Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս խօսքեն վերջը` այդ դիրքին մէջ ո՜յ զիտէ քանի վայրկեան մնացին այս տարիներով բաժնուած սիրահարքը, երբ Յովնան յանկարծ զգաց, որ Վասկանուշի ծնկուըները կը թեթեւէին, եւ իյնալու վտանգը տեսնեղով յափշտակեց զինքը եւ տղու մը պէս բերաւ բազմոցին վրայ դրաւ. բայց սոսկումը զինք առաւ, երբ նշմարեց մահուան դոյնը երեսը պատած, շրթունքները ճերմըկած` աչքերու բիբերը փայլը կորուսած բոլորովին վեր յօնքերու կը դիմէին. «Ո՜վ աստուած իմ, կ'ըսէր, այսպէս ուրեմն իմ խնդիրքս լսեցիր զիս պատուհասելու համար` մահը ես ինձ համար ուզեցի»: Այդ պատերազմի եւ արիւններու մարդը նուաղման գաղափարը չունէր, կեանք եւ. մահ միայն կը ճանչեր եւ տեսեր էր, այդ երկուքին մէջի վիճակը չէր գիտէր. ուստի սոսկումը զինք պատեց, իր սիրտը որ կը տրոփէր ձայն տուաւ իրեն եւ ձեռքը դրաւ նորա սիրելի սրտին վրայ եւ այնպէս կարծեց թէ դա էլ կը տրոփէ, յոյս առաւ, թէպէտ իր ձեռաց երակներուն տրոփիւնն էր այն. պատուհան բացաւ, որ օդ մտնէ, եւ դողդոջուն ձեռոք այդ կուսական սուրբ եւ պաշտելի մարմնոյն կապերը թուլցուց եւ բաժակ մը ջուր գտնելով ուզեց խմցնել իւր տիրուհուոյն. ցուրտ ջուրը վար չիրթալով որովհետեւ շրթունք եւ ծնօտ կղպուած էին` թափեցաւ այդ ձիւնափայլ մարմնոյն վրայ, եւ փոքրիկ ցնցում մը յայտնի ըրաւ Յովնանու թէ կեանք կար. նորա սառած ոտքերը, ձեռքերը կը շփէր իւր հրացայտ դողդոջուն ձեռքերով, փչեց իւր հրաշունչ ոգուով երեսին եւ նուիրական կուրծքին, ուր ձեռք երկնցնել երբեք մտքեն չէր անցել եւ չէր համարձակել. եւ ահա ծնօտները թուլցան, շնչառութիւնն սկսաւ եւ բիբերը իրենց բնական դիրքն առին: «Աստուած իմ, աստուած իմ, կ'ըսէր Յովնան, աւյս ի՜նչ շնորհք է»: Եւ ահա հառաչանաց ձայներ մեծ-մեծ շունչեր լսուեցան եւ Վասկանուշ շարժեցաւ շտկուեցաւ. «Ո՜ւր եմ ես», ըսաւ: «Ա՜հ, Տիրուհիս, հոս…»: «Յովնան, դո՞ւ ես, մ՚երթա՛ր, էլ մի՛ հեռանար, ոհ, շատ եւ երկայն էր այս միայնութիւնը…», ըսաւ եւ դարձեալ նոյն առջի վիճակը եկաւ: Իսկ սա կրկնեց իւր շփմունքը իւր շունչը, եւ վերջապէս գոհութեամբ տեսաւ, որ ելաւ իւր տիրուհին ու նստաւ, երեսին գոյնն սկսաւ գալ. եւ կատարեալ դատելով վիճակը զգեստներուն գիրքը շտկեց, ծածկուեցաւ վերարկուն եւ հրամայեց ձեռքով Յովնանու պատուհանը գոցել եւ ջուր տալ: Փոթորիկն անցաւ. իշխանուհին նստած էր բազմոցին վրայ, եւ Յովնան ծունկ չոքած կը կենար բաւական հեռաւորութեամբ իբրեւ յանցաւոր` գոզալով, որ միգուցէ նոյն վիճակը վերադառնա:

«Մօտ ե՛կ, Յովնան», ըսաւ վերջապէս Վասկանուշ, իր տկար եւ դողդոջուն ձայնին մէջ մինչեւ վսեմութիւն կը տիրէր. իսկ լեռնցին, որուն աչքերը շլացեր էին այս արեւեն եւ որուն այնչափ տարիներ աշխարհք խաւար էր, հազիւ թէ կը համարձակէր իրեն նայիլ` ոտքերուն քով եկաւ չոքեցաւ:

Զրուցէ՛, Յովնան, այսչափ տարիներ որ անցան, քանի որ իրարմէ բաժնուեցանք ի՜նչ ըրիր, խօսք մը չունի՞ս ինձ:

Ի՞նչ զրուցեմ, Տիրուհիս, քսանեօթ տարի է, եւ շա՛տ ապրեցայ. երկայն քշեց այս կեանքը, ինչչա՜փ կարճ էին օրերը` անգին օրերը` եւ երկար` տարիները: Ես կը խոստովանիմ թէ մեղաւոր եմ, թէ մեծ յանցանք գործեցի, ես թշուառ ողորմելի արարած, քեզ` աննման հրեշտակիդ աչքս բարձրացուցի եւ յանդգնեցայ քու ոտիցդ իմ աչքերս քսել: Բայց միթէ՞ կարելի էր զքեզ տեսնել, զքեզ ճանաչել եւ զքեզ չսիրել: Իմ խեղճ սիրտս կ'ըսէր ինձ. «Աստուած տեսնել չէ շնորհ եալ մարդու, բայց զնայ սիրել յամենայն անձէ` յամենայն սրտէ եւ յամենայն մտաց աստուածային պատուիրան է. եթէ դու այդ գերբնական էակին վրայ` աստուածային շնորհք կը տեսնես կրնա՞ս` մի սիրէր, բայց որովհետեւ չես կրնար, սիրէ՛` եւ անյոյս սիրէ՛»: Ես գոհ էի իմ վիճակես, երբ անխօս զքեզ կը պաշտէի, գոհ էի, երբ Բագրատունեաց պալատեն կը հեռանայի քու ձայնդ միայն լսելով, քու մէկ հրամանդ կատարելով, քու մէկ «Յովնա՛ն» ձայն արձակելովդ, քու երեսդ մէկ մը տեսնելով, նաեւ քղանցքիդ ստուերը միայն նշմարելովս: Կ'երթայի իմ լեռներուս գլուխը եւ առանձնութեան մէջ ժամերով, օրերով այդ յիշատակներէն կը հափրանայի եւ հրեշտակային արբեցութեամբ հերկինս կ'ամբառնայի եւ ինձ այնպէս կը թուեր թէ մարդկանց ամենեն երջանիկը ես եմ: Բայց իմ այս յանդգնութիւնս, իմ չափես վեր բարձրանալս անհաճոյ թուեցան աստուծոյ` եւ զիս պատմեց. ես արժանի էի իւր պատուհասին, բայց իմ պատճառովս երբ կը մտածէի թէ դու աննման հրեշտակ դու նաեւ կը քաշէիր. դու թագուհի լինելու ծիրանիներու եւ բեհեզներու համար ստեղծուած, սուգի եւ բանտի էիր դատապարտեալ եւ իմ մեղացս համար, այս էր ահա, որ ես իմ անձիս չէի կրնար ներել, եւ քու աչացդ երեւիլ ու թողութիւն նաեւ խնդրել չէի համարձակել:

Գիտէի՞ր, Յովնան, իմ հոս լինիլս:

Առջի տասը տարին չէի գիտէր. երկու տարի գողի պէս կը պտըտէի բոլոր Հայաստան, առանց համարձակելու անունդ բերնես հանել, բախտեն սպասելով, որ իմանամ թէ ո՞ւր ես: Վերջը յուսահատ թողի գնացի Յունաստան եւ զինուոր եղայ եւ տեսայ, որ օտար հող զիս չուզէր ընդունիլ. դարձայ եկայ Տարօն, եւ մեր լեռնցիք զիս պարտաւորեցին եւ ես անօգուտ կեանք մը օգտակար ընելու համար կ'երթայի Բագարատ իշխանին Սասնոյ գործերը կարգի դնելու: Հոն դիպուածով իմացայ թէ Արտանուշի վանքն է իշխանուհիդ:

Եւ անգամ մը գալ մտքեդ չանցաւ՜:

Պէտք է խոստովանիմ ճշմարիտը. ամէն տարի կ'ուգայի ճորոխի դիմացի ափը թուփերու մէջ օրերով կը սպասէի ինչպէս կը վայելէր ինձ պէս յանցաւորի մը, եւ երբ զքեզ կը տեսնէի, որ կը ճեմէիր առանձին, ես այսպէս ծունկի վրայ կը խնդրէի հաստուծոյ, որ Տիրուհիս երջանիկ ընէ: Կը փափագէի, որ ձայնդ լսեմ, բայց անիրաւ Ճորոխ այնչափ շառաչանք ունէր, որ կարելի չէր լսել: Բայց դարձեալ այն տեսութեամբ ծարաւս կ'անցնէի եւ գոհ ու երջանիկ կը դառնայի Սասուն: Այս ամառ միայն չի կրցի գալ:

Ե՛լ, Յովնան, նստէ քովս, եւ մտիկ ըրէ թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ:

Ներէ՛, Տիրուհիս, ես այս դիրքիս մէջ աշխարհիս ամենեն երջանիկ մարդն եմ, եւ յաւիտենականութեան մէջ եթէ քու ոտիցդ առջեւ այսպէս կենայի, արքայութիւն կը դառնար այն ինձ համար:

Բայց ես կը հրամայեմ, Յովնան, եւ դու չե՞ս հնազանդիր, ըսաւ Վասկանուշ քաղցրութեամբ, եւ ձեռքեն բռնելով նստեցուց քովը…— Ես չեմ ուզէր, որ իմ վրաս զգացած սէրդ յանցանք համարիս. ես չեմ ուզէր, որ դու աշխարհիս յիմար օրէնքները աստուծոյ բնութեան հրամայած Երենքներէն վեր դնես: Ես քեզ սիրեցի եւ դարձեալ կը սիրեմ եւ միշտ պիտի սիրեմ: Ես գոհ եմ քեզմէ, դու ինչ որ կրնէիր, եւ մանաւանդ ինչ որ այս վերջի ատեններս ըրիր ամէնն էլ գիտեմ. միայն քու թուփերու մէջ գաղտնի զիս դիտելդ չէի գիտէր: Քեզմով ես երջանիկ կրնայի լինիլ աշխարհիս վրայ` իմ այս միայնութեան կեանքով, աստուած այս վերջինը միայն կամեցաւ, որովհետեւ մարդիկ նորա օրէնքները ծամածռել յանդգնէր են. ծնողք յիմար սովորութեանց եւ գոռոզութեան իրենց զաւակները եւ իրենց ծնելական գութը զոհել օրէնք ըրեր են. եւ ազնուատոհմութիւնը, երբ բարձրեն արհամարհոտ աչք կը ձգէ աամկին վրայ եւ կը կարծե թէ այդ անարգ արարածն իրեն համար է ստեղծեալ, ահա այսպէս կը պատժուի եւ գերութեան շղթայներու դառն ճաշակը կառնէ: Ո՜ր նախարարական ցեղն է, որ չունենայ մէկը Բաղդատ, եւ ի՞նչ ըրին, որ արժանի չլինին այդ անարգանաց եւ երկրին կործանման: Այս վանքին` զօր դու բանտ կ'անուանես` դռները բացուեցան ինձ համար եւ ինձ դիւրին էր դառնալ ծիրանիներու եւ բեհեղներու պլլուիլ եւ ես չուզեցի: Անոր համար չուզեցի` վասնզի գիտէի թէ Յովնան զիս կը սիրէր, եւ ես զինք կը սիրէի. անոր համար չուզեցի, որ զիս այս տեղեն հանելով` պիտի խնդրէին այնպիսի մարդու մը՛ մատնեւ, որ ոչ սիրտ ունէր, ոչ զգացմունք եւ որ մոլութեանց մէջ թաթախ եալ էր: Վասնզի շատ հազուագիւտ են այդ նախարարաց մէջ ազնիւ զգացմունք եւ առաքինութիւնք: Բուղայ դռներնին կը ծեծեր. իսկ նոքա իրենց գիներբուաց եւ մեղկ անառակ երաժշտութեանց ձայներէն խլացած չէին լսէր թէ ո՜վ կ'ուգար: Նոյնը ահա կը տեսնեմ, որ արեւելեան եւ հիւսիսային Հայաստանի կը սպառնայ, եւ ամէն ոք ապշութեամբ թմբրեալ կը քնէ: Այո, Յովնան, այս աշխարհքիս մէջ իջնել չուզեցի, աւելի լաւ համարեցայ հոս այս վանքիս մէջ իմ կենացս մնացորդն անցնել խաղաղութեամբ աստուծոյ հետ, ջանալով գտակար լինիլ Քրիստոսի ժողովրդեան, ինչչափ որ տրուած էր իմ տկար կանացի ձեռքերուս կարողութիւն, քան թէ երթալ անիթաւութեանց եւ կեղեքմանց մասնակցիլ: Լաւ համարեցայ քեզի պէս առանց յուսոյ սիրել, սէրը նիւթականութեան շիջեցնել երբեք իւր բարձրութենեն, եւ այսպէս այս կարճ կեանքն անցնել, անդին միշտ միասին ապրելու համար յաւիտենական կենաց մէջ:

Այս խօսքերը զրուցելուն` Վասկանուշի քնքուշ ձիւնափայլ ձեռքը Յովնանու առիւծաթաթ ձեռքին վրայ էր, իր աչքերը երկինքն էին, սէրը իւր բնական գեղեցկութեան աւելի փայլ մը տուեր էր. իսկ Յովնան գլխիկոր հազիւ թէ կը համարձակէր աչքերը վերցնել նայիլ այն հրեշտակին` որ զինքն առջի օրէն յափշտակած էր` այն անձին, որուն հետ բաղդատելու բան մը աշխարհքիս վրայ չէր տեսած, եւ նորա աչաց մէկ ակնարկին առջեւ իբրեւ տղայ մը կը սարսռէր:

Շարժեցաւ Վասկանուշ ելաւ, Յովնանու նայեցաւ եւ հասկցաւ, որ այդ շարժմունքը հրաժարական կը կարծէր. ըսաւ ծիծաղելով.

Ո՛չ, Յովնան, դեռ երթալու ժամանակ չէ, այսօր քեզի հետ միատեղ պիտի ճաշեմ. աշխարհքես եւ անոր հաճոյից հրաժարեալ` այս զուարճութիւնն անգամ մը կ'ուզեմ ունենար Եգիպտոսի մենակեաց անապատականք նաեւ երկու արմաւ եւ հացի մը պատառիկ միասին կուտէին եւ այդ ճաշը սէր կ'անուանէին:

Այս ըսելով ձեռքեն բռնեց եւ դէպ անյայտ դուռը տարաւ, եւ Յովնան փոքրիկ սենեակ մը տեսաւ` անպաճոյճ սեղան մը եւ երկու աթոռ դիմացէ դիմաց դրուած: Իշխանուհին նստաւ, Յովնան եւս նստաւ իբրեւ փուշի վրայ եւ հնազանդելու համար նորա ակնարկին. իսկ Վասկանուշ բաժակը լցուց եւ Յովնանու դառնալովդ «Մեր յաւիտենական կենաց հարսանեաց», ըսաւ, եւ պուտ մը խմելով տուաւ նորա, մէր առաւ քամեց բաժակը մինչեւ վերջի կաթիլը. Վասկանուշ որ իրեն կը նայէր` հարցուց.

Ինչչա՞փ ժամանակ է, Յովնան, որ բերանդ գինի դրած չունէիր:

Քսանեօթ տարի, Տիրուհիս:

Խե՜ղճ Յովնան, ամէն բանէ ինքզինքդ զրկէր էիր:

Ի՜նչ էր իմ զրկանքս, երբ զքեզ միտքս բերէի` դու Բագրատունեաց Օրիորդ, ոսկեձեղուն պալատներուն մէջ ծնած, ինձի համար դատապարտուած, ես խեղճ լեռնցի` ամէն տեսակ խիստ կեանքի ընտանի էի ի ծննղենէ, ինձ համար հաւասար էր արդէն ջուրն ու գինին, մանաւանդ որ միտքս դրեր էի անդին` արքայութեան մէջ խմել երկնային գինին. բայց աստուած արքայութեան երկնային գինուոյն ճաշակն այսօր ինձ տուաւ. երկրպագու եմ իւր շնորհաց եւ իւր հրեշտակին: Բայց դու ուստի՞ իմացար, Տիրուհիս, թէ ես գինի չեմ խմէր:

Արդէն գիտէի, բայց անցեալ երեկոյ, երբ իշխանաց հետ եկած էիր ընթրելու, տեսայ զքեզ այս դռնեն եւ քու ամէն շարժմունքդ:

Գինին թէպէտ բաժակ մը` բայց Վասկանուշի շրթունքներն հպեալ եւ նորա ձեռքեն` համարձակութիւն եւ զուարթութիւն տվյին Յովնան ու. տխրութիւնը հալածեցաւ իւր ճակտեն, աչքերն իրենց բնական փայլն առին, բայց փոխանակ սովորական հրոյն` քաղցր լոյս կը ցոլար. կնոջ մը դիւթիչ զօրութեան ազդեցութիւնն էր, որ այդ հզօր պղնձէ էակը մոմի պէս կակղցնելով, առիւծէ ի գառն կը փոխարկէր: Հիմա ծիծաղը հեգնութիւն չէր իւր երեսին վրայ, այլ սրտին կերպարանքն էր, որուն դառնութիւնը արտասուաց հեղեղը լուացել ու մաքրել էր:

Այդ ճաշը երկայն տեւեց, եւ երկու անձինք իրենց այնչափ տարուան քաշածները, զգացածները, ըրածները պատմեցին իրարու, երբեմն հեշտ արտասուք, երբեմն ծիծաղ փոփոխակի կը փայլէին իրենց երեսին վրայ, մինչեւ որ Վասկանուշ իր լուրջ կերպարանքն առաւ եւ ելաւ սեղանեն, էլ ժամ էր բաժանման. երբ մտան դարձեալ առջի ընդարձակ սենեակը հարցուց.

Գո՞հ ես, Յովնան, իմ հիւրընկալութենես:

Մինչեւ երկինք, Տիրուհիս:

Կը փափագիմ, որ այս օրուան ուրախութիւնը պահես մինչեւ որ զիրար տեսնենք հոս կամ հոն, ըսաւ իշխանուհին եւ մատը երկիր ու երկինք ցցուց:

Գիտես թէ մէկ խօսքդ, մէկ ակնարկդ ինձ համար ի՛նչ են, Տիրուհիս:

Աստուած հետդ լինի, սիրելի Յովնանս:

Եւ ձեռքը երկնցուց. Յովնան ծունկի վրայ համբոյրներով ծածկեց այն սիրելի ձեռքը, եւ իշխանուհին ծռեցաւ` իւր ձեռաց մէջ առաւ այդ առիւծի գլուխը եւ ճակտին վրայ համբոյր մը գրաւ եւ հոն թողլով Յովնան գնաց փոքրիկ սենեակին դուռը եւ այս վերջին խօսքերն ըսաւ.

Վաղն առաւօտ արեւագալին` պարսպին վրայ զիս տես վերջին անգամ: Եւ դուռը գոցեց, անհետացաւ:

Ելաւ Յովնան, սրբեց ուրախութեան արցունքները, առաւ զէնքերը եւ երբ գօտս ելաւ սենեակեն կը վախեր, որ իւր ուրախութիւնն ուրիշները չի կարդան իւր դէմքին վրայ: Այսպէս գնաց նա թեթեւեալ ոտիւք Սմբատաւանի մօտ, եւ ամէնքը կրնային տեսնել իւր ճակատը պարզեալ կնճիռներէն:

Աւելորդ է զրուցել թէ երբ Վասկանուշ երկրորդ առաւօտուն ելաւ վանքին պարսպին վրայ, նշմարեց Ճորոխի հանդիպակաց կողմը մարդ մը ծունկի վրայ, որ կը սպասէր եւ որ զէնքը տեսնելուն թեւերը դէպ իրեն տարածեց: Երկու պտոյտ մ՚ըրաւ իշխանուհին, գլխով այդ վարի մարդն ողջունեց եւ քաշուի ցաւ:

Նոյն երեկոյ Մայր իշխանուհուոյն խնդրակներն եկան եւ իմացուցին թէ արաբացուոց ոչ հետք եւ ոչ նշմարանք մնացեր էին Կարսի շրջակայք. ուստի երկրորդ առաւօտուն շնորհակալութիւն կը Յայտնէր Յովնանու եւ իւր սասնայց Թադոս աւանապետ եւ իշխանուհուոյն կողմանէ, եւ խումբը կ'ելնէր ճամփայ Արտանուշի փոքրիկ գաւառին երախտագէտ ժողովրդեան երկայն տեղ ընկերակցութեամբ, որ զիրենք կ'օրհնէին, իրենց ըրած բարութեանց փոխարէն հազար եւ բիւր մաղթելով հաստուձոյ:

Իսկ Հովնանեանք ուրախ եւ անարգել շարունակելով իրենց ճանապարհը հասան Թորթում, ուր սիրալիր ընդունելութիւն Գուրգէնի կը սպասէր իրենց: