Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ՊՈԵՄԱՆԵՐ 

«ՏԱՏՐԱԳՈՄԻ ՀԱՐՍԸ» 

Զարեանը մօտէն կը ճանչնամ եւ անոր տաղանդը գնահատողներէն առաջինն եմ գրեթէ։ Խորունկ արուեստագէտ, եւրոպական առաջապահ շրջանակներու մէջ իր իմացականութիւնը մարզած, իր կապը խզելու չափ իր ցեղին աւանդութիւններէն։ Միեւնոյն ատեն թափանցումով հզօր աչք մը, որ մարդերէն եւ կացութիւններէն կը զատէ ծիծաղելին եւ զայն ջնարակած, սրցուցած՝ կը նետէ շրջապատին ու պատկերին վրայ։ Հետաքրքիր, շատ տեսնելու համար աչքերը գոցող եւ տեսողութեամբ առնուածը իր ներքին խոշորացումին մէջ ձեւազերծող այս արուեստագէտը ամէնէն քիչ բանաստեղծական զգայնութիւնը ներկայացնողն է մեր վերջին տասնամեակին։ 

Այս ընդհանուր հաստատումներուն նպատակը անշուշտ չի վրիպիր ձեր ուշադրութենէն. որքան ալ տիրապետած ըլլանք ձեւերուն քմայքները, պատկերներու ստեղ մը, փոխաբերութեանց մեքանիզմը եւ բարբառին ներքին շողիւնները ու բառերուն գաղտնի մեղեդին, չենք կրնար կառուցանել գործ մը, ուրկէ պակսի բանաստեղծական ամէն գործի հիմնական նախանիւթը զգայնութիւնը։

« Տատրագոմի հարսը » փաստ մըն է այս դժբախտ օրէնքին։ Տեսիլք, խորհուրդ, գոյներու թելադրականութիւն, անակնկալ շարժումի արձակում ու ծաւալում դէպի խորերը մեր իմացականութեան, գիւտ, ասոնք բոլորը կան « Տատրագոմի հարս »ին մէջ։ Ու կան պերճութեան, երբեմն անկարելի ըսուելու չափ ինքնեկ շողիւնով, բայց հատուածօրէն, մանրամասնութեանց հանդէսով։ Կարծեմ հրապարակը զբաղեցաւ այս տուրքերով։ Բայց քերթուած մը, ըսել կ՚ուզեմ՝ հնչեակ մը կամ քիչ մը աւելի մեծ բռնուած ոտանաւոր մը կրնան փրկուիլ այս առաքինութիւններով։

Զարեանի մարզանքները, իր տաղանդին կազմութեան զուգադիպող բանաստեղծական «ոսկերչութիւն» մը զինքը ընդունակ կ՚ընէին թերեւս հատուածանկարի փոքր ասեղնագործութեանց, շլացիկ գեղօրներու ու քիչ մը սալոն հոտող թանկ առարկաներու ցուցադրումի մը։ Տխուրը հո՛ն է, որ ամէն մարդ շփոթուի իր իսկ ընդունակութեանց իմաստին վրայ եւ փորձէ գործեր, որոնք սեղմելի չըլլան իր տարողութեանց պարունակին մէջ։ Իբրեւ ճամբորդ միայն իր երկիրը տեսնող, իբրեւ օտարական մեր գեղացիին հետ խօսող եւ հանդէսներու ատեն յեղափոխութիւնը ճանչցող մտքի մը համար դժուար է համադրել մեր ամէնէն պղտոր, նայուածքէ փախչող, խելքը վիրաւորող եւ տրամաբանութիւնը սպաննող վերջին երեսնամեակը, ուր մեր ցեղը ըրաւ իմացօրէն նուաճումի տակ չինկող, ճիշդ բառով մը՝ կոյր ընդվզումներէն մեծագոյնը։ Մեր պատմիչներու տժգոյն էջերէն մեզ շղթայողներուն դէմ մեր ընդվզումը անկնիք, անհասկնալի վկայագրութիւն մըն է։ Գէթ ատ էր իմ տպաւորութիւնս, երբ՝ փոքր պատանի՝ հաղորդակից եղայ անոնց պատմումին։ Հիմա, աւերածէն յետոյ, հազիւ կ՚ըմբռնեմ քանի մը մեծ հոսանքները, որոնք իրենք զիրենք կրկնեցին դարերու ընդմէջէն։ Անկարելի է դուրսէն սորվուած, թելադրուած ցուցմունքներով թափանցումը ընել մռայլ այդ խորհուրդին։ Գաղափարները, որքան ալ մեծ ուղեղներէ բխած (ակնարկս կ՚երթայ օտարներու կողմէ մեր խորհուրդին վրայ արձակուած քանի մը ճառագայթներու, որոնց հետ շփում ունեցաւ Զարեան), չեն զօրեր մեզ առաջնորդելու արեան արգանդներէն։ Եւրոպայի մէջ իր զգայնութիւնը շինած մէկը անընդունակ էր այդ դերին. ահա թէ ինչու « Տատրագոմի հարսը » վիրաւոր է խորքէն։

Ստեղծումը, դիւցազներգակ ստեղծումը դարաւոր կուտակման մը արդիւնք է։ Դիտող եւ նկարող տուրքեր, մանրախոյզ ու հաշուող միտքեր կրնան մեր երկիրը ներկայացնել օտարներուն, գուցէ աւելի հարազատ, քան մերինները։ Բայց ապահով կրնաք ըլլալ, թէ պիտի չզգան զայն։ Ինծի համար՝ Զարեան oտար մըն է այս ուղղութեամբ, տեսակ մը մեր օրերու exotique, որ ի խնդիր գոյնի, նկարչական կայքերու եւ օրիանթալիզմ ի, Արեւմուտքէն Արեւելք կ՚ուղղուի եւ ճամբորդի զգայնութիւններով լեցնել կը յաւակնի իր հոգեկան գանձարանը։ Երկրի մը հոգին ամէնէն քիչ կը պարտակուի երկրի մը օդին մէջ. երկու տարի Հայաստանի օդը շնչելով մարդ չի կրնար իր հասակը հոն առած ծառին կամ կենդանիին պէս հարազատ ընել ինքզինք։ Եւ « Տատրագոմի հարս »ին վրիպանքը այս ճամբորդի աչքով տեսնուած եւ մունետիկի հոգիով արտաբերուած հայեցիութիւնն է։ Հոս՝ վճռական է իմ վերապահումս. քերթուածը վերէն վար արտաքին փայլ է, շողիւն, հրթիռ, պատկերներու հիւսիսայգ, բայց երբեք՝ հարազատօրէն հայ։ 

Չեմ գիտեր՝ Զարեան ո՞ր գեղացիին բերնէն լսեց հարսներգը, որ իր աչքերուն տրուեցաւ ապահովաբար երգարանի մը էջերէն։ Վստահ չեմ ալ, թէ իր մտքին մէջ յատակ ունի երկիրը, որուն վրայ պիտի թաւալէր գործողութիւնը։ Միամտութիւն է առնուազն հայ աղջկան բերնին մէջ դնել աշխարհիկ փարիզուհիի մը զգայական ամէնէն թիփիք բանաձեւը եւ ըսել տալ անոր անկարելի նախադասութիւնը: « Ես սիրեցի, մե՞ղք է սիրել »։

Չեմ ըսեր, թէ նման տարազ մը կրնայ չայցելել հայ աղջկան մը բերնին, բայց այդ ատեն ատիկա այլեւս կը դադրի ցեղային իր գոյնէն, ըլլալու համար հասարակ կին մը, որ արդի քաղաքակրթութեան լուսանցքին վրայ դերն ունի այրերու կիրքը յագեցնելու։ Այդպէս հայ աղջիկ գոյութիւն չունի։ Գոյութիւն չունի դարձեալ գեղացին, ճամբան կամ երկիրը, որոնց անունով մեզի կը մատուցուի ցեղին եղերական երեսներէն մէկը։ Տխրօրէն անյաջող է մա՛նաւանդ ֆետայիներուն նուիրուած դրուագը, ուր՝ կեանքին մէջ զէնք չբռնած մէկը կը յաւակնի հերոսական կռիւներ շքախմբելու եւ կ՚ըսէ անկարելի կացութիւններ։ Մարդիկ կը կռուին թուղթէն դուրս, Զարեանէն չհասկցուած ձեւերով ու աղմուկ ու բացագանչութիւն հեռու են մեզի զգալի ընելէ հոգին կռուողին, որ մեռաւ օր մը հայրենի լեռներուն վրայ եւ որուն ողբերգութիւնը դեռ կը սպասէ իր երգիչին։ 

« Տատրագոմի հարսը », անշուշտ, բաղդատելի չէ մեր նոր գրականութեան միւս, աւելի դժբախտ դիւցազներգութեանց հետ։ Անշուշտ աւելի կ՚արժէ, քան ինչ որ տուած են մեր ռոմանթիքները ու պիտի ըսեմ՝ մեր արուեստագէտ սերունդը։ Եթէ վրիպած է, օրինակի մը համար, « Իգիտ Տօնէլ »ը (Վարուժան) իբրեւ հարազատութիւն, հայեցի պատմում, տրամաթիք գործողութիւն, սակայն փաստ մըն է շրջանի մը ճաշակին, իբր լեզուի փարթամութիւն, ու նոյն ատեն՝ տկարագոյն գործը մեծատաղանդ բանաստեղծի մը։ Հանգիտութիւնը կը պահեմ Զարեանին ալ վրայ. արդի արձակին ամէնէն ճկուն աշխատաւորը, Կոստան Զարեան, սխալն է ըրած լեզուական տարրերով դիւցազնավեպ կառուցանելու։ 

* * *

Արուեստի գործերը՝ մարդերու ծնունդ՝ մարդոց նման ենթակայ են ճակատագրի խաղերուն։ Հրապարակը, որուն դատաստանը ամէնէն առաջ Զարեան ինքն է, որ կ՚ուրանայ, ապահովաբար գէշ ծառայութիւն մը ըրաւ տաղանդաւոր արուեստագէտին, անոր թելադրելով անյարմար, գուցէ կորստաբեր ուղղութիւններ։ 

« Անցորդը եւ իր ճամբան » ունէր շքեղ էջեր, մոռցնել տալու չափ օտարութիւնը Զարեանի աչքերուն։ Տպաւորիչ էր իր նայուածքը, երբ վտարանդի բանաստեղծը, տարիներու կարօտէ մը յետոյ, կը բռնուէր դէմ յանդիման Արարատին։ Ազգայնական լարին այս անակնկալ զարկն էր, որ խանդավառեց շրջապատը եւ ինքն իսկ՝ Զարեանը։ Գուցէ այս խանդավառութիւնն էր, որ թելադրեց իրեն խորանալ նաեւ մեր երկրին ընդերքին եւ անոր խորհուրդը արտաբերել՝ վրան շրջող մարդերու միջոցաւ։ Այս ձեռնարկին համար անիկա զուրկ էր անհրաժեշտ պատրաստութենէն։ Փոխանակ խորը իջնելու՝ շրջեցաւ հոս ու հոն, երանգապնակը ձեռքին, եւ ապրեցնելու տեղ՝ նկարեց։ Զանգուածը յաւիտենական մանուկն է. ան պիտի խանդավառուի պոռացող ու խոշոր ամէն գործով։ Եւ ատիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ աղմուկ եւ ցոյցի հանդէպ մարդոց բնական ուրախութիւնը։ 

Շրջանի մը արուեստը կը տիրապետուի զանգուածը լարող, զայն ամէնէն աւելի հարազատութեամբ արտայայտող, անոր հետ նոյնացող արժէքներով։ Դիտուած է, շրջանի շրջան, որ հրապարակը տիրապետուի արժէքէ աւելի՝ զայն ունենալ ձեւացնող յաջողակ մարդերով։ Չվիրաւորելու համար մերիններուն բարձրակառոյց մեծամտութիւնը, օրինակը կ՚առնեմ ֆրանսական գրականութենէն։ Փրուստի դարը (այդպէս պիտի կոչուի անիկա քսան մը տարի ետքը) գրեթէ անգիտացաւ իր ամէնէն մեծ զաւակը` անշուշտ քանի մը հոգի գիտակ էին ընդարձակութեանը եւ խորութեանը անոր գործին, բայց շրջանին գերագոյն արժէքը Անաթոլ Ֆրանսի մէջ կը կայանար։ Յիսուն տարի ետքը, Ֆրանսի վէպերը գուցէ ընկղմին միջակութեան եւ կորուստի ծանծաղուտին մէջ, ուր կը հանգչին Օքթաւ Ֆէօյէի վէպերը եւ Ֆրանսուա Քօփէի քերթուածները։ Ատոր համար է, որ իմ աչքիս զանգուած է ամէն դատող, որուն իմացական մակարդակը կը կրկնէ շրջապատի գլխաւոր հոսանքները։ 

Մասնաւորելով խօսքս մերիններուն, չեմ կրնար ըմբռնել, թէ ի՞նչ կապ ունի դատելու գործը Ա. Ահարոնեանի խանդավառութեան եւ միացումին հետ, որպէսզի նուիրագործուած արժէքներու քմահաճ շրջում մը, իբրեւ ընթերցողի ցուցմունք կամ տպաւորութիւն, հրամցուէր մեզի։ Չեմ գիտեր ի՞նչ է հետապնդածը Ա. Չօպանեանին, երբ Զարեանի քերթուածը արձակ կը պատմէ մեզի, ճիշդ եւ ճիշդ կրկնելով արեւելահայ ծանծաղ վերլուծումին անհանդուրժելի տափակութիւնը եւ իր եռանդին մէջ կը ցատկէ գործին բոլոր վէրքերուն վրայէն։ 

Կանգ առի այս անուններուն վրայ, որոնց գնահատման կշիռը անվերապահ հակում մըն էր դէպի արժէքը այդ գործին։ Ժխտողներուն անցնելու համար, ըսեմ, թէ չեմ նեղուիր բարեխառն դատումներէն, որոնք գործը հաւասար գօտիներու բաժնեցին առաւելութեանց եւ թերութեանց համահաւասար չափանիշներով։ Որքան կը յիշեմ, Գ. Մխիթարեանն էր, որ առաջին ախտաճանաչումն ըրաւ Զարեանի դիւցազնավեպին։ Աւելի նորերու աւելի բիրտ ուրացումը չեմ կարծեր, որ ինքնատիպ բաներ ըսելու մարմաջի մը հնազանդի։ 

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ 

Տագնապի մը պատճառները դասակարգելու համար, մարդիկ գիրք կը գրեն քանի մը հատորնոց. գուցէ իրաւունք ալ ունին, մա՛նաւանդ՝ երբ հարցը դրամի, հանքածուխի կամ քարիւղի վրայ է…։ 

Ի՞նչն է պատճառ, որ ամբողջ դար մը (18րդ), ֆրանսական միտքը ծնունդ չտուաւ ոչ մէկ բանաստեղծի։ 

Այո՛, պատասխանները պատրաստ են, գիտական ոգի, համայնագիտութիւն, եւայլն։ Նուա՞զ գիտութիւն կար 19րդ դարու կէսէն ասդին, ուր մեզի տրուած է տասնի մօտ բանաստեղծներու գոյութիւնը հաստատել։ Քննադատի աճպարարութիւն է Լամարթինը կապել յեղափոխութեան չափազանցութիւններուն եւ կրօնքի դէմ յարուցուած հալածանքին։

Անշուշտ բանաստեղծը ծնունդն է ժամանակի մը, բայց երբեք ժամանակը չէ զայն ծնողը. անիկա կու գայ առանց պատրաստութեան, առանց մունետիկի։ Եւ ա՛ն է բանաստեղծը։ Ի՞նչ կապ ունի Ռէնպոն Երրորդ Հանրապետութեան շատ քաղքենի, շատ casé, շատ գիտուն ոգիին հետ։ Ո՞վ կարապետեց Դուրեանը։ Ո՞վ մեզի բերաւ Մեծարենցը։ Եթէ Սիամանթոն եւ Վարուժանը պայմանաւոր են ցեղին ողբերգութեամբը, պարագայի, հետեւաբար կորնչական բանաստեղծներ են։ Զանոնք փրկելու համար, պետք է փնտռել իրենց մէջ ինչ որ պարտական են միմիայն իրենց, ամէնէն քիչ՝ իրենց շրջապատին։ Այս ըմբռնումով, բանաստեղծը դուրս է ժամանակէն։

Այս ընդլայնումէն յետոյ ինքնին կը հետեւի, որ բանաստեղծութեան տագնապ մը գոյութիւն չունի։ Պակսողը՝ բանաստեղծն է, որ կրնայ վաղը յայտնուիլ ու յայտնուիլ Եգիպտոսի, ինչպէս Ֆրանսայի խուլ մէկ անկիւնին մէջ։ Ճիշդ է, թէ այսօր բանաստեղծութիւնը այն չէ, ինչ որ էր, օրինակի համար, Պայրընի շրջանին, ուր քերթուածները իմացական սնունդը կու տային ընտրանիին եւ ոտանաւորը մագաղաթի մը արժէքը ունէր։)

Ճիշդ է, թէ մարդիկ ականջ չունին քարոզի, մարգարէութեան, հսկայ պարսաւի կամ երկնային հովուերգութեան, որոնք Հիւկոյի, Վինյիի, Լամարթինի անուններն ու դէմքերը կիսաստուածացուցին։ Բանաստեղծի միսիան, ուղղափառ մը պիտի ըսէր՝ առաքելութիւնը, այսօր կը շփոթուի աժան տոնքիշոթիզմի մը հետ։ Ե՞րգն է, որ կը պակսի. ոչ մէկ ատեն մարդկային դժբախտութիւնը պիտի չդադրի սեւնալէ քաղաքներու ընդերքին կամ գիւղերու ծուխին մէջ։ Գուցէ դէպի հաւաքական զայրոյթ մը, դէպի « էպիքական լուսաբաց »ները ու դէպի հսկայ բախումները ճամբայ կը հարթենք։ Եթէ անհատին բխումը եղող քնարականութիւնը յատկացնենք զանգուածին ու անոր ալեկոծումներուն արտայայտութեանը, նոր ժամանակներու քերթողութիւնը կրնայ շրջուած դիւցազներգութիւն մը դառնալ եւ ցնցել մարդերը։ Կը սպասենք անոնց, որոնք պիտի գիտնան սանձել զանգուածին կիրքերը, խողովակել զանոնք իրենց երակներէն ու ժայթքել մեր վրայ, արիւնի անձրեւի մը նման։ Թո՛ղ գան բարով այդ մարդիկը։

Այս ամէնէն ետք՝ թեքնիք, rapsodie, տաղաչափական տարազներ, ազատ քերթուած եւ անոր կապուած տեսութիւններ ինքնին կը դադրին կշիռէ։ Եկողները պիտի արտայայտեն իրենք զիրենք ձեւով մը, որ կը խուսափի մեր սեւեռումէն։ Բարեբախտաբար, մեր բանաստեղծութիւնը ամրապինդ աւանդութիւններու զրահաշապիկ մը չի պարտադրեր մեր քերթողներուն։ Բարեբախտաբար, համեմատական նորութիւնը մեր արուեստին զայն բաւական առաձիգ կ՚ընծայէ, կաղապարելու համար նոր ձեւեր՝ զգալու եւ արտայայտելու։ Վերջին տասնամեակին ոչ մէկ բանաստեղծի եղանակ բաւական եղաւ ինքզինք հարկադրելու, նշան մըն է ասիկա, թէ ամէն ինչ ծփուն է տակաւին շրջանին մէջ, թէ՝ մեր տղաքը չեն նուաճած շրջանի զգայնութեան գլխաւոր երակները եւ բաց են դուռները բոլոր կարելիութեանց առջեւ։ 

Բուն բանաստեղծական մարզէն դուրս, արուեստի միւս սեռերուն մէջ վէպ, օրագիր, ինքնավերլուծում, նոյնիսկ քրիթիք ու հեքիաթ ճիգ մը կայ դարմանելու չափածոյ բանաստեղծութեան նուաղումքը։ Եւ ասիկա կը դիտուի նաեւ օտար ժողովուրդներու արուեստին մէջ։ Շատ մը վէպեր իրենց իբր մթնոլորտ ունին բանաստեղծական լինելութիւն մը, ճիշդ ա՛ն՝ որուն դէմ խաչակրութեան է ելած իրապաշտ դպրոցը: Զարեանի յուշերը, ինչպէս Շուշանեանի վէպերը (մերիններէն) ծանրաբեռն են այդ մթնոլորտով։ Փոխարինութի՞ւն մը ասիկա՝ այդ երկու հեղինակներուն վրիպանքը հակակշռելու համար չափուած բարբառին մէջ, կարելի է։ Դիտողութեանց սառնութիւնը, համբերութիւնը, պրկուած կեդրոնացումը, որոնք հաստատ տարրերը կը մնան ամէն հաստատ կառուցուի, փոխարինուած են այս flottementով։ 

ԻՍԿ ՄԵՐ 150 ՔԵՐԹՈՂՆԵ՞ՐԸ… 

Հետաքրքրական են ձեր թիւերը։ Ոչ մէկ շրջանի մէջ հայ գրականութիւնը մուսաներու այդքան սպասարկու ունեցած է։ Բայց  աւելի հետաքրքրական է, որ իմ ուշադրութիւնս կարենայ այդ բանակէն հազիւ 5–6 հոգիի շուրջը տեսակ մը կիսաստուեր նշմարել։ Պէտք է սակայն հաւատալ ձեր թիւերուն բարբարոս իրականութեան։ 

Ապահովաբար կարեւոր մաս մը անոնցմէ, ամէն դպրոցականի պէս, գրականութենէն ներս իր սկիզբը ըրած է «աստուածներու բարբառ»ով։ Բայց պետք է լուրջ ըլլալ եւ մէկ հարուածով այդ անուններուն երեք չորրորդը զրկել լրջութեան կշիռէն։ Իբրեւ ուսուցիչ, առիթն եմ ունեցած հանդիսատես ըլլալու տղոց մէջ յաճախակի հնչող մուսաներու զարթօնքին։ Երբեմն փառասիրութիւնը, երբեմն յիմարութիւնը այդ տղաքը տարած են դէպի խմբագրատունները։ Եւ անոնց ստորագրութիւնը դրացիին աղջկան մօտ ծիծաղելի ցուցադրումէ մը անդին չանցնող նանրամտութեան մը փաստը կու տայ։ Չարժեր զբաղիլ անոնցմով, ինչպէս չեն զբաղիր իրենք՝ ամէնէն առաջ, երբ անգամ մը անցնին «ճերմակ մօրուսութեան» շրջանը։ Դարձեալ նկատի չունիմ սրտառուչ ծերութիւններ, որոնք կը կրկնեն այսօր ինչ որ թոթոված էին իրենց պատանութեան առաջին տարիներուն։ Կը խնայեմ անուններ։

Բացէ՛ք 900ի թերթերը, ուր պիտի հանդիպիք մարդերու, որոնք այսօր նորէն կ՚երեւան սանկ ու նանկ թերթերու անկիւններէն։ Իրենց մեղքը կը բաւէ իրենց…։ Պէտք պիտի ըլլալ կենալ 5–6 անուններու շուրջ, որոնք զատուէին կարաւանէն եւ իրենց ինքնութիւնը պարտադրէին մեզի։ Դժբախտաբար այդ շեշտ նուաճումը, ինքզինքը հարկադրելու այդ բարբարոս կամքն է, որուն ամէնէն քիչ կը հանդիպինք ընդհանուր անարիւնութեան սա օրերուն։ 

ՔԱՆԻ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ 

Առաջին հաստատումը՝ մեր բանաստեղծութեան արդի վիճակին վրայ, տիրապետող դէմքերու պակասն է։ Թերեւս մեծութեան այս ճնշումին բարձումը մեր քերթողութեան վրայէն՝ ոմանք նկատեն բարերար, տրուած ըլլալով մեծ անձնաւորութեանց տիրապետող նկարագիրը, որ փոքրերը, միջակները պիտի մղէր կապկումի ու փասթիշ ի։ Այսպէս եղած է անցեալին մէջ արդէն։ Բայց, միւս կողմէ՝ նորերը կը փորձեն օրէնքի վերածել իրենց սանձարձակութիւնը։

Այսօր ո՛չ մէկ հեռանկար, ո՛չ մէկ իտէալ, ո՛չ մէկ թաքուն  կամ յայտ սրբութիւն կայ, որ զօրէր իրեն կապուած պահել մեր տղոց զգայութիւնները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինքը ունի կեդրոն եւ սկիզբ, բայց մենք, ազգովին խեղճ, մեր ազգէն աւելի փոքր ենք, երբ ձգուինք մենք մեզի։ Եթէ Ցեղը ապրեցաւ ու եկաւ մեզի, իր պատրանքին մեծութեան կամարովն էր որ եկաւ։ Հազար տարի մեր եկեղեցին «հրեղէն սիւն»ի մը նման իր կաթողիկէն վեղարեց մեր տեղերուն ու լեռներուն բարձունքին։ Այսօր, վերջին պատրանքին ալ փշրումէն յետոյ, մեր տղաքը օտար ոստաններու, օտար յուզումներու կը բանան իրենց ջիղերը։ Կամ իրենց փոքր անցեալին անբաւական պարզութիւնը, սակաւութիւնը կը յեղյեղեն։ 

Ձեր թուած հարիւր յիսուն բանաստեղծներէն՝ հաւաքական դիմագիծ դուրս չի գալ դժբախտաբար։ Դժբախտութիւնը աւելի մեծ է, երբ հարիւր յիսուն պարմանի սրտեր չեն կրնար տեմպը տալ մեր հաւաքական արիւնին։ Հաւաքականութեան այս վրիպանքը չի փրկուիր անհատներուն մեծութեամբը եւ նորութեամբը։ Մեր տղաքը իրենց ցեղին չպատկանելէ զատ, հազիւ թէ կը պատկանին իրենց ժամանակին ու նոր միջավայրին, ան ալ քանի մը բացառիկ մարզերով։ Այսպէս՝ քաղաքը եւ իր անձուկը, օտար երկինքն ու անոր սառոյցը կամ անգութ կրակը տարտամ մուտք մը կը փորձեն քանի մը տղոց մէջ, անօթութեան կամ երազին կածաններէն։ Հասկնալի է, որ սեռային յոյզը՝ հեշտանքի ակօսով, ներքին մաշումի խուլ հետքով, անխոստովան ցաւերու եւ մզմզուքներու սպառումին ընդմէջէն՝ մեր պարմաններուն երգը անճանաչելի ընէ զանգուածին։ Իմ հաշւոյս, համակրելի բան մը կայ այդ կէս ըսուած, ըսուելէն ամչցուած, դալկահար dictionին մէջ, որ անոնց քերթողութիւնը կը վերածէ մեղքի եւ սիրոյ համանուագի մը։ Սիրոյ, ցաւի, կարօտի, զգայական յանդգնութեան, ախտագին սրսփուքի, նոր զգայութեանց ետեւէն խուլ ու յամառ արշաւի, լքումի, դառնացումի, անզօր համակերպումի միացումը անխնամ, անտարազ, ապերասան թեքնիքի մը վրայ, գրեթէ տուած եղայ մեր նոր քերթողութեան գլխաւոր յատկանիշները։

Այս տողերը թելադրելու ատեն, աչքիս կը պատկերանայ մօտաւոր անցեալը, երբ գէշ-աղէկ երկիր մը ունէինք մեր ոտքերուն տակ։ Այդ օրերուն՝ բանաստեղծը անշուշտ շատ չէր տարբերեր մեր նոր տղոցմէն, բայց իր բախտին կամ դժբախտութեանը մէջ ան իրեն հետ ունէր մթնոլորտին պաշտպանութիւնը։ 

Չեմ ոգեկոչեր քիչ մը աւելի հեռուները, վանքի մը պարիսպովը մեկուսացուած՝ կեանքին դժոխքէն։ Անոնց քերթողութիւնը

49 

քիչ մը շատ ակադեմական, վարդապետական մէկ երեսն է մեր ցեղին մէկ պահին։ Իմ նայուածքս աւելի մօտէն կը ծանրանայ միւսներուն. անոնք ալ խոշոր դէմքեր (կամ խոշորցուած), միշտ իրենց հետ ունեցան գուրգուրանքը իրենց ցեղին։ Այսօրուանները՝ սիրտէ եւ աչքէ հեռու, լքուած իրենց իսկ հոգիէն, սրտառուչ բանով մը կը մեծնան իմ աչքիս, երբ կը յամառին հաւատարիմ մնալ հին աւանդութեան եւ կը գրեն իրենց քերթուածները, մինչ պարապ է ոլորտը իրենց շուրջ։ Ոչ ոք կը հասկնայ զիրենք։ Առանց ազգային հաւաքական հեղանիւթէն թարմանալու, որքա՞ն ատեն մեր նորերը պիտի շարունակեն իրենց պապերուն կողմէ մթերուած աւիշովը կեանքի մէջ պահել իրենց քերթուածները, պիտի ըսէ ատիկա ապագան։