Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գարուն եկաւ, բնութիւն բոլոր զուարթացաւ, բայց դարձեալ Հայաստան կուլար: Թշնամին, որ որջացեալ էր Հայոց մայրաքաղաքը Դուին, կը պատրաստուէր ելնել դէպ հիւսիս եւ արեւելք, որպէսզի երկիր մը` թիզ մը հող չի մնայ անթաց արցունքէ եւ արիւնէ: Իզուր երկրագործը կը պատրաստէր իր աշխատանքը, իզուր վաճառականը կը կապեր իր կարաւանը, դարձեալ ամէն սիրտ ահ ու դողի մէջ էր, ոչ ոք վաղուին վստահութիւն ունէր, ինչպէս ամառուան օր մը պայծառ արեւ եւ երկինք` տերեւ չի շարժիլ, բնութիւնը բոլոր լռութեան մէջ կսպասէ, կը գուշակէ փոթորիկը, որ կը հասնի որոտալով, փայլակ, կայծակ, հողմ, հեղեղ թափելով ամէն կողմէ, նոյնպէս ամէն ոք կը սպասէր փոթորկին:

Թէպէտ ամբողջ երկիրը կը զգար այս ամէնը, բայց քան զամեն ոք` աւելի կը զգար մարդ մը, որ ամէն բան կը տեսնէր, ամէն բան կ'իմանար, երկրին ո՛ր կողմը ի՛նչ անցք որ անցնէր կը տեղեկանար, որ կը զգար նաեւ թէ սոսկալի պատասխանատուութիւն մը իւր վրայ կը ծանրանար: Այս մարդը Սմբատ Սպարապետն էր, քաջ, խելօք պատերազմի մէջ վտանգը տեսնելու համար, ագահ իր եղբարց եւ ազգին արեան, վախցող անիրաւութենէ, վասնզի կը վախնար հաստուծոյ, եւ սոսկումով կը տեսնէր թէ մտէր էր այնպիսի ճամփու մէջ, որուն ելքը զինք գահավէժներէ հանդունդս կը տանէր: Ինք, ստեղծուած պատերազմելու օտարին եւ Բուղայի դէմ, կը տեսնէր զինք դատապարտուած նորա անգութ ձեռքին մէջ անիրաւութեան եւ մատնութեան գործիք մը լինելու: Կը լսէր, կ'իմանար թէ Բաղդատ հայոց իշխանաց մեծ մասը Բագարատայ իւր եղբօր օրինակին հետեւելով– կուրանային հայրենի հաւատքը ազատելու համար բանտէ, տանջանքէ եւ մահուանէ: Կ'իմանար թէ պակսած զօրաց տեղ Բուղայի նոր օգնութիւն կը հասնէր հասորեստանէ: Որդուոյն նամակը, որ կաթողիկոսին մահը եւ Բուղայի զինքն ուզելը կ'իմացնէր` դառնութեամբ լցուցեր էր սիրտը: Մահուան երկիւղը հազար անգամ աւելի սիրելի էր իրեն քան թէ այդ բռնաւորին երեսը տեսնել, բայց այն առջի օրուան յուսով թէ թերեւս հայրենեաց ցաւերը մեղմացնէ, թշուառ ժողովրդեան օգտակար կարէնայ լինիլ, կը հնազանդէր: Բայց ի՜նչ տխուր աչօք կը տեսնէր այդ Վասպուրականի երկիրը, որ իրեն յանձնուէր էր, Աշոտի գերութենեն վերջ, ուր ինք բոլոր ձմեռ անդուլ աշխատէր էր հայ ժողովրդեան լուծը քաղցրացնել, առանց տիրող ազգին բռնութիւնքը եւ յափշտակութիւնքը սանձելու: Անպիտան, անարգ եւ հասարակ ծաւսսիւթենէ իշխանութեան հասած ամիրայներ կը տեսնէր, որ տէր եղած բռնացել էին Արծրունեաց, Ռշտունեաց, Քաջբերունեաց, Բզնունեաց անառիկ բերդերուն, եւ աւազակաբար կ'իջնէին հարստահարելու իւր ազգին ժողովուրդը, որ կը տքար, որ կը մռնչէր, որ կուզեր շղթայները կոտրտել եւ այդ անարգ բռնաւորաց գլուխը ջախջախել, եթէ ամիրապետին երկիւղը չլինէր:

Ուստի համբերութեան յորդորելով ժողովուրդը, ելաւ ճամփայ էրթալու Երազգաւորս, ուր հրաման ղրկէր էր որդուոյն Աշոտս ժողովել հայոց եպիսկոպոսներն ու իշխանները կաթողիկոսի ընտրութեան համար: ժամանակ չէր դանդաղելու. ամէն իշխան եւ եպիսկոպոս գլուխն ազատելու կը ջանար. ուստի միաբան ընտրեցին Զաքարիա անուն աշխարհական անձ մը, որուն առաքինութիւնը եւ անձնուրացութիւնը յայտնի էր ամէնուն. վասնզի Հայաստան ձանձրացեր էր այդ անտարբեր, թուլամորթ հայրապետներէն, որ իրենց հանգստութիւնը միայն կը ճանչէին եւ կը փնտրէին: Եւ այս Զաքարիս: ձեռնադրեցին միեւնոյն օրուան մէջ ի սարկաւագութիւն, ի քահանայութիւն, հեպիսկոպոսութիւն եւ ի կաթողիկոսութիւն, Առաքինի անձի մը ընտրութեան համբաւը տարածուեցաւ ամէն երկիր, եւ ժողովուրդը յոյս համարեց նաեւ այս ընտրութիւնը:

Բայց ի՜նչ կրնար ընել կաթողիկոս մը, ինչչափ որ բարի կամք էլ ունենար: Իւր նախորդին օրով դեռ ժամանակ կար, բայց հիմա, երբ թշնամին Հայաստանի կեդրոնը կը բնակէր հարիւր յիսուն հազար զօրքով եւ դեռ օգնութեան կը սպասէր, անօգուտ կրնար համարուիք ամէն ջանք, ուստի, երբ հայրապետը այս խօսքը բացաւ Սպարապետին, նա յայտնի խոստովանեցաւ թէ ամէն բան եւ ջանք ուշ էր, միմիայն ճամփայ խոհեմութեամբ թշնամուոյն հետ վարուիլն էր եւ նորա չարութիւնն քաղցրացնել: Եւ այսպէս զինքն հայրապետին աղօթից յանձնելով` Դուին գնաց Բուղայի հրամանին հնազանդելով:

Դուին քաղաքը այն ժամանակ Հայաստանի մայրաքաղաք` գրեթէ 200, 000 եւ աւելի բնակիչ ունէր, երեւելի իւր աստիկանաց պալատով, կաթողիկոսարանով եւ մայր եկեղեցիով. թէպէտ կաթողիկոսը հոն բնակելու չէր համարձակէր արաբացի իշխանին երկիւղեն: Նոյն միջոցին քաղաքը բաւական չէր այդ զինուորները պարփակելու, ուստի մէկ մեծ մասը շուրջը վրաններով կը բնակէին: Հայոց Սպարապետը ուղղակի ոստիկանին պալատն իջաւ:

Բուղայ, որ թուրք էր ազգաւ, իւր սէրն դին գծագրութիւնն ունէր. խոշոր գլուխ, մանր եւ խոր աչթեր, ցցուած այտեր, ցանցառ եւ կարմիր մօրուք: Երբ տեսաւ զսմբատ, իր դաժան երեսին վրայ ծիծաղ մը եկաւ, բայց մէկը չէր կրնար զրուցել թէ հեգնութեա՞ն էր ծիծաղը, թէ հաճութեան. իր մանր աչքերը փայլ մը առին, այդ փայլը յովազի արիւնածարաւ աչքերուն փայլն էր: Ոտք ելնելու պէս շարժմունք մ՚ըրաւ, բայց չելաւ. վասնզի անհաւատի մը ոտք ելնել հակամայս եւ ծանր դիպուածներու մէջ ներելի էր միւսուլմանին, թէպէտ, երբ զեռ Արծրունեաց իշխանը չէր մատնեալ, այն ատեն միշտ քաղաքավարութեան ամէն պարտքեր կը կատարէր, վասնզի դեռ Հայաստան զօրութիւն ունէր: Իսկ հիմա երկրին կէսն իրենն էր, եւ ինք միւսը նուաճելու համար բաւական զօրաւոր:

Երբ ամէնքը քաշուեցան, եւ այս երկու անձինք միայն մնացին, Բուղայ յայտնեց իւր գոհութիւնը նորա հաւատարմութեան համար, եւ թէ ինք միշտ գովութեամբ գրեր էր ամիրապետին, բայց թէ պէտք էր, որ իրեն օգնէ մինչեւ վերջը երկրին կատարեալ նուաճման համար. եւ դիւական խաբէութեամբ կը յայտնէր թէ նախ Տփխիսի վրայ էր յարձակելու, որուն իշխանը մահմեդական էր. եւ կը տեղեկանար թէ ի՞նչ էր նորա զօրութիւնը, եւ ի՞նչ դիմադրութիւն կարող էր ընել իրեն դէմ: Նոյնպէս կը հարցնէր կ'իմանար թէ ի՛նչ էին կովկասեան ազգաց` Ծանարաց եւ Աւրհազաց զօրութիւնքը: Բայց այս օտարներու վրայ հարցմունքները վերջանալէ ետքը, իր գազանային զննող աչքերը ուղղելով դիմացինին աչքերուն մէջ, հայ իշխանաց բերելով կարգը, սկսաւ հարցնել Ատրներսեհ Արցախի իշխանի, Վասակայ եւ Բաբկէնի Սիւնեաց իշխանաց, Գարդմանաց Կտրիճի եւ Աղուանից Եսայի իշխանին վրայ: Իսկ Սմբատ թէպէտ մեծ յուզմունք մը իմացաւ, բայց առանց յայտնելու հանդարտութեամբ կը պատասխանէր Հարցմունքներուն. խղճմտանքը զինքը կը տագնապէր, վասնզի ի՜նչ էր ըրածը, եթէ ոչ մատնութիւն. այնպէս կը թուեր իրեն թէ դահլիճին դռան քով կեցած Մերուժան, Վասակ եւ սոցայ նմանները մատնանիշ զինք կը ցցնէին հեգնական ծիծաղով. բայց դարձեալ զգուշութեամբ իր անվայել պաշտօնը կատարելով, ելաւ, երբ զոհ ըրաւ բռնաւորը, եւ հրաժարական ողջոյնը տուաւ երթալու իր բնակարանը հանգչելու:

Կորովի ծերը այնչափ յոգնած եւ բեկեալ ելաւ բռնաւորին քովեն, որչափ երկայն ճամփորդութեամբ Մոկաց երկրեն մինչեւ Դուին չէր վաստակել: Ցուրտ քրտինք մը կ'ուգար վրան, երբ կը մտածէր թէ ինք բարեմտութեամբ ազգին դաւաճանութեան առաջին գործիքն եղած էր. այս, մտատանջութեամբ երբ իր իջեւանին առջեւն հասաւ շրջապատ եալ իր թիկնապահաց եւ դեռ ձիեն չիջած, իւր զօրաց մէջ խառն եալ տեսաւ կերպարանք մը, որ զինքն արձանացուց: Այն վայրկենին հոն իր առջեւ` այն մտածութեանց մէջ Յովնան տեսնել իր դատապարտութեան վճիռն որոտաձայն լսել էր. այն գիշերը միտքն եկաւ հորում նա իրեն խորհուրդ կ'ուտար չերթալ առ Բուղայ: Բայց մարդկային միտքն արադ է. միթէ՞ կարելի է, կ'ըսէր, որ Յովնան ինքն լինի, ինչպէս կրնայ համարձակիլ Դուին մտնել: Բայց ահա նա էր, սլաքային աչքերսվն իրեն կը նայէր անշարժ, անխռով եւ անթարթափ: Արդեօք լսա՞ծ էր իւր Բուղայի հետ խօսակցութիւնը: Ինչչա՜փ զօրաւոր է խղճմտանքի ձայնը, ինչչա՜փ սուր իւր խայթը:

Սակայն, առանց ձայնի ձեռքը կուրծքին տանելով բարեւ մը տուաւ եւ ակնարկ ըրաւ, որ իրեն հետ գա. եւ երբ սենեակ մը մտան առանձին եղան

Հիմա որ միայն մնացինք, զրուցէ Յովնան, ի՞նչ բանի համար այս կողմերս եւ մանաւանդ թէ այս քաղաքս կը գտնուիս: Միգուցէ, աւելցուց Սմբատ բռնի ժպիտով, որ դարձեալ դաւաճաններ, մատնիչներ ունենաս պատմելու եւ ինձմէ սկսիս:

Քաւ՜ լիցիէ Ես զքեզ, Հայոց Սպարապետ, լաւ կը ճանչեմ, դու կրնաս մոլորիլ եւ Հայաստան ընդ քեզ մոլորեցնել եւ ի կորուստ տանիլ. բայց դաւաճանել չես կարող, վասնզի քու Քրիստոսդ ուրանալ քու ազգդ ոտնակոխ առնել չես կրնար:

Ինչե՜ն գիտես, որ այդպէս կը խօսիս:

Ամէն մարդ իւր անցեալեն կը դատեմ, եւ զքեզ ու քու անցեալդ լաւ կը ճանչեմ: Ես տեսայ քու ժողովուրդդ թէ՛ Մոկաց երկիրը. թէ՛ Շիրակայ գաւառը, որ ամենեն երջանիկն էին: Տեսայ վերջն զքեզ, որ Աշոտոյ գերութենէ ետքը ամէն ջանք ըրիր Վասպուրականի ժողովրդեան անտանելի վիճակը տանելի ընելու համար:

Նոյնպէս լաւ ճանչե՞ր էիր այդ Մուշեղ Վահեւունին եւ իր ընկերները:

Ինչպէ՞ս կրնաս տարակուսիր միթէ՞ ես` Յովնան, չարագործ, մարդասպան, դահի՞ճ էի, որ առանց ձեռքս նոցայ դաւաճնութեան ապացոյցն ունենալու զիրենք կախաղան հանէի:

Ի՞նչ էր այդ մարդկանց յանցանքը:

Վատ մատնութեամբ իրենց տիրոջ դաւաճանեցին իրենց ազգը եւ անբաւ անմեղ արեանց, եւ երկրին կործանման պատճառ եղան:

Իրաւունք ունխս, Հովնան…— ըսաւ ծեր Սպարապետը եւ գլուխը կուրծքին վրայ խոնարհեցաւ, աչքերը գոցեց եւ երկար լռութենէ մը վերջ, լի բարկութեամբ գլուխը վեր առնելով. այո, դու միայն իրաւունք ունիս, եւ ես եւ ամէնքս Դվնայ ժողովքին մէջ անպիտան եւ անարգ դաւաճաններ եղանք, եւ ազգն զմեզ ամէնքս իրաւունք ունի կախելու, որովհետեւ կործանմունքէ կործանմունք տարինք զինքը… Ո՜հ, աստուած իմ, աստուած, ինչ է աս վիճակը: Եթէ մենք քու խորհրդոցդ հետեւէինք` կարելի է շատ լաւ վիճակի մը մէջ փինք գտնուէր, բայց ոչ երբեք այսպիսի գազանի մը` այսպիսի անարգ բռնաւորի մը կամքին խաղալիք կը լինէինք: Այո, դու միակ մէկ մարդ մը գտնուեցար, որ աչք ունեցար տեսնելու. ինչո՞ւ աստուած զքեզ այդ լեռներուն գլուխը գրաւ եւ զիս նախարարական գահին վրայ, ես որ արժանի չէի` եւ դու որ արժանի էիր:

Եթէ կընդունիս թէ սխալ ճամփու մէջ ես, ի՞նչ կարգիլէ զքեզ. սթափէ՛, ե՛լ, ետ դարձի՛ր. ես խեղճ սինլքոր սասնցի` խօսք կ'ուտամ քեզ քսան հազար երկաթի մարդ իջեցնել իմ լեռներես, քսան հազար յուսահատ մարդ էլ այդ ոտնակոխ հնձան Վասպուրական կրնայ տալ մեզի, քու Մոկաց եւ Շիրակայ գաւառները քսան հազար մարդ կրնան յարուցանել. եթէ քառասուն հազար էլ միւս նախարարութիւնները տան` հարիւր հազար զօրքով մենք այդ Բուդայի երկու հարիւր հազար այլասեռ եւ այլալեզու աւազակները բնաջինջ կ'ընենք, մենք որ «ի վերա կանանց եւ որդուոց» պիտի կռուինք մեր նախահոր բացատրութեամբ: Հիմա մանաւանդ որ առաքինի կաթողիկոս մը եւս ունինք, որ յանձն կառնու իր կեանքը տալ ազգին համար, եւ որ ես անձամբ կը ճանչեմ:

Ուսկի՞ց կը ճանչես զինքն…

Երբ հօրեղբօրդ բանտեն փախստական անոք, անօգնական կը պտըտէի, այդ Զաքարիան իւր տունը ամիսի մը չափ զիս պահեց, տեսայ եւ ճանչեցի ան ատեն, որ առաքինի եւ պատուական մարդ էր, եւ ուրախացայ, որ հայոց եպիսկոպոսունք եւ իշխւսնք եկած պատուհասեն զարհուրեալք` արժանաւոր ընտրութիւն մը ընելու համար գնացին փնտրեցին եւ եկեղեցական աստիճաններէ դուրս արժանաւորը գտան Թադէոսի եւ Գրիգորի աթոռին վրայ նստեցնելու համար: Բայց մեր խօսքեն հեռացանք, Հայոց Սպարապետ, կրնա՞ս երկրորդ Վարդան մը լինիլ Հայաստանի համար, Վարդան աւելի խելօք, աւելի հանդարտ, վասնզի ես չեմ ուզէր անօգուտ մարտիրոսներու թիւը աւելցնել: Ինձ աւելի սիրելի է այդ անարգ, մոլի եւ անպիտան նախարարաց գլուխը կորզանել իրենց գահոյքը` այդ դարաւոր բազմագլխեան վիշապը, որ նախարարութիւն կ'անուանեն, ջնջել, անհետ ընել, որ Հայաստան գլուխ մը միայն ունենա եւ ժողովուրդ մը եւ լինի մի հոտ եւ մի հովիւ: Միթէ՞ մեր ամէն թշուառութեանց պատճառ անիշխանութիւնը չէ՞, որու առանց խելահաս լինելու անմիաբանութիւն անուն տուեր են եւ պիտի տան գարուց ի դարս: Հիմա ինձ այն զրուցէ, թէ դու կ'ուգա՞ս քու ազգիդ փրկիչ եւ գլուխ լինիր Եթէ յանձն կառնուս` երկու գեղեցիկ ճամփայ կայ առաջդ. եթէ մեռնիս` երկնի թագաւորութիւն, եթէ ապրիս` երկրիս թագաւորութիւ՛ն: Երկուքն էլ խոտելի չեն:

Անցեալ տարի պէտք էր քու խորհրդիցդ հետեւիլ, այս տարի շատ ուշ է:

Շատ կը վախեմ, որ գալ տարի նաեւ երբ ես այս աշխարհքս թողաէ լինիմ, դու ըսես իմ ետեւես` «Ափսո՜ս, պէտք էր այն մարդուն խօսքին հետեւիլ»:

Դու որ այդ խօսքը կ'ըսես` ի՞նչ վիճակ կը տեսնես Հայաստանի համար:

Յայտնի է վիճակը. դու որ Հայոց Սպարապետն ես, Բագրատունեաց գահագլուխ` չե՞ս տեսնէր թէ ամառ մը բաւական եղաւ մահմեդականին Հայաստանու կէսը ոտնակոխ ջախջախել. չե՞ս տեսնէր այս ամառ միւս կէսն էլ նոյն վիճակը պիտի գտնէ` եթէ շարժմունք եւ դիմադրութիւն չլինի: Անկից վերջ թող սպասէ հայը ստրուկ` անզէն եւ շղթայակապ, որ իւր բարբարոս տէրը` իբրեւ ողորմութիւն թողու իրեն հացին այն պատառիկը, որ թշուառ գերութեան կեանքը շարունակէ, թողու իրեն կին եւ որդիք, երբ շղթայ եւ թշուառութիւն նոքա կը տգեղցնեն, թողու իրեն հող` մորթ եւ ոսկորը միայն ծածկելու համար:

Բայց դու չես գիտէր մեր վիճակը, Յովնան, դու չես գիտէր թէ այս նախարարները` եթէ ես վաղը ոտք ելնեմ ամէնքը կը միաբանին Բուղայի հետ զիս ջախջախելու համար:

Ինչպէս, դու ուրեմն կը միաբանիս Բուղայի հետ ջախջախելու համար զիրե՞նք, ըսաւ Յովնան իւր աչքերուն սոսկալի փայլով եւ ոտք ելաւ դէպի դուռը:

Կա՛ց, ո՞ւր կ'երթաս. այսպէս շուտով կը դատապարտես մարդը, դու որ քիչ առաջ դորայ հակառակը կը պնդէիր:

Կը ներես, իշխան, ես ոչ իշխանազուն եմ եւ ոչ ազնուատոհմ. ես քիչ առաջ ըսի թէ ի՛նչ եմ:

Կ'իմանամ ինչ ըսել կ'ուզես. դու այդ արհամարհութեամբ ընդդէմ նախարարական ցեղին` վեր կը համարիս քու շինական ծագումդ:

Կրնա՞ս տարակուսիլ այդ բանին վրայ, երբ դու կը խոստովանիս թէ այդ նախարարք` երբ դու ոտք ելնես ազգդ կանգնեցնելու` ամէնքը Բուղայի հետ կը միաբանին զանի կորէանելու: Թո՛ղ ուրեմն, որ իմ ազդիս հետ լինիմ, վասնզի նա էլ ինձ պէս շինական, սինլքոր` սոսկական լեռնական է:

Բայց կա՛ց:

Ի՜նչ կենամ, երբ իմ առաջարկութիւնս ընդունելու չափ քաջութիւն չունիս:

Դու ինչչա՞փ ժամանակ է այս մտածութիւնը յղացար, գոնէ այն զրուցէ:

Համարեա թէ ամիս մը:

Ինչպէ՞ս կ'ուզեմ, որ ես վայրկենի մը մէջ առանց մտածելու` այդպիսի ծանր որոշողութիւն մը յանձն առնում:

Ահա այդ բանին համար իմ հոս ուշանալս անօգուտ կը տեսնեմ, վասնզի դու իմ աչս խորհրդեանս վրայ պէտք էր շատոնց մտածած լինէիր ինքն իրենդ. դու էիր, որ քիչ առաջ իրաւունք կ'ուտայիր իմ անցեալ տարուան առաջարկութեանս, դարձեալ կարելի է վայրկեան մը նաեւ ունինք, մի՛ դանդաղիր, կարելի է ժամ մը չանցած ամէն բան անօգուտ չինի, կարելի է, որ հիմա նաեւ շատ ուշ մնացեր ենք, Հայոց Սպարապետ…

Այս խօսքերն ըսած ժամանակ Յովնան մեծ ուշադրութեամբ ձիերու ոտնաձայնին ականջ դրաւ, գողի մը պէս նայելով պատուհանին մօտեցաւ, իր սուր աչքերուն արտաքոյ կարգի արթնութիւն մը եկաւ եւ դառնալով Սմբատայ`

Ինձի համար պէտք է լինի այդ արաբ ձիաւորաց խումբը, ըսաւ անխռով:

Ի՞նչ կ'ըսես, ինչի՞ն գիտես:

Ես տեսայ քանի մը կասկածելի մարդիկ, որ դիտող աչքով ինձ կը նայէին` երբ ես քեզ կը սպասէի. անշուշտ Բուղայի իմաց տուած են:

Բայց իմ տունս ո՞վ կրնայ համարձակիլ…

Մոկաց երկիրը քու տունդ չես, իշխան, Բուղայի ափին մէջն ես:

Ի՞նչ պիտի ընես ուրեմն, ըսաւ Սմբատ այլայլած եւ երեսները կարմրելով:

Ես իմ փախստեանս ճամփան ունիմ, ափսո՜ս որ դու իմ ուզած մարդս չես: Ես ուզեցի Սմբատներու առաջինն ընել քեզ, աւելի մեծ քան զբիւրատեանն, աւելի մեծ քան զվարդան Մամիկոնեան, բայց դու չուզեցիր. վա՛յ Հայաստանի:

Եւ այս խօսքերը զրուցելով` յափշտակեց իւր կաշեայ վահանը եւ նիզակը, ցատկեց դուրս, բացաւ դուռ մը, որ տանիքը կը հանէր, եւ ամենայն արագութեամբ տանիքէ տանիք անցնելով` անհետացաւ

Իսկ Սմբատ, որ տկար մարդկանց սրտի ազնուութիւնն ունէր, մեծ զայրոյթ իմացեր էր արդէն իրեն եղած նախատինքեն, ուստի երբ արաբ խմբին զօրավարը ներկայացաւ եւ խնդրեց խոյզ ընել, վասնզի կասկածելի թշնամի մը պահուըտած էր իւր տան մէջ յուզուեցաւ եւ հեգնութեամբ հրամայեց, որ նային, փնտրեն. եւ երբ նոքա գնացին, սկսաւ մտածել իւր թշուառ վիճակին վրայ, որ խաղալիք եղած է արիւնարբու գազանին, եւ իրօք միմիայն փրկութեան ճանապարհը այդ լեռնականին ցոյց տուածն էր. բայց ի՜նչ օգուտ, որ այդ մարդն նաեւ արհամարհանաց նայուածքին եւ ծանր խօսքերու տակ զինք ճնշէր եւ այնպէս մեկնէր էր: «Ի՜նչ երանելի մարդ է դա, ի՜նչ բարեբախտ մարդ. խղճմտանքը մաքուր` երկիւղ չի կայ իրեն համար ոչ մարդիկներէն եւ ոչ աստուծոյ դատաստանեն: Աստուած այդ մարդը յատուկ ինձի ղրկած էր, որ այս կեղակարծ եւ անարգ դիրքեն զիս ազատէ: Եւ ես թշուառ եւ յիմար` յանձն չառի. ի՜նչ գեղեցիկ մտածութիւն, ի՜նչ փառաւոր առաջարկութիւն ազատիլ եւ ազատել Հայաստան կամ մեռնիլ հաւասար Վարդանայ եւ իւր քաջ նմանեաց. իսկ ես Վասակի եւ Մերուժանի նմանիլ կը ջանամ, եւ այսօր սկիզբն ըրի մատն եղով այն մարդիկը, որոնց հետ անցեալ տարի խորհուրդի նստած էի թէ ի՞նչ պէտք էր ընել հաւատքի եւ ազգի թշնամուոյն հետ… Բայց միթէ՞ հնար չի կա՜յ, միթէ՞ կարելի չէ՞ դեռ ետ դառնալ, գտնել Յովնան եւ ըսել «Հրամայէ՛, եւ ես քեզ կուրօրէն կը հնազանդիմ ու կը հետեւիմ…»: Ահա ուրիշ տկարամտութիւն մ՚էլ, որ նստեր կը մտածեմ իմ վրաս, երբ այդ մարդը միայնակ Դուին կը մտնէ, կարհամարհէ երկու հարիւր հազար հոգուոյ սոսկալի զօրավարը` գրեթէ բարձակից մեծ ամիրապետին, եւ յանդուգն, աներկիւղ, նոյնչափ որչափ արթուն եւ խոհեմ, իմ վրաս ամենափոքր յոյս մը նաեւ չի դնէր, այլ իւր փախստեան տեղին կը պատրտստէ ու կապահովէ, եւ այսպիսի մարդու ես յուսահատ եւ կոյր եւ ողորմելի Սպարապետ կը դանդաղիմ հետեւելու»:

Այսպէս կը խոսէր Սմբատ եւ կը հառաչէր, երբ յանկարծ խառնաձայն աղաղակ մը լսուեցաւ. ցատկեց դէպի պատուհանը, տեսաւ բազմաթիւ խումբ մը արաբ զօրականաց, որ մարդ մը վերամբարձ կը տանէին, մարդ մը գլխաբաց` զինաթափ, եւ հարիւր ձեռք այդ մարդը կը քաշկռտէին ու հազար ուրախութեան ձայն երկինք կը բարձրանային. իսկ մարդը արիւնլուայ էր բոլորովին, եւ մօտ եղողները կրնային տեսնել, որ անխռով, աներկիւղ եւ արհամարհոտ աչքեր կը պտըտցնէր ամբոխին վրայ. այդ մարդը Յովնանն էր:

Նոյն միջոցին կը հասնէր Բուղայի թիկնապահաց խումբ մը, կը ցրուէր այդ զօրականաց խառնաղանճր, եւ կալանաւորը յափշտակելով կատաղեաց ձեռքեն կ'առնէր կը տանէր դէպ ոստիկանին պալատը:

Իսկ Սմբատ ետ քաշուեցաւ, եւ ձեռքը յուսահատութեամբ ճակտին զարնելով կ'ըսէր. «Ափսո՜ս այդ քաջ մարդուն. եւ երբ կը մտածեմ թէ սորա կորստեան պատճառ ես ինքս եմ, եւ ես լոկ անունով Հայոց Սպարապետ` չեմ կրնար բան մ՚ընել իրեն ազատութեան համար, յիրաւի կը գտնեմ, որ այդ մարդը ինձմէ երջանիկ է»: