Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ» [1] 

ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՁԳՏՈՒՄ 

«Մնացորդաց»ը իբր բացատրութիւն կը ձգտի երկու տարբեր իրողութեանց համադրումին։ Ընդարձակ առումով մը, անիկա կը յատկանշէ ճիգը, որ նպատակ ունի փրկելու մեր ժողովուրդին մնացորդացը. այսինքն՝ ինչ որ անոր բարքերէն ու ապրումներէն դեռ կը մնայ հողի երեսին, արժանի պատուելու։ Սերունդը, որ պիտի գայ՝ կրնայ ու իր պարտքն է ատիկա արուեստի իր ըմբռնողութիւնը ընդարձակել ու սեւեռել ինքզինքը։ Բայց անիկա անհաղորդ է դարերու մթերքին, որով կը պիտակուի ժողովուրդի մը հաւաքական զգայնութիւնը։ 

Մէկ դարու բաժանումը բաւ եղաւ, որպէսզի մեր ժողովուրդին երկու հատուածները իրար հերքելու չափ տարբերական զգայնութիւն մը ցուցադրեն իրենց արուեստին մէջ։ Նպատակս է արեւմտահայ զգայնութիւնը, այսինքն՝ ինչ որ կը մնայ իրմէ, սեւեռել իր գլխաւոր արտայայտութեանց մէջ։ Ամէն գրող ուրիշ բան չ՚ըներ, եթէ ոչ իր պատանութեան զուգադիպող դէպքերը, զգայնութիւնները, մարդերն ու յուզումները վերակազմել իր հասունութեան շրջանին ու սեւեռել այս կերպով իր ժամանակը։ 

« Մնացորդաց »ը կը բաղկանայ երկու կարեւոր հատուածներէ։ Առաջինը՝ բռնապետութեան ու հայկական սարսափներուն մէջ կազմուած հոգեբանութեան մը ցուցադրումն է։ Այս վիճակը իր արձագանգը, իր անդրադարձը չէր կրնար ունենալ մեր գրականութեան մէջ, գրաքննութեան պատճառով։ Այն կարճ շրջանին (1908–1914), ուր նման փորձ մը պիտի կրնար պսակուիլ յաջողութեամբ, մենք գրաւուած եղանք յեղափոխական խանդավառութեամբ եւ քաղաքական մտահոգութիւններով։ Մեր գրականութիւնը ինքզինքը ի սպաս դրաւ այդ ոգիին արծարծումին ու պաշտպանումին։ Մեր գրագէտները լքեցին արուեստը եւ անցան պայքարի կրկէսը։ Այնպէս որ՝ ահաւոր շրջան մը, ինչպէս է համիտեան բռնակալութիւն որակուածը, արտասահմանեան մեր գրողներուն հռետորութիւն ու պարսաւ միայն հայթայթեց։ 

Քանի մը քերթողներ ջանացին այդ մղձաւանջը նիւթ ընել իրենց գեղեցիկ ֆրազ ներուն։ Հազիւ նկատի կ՚առնուի տմոյն միւս ճիգն ալ, որով արեւելահայերը կը ձգտէին մեր ողբերգութիւնը յանձնել թուղթին։ Մեր սեւ բախտը ուզեց, որ մեր գրականութեան ալ պակսէր մարդը, որ պակսեցաւ մեր քաղաքական ճակատագրին։ Յաւակնութիւն չունիմ այս տողերով փոխարինած կարծելու մարդը, որ մեր Աղէտը եւ անոր նախընթաց բարեխառնութիւնը պիտի փրկէր ժամանակէն։

Կը զգամ մեծութիւնը ձեռնարկին, բայց ատիկա պատճառ չէ, որ ընդմիշտ հրաժարիմ զայն կրցածիս չափ նուաճելու երազէն։ Գիտեմ, թէ համադրումի նման փորձ մը թարմ տարիքի ոգեւորութիւն, դեռ, ո՜վ պատրանաթափ մտայնութիւն, ուրիշ շատ մը երիտասարդական առաքինութիւններ կը պարտադրէ ձեռնարկուին։ Հեռու եմ այս ամէնէն։ Ու հեռու միւս հիմնաւոր պայմանէն, հաւաքական խրախոյսին այսպէս ոգեւորող խայծէն։ 

Բայց մարդ իր կրցածը կ՚ընէ։ Իր կրցածը կու տայ։ 

ԱՇԽԱՐՀ 

«Մնացորդաց»ի աշխարհը, առաջին մասին մէջ, գեղն է: զայն ակօսող կիրքերն են. դարերու արդիւնք եղող բարքերը: ու մարդեր, որոնք նմոյշներ միայն չըլլան, հաշիւով ընտրուած ու փաստ ծառայող՝ հեղինակին տեսութիւններուն, այլ ըլլան իրական, վաերական դէմքեր, փրցուած մեր հաւաքականութենէն։ Անոնց առօրեայ տրամըն է, որ պիտի ծառայէ պատրաստելու յատակը այն շարք մը հոգեբանական դիտողութեանց, որոնք գիրքերէն չեն սորվըւիր։ 

Վէպին առաջին մասը նուիրուած պիտի ըլլայ երկու ժողովուրդներու ճակատումին, բառը առնուած է համեստ, հոգեկան իրողութեանց գետինէն։ Միւսը այդ ժողովուրդներէն՝ թուրքն է, մեր գրականութեան մէջ քլիշէ յղացքէն տարբեր տեսնուած։ Թուրքը՝ իր հողին ու տունին, իր կրօնքին եւ սնոտիքին, իր արիւնախանձ ախորժակներուն եւ մշակոյթի մեծ հոսանքներուն մէջ։ Ի՛նչ ալ որ ըսենք, մեր հոգին կը կրէ խոր հետքերը այս իրերադրումին։ Պէտք է ճշդել սակայն, որ Պոլսոյ շատ մօտիկ շրջանէ մը, ուր յեղափոխական գործունէութիւնը մնացած է նախնական, չըսելու համար՝ անգոյ, մեր  ժողովուրդին ազատական ձգտումները պիտի չկրնային բարձրանալ այն խորունկ ու սրտառուչ արժէքին, որուն փաստը եկաւ մեզի մեր Հայրենիքէն։

Դիւրին է այսօր, դիւանի գիտութեամբ մը, ջարդ ու փշուր ընել անորակելի այդ շարժումը, որ մեր ուղեղը մշուշելէ ետքը՝ մեր երակները բացաւ նոյնքան անորակելի արիւնումին։ Բայց այդ օրերու վերյիշումը միայն բաւ է ինծի, որպէսզի հաղորդուիմ մեր ցեղին զգայնութեան մեծ իմաստովը։ Ու արուեստի գործ մը՝ պատմական փաստ մը ըլլալէ առաջ, ջիղերու հոսում մըն է։ Ճամբայ ելլել՝ հանդիպելու համար ցեղին զգայնութեան աւազանին, ահա ծրագիր մը, համեստ, բայց դժուար, մա՛նաւանդ հիմա, երբ ուրականը տարտղնած է մեզ, ու խորտակած՝ ընկալչութիւնը մեր ջիղերուն։

Վէպին միջին տարածութիւնը պիտի յատկացուի կրօնական գետինին։ Նոյնքան դիւրին է, կարգ մը տարազներով, հերքել արժէքը նման խուզարկութեան մը։ Բայց դժուա՛ր, կը խորհիմ, տասնըհինգ դարու հոգեկան յօրինում մը հերքել թեթեւ սրտով։ Այդ գետնին վրայ երկու ոսոխ կրօնքներ իրարու պիտի ճակատին ուժերու նոյն համեմատութեամբ, որով պայմանաւորուած է անոնց քաղաքական ճակատագիրը։ Եւ որովհետեւ ցեղերու գուպարները բարբարոսութիւն, մոլեռանդութիւն ըլլալէ առաջ հոգեկան պայքարներ են, առաւելապէս գոյն առնող՝ զգացական տարրերէ, բախումը պիտի քալէ արգանդի եւ արեան ճամբաներէ։ 

Վէպին երկրորդ մասը նպատակ ունի տալ մեր վերջին աղէտը՝ տարագրութիւնը, հետեւելով շէն քաղաքի մը [2] բնակչութեան, իր տունէն մինչեւ հեռաւոր պողոտաները աւազներուն, կրելու համար ազգերու ամէնէն մեծ ոճիրը իր մտքին՝ ինչպէս սաղմին վրայ։

ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐ 

Գործը ըստ էութեան բաժնուած է երեք գլխաւոր հատորներու։ Իւրաքանչիւրը պիտի ընդգրկէ երկու–երեք գիրքի շրջանակ մը։ Առաջին հատորը, ամբողջութեամբ նուիրուած արգանդի եւ ոճիրի հարցին, կը պարունակէ երեք դիրք, պատրաստ տպուելու։ Մասնակի խորագիր՝ « Արգանդի ճամբով »։ Երկրորդ հատորով կը սկսի արեան ճամբան։ Պիտի պարունակէ բռնապետութիւնը, յեղափոխական խռովքին խորհրդանշանը, թուրքին բանտերը, կախաղանը, կրօնական մոլեռանդութիւնը, պետական եւ ընկերային կազմակերպութիւնները՝ կրկէս իջած մեր գոյութեան դէմ պայքարի։ Դարձեալ, հոն պիտի տրուի 1915ի Եղեռնին նախատօնակը. անջատ-անջատ քաղաքներու դէմ թուրքին դաւը ու, վերջապէս, այն ահաւոր մղձաւանջը, որ այդ օրերը զարկաւ։ Այսինքն՝ ինչ որ թուրքերը ի գործ դրին իրենց բարեկամին ու թշնամիին, ծանօթին ու անծանօթին վրայ, քաղաքական ատելութեան կրկէսէն։ Այս հատորը իրեն խորագիր ունի՝ « Արեան ճամբով »։ Յոյս ունիմք զայն աւարտել երկու տարիէն։

Երրորդ հատորին պարունակութիւնն է տարագրութիւնը։ Խnրագիր՝ « Դժոխք »։ Անշուշտ ամէնէն դժուար մասը պիտի ըլլայ անիկա, վասնզի մինակ վիպող ուժը անբաւական է անոր պարագրկումին։ Առնուազն տեղագրական ուսումնասիրութիւն մը, հազարաւոր պատմում եւ հարիւրաւոր հատորներու, յուշագրերու ընթերցում կը կանխեն անոր խմբագրութիւնը։ Ու մելամաղձոտ բան է նայիլ իր թեւերուն ու չափել անոնց շուքով իր երազը։ 

ՊԱՏՄՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՎԷՊ 

Ծրագիրը հեռու է համեմատական ըլլալէ գործին մեծութեան։ Մարդկային կեանքը թեւ չէ, որ պարզուի։ Միակ գիւղի մը քաշածները հարազատօրէն պատմելու համար ու մի՛ մոռնաք, որ թուրքերը ամէն մէկ մարդու ամէն մէկ ժամուան համար տանջանքի մասնաւոր գլուխներ յօրինեցին գիրքերու տասնով, քսանով հատորներ անբաւական պիտի գային։ Եղածը պատմում ալ չէ, այլ՝ ողբերգութիւն մը, որ տարիներ կ՚երկարի, սա տարբերութեամբ, որ փոխանակ թատերաբեմի՝ ունի ընդարձակ աշխարհ մը, ու փոխանակ դերասանի՝ մարդկային միսը, իր ամէնէն լայն զանազանութեան ու հոգեպէս տարբերակլերո արժէքին մէջ։ Ասիկա ներկայացնելու համար պատմական մեթոտով, մէկի տեղ տասնաւորով մարդ է հարկաւոր։

Յետոյ, կարծեմ գիտէք, թէ Կիպրոսը Ս. Ղազար մը չէ։ Ստիպուած եմ բաւարարուիլ իմ միջոցներովս։ Ասկէ՝ վէպի հարկադրանքը։ Ձեր դիտողութիւնը թերեւս նկատի ունի վէպին ընդունուած ծաւալը եւ անոր քիչ մը հասարակաց օրէնքները։ Բայց ինծի համար վէպը արուեստի ձեւ մըն է, որ չունի կաղապարուած, անվերածելի ճարտապետութիւն մը։ 

Ի՞ՆՉ Է ՎԷՊԸ 

Վէպը կեանքն է։ Ու եթէ մեր տարիքը սահման մը ունի, սահման չունին մեր օրական ապրումները։ Մէկը ժամուան մը մէջ տասն անգամ աւելի շատ, խոր, խիտ կ՚ապրի, քան միւսը, որ ութսուն տարիներ շալկած գերեզման շտկուելու ատեն ոչինչ ունի զինքը ետին դարձնող։

Այսպէս է նաեւ կեանքը վէպին մէջ։ Եթե դուք հետեւած էք իմ նախկին գործերուս, պիտի տեսնէք, որ անոնք հոգեբանական վայրկեաններ են առաւելապէս, որոնց ժամանակին մէջ զետեղումին ու լուսաւորումին համար դրած եմ պահի յատակին կտոր մը բարք Խոնարհները »)։ « Ծակ–պտուկ »ին մօտ հինգ հարիւր էջերը նուիրուած են քսանի չհասնող հիմնական վիճակներու ցուցադրումին, խորութեան dimensionին յատուկ ուշադրութեամբ մը։ « Մնացորդաց »ը ուրիշ բան պիտի չըլլայ, եթէ ոչ՝ այդ կարգի վիճակներու առաւել թիւ մը։ Եւ որովհետեւ արդի վէպը դադրած է քաղքենի մարսողութեանց իբր օժանդակ թմրեցուցիչ մը միայն ըլլալէ (տաղանդաւոր մարդեր զայն լծած են համադրական ճիգերու) կամ անգործ ազնըւուհիներու պարապոյթ մը ընձեռնելու այլապէս ստորացնող դերէն, ես անոր՝ այդ արդի վէպին կրնամ վստահիլ գլխաւոր վիճակներու կողքին ծագելի ամէն երկրորդական կացութիւններու օգուտով շահագործումը, մտածում, երբեմն հոգեկան թնճուկներու պարզում կամ շեշտում, երբեմն առհասական զգայութեանց զարթնում, երբեմն անասունը շինող հաստութիւն եւ կեղեւ, երբեմն գազանը, որ իր ճիրանները կը սրէ մեր կիրքերուն թաւիշին վրայ, ու ինչ որ պահը, ժողովուրդներու անգիտակցութեան մէջ մթերուած ու ծաղկեւորած թոյները, հոսանքները պատմութեան դրուագներուն եւ քմայքները ժամանակին՝ կը շղթայազերծեն խաղաղ մարդոց կրունկներն ի վար։ Բոլոր ասոնք օգտագործելի են այդ ազատ յօրինումին մէջ։ 

ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ 

Կը զգամ տարակոյսը, որ կը բանաձեւուի ձեր շրթներուն, գործողութի՞ւնը։ Բայց ձգեցէք ատիկա թերթօնին ու իր վաստակաւորին։ Տեղը չէ հոս բանալ վէճը։ Ամբոխները կ՚ախորժին աղմուկէն, զօրանցքէն, բայց անոնց ծափը չէ, որ կը շահի ճակատամարտը։ Դէպքերը, ըսել կ՚ուզեմ՝ իրարու ագուցուած շատ մը շարժուն վիճակներ, որոնք մեկնակէտ կը կազմեն ամէն լուրջ կառուցումի, կ՚ենթարկուին արագութեան եղծումին ու կը վերածուին միերես փլանով պատկերներու։ Անոնք պարտաւոր են ազատագրուիլ մոմիայի վիճակէն, հագնիլ կլորութիւն, յետոյ՝ խորք, եւ իբր այդպէս կազմակերպուած կեանք՝ քալել մեր առջեւէն։ Այս արդիւնքին համար անբաւարար պիտի գար վէպին ընթացիկ գործողութիւնը։ Ասիկա կարելի է նմանցնել ջուրին երեսը յուզող շարժումին, որ քանի մը մեթր մարմինով կը պղտորէ առաջին փլանը, բայց անզօր է անկէ վար։ Չի բառեր մարդերը թարթափել տալ այդ խառնակ ջուրերուն երեսին։ Արուեստագէտը հարկին տակն է մեր կիրքերուն ամբողջ թանձրութիւնը կտրել-անցնելու ամէն վայրկեան՝ երեսէն մինչեւ յատակը ու փոխադարձաբար։ Վասնզի ուրիշ բան չէ ինքնին կեանքը։

Ամէն վայրկեան՝ մէկ բարձունքէն միւս անդունդին համար պատրաստուած խորաչափման մեթոտ մը, ահա՛ ինծի համար իմաստը նոր վէպին։ Նման ճիգ մը, որ հերոսները, զանոնք լարող կիրքերը, զանոնք հալածող ուրուականները երկինքէն ու երկրէն մէկ գիծի բերէր ու կեցնէր միակ փլանի մը եւ ըլլար բաւարան խղճամիտ, մնալու համար արուեստին պարտադրած վերապահութեան մէջ, անշուշտ համակրելի է իր իսկ կշիռովը։

Հասկնալի է, որ սովորական պատմումը քիչ գայ այս իրերանցիկ, զիրար շարունակող, բայց ինքն իր մեջ միայն խորնալէն ախորժող կեանքի ալիքները ամբողջութեամբ պարագրկելու։ Գիտեմ, որ մեր ժողովուրդը անպատրաստ է այդ կերպով ըմբռնուած ու տրուած աշխարհ մը հանդուրժելու։ Բայց ես նկատի չունիմ անոր ներկայ տկարութիւնը, մարսողութեան աստիճանացոյցը եւ ուրիշ անուշիկ բաները, որոնք գրողը կը տանին փառքի, աժան թէ սուղ։ Կը գրեմ վեր մեր ժողովուրդէն, մեծ բառ մը գործածելու համար։ Կը գրեմ մեր մնացորդներուն հետ մեր հոգիին մէկ պահն ալ փրկելու յանձնառութեամբ։ Հոս հարկ է աւելցնել պզտիկ այն պարագան ալ, որուն համեմատ « Մնացորդաց »ը կը խորհրդանշէ նաեւ հեղինակին հոգեվիճակը… 

ԱՆ ՀԱՏՆԵՐ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ 

Վէպին առաջին գիրքերը (երեք-չորս հատ) անհատներու մենագրութիւններ են։ Բայց բառը պարտաւոր եմ գործածելու որոշ վերապահութեամբ։ Անհատէ մը դուրս բերուելիք վիճակներէն՝ արդի ընթերցողին համար շահեկանները իմացական հէնքով վիճակներն են առաւելապէս։ Վիպասանները՝ իրենց վերլուծումին մէջ այդ վիճակներուն ցուցադրութիւնը կատարած ատեն՝ ժողովուրդի մը իմացական գանձարանը շահագործած կ՚ըլլան։ Մեր ժողովուրդը, նոյնիսկ իր բարձրագոյն դասին մէջ, զուրկ է իմացական հետաքրքրութենէ։ 

Ի՞նչ է, ի վերջոյ, իմացական կորիզը այսպէս կոչուած մեր մտաւորականին (նկատի ունիմ եւրոպական մշակոյթէ մեզի դարձողներն իսկ)։ Մեր քաղաքը հոգեկան աղքատութեան փաստ մը միայն կը ծառայէ մեզ ուսումնասիրողին աչքին։ Մեր գիւղը իր կիրքերուն սանդուխովը միայն արժէքի կը բարձրանայ։ Այս մարզէն դուրս՝ անիկա աղքատ է քաղաքէն աւելի։ Այս ընդհանուր խօսքերը անոր համար, որպէսզի մեր վէպէն չսպասենք ինչ որ չունի մեր ժողովուրդը։ 

Յատկանշական նկարագիրներ պիտի երեւան « Մնացորդաց »ին մէջ, առաւելապէս յեղափոխական գետինէն, ուր վիպականը (romantique) կը միջամտէ առաւելազանց չափով։ Այսպէս՝ Մուրատի, Անդրանիկի, Զաւարեանի, Ակնունիի եթէ ոչ դէմքերը, գոնէ անոնց կնիքը ունեցող նմանութիւններ պիտի երեւան։ Այդ մարդոց առիթով թերեւս ստեղծուի իմացական բարեխառնութիւն մը վէպին մէկ երկու գիրքերուն մէջ։ Մեծ այս դէմքերուն քովէն, մասնաւոր նախասիրութեամբ մը տեղ պիտի տամ առհասարակ մարդոց, որոնք ճամբուն վրայ կ՚իյնան այս պատմումին, կը գործեն ու կ՚անցնին՝ այլեւս չերեւնալու համար։ Կ՚ընեմ ասիկա պարզապէս փրկելու համար մարդերու մեծ թիւ մը։

Անոնք, որ թղթատած են մեր պատմիչներուն քրոնիկները, սրտի դառն սեղմումով հաստատած են անդարմանելի պակասը մարդու՝ բիւրաւոր այդ էջերէն։ Որքան շատ երեւան մարդեր, իրենց ամփոփ գծագրութեամբ եւ հոգեկան որոշ կնիքով, այնքան շատ ֆասէթ ներ փրկած պիտի ըլլանք մեր ժողովուրդին հոգիէն։ Կարելի է այս երկրորդական դէմքերը կը ծանրաբեռնեն վէպը։ Բայց ինծի համար այս վէպը թելադրող փառասիրութիւնը աժան հետաքրքրութեան մը պաշտպանումը չէ։ Շահեկանութեան կեդրոնը փոխադրած եմ փրկուելիք մնացորդներուն ։ Եւ որովհետեւ վէպին գրեթէ կէսը նուիրուած պիտի ըլլայ վերջին Եղեռնին, կու գայ կէտը՝ երբ անհատները կը դադրին այլեւս կշիռ ունենալէ ու զանգուածը կը մտնէ կրկես

Աղէտը՝ անհուն, բայց տարօրինակ կերպով միաձեւ, կը վրիպի արուեստագէտին պարագրկումէն, արուեստին պայմանը ըլլալով զանազանութիւնը։ «Պատերազմի գրականութիւն» անունին տակ ծանօթ վերլուծումներուն դէմ կատարուած մեղադրանքը ինքնին կը ծանրանայ նաեւ մեր Եղեռնէն վերցուելիք ամէն աշխատանքի վրայ։ Հազարաւոր մղոն երկայնքով ճամբու մը վրայ, գրեթէ ամէն տեղ մարդեր են, որ կը մորթուին՝ իրարու նման պայմաններու տակ, եւ ուրիշներ՝ որոնք կը մորթեն։ 

Այս ընդարձակութեան եւ այս միակերպութեան դիմաց, իմ ջանքս պիտի ըլլայ փոխադրել շահեկանութիւնը դէպի վիճակները։ Շատ խորացած վայրկեաններ, որոնք սեւեռուին շատ մը ճամբաներով միանգամայն։ Շատ մանր դիտուած հեղուկ մը՝ արիւնի, հոգիի, ոճիրի եւ մեղքի, նոյնքան իրայատակի մը վրայ։ Տեսակ մը pointillisme: Տեսակ մը առընթերադրում փոքր ու մեծ վիճակներու, որոնք իրենց հանգիտութիւնները հալեցնեն ու խեղդեն ընդհանուր գործողութեան մը մէջ, բայց ցցեն իրենց մասնակին, անձնացած ու տարբեր։ 

Թէ կը յաջողի՞մ, այդ ուրիշ հարց է։ Տարագրութիւնը մեր հաւաքականութեան մեծագոյն ինքնասփռումն է։ Ու երբ առանց ռոմանթիզմի յաջողուի մէկուն գոնէ այդ վիճակին ուրուաստուերը սեւեռել ու անցընել ընթերցողին, այդ մէկը կատարած կ՚ըլլայ իր պարտքը։ 

ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ 

Ինծի համար անկարելի է գրեթե ամբողջութեամբ հնարովի մարդերով վէպ յօրինել։ Բոլոր տիպարները « Մնացորդաց »ի եղած են ապրող մարդեր, բայց, անշուշտ, ենթարկուած են մշակումի։ Իմ գործերու մէջ երեւակայուած մարդ չկայ. թերեւս ասիկա թերութիւն մը նկատուի, քանի որ արուեստը առաւելապէս երեւակայութեան կը կռթնի։ Բայց երբ մարդիկ երեք քառորդ դար ետքը կ՚աշխատին Ֆլօպէռի հերոսուհին տոմարներու մէջ իսկ վերագտնել, նշան մըն է, թէ բոլոր յաջողած վէպերը մեկնած են օր մը ապրած մարդերէ։ 

Վէպին այն մասը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ տարագրութեան, գրեթէ առհաւական եւ մեր ցեղին հոգիին մէջ մշտապէս գոյ լարէ մը կու գայ: Երկու հազար տարի (երբեմն 5-10 անգամ մէկ դարու մէջ) մեր ժողովուրդը ապրած է իր 1915ները։ Հետեւաբար խորացման, կեդրոնացման ու, մա՛նաւանդ՝ պարկեշտ մշակուսի եղանակով, ես կը կարծեմ, թէ կարելի է մօտենալ Աղէտին։ Մնաց որ, արիւնի փորձառութիւնն ալ դժբախտաբար անծանօթ չէ ինծի։ 

ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՏԻՊԱՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ 

Ինծի կը պատահի կեցնել վերլուծումը կամ պատմումը եւ  ներկայացուած պահին կամ կացութեան հետ հեռաւոր, բայց կարելի աղերս ունեցող հանգիտութիւններ ներս առնել վէպէն։ Եւ ասիկա կամաւ կատարուած գործողութիւն մըն է։ Դժբախտաբար մեր գրականութիւնը անընդունակ է այդ տեսակ շեղումներ հանդուրժելու: « Ծակ–պտուկ »ը, որուն առաջին մասը գրուած է այդ եղանակով, զոհուած է մասնաւոր պահանջի մը։ Վէպը առնուազն իր ծաւալին կրկինը կ՚ունենար, եթէ հրատարակելի ըլլալու պայմանէն հարկադրուած՝ չսեղմուէր ու չվանէր իրմէ այդ խաբուսիկ, բայց արժէքով շեղումները։ Ինչ որ գեղեցկութիւնը կը կազմէ Փրուստի գործին, այս կարգի մտածումներու հիւրընկալումն է։ Բայց Օշականը այնպէս կը համեմատի հայ ժողովուրդին, ինչպէս Փրուստը՝ ֆրանսացի ժողովուրդին։

Արուեստի գործի մը հիմնական պայմանը անկեղծութիւնն է, ճշմարտանմանութիւնը։ Եթէ իմ գեղացիներն իրենց զգացումներուն մէջ կեղծ չեն, ապա ուրեմն անոնք մարդեր են։ Եւ յետոյ՝ մի՛ մոռնաք, որ ինծի համար գոնէ արուեստը սեռն է (sexe) եւ այդ մարզին վրայ կարծեմ թէ հարազատութիւնը ուշ փնտռուելիք առաքինութիւն մըն է։ Բարքերու հաւաքիչ մը այլապէս մտահոգուած է իր տիպարներուն colorisով։ Կ՚ընդունիմ, թէ մարդերը հողի վրայ եւ ընկերութեան մը մէջ կ՚ապրին։ Կ՚ընդունիմ, թէ ժողովուրդը այն ենթահողն է, ուրկէ տիպարները պետք է իրենց սնունդը առնեն։ Բայց ինծի համար՝ կեանքին գլխաւոր հեղեղը սերմով ու արիւնով կը քալէ։ Եւ իմ գրականութիւնս այդ երկու տարրերուն վերլուծումն է առաւելապէս։ Եթէ մակերեսային հարազատութեան մը համար զոհուին խորութենէ բխած այս առաքինութիւնները, գործը կ՚ըլլայ հաճելի եւ սակայն փխրուն։

Ոչ ոք կը մեղադրեմ մեր գրականութենէն, սկսելով Հրանդէն մինչեւ Համաստեղ։ Անբաւարար են այդ հարազատութիւնները, որոնք լուսանկարչական ճշդութիւններ կու տան, բայց որոնց մէջ բացակայ է հոգին տալու ճիգը։ Տոստոեւսկի չորս տողի մէջ կու տայ գեղացին։ Եւ այդ չորս տողը անջատ է բարբառին՝ ինչպէս զգեստին կնիքէն։ Ծիծաղելի է արեւելահայ արդի գրականութեան մէջ յանուն հարազատութեան փորձուած գռեհկութիւնը։ Մի մոռնաք, թէ մարդիկ իրենց չխօսած խորհուրդովն է, որ կը պարտադրեն իրենք զիրենք, քան թէ իրենց խօսքին ճապաղութեամբը։ 

ԱՐԱԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇԱՐԺՈՒՄ

Արուեստը խառնուածքի գործ է եւ կը հպատակի անհատականութեան կշռոյթին։ ՌԷմի տը Կուռմոն ներշնչումի եւ արտաշնչումի հարցի մը կը վերածէ զայն։ Գրագէտը միշտ ինքն իրեն հետեւողական է։ Եւ շատ քիչեր պիտի ունենայ իրեն հաղորդակից, եթէ հազուադէպ խառնուածք մըն է իրենը ու տեսակներու աշխարհին վրայ հասարակաց արուեստ մը կը ճշդէ։ Հարիւր ֆրանսացի չկայ, որ կարենայ սիրել Փրուստը. ասիկա ապացոյց մըն է, թէ Փրուստի խառնուածքը բացառիկ եւ հազուադէպ է։ Երբ Ժորժ Սանը հարիւր հազարներով կը տպուէր, փաստը կու տար հասարակաց միջակ բարեխառնութեան մը։ Եւ սակայն ժամանակակից Սթանտալը մեղադրուեցաւ դանդաղութեան եւ անհաղորդութեան նոյն մեղքով, զոր կը փաթթեն հիմա Փրուստի վզին։

Ճիշդ չէ ուրեմն Օշականը դատել իբրեւ հոսումէ զուրկ գրագէտ։ Կ՚ընդունիմ Մորանի ոճը, բայց վստահօրէն գիտեմ, թէ քիչ մը galvanisé լրագրութիւն է անոր տակ պահուըտողը։ Զարեանի ոճին արագութիւնը խոցելի է նոյն մեղքով։ Չրաքեանի ոճին դանդաղութիւնը իր ժամանակը չկրցաւ մարսել։ Դիւրին է ոճը ճապաղել՝ հոսելու հաճոյքին համար, «ի վայելումն այլոց»։ Բայց այդ տեսակ զիջում մը օրուան վայելքը միայն կու տայ։ 

Արուեստը տանջանքի գործ է։ Ու սխալ է Օշականը կարդալ շոգեկառքի մէջ, ինչպէս լեռ մը մագլցելու համար սխալ է դաշտի միջոցներ միայն նկատի ունենալ։ Եթէ առանց յատակի բառերու կուտակումն է պատճառ դանդաղութեան, այդ ատեն գրագէտի հետ չէ, որ գործ ունիք։ Բայց փորձեցէք պարբերութիւն մը վերլուծել դանդաղ նկատուած այդ ոճէն եւ պիտի գտնէք, որ ամէն բառ անհրաժեշտ է անոր մէջ։ Նոյնիսկ երբեմն այնքան խիտ է ան, որ շունչը կ՚արգիլէ հետեւելէ անոր գնացքին։ Լրագրի դար, հեռախոսի դար, գործի դար մանաւանդ, մարդիկ փոխանակ կարդալու՝ աչքով կը թռին գործերու վրայէն։ Այս է պատճառը, որ կարգ մը հեղինակներ հաղորդական չեն։ 

ԿԱՆԽՈՐՈՇ ՓԼԱՆ. ԾՐԱԳԻՐ 

Փլանը կեանքի հոսանք մըն է ինծի համար։ Էջերը այդ հոսանքը նուաճելու լաստեր են։ Գործը հոսանքներու իրերակցում մըն է, իւրաքանչիւր ագոյցի (boucle) տեսարանն է միայն, որ կը փոխուի։ Դժուար է առաջին յարձակումով նուաճել հոսանքը։ Առաջին միջոցները ջուրին ամէնէն մօտի խաւերը միայն կրնան թափանցել։ Յաջորդական խորաչափումները անհրաժեշտ են, յատակին հասնելու համար։ Ինչո՞ւ Թոլսթոն տասն անգամ կը գրէր իր վէպերը. անշուշտ սրբագրութիւն չէ, որ կը կատարուի, այլ՝ խորքը իջնելու անհրաժեշտ հետազօտում մը։ Խորանալու համար պետք է լարել ճիգերը եւ հետզհետէ դէպի յատակը քալել։ Զգուշացէք անոնցմէ, որոնք վէպ կը գրեն առաջին բխումով։ Այդ պարագային՝ տրուածը կրնայ փայլ ունենալ, բայց թեթեւ անձրեւ մը բաւական է զայն ընդմիշտ աղօտելու: Ըսել կ՚ուզեմ՝ ժամանակը աղի պէս կը փշրէ այդ սիրուն պուպրիկները։ Յիշեցէ՛ք « Աղքատ երիտասարդի մը վէպը »ին ճակատագիրը։

Գալով անձերուն, անոնք միշտ ի լինելութեան են։ Նկարագիրները մարմարէ յօրինուածք չունին աշխարհի, ինչպէս վէպի մէջ։ 

Մարդը մշտական նորոգում՝ մըն է ու վէպին հերոսը կը շինէ ինքզինքը։ Վտանգը նման ըմբռնումի մը՝ պարզ է անշուշտ, եթէ այդ մարդերուն մէջ բանի մը խոշոր ոսկորներ իբրեւ ատաղձ չձգենք։ Բայց եթէ աշխարհի վրայ այդպէս մէկ յօրինուածքով մարդեր կան, մեծ մասը անոնցմէ աղկաղկ է։ 

Վիպասանը փոյթը ունենալու է իր մարդերուն հագցնելու քանի մը հիմնական յատկութիւններ, որոնք ձեւի մը կապեն մեր միսերուն բիւրաւոր իրերամարտ հակումները։ Կը պատահի, որ զօրաւոր կիրք մը իշխէ հերոսի մը կեանքին մէկ շրջանին. այդ կիրքն է, որ պիտի որոշադրէ տիպարին շուրջը դարձող բոլոր երկրորդական դրուագումները։ Բայց մարդկային հոգին տարազի տակ ինկած էութիւն մը չէ։ Եւ վէպին երկրորդ ընթացքին մէջ՝ այդ յատկանշական կեանքը կրնայ հիմնովին անհետանալ, տեղ տալու համար իր հակադիր մէկ երեսին։ Այս տեսակ փոփոխութիւններ արդի թատրոնին մէջ մանաւանդ յաճախադէպ են։ 

ՆԱԽԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 

Իմ նախասիրութիւնս գացած է խոր վէպերուն։ Անշուշտ, երբեմն հատոր մը միայն կրնայ ունենալ այնքան խորութիւն, որքան մեծածաւալ գործ մը, որ կ՚ամփոփուի բազմաթիւ հատորներու մէջ։ Տրուած ըլլալով հոգիին խուզարկումին համար վերը բանաձեւուած կարգ մը պայմանները, շրջան մը համադրել յաւակնող գործ մը հարկադրաբար պիտի չսեղմուէր ընթացիկ կաղապարի մը մէջ։ Ատկէ զատ, քանի մը անուններ ու գործեր գրգիռ մը եղած են, որպէսզի գործին իրագործումը հպատակի ծրագրին մանրամասնութեան։ Հազարաւոր էջեր պէտք եղան Մարսել Պրուստին, Ֆրանսայի փոքրաթիւ  մէկ դասակարգին (ազնուականներ) փոքրաթիւ մէկ մասը սեւեռման ենթարկելու համար։ « Ժան Քրիսթոֆ »ը, անշուշտ, գէշ կամ աղէկ օրինակ մըն է։ Նկատի ունիմ նաեւ Պալզաքը. քիչ մըն ալ Զոլան։ Չեմ խորտած բազմահատոր թերթօններուն։ 

Օտարներէն դառնալով մեզի, ուշադրութիւնս չի կենար նման ձեռնարկի մը վրայ։ Ես միշտ ալ չեմ վախեցած այս ժողովուրդէն։ Անշուշտ անիկա պատժած է զիս. փակուած են իմ առջեւ գրականութեան կարեւոր դաշտերը, չըսելու համար՝ ամէնը։ Յիմարութիւն չունիմ յետ–մահու դափնիներու չորցած փառքերուն. հետեւաբար այսքան ընդարձակ գործի մը իրացումը քանի մը անձնուէր բարեկամներու հերոսութեան կը վստահիմ. վախը անոնցը պէտք է ըլլայ, որոնք մտած են այս ձեռնարկը ի կատար հանելու ծանր աշխատանքին մէջ։ Կը վախնամ իմ ալ աշխատանքի մեծութենէն («Մնացորդաց»ի ամէն մէկ հատորը նուազագոյն հինգ անգամ կը գրուի)։ Եւ իմ ժամանակս լեցուած ուսուցչի մը հանգիստէն խլուած ժամանակն է։ 

 


 



[1]        « Մնացորդաց »ը Յունուար 16էն սկսաւ տպուիլ «Յուսաբեր»ի մէջ, իբրեւ թերթօն։ Պիտի հրատարակուի նաեւ առանձին գիրքով։

[2]        Պրուսա։