Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գուրգէնի կեանքը մանրանկար պատկեր կրնայ համարուիլ Հայաստանի աչն ժամանակաց տաժանելի վիճակին, հալածանք, մատնութիւն, դաւ, բանտ, շղթայներ, պատերազմ, վէրք, հիւանդութիւն, յաղթութիւն, պարտութիւն, սիրելեաց բաժանումն եւ վերջապէս հանգստութիւն, երջանկութիւն սրտին սիրելուոյն հետ միաւորութեամբ:

Ուրախ տարիներ անցուցին այս ամուսինք, ունեցան զաւկներ, ծնելական գթով եւ արդարութեամբ կառավարեցին թէ իրենց տունը, թէ երկիրը. երջանկութիւն` եթէ բոլորովին չէր կրնար մոռցնել աչն դժնդակ օրերը, ուր մարմին եւ հոգի տառապանաց եւ յուսահատութեան մէջ կը տատանէին, կը ծփային, այլ իբրեւ հին յիշատակք միգամած ամպէ մը ծածկեալ հեռաւոր առարկաչք եղան գրեթէ աննշմարելիք:

Մայրն Հաչաստան` այդ բազմաչարչար մարտիրոսը, որ երկայն տասը տարիներու մէջ անլուր թշուառութեամբք տքնեցաւ, ոտնակոխ բազմատեսակ բարբարոսաց, աւար անգութ հրոսակաց, ստրուկ մերձաւորաց եւ օտարաց, հարուածեալ ի թշնամչաց եւ իւր հարազատ որ դէ կաց, վերջապէս անգամ մ՚էլ կրցաւ սրբել թաց արտսուքը, ցնցեց` նետեց արիւնաշաղախ մոխրամած ցնցոտիները, թաղուց այդ ցաւոց անկողինը, եւ իւր դառն Երկանց յաջորդեցին երջանիկ ու զուարթագին աւուրք. զգեցաւ վայրկեան մ՚էլ չուր ծիրանիները եւ պսակեցաւ թագադիր Բագրատունեաց շառաւիղ Աշոտի անձին վրայ: Սեւ օրերու պայծառ արեւ յաջորդեց, եւ տեսաւ Մայրն Հայաստան իւր որդուոց գերեդարձը, որք անարդ ուրացութեան նախատինքը մերկացան եղան լուսազգեստք. Քրիստոսի անունը դարձեալ սկսաւ փառաւորիլ, եկեղեցուոյ լքեալ ու կործանեալ գմբէթներք իրենց աւերակներուն մէջեն կ'անգնեցան` յարութիւն առին քաղաքներ նորոգուեցան, գիւղեր շէնցան, «հերկեցին հերկս, եւ ոչ ՚ի վերայ փշոց, եւ ապս ձայն խրախճանաց ցնծացելոց ՚ի եարկս նոցայ լինէր եւ ձայն հարսին եւ փեսայի. ծնան որդիս եւ արարին պտուղ, եւ բնակեցան իւրաքանչիւրոք ՚ի ժառանգութէան իւրէանց եւ այց արար Տէր նոցայ` եւ յաջողէաց ՚ի բարութիւնս»: