Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թէպէտ ձիւնը ամէն տեղ նստած էր եւ հազիւ սկսած էր հալիլ Բարձր Հայոց աշխարհին մէջ, բայց Թորթումի գաւառը գարնան հոտերը սկսած էին. երբ Գուրգէն իջաւ լեռներէն իւր գունդով` ինչպէս սովորութիւնն էր միշտ առջեւեն, բլրոց եւ դաշտաց կանաչը, ծառերուն ձիւնափայլ ծաղիկը իր սիրտը չուրախացուցին: Հեղինէի դառն յիշատակը, որու հետ ինք միտքը դրած էր դառնալ եւ բնակիլ հոն, ամէն գեղեցկութիւն ոչինչ կ'ընէր աչքին:

Բայց Գուրգէնի քով կիրք կար այդ յոյն իշխանաց անիրաւութեան դէմ` որ օգուտ քաղելով իր հեռաւորութենեն տիրացեր էին իւր բերդին եւ կարասեաց, իրենց կայսեր հրամանը նաեւ արհամարհելով. ուստի լի բարկութեամբ կը քշէր Ցոլակ, մինչեւ որ Բագրատունի Իշխանիկը մօտենալով իրեն ձայնեց.

Գուրգէ՛ն իշխան, Գուրգէ՛ն իշխան, տէ՛, ձիանքը պիտի սպաննես, տղա՜յ քիչ մը ծանր գնա:

Իրաւունք ունիս, Իշխանիկ, ըսաւ Գուրգէն, բայց շատ բան չի մնաց, եւ ես կ'ուզես նախ միայն մտնել ներս բերդը:

Բայց եթէ միայն մտնես շատ վտանգաւոր գործողութիւն մը կ'ընես, վասնզի յոյն իշխանը երկու ծառայով առանձին չի բնակիր հոն:

Քանի՞ հոգի կրնայ ունենալ այդ աւազակը:

Ո՜վ գիտէ, գոնէ երեսուն-քառասուն զինեալ մարդիկ պէտք է ունենա:

Միթէ՞ ես մինակ բաւական չե՞մ այդ կնամարդի կը պարսպեն վար թափելու:

Բայց որդեակ, ինչո՞ւ վտանգաւոր գործ ընել, երբ կարելի է խոհեմութեամբ եւ դիւրութեամբ գործին յաջող ելք տալ. ա՛ռ քեզ հետ ութ-տասն հոգի ընտրանոք:

Այդ լաւ չէ. ութ-տասը հոգի շատ են քառասուն հոգուոյ դէմ, ես եւ չորս հոգի շատ-շատ: Այդ յոյները ես քեզմէ լաւ կը ճանչեմ, Իշխանիկ, խորամանկ են սատանայի չափ, տասը զինեալ հայ հեռուին բաւական են, որ դոները գոցել տան եւ բերդին բոլոր պատերազմական պատրաստութիւնները երեւան հանեն. ես անգամ մը ոտք ներս դնեմ, յունարէնի բոլոր գիտութեամբս իրենց վստահութիւն տամ, ինձի դժուար չէ այն ատեն բերդին տիրանալ: Քեզ կը ճանչեն, դու մի՛ գար. Ատոմ, Խոսրով եւ Վահրիճ բաւական են ինձի հետ ընկերանալու: Դուք կէս ժամ վերջը երեւցէք:

Իշխանիկ թէպէտ չի համոզուեցաւ, բայց Գուրգէնի դէմ տալ կարելի չէր, ուստի լռեց. չորս հոգի այդ խորթուպտոյտ ճամփայներէ անցան առաջ եւ միւսներն ետ մնացին: Եւ ահա երեւցաւ Թորթումի բերդը իւր ահաւոր կերպարանոք. քարեղէն բլուր մը կործանեալ մօտակայ բարձրաբերձ լեռներէն զատուած ամենեն ինք միայնակ սեպաձեւ սահած իջած էր հովտին մէջ, գետը եւ վտակ մը զինք կը շրջապատէին, եւ այդ ժայռին չորս կողմը ամուր պարիսպ մը կար: Միջնաբերդը դարձեալ իւր ամրակառոյց պարիսպներն ունէր: Գուրգէն իւր ընկերաց հետ դէպի մեծ դուռն ուղղեցաւ, եւ պահապանք տեսնելով չորս յօդի միայն, դռները չի փակեցին. մանաւանդ երբ Գուրգէն զուարթ երեսով եւ յունական հնչմամբ իրենց բարեւ տալով` հարցուց թէ Թէոփիլոս իշխանը հո՞ն էր եւ ինչպէ՞ս էր, եւ թէ լաւ տեղաւորեա՞լ էր, եւ թէ գո՞հ էր իւր նոր բնակութենեն: Այսպիսի քաղցր հարցմունքներով հասաւ միջնաբերդը եւ ծիծաղելով ապսպրեց պահապանաց, որ լաւ խնամք տանին իր եւ իր ընկերաց ձիաններուն եթէ Կարնոյ զօրավարին հետ չեն ուզէր թշնամանալ, վասնզի ինք անոր կողմեն կ'ուգայ:

Երբ ներքնաբերդին դահլիճին մէջ տեղաւորուեցան մեր երեք բարեկամները, եւ Գուրգէն որոշեց իրեն պատուհանի մը քով տեղ մը ուսկից կրնար տեսնել հայկական գունդին երեւալը, եւ Վահրիճ դռան քով կանգնեցաւ` ինչպէս իրեն պատուիրել էր Գուրգէն, յոյն իշխանը երեւցաւ իւր բոլոր թատերական ծանրութեամբ եւ քաղաքավարութեամբ ութ-տասը ծառայներով. Բիւզանդական կոտրտուքներով ու ձեւերով պատասխանեց Գուրգէն, եւ Կոստանդնուպոլսոյ վրայ խօսակցութիւններ բացաւ, որպէսզի ժամանակն անցնի, եւ աչքը շարունակ ճամփուն վրայ էր: Յոյն իշխանը տեսնելով Գուրգէնի ուշադրութիւնը.

Կարծեմ այս տեսարանը քեզի շատ գեղեցիկ երեւցաւ, վասնզի միշտ այն կողմը կը նայիս, ըսաւ:

Այո՛, պատասխանեց Գուրգէն, տեսնելով հայ գունդին ծայրը եւ յանկարծ ձեւը, կերպը եւ ձայնը փոխելով, այս տեսարանը, այս բերդը, այս կարասիքը, ամէնն էլ իմս են եւ կը զարմանամ թէ որո՞ւ թոյլտուութեամբ դու եկեր, տիրացեր եւ նստեր ես:

Սորա տէրը հայ մ՚է, որ արաբաց դէմ պատերազմելով մեռած է, եւ ես բարձրագոյն հրամանաւ տիրացեր եմ:

Այդ սորա տէր հայը ես եմ, եւ դու եթէ կարդալ գիտես` ահա նորա հրովարտակը:

Այդ հրովարտակը շատ հին է, ըսաւ յոյն իշխանը արհամարհոտ աչք մը ձգելով հրովարտակին վրայ. դու եթէ ո՛չ հրովարտակ` այլ Փոքրիկ թուղթ մը բերէիր Կարնոյ կուսակալեն աւելի ազդեցութիւն կարելի է ունենար:

Եթէ դու չես հնազանդիր կայսեր, ես գիտեմ հնազանդեցնել իրեն ապստամբները:

Իմ տանս մէջ ինձի սպառնալիք ընելու նաեւ կը համարձակի՜ս. եւ չե՜ս իմանար, անմի՜տ հայ, թէ իմ ձեռաց մէջն ես եւ թէ ակնարկ մը միայն բաւական է քեզ եւ քու ընկերներդ կապել ու պարիսպներուն բարձրութենեն վար նետել:

Դու ոչ զիս կը ճանչես եւ ոչ իմ ընկերներս, եւ տղու մը պէս կը իւոսիս. վախեմ, որ ետքը շատ պիտի զղջաս:

Հազիւ թէ այս խօսքերը զրուցեց Գուրգէն` ահա երկու-երէք սպասաւոր ներս վազեցին լուր տալով թէ երկու հարիւրի չափ ձիաւոր կը յարձակէին բերդին վրայ եւ մեծ աղաղակներով կ'ուզէին իրենց ընկերները, որ ներսն էին:

Իսկ յոյն իշխանը ոտք ելաւ եւ աչքերը բանալով հարցուց թէ դռները լաւ գոցեր ամրացուցե՞ր էին. եւ երբ գոհացուցիչ պատասխան առաւ, այն ատեն հեգնական եւ գոռոզ ծիծաղով մը դարձաւ Գուրգէնին,

Դուք դաւաճանութեամբ եկեր մեր վրայ` առանց իմանալու ծուղակն ինկեր էք, թէ որ ձեր կեանքը կ'ուզէք ազատել ձգեցէք այդ զէնքերը եւ անձնատուր եղէք, ըսաւ:

Իսկ Գուրգէն ոտք ելնելով հանդարտութեամբ եւ ահագին սուրը մերկացնելով`

Անձնատուր լինելու եթէ մարդ կայ այստեղ մենք չենք այլ դուք էք, փուճ կենդանիք, գոչեց եւ ձախ ձեռոք յոյն իշխանին թեւեն յափշտակելով տղու մը պէս գետին զարկաւ եւ ոտքը վրան դնելով, թո՜ղ գայ ո՛վ որ համարձակի զքեզ ազատելու այս վիճակեն:

Խոսրով եւ Աշոտ մերկ սուրերը ձեռուընին ոտքի վրայ էին, նոյնպէս յոյն պահապանք սուրերը մերկացեր անշարժ մնացեր էին ապշեալ, եւ չէին գիտէր թէ ի՛նչ ընեն: Իսկ Թէոփիլոս այդ սոսկալի ոտքին տակ ճնշեալ`

ղատեցէ՛ք զիս, աղատեցէ՛ք, կը գոչէր խեղդուկ եւ ողորմուկ ձայնով:

Թէ որ ոտք մը առաջ առնուք, կ'ըսէր Գուրգէն պահապանաց, իւր պատերազմական ձայնը հանելով, ձեր տէրը որդի մը պէս կը ճզմեմ սա ոտքիս տակ եւ իւր դիակը դարձեալ ձեզի պէս անպիտաններու չեմ տար, եթէ տասնապատիկ նան աւելի լինին:

Սրահը ընդարձակ էր բաւական. մէկ կողմը տասը-տասներկու յոյնք կանգնած էին սուսերամերկ, եւ միւս կողմը Գուրգէն իր երկու բարեկամներով ու Վահրիճ նոյնպէս սուսերամերկ, Թէոփիլոս երեսի վրայ պառկած հսկային ոտքին տակ, որ կռնակին վրայ կոխել էր, հազիւ թէ շունչ կառնուր, եւ երեսները կապտէր էին ու քունքերուն եւ վզին երակները ուռած խղդուելու մօտ էր:

Մեռա՜յ, մեռա՜յ, աղատեցէ՛ք զիս, կ'ըսէր:

Եթէ ազատիլ կ'ուզես, հրամայէ՛ քու մարդոցդ զէնքերը ձգեն եւ դուրս ելնեն:

Պահապա՛նք, դուրս ելէք:

Խարդա՜խ յոյն, զէնքերը ձգել մի՛ մոռնար:

Այս միջոցիս պահապաններէն մէկը սիրտ ըրաւ եւ սուրը ձեռքը յանկարծ յարձակեցաւ Գուրգէնի վրայ, իսկ սա` որուն աչքը շարժմունք մը չէր կորուսած, դեռ մարդը իրեն չի հասած այնպիսի ոտքի հարուած մը տուաւ փորին, որ խեղճը իւր սուրը ձեռքը վեր թռաւ մարդաչափ բարձրութեամբ եւ պտոյտ մը ընելով օդին մէջ դիակի մը պէս ինկաւ մնաց: Իսկ Թէոփիլոս իր խղդուկ ձայնովի

Ձգեցէ՛ք զէնքերը, դուրս ելէ՛ք, մեռա՜յ, ո՜հ…

Սուրերը թողին պահապանք եւ դուրս ելան, դռան քով լցուեցան:

Վահրիճ, սուրերը ժողուէ, սա յիմար դիակն էլ դուրս քաշել տուր ընկերներուն, ըսաւ Գուրգէն եւ ոտքը վերուց Թէոփիլոսի վրայեն, որ`

Մեռա՜յ, մեռայ, կ'ըսէր մարած ձայնով:

Մի՛ մեռնիր, դու մեզի դեռ հարկաւոր ես, վասնզի թէ որ կ'ուզես ապրիլ, պէտք է հրամայես, որ բերդին դռները բանան, եւ ամէն բան առանց կաթիլ մը արիւն թափելու վերջանայ:

Այդ անկարելի բան է, կը մեռնիմ, սպաննեցէ՛ք զիս, ես այդպիսի հրաման չեմ տալ. Գուրգէնի ոտքը դարձեալ ծանրացաւ յոյնին վրայ, որ ձայն չի հանեց եւ տոկաց քիչ մը ատեն. բայց երբ ոսկորներն սկսան ճարճատիլ,

Ո՜հ, ո՜հ, անգութ գազան, սպաննեցիր զիս…

Քու ձեռքդ է ազատութիւն, քու ձեռքդ է մահ, կ'ըսէր Գուրգէն եւ կը ծանրացնէր իր ոտքը:

Բացէ՛ք, բացէք դռները, թո՛ղ գան մտնեն շուները, կը գոչէր խեղդուկ ձայնը:

Վազեցին ան ատեն պահապանք, եւ քանի մը վայրկեան հազիւ անցաւ` ահա Իշխանիկը երկու հարիւրի չափ ձիաւորներով կը փութար ներս, եւ երբ տեսաւ Թէոփիլոս գետին տարածեալ Գուրգէնի ոտից առջեւ, արիւնախառն փրփուր բերանը մարած ինկած եւ որ հազիւ թէ կը շնչէր. սուրերու տրցակ անկիւն մը, որ Վահրիճ կը պահպանէր, Ատոմ եւ Խոսրով որ սուրեր ձեռուընին ծիծաղելով կը խոսէին:

Այս ի՞նչ տեսարան է, բոլոր այս ի՞նչ կը նշանակն, կ'ըսէր նա:

Այս այն կը նշանակէ, պատասխանեց Գուրգէն, որ մենք հեռուանց կարծեցինք թէ իմ բերդիս տէր կանգնող աւազակները մարդ են, մօտ եկանք լաւ դիտեցինք եւ տեսանք, որ մարդու կերպարանքով կապիկներ են, որ եւ ոչ իրենց կայսեր հրովարտակը գիտեն յարգել. ուստի այսպիսի կենդանիներու յարկ համարեցինք վրանին ձեռք չի վերցնել` այլ ոտքի տակ ճզմել: Բայց որովհետեւ սա մեզ սպառնացաւ ոտք ձեռք կապած ժայռերն ի վար գլորել, մեզ կը պատկանի հիմա որոշել թէ նոյնը այս անպիտանին պէ՞տք է ընել թէ ոչ. ժամանակ ունինք` կը մտածենք: Հիմա տղա՛ք, ինչ որ յոյն կայ` ամէնն էլ կ'ապեցէք: Դու էլ Վահրիճ, այս Թէոփիլոսի քով սպասէ, որ հոգին չի փչէ, ջուր տո՛ւր, խնամէ՛, ծածկէ՛, վերջապէս ինչ կ'ընես ըրէ՛, ջանա՛յ, որ չի սատկի եւ կենդանանայ, մինչեւ որ ժամանակը հասնի եւ որոշուի թէ ի՜նչ կայ սորա բաժնեն մեզի եւ ի՜նչ սատանային:

Սուրը պատեանը գրաւ Գուրգէն եւ սկսան իշխանները պտըտիլ իրեն հետ բոլոր սենեակները: Ամէն բան նոյն վիճակին մէջն էր ինչպէս թողէր էր Գուրգէն, բացի փոքրիկ սենեակէ մը, ուր յոյնը զետեղուէր էր առժամանակեայ կերպիւ, մինչեւ որ ընտանիքն հասնէին:

Թուի թէ այս բերդին բախտին մէջ չի կայ, որ ընտանիք ոտք կարէնան դնել, կ'ըսէր Գուրգէն դառն հեգնութեամբ:

Իսկ Վահրիճ այն միջոցին զբաղուած էր իւր կալանաւորին հետ, եւ իւր անճոռնի յունարէնով եւ սատանայական ծաղրածութեամբ ջուր կ'ուտար, կուրծքը կը շփէր իւր փափուկ ձեռքերով եւ մխիթարելով խեղճ յոյնը կ'ըսէր.

Ես փորձով գիտեմ, ո՜վ մեծ իշխան, այդ մարդուն ուժը, ո՛չ թէ քեզ պէս թեթէ կապիկ մը` այլ արջ մը նաեւ լինի դիմացինը` խնձորի պէս դէտին կը զարնէ, դեռ տղայ էր, երբ զիս կակուղ բամբակ դարձուց, հիմա որ ահագին մարդ եղաւ կ'իմանամ քու վիճակդ, քեզի պէս յոյն իշխանի ազնուական իշխանի ոչ ձեռք այլ ոտք վերցնելը շատ անվայել բան է, բայց ի՞նչ ընես, բացի համբերութենէ ճար չի կայ: Վա՜խ, իմ յոյն իշխանս, իմ քրիստոնեայ իշխանս. իմ պառաւս գոնէ հոս լինէր հիմա քեզի ան իր պատուական դեղը կ'ընէր, ցաւէն կ'առողջանայիր` կը կանգնէիր դիւահարի պէս: Հոգ չէ, եթէ մեռնիս քեզ կը բռնենք ոտքերեդ, ձեռքերեդ, առօք փառօք շիտակ Թորթումի գետը կը նետենք, անկից դու կ'իջնես Ճորոխ, անկից Սեւ ծով, հոն բարեկամ շա՜տ, քանի մը օր առաջ ճերմակ ու սեւ արաբացիք ղրկեցինք, անոնց հետ կ'երթաս մինչեւ Կոստանդնուպոլիս, կայսեր կը պատմես թէ Գուրգէն Ապուպելճ Արծրունի…

Երբ հոս հասաւ իւր ողբերգակ ճառը, բարձրաձայն քբքիջ մը կը ռնկեն իւր զաւեշտաբանութիւնը դադրեցուց եւ զարմանքով տեսաւ, որ Գուրգէն, Իշխանիկ, Խոսրով, Աշոտ առանց ոտից ձայն հանելու մտէր շարուէր` իւր մխիթարիչ խօսքերը մտիկ կ'ընէին, եւ վերջապէս չի կրնալով ծիծաղ սանձել քրքիջ բարձրացեր էր, երբ խեղճ Թէոփիլոս կը տքար եւ հազիւ թէ շունչ կը սկսէր առնուլ:

Տէ՛, ըսաւ Գուրգէն, ես քեզի յանձնեցի, որ սա խեղճ մարդը խնամես, դու ի՞նչ կ'երգես սորա գլխուն:

Ի՛նչ որ բժշկութիւն գիտէի ամէնն էլ գործադրեցի, Տէ՛ր, հիմա էլ կը մխիթարէի, վասնզի լսէր եմ թէ մխիթարութիւնը հիւանդի մեծ դեղն է: Միայն քու ոտքդ թեթեւ չէ, ես գիտեմ, խեղճ մարդուն սիրտն ու փորը իրար խառնած պիտի լինի, վասնզի բեր– նեն շատ արիւն եկաւ, տեսէ՛ք սա ճերմակ թաշկինակը բոլոր ներկուեցաւ, կարծեմ թէ բարի նշան չէ եւ շատ ցաւալի բան կը համարիմ եթէ վաղն առաւօտ իւր դիակը Թորթում ի գետը…

Լաւ, իմացանք, բաւական է. դու գնա նայէ, մեզի կերակուր պատրաստել տուր, այդ իշխանին ծառայներէն ամենեն շնորհքովր բեր քովր դիր, որ իրեն խնամք տանի: Բայց լաւ նայէ՛, սա անպիտան յոյները մեզի խաղ մը չի խաղան, մեր կերակուրին մէջ բան չի խառնեն, մեզ չի թունաւօրէն:

Շատ շնորհակալ եմ, Տէր, այդ բաներէն աւելի լաւ կը հասկնամ քան թէ հիւանդ խնամելեն, ըսաւ Վահրիճ, եւ գնաց:

Այդ անպիտանը ամենսին գութ ըսուած բանը չունի, կ'ըսէր Գուրգէն:

Տարբերութիւնը հոն է, կը պատասխանէր Խոսրով կատակով, որ Գուրգէնի գութը այն ատեն կը հասնի, երբ մարդ վերջին շունչը կ'ուտայ:

Աստուած գիտէ, որ մարդու կաթիլ մը արիւն չեմ սիրէր թափել, բայց այնպիսի անիծեալ արհեստ է զինուորութիւնը, եւ այնպիսի գառնութեան ժամանակի մէջ կապրինք, որ կատարեալ գթութիւն ունենալ անկարելի է: Սա դռան առջեւ կեցած այդ տաս-տասներկու պահապաններն ջախջախել մեր երեքին համար ի՜նչ էր, փչէինք կը սատկէին, բայց յանցանքը իրենց սա խելառ իշխանինն էր: Այս ի՜նչ ժամանակ է, եղբարք, երբ մտածեմ քստմնել կ'ուգայ վրաս. աւազակութիւն, յափշտակութիւն, ուխտադրժութիւն, ապերախտութիւն, մատնութիւն, դաւաճանութիւն ներսեն դուրսեն ճարակէր պատեր են Հայաստան. աստուած ինք ողորմի, հասնի իւր խեղճ ժողովրդեան:

Դժբախտութիւնը հոն է, որ մէկ յուսոյ նշոյլ մը տեղաց մը չերեւար, ըսաւ Խոսրով:

Խե՜ղճ Յովնան, բոլոր յոյսը կաթողիկոսին վրայ գրեր էր, անցեաւ ձմեռ էր գնաց խնդրելու, որ գլուխ կենայ ժողովրդեան` ամէնը զինե…

Ես հոն էի, երբ եկաւ ատեանին մէջ այս խնդիրը առաջարկեց, եւ բանտ ղրկեցին, որպէսզի Գարդմանաց Կտրիճը գոհ ընեն, ըսաւ Աշոտ:

Ամէնքն էլ անպիտա՜ն, կաթողիկոսն էլ, իշխաններն էլ, նախարարներն էլ… Ահա ահագին Հայաստանին մէջ աստուած մէկ Յովնան մը ստեղծէր է, եւ այն էլ Սասունի լեռան գլուխը գրեր է…

Ճշմարիտ է, ըսաւ Խոսրով:

Դու անկից ի՞նչ պակաս ունիս, հարցուց Իշխանիկ Գուրգէնին, նա քու զօրութիւնդ էլ չունի:

Ես իմ սրտիս ձայնին ուշ կը դնեմ, նա իւր մտքին կը հնազանդի: Այդ սակաւախօս էակը մեզ ամէնքս էլ լաւ կը ճանչէ, մենք… ես իմ վրաս պիտի խօսիմ, ի՛նչ ուրիշները կը խառնեմ: Ես, ինչ մեղքս պահեմ, երբ իմացայ` տեսայ, որ Վասպուրական եւ Արծրունիք վտանգի մէջ են եւ ժամանակ կար եւ կրնայի երթալ իրենց օգնել, արիւնս կեռար երակներուս մէջ, ծարաւի էի պատերազմի, սիրտս եփ կ'ուգար, երբ կը լսէի այդ անօրէն արաբներու հասուցած չարիքը խեղճ ժողովրդոց. չի շարժեցայ Բագրեւանդայ եւ չի գնացի, երեկոյին կ'ուխտէի երթալ, առաւօտուն քանի որ միտքս կ'ուգար եւ կը յիշէի անցեալ ինձ եղած անիրաւութիւնքը` կը սառէի եւ չէի կրնար շարժիր Բայց Յովնան լաւ համոզուած թէ նախարարք հայոց մոլի, անպիտան, փառասէր մարդիկ են, եւ իւր լեռն ապահով` ոչ ուրուք օգնութեան կարօտ է, դարձեալ իւր փոքրիկ գնդով օգնութեան կ'երթար Արծրունեաց, եւ ես կը հաւատամ թէ նա ժամանակին հասնէր Վասպուրական, այդ վիճակը չէր ունենար եւ Աշոտ չէր մատնուէր, վասնզի Յովնան անտարակոյս` Աշոտ քուն եղած ժամանակին կ'իմանար դաւաճանութիւնը, եւ մատնութիւնը վրայ չի հասած կայծակը կ'իշեցնէր անզգամաց գլխուն: Ահա տարբերութիւնը, Իշխանիկ, իմ եւ Յովնանու մէջ. ես քեզի պէս, Խոսրովի պէս, Աշոտի պէս մեր զուարճութիւնր, մեր հանգստութիւնը, մեր քէնը, մեր նախարարական անունը կը նայիմ, իսկ Յովնան բոլոր ազգին վիճակը կը մտածէ, ազգին թշուառութեան ճար, դարման կերեւակայէ, եւ այդ բանին համար հետի միայնակ տեսայ զինք օր մը, որ կ'երթար ազգին հոգեւոր գլխուն կաթողիկոսին…

Տեսնենք հիմա ո՞վ պիտի դնեն կաթողիկոս, ըսաւ Աշոտ:

Ի՞նչ, կաթողիկոսը վախճանէ՞ր է:

Այո, վախճանէր է:

Շատ լաւ բան բրէր է, ըսաւ Գուրգէն, ո՜յ գիտէ, թերեւս իրմէ լաւը տեղը դնեն դիպուածով:

Բայց դու խօսքդ շարունակէ, ըսաւ Խոսրով:

Ի՜նչ շարունակեմ, ամէնուն գիտցած բանն է: Ըսել կ'ուզէի թէ այդ լեռնցին բոլոր քաղաքացիներէ, ազնուականներէ, իշխաններէ, նախարարներէ, կաթողիկոսներէ վեր եւ բարձր է:

Շատ ստոյգ է, ես էլ այդպէս եմ ճանչեր զինքը, ըսաւ Խոսրով:

Ես զինքը հրաւիրեցի, բայց ե՛կ տես, որ Յովնանու պէս խստակեաց մարդու ի՞նչ պատիւ կայ աշխարհիս վրայ, որ հաճոյական կարէնայ լինիլ. ոչ համադամք, ոչ անուշահոտ գինիք, ոչ նուագարանք, ոչ որսք, ոչ գեղեցիկ շէնք ոչինչ ազդեցութիւն չունին այդ աննման մար դոյն վրայ. անփոփոխ միեւնոյնն է ամէն զուարճութեանց առջեւ:

Գուրգէն, կը սխալիս, ըսաւ Խոսրով, երբ երեք դաւաճանները կախաղանին վրայ բարձրացան, կրնա՞ս զրուցել թէ զուարճութիւն չզգաց այդ մարդը, որ այնչափ աշխատէր էր զանոնք հոն բարձրացնելու համար:

Երբ այդ անզգամները հոն այդ կախաղանին տակ իրենց պատիժը պիտի ընդունէին, երբ մենք անտարբեր էինք եւ գրեթէ ականատես, ես տեսայ այդ մարդը տարուբեր եալ անխօս կը մտածէր. ինքն էր, որ Կողբաց վանահայրը քաշկռտելով եւ բռնի բերէր էր մեզի հետ, օրով առաջ խրատեց թէ իւր պարտաւորութիւնն էր այս մահապարտներու հոգեւոր պիտոյքը հոգալ, եւ վերջի վայրկենին իրենց պարզաբար ըսաւ թէ ի՛նչ յանձնարարութիւն որ ունէին կրնային հայր սուրբին զրուցել: Եւ երբ Մուշեղ հանելով իւր մատնին եւ քսակը յանձնեց, իր կինը եւ զաւկները յիշեց, ես տեսայ, որ հեռացաւ ծածկելու արտասուքը: Անոր համար ըսի թէ այդ մարդը մտքին միայն կը հնազանդի. բայց պէտք է գիտնանք թէ սիրտ էլ ունի: Նոյն միջոցին ես մօտեցայ իրեն եւ ըսի. «Յովնան, եթէ այսչափ կը ցաւիս այդ մարդոց վրայ` քու ձեռքդ է թողուլ, որ երթան»: Ի՞նչ պատասխան տուաւ ինձ, գիտէ՞ք: «Դու տղայ ես, Գուրգէն, իմ ձեռքս բան մը չի կայ, ես դատաստանի վճիռն ի գոծ կը դնեմ, ես կը ցավիմ այդ մարդոց վրայ, որ արժանի եղեր են մահու, բայց շատ աւելի կը ցավիմ իրենց այրիներուն եւ որբերուն վրայ. բայց եթէ արդարութեան չի հսկեն նոքա, որոց վերուստ ամենափոքր կարողութիւն տրուած է, յանցաւոր կը մնան առաջի աստուծոյ»: Զարմացայ իւր այս խորհրդածութեանց վրայ եւ իրաւունք տուի:

Բայց այս բոլոր խօսակցութիւնները դադրեցան, երբ Վահրիճ եկաւ զիրենք կերակուրի հրաւփրելու:

Ան գիշերը հանգչեցան, երկրորդ օրը ելան այդ փոքրիկ եւ գեղեցիկ գաւառը շրջագայելու, տեսնելու մանր առուներն ու վտակները, որ երբեմն սիրուն բլրակն երէ կ'իջնեն, երբեմն ահաւոր լեռանց պատառուածներէ եւ կ'երթան մորթումի գետը թափելու. տեղ-տեղ թուփեր եւ մայրեաց անտառներ, տեղ-տեղ խոտաւէտ ձորակներ, որ շարունակ կը փոխուին: Յետոյ ահագին ապառաժներ ոմանք կամար-կամար ձեւացեալ, ոմանք անճոռնի սեպացեալ մէկ կողմեն, եւ միւսեն ծառերու, պարտէզներու եւ մարգագետիններու կանաչութիւն սոսկում եւ զուարճութիւն աչաց կը պատճառէին: Վերջապէս կը հասնէին կը տեսնէին գետը, որ գեղեցիկ լիճ մը կը ձեւանար` եւ այդ լիճը որ դարձեալ ի գետ կը փոխարկէր եւ կը դիմէր կը թափէր քարափանց վրայեն ահագին բարձրութենէ սոսկալի շառաչմամբ փրփուր եւ ցնցուղ, եւ փոշի դառնալով: Ճիշտ այդ գեղեցիկ եւ միանգամայն ահաւոր տեսարանին մօտ գեղեցիկ ամառանոց մը կար միայարկ, որ Աստղկան տաճար կը նմանէր, եւ որու դռան առջեւ կանգնած էր Վահրիճ քանի մը սպասաւորներով:

Այն օրերէն մինչեւ այսօր հազար եւ աւելի տարիներ անցան. գետը, լիճը, ջրվէժը, փրփուրը, ցնցուղը ամէնն էլ անփոփոխ մնացած են եւ այսօր. ուղեւորը հեռու աշխարհներէ կ'երթայ, կը տեսնէ, կը հիանայ. բայց այդ տաճարանման ամառանոցը ո՞ւր է, հետքը անգամ չէ մնացեր. ո՜ւր են գաւառին հայ բնակիչք, իրենց եկեղեցեաց աւերակներ մնացեր են` իրենք անհետ բոլորովին. «Ազգ գա, եւ ազգ երթա, եւ աշխարհ յաւիտեան կայ»:

Մեծ էր ուրախութիւնը շրջակայ գիւղերու բնակչաց, երբ Գուրգէնը տեսան հասած, եւ բազմութիւն ժողովրդեան գիւղապետներ եւ քահանայներ առջեւեն բարով եկարի կ'ուգային, եւ նա կը ջանար զուարթ երես ցցնել այս պատուական գիւղացուոց, երբ իր սիրտը դառնութեամբ լի էր, վասնզի ինք կը յիշէր օրերը, որ ինչպիսի փափագով ամառանոցը շինէր էր: Եւ հիմա նորա սեմոց վրայ իրեն սպասող Վահրիճի կերպարանքը կը տեսնէր:

Ամէն բան կը ծիծաղէր բլուրին վրայ, ծառերը ծաղկած էին, մանուշակ իր քաղցր հոտը կ'արձակէր, կանաչը գարնան աւետաբեր կը ծածկէր շրջակայքր, բայց Գուրգէն առանց իւր միտքը յայտնելու, սրտին հառաչանոք կերղնուր թէ անգամ մ՚էլ չպիտի դառնար, ոչ այղ շէնքը եւ ոչ այդ բնութեան գեղեցկութիւնը տեսնելու: