Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Երուսաղէմ երթալ եւ չտեսնել Օշականը, կը նշանակէ Հռոմ երթալ եւ Պապը չտեսած ետ դառնալ։ 

Պապը կ՚իշխէ այսօր երեք հարիւր միլիոն հաւատացեալներու վրայ: Օշական գոհ պիտի ըլլար, եթէ միայն երեք հարիւր… անհաւատներ ունենար իր մականին տակ։ 

Երբ կ՚անցնիմ Ս. Յակոբեանց վանքի ցած կամարներուն տակէն, երթալ տեսնելու համար յաւիտենական ճգնաւորը իր մենաւոր խուցին մէջ, միտքս կ՚իյնայ յանկարծ մանրավէպ մը։ « Թշուառներ »ուն մէջ կարդացած եմ զայն. «Նապոլէոն, տեսնելով, որ ծերունի Միրիէլ (եպիսկոպոսը) իրեն կը նայի մասնաւոր հետաքրքրութեամբ, կը դառնայ եւ կ՚ըսէ խիստ կերպով

«— Ո՞վ է ինձ նայող այս միամիտ մարդը։ 

«— Վեհափա՜ռ տէր, ըսաւ Միրիէլ, - դուք միամիտ մարդու մը կը նայիք, ես ալ՝ մեծ մարդու մը։ Մեր երկուքին համար ալ կրնայ օգտակար ըլլալ այսպիսի նայուածք մը»։

Եպիսկոպոս մը չեմ անշուշտ ես, ո՛չ իսկ սարկաւագ մը, աւա՜ղ։ Բայց միամիտ մարդ մըն եմ վստահաբար, եւ անկասկած մեծ  մարդ մըն է Օշականն ալ։ Չեմ կարծեր, որ մեր հանդիպումը յիշուի պատմութեան գիրքերուն մէջ, սակայն կրնայ օգտակար ըլլալ գրականութեամբ հետաքրքրուողներուն համար։ 

Այս համոզումով ալ կը մտնեմ Ժառանգաւորաց վարժարանի շրջափակէն ներս, միամիտ մարդու մը եւ մեծ մարդու մը մանրավէպը մտքիս մէջ։

Կ՚ըսեն, թէ դասի մէջ է Օշական։ Կը ստիպուիմ սպասել դուրսը, ծառի մը շուքին տակ, մինչեւ դասապահին վերջանալը։ Հուսկ ապա, ինչպէս պիտի ըսէր կէս–գրաբարեան մը, սանդխամատերուն վրայ կ՚երեւի բարբարոս շինականը՝ իր բովանդակ փէրիշան ութեանը մէջ։ Շատ սովորական մարդ մը, որուն կէսը գիւղացի է, միւս կէսը՝ վարժապետ, կ՚անցնի մտքէս։ Գրեթե ոչինչ կայ իր վրայ ուշագրաւ՝ դուրսէն նայողի մը համար։ Պէտք է կարենալ ներս նայիլ՝ տեսնելու համար մարդը, որ պարիսպին ետեւ կեցած է եւ ճակատագրին շուքը ունի իր վրայ։

Տասնըվեց տարիէ ի վեր տեսած չէի զինք։ Շատ քիչ բան փոխած են տարիները պարիսպէն դուրս եւ հաւանաբար նաեւ պարիսպէն ներսի մարդուն մէջ։ Կը թուի, թէ յիսունէն ետք՝ մարդիկ դանդաղ կը ծերանան։ Այս մտածումը կը մխիթարէ զիս քիչ մը։ 

Կը մտնենք իր խուցը, ճգնաւորի պարզուկ խուց մը՝ անշուք կահաւորումով, որուն մէջ աբբայ Մարկոսի նկար մը պակաս է միայն, բայց որ հոգեկան ու մտաւորական երկունքի վկայարան մըն է՝ ուրիշ բան ըլլալէ առաջ։ Նեղ պատուհանին առջեւ զետեղուած է հինկեկ գրասեղան մը, որուն առջեւ ամէն առտու կ՚աշխատի ալեւոր գրագէտը, ժամը վեցէն ութ, եւ որուն վրայ խառն ի խուռն դրուած են գիրքեր, թերթեր, ձեռագիրներ, պնակ մը ոսպապուր, 8-10 հաւկիթ, ձմերուկի շերտ մը եւ տապկուած գետնախնձոր։ 

Փոքրիկ գրադարան մը եւ երկու աթոռ՝ պատին տակ, զոյգ մը ոտնաման՝ դրան ետին, որմափոր պահարաններ՝ աջ ու ձախ, ձեռագիրներով ու գիրքերով ծանրաբեռն, բազմոց մը՝ գրասեղանին մօտը։ Այս ամէնուն վրայ կ՚իշխէ, քովնտի ընկողմանած, ինքը՝ « Մայր Հայաստան »ը, եղերականօրէն ցաւագին իր մենութեամբ։

Մեկնելու ժամն է արդէն։ Օշական կը վերցնէ «շուկայի պայուսակը» եւ երկուքս մէկ կ՚ելլենք դուրս։ Պայուսակին մէջ աչքիս ծայրով կը տեսնեմ՝ սալոր, վարունգ եւ թուղթի մէջ փաթթուած քանի մը ծրարիկներ։ 

Ասիկա, կ՚ըսէ ալեւոր գրագէտը՝ պայուսակը ցոյց տալով, «ճիտիս պարտքն» է։ Ամէն օր կը լեցնեմ եւ ամէն օր կը պարպուի։ Օր մը սատկիմ նէ՝ այս պայուսակն ալ հետս թող թաղեն։

Վանքի դրան քովէն իսկ կը սկսի իր գնումներուն։ Ու հարիւր քայլ չառած՝ պայուսակը լեցուած է արդէն։ Վերջին անգամ կը կենանք մսավաճառի մը խանութին առջեւ, զոյգ մը ուղեղ կը գնէ, դրամը կը դնէ մարդուն ափը ու կը սպասէ վրադիրին։ 

Եալա՛ պէ ճանըմ, յանկարծ կը պոռայ Օշական՝ քիչ գտնելով անշուշտ վրադիրը, զոր խանութպանը կ՚երկարէ իրեն։ 

Արդէն գիտէի, եւ ուրիշներ ալ հաստատեցին, թէ վարպետ գնորդ մըն է Օշական, բայց գէշ վաճառորդ մը ապահովաբար։ 

Իմ գլուխս վարժապետի գլուխ է, կը բացատրէ ինք։ Առնել գիտեմ, ծախել չեմ գիտեր։

Նետել գիտնալ՝ բռնել չգիտնալու պէս բան մըն է ասիկա։ Անդրադարձին հակադարձը չունենալ մըն է։ Բայց քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք աւելի շատ բռնել գիտեն, քան նետել, աւելի շատ ծախել գիտեն, քան առնել։ Վարժապետները բացառութիւնն են միշտ։ 

Կը շարունակենք ճամբանիս՝ յամր ու դանդաղ քայլերով։ Յոգնած, գրեթէ հիւանդ սիրտ մը ունի Օշական, թերեւս անոր համար, որ խիստ շատ ու խիստ շուտ բաբախած է անցեալին մէջ։ Ու հիմա մաշած է այլեւս։ Աւելի՛ լաւ, կը մաշին այն սիրտերը միայն, որոնք կը գործեն։ Չգործող սիրտերն են, որ կը ճարպոտին ու կը կլորնան շուտ մը։ 

Oշակա՛ն, կ՚ըսեմ՝ ջանալով պատել կեղծ լրջութիւն մը, ճամբուդ վրայ քեզ տեսնողները ոտքի չե՞ն ելլեր, բարեւի չե՞ն կենար։

Երեսս կը նայի. ես ալ իր երեսը կը նայիմ, հազիւ խնդուքս զսպած։ 

Գահիրէի մէջ, երբ ես փողոցէ մը անցնիմ, ոտքի կեցողները… կը նստին, նստողները կը պառկին, պառկողները կը սկսին քնանալ, կ՚աւելցնեմ կէս–կատակ՝ կէս-շիտակ։ 

Յիմա՜ր, կը կրկնէ ան իր սովորական բանաձեւը։

Օշականի բերնին մէջ փաղաքշանք մըն է այս բառը, միաժամանակ՝ վերջաբան մը, սահմանուած՝ փակելու որեւէ խօսակցութիւն կամ վէճ։

Կը հասնինք օթոպիւսի, իրենց բառով՝ պաս ի կայարանը։ Ինք տուն պիտի երթայ, ես՝ պանդոկ։ Աղուոր, շատ սիրուն աղջիկ մը կ*անցնի յանկարծ մեր քովէն, գրեթէ մեզի քսուելով։ 

Ի՜նչ աղուոր աղջիկներ կան հոս. իսկական Մագթաղինացիներ…— կը մտածեմ բարձրաձայն։ 

Այստեղի աղջիկները, կը բացատրէ Օշական «վերլուծաբար», սարահարթի աղջիկներ են, տասնըհինգէն մինչեւ քսան կը բացուին, գրեթէ վարդի տեսք ու համ կ՚ունենան։ Անկէ վերջ կը սկսին խամրիլ։ Կին չկայ այստեղ։ 

Երկու վայրկեանի մէջ՝ գեղեցկագիտական ամբողջ վարդապետութիւն մը կը պարզէ ինծի։ Հմուտ, վարժ մարդու իր նայուածքը պեղած է «գետինը»… 

Դուն, կ՚ըսեմ ժպիտով, պարզ ծանօթութիւնը մասնագիտութեան հասցուցած ես նաեւ ա՛յս մարզին մէջ։ Մենք կը նայինք միայն, դուն կը տեսնես ։ 

Քալէ՜…, կ՚ըսէ ու կը պատրաստուի մտնել ինքնաշարժէն ներս։ 

Պայուսակը ձեռքն է միշտ՝ իբրեւ «պարտիք պարանոցին»։ 

Oշական եւ Զօհրապ. իրարու շատ մօտ, բայց նաեւ իրարմէ շատ հեռու մարդեր են ասոնք։ 

* * *

Ես յաճախ առիթ ունեցայ այցելելու Օշականին, Երուսաղէմ բնակութեանս շրջանին։ Անշուշտ մեր խօսակցութիւնները չէին դառնար օդի բարեխառնութեան շուրջ, ոչ ալ՝ հրապարակի գիներուն կամ կեանքի սղութեան, Պաղեստինի հարցին եւ կամ մեծ պետութեանց լուռ մենամարտին շուրջ։ Այս բոլորը դուրս են իր, նաեւ իմ հետաքրքրութեանս սահմանէն։ Գրականութեան եւ գրական հարցերու մասին էր, որ կը խօսէինք ամէնէն աւելի։

Գիտէի, որ իր յոբելեանը տօնուած էր Հալէպի մէջ, մեծ շուքով, շնորհիւ բանաստեղծ Ծառուկեանի եւ քանի մը համակիրներու նախաձեռնութեան։ Ուրիշ գրագէտ բարեկամ մը, « Նոր գիր »ի խմբագիր Բ. Նուրիկեան, Ամերիկայի մէջ կրցած էր գումար մը ապահովել « Համապատկեր »ի յաջորդ հատորներու հրատարակութեան համար։ Փարիզ եւս յարգանքի իր տուրքը բերաւ մենաւոր գրագէտին, կազմակերպելով յոբելինական երեկոյ մը՝ Մայիս 24ին։ Նոյն ձեւի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի մէջ։ Ու ա՛յսքան, եթէ չեմ  սխալիր։ Սփիւռքը չկատարեց իր պարտքը՝ ինչպէս պէտք էր եւ ինչպէս վայել էր։ Անոնք, որ անպարկեշտ խաչակրութեան մը ձեռնարկեցին ճիշդ յոբելեանի օրերուն, ունէին հարկաւ իրենց ըրածին գիտակցութիւնը: Այս պատճառով ալ՝ աւելի մեծ է իրենց մեղքը հայ գրականութեան հանդէպ։ Կը մտածե՞ն երբեք այդ մեղքը քաւելու մասին։ 

Այս առթիւ, եւ իմ հարցումներում պատասխանելով, Օշական հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ

«Ինծի դէմ եղած հալածանքներուն արձագանգը իմ դրանց սեմին անգամ չէ հասած, այնքան դուրս եմ այդ բոլորէն։ « Վկայութիւն մը » գրքէն ղրկած էի Ամերիկա՝ երեք բարեկամները, որոնք կուսակցական բանաձեւի մը ճնշումին տակ՝ չուզեցին տեսնել գրքին իրաւ կերպարանքն ու խորհուրդը, եւ անոր փոքր կողմերը մեծցուցին՝ ստեղծելով գիրքը հերքող, «շրջող» անհեթեթութիւն մը։ Իմ ցաւս ցաւն է մարդու մը, որ չի կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէս հայերէն գիտցող, հասկցող մարդեր կրնան ընդունիլ հայերէն չգիտցող, չհասկացող մարդոց կողմէ բանաձեւուած տեսակետները։ « Վկայութիւն »ը գրուած է Խորհրդ. Հայաստանի հանդէպ խորունկ պաշտամունքով։ Սփիւռքի՝ ինչպէս հայրենիքին մէջ չեմ հանդիպած դեռ գրուածքի մը, որ մարմին տուած ըլար պաշտամունքի այդ զգացումին այնքան ուժով, այնքան կիրքով ու այնքան գեղեցկութեամբ, որքան կայ այդ բոլորը « Վկայութիւն մը »ին մէջ։ Կը մերժեմ, կը հերքեմ իմ յօդուածներէս եւ գիրքերէս արտահանելի որեւէ զիջում, որեւէ թեքում, քանի որ այդ զիջումները արդէն իմս եղած են քառորդ դարէ ի վեր»։ 

Ուրիշ առիթով մը, եւ ուրիշ խնդրի մը կապակցութեամբ, Օշական ըսաւ ինծի դարձեալ.

Ներկայ պայմաններուն մէջ՝ անոնք, որ երկու հայեր կը բաժնեն իրարմէ նոյնիսկ վարդով, կը դաւեն իրենց հայութեան դէմ։ Միակ իրողութիւնը, որ պետք է իշխէ աւելի քան տիրական կերպով, միասնականութիւնն է։ Այս զգացումը բառ մը չէ այսօր. անիկա իր ամբողջ ուժը կ՚առնէ իրագործուած հայրենիքէն, որ չի կրնար իր դուռները չբանալ Սփիւռքին, ուշ կամ կանուխ։ Հայրենիքին դէմ ո՛չ ոք կրնայ գէշ մտածել, եւ ամէնէն քիչ՝ դաշնակցականը։ 

Եթէ խելացի մարդ ըլլաս դուն, կը յարեմ ես կատակով, մէկ լաւ կը հայհոյես Դաշնակցութեան եւ իր ղեկավարներուն։ Այն ատեն կը դառնաս դուն ալ «իրաւ» Հայաստանեան։ 

Ատիկա պիտի նշանակէր հայը բաժնել հայէն։ Ես այդ… ապուրը չեմ ուտեր։

Առիթը յարմար կը գտնեմ՝ յիշեցնելու համար իրեն, թէ անբարեհաճ վերաբերում ունեցած է միշտ Արեւելահայ գրականութեան եւ արեւելահայ գրողներու հանդէպ եւ թէ այս վերաբերումը երբեմն նոյնիսկ հասցուցած է աղանդամոլութեան, ինչ որ յոռի անդրադարձումներ կրնայ ունենալ իր այնքան ներբողած, պաշտպանած հոգեկան միասնականութեան վրայ։ 

Ես կը սիրեմ ու կը յարգեմ ամէն ինչ, որ արժէք է, կը բացատրէ Օշական, Իմ այս տեսութիւնս պարզաբանած եմ « Հայ բանասիրութիւնը եւ Էջմիածինը » ուսումնասիրութեանս մէջ Սիոն », Մարտ)։ Կը մերժեմ Վենետիկը, Վիեննան, կը պաշտեմ Էջմիածինը։ Արեւելահայ դպրոցը արուեստին կը խառնէ կեանքը։ Դուք չէք գիտեր թերեւս, թէ ի՛նչ խոր յուզումով խօսած եմ ես դասարանի տղոց Թումանեանի, Իսահակեանի, Տէրեանի մասին, որոնք իրաւ բանաստեղծներ են։ Թումանեանի « Ապրէ՛ք, երեխէք » քերթուածը երեք պահ առած է ինձմէ։ Լացած եւ լացուցած եմ աշակերտներս՝ այդ կտորը վերլուծելու ատեն։ Շատ բան կը դրժեմ Չարենցի մէջ։ Տերեանը երկրորդ անգամ չի գրուիր։ Բացառութիւնն է ան եւ Արեւելահայ բանաստեղծութեան մէջ ոգին կայ, բանաստեղծութիւնը չկայ։ Արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ ոգին չկայ, բանաստեղծութիւնը կայ։ 

Դուք, կ՚ըսեմ՝ օգտուելով ներկայացած պատեհութենէն, այնքան հեթանոս էք ձեր ուրացումներուն մէջ, որ գրեթէ ո՛չ ոք կ՚ազատի ձեր մանգաղէն կամ անգղի կտուցէն։ Կ՚ուրանաք Զարեանը, կ՚ուրանաք Չարենցը, կ՚ուրանաք Հայաստանի նոր բանաստեղծները, կ՚ուրանաք Համաստեղը, Ալիշանը, Պէշիկթաշլեանը, Թէրզեանը եւ այնքան ուրիշներ։ Ըսէ՛ք նայիմ, ո՞վ կը մնայ եւ ի՞նչ կը մնայ այլեւս մեր գրականութեան մէջ, եթէ ոչ միայն գիւղացի մը, որ… Օշական կը կոչուի։ Իսկ անոնք, որ հազիւ շնորհ կը գտնեն ձեր մօտ, անոնց ալ երեք չորրորդը կը նետէք մանգաղին բերանը եւ Մեծարենցի, Դուրեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Զարդարեանի, Չրաքեանի, եւ այս դպրոցէն ուրիշներու մէջ կը հաստատէք կրամ մը արժէք եւ երեք կրամ «ապարժէք»։ 

Oշական կը ժպտի, իր ժպիտին մէջ կայ դառնութիւն, համակերպում, չհասկցուելու վախ եւ հիասթափութիւն։

Գոնէ դուն եւ քեզի նմանները, կ՚ըսէ, պէտք չէ դատեն այնպէս՝ ինչպէս մեծ ամբոխը կը դատէ։ Ճիշդ է, որ ես բացարձակ հիացումի մարդը չեմ, բայց չեմ նաեւ բացարձակ ուրացումի մարդը։ Ունիմ վերապահումներ: Բանաստեղծ մը մեծ կամ փոքր չէ, խոր է կամ ծանծաղ, լայն է կամ սեղմ, նոր է կամ հին (ձեւով), ինքնատիպ է կամ հետեւակ։ Դուրեան սրբազան վրաս կը խնդար, երբ ես, տասնըեօթը տարեկան լակոտ, չէի հաւներ Ալիշանին, Թէրզեանին, Պէրպէրեանին, Չերազին, Նար-Պէյին։ Այսօր չկայ իրաւ գրագէտ մը, որ այս մարդոց իրենց արժէքէն աւելի կշիռ տայ եւ ուռեցնէ զիրենք արհեստական կերպով։ Պատկերը նոյնն է այսօր ալ։ Ինչ որ կը ժխտեմ ես հիմա Դեմիրճեանի ու նմաններուն մէջ, շատերուն կը թուի ծայրայեղութիւն, աղանդամոլութիւն։ Վաղը ինծի համաձայն պիտի ըլլաք դուք։ 

Ըսել կ՚ուզէ անշուշտ, որ ինք առաջ է մեզմէ դատումի իր զգայարանքով։ Ըսել կ՚ուզէ դարձեալ, թէ քառորդ դար առաջ աւելի յստակ էր ինք, քան ուրիշներ՝ քառորդ դար ետք։ Ըսել կ՚ուզէ մա՛նաւանդ, որ երբ Նար–Պէյը մեծ բանաստեղծ կը հռչակուէր իր սերունդի մարդոյ կողմէ, ինք գտած էր արդէն անոր արժէքին տեսակարար կշիռը։

Ապա կը սկսի բացատրել, թէ ինչպէս կ՚ըմբռնէ ինք քննադատութեան արուեստը։ Շահեկան է անշուշտ իր իսկ բերնէն լսել բանաձեւումը իր քննադատական հանգանակին։