Նոյն
սենեակին
մէջ,
ուր
տեսանք
մենք
առաւօտուն
Գուրգէն
արաբացի,
կատաղի
կնոջ
սպառնալեաց
մատնեալ,
երեկոյին
նոյն
բազմոցին
վրայ
Օմար
բանտապետին
հետ
նստած`
դարձեալ
արաբացի
կին
մը
կը
խոսէր
ընտանեբար:
Գեղեցիկ
եւ
երիտասարդ
էր
սա,
իր
նշաձեւ
աչքերը
հրապուրիչ
քաղցրութիւն
ունէին,
եւ
այնպիսի
նայուածքի
նրբութիւն,
որ
կարելի
չէր
խարդախութիւն
չի
համարել
այդ
քովնտի
եւ
գաղտնի
ակնարկին
մէջ
սուր
դիտողութիւնը,
որով
կը
ջանար
իմանալ
թէ
իւր
խօսքերն
ի՛նչ
ազդեցութիւն
կ'ընէին
իր
էրկան
վրայ,
վասնզի
այդ
կինը
Օմարի
կինն
էր:
—
Բայց
կին,
դու
ինձ
ի՞նչ
կ'առաջարկես.
յիսուն
Ոսկին
ես
էլ
գիտեմ
թէ
լաւ
բան
է,
բայց
ամիրապետին
հետ
դիւրի՞ն
բան
է
խաղաի
այդ
Տիկինը
սովորական
կին
մը
չէ,
կ'երեւայ
թէ
մեծ
ազդեցութիւն
ունի
նաեւ
Բաղդատ:
—
Ի՞նչ,
ամիրապետե՞ն
կը
վախես,
ամենեւին
հոգ
մ՚ընէր,
գլուխդ
ողջ
մնա,
ամիրապետը`
քեզի
օրեր,
վախճանէր
է:
—
Սուտերով
զիս
խաբե՞լ
կ'ուզես,
յիմար
կին…
—
Ինչպէ՜ս
սուտ.
երէկ
առաւօտ
բոլոր
Խոյի
մէջ
տարածուեցաւ
համբաւը.
եթէ
ինձ
չես
հավտար`
հարցուր
ջորեպանին
եւ
մեր
սպասաւորին,
որ
զիս
բերին.
եթէ
այդ
դիպուածը
չլինէր
միթէ՞
ես
թեթեւ
կերպով
յանձն
կ'առնուի
զքեզ
այսպիսի
անխոհեմութեան
յորդորելու:
Այսպիսի
վիճակէ
օգուտ
քաղելու
է,
իմ
սիրուն
էրիկս,
երկու-երէք
տարուան
մէջ
այդչափ
գումար
երբեք
դու
չես
կրնար
աւելցնէր
այսպիսի
բանտապանութեամբ:
Եկ
դու
իմ
խօսքս
մտիկ
ըրէ,
միթէ՜
ես
քու
թշնամիդ
եմ,
որ
վտանգաւոր
բան
քեզ
առաջարկեմ:
—
Դու
իմ
թշնամիս
չես,
բայց
երեւելի
առակ
է.
«Կնոջ
խելքը
կարճ
է
եւ
մազը
երկայն».
դու
էլ
կին
ես,
զարմանք
չէ,
որ
ինձի
վտանգաւոր
խորհուրդ
կ'ուտաս:
Քու
խելքդ
չի
հասնիր:
Այս
խօսքերն
Օմար
ամենայն
ծանրութեամբ
եւ
լրջութեամբ
կը
զրուցէր
իւր
այրական
սեռին
գերազանցութեան
վրայ
մեծ
հաւատքով,
երբ
կինը
որ
հազար
անգամ
այդ
իմաստուն
մարդը
կայ
պկի
պէս
խաղցուցեր
էր`
հազիւ
թէ
քմծիծաղը
կը
զսպէր:
Դարձաւ
ըսաւ
իրեն,
—
Հիմա
դու
ինչէ՞
կը
վախես,
ինձ
այն
ըսէ.
ահա
ամիրապետ
չի
կայ
իմացար,
որդին,
որ
իրեն
յաջորդէր
է
հայրը
սպաննելով
հօրը
կամքը
շարունակելու
ամենեւին
միտք
չունի.
շատ
կարելի
է,
որ
վաղը
հրաման
հասնի,
որ
հայոց
իշխանները
բանտէ
եւ
շղթայէ
ազատուին,
այն
ժամանակ
քու
շահդ
ի՞նչ
պիտի
լինի:
—
Բայց
եթէ
ամիրապետ
չի
կայ,
Դավրէժի
ամիրան,
Խոյի
ամիրան
մի
թէ
ամէնքն
էր
անհետացա՜ն
աշխարհքես.
գիտես
այդ
սոսկալի
Տիկինը
ինձ
ի՞նչ
սպառնացաւ:
—
Կնոջ
խօսքի
թէ
որ
դու
մտիկ
կ'ընես,
իմ
խօսքիս
մտիկ
ըրէ
որ
մեզի
շահաւոր
է:
—
Բայց
շատ
վտանգաւոր
է
եւ
գլուխս
կրնայ
մէջ
խաղալ:
—
Քիչ
մը
մտածէ՛,
իմ
սիրելի
էրիկս,
համարեա
թէ
այս
գիշեր
այդ
մարդուն
բարեկամները
գային
բանտին
պատը
քակէին`
եւ
զինքն
ազատէին,
դու
վաղն
առաւօտ
ի՞նչ
պիտի
ըսէիր
այդ
կնոջ,
որ
զքեզ
այնպէս
սարսափեցուցեր
է
իւր
մազերուն
բոլոր
երկայնութեամբ:
—
Եմ
ճակատագիրս
է,
կրսէի
եւ
բախտին
կը
հնազանդէի:
—
Ի՞նչ,
կարծե՞ս
թէ
զքեզ
այդ
բանին
համար
կախաղան
պիտի
հանէին:
—
Ո՜վ
գիտէ,
կարելի
է
հանէին,
եւ
ես
չեմ
ուզէր
կախաղանի
վբայ
մեռնիր
Կինը
այս
մարդուն
տրամաբանութեան
տեսնելով
թէ
չի
կրնար
յաղթել,
սկսաւ
լալ,
ձեռքերը
կուրծքին
զարնել,
ողբալ
իւր
բախտին
վրայ.
իսկ
մարդը
անշարժ
եւ
տխուր
կը
մտածէր:
Վերջապէս
կինը
իբրեւ
գիւտ
մ՚ըրած`
յանկարծ
արցունքները
սրբեց,
որ
արդէն
իր
սիրելի
ամուսնոյն
սիրտն
ի
գութ
շարժէլու
համար
կը
քամէր
յարմար
միջոցներու,
եւ
ըսաւ.
—
Բայց
համարինք
թէ
մէկը
քեզ
բռնութիւն
ընէ,
զքեզ
կապէ,
թան
լիքներդ
գրպանեդ
առնու
եւ
յիսուն
ոսկին
էլ
դարձեալ
տա,
եւ
այս
հայ
իշխանն
ազատէ,
դու
այս
բանին
ի՞նչ
ունիս
հակառակելու:
—
Այդ
ըսածդ…—
ըսաւ
մարդը
ծանր-ծանր
մտածելով,
—
կարելի
բան
է,
վասնզի
ես
`այն
ատեն
բռնի
պարտաւորեալ
կ'երեւամ
Դավրէժի
ամիրային
առջեւ.
այո
այդ
անկարելի
չէ,
բայց
այն
ժամանակ
պէտք
է
որ
հայ
իշխանին
մարդիկը
ութ-տասն
հոգի
գոնէ
լինին
է
որ
մեր
պահապանաց
թուին
հաւասարի:
—
Այդ
բանին
համար
էլ
հոգ
մ՚ընէր,
արդէն
ժամանակը
հեռու
չէ
եւ
մութը
պատեց,
նոքա
տասներկու
թիավար
նաւակով
մը
կ'ուգան.
ես
հիմա
պահապանաց
մէկ
երկուքը
կը
հեռացնեմ
մօտակայ
արուարձանն
ուղարկելով,
քեզ
էլ
լաւ
մը
կապել
կ'ուտամ,
յիսուն
ոսկին
դու
կառնուս,
ես
է՜լ…
Այստեղ
կինը`
իւր
դիւական
գեղեցիկ
աչքերը
փայլեցնելով
եւ
քովնտի
էրկանը
նայելով
զուարթ
ծիծաղով
դադրեցաւ
խօսելեն:
—
Ի՞նչ,
—
ըսաւ
մարդը,
—
քե՞զ
էլ
բան
կայ,
զրուցէ՛:
—
Այո,
ինձ
էլ
գեղեցիկ
ադամանդեայ
մանեակ
մը
կայ:
Է՛լ
մի
խօսիր
դու,
տեղացդ
մի
շարժիր,
ես
ամէն
բան
կը
կարգադրեմ:
—
Եւ
դէպի
դուռը
երկնցաւ:
Իսկ
մարդը`
—
Կի՛ն,
մտիկ
ըրե…
անիծեա՜լ
կին…
կորաւ
գնաց,
իմ
գլուխս
բան
մը
պիտի
բերէ,
գոնէ
կ'ուզէի
ապսպրել,
որ
զիս
սաստիկ
չի
կապեն
այդ
անհաւատները…
բայց
այդ
յիսուն
ոսկին,
անշահ
գումար
մը
չէ.
տեսնենք,
աստուծով
յաջող
ելք
ունենայի՜նք:
Այս
միջոցիս
կինը
սատանայի
արագութեամբ
վազեց,
պահապաններուն
երկուքը
հեռացուց
պատճառանոք,
իջաւ
ծովեզր
ճիշտ
նոյն
վայրկենին,
երբ
մէկին
տեղ
երկու
նաւակ
կը
մերձենային
եւ
շփոթեցաւ
տեսնելով
թէ
կին
չկար,
բայց
երբ
տեսաւ
թէ
միայն
անմօրուս
պատանի
մը
ցատկեց
ցամաք
եւ
փայլուն
ձայնով
«կա՛ց,
ես
եմ,
մի
վախեր»
ըսաւ,
սիրտ
առաւ.
Հեղինէ
ինքն
էր,
որ
կնոջ
մօտենալով
հարցուց.
—
Ինչպէ՞ս,
մարդդ
համոզուեցաւ՞:
—
Շատ
դժուարութիւն
կը
ցցնէ:
—
Եթէ
դու
զինք
չես
կարող
համոզել,
նայէ
ինչչափ
զինեալ
մարդկանց
բազմութիւն
կայ
այստեղ,
բանտեալը
կ'ազատի
եւ
դու
քու
շահդ
կը
կորսնցնես:
—
Դու
այդ
հոգ
մի՛
ընէր,
դու
իմ
քովս
կաց,
ես
ինչ
որ
ըսեմ
այն
հրամայէ,
ա՛ռ
հետդ
տասը
քսան
մարդ
միայն,
այդ
նաեւ
շատ
է:
Ան
ատեն
ծովեզրին
մօտենալով
Հեղինէ`
—
Իշխան,
խնդրեմ
մօտ
եկ.
եւ
քանի
մը
խօսք
ըսելով`
ահա
զինեալ
մարդիկ
դուրս
թափեցան
նաւերեն:
Կինը
եւ
իշխանուհին
առջեւեն
կ'երթային
խօսելով,
եւ
երբ
հասան
բանտին
նախասենեակը
ուր
բանտապանը
միայն
նստած
էր
եւ
քանի
մը
պահապան
դռան
առաջ
շուարած
մնացեր
կը
նայէին,
Հեղինէ
դարձեալ
քանի
մը
խօսք
ըսաւ
Խոսրովու,
եւ
նա
մտնելով
բանտապանին
սենեակը
եւ
մերձենալով
մարդուն
հրամայական
ձայնով
—
Տո՛ւր
բանտին
բանալիքները,
զրուցեց,
եթէ
չես
ուզէր
մեռնիր
—
Ինչպէ՞ս
կարելի
է,
որ
ես
յանձն
առնում
այդպիսի
հրամանի
մը
հնազանդիլ.
միթէ՜
ես
դաւաճան
եմ:
—
Ես
է՛լ
ժամանակ
չունիմ
կորսնցնելու,
տղաք,
կ'ապեցէ՛ք
այդ
մարդը
եւ
գտէք
բանտին
բանալիքը:
Ան
ատեն
արաբ
կինը
իւր
բոլոր
հնարագիտութիւնն
ի
գործ
գրաւ,
սկսաւ
լալ,
ողբալ,
աղաչել,
որ
իր
էրկանը
չի
վնասեն.
եւ
երբ
մարդը
կը
կապէին
ինք
նորա
գրպանեն
կը
հանէր
բանալիքը,
կ'ուտար
Խոսրովու`
կ'աղաչէր,
որ
նորա
կենաց
խնայեն,
կը
խոստանար,
որ
բանտեալը
ողջ
առողջ
իրենց
յանձնէ
եւ
լապտէր
ձեռքը
ու
պահապանաց
ամենեն
պարզամիտը
առջեւը
ձգած
կը
մտնէր
բազմութեամբ
բանտին
խորերը,
ուր
կը
գտնուէր
Գուրգէն
տխուր`
քունի
մէջ
թաղուած:
Է
հոն
դուռը
բանալով`
—
Ահա՛
առէք
ձեր
մարդը,
միայն
ի
սէր
աստուծոյ
իմ
էրկանս
եւ
մեր
մարդկանց
մի
վնաս
էք,
—
կ'ըսէր:
Խոսրով
ան
ատեն
լապտերն
առած
խավարչտին
բանտին
մէջ
մտաւ:
—
Գուրգէ՛ն
որդեակ,
որդեակ
Գուրգէն,
ո՞ւր
ես,
կանչեց:
Շղթայներու
դղրդիւն
մը
պատասխանեց
այս
ձայնին,
վասնզի
Գուրգէն
քունէ
զարթած
շարժեցաւ
եւ
նստաւ:
—
Գուրգէն,
Խոսրովին
ձայնը
չե՞ս
ճանչեր:
—
Դո՞ւ
էլ
հոս
կ'ուգաս:
—
Վե՛ր
կաց,
երթանք,
քեզ
ազատելու
եկանք,
մի՛
շփոթիր:
Հազիւ
թէ
սթափեցաւ
Գուրգէն,
երբ
Խոսրով
երիտասարդին
երեսները
համբոյրներով
կը
ծածկէր,
եւ
իր
արտասուքը
ճերմակ
մօրուքին
վրայ
կը
թափթփէին.
առիւծը
իր
շղթայները
կը
ցնցէր,
ելաւ
կանգնեցաւ.
Խոսրով
ձեռքեն
բռնած
բերաւ
բանտապանին
սենեակը
ուր
խեղճ
մարդը
ոտքը
ձեռքը
ամուր
կապած
կը
տքար,
եւ
կը
խնդրէր,
որ
կապերը
թուլցնեն:
Հեղինէ
միշտ
լուրջ,
որ
մէկ
կողմ
կեցէր
Գուրգէնի
նիհար
եւ
թալկացեալ
երեսը
կը
նայէր
ու
մարած
աչքերը
կը
դիտէր
եւ
իւր
արտասուքը
կը
սրբէր`
այդ
մարդուն
աղաչանաց
ձայնին
չի
համբերէք,
եւ
քայլ
մը
առնելով
երբ
պիտի
հրամայէր,
որ
մարդը
քակեն,
արաբ
կինը
ժամանակ
չի
տալով
խօսելու
թեւէն
բռնեց
եւ
մէկդի
առաւ.
—
Ահա
քու
եղբայրդ
ազատեցաւ,
հիմա
իմ
էրիկս
դու
մոռցիր,
եւ
խոստմունքդ
կատարն:
—
Իրաւունք
ունիս,
Խուրեն,
բեր
այն
ծրարը,
որ
քեզի
յանձնեցի:
Մտան
առանձին
փոքրիկ
սենեակ
մը,
հոն
իշխանուհին
տուաւ
կնոջ
ադամանդեայ
մանեակը
եւ
հարիւր
ոսկիի
շարքը:
Երբ
դարբինը
Գուրգէնի
շղթայներու
վերջին
օղակը
կը
խորտակէր`
կինը
ոսկիներն
արագութեամբ
կը
համրէր
եւ
մանեակին
փայլը
իր
աչքը
կը
շլացնէր,
երբ
յիսուն
ըսաւ,
իւր
սուր
աղրայներով
կտրեց
ոսկուոյ
թելը,
կէսը
մանեակին
հետ
մէկ
գրպանը
գրաւ,
միւս
կէսը
միւս
գրպանը:
Եւ
ուրախութեամբ
կ'ըսէր
ինքնիրեն`
բայց
լսելի
ձայնիւ.
«Այս
ինձի,
այս
էլ
թո՛ղ
մարդուն
լինի,
անպիտանը,
գոհ
եմ,
որ
լաւ
կապեցին,
թո՛ղ
քիչ
մը
չարչարուի:
Ինչչա՜փ
աշխատեցայ,
որ
համոզեմ
եւ
խօսք
հասկնալ
չէր
ուզէր,
թո՛ղ
ցաւի,
որ
իմանայ»:
Իսկ
Հեղինէ
արդէն
միւս
սենեակն
էր
եւ
չէր
լսած
այս
առանձնախօսութիւնը.
հազիւ
թէ
կրնար
զսպել
իր
հառաչանքը
եւ
արտասուքը,
երբ
կը
նկատէր
Գուրգէնի
այդ
խեղճ
վիճակը
ցնցոտիներու
մէջ,
եւ
որ
Հեղինէի
ներկայութիւնը
նաեւ
չէր
կարող
երեւակայել:
Ուստի
երբ
ազատ
գտաւ
ինքզինքը
շղթայներէ,
դարձաւ
հարցուց
Խոսրովի.
—
Ես
չեմ
իմանար,
թէ
երա՞զ
է
այս
ամէն
բան,
թէ
ոչ:
—
Հիմա
ամէն
բան
քեզ
կը
բացատրեմ,
սիրելի
Գուրգէն,
մտնենք
նաւ
եւ
հոն
կը
խօսինք:
—
Բայց
Խոսրով,
ես
անօթի
եմ,
դու
չես
դիտէր
թէ
այս
անհաւատները
զիս
ինչչա՛փ
անօթի
եւ
ծարաւ
ապրելու
վարժեցնել
ջանացին:
—
Հիմա,
հիմա,
—
ըսաւ
Խոսրով,
—
տղա՛ք,
երթանք
մտնենք
նաւերը:
Եւ
հազիւ
հինգ
վայրկեան
եղաւ`
Գուրգէն
նստած
էր
Խոսրովու
եւ
Հեղինէի
մէջտեղ
ղեկին
քով,
որ
Խոսրով
կը
կառավարէր,
ձուկի
եւ
հաւու
խորովածն
առջեւը,
եւ
Հեղինէ,
որ
գինի
կը
մատռուակէր
իւր
ձեռոք:
Լուսինը
լուսաւորել
էր
այդ
գեղեցիկ
կ'ապուտան
ծովակը,
գիշերուան
լռութիւնը
թիակներու
կանոնաւոր
եալ
հարուածը
միայն
կ'ընդհատէր,
երբ
Գուրգէն
զօրացեալ
եւ
ինքզինք
գտնելով
հարցուց
Հեղինէին
նայելով.
—
Այս
լուռ
պատանին
ո՞վ
է,
Խոսրով,
ես
սա
տեսած
պէտք
է
լինի
մ,
այս
կերպարանքն
ինձ
բոլորովին
անծանօթ
չէ:
—
Սա
իմ
քեռորդիս
է,
—
պատասխանեց
Խոսրով,
—
ես
չուզեցի,
որ
մեր
արշաւանաց
ընկերանայ,
բայց
անկարելի
եղաւ
զինք
համոզել:
Ետքը
քեզի
կը
պատմեմ,
դու
հիմա
հանգիստդ
նայէ,
մեյ
մը
ցամաք
ելնենք
այն
ժամանակ
ամէն
բան
կ'իմանաս:
—
Հանգիստ
գտնելու
համար
պէտք
է
ապահով
տեղ
մը
հասնինք,
լուացվիմ,
սա
աղտեղի
զգեստներես
ազատիմ:
—
Այդ
ամէնը
հոգացուած
է,
—
ըսաւ
Հեղինէ:
—
Այ
տղայ,
ես
զքեզ
տեսել
եմ,
քու
ձայնդ
նաեւ
ինձ
անծանօթ
չէ,
—
զրուցեց
Գուրգէն:
—
Ինչպէս
մարդկանց
կերպարանքը`
նոյնպէս
իրենց
ձայնը
շատ
կարելի
է,
որ
իրար
նմանին,
—
ըսաւ
Խոսրով:
—
Ճշմարիտ
է,
—
պատասխանեց
Գուրգէն
եւ
լռութիւն
դարձեալ
տիրեց:
Նաւակը
իր
ընթացքը
գրեթէ
առանց
ընդհատման
կը
շարունակէր,
եւ
կ'էս-գիշէր
չեղած
մեր
բարեկամները
ցամաք
ելան:
Կ'իստուէր
գիւղին
փոքրիկ
սենեակը
լուսաւորուեցաւ.
պատանին`
Խոսրովու
քեռորդին`
մկրատ
մը
ձեռքը
Գուրգէնի
մազերը
խուզեց,
մօրուքը
փոքրեցուց
թեթեւ
ձեռոք
եւ
դռան
քովին
Խուրենի
ձեռքեն
առնելով
մաքուր
ծրար
մը.
—
Ահա
իշխան,
—
ըսաւ,
—
ամէն
բան
պատրաստ
է,
սա
քովի
վտակին
ջուրը
քաղցր
է,
օճառ
սրբիչ
եւ
ամէն
զգեստ
կը
գտնես
այս
ծրարին
մէջ:
Քեռիս
քեզ
կօգնէ:
—
Աս
քու
քեռորդիդ
անգին
տղայ
է,
Խոսրով:
Ապրի՜ս
որդեակ,
աստուած
քեզ
երջանիկ
ընէ:
—
Եւ
Գուրգէն
ելաւ,
բայց
յանկարծ
դառնալով
Խոսրովու.
—
Սակայն
այս
տղան.
որ
զիս
առաջին
անգամ
կը
տեսնէ`
չէր
կրնար
երեւակայել
թէ
իմ
հասակիս
ամէն
զգեստ
չի
յարմարիր:
Հոգ
մ՚ընէր,
Գուրգէն,
նա
քու
վրադ
լաւ
տեղեկութիւն
առած
է,
այդ
էլ
մտածած
պէտք
է
լինի:
Երբ
լուացուեցաւ
Գուրգէն`
զգեստաւորուեցաւ
եւ
դարձան
սենեակը,
շնորհակալ
եղաւ
պատանուոյն
եւ
Խոսրովու
ըսաւ.
—
Հիմա
զրուցէ
թէ
ինչպէս
եղաւ,
որ
մէկ-երկու
տարի
երբ
յաջողութիւն
ունեցայ
եւ
քեզ
սուրհանդակ
ուղարկեցի
Վասպուրականի
եւ
Տարօնս
գաւառներէն
ի
Սասուն,
ոչ
ոք
տեղեկութիւն
չունէր
քեզի
համար,
դու
ո՞ւր
էիր,
պատմէ՛:
—
Երբ
ես
կը
պատրաստուէի
գալ
զքեզ
գտնելու
Ռշտունեաց
Ոստանը,
սուրհւսնդակ
մը
ինձ
եկաւ
Հռիփսիմէ
տիկնոջէ,
որ
կը
թախանձէր
տեսնել
զիս
Բաղդատ.
դու
երջանիկ
էիր
եւ
յաջողութեան
մէջ,
իսկ
նա
դժբախտութեան
եւ
բանտի,
ուստի
ինքնիրենս
ըսի.
եթէ
Գուրգէն
իմ
տեղս
լինէր
Բաղդատ
կ'երթար,
ուստի
հոն
գնացի,
կարծէի
թէ
դիւրին
եւ
շուտ
կազատիմ,
եւ
առջի
բերան
գործին
ընթացքը
այնպէս
ցոյց
կ'ուտար
թէ
պիտի
կարէնամ
օգտակար
լինիլ
Արծրունի
իշխանաց,
բայց
Ապու
Ջափր
կատաղի
գազան
մ՚էր,
որ
վայրկեանէ
ի
վայրկեան
կը
փոխուէր.
իր
պաշտօնակալք
ամէնքը
շփոթած
էին,
հազիւ
թէ
գործ
մը
կարդայ
գրել
կարծէին`
տէրը
զիրենք
կը
մերժէր,
եւ
նորեր
կը
յաջորդէին,
ուստի
բոլոր
մեր
յոյսը
դրինք
Սմբատ
Սպարապետի
գալստեան
վրայ,
որ
Բուղայի
միջնորդութեամբ
կարէնայ
օգուտ
մ՚ընել
կապեալ
նախարարաց:
Այդ
գալուստը
կ'երկարէր:
Վերջապէս
երբ
եկան,
Սմբատ
ո՜ւմ
համար
պիտի
միջնորդէր,
բռնաւորը
առաջին
վայրկենին
գնա
շղթայի
եւ
բանտի
մատնեց,
որովհետեւ
ուրացութիւն
չէր
ընդունէր.
ուստի
Տիկինն
էլ
յուսահատած`
տեսնելով
թէ
ուրացեալ
որդին
Գուրգէն
եւ
թոռը
Դերենիկ
հրաման
ունեցան
դառնալու
ի
հայրենիս,
զիս
յորդորեց
երթալ
եւ
նոցայ
խորհրդատու
լինել.
ես
էլ
կ'ուզէի
դառնալ,
բայց
Բագարատայ
չարութիւնը,
որ
անօրինաց
աչքը
մտնելու
համար
ամէն
վատութիւն
յանձն
առած
է,
զիս
զանազան
խաբէութեամբ
տարի
մը
նաեւ
արգիլեց
Բաղդատ,
այնտեղ
կ'իմանայի
թէ
ինչ
տեսակ
ամբաստանութիւնք
կը
հասնէին
քեզ
համար
արքունի
դուռը.
ուստի
գաղտնի
փախստեամբ
հազիւ
ելայ
Բաղդատէի
եւ
երբ
Վասպուրական
եկայ,
տեսայ,
որ
դու
քէն
ըրած
բախտին
եւ
ամէնուն
Յունաց
երկիրը
գնացել
ես.
եթէ
քիչ
առաջ
հասնէի`
ես
զքեզ
չէի
թողել,
ուստի
գնացի
Սասուն
ընտանիքս
առած.
ծանր
ուղեգնացութեամբ
անցայ
բոլոր
Տարօն
եւ
Վասպուրական,
ամէն
տեղ
քու
օրհնենքդ
եւ
գովութիւնդ
կը
լսէի,
ամէն
տեղ
քու
քաջութիւնդ
կը
պատմէին,
եւ
քու
հեռանալդ
կ'ողբային:
Գիշեր
մը
Ռշտունեաց
Ոստան
կ'եցանք,
խեղճ
բերդապահ
ծերը,
որ
անմխիթար
էր`
քու
տղայութեանդ
պատմութիւնն
ըրաւ
մեզի,
քու
առաջին
դարձդ
ի
Յունաց
յիշատակեց
եւ
քու
վերջի
փառքդ
մեզի
նկարագրեց.
ինք
քիչ
պատմեց
եւ
ես
շատ
իմացայ:
—
Ի՛նչ
որ
մութ
կար
քու
կենացդ
մէջ
ինձ
համար
յայտնի
եղաւ:
—
Ի՞նչ
մութ
կար,
որ
դու
չէիր
իմացել,
—
ըսաւ
Գուրգէն
դառնութեամբ
եւ
հառաչանք
խղդելով:
—
Ի՛նչ
որ
մնացել
էր:
Ուստի
երբ
առաւօտուն
մեր
կարաւանը
ուղեւորելու
պատրաստուեցաւ,
նայեցայ,
որ
այդ
ծերը…
Խուրեն`
իւր
բոլոր
ընտանեաց
մեզ
կ'ընկերանար.
զարմացայ,
իսկ
նա
ինձ
յայտնեց,
թէ
Արծրունեաց
անկարգ
ծառայութենեն
ձանձրացէք
կուզեր
երթալ
իւր
հին
Տիկնոջ`
Ռշտունեաց
Օրիորդին`
Անձեւացեաց
գաւառ`
խնդրել,
որ
զինք
ընդունի:
Իւր
պատճառաւ
մենք
նաեւ
Կ'անգուարի
բերդը
լաւ
հիւրընկալուեցանք
եւ
Անձեւացեաց
իշխանուհին,
որ
Մուշեղ
իշխանին
հիւանդութեան
պատճառաւ
երկիրը
կը
կառավարէր,
ամիսներով
զմեզ
պահեց
մինչեւ
որ
Ակէոյ
մէջ
պէտք
եղած
նորոգութիւններն
եղան.
հոն
նաեւ
քու
կալանաւորութեանդ
լուրը
մեզ
հասաւ
եւ
սկսանք
մտածել
ու
պատրաստուիլ
զքեզ
աղատելու:
Բայց
շփոթած
մնացել
էինք,
վասնզի
ամէն
ատեն
անօրէնները
քու
բանտդ
կը
վախէին.
խեղճ
Վահրիճ,
որ
զիս
եկաւ
գտաւ
Ակէ`
ութ
օր
կը
մնար,
արեւմուտքէ
հիւսիս`
հիւսիսէ
արեւելք
քու
բանտերուդ
վրայ
տեղեկութիւն
կը
բերէր.
մինչեւ
լուր
բերաւ,
որ
Դաւրէժէ`
Գմբէթկ
բերդը
փոխադրուել
ես:
Գուրգէն
այս
պատմութիւնը
լուռ
մտիկ
ընելեն
վերջ`
—
Հիմա
ո՞ւր
է
Վահրիճ,
—
հարցուց:
—
Այստեղ
դուրսը
պէտք
է
լինի:
—
Ինչո՞ւ
չերեւար
անպիտանը,
—
ըսաւ
Գուրգէն
քմծիծաղով
եւ
իւր
մեծ
ձայնով
գոչեց.
—
Վահրի՛ճ:
—
Հրամայէ՛,
Տէր,
—
ըսաւ
հաւատարիմ
ծառան
եւ
եկաւ
ձեռքը
պագաւ:
—
Ինչո՞ւ
չես
երեւար,
Վահրիճ,
դու
որ
այնչափ
հոգ
տարեր
ես
իմ
վրաս,
գերութեանս
ժամանակ:
—
Միթէ՞
քեզի
ծառայողը
կրնար
ուրիշի
ծառայեղ,
որ
անհոգ
լինէի,
—
Լաւ՛,
լաւ՛,
գնա՛
հանգչի:
Եւ
դառնալով
Խոսրովու
—
Հիմա
մենք
ի՞նչ
պիտի
ընենք,
այն
ինձ
իմացուցէք:
—
Մենք
հիմա
մէկ
երկու
ժամ
հանգչելէ
վերջ,
կ'ելնենք
ճամփայ,
երեկոյեան
Խոյի
գիւղերեն
մէկուն
մէջ
կօթեւանինք.
եւ
երկրորդ
օրը
կը
հասնինք
Կ'անգուար:
—
Լաւ՛:
Նոյն
միջոցին
պատանին,
որ
Վահրիճ
մտած
ատեն
դուրս
ելած
էր,
բերաւ
սենեկին
մէկ
անկիւնը
ահագին
սուր
մը,
վահան
մը
եւ
նիզակ
մը
գրաւ:
—
Այս
քու
քեռորդիդ
զարմանալի
տղայ
է,
Խոսրով,
ամէն
բան
կը
մտածէ,
—
ըսաւ
Գուրգէն
ժպտելով:
—
Այո`
ամէն
բան:
—
Հիմա
ո՞ւր
գնաց:
—
Ինք
առանձին
սենեակ
մ՚ունի,
այնտեղ
գիշեր
կանցնէ,
վաղն
առաւօտ
կ'ուգայ`
կը
տեսնուինք:
—
Աստուած
զինք
պահէ:
Եւ
Գուրգէն
էլ
չի
խօսեցաւ
ու
տարածուեցաւ
քուն
եղաւ:
Իսկ
Խոսրով
իւր
վերջին
պտոյտն
եւս
ըրաւ,
պահապաններն
որոշեց,
եւ
եկաւ
Գուրգէնի
սենեակը
քնելու: