Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Այդ ձմեռ ժամանակին դժուար էր ճամփան ոեւիցէ մարդու համար, բայց մեր սասնցուոց համար ի՞նչ էր ձիւն, սառ, ցուրտ, մանաւանդ որ Յովնան իւր խիստ սովորութեան դէմ բարեկենդանի ճանապարհորդութիւն մ՚ընել կ'ուտար. միս, հաւ, ձուկ անպակաս էին ճաշին կամ ընթրեաց, եւ որպէսզի խեղճ հայ գիւղացին չի նեղի ու գաղտնիքը լաւ պահուի ըստ կարելուոյն կը ջանար աւերակաց մէջ գիշերել: Ամէն տեղ Մուշեղ Վահեւունին էր, որ կը ճանապարհորդէր հարիւրի չափ թիկնապահով: Երբ գունդը Քաջբերունեաց սահմանը հասաւ, երկու երագօտն սուրհանդակ որոշեց Յովնան, որ երթան իջնեն Արճէշ եւ տան նաակները տէրերուն` նախ զիրենք լաւ կարդացնեղով թէ ինչ պիտի պատասխանեն, երբ իրենց հարցաքննութիւն լինի:

Ուստի ամենայն զգուշութեամբ առանց կասկած տալու` Վահեւունեաց իշխանը հասաւ Մեծոփայ հռչակաւոր վանքը: Յովնան առաջ անցնելով մտաւ ներս հիւրընկալութիւն խնդրելու իշխանին կողմեն եւ տեղեկացաւ, որ ոչ ոք չէր ճանչեր անձամբ Մուշեղ Վահեւունի, դարձաւ քանի մը կրօնաւորներով ի դիմաց վանահօր հրաւիրելու իշխանը. եւ Խոսրով արդէն եւ ի բնէ իշխանազուն` լաւ կը կատարէր իւր պաշտօնը: Իսկ Յովնան քանի մը բեռնակիր գրաստներ առած եւ քսանի չափ իւր կորովիներէն` կ'անցնէր այն լեռները, որ Քաջբերունեաց գաւառը Արճէշի գաշտեն կը բաժնեն եւ այդ լեռանց հարաւային ստորոտը Յարութիւն գիւղ կը թողէր կէսը իւր մարդկանց եւ միւսով կ'իջնէր Արճէշ, կը բեռնաւորէր իւր գրաստները պաշարով, պարէնովդ ու գտնելով իւր երկու սուրհանդակները, որ իրենց պաշտօնը կատարօսծ էին` նամակները տուած եւ խոստում առած թէ նոյն երեկոյին պիտի ճամփայ ելնէին իշխանները երթալու համար Մեծոփ:

Յովնանու փափագն այն էր, որ փախստեան ճամփայ չի թողու այս երկու Վահրամներու, ուստի շուտ մը դարձաւ Յարութիւն գիւղ եւ կը սպասէր. երբ տեսաւ թէ նոքա ութ-տասը թիկնապահով մեծ գիւղն անցան, ինք իւր գրաստներով եւ մարդիկներով հեռուեն իրենց հետեւեցաւ, եւ լեռներու կիրճերը իր տղոցմեն քանի մը հոգի թողուց, որ Վահրամեանց գնդեն մարդ չի կարէնայ ետ դառնալ Արճէշ: Եւ ինք լեռներու կարճ եւ անգնալի ճամփաներէ առաջ անցնելով դարձաւ` հասաւ եւ մտաւ Մեծոփ եկաւորաց ընդունելութիւնը պատրաստելու:

Խոսրով եւ Յովնան միախորհուրդ որոշած էին, թէ ինչպէ՛ս պիտի ընդունին իշխանները. հայ արիւն չի թափել իրենց գլխաւոր պայմանն էր. ուստի կասկած չի տալու համար` Խոսրով գրեթէ անզէն եւ երկու ծառայիւք զիրենք դիմաւորեց վանքի դռան առաջ փոխանակ Մուշեղայ, որ տկարութեան պատճառաւ քանի մը ժամ կրնար ուշանալ: Խոսրովու կերպարանքը մեր երկու իշխանաց թէպէտ կասկածելի, որովհետեւ գիտէին թէ ինչպէս Հռիփսիմէ մեծ տիկնոջ հաւատարիմն էր, բայց տեսնելով զինքն անզէն երկու իրեն պէս անզէն ծառայիւք, մտան ներս եւ իրենց պատրաստուած վանքի ամենեն փառաւոր սենեակը նստան: Ցուրտ եղանակին` ուղեւորութեան յոգնութեան փոխարէն լաւ տաքուկ սենեակը, իրենը համեղ ճաշիկը, ուր զանազան ընտիր ըմպելիք առատօրէն շարուած էին եւ ախորժ կը բերէին, Խոսրովու օրինակը` իրեն ուրախ զուարթութիւնը, իւր կեղծաւորութենէ հեռու լայն ճակատը, իւր բարձրաձայն ծիծաղը, եւ Մուշեղի միջնորդութեամբ Բուղայէ ընդունած ներողութեան կեղծ հրովարտակը, որ արաբացի լեզուաւ գրուած ծոցեն զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ կը հանէր եւ զօր ոչ ոք կարդալ կարող չէր, բոլորովին ապահովեցին մեր երկու Վահրամները, եւ ամէն երկբայութիւն մէկդի թողած սկսան ուտել եւ խմել ամենայն վստահութեամբ սպասելով Վահեւունուոյն:

Երբ գինին ամէն կասկած փարատեց, գլուխները տաքցան եւ աչքերը զուարթութեան փայլ առին, Վահեւունին մոռցուի ցաւ եւ Ակէացին հին բարեկամ դարձաւ: Վահրամ զինակիր ըսաւ Խոսրովու.

Վերջապէս դու էլ մեզի հետ յուսահատեցար եւ այս վիճակն ընդունեցար. խելօք մարդը իւր գործն առաջ կարգի դնելու է, ես քեզի համար շատ կը կասկածէի թէ Արծրունեաց հոգուով մարմնով անձնատուր ես, բայց կը տեսնեմ, թէ այդչափ յիմար չես եղեր:

Ես ճշմարիտն ըսեմ, որ այդ երիտասարդներովս երբեք յարեալ չէի, վասնզի կը տեսնէի թէ յիմար եւ մոլի իրենց զուարճութեանց ու մոլութեանց միայն կը հետեւէին, եւ խորհուրդ մտիկ ընել ամենեւին չունէին: Իրենց մայրը մեծ Տիկինը ես կը յարդէի իբրեւ առաքինի եւ խելօք կին, բայց իր զաւկները երբեք նորա խրատներուն ուշ չէին դնէր, ուստի յուսահատած էի իրենցմէ, եւ կործանմունքը յայտնի կը տեսնէի:

Դու տեղեկութիւն ունի՞ս մեզի գրուած նամակին նիւթին վրայ, հարցուց Վահրամ Տրունի:

Գիտեմ, որ Բուղայէ իրեն հրովարտակ մը եկաւ, եւ Մուշեղ շատ ուրախացաւ, բայց միջի պարունակութիւնը ինք չի զրուցեց. ես էլ (դառնալով զինակրին), գիտես, բնութեամբ հետաքրքիր չեմ, չի հարցուց ի, այն բանը, որ յայտնի պիտի լինի` օր մը ժամանակին կ'իմանամ, ըսի ու անցայ: Հիմա գործի ատեն չէ, զուարճութեան նայինք, ըսաւ եւ բաժակները լցուց:

Էլ կարողութիւն չէր մնացել մեր իշխանաց ոչ խմելու եւ ոչ շարժէլու. իրենց թիկնապահները նոյն վիճակին մէջ էին արդէն դուրսը, երբ ներսը կը գտնուէին իրենց տեարքը. յանկարծ ներս խուժեցին Յովնանու առաջնորդութեամբ սասունցի խումբը, որ եկեղեցուոյն մէջ ծածկուած էին մինչեւ այն րոպէ, եւ առանց շարժման ժամանակ թողլու` վայրկենին մեր երկու Վահրամները կապեցին. առանց դիմադրութեան նոյնն ըրին նաեւ իրենց թիկնապահաց: Երբ Յովնանու փափագը ուզածին պէս կատարուեցաւ, տեսնելով, որ կ'էս-գիշէր դեռ չի կայ, հրաման ըրաւ ժողովուելու, եւ մօտենալով Խոսրովու, որ ընկողմանեալ էր բայց արթուն, ըսաւ.

Խոսրով իշխան, կարծեմ ժամանակ է գնալու:

Այո, երբ մէկը իմ վիճակիս մէջ չի գտնուի եւ ձի հեծնելու կարողութիւն ունենա:

Բայց դու լաւ վարուեցար, Խոսրով, եւ գործը իմ ուզածես լաւ կատարեցիր: Երթանք ուրեմն:

Երթանք եղբայր, ըսաւ Խոսրով եւ թեթեւելով ելաւ տեղաց Յովնանի օգնութեամբ, կը տեսնեմ, որ դեռ կարողութիւն կայ` դուրսի` ցուրտ օդը զիս կը կազդուրէ:

Զին պատրաստ էր եւ հեծաւ Խոսրով, իսկ մեր երկու Վահրամները կէս քուն, կէս արթուն նետեցին դրաստներուն վրայ լաւ կապկպեցին ոչ միայն չը փախչելու համար, այլ մանաւանդ որպէսզի չընկնին: Սոցայ այս վիճակը տեսնելով Խոսրով.

Եղբա՛յր, այդ մարդկանց չափ ես էլ խմեցի. տես թէ ի՜նչ վիճակի մէջ են հասել:

Այս կը նշանակէ որ, պատասխանեց Յովնան, դու քանի մը տեսակ գինի միայն խմեցիր, սոքա ափիոն էլ խմեցին. եւ լաւ է իրենց համար եւ մեզ համար, ար Վահեւունուոյն պէս գլխացաւ չեն տար յիմար գանգատներով, եւ անուշ-անուշ կը քնեն այսօր էլ վաղն էլ:

Միգուցէ՛ յաւիտենական քունն էլ քնեն:

Աստուած չընէ, պէտք է դատաստանով դատուին, դատապարտուին բարի օրինակի համար:

Հազիւ թէ ձիուն վրայ հեծաւ Խոսրով եւ ասպանդակներուն վրայ կը կշռուէր, քանի մը տղաք, որ ճամփայներուն պահպանութեան համար դրած էր Յովնան, վազելով եկան, թէ ձիաւորաց խումբ մը կը հասնէր Կերմանից կողմեն եւ ուղղակի վանք կ'ուգար:

Կերմանից կողմեն վտանգ չի կայ, բայց դարձեալ դռները գոցեցէք եւ մեծ պարան մը իջուցէք պարիսպն ի վար սա դռան հակառակ կողմեն, ես եթէ ձայն տամ դռները բացէք, եթէ ոչ ես պարանն ի վեր կ'ելնեմ, եւ կը մտածենք:

Այս խօսքերն արտորնօք ըսաւ եւ ինք դռնեն դուրս ելաւ, եւ դռները գոցեցին:

Եւ իրօք տեսաւ, որ տասն-տասն երկու ձիաւոր համակ սպառազէն կ'ուգային դէպի Մեծով, ձիւնի ճերմկութեան մէջ գիշերով նաեւ կ'երեւար իրենք սաղաւարտսերուն, վահաններուն, նիզակներուն փայլը, եւ թէ առջեւեն հսկայ մը իրենց կ'առաջնորդէր:

Իսկ Յովնան նոյն միջոցին վանքին դռան մօտ ժայռերու խոռոչներուն մէջ ծածկուաւծ կուզեր ստուգել թէ ի՛նչ մարդիկ էին, որ կ'ուգային: Եւ այս ստուգութիւնը շուտ յայտնի եղաւ, վասնզի առշեւեն գնացողը մեծ եւ ուժով ձայնով գոռաց.

Վահրի՛ճ, շուտ իջիր, ձայն տուր, որ դուռը բանան, տէ՛, սառեցանք` շո՛ւտ ըրէ:

Աստուած քեզ բարին տա, Գուրգէն իշխան, դո՞ւ ես, ըսաւ Յովնան ժայռերուն մէջեն դուրս ցատկելով:

Յովնանու ձայնն է. կեցցէ՜ս Յովնան. եւ Գուրգէն իջաւ ձիեն: Այս ի՜նչ սքանչելի ժայռեր են, որ քեզի պէս հրաշք կը ծնանին, այս ցուրտին, այս սառին ի՜նչ կ'ընես հոս, եղբայր, գիշերով:

Քեզ կը սպասեմ, բայց ժամանակ չի կ'որսընցնենք, Վահրիճ տասը տարի էլ դուռը զարնէ, չեն թանար: Դու մէկդի, Վահրիճ: Տղա՛ք, բացէ՛ք, ես եմ: Եւ դուռը վայրկենին բացուեցաւ:

Աս ի՞նչ կը նշանակէ, եղբայր, կ'ըսէր Գուրգէն, տեսնելով հարիւրի չափ մարդիկ, Սասուն հոս պարպուէր է կարծեմ:

Հիմա դու այն ինձ զրուցէ թէ ո՞ր կողմ կ'երթաս:

Յունաց կողմ կ'երթամ:

Որ կողմեն:

Մուշի վրայեն:

Շատ բարի, միատեղ կ'երթանք ուրեմն: Ելնենք ճամփայ:

Հիմա՞, աստուած պահէ. մենք տասը ժամ է, որ ձիու վրայ ենք: Դու որ դռներ բանալ գիտես մեզ քիչ մը ուտելիք, քիչ մը կրակ եւ հանգստեան խշտի պէտք է ճարես:

Իմացայ, ըսաւ Յովնան, եւ դառնալով, տղա՛ք, այս գիշեր հանդչինք եւ վաղը ճամփայ կ'ելնենք. կալանաւորները վար առէք եւ ներս բերէք:

Սուտ մը սենեակը մաքրեցին, կրակը փայլեցուցին, եւ Գուրգէն ու Խոսրով իրար բարեւեցին: Յովնան դուրս ելաւ ոչ միայն կերակուր հոգալու իւր նոր հիւրերուն` այլ նաեւ կալանաւորներուն վիճակը տեսնելու, որպէսզի յանկարծակի հրաշք մը իրենց փախուստի դուռ չի բանայ: Վերջապէս, ամէն բան ապահովելեն եւ կարգի դնելեն ետքը երկու իշխանաց քով եկաւ նստաւ:

Եղբա՛յր, դու կալանաւորներու խօսք ըրիր, Խոսրով իշխանի երբ հարցնեմ` կը ծիծաղի եւ կըսէ թէ Յովնանու վերաբերեալ խնդիր մ՚է, նա միայն կրնայ պատասխանը տալ: Կ'երեւի թէ քանի մը արաբ աւազակներ բռնէր կապեր են, այդ անպիտանները կապել մեղք է, առշի հանդիպած ծառեն պէտք է կախել:

Եթէ այդպիսի սովորական աւազակներ լինէին, այնպէս կ'ընէի եւ ժամանակ չէի կորսնցնէր, ինչպէս շատերուն ըրի. բայց սոքա հայ իշխաններ են, եւ ես ուրախ եմ, որ դատաւոր մը աւելի ձեռք թերի:

Յայտնի խոսէ, Յովնան, դու միտքդ լաւ գիտես բացատրել:

Վահրամ Տրունի եւ Վահրամ Գնունի` Արծրունեաց Աշոտոյ մատնիչներն են իմ կալանաւորներս, եւ ես ուրախ եմ, որ անկողմնասէր եւ արդարակորով մարդ մ՚էլ աւելցաւ զանոնք դատելու համար:

Այդպէս շուները դատելն ի՜նչ է: Վանքին պարսպեն կախել տուր երթա:

Նախ յանցաւոր լինիլն պէտք է քննուի եւ վճռուի, վերջը կախելու տեղը գիտեմ ես: Հիմա թողունք այս խնդիրը: Զրուցէ թէ Յունաց երկիր կանցնիս ինչ ընելու համար:

Ազգին այս վիճակին մէջ տեսնելով ես, թէ հայութիւնը կ'ոչնչանայ, երկիրը կը քանդուի, սպատեցի, որ Աշոտ Բագրատունի շարժմունք մը ընէ, եւ ես էլ ձեռքես եկածը ընելու աշխատիմ, բայց իմանալով թէ նա եւ իւր հայրը Բուղայի հետ եթէ գործակից եւ արբանեակ էլ չեն, տեսակ մը հանելուկ են ինձ համար անբացատրելի, որոշեցի, որ յունաց երթամ եւ տեսնեմ թէ կարելի է օգնութիւն մը, յոյս մը ճարել այս խեղճ ազգին համար. ահա իմ նպատակս, իսկ եթէ այն էլ չի յաջողի` այն ժամանակ կը մտածեմ թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ: Դու որ խեւլոք մարդ ես, զրուցէ՛, գիտե՞ս բան մը, որ դարման լինի այս վիճակին:

Եթէ գիտնայի` կը հաւատա՞ս թէ լեռներ, ձորեր, գաւառներ կ'անցնէի երեք դաւաճան պատժելու համար:

Լաւ՛, ուրեմն ուտենք եւ քնենք, վաղն առաւօտ ճամփայ ելնեքու համար:

Եւ այնպէս էլ ըրին. վանահայրը, որ հանդարտ ծերուկ մ՚էր, ամենայն սիրովի երթաք բարով, աստուած հետերնիդ լինի, ըսաւ: Ինչպէս անարգել գնացին` իրենց նպատակին հասան, նոյնպէս անարգել դարձան եւ մտան մեզ ծանօթ քաղաքը: Բացի երկու կալանաւորներէ, որ շփոթած իրենց գլուխն եկածին վյրայ, չէին գիտէր թէ ի՛նչ էր եւ ո՛ւր պիտի յանգեր այս վիճակը, ոչ ոք դժգոհ չէր: Վահրիճ անդամ, որ Յովնան տեսնեւուն մեծ կասկածի մէջ էր իր ձիուն համար, երբ տեսաւ, որ նա գլուխն առած հետեւակ առջեւեն կ'երթար միշտ, շատ գոհ էր, եւ Յովնան ու հետ հաշտ բոլոր սրտանց:

Մուշեղ եւ երկու Վահրամները միեւնոյն սենեկին մէջ բանտարկուեցան եւ երկրորդ օրը Սասնոյ լեռը ապաստան եալ ութ-տասը իշխանազուն մարդիկ, նոյն չափ մ՚էլ երեւելի գիւղապէտք, շրջակայ վանաց առաջնորդք եւ մեզ ծանօթ Գուրգէն եւ Խոսրով ամէնքն ատեան կազմեցին ու նստան:

Հոն բերուի ցան Մուշեղ Վահեւունի, Վահրամ Տրունի եւ Վահրամ Գնունի թիկնապահ մէկ կը սղմեն, եւ Յովնան Խութեցի իբրեւ դատախազ ամբաստանեց այս երեքն էլ թէ ինչպէ՛ս սոքա նկանի բերդին պաշարման ժամանակ գաղտնի պատգամաւոր եւ նամակ ղրկեցին Բուղայի` խոստանալով մատնել զաշոտ Արծրունի եւ բերդը նորաձեռքը յանձնել եւ թէ ինչպէ՛ս նոյն նամակին մէջ մատնութիւնը յետին ծայր վատութեան հասցնելով իմաց կ'ուտային թէ Գուրգէն Աշոտս եղբայրը ո՞ւր կը գտնուէր եւ ինչչա՛փ զօրք, զօրութիւն եւ ինչ բերդեր ունէր: Կ'աւելցնէր նաեւ Յովնան իւր ամբաստանութեան մէջ եւ երկայն ու տեղն ի տեղ կը պատմէր թէ ինչպէ՛ս պաշարման ատեն Աշոտոյ հրամանները կը խարդախէին եւ չէին կատարէր, եւ թէ երբ Աշոտ իմանալով իրենց կեղծաւորութիւնն ու նենգութիւնը եւ ուզելով հեռացնել զիրենք ամրոցեն հրամայեց երթալ թշնամի զօրավարին հետ խօսիլ եւ կամքն իմանալ, նոքա յայտնելով իրենց դաւաճանութիւնը եւ կեղծաւորութեան դիմակը վար առնելով` «Դու պէտք է երթաս եւ խօսիս իրեն հետ որպէսզի ամբաստանութեան կասկածը վերանայ վրայեդ» պատասխանեցին. եւ երբ Աշոտ ամենայն քաղցրութեամբ իւր բարիքները, պարգեւները, սէրը կը յիշեցնէր, իւր առատաձեռնութիւնքը յուշ կը բերէր, որ իւր գանձին աղքատութեան մինչեւ պատճառ եղած էին, երբ այսպիսի տարաձայնութեան հետեւանք ցոյց կ'ուտար թէ իւր բոլոր ընտանեաց եւ երկրին սրոյ եւ գերութեան պատճառ պիտի լինէին, դոքա` այդ երեքը` իրենց քանի մը միաբանելովքը` ամենայն խստասրտութեամբ կը պատասխանէին. «Չենք կարող թագաւորական ահագին զօրութեան դէմ դնել. մեր բերդերը ամրացեալ չեն բաւականին ինչպէս կարծէինք, բաւական պաշար չունինք եւ ոչ պէտք եղածին չափ պահապան. եւ այս պատճառներուն համար պէտք է, որ դու երթաս անձամբ Բուղայի, որ ապստամբութեան կարծիքը վրայեդ վերնա, եւ խեղճ ժողովուրդը, որ գաղթականութեամբ եկել հոս ամրացել է, իւր տեղ կարէնայ դառնալ եւ երկրիս ասպատակութիւնը ղադրի. վասնզի աշխարհքս ահա կործանեցաւ: Եւ եթէ քու կամօքդ երթաս` թերեւս շատերու եւ քու անձիդ օգտակար լինիս, վասնզի կարելի է, որ գուցէ ակամայ երթալովդ քեզի էլ, ուրիշներուն էլ վնաս հասցնես»: Դոցայ այս սպառնալիքներէն ու դաւաճանութենեն պարտաւորեալ Աշոտ, մահր աչքն առնելով գնաց վիրագին, սոցայ մատնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ դարձեալ Գուրգէն նորա եղբայրն անձնատուր եղաւ: Բոլոր Հայաստան գիտէ թէ ի՛նչ հետեւանք ունեցաւ Վասպուրական աշխարհի համար այս երկու եղբարց գերութիւնը, ինչչա՛փ անմեղներ սրոյ եւ գերութեան մատնեցան, ինչչա՛փ ողորմելիներ ուրացութեամբ եւ հոգուոյ կ'որսայ եամբ իրենց կեանքն ազատեցին, եւ. աս ամէնքը` որովհետեւ այս երեք իշխանազունք զինուորական օրինաց մատնիչ եղան վատութեամբ, տիրադաւ եղան իրենց տէրը մատնեցին, իրենց բարերարներու երախտեաց ապերախտութեամբ պատասխանեցին:

Մշոյ փախստականներէն ծեր դատաւոր մը, որ ամէնուն յայտնի էր իր արդարակորով բնութեամբ եւ ուղղութեամբ հարցուց աս մեր երեք ամբաստանելոց թէ ի՜նչ պատասխան ունէին: Իսկ նոքա երեքը միաբերան ուրացան իրենց Բուղայի մատնութեան նամակ գրելն. իսկ միւս խօսակցութիւններն Աշոտի հետ` յայտնի չարակամութեան նշան համարեցան եւ կը պնդէին թէ Նկանի բերդը իրօք կարողութիւն չունէր դիմանալու: Եւ քաջալերեալ, որովհետեւ օտար ու պատկառելի կերպարաններ կը տեսնէին դատաւորաց մէջ, սկսան ամբաստանել զհովնան իբրեւ խարդախ եւ դաւաճան, որ իրենց կենաց դէմ թշնամութեամբ գրգռուած` ո՜յ գիտէ ուստի, զիրենք կապանաց եւ բանտի մատներ էր ամենայն դիւական նենգութեամբ, եւ իրենց ձեռաց եւ ոտից կապերու տեղուանքը ցոյց կ'ուտային. իրենք իշխանազուն եւ նախարարական մարդիկ, այսպիսի նախատանաց մատն եալ:

Իսկ Յովնան` «Այո, կ'ըսէր, երբ արաբին կրօնական եւ քաղաքական բռնութիւնն իմ ազգիս վրայ կը ծանրանան, մարդկային եւ աստուածային օրէնք այսպիսի մատնիչներու ձեռք խաղալիք կը դառնան, տիրասիրութեան տեղ տիրանենգութիւն մեր հոգեւոր գլուխներէն նաեւ աւելի կը վերադասի, քրիստոսատեաց, արիւնարբու եւ ուխտադրուժ մահմեդականին ու օտարին լուծը Քրիստոսի եւ ազգային պարտաւորութեանց լուծեն աւելի ընտրելի կը քարոզուի այսպիսի ժամանակ, ուր հայոց հոգեւոր տէրն ու կաթողիկոսն անգամ սասնցուոց քաջագործութիւնքը` Իւսուֆ ոստիկանին, որ զբագարատայ դաւեց հոգուով եւ մարմնով, որ Մուշ եւ բոլոր Տարօն ի հուր եւ ի սուր մատնեց, որ Ս. Կարապետ նոյն վիճակին պիտի բերէր, Իւսուֆին արժանաւոր մահը եւ պատիժը յիմարութիւն կը վճռէր, այսպիսի ժամանակ դաւաճաններու դէմ` դաւաճանութիւն, նենգաւորներու դէմ` նենգութիւն ամէն հայու իրաւունքն էր եւ ես, այո՛, ամէն ջանք ի գործ գրի զիրենք ձեռք բերելու համար: Կրնայի զիրենք կախել առաջին փայտէն` ես որ համոզուած էի իրենց եղեռանց ստուգութեան վրայ, բայց չուզեցի, վասնզի կը փափագիմ, որ իմ ազգս մարդկային կեանքը խաղալիք չի համարի որովհետեւ գրուած է. Մի՛ սպանանէր, այլ դատէ եւ դատապարտէ: Այս իշխանները կուրանան թէ գրած չեն Բուղայի, բայց ի՜նչ պիտի ընեն եթէ ցցնեմ իրենց եւ այս ժողովքին նոյն մատնութեան նամակը իրենց կնիքներով` որով մատնեցին Աշոտ եւ Գուրգէն եւ Վասպուրական արեամբ ողողեցին: Ահա՛ նամակը»:

Եւ այս ըսելով տարաւ թուղթ մը տուաւ ծեր դատաւորին ձեռքը, որ սկսաւ բարձր եւ դողդոջուն ձայնով կարդալ նամակը, որուն օրինակը այսպէս էր.

«Հայոց աշխարհիս վերակացութիւնը Քեզ յանձնուած լինելով ինքնակալ թագաւօրէն, ամէնքը իշխանք եւ տեարք, կողմնակալք եւ կուսակալք, քաղաքապէտք եւ մարզպէտք բոլոր Հայաստան երկրիս Քեզ պարտական են հնազանդութեան: Իրաւունք ունիս ապստամբները եւ դիմադրողները գանիւ, բանտիւ եւ զանազան տանջանոք պատժելու, որպէսզի անհետ ընես աշխարհքես շփոթ եւ խռովութիւն, ինչպէս պարտք է գործել թագաւորաց եւ թագաւորազանց, որ աստուծոյ կամքը կը կատարեն իբրեւ հաւատարիմ ու տիրասէր ծառայք: Ուստի մենք Վասպուրական աշխարհի իշխանք, նախարարք ազատաց, Մուշեղ Վահեւունեաց ցեղեն, Վահրամ Տրունեաց ազդեն եւուահրամ թիկնապահ իշխանին, եւ ուրիշ ազատաց գունդք եւ զօրականք, որ մեր ձեռքն է երկրիս հոգաբարձութիւնը, գրեցինք քեզի, Բուղայ, գլուխ տաճկաց զօրավարաց եւ բարձակից մեծ թագաւորին, միայն թէ մեզ եւ մեր տոհմին եւ մեր երկրին բնակչաց ազատ մնալ եւ խաղաղութեամբ իւրաքանչիւրս իւր տան մէջ բնակիի մենք կ'ուտանք քու ձեռքդ Աշոտ առանց քեզ փոքրիկ աշխատութիւն տալու. միայն թէ զմեզ ապստամբ չի կարծես ինքնակալ թագաւօրէն ու քու ճոխութենեդ: Բայց պէտք է գիտել քեզ նաեւ, որ իշխանիս եղբայրը Գուրգէն եւ Արծրունեաց տոհմեն շատ ուրիշներ եւ շատ բազմութիւն ազատաց, ազատորդեաց եւ քաջ զօրականաց Վասպուրական տէրութեան` Ատրպատականի սահմանը գնացին եւ հոն ժողւուած են աշխարհիս քաջերն ու կորովիքը, որ սուրէ չեն վերադառնար, որ եթէ աս պաշարմունքը երկարի գիշերով կրնան գալ քու վրադ եւ մեծ կոտորած ու վնաս արքունի զօրաց վրայ հասցնեն, վասնզի նա քաջ մարդ է եւ պատերազմող, եւ իրեն հետ միաբանած զօրքը կը մեռէին իրենց տան, աշխարհքին, ազգին եւ տոհմին վրայ: Ունին ձեռվնին ամուր բերդեր ինչպէս են Ջլմար եւ Սրինգ եւ Ճախուկ, եւ եթէ բոլոր իրենց զօրութիւնը միացնեն, կրնան քեզի մեծ աշխատութիւն հասցրնել եւ քու բոլոր խորհուրդներդ արգիլել, եւ մինչեւ ամօթով ու կորանոք զքեզ ետ դարձնել: Ինչպէս քեզմէ առաջ եկած «արքունի հազարապետին ըրին, վասնզի չի կրցաւ սոցայ դէմ կենալ, վասնզի այս հայոց զօրաց տասն հատին հարիւր մարդ դէմ չէ կարող դնել»:

Ահա, ըսաւ ծերունի դատաւորը, այս երեք իշխանաց կնիքները. «Մուշեղ Վահեւունի, Վահրամ Տրունի եւ Վահրամ թիկնապահ»: Տեսէք ու դատեցէք:

Առէք սոցայ մատանիները` բաղդատեցէք սա կնիքներուն հետ եւ տեսէք թէ կա՞յ խարդախութիւն, զրուցեց Յովնան:

Երբ մատնիներն առնուեցան` կնիքները բաղդատուեցան եւ քննող աչքեր ճշգրիտ, հար եւ նման գտան, ցոյց տուին նաեւ ամբաստանեւոց, որ աւելի մեռեալ էին քան կենդանի եւ խօսք չի կար բերաննին: Ան ատեն Յովնան կրկնեց.

Սոքա ամբաստանեալ են եւ ես դատախազ, մենք այստեղ գործ չունինք, ձեզ կը մնա դատել, հարք եւ վանահայրք Հայաստանեայց Եկեղեցուոյ, իշխանք, դատաւորք եւ գիւղապէտք Հայաստան աշխարհի, եթէ արժան կը դատիք եւ արդար համարիք այս երեք մարդիկը, մենք սասնցիքս, թէպէտ արիւն, քրտինք թափեցինք զիրենք եւ այս վկայաթուղթը ձեռք բերելու, դարձեալ զիրենք կը թողունք արձակ երթալ ի խաղաղութիւն, իսկ եթէ ուրիշ կերպով վճռէք, դարձեալ մեզի պարտք կը համարինք ձեր վճիռը ամենայն ճշտութեամբ մինչեւ վերջին կէտը ի գործ դնել:

Եւ ակնարկի ըրաւ դուրս ելան երեք իշխանք եւ ինք իւր սասնցիներով միատեղ:

Տարօնս առաջնորդ եւ նախագահ ժողովքին նստեալ արքեպիսկոպոսը, որ մինչեւ այն րոպէ բերան չէր բացէր.

Ո՜հ, սարսափելի մարդ է այդ Յովնան, ըսաւ:

Իսկ ծեր դատաւորը առանց այս բացագանչութեան ուշ դնելու, հվսմառոտեց դատաստանական եղելութիւնքը, եւ մէկիկեւմէկիկ հարցուց թէ «Այս երեք անձինքը` Մուշեղ Վահեւունի, Վահրամ Տրունի եւ Վահրամ Գնունի թիկնապահը` աստուծոյ առաջ եւ արդար խղճով յանցաւոր եւ մատնիչ կը համարէի՞ն իրենց իշխանին եւ դաւաճան հայրենի երկրին ու պատճառ կոտորածի եւ աւերման Վասպուրական աշխարհին». եւ ամէնքը երդումով աջերնին Աւետարանին վրայ դրած, ձախը սրտերնուն վրայ խոստովանեցան թէ «Յանցաւոր եւ մատնիչ էին` հաւասար ուրացելոցն Մերուժանայ Արծրունուոյ եւ Վասակայ Սիւնուոյ եւ Յուդայի Իսկարիովտացուոյ»: Ան ատեն ծերը դարձեալ հարցուց. «Ի՞նչ պատժոյ արժանի կը համարիք այս յանցաւորները»: Դարձեալ նոյն ձեւով պատասխանեցին միաբան` «մահու»: Բերել տուին ատենադպիրը` երիտասարդ աբեղայ մը եւ ծերը տուն կ'ուտար եւ նա կը գրեր վճիռը, երբ վճռուեցաւ ամէն բան եւ ստորագրութիւնք, ու մեծաւ մասամբ ստորագրութեանց տեղ իսւչանիշք դրուեցան, հրաման եղաւ, որ ամրաստանեալք եւ բոլոր ժողովուրդը ներս մտնէ: Եւ ծեր դատաւորը կարդաց վճիռը.

«Մենք, ներքոյ ստորագրեալքս, համի Տեառն ութ հարիւր հիսոմկերկու եւ Հայոց թուականին երեք հարիւր մի, եւ Մեհեկի ամսոյ երեք, ժողովեալ ի Տարօն ի քաղաքն Օձն քննեցինք առաջի աստուծոյ Մուշեղ Վահեւունի, Վահրամ Տրունի եւ Վահրամ Գնունի թիկնապահ, եւ ակներեւ` անսխալ ապացոյցներով յայտնի եղաւ մեղ թէ սոքա երեքը միաբան դրեալ եւ կնքեալ նամակաւ առ Բուղայ մատնեցին իրենց իշխանը Աշոտ Արծրունի ի կապանս եւ ի գերութիւն, եւ Վասպուրական երկիրն ի հուր եւ ի սուր. վասն այնորիկ մենք զիրենք արժանի դատեցինք մահու եւ այս վճիռն ու նորա գործադրութիւնը յանձնեցինք Յովնանու Խութեցուոյ, ընտրեալ զօրավար Սասնոյ գաւառին, որ ո՛ւր տեղ եւ ո՛ր կողմ արժան եւ յարմար դատի` այս մեր պատժոյ վճիռն ի գործ դնէ յօրինակ եւ ի զգուշութիւն չարագործաց եւ միամտաց»:

Երբ ամէնքը սկսան ցրուի ի Գուրգէն, որ խոր մտածութեան մէջ էր, մէկ կողմ առաւ ծեր դատաւորը առանձին եւ ծոցեն փոքրիկ նամակ մը հանելով, «Հայրիկ, ըսաւ, սա նամակին գիրը եւ այդ դաւաճան մահապարտաց առ Բուղայ ղրկուած գիրը թէպէտ փոխուած իրարու չե՞ն նմանիր. խնդրեմ, մէկ մը քըննէ, վասնզի դու փորձ մարդ ես»: Ծերը երկու թղթերը քովե-քով դնելով` երկար զննութենէ մը վերջ. «Որդեակ, հարիւրին իննսունինն հաւանութիւն կայ թէ սա երկու նամակին գրողն միեւնոյն մարդն լինի, թէպէտ ջանացեր է, որ գիրը ծամածռէ»: Շնորհ ունիմ քեզ, Հայրիկ, ըսաւ Գուրգէն եւ դուրս ելաւ. Վահրիճի աչք ըրաւ, որ գայ, եւ առանձին սենեակ մը քաշուելով.

Վահրիճ, դու պէտք է որ ճարպիկութեամբ սա մահապարտներէն իմանաս թէ որո՞ւն գրել տուին այս Բուղայի նամակը: Քե՜զ տեսնեմ:

Շատ բարի, իմ պարտքս լինի այդ, միայն թէ Յովնանու պէտք է իմացնես, որ հրաման տա ինձ ազատ թողնել մտնելու նոցայ քով, վասնզի այդ սասունցիք բացի այդ մարդեն ուրիշ ոչ ոք չեն ճանչցեր:

Լաւ՛, ըսաւ Գուրգէն: