Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Հաւատարմօրէն ներկայացուցի ինչ որ ըսած էր ինծի Օշական իր քննադատական ուղղութեան, հանգանակին, « Համապատկեր »ին եւ այլ հարցերու մասին։ Իր ըսածներուն մէջ կան անշուշտ վիճելի կէտեր, բայց իմ ընել ուզածս, այս արագ նոթերուն ու տպաւորութիւններուն մէջ, իր գործին կամ մտածելու իր կերպին վերլուծումը չէ, ոչ ալ վիճիլն է իր թելադրած, թելադրել ուզած տեսութիւններուն մասին։ Դատելու իր եղանակը, արուեստի խնդիրներու մէջ իր կիրարկած մեթոտը, իր ուրացումներն ու հիացումները, առաւել քանդողական եւ նուազ կառուցողական իր քննադատութիւնը այլապէս շահեկան նիւթեր են իր մտածողութեան ընդհանուր ուղղութիւնը ուսումնասիրելու տեսակէտէն։ Ատ ալ չէ սակայն իմ ընել ուզածս հիմա։ Վերջին հաշուով կրնամ անվարան յայտարարել ասիկա Oշական երեւոյթ մըն է մեր գրականութեան մէջ։ Ձայն մըն է, փոխանակ միայն արձագանգ մը ըլլալու։ Մտածող մարդ մըն է թերեւս՝ զգացող մարդ մը ըլլալէ առաջ ու աւելի։ Իր գործին մէջ՝ կեդրոն մըն է միտքը, ու շրջանակ մըն է սիրտը։ Թէ՛ կեդրոնը, թէ՛ շրջանակը կը հպատակին մեքենականութեան մը, որ կը բխի արտասովոր, գրեթէ տարակեդրոն, բայց միշտ ուժական (dynamique) իր խառնուածքէն։ Մենաւոր ճամբորդն է ինք կեանքի եւ գրականութեան մէջ։ Չի կրնար «ուղեկից» ըլլալ. չի կրնար նաեւ «պոչ» ըլլալ։ Առաջնորդ մըն է եւ գլուխ մը։ «Դպրոց»ի մը աշակերտը չէ. պետն է։ Ճամբայ բացող մըն է աւելի, քան բացուած ճամբէն քալող մը։ Ծառը բարձրացող մըն է, քան ծառին տակ սպասող մը։ Ա՞յս է արդեօք պատճառը, որ գրեթե միշտ դժուար է համաձայն ըլլալ իրեն հետ, ինչպէս գրեթէ միշտ դժուար է, որ ինք համաձայն ըլլայ ուրիշին հետ։ Շեշտուած անհատականութիւն մը ունի՝ հակառակ իր մեղմ բնաւորութեան, եւ շեշտուած «հակառակութեան ոգի» մը՝ հակառակ իր բարի տրամադրութիւններուն։ Պարզապէս անհաշտ մըն է ո՛չ թէ ի բնէ, այլ, կը կարծեմ, իր մենութեան ու դառնութիւններուն իսկ բերումով։ 

Այս եւ այլ պատճառներէ մղուած, ես՝ իմ հաշուիս չեմ վիրաւորուիր, երբ գրեթէ միշտ դաս տալու կ՚ելլէ ուրիշին եւ գրեթէ բնաւ հարկ չի տեսներ դաս առնելու ուրիշէն։ Ասիկա թերեւս ճշմարտութիւն մըն է, թերեւս ճշմարտութեան մէկ մասն է միայն, թերեւս նոյնիսկ բնաւ ճշմարտութիւն մը չէ։ Ասանկ բաները չեն խոստովանուիր, կը գուշակուին միայն։ Ինչ որ ալ ըլլայ իրողութիւնը, Օտեանի նուիրուած իր «փորձ»ը համապատկեր մը չէ ինծի համար, այլ՝ սոսկ պատկեր մը, որ ո՛չ իմ հետաքրքրութիւնս կը կշտացնէ. ոչ ալ տրամադրութիւն կը ստեղծէ իմ մէջս՝ քիչէն շատին բարձրանալու, ինչպէս կը թուի թելադրել ինծի։ Թող ներէ վարպետը, եթէ ես չեմ կրնար իմ միջոցներովս իրագործել «չնուաճուածը»։ Հարկ կա՞յ, իրեն իջեցնելու, թէ Սմբատ Բիւրատի վէպերով չեմ սնած ես եւ թէ բնաւ հետամուտ չեմ եղած իմ աչքիս անկող ամ էն էջ առանց ճիգի տեղաւորել իմ մտքիս մէջ։ 

Չվիճինք այս կէտին վրայ եւ… սուրերը պատեանը դնենք։ 

* *  *

Գրիչնիդ դալար մնայ, Հա՛յր Եղիշէ, կ՚ըսեմ՝ զգուշութեամբ տեղաւորուելով փափուկ թիկնաթոռի մը մէջ, երբ ընկ. Կ. Ղազարեանի հետ վերջապէս առիթ կ՚ունենամ այցելելու բանաստեղծ վարդապետին։ 

Սովորութիւնը, թերեւս առհաւութիւնը, բայց ապահովարար լուսահոգի հօրս պատուէրը միշտ ալ մղած են զիս «պատկառ կենալ» եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն առջեւ, ինչ ալ ըլլայ անոնց աստիճանը։ Ու քիչ կը մնայ, որ ելլեմ համբուրեմ վարդապետին աջը, ես՝ որ կրնամ իր մեծ եղբայրը համարուիլ իմ արդէն ճերմկած մազերովս։ 

Ի՞նչ բեղմնաւոր գրիչ է ձեր գրիչը, սիրելի՛ վարդապետ, կը շարունակեմ՝ բան մը ըսած ըլլալու եւ միաժամանակ ճշմարտութիւն մը հաստատած ըլլալու համար։ 

Ես միշտ սիրած եմ լռութիւնը, հակառակ որ չեմ սիրած ոսկին իբրեւ նիւթ, թերեւս այն պատճառով, որ ան միշտ երես դարձուցած է ինձմէ անիրա՜ւը…։ Ու գիտեմ, թէ յետամնաց աշակերտ մըն եմ  խօսակցութիւն մը սնուցանելու արուեստին մէջ։ Ի՞նչ փոյթ. երբ ստիպուիմ բան մը ըսել, կ՚ըսեմ ինչ որ կը մտածեմ, առանց ըսածս ծաղկազարդելու, կամ ոսկեջրելու։ Միամիտ մարդու իմ համբաւս միակն է իմ տիտղոսներուս մէջ, զոր կը սիրեմ հետս պտըտցնել ամէն տեղ եւ որմէ բնաւ վնասած չեմ, թէեւ շահած ալ չեմ։

Այս վանքին մէջ՝ իրենց գրիչով ու բեղմնաւորութեամբ մեծ երկու մարդեր միայն կան, կ՚ըսեմ այնպիսի ձեւով մը, որ յայտնի չըլլայ, թէ այս բառերէն որո՛ւն վրայ կ՚ուզեմ դնել շեշտը գրիչի՞ն, բեղմնաւորութեա՞ն, մեծի՞ն, թէ երկու–ին։ Վասնզի կը հաւատամ, թէ ուրիշ մեծ մարդեր ալ կրնան գտնուիլ վանքին մէջ կամ շուրջը։

Որո՞նք են այդ մեծ մարդերը, կը հարցնէ Հայր Եղիշէ՝ փորձիչ ժպիտով մը եւ յատկապէս շեշտը դնելով մեծ-ին վրայ։ 

Մէկը Օշականն է։ Մի՞ւսը… 

Կը ստիպուիմ տ՚Անունցիոյի վերագրուած մանրավէպ մը պատմել։ 

Տ՚Անունցիօ օր մը այցելութիւնը կ՚ընդունի ֆրանսիացի լրագրողներու։ Խօսակցութեան ընթացքին՝ Ֆիումէի հերոսը առիթով մը կ՚ըսէ. «Իտալական գրականութեան մէջ երկու մեծ դէմքեր կան…»։ 

Որո՞նք են, կը հարցնեն լրագրողները միամտութեամբ։ 

Առաջինը Ալեքսանդր Մանծոնին է, կը յարէ ճաղատ բանաստեղծը եւ կը կենայ։ 

Մի՞ւսը, կը հարցնեն դարձեալ անմիտ ֆրանսացիները։ 

Հարկ կա՞յ, ըսելու, որ միւսը… ինքն էր, Կապրիէլէ տ՚Անունցիոն։ 

Ձեր հարցումին պատասխանը ստացաք կարծեմ, վարդապե՛տ, կը լրացնեմ խօսքս՝ վախնալով սակայն, որ չելլէ՜ Օշականի անունին քով տ՚Անունցիոյի անունը դնէ, փոխանակ իր անունը դնելու։ 

Այս տեսակ վրէպ մը «տպագրական սխալ»է աւելի բան մը պիտի ըլլար. ողբերգութիւն մը պիտի ըլլար պարզապէս թէ՛ տ՚Անունցիոյի եւ թէ իրեն՝ վարդապետին համար… 

Այս միջոցին յանկարծ ներս կը մտնէ թիւ 1 մեծ մարդը։ 

Ճիշդ հիմա քու խօսքդ կ՚ընէինք, Օշակա՛ն կ՚ըսեմ ես։ Ո՞րն է այն ասածը, որ ներկայ պարագային կը պատշաճի։ 

Շունը յիշէ՝ փայտը քաշէ, կը պատասխանէ անզուգական գիւղացին իրեն յատուկ պարզութեամբ։

Կը ծիծաղինք «լիաշուրթն»։ 

Օշական հրաւէրի չի սպասեր. սեղանին վրայէն կը վերցնէ կարմրաթուշ խնձոր մը եւ առանց կեղեւելու կը սկսի ուտել։ 

Oշակա'ն, կ՚ըսեմ զարմացած, ես քեզ կը կարծէի մաքրութեան բծախնդիր, կասկածոտ, բարակ մանող մէկը։ Մինչդեռ ահաւասիկ չստկուած խնձորը հալեցաւ բերնիդ մէջ։

Մենք քի՞չ միքրոպ ունինք մեր ներսը, կը պատասխանէ ան` հանդարտ անհոգութեամբ մը։ 

Եւ, առիթը յարմար նկատելով, կը սկսի գիտական տեսութիւններ բանաձեւել ճիշդ այն ձեւով, ինչ ձեւով որ գեղեցկագիտական տեսութիւններ պարզած էր օր մը առաջ։ Կ՚ըսէ, ի միջի այլոց, թէ սիրտը կ՚ապրի երկու հարիւր տարի, ստամոքսը՝ չորս հարիւր, թոքերը չեմ գիտեր քանի՞ հարիւր տարի, եւայլն։ 

Վերի մա՞սը որքան կապրի, կը հարցնեմ թերահաւատ ժպիտով մը։ 

«Տախտակը նետածներ» եւ «տախտակը չնետածներ» կան, կ՚ըսէ եւ կը յիշէ իրենց գեղին քոքուրները, թիւով տասնըհինգ, զորս ներկայացուցած է մէկ–մէկ՝ « Խոնարհները » ընդհանուր խորագրին  տակ։ 

Տասը հազարնոց գեղի մը մէջ տասնըհինգ քոքո՜ւր… շա՛տ է, կը զարմանամ ես իրաւամբ։ Մեր գեղը քսան հազար հոգի կը հաշուէր, բայց միայն մէկ քոքուր ունէինք մենք։ Միայն մէկ «տախտակը նետած»։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ինչքան ուրեմն բարակ են ձեր… «տախտակ»ները։ 

Կուշտ մը կը խնդանք ամէնքս ալ։ Օշական կը լռէ խոհեմաբար։ 

Մէկ հատ ողջ չէ՞ մնացած այդ քոքուրներէն, կը հարցնեմ։ 

Կը սպասէի, որ Օշական ըսէր կատակի համար. «Ո՛չ ոք… ինձմէ զատ»։ Չըսա՛ւ, ինչպէս պիտի ըսէի ես, եթէ իր տեղը ըլլայի։ 

Oշական յայտնապէս հաշտուած կը թուի ըլլալ իր վիճակին հետ։ Հիւանդ է, մօտէն տեսած է մահը։ Բայց այլեւս չի վախնար անկէ, անգամ մը անոր հետ ճակատ ճակատի գալէ ետք։ Ան նոյնիսկ կ՚ըսէ, իր ճակատագրին հպատակ մարդու մը սկեպտիկ շեշտովը

Ամէնքս ալ մահկանացու ենք եւ պիտի մեռնինք։

Պ . Լափալիս նոյն բանը պիտի ըսէր ապահովաբար։ 

Ո՛չ, կ՚ուզեմ մխիթարել զինք, մենք, այսինքն՝ Կարպիսը եւ ես, մահկանացու ենք ու պիտի մեռնինք, բայց դուք, Օշական եւ վարդապետ, դուք անմահ էք։

Խօսակցութիւնը ուրիշ դարձուածք մը կը ստանայ։ Հին խնդիրներ կը դրուին սեղանի։ Նոր հիւրեր կու գան։ Օշական կը մեկնի։ Մենք եւս կը պատրաստուինք մեկնիլ։ Գրասեղանին վրայ՝ աչքիս կը զարնեն տպուած պրակները Եղիշէ վրդ. ի նոր մէկ գործին, « Նարեկը հայ գրականութեան մէջ »։ Նարեկացին միսթի՞ք մըն է, թէ բանաստեղծ մը. այս հարցի մասին կը խօսինք ոտքի վրայ։ Բայց նկատելով, որ ոտքի վրայ որեւէ հարց չի կրնար լուծուիլ, կը խոստանանք ուրիշ անգամ մը նստած խօսիլ այդ հարցին վրայ եւ հրաժեշտ կ՚առնենք հիւրընկալ վարդապետէն։

Դուրսը, միջանցքին մէջ, կը հասնինք մեր խօսակցութեան վերջաբանին։ Կը յիշեմ, որ վերջին պահուն ըսի բանաստեղծ Եղիվարդին

Իմ մեծ փափաքն է, սիրելի՛ վարդապետ, որ բարեկամներ մնանք միշտ։ 

Արդէն թշնամի չենք, փոխադարձեց Եղիվարդ։ ՝ 

Ինք անշուշտ ինձմէ լաւ գիտէ, որ թշնամի չըլլալը եւ բարեկամ ըլլալը միեւնոյն բաները չեն։ Մէկը ժխտական առաքինութիւն մըն է, մինչ դրական առաքինութիւն մըն է միւսը։ 

Ես կը սիրեմ բարեկամներ տեսնել ամէն տեղ եւ ամէն մարդու մէջ։ 

Առաքինութի՞ւն մըն է արդեօք աս, թէ թերութիւն մը։ 

* * *

Օշականի ամէնէն մեծ ու ամէնէն խոր դառնութիւնն է չկարդացուիլը, աւելի ճիշդ՝ չհասկցուիլը, Ինտրայի բառով՝ «չսիրուիլը»։ 

Երբ առիթով մը դիտել տուի իրեն, թէ զինք կը նկատեն դժուարիմաց հեղինակ մը՝ ծանր իր լեզուին ու գրեթէ մութ իր ոճին համար, Oշական յօնքերը վեր քաշեց ու պոռաց

Ատ առասպե՞լը ուրկէ կը հանեն, պէ ճանըմ։ Ես ամէնէն յստակ գրողն եմ մեր մէջ. ասիկա թող գիտնան։

Վստահ եմ, որ Օշական կը հաւատայ իր ըսածին։ Խնդիրը հետեւաբար, իրողութիւն մը հերքելու կամ հաստատելու լուրջ չի դառնար, այլ՝ այս հաւատքին արդար կամ անարդար, իրաւ կամ անիրաւ ըլլալուն շուրջ։ Եւ որովհետեւ ըսուած է, թէ հաւատքը կոյր է, այս պատճառաւ իսկ չենք կրնար, մեր տրամադրութեան տակ գտնուած միջոցներով, մտածել այդ կուրութիւնը դարմանելու մասին։ Օշական հաւատքը ունի իր ըրածին՝ ինչպէս ըսածին ալ։ Ասիկա անշուշտ առաքինութիւն մըն է գրագէտին համար։ 

Oշակա՛ն, -- կ՚ըսեմ ի վերջոյ, ինչո՞ւ հրաժարեցաք քննադատութեան արուեստէն, երբ մեր հրապարակը այնքան պէտք ունի անոր։ 

Ձեզի ծանօթ է իմ վերաբերումը դատելու արարքին մասին։ Գրեր եւ ճշդեր եմ իմ դիրքը այս խնդիրին մէջ։ Կարդացեք «Զուարթնոց» ամսագրին մէջ լոյս տեսած իմ մենագրութիւնը, որ լիովին կրնայ գոհացնել ձեր հետաքրքրութիւնը։ 

Ապա կ՚ուզէ հասկցնել, թէ մեծ ստեղծումներ, մեծ իրացումներ չկան մեր նոր գրականութեան մէջ, որպէսզի արժէր գրել անոնց մասին։ Քննադատութիւնը, Ուայլտի սահմանումով, ստեղծագործութիւն մըն է ուրիշ ստեղծագործութեան մը մէջ։ Նախ, ուրեմն, երկրորդ պայմանը պէտք է գոյութիւն ունենալ, որպէսզի կարենայ գոյութեան իրաւունք ունենալ առաջին պայմանը։ Այս է, իմ գիտցածս, Օշականի ըսել ուզածը։

Հայ գրականութիւնը եւ հայ գրագէտը փոքրցնելով մենք ալ մենք մեզ փոքրացուցած չե՞նք ըլլար քիչ մը, կը մտածեմ իւրովի։ Բայց կը զգուշանամ այս մտածումը հարցումի վերածել, ինքզինքս անակնկալի մը առջեւ չգտնելու համար… 

Ի՞նչ կը կարդաք, կամ առհասարակ կը կարդա՞ք, կը հարցնեմ։

Օշական կը բացատրէ, թէ ո՛չ ժամանակ ունի լայն ընթերցումներ ընելու, ոչ ալ՝ տրամադրութիւն։ Մնաց որ, իր առողջական վիճակը թոյլատու չէ ճիգի ու խոնջէնքի։ Մէջ ընդ մէջ կը կարդայ սակայն մեր գրողներուն գործերը, հասկանալու համար, թէ ո՛ւր կրցած են հասնիլ անոնք։ Եթէ չհաստատէ անոնց մէջ զգալի բարեշրջում մը, ա՛լ չի կարդար։ Ու կ՚աւելցնէ

Կը կարդամ այն գրուածքները, որոնց մէջ քաշքշուք կայ, երգիծանք կայ, համ ու հոտ կայ։ Կը կարդամ նոր գրողները, մեր նոր գրականութեան ուղղութիւնը եւ զարգացման տարողութիւնը ըմբռնելու, մա՛նաւանդ հաղորդ մնալու համար գրական ընդհանուր շարժումին։ Ա՛յսքան։ 

Այսքանն ալ բան մըն է արդէն, կը մտածեմ եւ կ՚ուզեմ գիտնալ, թէ ի՛նչ նոր գործեր ունի սեղանի վրայ, որոնք «սեւեռուելու կը սպասեն»։