Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՐ ՆՈՐԵՐԸ 

1. ՍԵՐՈՒՆԴԸ 

Շփոթաբար այս սերունդին կարելի չէ ուրանալ տրտում գեղեցկութիւն մը։ Բայց արդիւնք: համար չի բաւեր բարեկամեցողութիւնը։ զառածումը պատրաստ է, ու ժամանակը՝ աղիտաբեր։ Քանի՞ կ՚անցնին տարիները, այնքան կը պաղին սիրտերը նախ իրենց մէջ, հետզհետէ իրենց շուրջը։ Փշրանքներով սովի տագնապը դիմաւորելն է նորերուն ըրածը. ահա թե ինչու յոռետես եմ իրենց մասին։ 

2. ԱՐՇԱՄ ՏԱՏՐԵԱՆ՝ 

Մինչդեռ առջի շրջաններուն՝ մեր գրականութեան միւս սեռերը կը նսեմանան մեր քերթողական երակին տանելի ուժին մօտ, արդի շրջանը բանաստեղծութեան նուաղումով մըն է, որ ուշագրաւ կը դառնայ։ Պատերազմին հետեւող տասնամեակը չպարտադրեց ո՛չ  մէկ կշիռով անուն քերթողական կալուածէն։ Արշամ Տատրեան մէկն է անոնցմէ, որոնք իրենց անունը հրապարակ դրին։ Զգայնութեան որոշ լար մը կարելի չէ անջատել իր ոտանաւորէն. շատ կանխահաս լրջութիւն մը, չըսելու համար՝ ծերութիւն մը, ընդհանուր խորքը կու տայ անոր քերթողութեան։ Այս լուրջ խորքին վրայ թարմութեան քանի մը ընձիւղ, հակադրութիւն կազմելու չափ խորքի մռայլութեան. քիչ մը միսթիսիզմ, քիչ մը բնութիւն, շատ դաշնակութուն, բաւական պատկեր, իմացականացում, ահա՛ գլխաւոր հաստատումները, զորս կարելի է ընել իր մասին։ Ժուժկալութիւն, սեղմութիւն, հոգեկան վիճակի մը յաղթահարում՝ կարելի է աւելցնել իր actifին կողմը։ Այնքան ցանցառ կ՚երեւի թերթերու մէջ, որ խնայած է մեզի իր թերութիւնները տեսնել, որոնք կրկնումի, մաշումի, հետեւողութեան ձեւի տակ կը վիրաւորեն շատ արտադրողները։ Մնաց որ, կեանքը դեռ իրեն չէ տուած անհրաժեշտ հոծութիւնը կղայնութեան։ Իր խառնուածքը, սովորական խառնուածք մը սովորական բանաստեղծի, հազիւ կը բաւէ իր տողերը կեղծիք մը ընելու։ Չեմ փորձուիր մեր մեծ բանաստեղծներուն մատաղատի հասունութիւնը ընդհանրացնել իր առիթով։ 

3. ՓԱՅԼԱԿ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ 

Ո՛չ ոք Փայլակ Միքայէլեանի ոտանաւորին մէջ պիտի գտնէ մեծ բանաստեղծ մը խոստացող նախանշաններ։ Չսկսած՝ յոգնութիւն կայ իր քերթուածներուն մէջ. զանոնք տողողը առաջին իսկ բառերուն յոգնած է կեանքէն։ Հրաշք մը պիտի միջամտէր, որպէսզի այդ տղան իր շատ նրբազգած ջիղերը փոխանակ դէպի վար երկարելու, ուժ ճարէր իր մէջէն՝ տանելու դէպի վեր։ Վճիռ մը չէ, որ կ՚արձակեմ. կեանքը հրաշքներ պատրաստ է հանելու մեր ամէն մէկ քայլին առջեւ։ Դժուար է Վարուժանի առաջին ոտանաւորներէն, ինչպէս Մեծարենցի առաջին փորձերէն, գուշակել անոնց ապագայ մեծութիւնը։ Ինչո՞ւ 900ի բազմաթիւ քերթողներէն, այնքան յաւակնութեամբ « Մասիս »ներու էջերը ծաղկեւորող, այսօր անուններ չենք կրնար անջատել, որոնք իրենց խոստումը իրացնէին։ Ուրիշ օրինակ մը. արդէն իսկ ծերութեան ճերմակով պաղած Մելոյեանի, ոտանաւորը ի՞նչ տարօրինակութեամբ քսանամենի տղու մը անկապակից, միամիտ ձեւը կը յամառի ճօճել մեր առջեւ եւ կը յամառի մա՛նաւանդ  մշտապէս սկսողը մնալ յիսունէն ետքն ալ։ Ասոնք անպատասխան հարցումներ են։ 

4. ՎԱՀՐԱՄ ՍՈՖԵԱՆ 

Տեսայ Սոֆեանի գիրքը « Քիչ մը երկինք »։ Հետաքրքրական է ան իր բերած նորութեամբ։ Վտարուած են անկէ հռետորութիւնը, փայլ, ուռուցիկութիւն, բառական կառուցում եւ յանուն երաժշտութեան ճարտարանք, որ մեկ մօտաւոր բանաստեղծութեան գլխաւոր յատկանիշները կազմեցին։ Դարձեա՛լ, վտարուած են անկէ պոռոտ ազգայնականութիւնը, մեր ցաւի հռետորական շահագործումը, փոքր մարդերու բերնէն մեծ ճիչերու խօլարձակումը եւ ի՛նչ որ մեր ռոմանթիզմը եւ մեր հայրենանուէր քերթողութիւնը սիրեց սպառել այնքան դիւրին verbiageով մը։

Վահրամ Սոֆեան կը բերէ ընտանի lyrisme մը, ո՛չ ան, որուն նմոյշները մասնաւորաբար երեւցան արեւելահայ քերթողութեան մէջ։ Առօրեային տրտմութիւնը կամ խնծիղը, փոքր շրջանակի փոքր յուզումներ, երբեմն յուսակորոյս սլացք մը դէպի անբաւութիւնները մեր սրտի երկինքներուն, երբեմն գետնատարած խոնարհում մը դէպի անդունդը մեր խեղճութեան, —- ահա՛ գլխաւոր տարրերը իր յաւելումին։ Խորքի այս հաստատումը դժբախտաբար վիրաւոր է ձեւին անբաւարար, անհամապատասխան տարազովը։ Իր ոտանաւորը յաճախ կ՚ընկղմի արձակին, այսինքն՝ արձակունակութեան ծանծաղուտին մէջ. ըսել կ՚ուզեմ՝ իր տողերը կարդալու ատեն կը ցաւինք, որ խորքին հարազատ, զայն անձնացնող ձեւը չի հետեւիր վիճակներուն։ Կը ցաւինք, որ իր քերթուածէն չէ վռնտուած արձագանգը իր շրջանին։ 

Գոհ եմ, որ կը սկսի սերունդ մը, որուն համար մուսաներու դարպասը բառական ցոյց մը ըլլալէ աւելի՝ հոգեկան վիճակի մերկադրում մըն է։ Սիրելի է յուսալ, որ Սոֆեան իր լրջութեան մէջ պիտի տեսնէ իմ միւս փափաքս ալ, որուն համեմատ փոքր խստապահանջութիւնը կիրարկելի կը դառնայ եւ հոգեկան վիճակի, ըսել կ՚ուզեմ՝ տափակէն, սովորականէն վեր, ինքն իր ոլորտովը շահեկան ու հետեւաբար բանաստեղծական վիճակներու սանդուխ մը մշտապէս պիտի պահէ իր աչքին առջեւ։ Կեանքի մէջ ամէն պահ բանաստեղծութիւն չի կրնար ըլլալ։ 

 

5. ԶԱՒԷՆ ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ 

Սիւրմէլեան կը շարունակէ առհաւական իր զգայնութիւնը փորձարկել նոր տարազներու մէջ։ Ան ալ կարելի չափով խեղդած է պուկը հռետորութեան։ Խանդավառ էի իրմով, վասնզի ազնուական զգայնութիւն մը, ձեւի զուսպ ու նոր խնամք մը, քանի մը անակնկալ յուզումներ թելադրած էին ինծի կարելիութիւնը խոր ու իրաւ բանաստեղծութեան մը։ Խորշակը զայն ալ զարկած է ու Աստուած գիտէ, թէ ուր պիտի յանգի իր ելքը։

 

6. ԱՐՄԷՆ ԱՆՈՅՇ 

Արմէն Անոյշ, պսակաւոր բանաստեղծ, Մեծարենցի եւ Վարուժանի ճամբաներէն, չի կասկածիր, թէ շատ բան փոխուած է մեր մէջ։ Կը համակրիմ իր զգայնութեան, քիչ մը մանկունակ, տեսակ մը candeurով բաբախուն, որ զինքը ժամանակավրէպ կ՚ընէ նորերու ապերասան, ամենախոյզ ու ախտագին խորութիւններու հրուած զգայնութեան տապին մէջ։ Չեմ ըսեր գեղջկունակ, բայց քաղաքէն անհաղորդ իր ջիղերը դժբախտութիւնն ունին միայն հեռաւոր անցեալ մը իբր յատակ ունենալու։ Իր ոտանաւորը, դաշնաւոր ու հին բոժոժներով եւ diapré զգեստով, պէտք ունի պարզուելու: Նորերէն ո՛չ ոք իրմէ աւելի պարտաւոր է թօթուըւիլ գիտնալ, ազատ ընելու համար իր ուսերը աւանդութեանց պնակիտներէն։ 

 

7. ԳԷՈՐԳ ԿԱՌՎԱՐԵՆՑ 

Տասը տարի առաջ, իր մէկ գրքոյկը առիթ էր տուած ինծի կասկածով բանաձեւելու ճամբան, ուր մխրճուած կը թուէր այս տարտամ քնարահարը։ Ծանրացած էի այն ատեն իր շատ արուեստագէտ մատներուն ճարտարութեանը վրայ եւ տարակուսած միաժամանակ, որ իր զգայնութիւնը անբաւարար պիտի մնար գոհացում տալու այդ շատ խնամուած ճաշակին։

Տասը տարի ետք, գրեթե ոչինչ ունիմ աւելցնելու այս հաւաստումներուն վրայ։ Կառվարենց չէ աճած. տարին հեղ մը–երկուք հրապարակ կը դնէ մէկ–երկու քերթուած, որոնց տակ անպէտ բան  մըն է թուականը։ Նոյնութի՞ւն, միութի՞ւն. գուցէ։ Բայց չարամիտ մը կրնար աւելցնել. - ամուլ հարսներն ալ նոյնը կը պահեն իրենց կաղապարը։ Պատճա՞ռը այս կաuումին. կը հրաժարիմ դուրսէն փնտռելու զայն եւ կը հրաւիրեմ բանաստեղծը, որ լուսաբանէ մեր տարակոյսները։ 

 

8. ԱՐՍԷՆ ԱՃԷՄԵԱՆ 

Թափառական մը, բոպիկ ու փոշոտ, շփոթուելու չափ մուրացկանի մը հետ, գեղէն քաղաք, քաղաքէն դէպի իմաստի տափաստանները, հայրենաբաղձութիւն, քիչ մը աղբիւր, լուսնի լոյս, շինականի ժպիտ, հարսներ եւ աշուղական անփութութիւն։ Արմէն Անոյշի պէս ան ալ չի պատկանիր իր սերունդին եւ ախորժն ունի յուշքերու յատակին։ Չեմ ուրանար, թէ կարելի է մեծ բանաստեղծութեան հասնիլ այդ ուղիով. բայց գիտեմ, թէ երազանքը ծուլութիւն է միշտ, եւ արուեստը՝ աշխատանք, ամէն բանէ առաջ։ Մարդ կեցած տեղը չի կրնար յաղթահարել խուսափուկ պատկերը, որ մեր անցեալինն է։ Գրեթէ աստուածային ուժ է հարկաւոր դէպքերու ու տպաւորութեանց ծովէն քաշել վեր բերելու համար մեր անցեալը, ոսկի՜ տախտակ, սուզուած՝ ջուրերու ծոցը։ Ահա թե ինչու անցելապաշտ բանաստեղծներ դուրս են ժամանակին կշիռէն, բայց դուրս են ամենահզօր զգայնութեան մը երաշխիքովը։ Ըրէք այդ զգայնութիւնը քիչ մը թոյլ, քիչ մը իր ժամանակէն պախուրցուած, կ՚ունենաք միջակ քերթուած մը։

Ջերմ է Աճէմեանի լեզուն, հաղորդական, բայց ո՛չ բաւարար չափով պարզ կամ, հակադիր կողմէն, մշակուած։ Արսէն Աճէմեան երթեւեկը կ՚ընէ անցեալին եւ ներկային անջրպետին մէջ, առանց վաւերապէս մէկը կամ միւսը կարենալ ըլլալու։ 

9. ԶԱՐԵՀ ՊԼՊՈՒԼ 

Գրեթէ վերը բանաձեւուած դիտողութիւնները կը ներկայանան կրկին, խօսելու ատեն Զարեհ Պլպուլի մասին։ Կը պատկանի նախապատերազմին, հետեւաբար ետ է իր սերունդէն, ըսել կ՚ուզեմ՝ զուրկ է անոր յատկանիշը եղող արտայայտման կորովէն, փայլէն եւ նորութենէն։ Միւս կողմէ՝ իր ոտանաւորին մէջ մեր մօտաւոր անցեալին մէկ դիմերանգն ալ չէ սեւեռուած, որպէսզի իր երգերը փոխադրել կարենայինք 910ին։ Կասումը չի ասորը, այլ՝ հաղորդական ըլլալու անկարող ջղային դրութեան տկարութիւն մը։ Ու կան ասոնցմէ, որոնք կ՚արհամարհեն իրենց ժամանակը, տրտմութեամբ կամ հեգնանքով կը նային յառաջացողներուն բանակին ու չեն տառապիր, երբ անոնք օր մը անհետ լերան ետին, նոր աշխարհներ գտնելու իրենց եռանդին մէջ թեւաւոր ու հաւատաւոր։ Իրենք պիտի սպասեն վարը, իրենց սրինգին ու մախաղին վրայ ծալապատիկ եւ պիտի երգեն երգը իրենց ընկերներուն, երբ նոր ելած էին գեղէն միասին։ Պատերազմը այդ հոգիներուն համար հրդեհ մըն է մեծատարած, որ զարկած է դաշտը, բայց խնայած աղբիւրին, որուն կոյտին կը հանգչին։ Երկու անձրեւ, այսինքն՝ քանի մը տարի, ու դաշտը պիտի կանչըւորի։

 

10. ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՕՓԱԼԵԱՆ 

Թօփալեանի գրքոյկը չեմ տեսած. տպաւորութիւններս կու գան « Մենք »ի իր մէկ քերթուածէն։ Նորնալու ճիգ, բարեբախտաբար յաջող, անայց խորշերու բանաստեղծութիւնը վեր բերելու եւ սովորականին ծալքին տակ խուսափուկ, աննշմար զգայութիւնը սեւեռելու, մեկուսացնելու զօրաւոր ցանկութիւն մը կը յատկանշեն այս տղան։ Ամբողջութեամբ անիկա ընկղմած կ՚երեւի իր նոր միջավայրին մէջ եւ իր մէջ տեղաւորած՝ կարգ մը դաշնակներ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ մեղեդիներ։ Առաւելութի՞ւն թէ թերութիւն՝ այսքան արագ յարմարումը արուեստի ամէնէն նրբին modalitéներու վճիռ չունիմ։ Կը հաստատեմ սակայն, որ յարմարելու այս ընդունակութիւնը քիչ մը իմացական երանգով անհրաժեշտ պէտքն ունի զգացական հոտումի։ Երբ հայ միջավայրի մէջ իրենց կազմութիւնը գտած ու ոսկորնին կապած մարդեր կը փորձուին արտայայտուիլ օտար բարբառով, կը նեղուինք արդիւնքէն՝ օտարներէն աւելի մենք։ Քիչ չեն անոնք, որոնք այս ու այն ձեւով իրենց քերթողութիւնը վերածեցին ֆրանսերէնի, երբ մտածեր ու զգացեր էին իբրեւ հայ։ Թօփալեանի ոտանաւորը, առանց դժուարութեան, մեծ հարազատութեամբ մը կը դառնալ ֆրանսերէնի, նշան՝ թէ զանոնք յղացող անգիտակից աշխարհը լիացած է օտարով։ Պիտի շահէր գուցէ այս տղան, ֆրանսերէն գրելով. խորթ է իր հայերէնը, ձախաւեր եւ հեռու քերթողական ողորկութենէ։ Բայց այս շեղումը նոր դպրոցին ընդհանուր յատկանիշներէն՝ ես կը նկատեմ շահ մը քերթուած մըն է «Երաժշտական»ը, որ կը դիմանալ առանց մեղեդիի նպաuտին։ 

11. ՍՕՍ–ՎԱՆԻ` 

Սօս–Վանիէն շատ բան չեմ կարդացած. իր աւանդավէպերը, 900ի ոճով, ցուրտ ու շլացիկ, չեն միջամտեր ի նպաստ իրեն։ Իր քերթողականը կնիքին տակն է դարձեալ 910ի սերունդին. ամէն մէկ տողը կը յիշեցնէ մեր մէկ քանի վարպետները, գլխաւորաբար Վարուժանն ու Սիամանթոն։ Իր գործին վրիպանքը մտածել կու տայ ինծի դասակարգի մը, որ գերին է զօրաւոր պատրանքի մը։ Վիճակի կտորներ, ընթերցումներէ մեր մէջ կառչած պահեր, երբեմն հիացուած գրքի մը ընդհանուր մթնոլորտը, բոլորը մէկ գրգիռ մը կը դառնան մեզի, մեր կարգին, փորձելու ուրիշներու ճամբով։ Սօս-Վանիի հեքիաթները փաստ մըն են այդ թերի ըմբռնուած ու թերի իմացուած մտապատկերին: Իր վերջին մեհենաքերթուածը Անհատական ») աւելի զօրաւոր փաստ մըն է կցկտուր այդ ըմբռնողութեան, որուն համեմատ մենք, առանց մտքի առջեւ որոշ մարդեր ունենալու, կը շարենք խումբ մը բառեր զանազան անուններով, ըսել տալու համար անոնց միեւնոյն բաները, գրեթէ միեւնոյն բառերով։ Չեմ զբաղիր յղացման, յարդարման, բաժանման, գործողութեան թեքնիք տուրքերով, որոնք գրագէտէն դուրս ըլլալուն՝ իրենց պակասովը կը տապալեն գործ մը, բայց չեն վիրաւորեր հեղինակը։ Այսպէս, Հիւկոյի տրամները, իրենց բոլոր անհեթեթութիւններովը, չեն կրնար վտանգել գեղեցկութիւնը անոր ոտանաւորին։ Մինչդեռ Սօս–Վանիի գիրքը կարելի է վերածել արձակ քերթուածի, առանց դժուարութեան ջնջել բոլոր անունները, քանի որ ոչ մէկը ինքն իրմով պայմանաւոր ըսելիք մը ունի, եւ վերածել զայն տարտամ դիւցազներգութեան մը, որուն մէջ ծայրէ ծայր կը հնչեն փողերը Վարուժանի եւ Սիամանթոյի։ Լրջութիւն հարկաւոր է, երբ մարդ կը մօտենայ իր հասակէն վեր բաներու։ Մեր ցանկութիւնները համեմատական ըլլալու են մեր բազուկներուն։ Յուսահատ չեմ իրմէ, տրուած ըլլալով, որ ոչինչէն մեկնած է, հասնելու համար թէեւ ուրիշին կնիքովը վիրաւոր, բայց տանելի իր բարբառին։ 

12. ԹՈՐՈՍ ԱԶԱՏԵԱՆ 

Ուշագրաւ է այս տղան առաւելապէս իր չափուած տողերուն  մէջ։ Անշուշտ քիչ մը շատ է իր մօտ արուեստը, ըսել կ՚ուզեմ՝ ձայներու եւ գոյնի զգայարանքները։ Իր սերունդէն կը տարբերի վախկոտութեամբ մը, չափի մէջ մնալու ժուժկալութեամբ մը, որուն ժխտումովն է, որ իրենք զիրենք կը ձգտին հարկադրել իր ընկերները։ Իր բերա՞ծը. քիչ է անշուշտ անոր մէջ բաժինը նորին, քանի որ բանաստեղծ մը հիմնաւորող էական պայմանէն դուրս երկրորդական գետինէ, այսինքն՝ պատկերէ ու երաժշտութենէ կը բխի։ Այս տարրերով հարուստ է մեր քերթողութիւնը։ Իր նախորդները դեռ գերազանցուած չեն իրմէ։ Բանաստեղծութեան մէջ առաջադրութիւն չկայ։ Հարցը բուն բանաստեղծութեան կը վերաբերի, այսինքն՝ ա՛յն տարօրինակ վիճակին, որուն մէջ մտնող մը մինչեւ իր ժամանակը երեւան չեկած զգայնութեան մը արտայայտումն է, որ պիտի բերէ։ Շատ չէ պահանջը, ոչ ալ՝ տարօրինակ։ Մենք մեր աչքը պարտական ենք մեծ չափով դուրսին, ինչպէս՝ մեր ականջը, բայց ինչ որ կը բերենք մեզի յատուկ, ան ալ մեր զգայարանքներուն համանուագ դրութիւնն է, մեր ջիղերուն սարուածը, աւելի կարճ բառով մը՝ մեր սիրտը։ Ազատեանի սիրտը հազիւ կ՚երեւայ երրորդ planի վրայ։ Միւս կողմէ՝ իր սերունդին ձերբազատուած միտքն ալ չունի անիկա, որպէսզի սրտի այս ընկրկումը յաջողէր պարտվել մտաւորելով, իմացական հրթիռի վերածելով քանի մը խուլ զգայութիւններ։ Կը համակրիմ իր ձեւին, դաշնակաւոր իր ոճին, նկարող էիր նայուածքին։ 

13 ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐ 

Անշուշտ դեռ շատեր կան, որոնք արժանի էին այս տողանցումին մէջ իրենց տեղը գրաւելու, բայց մատենադարանի մը թիկնաթոռէն չէ, որ կը խօսիմ։ Տարիներով անջատուած՝ գիրքերէն, դժուարութեամբ ձեւ կու տամ իմ տպաւորութիւններուս, որոնք տարիներու փոշիին տակ հարկադրաբար ձեւաթափ եղած են։ Այսպէս, Պերճուհի, Տիկ. Ա. Տիգրանեան, Շէմս, Ռաֆայել Զարդարեան, Սոփոկլեան, Սրապեան, Գ. Չէքիճեան, եւայլն, եւայլն, պարզ անուններ չեն, այլ վայրկեան մը դպած իմ ջիղերուս, հոն խուսափուկ արձագանգ մը արթնցուցած, բայց իրենց ակօսը բաւարար խորութեամբ չեն փորած, որպէսզի սեփական դիմագծութեամբ մը վեր բերուէին ընդհանուր տողանցի այս պահուն։ Կը կարծեմ, թէ երբ առանձին-առանձին իրենց քերթուածներով անգամ մըն ալ տպաւորուելու առիթը տրուէր ինծի, պիտի կրնայի ըսել աւելի յստակ, գուցէ աւելի տրտում կամ աւելի խրախուսիչ բաներ։ 

14. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐ 

Հինէն խորունկ տարբերութիւն կայ արեւելահայ քերթողութեան հանդէպ իմ եւ հասարակաց կարծիքներուն միջեւ։ Գուցէ զիս մեղադրեն, որ չհասկնամ, գէթ իրենց չափով, ու չխանդավառուիմ այն անանուն, անլրջագիծ, անտարազ արտադրութեամբ, զոր մեզի սորվեցուցած են արեւելահայ քերթողութիւն անունին տակ։ Գուցէ դատապարտեն զիս, որ տառապիմ՝ օրինակի համար՝ Ա. Իսահակեանի մը այսպէս կոչուած գեղեցկագոյն մէկ քերթուածին մէջ չգտնելով տարրական շնորհը, որ հայտնաբերէր վաւերական քերթողը։ Բայց ասոնց վրայ ծանրանալ դուրս է մեր ծրագրէն։ 

Ձեր հարցումը կը շօշափէ նորերուն մօտ մշակուած քերթողութիւնը։ Պարտաւոր եմ խոստովանելու, թէ չեմ տեսած մեծ մասը անոնց։ Այնպէս որ՝ տրամաբանական պիտի չըլլար քիչ ճանչցուած եւ կցկտուր հատուածներէ բարձրանալ ընդհանուր բանաձեւերու։ Միայն արեւմտահայ մամուլին միջոցաւ հոս ու հոն հրամցուած ու մեծատիտղոս փառաբանուած «գոհար»ներու մէջ թող ներուի ինծի չգտնել բաւարար պատճառ ոմանց խանդավառութեան։ Ի՛նչ որ ի նպաստ անոնց չեմ վարանիր յստակապէս բանաձեւելու, ան ալ յետ-պատերազմեան սերունդին մշակած լեզուին գեղեցկութիւնն է ի հեճուկս նոյն այդ սերունդէն մշակուած արձակին, որ իր ետին կը ձգէ իբր բարբարոսութիւն, իբր վանտալիզմ ինչ որ ըրած են մեր հնաբանները ու մեր սոitorները մեր լեզուին վրայ, նախանցեալ դարերուն։ Բայց լեզուն երկրորդական տարր մըն է քերթողութեան մէջ։ Ատեն մը, արեւելահայոց նորերը երգեցին եթէ ոչ իրենց անհաղորդ, գէթ բաւական մը խորթ մտածումով։ Չարենցի գործը գերագոյն չափով փաստ մըն է պարապով յղի այդ գոռում-գոչումին։ Այնքան յուսախաբ ըրած են մեզ իրենց միօրինակ նուագով, որ քիչ մը անկեղծ, զգացումով իւղոտած քերթուած մը շնորհ կը գտնէ մեր առջեւ։ Քսան տարի ետք, երբ պաղի հեղեղը յեղափոխական կրակին, մենք առաջ իրենք պիտի տառապին այսօրուան իրենց սնոտիքին համար։ Ինչ որ ցաւալի է, արեւելահայ քերթողութեան մէջ այնքան գուրգուրանքի արժանացած, ընտանի, մտերիմ զգայնութեան մը արտաքսումն է քնարերգութեան կալուածէն։ Մարդիկ առաջ կ՚երգէին, թէեւ տափակ ու սովորական կոկորդով, երգը իրենց աղբիւրին ու եարին, լերան ու ամպին, մշուշին եւ ուռիին. այսօր՝ ռատիոներ, «էպիքական» արշալոյսներ, Չին ու Մաչին, Հինտուստան ու Սինկափուր մոթիֆ կու տան մեր պրոլետար քերթողներուն։ Ու Հայաստանի խեղճուկ աւանէն դուրս հորիզոն չտեսած մեր պոետը առանց սարսափելու մեզի կը խօսի Նիւ Եորքէն եւ ժողովուրդներու իրերասպան գուպարէն։ Անհարազատ ու կեղծ է այս երգը։ Բանաստեղծութեան տագնապ մը հարկ է հոն փնտռել, որովհետեւ տաղանդէն դուրս ուրիշ ազդակներ կը միջամտեն, տապալելու համար ինքնաբուխ ստեղծումի ամէն ձեռնարկ։