ՀԱՅ
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1.
ՀԱՅ
ԹԱՏՐՈՆԸ
Իբրեւ
արեւելքցի,
մեր
անտարբերութիւնը
հանդէպ
թատրոնին՝
առհաւական
է
գուցէ։
Փաստ
է,
բաւական
զօրաւոր,
որ
Արեւելքի
բոլոր
գրականութիւնները,
երբեմն
այնքան
գերազանց՝
Արեւմուտքի
մէջ
փորձուած
զանազան
սեռերու
տեսակով
(քնարերգութիւն,
դիւցազներգութիւն),
շատ
տարրական,
չըսելու
համար՝
նախնական
գործողութիւն
մը
հազիւ
կրցած
են
ոտքի
կեցնել
բեմի
վրայ։
Արեւելքի
երեք
մեծ
գրականութիւնները
(հնդկական,
չինական,
պարսկական)
թատրոն
չունին։
Շատ
պատճառներ
կարելի
է
գտնել
այս
վրիպանքին։
Մեր
ժողովուրդը՝
արեւելեան
կրթութեամբ՝
մանաւանդ
ճակատագրին
բացառիկ
մէկ
կարգադրութեամբ
(դարաւոր
գերութիւն),
ազատներու
պայքարը
խորհրդանշող
արուեստի
այդ
ձեւին
անհաղորդ
մնաց,
նոյնիսկ
երբ
խորտակուեցաւ
աւանդութեան
շղթան։
Կէս
դար
առաջ,
թատերական
հարցերու
շուրջ
ոգեւորութիւն
մը
պայմանաւոր
էր
հանդէսներու,
ցոյցերու,
բառի
եւ
բարբառի
հանդէպ
մեր
բնական
տկարութեամբ։
Օտար
էր
այդ
ոգեւորութիւնը,
քանի
որ
գործերը
չեկան
մեզի։
Այսօր՝
մեր
տարտղնումը,
զանգուածէ
աղքատացումը
եւ
ընթացիկ
կարգ
մը
ճնշումներ
(գլխաւորաբար
սինեման)
գրեթէ
անկարելի
կը
դարձնեն
մեր
մէջ
ազգային
թատերական
դիմագծի
մը
գոյութիւնը։
Թատրոն
մը
կը
սնանի
զանգուածով
ու
անո՛ր
է,
որ
կ՚ուղղուի։
Պատերազմէն
ետք,
Պոլսոյ
մէջ
վաղանցուկ
գործունէութիւն
մը
անկարող
եղաւ
թատերական
գրականութիւն
մը
ստեղծելու:
Եւ,
աւելի
paradoxal,
վերջին
տասնամեակին
մեզի
եկան
բազմաթիւ
թատերական
գործեր,
երբ
մեր
թատրոնը
լռած
էր
արդէն։
Այնպէս
որ՝
այդ
գործերուն
անդարմանելի
տկարութիւնը
հասկնալի
կը
դառնայ,
երբ
ուշադրութեան
կանչենք
սա՛
կարեւոր
պարագան,
որ
սեղանի
ընթերցումի
համար
պատրաստուած
այդ
ձեռագիրները
նկատի
չեն
ունեցած
թատրոն
մը
ու
լայն
լեցնող
ժողովուրդ
մը։
Հասարակաց
է
ասիկա
բոլոր
խաղերուն
համար
ալ։
2.
ՄԵՐ
ԹԱՏԵՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
-
ԼԵՒՈՆ
ՇԱՆԹ
Շանթի
թատերական
գրականութիւնը
ինքնաբերաբար
կը
բաժնուի
երկու
շրջանի.
առաջին
շրջանի
լաւագոյն
եւ
արժեքով
գործը
կը
նկատեմ
«
Կայսրը
»,
ձգելով
«
Հին
աստուածներ
»ու
անարժան
համբաւը
անգիտաց
վայելումին։
Պատերազմէն
ասդին՝
Շանթը
տուաւ
գործեր,
յաւակնութեանց
ընդարձակ
շրջագիծով
մը,
որոնք
չարդարացան։
Իր
«
Շղթայուածը
»,
ընկերային
խորքով,
symbolique
եղանակով,
շատ
մօտէն
կը
յիշեցնէ
Հաուսթմանի
«
Ջրասոյզ
զանգը
»
եւ
անոր
թեքնիքը։
«
Ինկած
բերդի
իշխանուհին
»
տխուր
է
հաստատել,
որ
կու
գայ
Ալ.
Տիւմայէն։
Այս
անժամանակ
ռոմանթիզմը
տհաճութիւն
միայն
կ՚արթնցնէ
մեր
մէջ։
Այնպէս
որ՝
արդի
թատրոնին
ամէնէն
մեծ
վաստակաւորին
այս
վրիպանքը
դատաստան
մըն
է
ինքնին
եւ
մեր
մէջ
կը
խորտակէ
ամէն
լաւատես
տրամադրութիւն
մեր
թատրոնի
ապագայէն։
Մեր
աշխատանքին
շրջանակը
չ՚արտօներ,
որպէսզի
վերլուծուին
պատճառները
այս
անյաջողութեան։
3.
«ԿԱՅՍՐԸ»
«
Կայսրը
»
իսկական
թատերախաղ
է,
հակառակ
հեղինակին
մնայուն
ճիգին,
որով
կը
յամառի
բեմին
վրայ
սէմպոլ
ներ
արձակել։
Խաղը
կ՚ազատի
սէմպոլին
ճնշումէն
եւ
վտանգէն,
կեդրոնական
մէկ–երկու
անձերուն
իսկապէս
տրամաթիք
նկարագրովը։
Չեմ
գիտեր
ինչո՞ւ
կը
տարուիմ
խորհելու,
թէ
ի՜նչ
գուրգուրանքով
արդեօք՝
Լեւոն
Շանթ
յղացած
է
Հաննայի
տիպը,
որ
դժբախտաբար
չէր
կրնար
փրկուիլ,
հակառակ
հեղինակին
առաջադրութեան,
այն
պարզ
պատճառով,
որ
սէմպոլը
մարդ
չէ։
Բայց
այս
եղանակը
կը
յատկանշէ
իր
ամբողջ
թատերական
ստեղծագործութիւնը,
ուր
խոշոր–խոշոր
գաղափարներ,
քանի
մը
խանձարուրի
մէջ
առնուելէ
յետոյ,
թխմուած
են
մարդոց
կաշիին
մէջ։
Այս
եղանակը
արդէն
մեռած
մասն
է
իր
գործին։
Բարեբախտութիւն
է,
որ
«
Կայսրը
»
այնքան
քիչ
ունենայ
անկէ
(Օհան
Գուրգէնի
մէկ
քանի
պահերը
եւ
ստուեր
Հաննան)։
Փոխարէն՝
կենդանի
կին
մը,
դրուած՝
թատերական
շատ
շեշտ
իրադարձութեանց
անուաշարքին
մէջ։
Անով
Շանթ
փաստը
կու
տայ
յուզում
մը
ստեղծելու,
զայն
ղեկավարելու,
գագաթելու
իսկապէս
տրամաստեղծ
իր
կարողութեան։
Խաղին
մնացեալ
մասերը,
բոլորն
ալ,
իրական
գետնի
վրայ
փոքր
իրենց
միջոցներուն
փոքր
նպաստովը
կը
փրկուին
ծուխ
ու
ստուեր
ըլլալէ։
Մնաց
որ,
փոքր
տիպարներու
հետ
այս
յաջողութիւնը
ընդհանուր
յատկանիշներէն
մէկն
է
մեր
թատրոնին,
որ
ողբալիօրէն
անկար
է
protagoniste
nտքի
կեցնելու:
4.
ՇԻՐՎԱՆԶԱԴԷ
ԵՒ
ԼԵՒՈՆ
ՇԱՆԹ
Շանթ
որեւէ՛
կապ
չունի
արեւելահայ
թատրոնի
վարդապետութեան
եւ
որդեգրած
սկզբունքներուն
հետ։
Անիկա
հիմնովին
կ՚ուրացուի
արդէն
արեւելահայ
քննադատներէն,
եթե
նկատի
չառնենք
«
Հին
աստուածներ
»ու
ստեղծած
թայֆայական
արտայայտութիւնները։
Քանի
մը
զօրաւոր
գաղափարներ,
որոնց
գեղեցկութեանը
ու
արժէքին
բաւական
ուժեղ
հաւատք
մը
կ՚ընկերանայ
միշտ,
ահա՛
գլխաւոր
զսպանակը,
որ
Շանթը
մղած
է
բեմին։
Իրեն
համար
բեմը
գետին
մըն
է
այդ
գաղափարները
դնելու,
վիճաբանութեան
ենթարկելու
եւ
մասսային
մէջ
անոնց
թափանցումը
կարելի
ընծայելու:
Այս
ճարտարանքին
համար՝
անիկա
անյարմար
գտաւ
վէպի
dialogueը
եւ
բեմին
raccourciն,
ուրիշ
արուեստներէ
փոխ
առնուած
ազդու
միջոցներու
նպաստովը
զայն
կենսաւորելու
ձգտումով
մարդեր
դիմակաւորեց.
մինչդեռ
Շիրվանզադե
գրեց,
կեանքը
եղածին
պէս
տալու
յաւակնութեամբ,
ուրանալով
գաղափարներու
կշիռը։
Շանթի
մէջ
մտածման
սարուած,
Շիրվանզադէի
մէջ՝
իրականութեան
բնազդ.
անոնք
պէտք
չէ
մօտեցուին
իրարու,
քանի
որ
այդ
մերձեցումը
տեսակ
մը
բախում
պիտի
ըլլայ,
հաւասարապէս
խորտակիչ՝
երկուքին
համար
ալ։
5.
ԵՂԻԱ
ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Շանթի
ազդեցութիւնը
մէկ
կողմէ,
արեւմտեան
թատրոնին
մէջ
ներկայացուելէ
աւելի
ոճի
եւ
décorի
մտահոգութեամբ
տարուած
խմբակի
մը
օրինակը
միւս
կողմէ՝
մեզի
բերին
Եղիա
Գասպարեանը։
Անիկա
կը
դերապատկէ
dialogueի
շնորհիւ
եւ
զայն
մինակը
փոխարինող
կը
կարծէ
բեմական
մարդու
միւս
տուրքերուն։
Տխուր
է
խոստովանիլ,
թէ
Ե.
Գասպարեան
հիմնովին
անգիտակ
է
թատերական
մշակումի
պայմաններուն։
Չեմ
կրնար
հոս
առանձին-առանձին
քննութեան
ենթարկել
իր
թատերախաղերը,
որոնք
մեղաւոր
են
ամէն
բանով,
բացի
dialogueէն։
Մինչ
իր
վարպետը
dialogueէն
առաջ
ու
անկէ
աւելի
մտահոգուած
է
գաղափարներ
հարցով,
ինք
բաւ
կը
համարէ
կարծես,
որ
մարդիկ
խօսին
միայն
ու
խօսին
բանաստեղծօրէն,
ցած
ձայնով,
ինչպէս
պիտի
ընէին
արտասանողները՝
արձակ
քերթուած
մը
կարդալու
ատեն։
Յատկանշական
է,
որ
tragique
ու
պատմական
անձնաւորութիւններ
անհանգիստ
կ՚ըլլան
իրմով։
Իրագիտութեան
դասագիրքէ
մը
միտք
պահուած
այդ
թելադրանքը,
որ
արդի
կեանքը
անյարմար
կը
նկատէ
ողբերգութեան
եւ
արուեստագէտը
կը
ղրկէ
անցեալին,
պարզ
մարզանքէ
մը
անդին
չէ
անցած,
բայց,
մինչ
արուեստագէտը
կազմուելէ
յետոյ
այդ
փորձերը
կրակի
կու
տայ,
Գասպարեան
զանոնք
կը
յանձնէ
մեր
ամէնընկալ
մամուլին։
Չեմ
տեսներ
տարբերութիւնը
Պեշիկթաշլեանի
«
Վահան
Մամիկոնեան
»ին
եւ
Գասպարեանի
«
Տրդատ
»ին։
Կը
համակրիմ
իր
յաւակնութիւններուն,
բայց
այդ
չափը
չի
բաւեր,
որպէսզի
պատմութենէն
բռնի
հանուած
ու
բեմ
նետուած
մարդեր
իրենք
զիրենք
հարկադրեն
մեզի։
Արդիական
փիես
մը
կը
բաւարարուի
իր
մարդերուն
véritéով՝
պատմական
փիես
մը
հաւատարիմ
պիտի
ըլլայ
իր
ժամանակին,
ինչպէս
ամբողջ
մարդկութեան։
Դրէք
իր
մարդերը
իրենց
շրջանակին
մէջ
եւ
մտիկ
ըրէք
անոնց
լեզուն.
յուսահատական
է
տպաւորութիւնը։
Եր.
Գասպարեան
տարիներու
ճիգով
միայն
պիտի
ազատի
իր
սկզբնական
մեղքէն,
կ՚ըսեմ
ասիկա,
վասնզի
կը
հաւատամ
իր
dialogueին։
Լեզուի
այդ
շնորհէն
յետոյ,
արուեստի
միւս
պայմանները
նուաճելի
կրնան
ըլլալ,
բայց
ոչ`
թերթերու
էջերը
լեցնելու
աճապարանքով
մը։
6.
ՂԵՒՈՆԴ
ՄԵԼՈՅԵԱՆ
Հինէն
կարդացած
եմ
«
Դաւոյի
դաւաճանութիւնը
»,
բայց
չունիմ
ո՛րեւէ
տպաւորութիւն։
Ժամանակի
փոշին
չէ,
որ
սրբած
է
հետքերը
իմ
ընթերցումիս,
վասնզի
անկէ
շատ
աւելի
վաղ
շրջանի
գիրքեր
ունիմ
մտքիս
մէջ,
ամբողջական
գծագրութեամբ։
Չեմ
տեսած
իր
Arménoucheը,
որուն
համար
քննադատները
գովեստ
չգտան
շռայլելու։
Այնպէս
որ՝
իրմով
զբաղելու
հնարաւորութիւնը
կը
պակսի
ինծի։
Տխուր
է,
որ
մէկու
մը
մասին
նոյնիսկ
թերութիւններ
չկարենամ
ըսել։
7.
ՎԱԼԱԴ
ՎԱԼԱԴԵԱՆ
ԻԲՐ
ԹԱՏԵՐԱԳԻՐ
Վալադան
շփացած
զաւակն
է
մեր
հրապարակին,
մեծածաւալ
իր
վէպերէն
ու
պատմուածքներէն
ետք,
անկարելի
բան
չէր
զինքը
տեսնել
նաեւ
բեմական
մարզէն
ներս։
Եթե
նկատի
ունենաք
իր
վէպերը,
որոնք
երկարաշունչ
խօսուըռտուքներ
են,
առանց
կնիքի
եւ
բովանդակութեան
ու
արժէքով
որեւէ
տարրի,
չէք
զարմանար
իր
խաղերուն
ալ
հասարակութեան,
թատերական
յօրինում
է
փարսախներով
հեռաւորութեան։
Խղճմտութեան
այսքան
պակաս,
արուեստի
հանդէպ
այսքան
անփութութիւն
հազիւ
թէ
կը
հանդիպինք
մեր
նորագոյն
գրական
պատմութեան
մէջ։
Վարժապետներու
եւ
նման
անպատասխանատու
մարդոց
երեւումը
մեր
գրական
հանդէսներու
մէջ
ո՛չ
միայն
ճաշակի
աղճատման
փաստ
է,
այլեւ՝
մեր
գրականութեան
խոր
անկումին,
եւ
ասիկա
անանկ
ատեն
մը,
երբ
մեր
հանդէսները
իրենք
զիրենք
կ՚ապրեցնեն,
առանց
մեկենասի
մը
նպաստին։
Երեսուն
տարի
առաջ,
գաւառական
դպրոցի
տնօրէն
մը
տարեկան
հանդէսի
համար
իր
տղոցը
երբոր
dialogue
կու
տար
(կը
յիշեմ
շատերուն
մէջէն
Թլկատինցին),
աւելի
համեստ
էր
ու
խղճամիտ։
Երեսուն
տարի
ետք,
մեծազանգ
վէպերու
տէր
եւ
հեղինակ
Վալադեան
կը
մեղանչէ
այդ
համեստութեան
ու
խղճմտութեան
դէմ,
իր
անունը
զետեղելով
այն
էջերուն
տակ,
որոնք
իբր
թատերական
գրականութիւն
կը
հրամցնեն
մեր
հասարակութեան։
8.
ՅԱԿՈԲ
ՄՆՁՈՒՐԻԻ
ՓՈՐՁԸ
Սիրելի
պիտի
ըլլար
ինծի
Մնձուրիի
անունը
կարդալ
պատկերներու
եւ
պատմուածքներու
տակ,
որոնք՝
հակառակ
իրենց
ձգձգուած
նկարագրին՝
իրենց
մէջ
կը
մթերեն
որոշ
քանակ
մը
բարքի
ու
դիտողութեան,
տրուած
բաւական
փորձ
արուեստի
մը
ընդմէջէն։
Իր
թատերախաղը
նկարագիրներ
ունի,
տեղական
գոյն,
սրամտութիւն,
տեղ-տեղ՝
իսկական
բանաստեղծութիւն։
Ցաւալի
է,
որ
չէ
մշակուած,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
պատկերի
եւ
պատմուածքի
իր
վարժութիւններէն
չէ
հրաժարած
եւ
թատերական
դիպախաղը
լարելու
համար
ինկած
է
քմայքի
եւ
բռնազբօս
յարդարանքի
մէջ։
Մէկ–երկու
նման
փորձեր,
եւ
անիկա
պիտի
կրնայ
ազատել
իր
յօրինումը
այս
թերիներէն։
Կը
հաւատամք,
թէ
մէկ
կամ
երկու
արարնոց
պատկերներ
յարմարագոյն
գետինն
են՝
տրամաթիք
զգայարանքէ
զուրկ,
բայց
սուր
հեգնութեամբ
թրթռուն
իր
զգայնութիւնը
յայտնաբերելու։
Ըրած
է
ատիկա
Թլկատինցին
յաջողութեամբ։
Յակոբ
Մնձուրին
կու
գայ
արուեստի
աւելի
ընդարձակ
հանգանակներէ
ետքը։
Անգամ
մը,
որ
չէզոքացուին
իր
թերութիւնները,
իր
առաւելութիւնները
պիտի
է
կրնան
լիովին
արդարացնել
իրենք
զիրենք։
9.
ՈՒՐԻՇ
ԹԱՏԵՐԱԳԻՐՆԵՐ
Ասոնցմէ
դուրս,
Փարիզ
ու
«
Հայրենիք
»ի
մէջ
դարձեալ
քանի
մը
խաղերու
ճանաչումն
եմ
ըրած։
Կ.
Մեհեանի
եւ
Լիպ.
Նազարեանցի
խաղերը
հոգեբանական
մշակումի
փորձեր
են,
որոնց
մէջ
բանաստեղծութիւնը
քիչ
մը
շատ
կը
միջամտէ,
խեղդելու
աստիճան
անձերու
դիմագծերը
իր
մշուշին
մէջ։
Կը
կարդացուին
իրենց
երաժշտական
արձակին
շնորհիւ։
Թատրոն
չեն
անշուշտ,
քանի
որ
թատրոնը
պայմանագրող
հիմնական
նկարագիրը
—
գործողութիւն
եւ
շարժում
—
կը
պակսի
անոնց։
Այս
ամէնէն
ետքը,
թատրոնի
մօտաւոր
ապագայովը
զբաղիլ
միամտութիւն
պիտի
ըլլար
իմ
կողմէ.
ամէնէն
դժուարն
է
ան
գրելու
սեռերէն,
եւ
մեր
ժողովուրդը
բոլորովին
անտրամադիր՝
ատանկ
ինքնին
դատապարտուած
սեռ
մը
կորուստէ
փրկելու։
Մարգարէութիւնը՝
անիմաստ
է,
բայց
լաւատեսութիւնն
ալ
ծիծաղելի,
երբ
8–10
փորձերու
փաստը
մէջտեղն
է։
Մեր
դերասանները
(պէտք
է
վերջապէս
յիշել
ատոնք,
քանի
որ
մեծագոյն
բաժինը
իրենցն
է
թատրոնի
այս
սպառումին
մէջ)
կարելին
ըրին,
որպէսզի
մեր
բանիմաց,
արուեստը
ճաշակելու
ընդունակ
դասակարգը
պաղի
ընդմիշտ
հայեցի
բեմէն,
չկրնալով
հանդուրժել
մեր
ռոմանթիզմը,
որ
միահեծան
կ՚իշխէ
Ամերիկայէն
մինչեւ
Եգիպտոս։
Թո՛ղ
բարով
վայելեն
իրենց
«
Քին
»երը,
«
Ուրիել
Ակոստա
»ները,
յիշելու
համար
միայն
քանի
մը
համբաւաւոր
օրինակներ։
Տասը
տարի
ետք
իրենց
կեղծ
ծամերն
իսկ
փոխադրող
մարդու
պիտի
չհանդիպինք
այլեւս
բեմի
վրայ։
Գուցէ
կը
սխալիմ,
մոռնալով
Բարեկենդանի
հանդիսանքները,
Վարդանանց
նուիրուած
հտպիտութիւնները։