Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գուրգէնի անունը տարածուեցաւ բոլոր շրջակայքը, եւ թշնամի ու բարեկամ չէին կրնար առանց ակնածութեան նայիլ այդ մարդուն վրայ. եւ որ մեծ դժբախտութիւն էր, նա աւելի նեղութիւն կը կրէր «ընտանի հարազատ ազգականներէ, որ ուխտազանց լինիլ, ստերդում լինիլ, խոստմանց դրժել չէին ամաչէր», վասնզի գիտէին թէ այդ դիւցազն եւ վսեմ բնութիւնը ներելով միայն վրէժ կը խնդրէր: Թէպէտ Ռշտունեաց Ոստանը հանգչիլ սիրելի էր իրեն սրտին անցեալ յիշատակներով, բայց երբեք չի թուլացաւ, զօրքը կը շատցնէր, կը մարզեր` միշտ ուշադիր Բուղայի ամէն շարժմանց, եւ Վասպուրականի ժողովուրդը զինք փրկիչ եւ հայր կ'անուանէր: Իսկ բռնաւորն արդէն յոգնած` երբ իմացաւ թէ մարդ մը կայ իր առաջը, որ ամբողջ բանակ մը կարժէր, աւելի լաւհամարեց քաղցրութեամբ եւ խաղաղութեամբ գործը լմնցնել, իշխանական սուր եւ գօտի եւ պատերազմական խրոխտալիր ձի եւ Վասպուրականի գլխապետութեան հրովարտակ ուղարկէր, ի մեծ ուրախութիւն հայ ժողովրդոց: Եւ ինքն Բուղայ ժողուելով բոլոր հայոց մեծ նախարարքը եւ նոյն ինքն Սմբատ Սպարապետ կառնուր կը տանէր ի Բաղդատ` նորա որդուոյն Աշոտոյ յանձնելով Հայաստան. իսկ ամիրապետն անխտիր զամենքն ի մահմեդականութիւն բռնադատեց, միայն Սմբատ եւ տիկին Հռիփսիմէ ամէն սպառնալիք արհամարհելով խոստովանաբար բանտի մէջ իրենց կեանքը կնքեցին:

Իսկ Աշոտ Բագրատունի խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ երկիրը սկսաւ կառավարել եւ շինել. մինչեւ ամէն մտածող մարդ կրնար զարմանալ եւ մինչեւ այսօր կարող է զարմանալ, երբ լաւ խորհրդածէ թէ այդ ոտնակոխ Հայաստանի ժողովրդոց մէջ ի՛նչ աստիճանի կենսական զօրութիւն կար, որ այնչափ թշուառոսթեանց, այնչափ տառապանաց փոթորիկներէ վերջ երկիրը կը խլրտէր եւ կը սկսէր շէննալ:

Բայց Վասպուրականի ժողովուրդք խաղաղութիւն վայելելու բախտը չունեցան. հազիւ թէ Գուրգէն երկիրը հանդարտեցուց, եւ ահա Գրիգոր Արծրունի, որ Բուղայի երկիւղեն Աբխազաց երկիրը փախած էր` վրացի զօրօք կը հասնէր Վասպուրական հալածելու համար զգուրգէն եւ տիրանալու աշխարհին: Բայց իւր զօրքն իմացան եւ լսեցին թէ ի նչպիսի մարդ էր Գուրգէն, չուզեցին պատերազմիլ եւ դարձան իրենց երկիրը: Եւ Գրիգոր այս տեսնելով` ուզեց բանագնացութեան մտնել Գուրգէնի հետ, որ առանց դժուարութեան յանձն առաւ երկիրը բաժնել իրենց մէջ:

Նոյն ժամանակները Արծրունի Աշոտ իշխանի որդի Վահան կ'ուգար Բաղդատայ եւ զօրք ժողուելով կը յարձակէր Ռշտունեաց Ոստանին վրայ, ուր կը նստեր Գուրգէն, եւ յաղթուած կորակոր կ'երթար պատմելու Բաղդատ ի՛նչ որ գլուխը եկաւ:

Իսկ Գուրգէն իւր ուշադրութիւնը միայն տուած օտարաց, զարմանալի առաքինութեամբ եւ անյիշաչարութեամբ իւր ազգայնոց յանցանաց, հարուած հարուածի վրայ կը հասցնէր Իսմայէլի որդուոց, ինչպէս կը պատմեն ժամանակին պատմիչք, եւ Յուդա Մակաբէ ու փրկիչ գնա կ'անուանեն:

Թէպէտ Գուրգէն շատ աւելի վեր էր ամէն գովութենէ` իւր անբաւ քաջութեանդ հետ ազնուական սիրտ մը պահելով, որ այդ ժամանակին մէջ անօրինակ էր, երբ ամէնքը եղբայր եղբօր դաւաճան կ'ելնէին անխիղճ եւ անամօթ:

Աշոտ Արծրունի իւր որդուոյն Գրիգոր Դերենիկի հետ Գուրգէն եղբայրը կ'ուղարկէր ամիրապետին հրամանաւ տիրելու Վասպուրականի եւ ի բաց վարելու զգուրգէն Ապուպելճ, որ իմանալով թագաւորական հրովարտակը քաշուեցաւ Սրինգ եւ Ջլմար բերդերը` թողլով ամէն իշխանութիւն. եւ երբ տեսաւ թէ այդ բերդերը նաեւ շատ կը տեսնէին իրեն Արծրունիք` թողուց անոնք էլ, որ ազգային արիւն չի թափի եւ ելաւ փոքրիկ գնդով երթալու յունաց բաժինը: Իսկ Գուրգէն Արծրունի, առանց ամաչելու պատգամաւոր կ'ուղարկէր իւր անուանակցին առաջարկելով, որ չերթայ` խոստանալով եղբօրմեն ապստամբիլ եւ բաժնել իրեն հետ երկիրը: Իսկ սա երբ պատգամաւորն այս լուրը բերաւ, հեգնութեան դառն ծիծաղով այսպէս պատասխանեց. «Գնա՛ զրուցէ քու տիրոջդ, որ ես իմ ազգիս արիւնը չի թափելու համար ամէն բան կը թողում կ'երթամ օտարութիւն, եւ կը զարմանամ թէ նա, որ եղբօրը եւ եղբօրորդուոյն դաւաճան լինելու չամաչէր` ինչպէ՞ս կը համարձակի ինձ բարեկամական դաշինք առաջարկել»:

Այս խօսքերը զրուցելեն վերջ, լի դառնութեամբ հեծաւ ձին եւ քանի մը ձիաւոր միայն հետն առած ուղեւորեցաւ եւ հասաւ Կարին, ուր իր համբաւը իրմէ առաջ հասել էր, եւ ուր Միքայէլ յունաց Կայսրը զինք կը հրաւիրէր գալ Կոստանդնուպոլիս. բայց հայրենեաց հողը, եւ սիրտ մը, որ ինք միշտ կը հավտար թէ իրեն էր, այդ հրաւէրն ընդունիլ կ'արգիլէին, եւ խորհրդածելով կը դանդաղէր: Այս վիճակին մէջ ծանր հիւանդութեամբ հիւանդացաւ Կարին եւ բժիշկները` երբ առողջութիւն գտաւ եւ դեռ տկայ էր հրամայեցին օդափոխութիւն Կարնոյ շրջակայքը Մանանաղեաց գաւառի երկիրը: Փոքրիկ ամառանոց մը բլրակի վրայ յունաց սահմանագլուխը Կարնոյ զօրավարին ընտրութեամբ եւ խորհրդով իւր բնակութեան տեղին էր. վտակի մը եզրը եւ քանի մը դարաւոր կաղնիք իրենց ստուերներով իւր հանգստեան տեղն էին: Այդ հզօր բնութիւնը հազիւ սկսէր էր կազդուրիլ, երբ յանկարծ առտու մը խումբ մը տաճիկ հեծելազօր շրջապատեցին զինք, կապեցին, հեծուցին ձիու մը վրայ եւ տարին առ Աշոտ Բագրատունի: Յունական մատն եւ արաբական ձեռք պատրաստել էին այս դաւաճանութիւնը:

Աշոտ արդէն շատ վտանգաւոր դիրքի մէջ էր այն օրերը. ազատել զգուրգէն վախցաւ ամիրապետեն, վասնզի իր անձին դէմ նաեւ շատ ամբաստանութիւնք կային եւ հայրը Սպարապետը Բաղդատ կալանաւոր բարբարոսաց ժանիքներու մէջ կը հեծէր. ուստի լաւ համարեց Տփխիսի քաղսւքապետին յուղարկել Գուրգէն, որ ամենեն մարդասէր կը համարուէր շրջակայ ամիրայից մէջ: Բայց սա նաեւ երբ շատ ջանաց սպառնալեօք եւ ողոքանոք մահմեդականութեան բերել զնայ եւ օգուտ չի տեսաւ, կրկին կապանոք եւ վիզը շղթայներ անցնելով յուղարկեց Ատրպատական Պարսից, եւ հոն դարձեալ ամէն հնարք ի գործ դրին սատանայի արբանեակները ուրացնելու դիւցազնը, որ ինչպէս պատերազմի դաշտին վրայ աներկիւղ էր մահուանէ` նոյնպէս անդրդուելի էր իր հայրենի եւ սուրբ հաւատքին վրայ: Ամէն հնարք կը գործածէին: Ուրացեալ մը` Սողոմոն Բագրատունի` անարգ արարած` գործիք եղել էր բռնաւորաց, եւ որ վերջապէս յուսահատ եալ ետ կեցաւ իր վատ յորդորներէն:

Բայց այդպէս Գուրգէնի վիճակը աւելի վատթարացաւ, վասնզի Քրիստոսի թշնամիքը զինք կը տանջէին սովով եւ ծարաւովդ եւ Որմեայ լճին քով Գմբէթ ըսուած բերդի մը խորագոյն բանտին մէջ զինք կը պահէին զրկուած ամէն լուսոյ:

Երբ այս վիճակին մէջ անյոյս ի մարդկանէ մնացել էր Գուրգէն, երեւցաւ իրեն «գեղեցկատեսիլ մարդ մը լուսոյ պէս փայլուն հագուած, եւ ըսաւ, զգոյղ եղի՛ր, քաջութեամբ կռուիր, Քրիստոսի զինուոր եղիր. ճշմարտութենէ մոլորեցոց նման մի՛ մոլորիր, որ հետեւեցան Իսմայէլի ազզին օրինաց, հայոց միւս գերելոց պէս»: Եւ այս խօսքերն երբ ըսաւ, Գուրգէն նշմարեց այդ լուսազգեաց մարդը Յովնան ինքն էր` Յովնան հրեշտականման. հազիւ թեւերը տարածեց եւ «Յովնա՜ն, Յովնա՜ն» գոչեց, ահա տեսիլն անհետ եղաւ: Բայց իւր շուրջ մնաց նորա զօրութիւնը եւ բանտեալը նոր կորով մը ստացաւ, միշտ յոյսը աստուծոյ վրայ դնելով:

Բայց միթէ՜ կեանք կը խնդրէր Գուրգէն, որ Վասպուրականի տէր եղած ժամանակ մը, իւր անձին, իւր օգտին համար վայրկեան մը չէր մտածել, հիմնաւոր գործ մը չէր ըրել, փոքրիկ վրէժախնդրութիւն մը ի գործ չէր դրել, այլ միշտ բարոյականը իւր քաջութեան հաւասարեցնել էր ջանացել: Աշխարհքիս վատութենեն ձանձրացեալ` շուրջը ստութիւն, խաբէութիւն, մատնութիւն շարունակ տեսնելով, սիրով խոր խոցեալ սիրտ մը միշտ կրելով, Հեղինէին պատկերը ուրիշ զոհ մը իւր աչքին առջեւ միշտ ունելով, աստուծմէ կը խնդրէր, որ առնու իրմէ այդ կեանքը, վասնզի ծանր էր իրեն, եւ հիմա բանտի տխուր միայնութեան եւ անգործութեան մէջ աւելի կը զգար այդ սիրոյն վէրքը քան թէ պատերազմաց շառաչմանց եւ զբաղմանց մէջ:

Այս դառն վիճակեն հալած, հիւանդութենէ եւ անօթութենէ փոխուած էր դիւցազն քաշին կերպարանքը. եւ գրեթէ մոռցուած Գուրգէն մոռցուած երբ կը տքնէր, բանտապանը ներս մտաւ օր մը «Երթանք, ըսաւ, քեզ Տիկին մը կուզէ տեսնել»:

Ի՞նչ Տիկին է այդ, որ կուզէ զիս տեսնել:

Հրաման ունի ամիրապետեն զքեզ տեսնելու, քալէ՛ երթանք:

Ծանրաբեռնեալ շղթայուք հետեւեցաւ Գուրգէն եւ մտաւ մաքուր սենեակ մը, ուր վայն վերարկուաւ եւ քօղով ծածկուած կին մը բազմոցի վրայ նստած էր. երկու սեւ ներքինիք աջն ու ձախ պատկառանոք կանգնած էին: Այն կինը, այդ խափշիկները լաւ ազդեցութիւն մը չըրին Գուրգէնի վրայ, եւ վտանգ մը զգաց, թէպէտ աներկիւղ էր ամէն բանէ, վասնզի մահվնէ երկիւղ չունէր: Ուստի անտարբեր աչօք նայեցաւ կնոջ վրայ, վերջը պատուհանեն նայեցաւ Որմեայ գեղեցիկ լճին, նայեցաւ երկինք, նայեցավարեւուն, որու ճառագայթներէն զրկուած էր ամիսներով:

Երբ բանտապանը դուրս ելաւ, չարժեցաւ քօղերու տակ ծածկրուած արձանը.

Անհաւա՛տ շուն, կը ճանչես զիս, ըսաւ հերկէր եւ խիստ ձայն մը: Քօղը մէկդի ըրաւ եւ Ապահունեաց արաբ կինը իւր դեղնած եւ տգեղ կերպարանոք երեւցաւ յայտնի Գուրգէնի աչքին:

Յարկ չի կար, պատասխանեց սա անխռով, այդ ոսկեգոյն երեսիդ գեղեցկութիւնը ինձի ցցնելու, այդ անշնորհք նախատական խօսքերը, այդ անճոռնի ձայնը, որ ոչ կնոջ է եւ ոչ մարդու` յայտնի ըրին ինձ թէ ամենեն անզգամ անձին ում կենացս մէջ հանդիպէր եմ, առջեւը կը կենամ: Ծածկէ՛ երեսդ, որ կրօնիդ անհնազանդ չի գտնուիս, եւ ես իմ խաւար բանտես աւելի տգեղ բան մը չի տեսնեմ.

Այս ծանր խօսքերը լսելով` կատաղութեան սարսուռ մը եկաւ կնոջ վրայ եւ աղրայները կրճտելով կէս մը ոտքի վրայ գալով նստած տեղաց, գոչեց կատաղութեամբ.

Անօրէ՜ն, դեռ այդ վիճակիդ մէջ զիս նախատել կը համարձակի՜ս. բայց գիտցիր, որ այդ ողորմելի մարմնոյդ տէրը ես եմ, իմ ձեռքես պիտի չի կարէնաս ազատիլ. քանի՜ տարի էր, որ վրէժը սրտիս մէջ անմեռ կենդանի էր, վերջապէս ահա իմ ձեռքս մատնեց զքեզ աստուած: Քեզմէ երեսս ծածկելու պէտք չունիմ, դու արդէն մեռած ես, եւ մի՛ կարծէր թէ սովորական մահուամբ պիտի մեռնիս, այլ կտտամահ զքեզ պիտի սպաննեմ, մաղմաղ կրակներու վրայ զքեզ պիտի խորովեմ. անօրէ՜ն աւազակ, իմ տունս կոխե՞լ, իմ աղախիններս, իմ նժոյգս յափշտակե՞լ, իմ Ալիս ինձմէ կորզե՞լ, երբեք գթութեան մի՛ յուսար ահա ամիրապետին հրամահագիրը, որ իմ խնդրանացս վերջապէս լսեց եւ ինձ զքեզ պարգեւեց. միմիայն ճամփայ կայ քեզի մահուընէ ազատելու եւ իմ ներողութեանս հանդիպելու, անա՛րգ շուն. քու սուտ հաւատքդ կուրանաս եւ շղթայակապ ստրուկ իմ դուռս կը ծառայես…

Ի՜նչ բարեբախտութիւն, քեզի պէս ջատուկի մը շղթայակապ ստրուկ դառնալու համար ապրիլ. ես որ ամէն անցաւոր մեծութիւն եւ փառք արհամարհեցի իմ հաւատքիս համար: Տե՜հ, եթէ աստուած այնպէս որոշէր է, որ այս մարմինը այդպիսի գարշելի ձեռքերէ մեռնի, իւր կամքը օրհնեալ եղիցի:

Խոսէ՛, հաչէ՛, անհաւատ շուն, այդ լեզուդ հրացեալ ասեղներով պիտի ծակռտեմ, ճանչցնեմ քեզ թէ ի՜նչ կին եմ ես…

Փո՜ւճ աշխատանք, ես քեզ լաւ կը ճանչեմ եւ ուրախ եմ, որ այդ խեղճ աղջիկները քու գազանային ձեռքեդ ազատեցի…

Իմ Ալիս ի՜նչ ըրիր, անզգամ, խոստովանէ՛ շուտ:

Քու Ալի՞դ. այն դիշերուընէ ի վեր զինքը տեսած չեմ:

Կուրանա՞ս, լաւ՛… տանջանքները քեզի խոստովանել կ'ուտան: Բայց ես փուճ տեղ քեզի պէս անարգ գերուոյ մը հետ խօսիլ խոնարհեցայ. վաղը կ'երթանք իմ ամրոցս, հոն ես քեզի փոխել կ'ուտամ այդ ամբարտաւան արհամարհոտ ձեւդ էլ, լեզուդ էլ, կրօնքդ էլ. շատ ստրուկներ ես մոմի պէս կ'ակղցուցէր եմ, դու էլ կը կ'ակղնաս եւ կ'իմանաս թէ ի՜նչ կը նշանակէ ինձ պէս կին մը:

Լաւ՛, շատ ինձ զզուանք պատճառեցիր, բաւական է այսչափս, ըսաւ Գուրգէն ամենայն արհամարհանոք, եւ բարձրացնելով ձայնը, բանտապա՛ն, բանտ երթանք, գոռաց:

Երբ բանտապանը ներս մտաւ, Գուրգէն դէպի դուռը շտկուեցաւ առանց խօսելու: Իսկ կինը դառնալով բանտապանին` իշխանաբար`

Եթէ գլուխդ ողջ պահել կ'ուզես, լաւ պէտք է հսկես այս գերուոյն վրայ, վազն առաւօտ ինձ պիտի յանձնուի դա, ըսաւ:

Ո՞ւմ հրամանաւ կը խօսիս այդպէս, Տիկին:

Եթէ այս ամիրապետին հրամանագիրը դու չես ճանչեր. քու տէրդ եւ քու քաղաքապետդ լաւ կը ճանչեն: Եւ հրովարտակ մը տարածեց բանտապանին առջեւ:

Ես իմ իշխանացս հրամանին միշտ հնազանդէր եմ, Տիկին, ըսաւ մարդը շփոթելով այդ կատաղի կնոջ կերպարանքեն, եւ գնաց Գուրգէնի ետեւեն, որ անտարբեր եւ անխռով դէպ իր բանտը կ'երթար սաղմոսելով:

Իսկ կինը որ այն մեղ ծանօթ դիպուածեն վերջ` Ապահունեաց երկիրը թողէր` փախեր Խոյի մօտ դղեակ մը կը բնակէր` կ'երթար հրամանները տւալու իւր պահապանաց, որ առաւօտուն կանուխ ճամփայ ելնեն տանելու համար Գուրգէն, եւ իւր մտքին մէջ դիւական տանջանքներ կը պատրաստէր: