Սիւնը
իւր
մոլեկան
հեղեղը
կը
շարունակէր,
քամին
զանի
կը
տարուբերէր,
եւ
մարդոց
շատ
դիւրին
չէր
այդպիսի
ժամանակին
տնէ
դուրս
ելնել.
ուստի,
երբ
կէս-գիշերն
անցաւ
եւ
հազարի
չափ
նիզակաւորք
ժողովեցւան
Սարասեպ
գիւղին
դիմաց,
որ
դէպի
Մուշ
կը
նայէր,
(էլ
չի
համբերեց
Յովնան,
եւ
առջեւէն
սկսաւ
սահիլ
փայտեայ
ոտնամաններով,
որ
այդ
լեռան
բնակչաց
յատուկ
էր
ի
վաղ
ժամանակաց
հետէ,
որով
չեն
խրիր
ձիւնին
մէջ):
Ինք
լաւ
դիտել
էր
թէ
քամին
իրենց
ետեւեն
կը
փչէր,
ուստի
այս
էլ
բաւական
դիւրութիւն
մ՚էր
այդ
սոսկալի
ճամփորդութեան`
մանաւանդ,
երբ
գրեթէ
ապահովութիւն
կար
ի
չիք
դարձնելու
բոլոր
այդ
իսմայելեան
բանակը`
ամէն
դժուարութիւն
իրեն
համար
ուրախութիւն
էր,
եւ
բոլոր
Սասուն
դիտէր
թէ
այդ
մարդը
յոգնիլ,
վհատիլ
չէր
գիտէր,
վտանգ
զինքն
երբեք
ահաբեկել
չէր,
ուստի
ինք
կը
սահէր
եւ
ետեւեն
ամէնքը
կը
քայլէին.
եւ
վերջը,
ըստ
հին
սովորութեան,
այս
ձիւն
ի
վրայի
ճամփորդութեան
մէջ
կռունկներու
պէս
առջինները
քիչ-քիչ
ետ
կը
մնային,
վերջինները
առաջ
կ'անցնէին:
Տխուր
լուսին
առանց
երեւելու
աղօտ
լոյս
մը
կը
ձգէր
երբեմն
սպիտակ
ձիւնին
վրայ
եւ
ամէն
սեւ
նիւթն
տեսանելի
կ'ընէր`
թէպէտ
բան
մը
չի
կար,
որ
ճերմկած
չլինէր:
Մեր
խումբը
լռիկ
կը
շարունակէր
իր
ճամփան,
ժամերն
կ'անցնէին,
գիշերը
կը
կարճէր,
արշալոյսը
հեռու
չէր,
երբ
յանկարծ
մեր
խմբին
պարագլուխը,
որ
երբեք
չէր
նահանջեալ`
կանգ
առաւ
եւ
ամէն
մարդ,
որ
նօթայ
ետին
էր,
ինքնիրեն
կը
հարցնէր
թէ
ի՛նչ
արգելք
կրնայ
լինիր
Յովնան
իւր
ճամփուն
վրայ
տեսաւ
անսովոր
ձիւնագեղ
բարձրութիւն
մը,
առջի
մտածութիւնը
նիզակի
հարուած
մը
տալ
եղաւ,
բայց
շուտ
մը
խելաբերեց
եւ
նիզակին
բունը
երբ
ձիւն
ի
դէզին
մէջ
մխեց`
դիմադրութիւն
մը
զգաց,
եւ
մարդկանց
աղաղակի
ձայն,
ձիոց
փռնչել,
գինուց
շառաչիւն
եւ
ձեան
դէզին
ցիրուցան
փլչիլ
յայտնի
եղաւ,
ձեան
տակեն
չորս
ձի
եւ
չորս
մարդ
դւրս
եկան:
—
Մարդի՛կ,
դուք
ո՞վ
էք,
բարեկա՞մ
թէ
թշնամի,
—
հարցուց
Յովնան
ուժով
ձայնով
մը:
Եւ
այս
խօսքին
բարձրաձայն
ծիծաղով
պատասխանեց
մարդ
մը,
որ
իւր
ընկերներէն
բարձր
էր
հասակաւ:
—
Եթէ
բարեկամ
չլինէինք`
միթէ՞
ձեր
ճամփուն
վրայ`
թէպէտ
եղանակը
այսչափ
զուարճալի
եւ
այս
վարդենեաց
պարտէզս
այսչափ
գեղեցիկ`
կը
յուսա՞ք
թէ
այս
ձիւնէ
տաղաւարիս
տակ
բնակէինք,
որ
զձեզ
դիմաւորենք.
հա՜,
հա՜,
հա՜,
հա՜:
—
Կատակի
ժամանակ
չէ,
—
ըսաւ
Յովնան,
՛—
ի՞նչ
բան
ունիք
դուք
հոս:
—
Ես
ալ
ձեզ
նոյն
իրաւունքով
կը
հարցնեմ
թէ
դուք
ի՛նչ
բան
ունիք
հոս,
մանաւանդ
ես
իրաւունք
մը
աւելի
ունիմ
ձեզմէ
յամառ
պահանջելու,
որ
մեր
տունը
փլուցիք
եւ
թերեւս
մեզ
մահուանէ
էլ
ազատեցիք.
վասնզի
ո՛յ
գիտէ
թէ
այս
ձիւնը
որչա՜փ
պիտի
տեւե…
բայց
դուք,
բարեկամք,
բաւական
բազմութիւն
էք,
ո՞ւր
այսպէս
կ'երթաք,
այս
ձիւնիս,
բուքիս,
հարսնիքի,
ուրախութեան
ըսեմ,
սխալ
չէ,
վասնզի
քաջ
սասնցիք
իրենց
սիրական
զէնքեն
չեն
բաժնուիր
ոեւիցէ՛
առիթի
մէջ:
—
Այո՛,
հարսնիքի
կ'երթանք,
Գուրգէն
իշխան,
—
ըսաւ
Յովնան
լաւ
մը
զննելեն
վերջ
բարձրահասակ
մարդուն
դէմքը,
—
եւ
ժամանակ
չի
կորցնելու
եւ
մեր
զուարճութեան
մասնակից
լինելու
համար
հրամայեցէք
մէկտեղ
երթալ:
—
Ո՞ւր
է
ձեր
արշաւանքը,
եղբայր,
—
ըսաւ
իշխանը
լրջաբար
եւ
կամաց
ձայնով:
—
Մուշ:
—
Մօ՞տ
ենք:
—
Քանի
մը
քայլ
մնաց,
եւ
ես
լուսէն
կը
վախեմ,
որ
Իսմայէլի
զաւկըները
չիմանան:
—
Ես
հազիւ
թէ
զքեզ
կը
տեսնեմ,
որ
առջեւս
կը
քայլես,
այդ
անօրէնները
ինչպէս
զքեզ
կրնան
տեսնել:
Իսկ
Յովնան
է՛լ
պատասխան
չի
տուաւ,
այլ
սկսաւ
քայլերը
երագել
վասնզի
երեւակայեց
թէ
Գուրգէն
բռնուած
լինելով
բուքի
եւ
այդ
վիճակի
մէջ
ուրիշ
ճար
չի
գտնելով
ձիերը
իրարու
քով
շարած
վրանին
ծածկոցով
ծածկելով
տաղաւար
մը
շինած
էին
ձիւնին
տակ,
որ
ձիոց
եւ
իրենց
շնչով
զիրենք
անվնաս
պահած
էին
մինչեւ
նոյն
վայրկեան
եւ
ըստ
բաւականին
ալ
ուրախ:
Իսկ
հիմա
աղատելով
այն
բանտեն
բնական
էր
թէ
հետեւէին
այն
խումբին,
որ
կ'երթար
հայ
ազգին
եւ
կրօնին
թշնամեաց
դէմ:
Վերջապէս
Յովնանու
աչքերը
նշմարեցին
Մշոյ
բարձրաբերձ
եկեղեցուոյ
գմբէթը,
որ
քաղքին
մէջ
շինած
էր
Բագարատ
իշխանը,
ուստի
կանգնեցաւ
եւ
երբ
զօրքը
շուրջ
բոլորեցան,
երեք
խումբի
բաժնեց
զանոնք.
մէկ
մասը,
որուն
ինք
առաջնորդ
կեցաւ`
քաղքին
հարաւային
կողմեն
պիտի
մտնէր,
մէկը
արեւելեան
կողմը
պիտի
շըջեր,
իսկ
միւսը`
դէպ
արեւմտեան
հիւսիս:
Եւ
այսպէս
երեք
խումբերն
աչ
յարձակեցան,
մտան
քաղաք:
Երբ
սասնցուոց
աղաղակը
գոռաց
քաղքին
մէջ,
երբ
արաբք
յիմարացան
անխուսափելի
վտանգը
հասած
տեսնելով
եւ
իրենց
թշուառութեան
ձայնը
ձգեցին,
երբ
գերիները,
որ
նոցայ
խիստ
ծառայութեան
դատապարտուած
էին
ջուր
եւ
փայտ
կրելու
համար,
ազատութեան
եւ
ուրախութեան
ձայն
բարձրացուցին,
Իւսուֆ
ոստիկանը,
որդի
Ապուսէթի,
որ
Բագարատայ
պալատին
մէջ
երջանկաբար
ցուրտեն
լաւ
պատսպարեալ
փետրայարդար
անկողնուց
եւ
բարձից
տաքուկ
հանգստութիւն
կը
վայելէր,
տայս
խառնաշփոթ
ժխօրէն
ընդոստուցեալ`
շուարեցաւ,
մնաց,
կը
հարցնէր
կուզեր
իմանալ
թէ
ի՛նչ
էր
պատճառը:
Երբ
իրեն
իմացուցին
թէ
«գազանաբարոյ
եւ
արիւնարբու»
լեռնցիք
քաղաքը
պաշարէր
ներս
են
մտէր,
շփոթութենեն
թողուց
պալատը,
փախաւ,
վազեց
մտաւ
Փրկչի
եկեղեցին,
եւ
մինչեւ
գմբէթին
մէջ
ելաւ,
եւ
տեսնելով
թէ
այդ
բարձրութեամբ
էլ
ապահովութիւն
չի
կար
իւր
անձին`
կը
սարսռէր,
կը
դողար,
երբ
սասնցի
խումբը
պաշարեց
զեկեղեցին,
եւ
մտնելով
ոմանք
գմբէթին
մէջ
եւ
մերձենալով`
մէկը
նիզակով
կը
ռնկեն
զարկաւ
եւ
թեւին
տակեն
թոքերն
հանելով
սատակեց:
Իսկ
Գուրգէն
իշխան
նոյն
միջոցին
իւր
ազգականները`
Արծրունեաց
պատանդները
գտնելով,
զանոնք
բանտեն
կը
հանէր
եւ
ուրախութեան
ու
զուարճութեան
օր
մը
այդ
տխուր
օրերուն
մէջ
կը
կատարէին
սասունցիք
թշնամեաց
դիակաց
եւ
ճապաղեաց
մէջ,
եւ
նոցայ
աւարը
մէջերնին
կը
բաժնէին:
Ուրախութիւն
կը
տիրէր,
եւ
խեղճ
խութեցին
արարեն
դիզած
աւարը
մէկդի`
Բագարատ
իշխանին
գինուով
ոչ
միայն
տաքցել
այլեւ
թեթեւել
էր:
Երգերու
ձայներ
ամէն
տեղ
կը
լցնէին,
մինչ
փոքրիկ
խումբ
մը
մարդկան
Յովնանու
ազդեցութեամբ
եւ
վրակեցութեամբ
Փրկչի
եկեղեցին
կը
մաքրէին
բարբարոսաց
գարշութենեն,
դիակներէն
եւ
արիւնեն:
Եւ
երկրորդ
առաւօտուն
եկեղեցուոյն
գմբէթը
կը
բարձրանային
փոխանակ
Իւսուֆի
արաբացի
մաղթանաց
խութեցուոց
սաղմոսերգութիւնք
ի
փառձ
աստուծոյն
տուողին
յաղթութեան):
Նոյն
օրն
արեւը
վճիտ
երկնից
վրայ
կը
փայլէր,
եւ
ձեան
անդրադարձութիւն
աչքերը
կը
շլացնէր
սանասնայք`
բոլոր
Մուշ
քաղաքը
ի
Խոյթ
կը
կրէին.
Յովնան
ձեռքերը
ծալած
այս
տեսարանին
կը
նայէր,
եւ
յանկարծ
այդ
արթուն
մարդը
անձայն
իրեն
մօտեցող
մը
իմանալով
գլուխը
ետին
դարձուց:
—
Յովնան
եղբայր,
—
ըսաւ
Գուրգէն,
—
դու
անգո՞րծ
կը
կենաս
երբ,
աշխարհք
կ'աշխատի:
—
Աստուած
զիս
այդ
աշխատութենեն
պահէ,
իշխան,
—
պատասխանեց
Յովնան,
—
այդ
բոլորն,
որ
կը
կրեն,
հայու
ապրանք
է.
բարբարոսները
ի՞նչ
կը
բերեն,
երբ
Հայաստան
կ'ուգան.
—
իրենց
սեւ
երեսը,
իրենց
գարշ
կրօնքին
քարոզութիւնն
ու
խաբէութիւնը
եւ
իրենց
սուրը:
Բոլոր
այդ
աւարը
Վասպուրականի
եւ
Տարօնի
հայուն
ստացուածքն
է.
սանասնայք
իրաւունք
ունին
իրենց
սեփականելու,
որովհետեւ
տէր
չէ
մնացել.
բայց
ես
եթէ
կարելի
լինէր
այդ
ամէնը
այս
խեղճ
ազատ
եալ
գերեաց
կը
բաժնէի,
որոնք
ամէն
բան
կորուսած
են
եւ
ո՜յ
գիտէ
ո՛ւր
եւ
որո՛նց
ստացուածքը
եղել
են
իրենց
կանայքն
ու
զաւկըները:
Եւ
այս
խօսքերը
զրուցելուն`
գլուխը
անդին
կը
դարձնէր
կորովի
մարդը,
ծածկելու
համար
երկու
կաթիլ
արտասուք,
որ
իւր
աչաց
մէջ
փայլեցան`
բայց
հոն
մնացին
գամուեցան,
վասնզի
իշխանութիւն
ունէր
նա
իւր
անձին
մինչեւ
իւր
արտասուաց
վրայ:.
Ուստի
Գուրգէն
այս
միջոցիս
սկսաւ
զննել
այդ
անսովոր
մարդը,
որ
հայ
ժողովրդականի
տիպն
էր.
դէմքին
վրայ
հաստատամտութիւն
եւ
կորով
յայտնի
կ'երեւէին.
եւ
որ
տեսնելով
թէ
դիտողութեան
նպատակ
է
դիմացնին
իւր
սուր
աչքերը
իշխանին
վրայ
ձգեց
շեշտակի
եւ
մէկ
հայեցուածքով
տեսաւ
երիտասարդութիւն,
վստահութիւն
մինչեւ
յանդգնութիւն
եւ
անհոգութիւն
իւր
քաշութեան
եւ
զօրութեան:
Պարզ
երեսին
վրայ
փոքրիկ
կնճիռ
մը
նաեւ
չէր
երեւէր,
երկու
լուսալիր,
զուարթ
եւ
մեծ
սեւ-սեւ
աչքեր
ուրախութեան
փայլ
կը
սփռէին
ուր
որ
նայէին.
ամէն
անդամները
համեմատ
կին
եւ
վայելուչ.
հագուստը
թէպէտ
պարզ`
ունէր
իր
պերճութիւնը,
զէնքերը
եւ
սպառազինութիւնը
թէպէտ
երկաթեայ`
բայց
ունէին
իրենց
զարդերն
ոսկուոյ
եւ
արծաթի.
ձին,
որ
ծառայ
մը
բռնած
կը
սպասէր
քիչ
մը
հեռու,
Հայաստանի
նժոյգ
մ՚էր
անխառն
եւ
հարազատ,
որ
իւր
տիրոջմեն
աչքը
չէր
զատէր
եւ
փոքրիկ
խխնջիւններով
կ'իմացնէր
իւր
ներկայութիւնը:
Իսկ
իշխանը
դառնալով`
«Հիմա,
Ցոլակ,
հիմա»
կ'ըսէր,
եւ
նա
կը
հանդարտէր:
—
Երթալու
միտք
ունի՞ս,
Գուրգէն
իշխան,
—
հարցուց
Յովնանը
իւր
անտարբեր
կերպով:
—
Այո՛,
—
Յովնան
եղբայր,
—
պատասխանեց
Գուրգէն,
բայց
մեր
առջի
խօսակցութիւնը
այնչափ
կարեւոր
է,
որ
չեմ
կրնար
առանց
քանի
մը
հարցմունք
ընելու
քեզմէ
բաժնուիլ:
—
Հիմա
դուք
սասնեցիքդ
այդ
քաջութեան
գործը
կատարեցիք,
բայց
վաղը
ի՛նչ
պիտի
ընէք,
երբ
ամիրապետը
այդ
Իւսուֆի
տեղ
Եաղուպը,
Իպրահիմը,
Աբդլան
յուղարկէ
եւ
ձեր
Խոյթը
150,
000
զօրք
պաշարեն:
Ես
այդ
մտածութիւնն
ունիմ
երեկվնէ
ի
վեր,
եւ
կը
վախեմ,
որ
այս
ուրախութիւնը
տրտմութեան
դառնա
եւ
այդ
աւարը
տարին
չի
լրացած
Արաբիս
ճամփան
բռնէ:
—
Շատ
կարելի
է,
որովհետեւ
մեր
հայը
մարդ
չէ:
—
Է՜հ,
ես
ձանձրացեր
եմ
լսելեն,
թէ
«հայը
անմիաբան
է»,
«հայը
ազգատեաց
է»,
«հայը
օտարասէր
է»,
«հայը
անպիտան
է»,
«հայը
վախկոտ
է»
եւ
այլ
այսպիսի
սերտ
եալ
խօսքեր,
իբրեւ
թէ
նոքա,
որ
այս
խօսքերը
կը
զրուցէին,
հայ
եւ
հայու
որդի
չլինէին.
իբրեւ
թէ
ուրիշ
ամէն
ազգք`
յոյն,
պարսիկ,
ասորի,
արաբ
նաեւ
միաբան
եւ
միահոգի
լինէին.
աշխարհիս
երեսը
ինչպէս
մարդիկ
դէմքով
տարբեր
են`
նոյնպէս
շահերով,
դիրքով,
բնաւորութեամբ
տարբեր
են.
յիմար
նա
է,
որ
կուզէ
անկարելին
կարելի
ընել:
Ես
գործադրելու
բուն
բանը
քեզ
կը
հարցնեմ,
որ
ոչ
միայն
գործի
մարդ
ես,
այլ
եւ
կը
տեսնեմ
թէ
շատ
խելօք
մարդ
ես:
Հայը
եթէ
մարդ
լինէր`
ի՞նչ
պէտք
էր
ընել.
այն
զրուցէ՛:
—
Հարցմունքը
լաւ
է,
պատասխանն
ալ
պատրաստ
է.
բայց
քեզի
պէս
պատուական
եւ
քաջ
երիտասարդ
իշխանի
մը
կրնայ
սիրտը
վիրաւորել
եւ
զայրացնել,
անոր
համար
չեմ
ուզէր
զրուցել:
—
Խնդրեմ,
եւ
հայութեան,
եւ
քրիստոնէութեան
սիրոյն
համար
պարտք
կը
ձգեմ
զրուցել:
—
Ուրեմն
զրուցեմ:
Ո՛ւր
որ
հայ
կայ
պէտք
է
միաբանին
եւ
առանց
նախարարաց
իրենց
գլխուն
ճարը
տեսնեն,
ան
ատեն
թերեւս
հայ
ազգը
իր
փրկութիւնն
գտնէ:
Այս
անկարծելի
խօսքին
վրայ
զարմացած
մնաց
իշխանը
եւ
կարմրութիւն
մը
ելաւ
երեսին`
բայց
դարձեալ
առանց
կիրք
յայտնելու
ըսաւ.
—
Քու
այդ
աստիճանի
ատելութեանը
արժանանալու
համար
ի՛նչ
յանցանք
ըրած
են
նախարարեանք.
ես
գիտեմ,
թէ
մենք
եւ
մեր
նախահարքը
շատ
պակասութիւն
ունեցեր
են,
յիմար
եւ
անպիտան
մարդիկ
նախարարական
ցեղերու
մէջ
շատ
գտնուէր
են,
բայց
ինչ
մեծ
մարդիկ
ալ
նոցայ
քով
կան,
որ
էն
մեծ
ազգաց
պատմութեանդ
փառք
եւ
պատիւ
կրնային
համարուիր
Եւ
եթէ
զանոնք
վտարել
օգտակար
եւ
փրկաւէտ
լինէր
իմ
ազգին,
աստուած
ի՜նձ
վկայ,
որ
հաւանութիւն
կ'ուտայի
այդ
արիւնախանձ
վճռին
եւ
յանձն
կ'առնուի.
բայց
շատ
կը
կասկածիմ
թէ
այդ
իշխանազանց
կոտորածեն
վերջ
բնաջինջ
ընողքն
նոցայ
տեղ
կանգնին
եւ
նոցանէ
լաւը
չի
գործեն…
Քու
փափագդ
երբեմն
կատարուեցաւ
Նախիջեւան
եւ
այդ
տաճկին,
որ
դու
այսօր
նիզակահար
կորուսիր,
ո՜յ
գիտէ
պապն
էր
թերեւս
Կաշմ
կամ
Աբդլայ,
որ
հայոց
նախ
արարքն
ու
քաջերը
այրեց.
այն
հանդիսին
ա՛յն
միայն
կը
պակսէր,
որ
տաճկաց
խարոյկին
հայ
ձեռքեր
կրակը
արծարծէին:
Բայց
ես
անխելքութիւն
մ՚ըրի
եւ
չի
համբերեցի,
պէտք
էր
քու
պատճառներդ
մտիկ
ընէի`
թէ
ինչո՞ւ
համար
իշխանաց
եւ
ազնուականաց
այսչափ
թշնամի
եղած
ես
դու,
որ
շատ
անգամ
նոցայ
գործին
եւ
ծառայութեան
մէջ
գտնուէր
ես,
նոցայ
հացը
կերեր
ես
եւ
նոցայ
տանը
բնակէր
ես:
Եւ
ես
գիտեմ
թէ
Բագարատ
զքեզ
անչափ
կը
սիրէր:
—
Նախ
պէտք
է
գիտնաս,
իշխանդ,
թէ
ես
օրերով
տունս
ոտք
գրած
չունէի,
որպէսզի
եթէ
կարելի
էր
Բագարատ
ազատէի.
պէտք
է
գիտնաս
նաեւ
թէ
երբ
ամէնքը
խորհուրդ
կ'ուտային
իշխանին,
ոստիկանին
կոչին
երթալ
եւ
նորա
բարկութիւնը
չի
գրգռել,
ես
միայն
էի,
որ
խնդրեցի,
աղաչեցի
կրկին
եւ
կրկին
անգամ
չերթալ
եւ
զգուշանալ
այդ
ուխտադրուժ
մարդկանց
են,
որ
պարծանք
եւ
պատիւ,
եւ
առաքինութիւն
անձանց
կը
համարին
ոչ
միայն
քրիստոնէից
արիւնը
թափել,
գնա
գերութեան
մատնել,
նորա
ստացուածքը
յափշտակել,
այլ
նաեւ
խաբէութեամբ,
ստերդումութեամբ
զնայ
դաւաճանել.
եւ
մտիկ
չի
գրաւ:
Աս
խօսքերը
ոչ
իմ
հաւատարմութիւնս
հաստատելու
համար
էր,
եւ
ոչ
իմ
հեռատեսութիւնս
քեզ
իմացնելու,
այլ
անոր
համար
կ'ըսեմ
թէ
ես
թշնամութեան
հոգի
չունիմ
ոչ
իշխանաց,
ոչ
ազնուականաց
եւ
ոչ
ազատաց
դէմ,
ես
իմ
լեռներուս
մէջ,
իմ
գիւղիս
մէջ
հանգիստ
եւ
երջանիկ
ապրած
եմ
միշտ
եւ
կ'ապրէի
եթէ
Բագարատ
զիս
չի
փնտրեր
եւ
իբրեւ
թէ
բռնի
զիս
իրեն
չի
կապեր
եւ
բռնի
ինձ
չուսուցանէր
թէ`
հայ
ժողովրդեան
թշուառութեան
միակ
պատճառ
այդ
ազնուական
դասն
է:
Այո՛,
երկայն
դիտողութեամբ
տասներկու
տարի
է
ականատես`
այդ
համոզման
մէջ
հաստատուեցայ.
վասնզի
երբ
ազգի
մը
գլուխ
կանցնին
մարդ
մը,
դաս
մը
մարդիկ,
եւ
ամենեն
պատիւ,
փառք,
յարգանք,
յարկ
կընդունին,
փոխարէն
պարտականութիւն
մը
կայ
զանի
ո՛չ
միայն
պաշտպանելու
այլ
եւ
կառավարելու:
Այդ
պարտքը
միթէ՞
կատարէր
է
նախարարութիւնը
իշխանաց`
ազատաց,
ազնուականաց
խումբը…
Ես
պատմեմ
քեզի
թէ
ինչպէ՛ս
կատարէր
է
եւ
սրտիս
ցաւով
պատմեմ,
ո՜վ
Գուրգէն:
Օր
մը
զհայոցթագաւորը
դաւաճանութեամբ
պարսից
թագաւորը
սպաննել
տուեր
է,
նախարարները
առանց
դիմադրութեան
դաւաճանին
հնազանդէր
են:
Թագաւորին
մէկ
տղան
կոտորածեն
աղատել,
մեծցել,
օտարին
օգնութեամբ
եկել
թշնամին
վռնդել,
երկիրը
եւ
ժողովուրդը
պահել
է`
ազգին
երկրորդ
Լուսաւորիչն
է
եղել,
նախարարները
այդ
մարդը,
որ
իրենցմէ
զզուելով,
թողել
աթոռը
գնացել
է`
աղաչել,
դարձուցել
եւ
թունաւորել
սպաննել
են:
Լաւ
թագաւորին
այսպէս
են
ըրել:
Ետքը
օր
մը
անպիտան
թագաւոր
մը
ունեցել
են,
յիմար,
անառակ
տղայ
մը,
գնացել
օտարին,
անհաւատին,
պարսկին
մատնել
են,
թագաւորն
ու
թագաւորութիւնը
վերջացուցել
են:
Կը
թողում
յիշել
Մերուժաններ,
Վասակներ,
Գդիհոններ,
որ
ժողովրդեան
արեան
հեղեղներու
եւ
գերութեան
պատճառ
եղած
են:
Այլ
կ'ուգամ
կը
հասնիմ
մեր
այս
օրերուն
թէ
ի՛նչ
ըրած
են
այդ
նախարարները
եւ
ինչպէ՛ս
կառավարած
են
ժողովուրդը:
Հիմա
սա
միջոցին
Վասպուրական
անհաւատից
ընծայներ,
պատարագներ,
պատանդներ
կ'ուտայ,
Տարոնոյ
երկիրը
արեանց
լիճ
մ՚է
եղած.
Սուրէն
ազատողն
գերութեան
եւ.
շղթանէըու
է
մատնուած,
սա
այս
միջոցիս
Գրիգոր
Սիւնեաց
Տէր
եւ
Բաբկէն
Սիսական
նահապետ
տարի
կայ,
որ
իրարու
հետ
կը
պատերազմին,
իբրեւ
թէ
օտարի
հետ
պատերազմի
նիւթ
կը
պակսէր:
Դու
շառաւիղ
երկուց
մեծ
նախարարութեանց`
Արծրունեաց
եւ
Մամիկոնէից,
դու
պէտք
էիր
լաւ
դիտել
թէ
ինչո՞ւ
Բագարատ
անյոյս
իւր
դրացիներուն
օգնութենեն
գնաց
թշնամեաց
ծունկը
ինկաւ,
վասնզի
Աշոտ
Արծրունեաց
Տէր
վստահ
չէր
իւր
նախարարց
հաւատարմութեան
վրայ,
եւ
թէ
վաղը
նոյն
բախտը
կսպասէ
բոլոր
այդ
իշխանաց,
որ
այս
խեղճ
Հայաստանի
ո՛չ
Տեարքն
են`
այլ
բռնաւորք.
վասնզի
չեն
կարող
գնա
պաշտպանել
օտարեն,
եւ
ոչ
իրենց
կոյր
կ'իրքերեն,
այլ
անարգ
եւ
փոքրիկ
փառասիրութեամբ
անձանց
եւ
ազգին
խորխորատ
կը
փօրէն:
Քաջք,
անպարտելիք
միմեանց
դէմ.
անխիղճ
կը
թափեն
իրենց
հպատակաց
արիւնը,
կավարեն
հակառակորդին
երկիրը,
որ
դարձեալ
հայ
է:
Բայց
ի՞նչ
է
հայը
դոցայ
աչքին,
ոչինչ:
—
Աս
բաները
տեսնելուս
համար
է,
իշխան
քաջ,
որ
դաոնաց
եալ
այս
աղէտից
վրայ
այդպիսի
ծանր
խօսքեր
ըսի.
ո՛չ,
հաւատա
թէ
ոչ
նախանձ
մեծութեան,
ոչ
փափագ
իշխանութեան
երբեք
զիս
չեն
փորձել.
միայն
կը
ցավիմ
աս
իմ
ազդիս
վրայ,
որ
հլու
հնազանդ
իւր
մարմնաւոր
եւ
հոգեւոր
իշխանաց
ամէն
օր
կը
կորչի
մարմնով
եւ
հոգուով:
Լռութիւն
մը
տիրեց
այս
երկայն
խօսակցութեան
վրայ,
ժողովրդեան
մարդը
այս
խօսքերը
զրուցելեն
վերջ,
դէտին
սեւեռեալ
կը
նայէր,
ազնուական
երիտասարդը
նոյնպէս
աչքերը
գետնեն
չէր
վերցնէր:
Պահ
մը
այսպէս
կ'ենալեն
վերջ
իշխանը
իբր
թէ
քունէ
զարթած`
միտքը
ուրիշ
բան
մը
եկաւ.
առանց
պատասխան
տօալու
հրաժարական
ողջոյնը
տուաւ,
ձեռքը
կուրծքին
դրաւ
եւ
ակնարկի
հրաման
ըրաւ,
ձին
մերձ
բերուեցաւ,
հեծաւ
Ցոլակին
վրայ
եւ
դէպ
արեւելք
շրջեց
նրա
գլուխը.
եւ
իւր
ետեւեն
կ'էրթային
երեք
սպասաւորներն
եւ
Արծրունեաց
ազատեալ
պատանդներն
նոյն
ճամփան: