
մէջ
է`
գա
զամենքը
կը
սառեցնէ,
եթէ
խօսի
ակամայ
կը
խօսի,
ծիծաղը
նաեւ
կարծես
թէ
հեգնութիւն
մ՚է.
գինի
բերանը
չի
դնէր.
նուագարան,
երգ
օրօրի
ձայն
են
իրեն
համար:
Բայց
պէտք
է
խաստովանիլ,
որ
մեծ
տարբերութիւն
կայ
իր
եւ
իր
լեռնականաց
մէջ,
խօսքը,
կերպը,
մտածութեանց
խելօքութիւնը,
շարժմանց
զգուշաւորութիւնը,
վերջապէս
իր
ամէն
վարմունքն
յայտնի
կ'ընեն
թէ
բարձր
մարդ
է,
եւ
ես
կընդունիմ
այս
մարդը
գործքի,
պատերազմի
գլուխ
լաւ`
բայց
խնջույից
զուարճութեանց
մէջ
բան
մը
չարժէր.
լաւ՛
ըրաւ,
որ
գնաց:
Այսպէս
կը
խոսէր
Աշոտ
կամաց
ձայնով
Խոսրովու
հետ,
եւ
նա
պատասխանեց.
—
Դու
այդ
մարդը
լաւ
կը
դատես,
այդ
մարդը
զուարճութեան
մարդ
չէ,
միայն
զօրծի
մարդ
է.
բայց
տե՛ս,
եթէ
նա
ուզէր
մեր
նախարարաց
կարգը
կ'անցնէր
եւ
շատերէն
էլ
կը
գերազանցէր,
վասնզի
իւր
լեռնցիք
այնպէս
իրեն
կը
հնազանդին
եւ
զինք
կը
սիրեն,
որ
եթէ
մեռնիլ
հրամայէ
կը
մեռնին:
Տե՛ս,
Սասուն
ո՜ւր,
մենք
ո՜ւր,
Դուին
ո՜ւր,
բայց
երեք
չարագործ
կախելու
համար
ամէն
վտանգ
յանձն
կառնուն
այդ
Սասնի
տղայք
եւ
իրեն
հետ
կ'երթան
այդ
անծանօթ
երկիրներ,
ձիւնին,
ցուրտին,
սառին,
որպէսզի
Յովնան
ու
կամքը
կատարուի:
—
Բայց
ի՜նչ
հասկանամ
Դուինի
դուռը
այդ
մարդիկը
կախելեն,
առջի
ծառը
մի
թէ
յարմար
չէ
մատնիչ
մը,
չարագործ
մը
կախելու
համար:
—
Մեծ
տարբերութիւն
կայ
Բուղայի
աչառ
առջեւ
տանիլ
կախել
դաւաճան
հայը,
որ
նորա
անզգամութեանը
գործիք
եղաւ
անապատի
մը
մէջ
կախելեն:
Դաւաճաններու
իմաց
տալ
է
թէ
կայ
այդ
մեռեալ
կարծուած
Հայաստանի
մէջ
դատաստան
մը,
որ
կը
հսկէ,
կը
դատէ,
կը
վճոէ
եւ
կը
զօրծադրէ:
—
Ինչո՞ւ
ուրեմն
Աշոտ
Բագրատունի
այդ
բանին
համար
գանգտեցաւ:
—
Աշոտ
եւ
իւր
հայրն
Սպարապետը
հանելուկ
մ՚են,
ի՞նչ
կ'ուզեն,
ի՞նչ
կը
մտածեն,
աստուած
միայն
գիտէ.
մեր
ճամփուն
եւ
նոցայ
ճամփուն
մէջ
ահագին
հեռաւորութիւն
կայ:
Բայց
այսպէս
դարձեալ,
Յովնան
միշտ
կըսէ
թէ
եղածեն`
երեւոյթեն
մարդ
դատապարտել
պէտք
չէ,
այլ
յանցանքի
ապացոյցը
ձեռք
ունենալու
եւ
այնպէս
պատմելու
է:
Եւ
այդ
բանին
համար
Բուղայի
դիւանեն`
այդ
երեք
յանցաւորներուն
կնքեալ
թուղթը
ձեռք
անցնելով
դատապարտ
ել
տուաւ
Աշոտ
Արծրունուոյն
մատնիչները:
—
Բայց
դու
ինձ
այն
զրուցէ
թէ
այսպէս
երիտասարդ`
Սիւնեաց
երկիրը
թողել
ո՜ւր
ելեր
ես,
ի՜նչ
է,
որ
զքեզ
այսպէս
կը
շրջագայէ:
Ո՞վ
է
այն
կինը,
որ
այսօր
մեզ
այնչափ
գովեցիր:
—
Այդ
կինը
կուսանաց
վանքի
մայրապետ
մ՚է:
—
Վասկանուշ
է
իւր
անունը:
—
Դու
ուսկի՞ց
գիտես:
—
Բադրատունեաց
ցեղեն
է:
—
Դու
կը
ճանչե՞ս
զինք
ուրեմն:
—
Այո,
շատերէն
լաւ
կը
ճանչեմ:
—
Իրաւունք
չունէի՞
զինք
այնչափ
գովելու:
—
Բայց
դու
ի՞նչ
տեսար:
—
Ի՞նչ
տեսայ.
կին
մը
տեսայ,
որ
իր
իշխանութեան
տակ
գտնուող
ամէնքը
իր
իմաստութիւնը,
իր
առաքինութիւնը,
իր
արդարութիւնը
կը
գովէին.
բոլոր
Արտանուշի
գաւաոր
եւ
շրջակայքը
իբրեւ
թագուհի
զինք
կը
յարդէն:
Կայ
բան
մ՚էլ,
որ
հիմա
չեմ
կրնար
զրուցել:
Խոսրով
աչս
միայն
կուզեր
իմանալ
ուստի
լռեց,
եւ
իր
ուշադրութիւնը
դարձուց
Գուրգէնի
եւ
Իշխանիկի
ուշադրութեան:
—
Ի՜նչ
անամօթ
մարդիկ
են
այդ
յոյն
երբ,
—
կ'ըսէր
Գուրգէն,
—
որովհետեւ
ես
տարի
մը
չերեւեցայ,
կայսեր
հրովարտակաւ
իմ
արեանց
եւ
քրտնաց
տրիուր
պարգեւեալ
Թորթում
կ'ելնեն
կը
յափշտակե՜ն.
բայց
աստուած
ինձ
տուած
է
այս
բազուկը,
որ
գիտէ
ջախջախել,
եւ
այս
սուրը,
որ
գիտէ
յօշոտել,
այս
յիմարները
այսչա՜փ
շուտով
մոռցան
Գուրգէն:
Վաղը
ես
Թորթում
եմ:
—
Եր՛բ
եւ
ո՛ւր
կ'ուզես
քեզի
հետ
եմ,
կ'ըսէր
Իշխանիկը,
միայն
իմ
ղրկած
ձիաւորքս
յունաց
բանակին
ետեւեն
դեռ
չի
դարձան:
—
Այդ
կը
նշանակէ,
որ
վատ
յոյները
մինչեւ
Կարին
կը
փախչին,
հազարաւորի
երկու
հարիւր
մարդու
առջեւեն:
Ա՜խ,
հայոց
ազդ,
այս
ինչ
անէծք
է
քու
վրադ,
որ
այսպիսի
անարգ
ու
վատթար
պետութեան
ստրուկ
եւ
դերի
ես
դարձեր…
Վաղն
ուրեմն
կը
կարգադրենք
թէ
ի՞նչ
պիտի
ընենք,
—
ըսաւ
Գուրգէն
եւ
ելաւ,
եւ
ամէնքը
գնացին
ննջելու:
Գուրգէնի
գուշակութիւնը
ճիշտ
էր,
յոյները
Կարինի
ճամփան
առեալ
կ'երթային.
այս
լուրը
հազիւ
թէ
իմացաւ
Բագրատունի
Իշխանիկը
եւ
գնաց
հաղորդելու
Գուրգէնի,
ահա
հետեւակ
գրաբեր
մը
կը
հասնէր
Արտանուշ
գաւառեն
նամակաւ,
որ
արտորնօք
օգնութիւն
կը
խնդրէր
արաբացի
աւազակաց
դէմ,
որ
յանկարծ
մտէր
երկիրը
իրենց
սովորական
բարբարոսութեամբ
ամէն
չարիք
կը
հասցնէին
գիւղացուոց,
եւ
Սմբատաւան
պաշարել
էին:
Նոյն
միջոցին
երբ
նամակը
կը
կարդար
Իշխանիկը,
Յովնան,
Խոսրով
եւ
Աշոտ
Գուրգէնի
սենեակը
կը
մտնէին.
յունաց
փախուստը
ամէնն
էլ
գիտէին:
Եւ
ահա
Իշխանիկը
նամակը
բարձրաձայն
իրենց
կարդաց,
եւ
աւելցուց.
—
Ահա
վիճակը,
պատուական
բարեկամներ,
ես
չեմ
կրնար
անօգնական
թողոգ
դրացի
գաւառ
մը,
որուն
բոլոր
բնակիչքը
հայ
են
եւ
ինձի
կը
դիմեն,
ոչ
միայն
իբրեւ
հայու
այլեւ
Բագրատունուոյ,
վասնզի
ինչպէս
ձեզ
յայտնի
է`
այս
գաւառը
անյիշատակ
ժամանակներէ
ի
վեր
Բագրատունեաց
առաջին
սեփականութիւնն
է:
—
Ո՞վ
է
տէր
երկրին,
ո՞վ
գրեր
է
այդ,
ո՞վ
ստորագրեր
այդ
նամակին,
—
հարցուց
Գուրգէն:
—
Ստորագրողը
«Վասկանուշ
Բագրատունի,
մայրապետ
Աստուածամայր
վանուց
Արտանուշի»:
Այս
կինը
հօրեղբօր
զաւակն
է
Սպարապետին,
հռչակաւոր
իմաստութեամբ
եւ
առաքինութեամբ,
Տայոց
եւ
թէ
Բարձր
Հայոց
նահանգներու
մէջ:
—
Ի՞նչ
կեցէր
կը
դանդաղինք,
երթա՛նք,
—
ըսաւ
Աշոտ
եւ
ոտք
ելաւ:
—
Կեցցէ՜ս
Աշոտ,
—
կ'ըսէր
Գուրգէն
ծիծաղելով,
—
այս
կինն
էլ
դի՛ր
քու
միւս
կնոջ
քով,
որու
կենաց
մեզ
երէկ
գինի
խմցուցիր:
—
Նոյն
կինն
է՜,
պէտք
չէ
ժամանակ
կորսնցնել,
—
կ'ըսէր:
Այս
բոլոր
խօսակցութեանց
մէջ
Խոսրով,
որ
բերան
չի
բացաւ,
զհովնան
կը
զենէր,
որ
Վասկանուշ
անունին
փոքրիկ
աննշմարելի
ցնցում
մը
միայն
ունեցաւ.
իսկ
անկից
վերջ
անխռով
էր
քարէ
արձանի
պէս:
—
Երթա՜նք
ուրեմն,
—
կ'ըսէր
Գուրգէն
ծիծաղելով
բարձրաձայն.
—
ի՞նչ
կ'ըսես
Յովնան,
մե՛ղք
է
այս
տղան,
տեսէ՛ք,
զէնքերն
արդէն
առաւ
եւ
սաղաւարտը
կը
դնէ:
—
Երթա՜նք,
—
ըսաւ
Յովնան
եւ
դուրս
ելաւ:
Ժամ
մը
չեղած
չորս
հարիւրի
չափ
հետեւակ
եւ
ձիաւոր
Արամանեակ
բերդեն
կ'ելնէին
երկու
օրուան
պաշար
առած
եւ
Արտանուշի
վրայ
կ'արշաւէին
արագութեամբ:
Գիշեր
մը
հանգիստ
առած
երկրորդ
օրը
այս
կորովի
գունդը
կը
հասնէր
Սմբատաւանի
առջեւ
ճիշտ
այն
ժամանակին,
որ
արա
բացիք
հողապարսպին
հետ
կռուելով
ներս
խուժելու
մօտ
էին,
Գուրգէն
չէր
այս
անգամ
խումբին
դիւցազնը.
Աշոտ
մոլեգին
կոտորածի
մը
սկիզբը
տուաւ,
եւ
Գուրգէն
աչքը
միշտ
նորա
վրայ
երկու-երէք
անգամ
զինքն
ազատեց
վտանգներէ:
Արաբացիք
երկու
սուրի
մէջ
մնացած
սաստիկ
ջարդուեցան
եւ
հազիւ
քանի
մը
հոգի
փախստական
կրցան
Կարս
դառնալ:
Աւանին
շուրջը
իրենց
մեռեալներով
ծածկուեցաւ,
եւ
քանի
մը
օր
Ճորոխ
դիակնէր
Սեւ
ծով
կը
տանէր:
Նոյն
գիշերը
աւանին
բնակիչքը
այս
օգնական
զօրքն
իբրեւ
եղբայր
հիւրընկալեցին,
որք
իրենց
թողին
թշնամուոյն
աւարը,
որպէսզի
վնաս
կրեալ
գիւղացուոց
բաժնուի:
Այս
առաջարկութիւնը,
որ
Յովնան
ըրած
էր,
իբրեւ
պատգամ
ընդունէ
լի
եղաւ
զինուորն
երէն,
եւ
այն
խեղճերը,
որոնց
գիւղերն
արաբացի
կրակեն
կը
մխար
եւ
ամէն
բանէ
ղրկուած
էին
եւ
իրենց
անձինքը
միայն
ազատած`
յուսահատ
ապագայն
կը
մտածէին,
հիմա
առաջինեն
աւելի
զիրենք
հարուստ
գտնելով`
ուրախութեան
հանդէս
կը
տօնէին:
Երբ
առաւօտուն
Իշխանիկ`
զօրավարաց
կը
յայտնէր
թէ
վայել
էր
իրենց
այցելութիւն
ընել
վանքը
իշխանուհուոյն,
Աշոտ
անձայն
կը
մտածէր,
իսկ
Յովնան.
—
Ձեզ
երթալ
կարծեմ
պէտք
է,
բայց
ինձ
համար
կարեւորութիւն
չեմ
տեսնէր.
մանաւանդ
թէ
ժամ
առաջ
պէտք
է
որ
ես
Սասուն
դառնամ,
—
ըսաւ
վճռողական
ձայնիւ:
Հազիւ
թէ
ինք
այս
խօսքերը
զրուցեց,
մեզ
ծանօթ
Թադոս
հայրիկ
ներս
մտաւ
եւ
ողջունելով
զամենքը.
—
Տեա՛րք,
Վասկանուշ
իշխանուհին
ձեզ
իւր
շնորհակալութեան
այցէ
էութիւնը
կ'ուգայ
ընելու,
—
ըսաւ,
եւ
հազիւ
թէ
խօսքը
լմնցուց
ահա
իշխանուհին
ինքն
ներս
մտաւ,
շրջապատեալ
չորս-հինգ
պառաւ
կոյսերէ,
ողջունեց
զամենքը
եւ
նստաւ:
Ճար
չի
կար,
Յովնան
ու
փախստեան
տեղի
չի
մնաց.
իւր
սրտին
տրոփիւնն`
Խոսրով
որ
քովը
կեցէր
էր
կը
լսէր
որոշ
եւ
յայտնի,
եւ
այդ
զօրաւոր
մարմինը
բաբախման
հետ
կը
շարժէր:
Տեսարան
մ՚էլ
Աշոտի
վիճակն
էր,
որ
Գուրգէնի
կռնակը
պատսպարան
գտեր
էր
ինքզինքը
ծածկելու
իշխանուհուոյն
աչքերեն:
Իսկ
սա`
համառօտ
եւ
քաղցր
շնորհակալութիւններ
ըրաւ
ամէնուն
իւրեանց
քաշութեան
եւ
ազնուասրտութեան
համար,
եւ
խնդրեց,
որ
նոյն
շնորհակալութեանց
թարգման
լինին
այն
պատուական
զօրաց,
որ
այնչափ
գութ
եւ
եղբայրասիրութիւն
ցոյց
տուեր
էին
ջուր
ժողաւրդեան,
եւ
խօսքը
վերջացուց
ըսելով
թէ`
«Հայ
ազգին
այսպիսի
թշուառ
վիճակին
մէջ
մեծ
մխիթարութիւն
էր
տեսնել
այնպիսի
դիւցազուններ
որոնց
զինուորական
քաջութեան
հաւասար
էր
պատերազմեն
վերջ
առաքինութիւնն
եւ
անշահասիրութիւնը»:
Այս
խօսքերը
զրուցելեն
ետքը
իշխանուհին
ոտք
ելաւ,
արդէն
բացի
իրմէ
ոչ
ոք
չէր
նստած.
«Կը
յուսամ,
զօրավար
Տեարք,
որ
այս
երեկոյ
մեր
վանքի
շնորհակալութիւնն
ուզէք
պատուել
ընթրել
յանձն
առնելով»—
ըսաւ:
Եւ
քանի
մը
քայլ
առաջ
անցնելով,
Աշոտի
առջեւ
կեցաւ.
—
Քաջ
պատսպարան
մը
գտեր
ես
ինքզինքդ
ծածկելու
համար,
Աշոտ
իշխան,
բայց
դարձեալ
քու
քաջութիւնդ
յայտնի
ըրած
է
քեզ
ամէնուն,
քու
երէկուան
համբաւդ
ինձ
հասաւ
եւ
ուրախացուց
եւ
ես
գոհ
եմ,
ու
խոստմունքիդ
դրժող
զքեզ
չեմ
կրնար
համարիր
Աշոտ
քանի
մը
խօսք
թոթովեց
շփոթած,
եւ
իշխանուհին
անցաւ
Յովնանու
առջեւ
կանգնեցաւ.
իր
լուսալիր
հայեցուածքը
վսեմ
եւ
քաղցր
այդ
մարդուն
կրակէ
աչքերուն
վրայ
ուղղեցան,
որ
կարծես
թէ
թալկացեր
էին
նոյն
միջոցին.
հազիւ
թէ
այդ
անխոնջ
ծունկերը
զինք
կը
վերցնէին:
—
Յովնան
զօրավար,
զիս
չե՞ս
ճանչիր:
—
Ես
ո՜վ
եմ,
որ
զքեզ
ճանչեմ,
իշխանուհի,
—
պատասխանեց
Յովնան
խեղդուկ
ձայնով:
—
Ես
Վասակ
Բագրատունուոյ
դուստր
Վասկանուշն
եմ…
յիշեցիր
զիս,
այնպէս
չէ՞:
—
Այո,
իշխանուհի,
—
ըսաւ
Յովնան
նոյն
ձայնով:
—
Այս
երեկոյ
ուրեմն
կը
տեսնուենք,
այնպէս
չէ՞:
—
Հրամանը
քուկդ
է,
իշխանուհի:
—
Շատ
բարի,
—
ըսաւ
Վասկանուշ
եւ
դառնալով
իշխանաց
հրաժարական
ողջոյն
մը
տուաւ
եւ
ելաւ:
Ամէնքը
յուղարկաւոր
գնացին
ետեւեն,
մինչեւ
որ
հեծաւ
շորին
եւ
վանքին
ճամփան
բռնեց:
Իսկ
Յովնան
անհետացաւ:
Ան
ատեն
Գուրգէն
Աշոտի
ըսաւ.
—
Իրաւո՛ւնք
ունիս
դու
տղայ,
այդ
կինը
սովորական
կին
չէ.
իրաւ՜
թագուհու
կը
նմանի.
իւր
ամէն
շարժմունքին,
ձայնին,
խօսքերուն
մէջ
վսեմութիւն
մը
կայ,
որ
ակնածութիւն
կը
հրամայէ:
—
Դո՛ւ
որ
այնչափ
կը
ծիծաղէիր
իմ
վրա՜ս:
—
Ճշմարիտ
է,
որ
չի
համարձակեցայ
անգամ
իւր
առաջ
նստելու:
—
Եւ
դառնալով
Խոսրովու,
—
բայց
տեսա՞ր
Յովնանու
վիճակը.
այդ
առիւծը
ապուշ
ոչխար
էր
դարձել,
աչքերը
մինչեւ
իրենց
փայլը
կորուսել
էին,
ես
հիւանդ
կարծեցի:
—
Այո,
կ'երեւայ
թէ
փոքրիկ
տկարութիւն
մը
ունէր:
—
Քանի՞
տարեկան
կարծես
այս
կինը,
Խոսրով:
—
Կարծեմ
թէ
հիմա
քառասունհինգ
պէտք
է
լինի:
—
Շատ
պակաս
կը
ցցնէ.
վանքի՜
կեանք,
աղօթել,
ուտել,
խմել,
հանգիստ
ընել,
զաւակ
չունենալ
զինք
երիտասարդ
են
պահել:
—
Այսպէս
շուտ
դատաստան
ընել,
անխոհեմութիւն
է,
Գուրգէն,
ո՜վ
գիտէ
մարդկանց
կեանքը,
անցեալը
ի՜նչ
գաղտնիքներ
ունի:
Բագրատունի
օրիորդ
մը,
սիրուն,
հանճարեղ,
գեղեցիկ
ի՜նչ
դիպուած
տեսնենք
զինք
բերէր
ձգէր
է
Եփրատի
ափանց
վրայեն
այս
Ճորոխի
ափանց
վրայ:
«Մարդկային
սրտի
խորը
ծովու
անդունդներուն
կը
նմանի»
ըսէր
են.
—
մենք
կը
խօսինք,
կը
ծիծաղինք,
կը
կատակաբանենք,
կուտենք,
կը
խմենք,
կ'երգենք.
ամբոխը,
որ
մեր
սրտին
վէրքերը
չի
ճանչեր,
չի
տեսնէր
եւ
կարողութիւն
չունի
մեր
ճակտին
վրայ
կարդալու
մեզ
երանի
կ'ուտայ:
Ինչո՞ւ
հեռուն
երթանք.
Գուրգէն,
քեզ
տեսնողը
աստուածին
շնորհիւք,
զուարթ,
գեղեցիկ,
կորովի,
հսկայ,
արքայազարմ,
խելօք
երիտասարդ,
ի՜նչ
կը
զրուցէ,
ինչպէ՜ս
կը
դատէ.
միթէ՞
չի
զրուցէր.
«Ահա
աշխարհիս
ամենեն
երջանիկ
մարդը»:
Բայց
ես
առանց
Սողոմոն
իմաստուն
լինելու
կը
տեսնեմ
թէ
կայ
որդ
մը,
որ
քու
սիրտդ
կը
կրծէ.
կը
տեսնեմ,
որ
կայ
այդ
պարզ
ճակտիդ
վրայ
հոգ
մր,
ամպ
մը,
որ
պայծառ
արեւուդ
ստուեր
կը
ձգէ.
եւ
ինչպէ՜ս
զրուցեմ
թէ
Գուրգէն
երջանիկ
է,
բարեբախտ
է:
Այսպէս
իմացիր
նաեւ
այդ
սեւերով
ծածկեալ
կնոջ
համար,
որ
բեհեզներու
եւ
ծիրանիներու
կեանքի
համար
էր
ստեղծեալ:
—
Իրաւունք
ունիս,
Խոսրով,
դու
ինձմէ
խելօք
ես:
—
Քաւ՜
լիցի,
բայց
քեզմէ
աւելի
փորձառու
եմ,
վասնզի
քու.
կրկին
տարիքդ
ունիմ,
եւ
տեսածես
օգուտ
քաղել
ջանացեր
եմ
միշտ:
Բարեբախտաբար
Գուրգէնի
համար,
որ
Խոսրովու
գուշակութիւնն
երէն
գոհ
չեղաւ,
թէպէտ
մեծ
համարմունք
առաւ
նորա
սրատեսութեան
վրայ,
Իշխանիկը
եկաւ,
որ
իբրեւ
աւելի
ընտանի`
իշխանուհուոյն
ընկերացեր
էր
քիչ
մը
տեղ:
—
Ուրեմն
կ'ամա-ակամայ
այսօր
եւ
այս
գիշեր
էլ
մենք
դեռ
հոս
պէտք
է
անցնենք,
երբ
Յովնան
զօրավար
նաեւ
մնալու
խօսք
տուաւ
իշխանուհուոյն:
Վաղը
կուղեւորինք
Արամանեակ
եւ
անկից
Թորթում
ի
միասին:
—
Շատ
բարի,
—
ըսաւ
Գուրգէն,
—
բայց
իմ
դղեակս
գրաւողը
ի՞նչ
տեսակ
մարդ
է:
—
Անպիտան
յոյն
իշխան
մը:
Ես
յունաց
Սպարապետին
քանի
անգամ
գնացի
իմացնելու
թէ
եղածը
մեծ
անիրաւութիւն
էր,
թէ
Գուրգէն
կայսեր
բանակին
մէջ
ծանօթ
անձ
մ՚էր…
բայց
նա
իմ
խօսքերս
ընդհատելով,
քու
խնդրանաց
համար,
կը
հրամայեմ,
որ
հիմա
ոչ
ոք
դղեակը
չի
գրաւի
եւ
տարի
մ՚էլ
ժամանակ
կ'ուտամ.
բայց
այդ
պայմանաժամն
որ
անցաւ
եւ
Գուրգէն
չերեւցաւ`
ամենեւին
մ՚աշխատէր,
վասնզի
ո՜յ
գիտէ
նա
ի՜նչ
վիճակներու,
ի՜նչ
վտանգներու
մէջ
կը
գտնուի
իւր
յանդուգն
բնաւորութեամբ
եթէ
ողջ
է:
Եւ
որովհետեւ
տարին
չի
լրացեալ
յոյնք
ինձ
թշնամացան,
նոյն
միջոցին,
երբ
իմ
վրաս
յարձակեցան
Արամանեակ
յափշտակելու,
լսեցի
թէ
Թորթումի
դղեակն
էլ
գրաւէր
են:
Ի՜նչ
ընես,
որդեակ,
անտէրունչ
ազգ
ենք,
ամէն
մարդ
իրաւունք
կը
կարծե
մեզ
համար
անիրաւութիւն
եւ
յափշտակութիւն:
Մենք
էլ
ազգովին
շփոթած
եւ
յուսահատ
հացի
մէկ
պատառը
շունին
բերանը
կը
նետենք
միւսն
ազատելու
համար.
ես
քանի
որ
աչքս
բացէր
եմ,
այս
եմ
տեսեր.
վա՜յ
նոցայ,
որ
մեր
ետեւեն
պիտի
գան:
—
Ո՛չ
Իշխանիկ,
այդպէս
պէտք
չէ
լինի,
աւելի
լաւ՜
է
անժառանգ
աշխարհես
երթալ
քան
թէ
այդպիսի
վիճակ
մը
մեր
զաւկներուն
թողուլ:
Նոյն
երեկոյին
վանքին
նախապարսպի
սենեակներուն
մէջ
լաւ
ընթրիք
մ՚ըըին
իշխանուհուոյն
կոչնականք,
որ
վայրկեան
մը
երեւցաւ
եւ
իբրեւ
իրեն
փոխանորդ
թողլով
վանքին
քահանան`
քաշուիցաւ:
Ընթրիքը
երբ
վերջացաւ
եւ
ամէնքը
կը
պատրաստուէին
Սմբատաւան
դառնալու`
դարձեալ
երեւցաւ
իշխանուհին
եւ
ամէնուն
բարի
ճանապարհ
մաղթելէ
վերջը`
դարձաւ
Յովնանու
ըսաւ.
—
Քեզ
եւ
քու
սասունցուոցդ
դեռ
բարի
ճանապարհ
չեմ
կարող
մաղթել
եւ
կը
փափագիմ,
որ
քանի
մը
օր
աւելի
ինձ
հիւր
լիսիք,
վասնզի
ինչպէս
կրնաք
երեւակայել
կարելի
է,
որ
այդանզգամ
արաբացիք
դառնան
վրէժ
խնդրելու
իրենց
պարտութեան.
եւ
որովհետեւ
ես
էլ
Տարօնս
գաւառեն
ձեզ
հետ
մերձաւոր
հայրենակից
եմ,
կը
յուսամ
թէ
իմ
խնդիրքս
չէք
մերժէր:
Իսկ
Յովնան,
որ
բոլորովին
կազդուրեալ
մարդ
մ`էր,
եւ
առջի
շփոթութենեն
ազատ`
անխռով,
բայց
ամենայն
խոնարհութեամբ
պատասխանեց.
—
Քու
փափագը
եւ
խնդիրը
մեզ
սասնցուոց
համար
սուրբ
հրաման
է,
իշխանուհի,
եւ
զմեզ
երջանիկ
կը
սեպենք
եթէ
քեզ
եւ
քոկիններուդ
համար
կենաց
վտանգաւ
անգամ
կարէնանք
ծառայել:
Այս
ոչ
իմ
միայն`
այլ
բոլոր
մեր
սասնցուոց
ամէնուն
փափագն
է:
Այս
խօսքերն
այնպիսի
միամտութեամբ
զրուցուեցան,
որ
մէկուն
կասկածի
տեղիք
չէին
կրնար
տալ,
եւ
Խոսրով
նաեւ
ամենեւին
չէր
կասկածէր`
եթէ
Հռիփսիմէ
տիկնոջ
պատմութեան
տեղեակ
չլինէր:
Առաւօտուն
իշխանաց
հեծելագունդը
կը
բաժնուէր
սասնցուոց,
եւ
Գուրգէն
խօսք
առնելով
Հովնանէ,
որ
պիտի
գար
զինք
Թորթում
տեսնելու,
իւր
միւս
րնկերներով
կ'երթար
իր
նպատակին:
Այս
վիճակին
մէջն
էր
ահա
խեղճ
Յովնանու
անձը,
երբ
ամէն
ընկերները
գնացին,
եւ
ինք
մինակ
մնաց
իր
սասնցիներուն
հետ,
մանաւանդ
թէ
իւր
քսանեօթ
տարուան
տենչանաց
հետ.
իրաւ՛,
տեսաւ,
եւ
ոչ
միայն
տեսաւ
այլ
եւ
խօսեցաւ
իրեն,
այլ
ոչ
տեսնելը
տեսնել
էր,
ոչ
խօսիլը
խօսիլ,
անյպիսի
սիրոյ
մի
համար,
որոյ
մէջ
ոչ
յանցանաց
այլ
ստգտանաց
նաեւ
նշմարանք
չէր
մտէր,
որուն
մարդկային
եւ
երկրաւոր
ամէն
բիծերն
ու
ժանգը
(եթէ
այդպէս
լեզու
մը
կրնայ
գործածվյիլ
սիրոյ
համար)
թշուառութեան
կրակը
եւ
հառաչանաց
բոցը
մաքրէր
եւ
զտէր
էր,
եւ
ուր
նիւթական
ամէն
բան
հատեր
աննիւթականն
էր
միայն
մնացել:
Ի՜նչ
բանէր
ունէր
Յովնան
զրուցելու
այդ
կնոջ,
ինչչա՜փ
բանէր
ունէր
իմանալու
իրմէ.
քսանեօթ
երկայն
անհատնում
տարիներու
եւ
նոցայ
աւելի
երկայն
գիշերներու
պատմութիւնն
իւր
աչաց
առաջ
կը
հոլովէին:
Կը
յիշէր
այն
դառնացեալ,
անջատ
եալ
սիրոյն
գիշերները,
երբ
մարդկային
ամէն
ձայներ
կը
լռէին,
ամէն
աղմուկներ
կը
դադրէին,
երկու
տարուան
բանտարկութենէ
վերջ
նաեւ
այն
օրերը,
որ
ինք
միայնակ,
օտար,
պանդուխտ
եւ
կամաւոր
տարագիր`
իւր
գերեզման
ական
սենեակին
դուռը
կը
գոցեր,
իւր
կրակէ
գլուխը
երկու
ձեռքերուն
մէջ
առած,
թեւերը
ծունկերուն
յեցուցած`
երկու
անուն
միայն
շրթունքները
կը
մրմնջէին.
«աստուած
եւ
Վասկանուշ…»:
Եւ
հիմա
ականջին
կը
խոսէր
այն
ձայնը`
այն
մարգարէական
ձայնը,
որ
գետնափոր
տաճարին
մէջ
իրեն
զրուցէր
էր.
«Կ'ուգայ
տարին,
կ'ուգայ
օրը,
եւ
թերեւս
հեռու
էլ
չէ,
որ
դարձեալ
զինք
պիտի
տեսնես,
դարձեալ
արցունքներովդ
իւր
ոտքերը
պիտի
թրջես…»:
Ո՜ւր
է
այն
ժամն,
ո՜ւր
էր
այն
վայրկեանն.
եւ
ի՜նչ
պիտի
ընէր
Յովնան
անկից
վերջ
կեանք
ըսուած
բանը,
որ
չարչարանք
եղեր
էր
իրեն
համար
եւ
բով
տանջանաց
այնչափ
տարիներ:
Այս
մտածութիւնք
զինքը
կը
տարուբերէին
եւ
վայրկեանները
մամեր
կ'երեւէին,
երբ
Թադոս
հայրիկ
ներս
մտաւ
եւ
իր
հանդարտ
կերպով.
—
Յովնան
զօրավար,
մայր
իշխանուհին
քեզ
կուզէ
տեսնել,
—
ըսաւ:
Արքայութեան
աւետաբեր
հրեշտակն
էր
այդ
ծերը:
Թռաւ
Յովնան,
հասաւ
վանք,
մտուցին
զինք
այն
սենեակը,
ուր
Աշոտ
Սիւնի
եւ
Վասկանուշ
տեսութիւն
մը
ունեցեր
էին
եւ
ուր
ինք
Յովնան
ուրիշներուն
հետ
տեսած
էր
Վասկանուշ.
բայց
հիմա…
ոչ
ոք
չի
կար
սենեկին
մէջ,
դուռը
գոցուեցաւ
վրայեն:
Իւր
սիրտը
այնպէս
կը
տրոփէր,
որ
պայթելու
մռտ
էր
եւ
ձեռքը
հոն
կը
դնէր`
իբրեւ
թէ
`այդ
խեղճ
գործարանին
սանձ
մը
դնել
կը
ջանար.
երբ
գաղտնի
դուռ
մը
բացուեցաւ
եւ
Վասկանուշ
երեւցաւ
թալկահար`
ծանր
եւ
հանդարտ
երկու
քայլ
առնելով`
«Յովնա՜ն»
ըսաւ
եւ
ձեռքը
երկնցուց.
լեռնականը
սրացաւ
ծունկի
վրայ
եկաւ
եւ
այդ
գեղեցիկ
փոքրիկ
ձեռքը
իւր
երկու
ափերուն
մէջ
գրկելով`
շրթանց
եւ
աչաց
վրայ
դնելով
արտասուաց
հեղեղներով
կը
լուանար
եւ
կը
հեկեկէր
ու
նոյն
դիրքին
մէջ
մնաց
բաւական
ժամանակ,
մինչեւ
որ
հեկեկանաց
ձայնը
գադրեցաւ,
եւ
իշխանուհին
«բաւ՛
է,
Յովնան»
ըսաւ:
Իսկ
Յովնան
գլուխը
վեր
առնելով.
«Ո՜հ,
իմ
Տիրուհիս,
ո՜ւր
էր
թէ
հիմա
հոս
մահոյ
հասնէր»: