Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ 

Ամէնէն առաջ համակրած եմ իր զգայնութեան։ Նորերէն շատ քիչեր միայն բերին մեր գրականութեան այդքան առատ ջիղերու տարուածք մը։ Այդ զգայնութեան արտայայտումին համար անիկա գործածեց նորերուն ոճը։

Պզտիկ դիտողութիւն մը հոս. Շուշանեանին ֆրազի ճաշակը կը նրբերանգուի բանաստեղծական բարակ աւիշով մը։ Այսպէս, դրէք այդ գործիքը ու այդ ջիղերը ծո՛ցը հեռաւոր հայ քաղաքի մը. տուէք այդ քաղաքին ալ երեսուն տարի առաջուան մթնոլորտ եւ բարեխառնութիւն. կապեցէք իր ուսերուն մեր գաւառը ու փռեցէք իր հոգիի յատակին՝ մեր պատմութիւնը, մենք կ՚ունենայինք մեր կեանքին ամէնէն կենդանի արտայայտութիւններէն մէկը։ Բայց բախտը տարբեր կերպ ուզեց։ 

Այդ ամէն յատկութիւնները, փոխանակ այդ երազուած պայմաններուն, տրուեցան գրեթէ գլխովին հակառակ գետիններու վրայ։ Այդ ջիղերը արձակուեցան սողալու ու լողալու ինչպէս որ կ՚ուզէք աշխարհի ամէնէն բազմաձեւ ու բազմակնիք մշակոյթի մը ենթահողին ու մարմնահողին մէջ։ Արդի՞ւնքը. անոնք սպառեցան, որովհետեւ Արեւելքի զգայնութիւնները կ՚արժեն դէպի խորքը, բայց ոչ դէպի լայնքը։ Յետոյ՝ ջիղերը երբեք չեն բաւած մինակնին գրագէտ մը պարտադրելու, եթէ անոնք անգնահատելի են իբրեւ խորքի հէնք գործի մը մարմնին մէջ, պարտաւոր են սակայն անցնիլ հզօր գլանի մը ճնշումէն, որ իմացականութիւնն է այս անգամ։ 

Այդ նոյնիսկ ամէնէն օժտուած իմացականութիւնը, այն պայմաններուն մէջ, որոնք մատուցուեցան Շուշանեանի կազմումի շրջանին, պիտի խորտակուէր իր իսկ ճիգին ծանրութեանը տակ։ Տարագրութիւն, անապատ, Պոլիս, Փարիզ, բոլորն ալ ջիղերը գերազանցապէս սրելու ընդունակ մարզեր, բայց միտքը ոչ իսկ փոքր կէտէ մը ճեղքող, բացի Փարիզէն, ուր կը հասնէր շատ ուշ։ 

Այո՛, ըսել կուզեմ, որ անհրաժեշտ զարգացումը կը պակսի Շուշանեանին, իսկ ընթերցումներէ քաղուած մէջբերումները իր գործին մէջ՝ կը փաստեն խորքի պակասը ծածկելու աճապարանքը։ Պարտաւոր ենք կասկածով դիմաւորել յատուկ անուններու ամէն ցուցադրում։ Յիշեցէ՛ք Եղիան, որ այնքան առատութեամբ անուններ ցանեց իր գործին մէջ եւ որ դժբախտաբար անուններէն անդին չանցաւ բնաւ։ Մեջբերումները մշակոյթի նշան չեն դարձեալ, եթէ նոյնիսկ ընթերցումները կատարուած են իրապէս, ամբողջապէս։

Զարգացումը շատ բան գիտնալով չէ, որ կը պայմանաւորուի. գիտութիւնը, գիտնալը նախանիւթն է ամէն կառուցումի։ Դիզեցէ՛ք ատաղձը հրապարակի մը վրայ, սակայն մինչեւ որ ճարտարապետին ուղեղը, այսինքն՝ իմացական discipline մը չանցնի այդ հում՝ նիւթին մէջէն, ատաղձը կառոյցի չի վերածուիր։ 

Աս է, որ ըսել կ՚ուզէի։ Այլապէս, Շուշանեանի միտքը պիտի միջամտէր, խնայելու համար մեզի՝ իր գործերուն մէջ՝ բանաստեղծութիւնը, մա՛նաւանդ բառական երակէն, աւելորդ ճապաղում մը, որ առաջ կու գայ կիրքը, զգացումը, յուզումը ծածկելու յարմար գետինէն աւելի ընդարձակ տեղի մը վրայ տարածումէն։ Իր միտքը պիտի միջամտէր դարձեալ, որպէսզի իր ջիղերու փորձառութիւնները գտնէին սեղմութիւն, ցայտում, հաւասարակշռութիւն եւ նուաճող տարազ։ Կամ որպէսզի իր մարդերը ըլլային լայնօրէն հասունցուած ու նետուին թուղթերուն վրայ ոսկորոտ ու կազմուած, իրենց մէջքը ամուր պահելու չափ քննադատի ականէն։ Չեն եղած ասոնք՝ ու մեղքը անմշակ իր մտքինն է։ 

Գալով չորրորդ դասակարգի իր «գաղափարաբանութեան», պիտի ըսեմք, թէ ո՛չ ոք իրաւունք ունի իրենցմէ կորզելու ուրիշներուն տառապանքը։ Չորրորդ դասակարգի տեսաբանները կը տարբերին  Երրորդ Հանրապետութեան արմատականներէն, վասնզի պատերազմին հզօր մղձաւանջը, մա՛նաւանդ անոր փտախտին երկարաձգումը հոգիներուն մէջ, իրական կ՚ընեն ժամանակակից խուլ դժգոհութիւնը միւս երեք կարգերուն դէմ։

Վ. Շուշանեան անկեղծ է, երբ կը պոռայ որբի իր կատաղութիւնը աշխարհի երեսին։ Միայն երբ այդ կատաղութիւնը կ՚ուզէ տարազել իմաստութեան, լոկիգա յի, տիալեկտիկա յի եւ բոլոր առձեռն, պատրաստ առածներու պատմուճանով՝ հո՛ն է, որ կը կենանք ու կ՚ըսենք, ի՛նչ հարկ այս անտեղի ցուցադրումին։ Գրականութիւնը, ա՛յն՝ զոր ըրած էր այն մինչեւ այս վերջին volte-faceը, ո՛չ միայն դասակարգի մը չէր պատկաներ, այլեւ կը պատմէր միմիայն իր անձը։

Իր էութեամբ գերազանցապէս անհատական՝ գրականութիւնը կրնայ ծառայել զանգուածին ալ շահերուն։ Չեմ գիտեր՝ հարիւր տարի ետքը անհատը պիտի դադրի՞ գոյ ըլլալէ, կորսուելու համար զանգուածին ծոցը: մենք դիւրութեամբ պիտի հրաժարի՞նք մշակոյթ որակուած իրողութենէն, զոր չենք կրնար հերքել թուղթի վրայ ուրացումով ու վճիռով։ Պէտք պիտի ըլլար, հակառակին համար, ընդունիլ նոր բարբարոսներու արշաւանք մը, որ քարուքանդ ընէր մեր արժէքները։ 

Ատիկա եղած է անցեալին մէջ ու հազար տարի պէտք եղաւ՝ վերագտնելու համար ծայրը փրթած թելին։ Նետել զամբիւղ քաղքենի արուեստն ու կրակի տա՛լ զայն… դիւրին չէ հայհոյանքով ընել ատանկ գործ մը։ Ու մենք ունինք գրագէտներ, որոնք կ՚անցնին մեր տարազներէն անդին ու կը մնան կանգուն՝ ժամանակի աւերումներուն դէմ։ Ու միշտ բարբարոսներու արշաւանքէն յետոյ պիտի գտնուին վերածնունդներ, որոնք թղթային փրթած օղակները իրարու կցէին։ Յանուն պրոլետ–գրականութեան, որուն անունը կայ, ինքը՝ ոչ, նոյնիսկ աշխարհի վեցերորդ մասին մէջ անտեղի է նիզակ ճօճել մարդերու դէմ, որոնց շուքն իսկ ծանր կու գայ մեր ուսերուն։