«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
Անուրանալի
է,
որ
պէտքի
մը
լրացումին
կանչուած
է
«
Զուարթնոց
»
հանդէսը։
«
Հայրենիք
»ը
բաւական
հեռու
էր
Փարիզէն,
իսկ
«
Անահիտ
»ը
բաւական
ցուրտ՝
նորերու
տենդին
եւ
ազատութեան
ու
որոնումի
ճիգերուն
հանդէպ։
Անհրաժեշտ
էր
ստեղծել
բեմ
մը,
որ
յայտնաբերէր,
իր
կատարեալ
ազատութեանը
մէջ,
պատերազմի
սերունդը
։
«
Զուարթնոց
»
նման
ժամադրավայր
մը
ըլլալու
ցանկութեամբ
պայմանաւորուող
հանդէս
մը
եղաւ։
Անիկա
մօտաւոր
գաղութահայութեան
կարգ
մը
աւանդութիւններն
ու
մղումները
ունեցաւ
իրեն
զսպանակ։
Հետաքրքրական
է
ցուցակը
իր
բաժանորդներուն,
որոնք
աշխարհի
ամէն
անկիւններէն
—
հո՛ն՝
ուր
մոլորած
գիրքի
ծարաւ
տղայ
մը
կայ
կամ՝
հասուն
մարդ
մը
կամ
քիչ
մը
թրթռուն
կին
մը
—
դեռ
կը
պահեն
մտահոգութիւնը
իրենց
ցեղային
արժէքներուն։
Այդ
անունները,
ինծի
կը
թուի,
խորհրդանիշ
մըն
են
արեւմտահայ
անորակելի
այն
ոգիին,
որ
ապրեցուցած
է,
օրինակի
մը
համար,
Տիգրան
Արփիարեանի
«
Մասիս
»ները
կամ
Շամտանճեանի
«
Ոստան
»ը։
Խորշիլը,
թէ
քանի
մը
հարիւրեակ
մարդեր
իրենց
օրուան
մղձուկէն
ատեն
պիտի
զատեն
երիտասարդութեան
յատուկ
թերթի
մը
սիւնակներուն
համար,
ոգեւորիչ
է
գերազանցապէս։
«
Զուարթնոց
»ին
տարի
մը
դիմանալն
իսկ
արժէք
մըն
է։
Գալով
իր
ձգտումներուն
եւ
մթնոլորտին,
անիկա
շատ
չի
տարբերիր
երիտասարդներու
յատուկ
խանդավառութեամբ
առլցուն՝
իրենց
բառովը,
—
«տաճար»է
մը։
Կարծեմ
թէ
սուրբերու
կը
նման
ցուէին
անոր
բնակիչները,
հրեշտակային
անմեղութեամբ։
Ծիծաղելի
ըլլալէն
աւելի
էր
այդ
միամտութիւնը։
Արուեստով
տանջահար
ու
արուեստով
տենչավառ
(ներեցէք
այս
բառախաղը)
այս
տեսակ
մը
«վերնատուն»ին
մէջ
—
բառին
տուէք
եկեղեցական
առում
—
տղաք
քով
քովի
եկան
իրենց
ցանկութիւնները,
հանգանակը
իրացնելու
ազնիւ
առաջադրութեամբ։
Ի՞նչ
կ՚ուզէին
անոնք։
«
Զուարթնոց
»-ի
400ի
չափ
էջերը
այնքան
յստակ
չեն
բանաձեւեր
այս
կ՚ուզէինը։
Գալով
թերթին
իրացուցած
արժէքին,
պատճառ
չունիմ
մասնակի
գոհունակութեան,
ինչպէս
դժգոհութեան։
Միամտութիւն
պիտի
ըլլար
իր
երազներով
միայն
հարուստ
եւ
իր
դժբախտութեամբը
միայն
փորձառու,
ուրուականէն
հալածական
երիտասարդէ
մը
(Հրանտ
Բալուեան)
սպասել
մեծ
տարողութեամբ
գործեր։
Ճիշդ
է,
որ
«
Զուարթնոց
»
չյայտնաբերեց
ո՛չ
մէկ
նոր
արժէք,
իր
անունը
հոն
սկսող
մը
չունեցանք,
որ
մեր
ուշադրութիւնը
հրաւիրէր
իր
վրայ։
Բայց
իր
հետաքրքրութեանը
մէջ
մնաց
անիկա
առաւելապէս
նոր,
քիչ
մը
միամիտ,
թերեւս
քիչ
մը
բուռն։
Չեմ
զբաղիր
անոր
էջերուն
մէջ
ցանցառակի
երեւցող
հիներով։
Չունիմ
նաեւ
նորի
մը
անունը,
որուն
վրայ
համակրանք
եւ
գուրգուրանք
հրաւիրէի։
Մնաց
որ,
«
Զուարթնոց
»ի
մէջ
հաւասարակշիռ
անուններ
«
Մենք
»ին
մէջ
արդէն
կը
դառնան
ուշագրաւ,
ո՛չ
թե
իրենց
վրայ
աւելցած
արժէքով,
այլ՝
իրենք
իրենց
վերապրած
դերին
եւ
կշիռին
նորութեամբ։
Յիսուն
տարի
ետքը
անիկա
պակաս
պիտի
չարժէր,
քան
Շամտանճեանի
«
Ոստան
»ը։
Եռանդուն
խմբագիրը՝
Հրանտ
Բալուեան,
հաւատաւոր
իր
արձակովը,
քանի
մը
սեւեռեալ
գաղափարներով
—
որոնց
արժեքն
ու
տարողութունը
տեղը
չէ
հոս
փորձաքարի
զարնել
—
ծառայեց
մեր
գիրին,
զայն
տանելով
գուցէ
կանաչ
սեղանները,
ուր
թղթախաղը
եւ
ներկի
սրուակները
ու
բամբասանքը
ապահովաբար
սրտմտութեամբ
ընդունեցին
զինքը,
բայց
ընդունեցին։