Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՄԵՆՔ» 

« Մենք »էն առաջ՝ երկու խօսք « Մեհեան »ի մասին։ 

Երբ կը հիմնէինք այս հանդէսը, մեր գրականութիւնը՝ չեմ ըսեր սպառման, այլ ինքնակրկնումի նշաններ կը յայտնէր։ Վեց տարուան մամուլի ազատութիւն մը աճեցուցած էր մեր բառական զգայարանքները եւ գրողները, շատոնց պարպուած իրենց երիտասարդի, ստեղծողի աւիշէն, տարուած՝ բառերէն եւ քաղաքականութենէն, ատենը չունէին ինքզինքնին նորոգելու։ Ատկէ՝ անծածկելի ձանձրոյթ մը, ամէնէն առաջ գրողները իրենց դէմ եւ ընթերցողը՝ ամէնուն դէմ։ « Մեհեան »ը այդ ձանձրոյթը փարատելու, քիչ մը  նոր հոսանք, քիչ մը գաղափար, «պուտ մը խենթութիւն» ու շատ մը Արեւմուտք առաջադրած էր փոխադրել մեր գրականութեան մէջ։ Հիմնովին նորեր չէին զայն խմբագրողները. ունէին աւանս մը իրենց նախորդներուն վրայ, ստեղծագործական ամէն մարզէ, եւ երբ կը պահանջէին հիներէն, գիտէին, թէ անոնց չկրցածն է, որ կը պահանջէին։ Ժխտում, տապալում, նորերու ամբարձում, ընկալեալ էսթէթիկա յին հանդէպ ընդվզող կեցուածք, քիչ մը խոշոր բառեր (որոնք անհրաժեշտ են ամէն հանգանակի), ահա՛ քանի մը տարրեր, որոնք զսպանակները եղան շարժումին։ Ըսի, թէ անիկա ուղղակի բխումն էր իր շրջանին, բայց հակազդեցութեան բխում մը։ Ըլլալու համար աւելի յատակ, ի՞նչ էր պատկերը մեր արձակին իր երկու ծայրագոյն սահմաններուն մէջ՝ գրիչին տակը մէկ կողմէ Զարդարեանին, միւս կողմէ՝ այն շողշողուն, բեհեզակուռ եւ սին բարբառին, որով կիներու կարաւան մը հեշտանքի եւ հոգեւին «արբշռանք»ի պահերը փորձեց քերթուածել մեզի։ Ու ասիկա՝ գրականութեան միւս բոլոր սեռերուն համար։ Հոգեբանական պայմաններու ծնունդ, « Մեհեան »ի շարժումը լայն արձագանգ գտաւ երիտասարդութեան մէջ, որ հասկնալէ աւելի՝ կ՚ընդզգար անոր խորհուրդը։ Անկէ վերապրող մէկ–երկու գրողներ հանգանակին բանաձեւած դժգոհութիւնը այսօր չեն ձգած իրենցմէ, ինչպէս հանգանակին հեռատեսած նպատակները չեն դադրած հետապնդելէ։ « Մեհեան »ով սկսող Զարեանը նոյն ամբարիշտն է, խարազանը ձեռքը՝ փղշտացիներու կուշտին։ Այսքանը « Մեհեան »ին համար։

« Մե՞նք »ը։ Ամէնէն առաջ, անիկա հերձուած մըն է « Զուարթնոց »էն։ Դժգոհութեան մը ծնո՞ւնդը, ինչպէս եղաւ « Մեհեան »ը: չէ կարելի վճռականապէս բանաձեւել, թէեւ յօդուածագիրները կը ջանան նման ձգտում մը պարտադիր ընծայել իրարու։ Ուրեմն, հարկ է փնտռել պայմանները, որոնք բացատրէին նորերու այս կեցուածքը։ Ճի՞շդ է կարծել իրենց հետ, թէ հիները իրենց մանածը մանած, աղեղը պատէն կախած՝ չունէին ըսելիք իրենցմէ ետքը եկողներուն։ Խնդրական է նման վճիռ մը։ Հիներուն մէջ անշուշտ չի պարտակուիր կասումը. անոնք կը նմանէին մարդերու, որոնց ոտքէն քշուած է հողը, ուր սովոր էին աշխատելու: Մեր վերջին Աղէտը մեր վերջին կռուանը այսպէս տարտղնելով՝ մեր գրողներուն տուած եղաւ ամէնէն հզօր հարուածը։ Որքա՜ն եղերական է եւ անըմբռնելի առանց բանակի զօրավար մը, որ թուղթի վրայ տակաւին կը յամառի ճակատամարտներ յարդարել։ Կամ՝ որուն հրամանները, նահանջած իր զօրքերուն հասնելու համար, պարտաւոր են հազարներով փարսախ  թշնամի հողը կտրել ու անցնիլ։ Ու մեր թշնամին՝ մեզի օտար քաղաքակրթութիւններն են, մեզի խորթ հողե՛րը, մեզի անծանօթ գոյնե՛րը, աւազը, ներկը եւ խուժ ձայները մեզի օտար ժողովուրդներուն։ Այս պայմաններուն տակ դժուար է այդ կորուստը դիմաւորել սառնութեամբ կամ յարմարիլ իրերու նոր վիճակին, երիտասարդներու վայելող արագութեամբ մը։ Նորերը առանց նեղուելու ըրին այդ յարմարումը. ո՛չ մէկ մեղադրանք։ Պատուաստը չ՚ախորժիր տարւօք ծառերէն, բայց կը վայելչազարդէ վայրի մատաղութիւնները։ Նորերը, փոխանակ դժգոհելու, անկեղծ ըլլալու էին նոր պայմաններու յարմարելու իրենց ընդունակութիւնը չդիմանելու խոշոր տարազներով։ Չեմ հասկնար զիրենք, երբ իրենց գինիներուն համար մեր տիկերը հին կը գտնեն, իրե՛նք՝ որ իրենց տուած են դերը մեր գինին փառաբանելու։ 

Այսպէս, « Մենք »ին մէջ, փոխանակ հակազդեցութեան, ազգային ինքնացումի, հայ խորք եւ խորհուրդ ստեղծելու ճիգին եւ ատոր շուրջը ստեղծուելիք մեծ աղմուկէն տարուելու, ճիշդ պիտի ըլլար այդ տղաքը տեսնել իրենց հարազատ գիծերուն տակը։ Անոնք դադրած են մեր ցեղին պատկանելու, ա՛յն ցեղին, զոր չեն ճանչցած իրենց կազմութեան ամէնէն հզօր տարիներուն եւ կամ ճանչցած են ահաւոր եղծումի մը ընդմէջէն։ Անոնք իրենց խանդավառութիւնները զետեղելու համար անուններու թառեցան, զորս չէին հասկնար։ Պաշտել կը փորձէին կուռքեր, որոնցմէ օտար էր իրենց սիրտը։ Ազգայինի կամ ապազգայինի հարցը, որ օր մը ծեծուեցաւ մեր հրապարակին վրայ, փետան իմաստութեան մը ցուցադրումին միայն կը ծառայէր։ Մեր դատողները չտեսան փաստը նոյնիսկ այն գրականութեան մէջ, որով իրենք զիրենք կ՚իրացնէին մեր տղաքը, տակաւին երիտասարդ, ըստ երեւոյթին կրելով ցեղին ամբողջ խռովքը, արիւնին մղումները իրենց կոյս երակներուն մէջ։ Ո՛չ ոք փորձեց նորերի ստորագրուած կտորներուն մէջ տեսնել այն՝ որ պարտակուած էր, խանձարուրուած՝ քիչ մը հայեցի շորերով եւ տարազով, պատրանքը ստեղծելու համար հայկական քիթին եւ սեւ աչքերուն։ Անոնց տուածը օտարն էր մեզի համար։ Եւ ուրիշ կերպ ալ կարելի չէր արդէն գլխաւորաբար այն պատճառով, որ այդ երիտասարդները իրենց ամբողջ վայրկեանները տրամադրած էին օտար հոսումներու, հոսումը հողի ու աղջկան, մեքենատան ծուխին ու բոզերու անկողինին, օրուան մէջ քանի մը պահ, այն ալ քոսոտ անկիւն մը, ուր հայ բարբառը կը հնչէ վիրաւոր ու վախկոտ խմբագրատան մը փոշիին մէջ կամ խեղճուկ տանիքին տակը ափյափոյ ոտքի խրճիթին այս սուղ պահերուն ծորումները չեն, որ պիտի լեցնեն մեր արուեստագէտներուն զգայնութեանց բաժակը, որմէ վերափոխում մըն է տուէք բառին իր իսկական միսթիքը արուեստի ամէն հարազատ գործ։ Մեր տղաքը իրենց զգայութեանց իբր տարածավայր օտար աղջիկներու մարմինները միայն ունեցան։ Ասկէ՝ տեսակ մը որ ձեւէ, նկարագիր, տեսակ մը խաչաձեւում՝ սերմի ու արտի, որ չգոհացուց հիները եւ յուսախաբ ըրաւ նորերը։ 

Անոնք, այս նորերը, սկսան պատկերներով եւ պատմուածքներով, մինչեւ վէպ՝ անոնց ջիղերը փորձուեցան այս օտար բարեխառնութեան կարելի հրապոյրներէն։ Եւ մինչդեռ մեր ընթերցողներուն մէկ տոկոսը օտար հոգեբանութիւնը ճանչնալու համար նոյն այն օտարներէն մշակուած արտադրութիւնները ունէր տրամադրելի եւ հետեւաբար անբաւարար կը գտնէր մերիններուն տուածը, միւս կողմէ՝ մեր ընթերցողներուն մէկ ուրիշ տոկոսը ինքզինքը անհաղորդ կը զգար ձեւէ մը, րանտըման է մը, ոլորտէ մը, որոնք հիմնովին անծանօթ էին իրենց։ Ի՞նչ պիտի ըսէր, օրինակի մը համար, մեր պատուական Հրանդը, երբ գլուխը վեր առնելով հողէն՝ տեսնէր իր Մորտոն եւ Կըրպոն նրբացած ու նիհար, միակնոցով եւ հեսկով ( կէթր ) թեւին։ Խարտիշագեղ, խաժաչուի, թրվռուն աղջիկ մը, որ խօսէր Բալուի բարբառով։ Հոս՝ պէտք չէ շփոթութիւն մթերել արդէն իսկ բաւական խառնակ հարցի մը մէջ։ Հայրենի հողէն դուրս հայրենի գրականութիւն կարելի է այն ատեն միայն, երբ զանգուած մը կայ մեր կռնակը, որ առնուազն հոգեպէս հաղորդակից է մեզի։ Ի՞նչ կապ Հրաչ Զարդարեանին եւ մեր ժողովուրդի անանուն այն կոյտին մէջ, որ քեմփէ քեմփ, նաւահանգիստէ նաւահանգիստ, կայանէ կայան դեռ կը յամառի իր ցեղին երազը ողջ պահել՝ օտարէն ծանրաբեռն իր աչքերուն առջեւ։ Հոգեկան այս իրերահաղորդումի պակասը ցեղային աւիշէն անջատեց արուեստագէտը եւ մարդիկ իրենց անձնական փոքր փորձառութիւնները պատմելէ յետոյ զարմացան, երբ ըսելիք բան մը չմնաց այլեւս իրենց։ Անշուշտ տաղանդի մեծ պահեստ մը, սեւեռման անհուն ճիգ մը եւ կիկլոպեան համբերութիւն մը կարող են այդ տարտղնուած զանգուածէն, որ մեր գաղթականութիւնն է, արուեստի տարրեր քով քովի բերել։ Մեր նորերը չափազանց զբաղած են ուրիշ բանով, ատանկ կարելիութեան մը խորհելու կամ հաւատալու համար։ 

Տասը տարի առաջ, նորերը պատկերներով ողողեցին մեր հրապարակը. տուի պատճառը, որ չպսակեց այդ ճիգը։ Գրականութեան միւս սեռերը, յատկապէս բանաստեղծութիւնը, հազիւ ունեցան նշանակելի զանազանութիւն մը վէպին ենթարկուած բախտէն։ Խորապէս անհատական՝ քնարերգութիւնը քանի մը նոր ճիչեր լսելի ըրաւ ու լռեց։ Նո՛ր, վասնզի անհատը կը շփուէր նոր ոլորտի հետ։ Ատկէ անկախ ի՞նչ բերին նորերը ուրիշ մարզերու վրայ, որպէսզի կենանք իրենց ճիգին ու արդիւնքին առջեւ։ Կը փնտռեմ ու չեմ գտներ։ Տաղանդի՞ պակաս, անիրաւութիւն պիտի ըլլար ուրանալ իրենց այս սրբազան նշմարը՝ քիչ անգամ սերունդ մը հրապարակ կու գայ տաղանդի այսքան ստուար թիւով մը։ 

Գալով իրենց ուրացումներուն, ուշագրաւ է, որ խոշոր են անոնք։ Անոնք կ՚ուրանան՝ առանց ճշդել ուզելու ժխտումի իրենց առարկան։ Տարտամ են իրենց բանաձեւերը, երբ կը հերքեն կամ կը հաւնին։ Հակասական են իրարու եւ զիրար չեն լրացներ նոյնիսկ իրենց ատելութեանց մէջ։ Ես չգտայ խորքով դիմացկուն որեւէ դիտողութիւն, որ միս-մինակը, այսինքն՝ իր սեփական ծանրութեամբ, արժէր սրամտութիւնը, ըսելու ձեւին փայլը, ջնարակը։ Բուռն, խայթող իրենց ոճը պատրանքը կու տայ իրենց՝ նոր, հզօր, ջախջախիչ բաներ ըսելու։ Իրենք՝ որ հիները կը մեղադրեն բառի զառածումով, ուրիշ բան չեն ըներ դժբախտաբար իրենց այդ նեղկուկ, երկիցս լայնք ունեցող թուղթի քառակուսիներուն մէջ, երբ կը լարեն իրենց ոտքերն ու բազուկները, լեցնել կարենալու համար փոքրիկ այդ միջոցը։ Ո՛չ ոք կը մեղադրուի իր յաւակնութեանց պարունակէն. ժողովուրդը կ՚ըսէ. «Ամէն սրտի մէջ առիւծ մը կը պառկի»։ Ու ասիկա ճիշդ է առաւելապէս երիտասարդին համար։ Արդար է, որ առանց խռովքի դիտենք այդ յաւակնութեանց աճումը. անոնք օր մը կրնան իրանալ, եթէ փափաքներու շրջանակը եւ անոնց իրացումը չշփոթուին իրարու հետ։ Ու եթէ կը վախնանք, կը վախնանք միայն այս հաւանականութենէն, որ հասարակաց է բնականոն պայմաններու մէջ իսկ։ Օրուան հեւքին ու սուգին, հոգեկան սնունդէ հետզհետէ շեշտուող իրենց զրկանքին, հետզհետէ աւելցող օտարին հմայքին ու մեր ցեղին անծածկելի, անդիմադրելի սա՛ խորասուզումին դէմ՝ ինչպե՞ս այդ տղաքը պիտի դիմանան եղածը պահպանելու համեստ ճիգին…։ Խօսքը չեմ ըներ ա՛լ ցեղային պահեստը տնտեսելու հզօր հերոսութեան։