ԼՈՒՍԱՆՑՔԻՆ
ՎՐԱՅ
ԿԻՊՐՈՍ։
ԲՐՈՏՐՈՄ։
Ժամադրուած
ենք,
Օշականն
ու
ես,
գրական
զրոյցի
մը
համար,
որ
շաբաթ
մը
պիտի
տեւէ։
Ատկէ
աւելի
չեմ
կրնար
մնալ,
քանի
որ
տասը
օրուան
արձակուրդ
միայն
ունիմ։
Վարժապետ
չեմ։
Ոչ
ալ
թերթի
խմբագիր:
Ու
ընկերութիւնը՝
ուր
կը
ծառայեմ,
բնաւ
չի
հետաքրքրուիր
գրականութեամբ։
Մա՛նաւանդ
հայ
գրականութեամբ։
Փոր–Սայիտէն
նաւ
կը
նստինք
կէսօրուան
շոգին։
Յաջորդ
առտու,
կանուխ,
կ՚ողջունենք
Կիպրոսը
առանց…
թնդանօթի։
Ո՛չ
փող,
ո՛չ
թմբուկ։
Խոնարհ՝
ինչպէս
գառները,
ու
անոնց
պէս
մանուկ
հոգիով,
կ՚իջնենք
Լիմասոլ,
առաջին
նաւահանգիստը
հնամենի
այս
կղզիին։
Շատ
չենք
կրնար
հոն
-
գործ
մը
չունինք:
Ինքնաշարժ
մը
սրարշաւ
կը
տանի
մեզ
դէպի
գիւղ։
Բրոտրոմ
կ՚երթանք:
Յանո՛ւն
գրականութեան։
Տարաշխարհիկ
վայելքները
չեն
հետաքրքրեր
մեզ:
Ոչ
ալ
կը
շլացնեն:
Անոնց
ետեւէն
թող
վազէ
ամերիկացին՝
իր
կանաչ
տոլարներով։
Ու
եւրոպացին
սթերլինով։
Մենք
ծովէ
ծով
կը
թափառինք
ահա,
պարզապէս
«բառերով
կերակրուելու»
համար:
Ու
մեր
ըղձաւոր
աճապարանքին
մէջ,
ոչ
իսկ
ժամանակ
ունինք
իրարու
քէյֆ
հարցնելու:
Կը
վազենք
հեւ
ի
հիւ,
կը
գրենք
հեւ
ի
հիւ,
կ՚ապրինք
hեւ
ի
հեւ:
Յիմա՜ր
պատմութիւն։
Շաբաթ
օր
մը,
կէսօրէ
ետք,
դէմ
դէմի
կը
նստինք
Օշականին
հետ:
Մեր
առջեւ
կը
տարածուի
ընդարձակ
համայնապատկերը
լեռներուն,
որոնք՝
գինով
մարդերու
պէս՝
իրարու
վրայ
կ՚իյնան,
իրարմով
կանգուն։
Լեռ
չէի
տեսած
ութ
տարիէ
ի
վեր։
Ու
հիմա
—
գրեթէ
հրաշք
մը
կը
թուի
անիկա
ինծի։
(Այդ
հրաշքին
քով,
ո՛վ
մեծդ
Եգիպտոս,
չափազանց
տգեղ
է
այլեւս
քու
սֆինքսիդ
կոտրած
քիթը։
Կամ
բուրգերուդ
ճարած
գլուխը…)։
Վարը,
հնամենի
կղզիին
փէշերուն
տակ,
ծովն
է,
որ
կը
փռուի
իր
կապտորակ
ջուրերուն
խաղաղ
յօրանջովը:
Աւելի
կը
զգանք,
քան
թէ
կը
տեսնենք
անոր
ներկայութիւնը։
Մշուշ
մը,
ինքն
իր
վրայ
գալարուն,
կը
նեղցնէ
հորիզոնը
մեր
ակնարկին
առջեւ:
Աւելի
հեռուն,
մշուշոտ
թերաuտուերին
մէջ,
հազիւ
կը
գծագրուի
Տաւրոսեան
լեռներու
շղթան,
կիլիկեան
եզերքներուն
վրայ:
Մեր
աչքերը
կ՚աղօտին՝
արցունքէ՞ն,
թէ
հովէն,
—
չեմ
գիտեր:
Ու
մեր
շրթունքները
կը
դողան
«մնացորդ»ներովը
երգի
մը,
որ
երջանիկ
ըրաւ
մեզ
յոյսի,
կարօտի,
թեւաւոր
երազներու
ախորժանքով.
ՑԱՆԿԱՄ
ՏԵՍՆԵԼ
ԶԻՄ
ԿԻԼԻԿԻԱ…
Ցանկացինք,
բայց
չտեսանք։
Ու
նորէն
այնքան
մօտ
ենք
հիմա
անոր
եւ
այնքան
հեռու
միաժամանակ…
Ո՛չ,
ընկերներ,
հայրենասիրական
ռոմանթիզմը
չերգուած
երգ
մըն
է
դեռ
մեզի
համար:
Զգրուած
վէպ:
Զլարուած
աղեղ:
Վկայ՝
մեր
տարտղնումը
սփիւռէ
սփիւռ:
Աշխարհացոյցի
բոլոր
կէտերուն
վրայ։
Մենք
մեզի
ենք
հոս
ու
մարդ
չի
նայիր
մեզի։
Հովը
կը
տանի
մեր
վիշտն
ու
արցունքը:
Մեր
երգին
«մնացորդներ»ը:
Մի
քիչ
մը
անդին,
ուռած
փորով
կաղնիի
մը
շուքին
տակ,
առանձին
կ՚աշխատի
Գուրգէն
Մխիթարեան։
Եգիպտոսէն
եկած
է
ան
ալ,
ինծի
պէս:
Գրականութեան
կիրքը,
ահաւասիկ,
կրցած
է
իրարու
քով
բերել
հայ
վարժապետ
մը,
հայ
խմբագիր
մը
եւ
հայ
բանուոր
մը,
չորրորդ
դասակարգէն:
Ու
կրցած
է
մա՛նաւանդ
ապրեցնել
զանոնք
հաշտ,
առանց
«դասակարգի
ու
դաւանանքի
խտրութեան»,
ինչպէս
պիտի
ըսէր
1910ի
ճառախօս
մը։
Օշական
պինդ
մը
կը
խրէ
գաւազանը
հողին
մէջ
(ուրեմն,
կա՛մ
շատ
ձանձրացած
է,
կա՛մ
ոգեւորուած)։
Յետոյ
երկինքին
կը
նայի
ու
օդը
կը
հոտուըտայ։
Ասիկա
կը
նշանակէ,
որ
«մեր
նուագները»
պիտի
ծնին։
*
*
*
Այս
հին
հերձուածողը,
որուն
մէջ
գիւղը
զարթուն
է
միշտ
իր
ամէնէն
խոր
յատկանիշներով,
կը
մտածէ
յեղափոխականի
պէս
ու
կը
խօսի
եպիսկոպոսի
նման,
-—
դանդաղ,
բայց
հաւատաւոր
շեշտով
եւ
կը
խօսի
այնպէս՝
ինչպէս
կը
գրէ.
այսինքն`
առանց
փնտռելու
բառերը,
որ
կը
հոսին,
եւ
մտածումները,
որ
կը
բխին
դիւրութեամբ
ու
խորունկէն:
Կը
նեղուի
միայն
խիտ,
շատ
խիտ
ըլլալու
բարբարոս
ցանկութենէ
մը:
Անիկա
ո՛չ
առիթ
ունեցաւ,
ոչ
ալ
ժամանակ՝
վերստին
կարդալու
կամ
վերամշակման
ենթարկելու
ինչ
որ
թելադրեց
ինծի,
մայրիներու
շուքին
տակ։
Իր
գրիչը
չխաղաց
այլեւս
բառերուն
ու
տողերուն
վրայ,
որոնք
այն
ատեն
վերջնական
թուեցան
ինծի
ու
կը
թուին՝
հիմա
ալ։
Ասիկա
ապացոյց
մըն
է,
որ
բռնի
ճիգով
չի
կազմեր
անիկա
իր
նախադասութիւնները:
Ո՛չ
ալ
կը
չարչարէ
զանոնք
վիզը
ոլորուած
աքաղաղի
պէս,
ինչպէս
կը
կարծեն
շատեր:
Հազիւ
երբեմն
պէտք
կը
զգայ
քանի
մը
բառ
փոխելու
կամ
քանի
մը
կէտ
ջնջելու՝
հարիւրաւոր
էջերու
վրայ։
Մեր
զրոյցները,
անշուշտ
գրուեցան
հարցումը
եւ
պատասխանի
ձեւով։
Բայց,
ետքէն,
աւելի
յարմար
թուեցաւ
ինծի
զեղչել
հարցումները
ու
նիւթը
դասակարգել
առանձին
գլուխներու
տակ,
ըստ
կապակցութեան:
Ասիկա
պիտի
նպաստէ
ընթերցողին
կեդրոնացմանը։
Ու
պիտի
չձգէ
անոր
վրայ
տպաւորութիւնը
աշխարհագրութեան
դասագիրքի
մը,
ուր
առաջուընէ
ճշդուած
են
ուսուցչին
հարցումը
եւ
աշակերտին
պատասխանը:
Միւս
կողմէ՝
ուրիշ
փորձեր
ցոյց
տուին,
որ
այս
զրոյցը
կրնար
ծանրաբեռնուիլ
ու
ճապաղիլ,
եթէ
անոր
ընկերացուէին
կողմնակի
ու
դուրսէն
խորհրդածութիւններ:
Ֆրէտէրիք
Լըֆեւր
այդպէս
կ՚ընէ։
Այդպէս
կ՚ընէ
նաեւ
Անտրէ
Ռուսo՝
«
Քանտիտ
»ի
կամ
Անտրէ
Լան՝
«
Անալ
»ի
մէջ:
Հո՜գս:
Ամէն
մարդ
իր
ճաշակը
եւ
նախասիրութիւնները
ունի։
Լաւ
է
թողուլ,
որ
նիւթը
քալէ
ինքն
իրմով,
ինքն
իր
հետ:
Առանց
գաւազանի։
Ատկէ
զատ՝
Օշականը
քաշելով
առաջամասին
վրայ,
միշտ
ինծի
կը
մնայ
յետսամասը:
Այսինքն`
քուլիսներու
շրջանակը:
Ուր
աւելի
ազատ
կրնանք
շարժիլ։
Ուր,
մա՛նաւանդ,
չենք
նեղուիր
հիւրերու
ներկայութենէն:
Ուր,
վերջապէս,
առիթ
եւ
ժամանակ
կ՚ունենանք
գիտնալու
մարդը
՝
իր
ընտանութեան
մէջ,
եւ
արուեստագէտը՝,
իր
ըմբռնումներուն:
Այս
աշխատանքն
է
միայն,
զոր
կ՚ուզեմ
վերապահել
ինծի
եւ
զոր
կը
խոստանամ
կատարել,
քիչ
մը
աւելի
ուշ:
Վասնզի
համոզուած
եմ
միշտ,
թէ
շահ
մըն
է
ճանչնալ
ազնուական
այս
գրագէտը
իր
մտերմութեան
մէջ,
որքան
ալ
առարկէ
ինք
անոր
դէմ
ու
ըսէ
ձեզի,
համեստօրէն,
—
մեր
գրագէտները
իրենց
ծխաշունչ
գնացքին
մէջ
ի՛նչ
կ՚արժեն,
որ
իրենց
մտերմութեան
մէջ
նմանէին
բանի
մը:
Յատուկ
դիտումով,
ու
գրեթէ
հարկադրանքի
տակ,
համոզեցի
Օշականը
«դեգերիլ»
նախ
եւ
առաջ
իր
նոր
ու
մեծ
վէպին՝
«
Մնացորդաց
»ի
շուրջ:
Այս
հարկադրանքը
անօգուտ
չէր,
գոնէ
ինծի
համար,
որովհետեւ
կը
հաւատամ,
թէ
առանձնապէս
շահեկան
է
քննադատը
խօսեցնել
գրագէտ
ին
վրայ:
Մա՛նաւանդ՝
որ
դեռ
լիակատար
փորձ
մը
չեղաւ
ներկայացնելու
այս
հին
«մեհենական»ը,
իբրեւ
մարդ
եւ
գրող։
Այս
զրոյցներուն
ուրիշ
մէկ
շահը
ըսուած
ըլլալու
արժանիքն
է։
Ըսելը,
շատ
անգամ,
գրելէն
աւելի
ջերմութիւն
ունի
իր
մէջ։
Ասոր
համար
է
«կենդանի
խօսք»
բացատրութիւնը։
Ու
հիմա՝
ժամանակն
է,
որ
խօսի
ինքը՝
Յակոբ
Օշական: