ՀԱՆՐԱՅԻՆ
ԳԻԾԸ՝
ՕՇԱԿԱՆԻ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԷՋ
Գրել
Օշականի
գրականութեան
հանրային
գծի
մասին,
կը
նշանակէ
երկու
«մարդ»
փնտռել
նոյն
անձին
մէջ։
Օշական
դէմ
է
այս
երկուութեան։
Գործիչը
եւ
գրագէտը
տարբեր
կոչումներ
են
իրեն
համար։
Կարելի
չէ
իրարու
հետ
հաշտեցնել
կամ
իրարմով
լրացնել
զանոնք:
Մէկը
կեանքին
մէջ
կը
կազմուի,
միւսը՝
առանձնութեան։
Կատակ
չէ,
Նիցչէն
ալ
այսպէս
կ՚ըսէ.
մեծ
գործերը
մենութեան
մէջ
կը
ծնին։
Անհուն
կեդրոնացում
կը
պահանջէ
արուեստի
գործի
մը
ծնունդը։
Ամէն
առիթ,
որ
գրագէտը
կը
շեղեցնէ
այդ
կեդրոնացումէն,
վնաս
մըն
է
գրականութեան
համար։
Ժամանակակից
մարդը
առաջին
գծի
վրայ
կը
դնէ
գործը
եւ
գործիչը։
Ապագայ
մարդը
կը
շրջէ
այդ
կարգը,
եւ
առաջնութիւնը
կու
տայ
արուեստին
եւ
արուեստագէտին։
Գեղարուեստը
խաղաղ
զբաղում
է,
կ՚առարկեն
ոմանք,
արդարացնելու
համար
իրենց
չեզոքութիւնը
հանրային
շարժումներու
հանդէպ։
Մօտաւորապէս
այս
կարծիքէն
է
նաեւ
Օշական։
Թերթ
չի
կարդար
ան.
հանրային
հետաքրքրութիւններ
չունի։
Եօթը
տարի
Կիպրոս
մնաց
եւ
փոյթ
չըրաւ
գիտնալու
տեղւոյն
կառավարիչին
անունը։
Ուիլսըն
մեռաւ,
բայց
երեք
ամիս
ետք
միայն
լուր
հասաւ
իրեն
իբրեւ
նորութիւն։
Նախագահ
Հուվըր
չի
ճանչնար.
անունն
անգամ
լսած
չէ։
«Մորաթորիոմ»ը
ի՞նչ
է՝
չի
գիտեր:
«Մորաթորիոմ»ը
գրականութի՞ւն
է։
Ուիլսընը
գրագէ՞տ
է։
Հուվրը
բանաստե՞ղծ
է։
Ինչո՜ւս
պէտք.
ի՛նչ
կ՚ուզեն
ըլլան։
Օշական
գրականութեան
եւ
արուեստի
մարդ
է,
բարեւ
չի
տար
աղաներուն
եւ
փաշաներուն։
Աւելի
կը
նախընտրէ
ծանուցումներ
կամ
նուիրատուութեանց
ցանկեր
աչքէ
անցընել,
քան
հետաքրքրուիլ
քաղաքական
եւ
հանրային
շարժումներով։
Սակայն
լուսինին
մէ՞ջ
կ՚ապրի
Օշական։
Աչքը
գոց
եւ
ականջը
կո՞ւղպ
կը
քալէ։
Դո՞ւրս
է
կեանքի
հոսանքէն,
կամ
ժամանակի
ու
շրջապատի
զգայութենէն։
Բնա՛ւ
երբեք։
Իր
հետաքրքրութիւնները,
հանրային
գծի
վրայ,
ո՛չ
անհրաժեշտ
շեշտը
ունին,
ոչ
ալ,
մա՛նաւանդ՝
արտայայտութիւնն
են
ներքին
պահանջի
մը։
Այսքա՛ն։
Ի՞նչ
արդարացում
ունի
ինք
այս
ժխտումին
դէմ։
Առաջին.
Մեծ
շարժումները,
անոնք՝
որ
առանձին
դրոշմով
կու
գան
ու
չեն
անցնիր
առանց
հետքի,
այսպէս
կամ
այնպէս
կը
հասնին
իրեն,
նոյնիսկ
անկախ
իր
կամքէն։
Երկրորդ:
Գրագէտին
կոչումը
չէ
ընկերային
խնդիրներ
յուզել
կամ
լուծել։
Մանաւանդ
լուծել։
Անոր
բուն
կալուածը
մարդկային
հոգին
է։
Երրորդ.
Արուեստագէտ
գրող
մը
դեր
չի
կրնար
կատարել։
Պէտք
չէ
որ
կատարէ։
Այս
արդարացումները,
կարճ
եւ
ազդու,
դատելու
եղանակէ
մը
չէ,
որ
կը
բխին.
զանոնք
կերպաւորողը
նոյնինքն
Օշականի
խառնուածքն
է,
մտած՝
վերջնական
կաղապարի,
եւ
ազատ՝
պատահական
նախասիրութիւններէ։
Այդ
խառնուածքը
իր
ձեւը
առած
է
ո՛չ
թէ
կեանքի
մէջ,
հանրային
շարժումներու
մղումին
տակ,
այլ՝
մենութեան
ու
վերամբարձ
խոկումի
մէջ.
այսինքն՝
ամբոխին
հետ
շփումէ
զերծ,
ամէն
contactէ
անմասն,
անհուն
կեդրոնացումի
եւ
ինքնասուզման
մէջ։
Նկարագիր
մը
չէ
Օշական,
քանի
որ
կազմուած
է
կեանքէն
դուրս
ինչ
որ
կայ
իր
մէջ
ինքնատիպ
ու
ցայտուն,
տաղանդի
գիծն
է
մանաւանդ,
ուրիշ
խօսքով՝
առանձնութեան
պաշտամունքը։
Չէ՞
որ
իմաստութիւնը
կ՚ըսէ,
թէ
նկարագիրը
կեանքի
մէջ
կը
կազմուի,
իսկ
հանճարը՝
մենութեան։
Կամ՝
չէ՞
որ
մեծ
գործերը
առանձնութեան
մէջ
կը
ծնին։
Օշականը
կ՚իյնայ
այս
կրկնակ
իմաստութեանց
շրջագիծին
մէջ։
Դուրս
է
անիկա
ընթացիկ
կեանքէն,
ու
վեր՝
«ամբոխներու
խելագարութենէն»։
Սակայն
երբեք
չ՚ուրանար
անձնական
ծանօթութեան
անփոխարինելի
բարիքը։
Ո՛րքան
ալ
երեւակայենք,
միշտ
վար
կը
մնանք
իրականութենէն։
Իր
գլխաւոր
թեզը
սա
է.
եթէ
ոչ
մեկուսացում,
մասնաւորում
մը
անհրաժեշտ
է։
Անկարելի
է,
որ
գրագէտը
բազմապատկուի,
ընդարձակուի,
լեցուի
հանրային
հետաքրքրութիւններով։
Մարդկային
կարողութիւնները
սահման
մը
ունին,
եւ
կեանքը
մեր
բազուկներուն
մէջ
գրկուելիք
բան
մը
չէ։
Հոսանք
անուանուած
մասը
մակերեսն
է
կեանքին։
Վտանգաւոր
է
գրագէտը
դնել
հանրային
զառիթափի
վրայ։
Կը
մեծնայ
ան,
երբ
կարենայ
քանի
մը
խոշոր
կիրքերու
անժխտելի
իրականութիւնը
տալ։
Տոստոեւսկին
մեծ
է
ո՛չ
այնքան
իր
դիտողութիւններով
կամ
իմացական
կեանքի
դրուագներով,
որքան
իր
մարդ
երով։
Արուեստի
հանգանակը
մարդն
է,
մարդկային
հոգի՛ն։
Գրողի
մը
ամէնէն
վաւերական
առաքինութիւնը
ապրեցնելն
է
զայն
ներսէն,
անոր
վրայ
նայելով
հոգեկան
ճշմարտութեան
մը,
հոգեկան
լոյսի
մը
մէջէն։
Չկայ
արուեստագէտ
մը,
որ
իր
հետաքրքրութեան
սահմանին
մէջ
չընդգրկէ
որոշ
հարցել։
Ու
չկայ
արուեստի
գործ
մը,
ուր
չմտնեն
այդ
հարցերը
տարբեր
գունաւորումներով։
Սթանտալ
երջանկութեան
եւ
յաջողութեան
յաւիտենական
պայքարը
կը
յուզէ
իր
գործերուն
մէջ։
Անտրէ
Ժիտ
ամէնէն
շատ
կը
հետաքրքրուի
puritain
գիտակցութեան
եւ
զգայաuիրութեան
պայքարներով։
Իպսէն
կը
ներկայացնէ
անհատի
եւ
հասարակութեան
բախումը։
Օշականի
հետաքրքրութիւնները
ուղղուած
են
հայ
գիւղին
ու
հայ
գիւղացիին
գեղարուեստական
պատկերացման։
Մեկը
շրջանակ
մըն
է,
միւսը՝
կեդրոն
մը։
Իր
ջանքն
է
սեւեռել
վայրկեանը,
միջավայրը,
մարդը,
դիտուած՝
բարքերու
հոծ
մթնոլորտի
մը
մէջէն։
Անհատէն
ու
խումբէն
վեր
կայ
ընդհանրականը,
ցեղի
հոգիին
բազմաբաւիղ
ցանցը։
Արուեստի
գործ
մը,
որ
պիտի
յանդգնէր
իջնել
դէպի
այդ
խորքերը,
փառասիրութիւն
մը
ըլլալէ
աւելի՝
պահանջ
մըն
է
իրեն
համար։
Բարբարոս
այս
գրագէտը,
որ
դիւրութեամբ
կրնար
«կայսր»
ըլլալ
Բիւզանդիոնի
մէջ,
կամաւոր
ճիգը
ունի
չհասնելու
ամբոխին,
չխանդավառուելու
անոր
դափովն
ու
դափնիովը։
Ինչո՞ւ
այսպէս
է.
ինչո՞ւ
անտարբեր
է
բազմութեանց
ծափին
ու
պարսաւին։
Ես
կը
բանաձեւեմ
պատճառը
իմ
հասկցած
ձեւովս.
Օշական
այն
համոզումն
ունի,
թէ
ամբոխները
կ՚ապրին
ինչպէս
ալիքները,
այսինքն՝
իրենց
մակերեսով
միայն։
Մակերեսը
չի
հետաքրքրեր
զինք։
Երբ
արուեստի
մարդը
հաշուի
կ՚առնէ
ինչ
որ
ուրիշները
կ՚ուզեն,
երբ
ճիգ
կ՚ընէ
գոհացում
տալու
աջին
ու
ձախին,
կը
դադրի
այլեւս
արուեստագէտ
(artiste)
ըլլալէ,
ու
կը
դառնայ
արհեստաւոր
(artisan)։
Օշականի
ձգտումը
չէ
հաճելի
պատմող
մը
ըլլալ.
մարսողութեան
միջոց
ծառայել
վակոն-լի
ի
ճամբորդներուն
կամ
փլաժ
ներու
ձանձրացող
տիկիններուն։
Իրեն
համար՝
էականը
նուաճելն
է
ժամանակը,
ո՛չ
թէ
քանակը`
վերստին
կարդացուիլն
է,
ո՛չ
թէ
շատ
կարդացուիլը.
կարճ
խօսքով՝
դուրս
ելլելն
է
անցաւորին
պայմանէն։
Ասկէ
զատ,
չհասկցուելու
թաքուն
վիշտը
կայ
Օշականի
հոգիին
մէջ։
Այդ
հոգին,
քառորդ
դար
է
ահաւասիկ,
տուած
է
ինքզինք
արուեստի
տենդին,
գրականութիւն
ընելու
«անպտուղ»,
բայց
աննուաճ
երազին։
Այս
խուլ,
զուսպ,
ինքնասոյզ
դառնութիւնն
էր,
որ
այնքան
յոռետես
դարձուց
Շոփէնհաուէրը
իր
դարուն
մէջ,
բայց
որուն
աստղը
բարձրացաւ
երբ
մեռած
կամ
մեռնելու
վրայ
էր
ինք։
Նոյն
դառնութիւնը
ըսել
տուաւ
Սթանտալի.
«
Պիտի
հասկնան
զիս
1935ին
»։
Մե՞նք։
Համբաւը
ունինք
ողջերը
մոռնալու,
բայց
պսակ
դնելու
մեռելներու
դագաղին։
Օշական
յոռետես
մըն
է
եւ
ամէն
յոռետեսի
պէս
կը
կառչի
անկայուն
լաստերու
—
հովին,
ծովին,
փոթորիկին։
Միայն
ապագան
է,
որ
ամուր
պատուանդանը
կը
մնայ
իրենց։
Ես
իրաւունք
կու
տամ
մեր
գրականութեան
այս
ողջ
նահատակին՝
կրկնելու
Սթանտալի
դառն
մարգարէութիւնը.
«
Պիտի
հասկընան
զիս
հազար
ինը
հարիւր…
»,
ես
ալ
չեմ
գիտեր
քանիին։
Գիտեմ
միայն,
որ
պիտի
հասկնան.
պիտի
պատկառին
եթէ
չսիրեն։
Վասնզի
Օշական
անոնցմէ
չէ,
որոնք
կը
զուարճացնեն,
բայց
չեն
կրթեր։
Օտարնե՞րը։
Բայց
անոնք
իսկ
նոր
է,
որ
կ՚ելլեն
արժէքի,
իբրեւ
հանրային
դեմք
ու
կշիռ։
Վիրգիլիոս
հասարակ
մանկլաւիկ
մըն
էր
իր
ժամանակին.
Տա
Վինչի՝
ատոր
մօտ
բան
մը։
Լուի
ԺԴ.
ի
դարուն՝
գրագէտները
կոնք
կը
բռնէին։
Մերինները
յաւելեալ
տիտղոս
մը
ունեցած
են
միշտ.
առաւելաբար
այդ
տիտղոսին
կը
պարտին
դերը,
զոր
կատարելու
կոչուած
են
հանրային
ճակատին
վրայ։
Խրիմեան
վարդապետ
էր
նաեւ,
Պէրպէրեան՝
վարժապետ,
Չերազ՝
հանրային
գործիչ,
Ռուսինեան
եւ
Զօրայեան՝
հրապարակագիրներ,
Օտեան՝
պետական
մարդ։
Չերազ
ըսելով
մենք
հիմա
կը
հասկնանք
Պերլինի
պատուիրակութեան
թարգմանը
կամ,
շատ–շատ,
աշխարհաբարի
ախոյեանը։
Պէրպէրեանի
մէջ
դաստիարակը
նկատի
ունինք,
կամ
Բարիին,
Ճշմարիտին
ու
Գեղեցիկին
երախտաւոր
դրօշակիրը։
Օտեան
եւ
Ռուսինեան
Սահմանադրութեան
հիմնադիրներն
են
մեզի
համար,
կամ
48ի
Յեղափոխութեան
գաղափարախօսները։
Իբրեւ
զտարիւն
գրագէտ,
շատ
քիչ
բան
կը
մնայ
անոնցմէ,
ու
այդ
քիչն
ալ
ծանօթ
է
միայն
սակաւաթիւ
«ընտրեալ»ներու։
Կ՚ուզեմ
ըսել,
թէ
գրագէտը
դեր
ունի
մեր
մէջ
ո՛չ
այնքան
իբրեւ
գիրի
մարդ,
որքան
իբրեւ
գործիչ,
իբրեւ
հանրային
դէմք։
Դժբախտութիւնը
հո՛ն
է,
որ
մեր
մէջ
գրականութիւնը
շփոթուելու
աստիճան
կապուած
է
գրագէտի
անձին,
դիրքին,
տիտղոսին։
Սակայն
կը
կորսուին
այդ
երեք
uտnրոգելիները,
կենդանի
կը
մնայ
գրագէտը
միայն
(որովհետեւ
կը
խօսինք
գրականութեան
մասին)։
Արդ,
ընդունելի՞
է,
որ
արուեստի
մարդը
դուրս
ըլլայ
հանրային
հետաքրքրութիւններէ,
մերժելու
չափ
անոնց
խաղաղ
թափանցումը։
Ես
չեմ
ուզեր
աններող
դատախազի
դեր
ստանձնել.
քաղաքացիի
պարկեշտութիւնը
կը
ստիպէ
զիս
ըսելու,
թէ
Օշական
անհաղորդ
է
հանրութեան
ո՛չ
այն
պատճառով,
որ
կապ
չունի
անոր
հետ,
այլ
որովհետեւ
իր
հետաքրքրութիւնները
ուղղուած
են
տարբեր
գետիններու։
Յիշեցի
արդէն
իր
արդարացումներէն
մէկ
քանին։
Ի
վերջոյ
օդին
մէջ
ծփուն
երեւոյթներ
չեն
գրականութիւնն
ու
արուեստը։
Անոնք
ալ
հանրային
են
իրենց
բնոյթով,
քանի
որ
նպաստ
մը
կը
բերեն
ցեղային
մշակոյթի
գանձարանին։
Լաւ
նկար
մը,
լաւ
քանդակ
մը,
լաւ
վէպ
մը
կամ
քերթուած
մը
նոյնքան
կը
ծառայեն
հանրային
օգտին,
որքան
շարժում
մը,
որ
առաջ
կը
մղէ
պատմութեան
անիւը,
ինչպէս
պիտի
ըսէր
զտարիւն
մարքսիստ
մը։
Տարբերութիւնը
հո՛ն
է,
որ
մինչ
գեղարուեստը
կը
ձգտի
հոգեկան
ազնուացման,
հանրայինը
կը
հետապնդէ
«անիւի»
թաւալման
քաղաքականութիւնը։
Օշական
առաջին
մեկնակէտէն
կը
մօտենայ
գրականութեան։
*
*
*
Հիմնաւո՞ր
է
սակայն
պաշտպանել
գրագէտին
չէզոքութիւնը
հանրային
կոչուած
հետաքրքրութիւններու
հանդէպ։
Առաջին
շփոթութիւնը
անկէ
առաջ
կու
գայ,
որ
«Հետաքրքրութիւն»ը
մենք
կը
պատկերացնենք
քաղաքական
վէճի
կամ
դիւանագիտական
մարզանքի
ձեւին
տակ։
Արուեստի
մէջ
քաղաքականութիւն
մտցնելու
չէ.
խաթարելու
չէ
անոր
զարգացումը
քաղաքական
շեշտ
կամ
բարեխառն
ազդեցութիւններով։
Կ՚ընդունինք
ասիկա։
Սակայն
չենք
կրնար
գրագէտը
պահել
բացարձակ
չէզոքութեան
մէջ,
մեկուսացնելով
կամ
անջատելով
զայն
իր
շրջապատէն։
Բիւրեղեայ
աշտարակներ
չկան
հիմա։
Կը
յիշէ՞ք
Աթէնքը,
որ
քաղաքացի
կը
պատրաստէր.
Սպարդան,
որ
զինուոր
կը
պատրաստէր։
Բայց
Ատտիկէն
անմա՞սն
էր
մշակոյթի
խոր,
լայն,
մեծ
նուաճումներէն։
Ստեղծագործ
ուժը,
այսինքն՝
ինչ
որ
մարդկային
հանճար
կը
կոչենք,
անհաղորդ
էր
Սոկրատի
ու
Պղատոնի
հայրենիքին։
Պերիկլես,
մեծ
յոյնը,
այսպէս
կ՚ըսէր.
«
Մենք
յոյներս
անո՛վ
կը
տարբերինք
ուրիշ
ժողովուրդներէ,
որ
մեր
մէջ
հանրային
գործէ
հեռու
մնացողները
միայն
ծոյլ
չենք
համարեր,
այլ
նաեւ՝
անօգուտ
»։
Այս
տողերուն
մէջ
կը
ստանայ
Պերիկլեսի
դարուն
ճշգրիտ
պատկերը։
Ու
պատկե՛րը
Աթէնքին,
որ
Թեմիսդոկլես
ու
Ֆիտիաս
տուաւ
միաժամանակ,
Պղատոն
ու
Արիստոտել,
Հոմերոս
եւ
Դեմոստենես։
Մարդ
ստեղծուած
չէ
բոլորովին
առանձին,
ամպերուն
մէջ
ապրելու
համար։
Եւ
իրաւունք
չունի
ազատ
կամեցողութիւն
մը
նկատելու
ինքզինք։
Այն
չափով
արժէքի
կը
բարձրանայ
ան,
ինչ
չափով
որ
ընկերային
է
եւ
ուշադիր
հանրութեան
«երգ»ին։
Ստեֆան
Ցուայգ,
աստրիացի
քննադատը,
կը
պահանջէ
մինչեւ
իսկ,
որ
գրագէտ
տարրը
մասնակցի
քաղաքական
կեանքին։
Թող
բերէ
այդ
մասնակցութիւնը
ո՛չ
թէ
ուղղակի,
խառնուելով
հոսանքին,
այլ՝
անուղղակի,
պարզապէս
իր
մտածումին
ուժովը։
Թագաւոր
մը
իր
ժամանակին
մէջ
միայն
գերիշխան
է.
մտքի
մարդը
գերիշխան
է
ամէն
ժամանակի
մէջ։
Այսպէս
է,
օրինակ,
Վիրգիլիոսը.
այսպէս
է
Տանթէն,
Շէյքսպիրը,
Կէօթէն։
Մտածումի
ուժն
էր,
որ
Ռուսոն
ու
Վոլթեռը
պարտադրեց
իրենց
ժամանակին
ու
գալիք
ժամանակներուն.
ըրաւ
զանոնք
բարոյական
ծնողները
ֆրանսական
Յեղափոխութեան,
դարձուց
անոնց
դէմքը
ապագային
եւ
բազմապատկեց
կշիռը՝
ինչպէս
տարողութիւնը
իրենց
ստեղծումներուն։
Գէ՞շ
էին
Վոլթէռի
վէպերը.
բայց
Ֆլոպէռ
կը
հաւնէր
անոնց։
Խանդավառ,
առոյգ
եւ
հաւատքով
բաբախուն
էջեր
ձգեց
ան.
ու
գեղեցիկ
են
անոնք
մինչեւ
իսկ
իրենց
հրապարակագրական
կազմուածքին
մէջ։
Հանճարեղ
մարդը,
կ՚ըսէ
Վերհառն,
ամբողջական
մէկ
արտադրութիւնը
չէ
իր
միջավայրին.
ժամանակակից
է
այն
դարաշրրջանին,
որ
եկած
չէ
դեռ,
բայց
պիտի
գայ։
Շատ
աւելի
կ՚ապրի
ան
ապագայով,
քան
անցեալով։
Ռուսօ
իր
գրականութեամբ
Ռոպեսփիէռ
մը
ստեղծեց,
ու
Կէօթէ՝
հիւանդ
Վերթեր
մը։
Գեղարուեստական
ամէնէն
ուժգին
կատարելութիւնը
ա՛ն
է,
որ
կը
ներկայացնէ
իր
դարուն
պատկերը,
եւ
միաժամանակ
մարգարէութիւն
մը
կ՚ըլլայ
ապագային
համար,
որ
շարժում
մը
կը
ստեղծէ
եւ
սերունդներ
կը
դաստիարակէ .
եւ
որ,
վերջապէս,
կեանքէն
առաջ
կ՚ընթանայ,
առանց
անկէ
դուրս
ըլլալու։
Չեմ
մոռնար
բնաւ
Ուայլտի
խօսքը։
l'avenir,
c'est
ce
que
sont
les
artistes.
Քանի՞
գրագէտ
ունինք,
որ
կ՚իյնան
այս
սահմանումին
մէջ։
Բայց
մենք
վանականներ
չենք
ուզեր,
որպէսզի
տժգունին
մագաղաթներու
փոշիին
տակ։
Աշխարհը
վանք
մը
չէ,
անլոյս
մենաստան
մը
չէ։
Արեւ
կայ
հրապարակներուն
մէջ։
Կեանք
ըսուած
բան
մը
կայ
պատերէն
ու
խուցերէն
դուրս։
Մեկուսացած
գրագէտ
մը
հոգեպէս
աղքատ
գրագէտ
մըն
է։
Պէտք
ունինք
մարդերու,
որոնք
ապագան
տեսնեն
կամ
որոնց
իմացականութիւնը
բաց
ընդունարան
մը
ըլլայ,
եւ
դէպի
դուրս
ճառագայթո՛ւմ
մը
միաժամանակ։
Չենք
ուզեր
հաւատալ,
որ
հանրային
հետաքրքրութիւնները
կրնան
անպատճառ
գրագէտը
սպաննել
մարդուն
մէջ։
Սոփոկլես
լաւ
քաղաքապետ
մըն
էր,
Ռիւպէնս
ու
Քլօտէլ՝
դեսպան,
Կէօթէ՝
պետական
խորհրդական,
Լամարթին՝
նախարար,
նկարիչ
Տաւիտ՝
յեղափոխական
գործիչ։
Երգահան
Վակներ
մասնակցեցաւ
գերման
յեղափոխական
շարժումներուն.
Հիւկօ
խառնուեցաւ
իր
դարու
քաղաքական
ալեկոծումներուն:
Անտրէ
Շէնիէ
դատապարտուեցաւ
իբրեւ
հակայեղափոխական։
Ու
կ՚ըսեն,
թէ
երկու
մարդ
կայ
Կապրիէլ
տ՚Անունցիոյի
մէջ.
գրագէտը
եւ
Ֆիումէի
յաղթականը։
Օշական
է,
որ
դէմ
է
երկուութեան,
կրնա՞յ,
տակաւին
պոռալ
մեզի,
ընտանի
թեզ
մը
առաջ
քշելու
եւ
պատուանդան
մը
ճարելու
համար
անոր.
«
Ո՞վ
սպաննեց
Զարդարեանը,
Պարթեւեանը,
Թէքէեանը
»
։
Այո՛,
ո՞վ
վտարեց
զանոնք
Տիրոջը
այգիէն։
Բայց
ո՛չ
ոք,
բացի
թերեւս
նոյնինքն
Օշականէն։
Ինչո՞ւ
նահատակի
պսակ
պիտի
դնենք
այս
մարդոց
գլխուն,
քանի
որ
Սոփոկլես
քաղաքապետ
էր
…
Չենք
կրնար
աչքերը
բաց,
բայց
ականջը
կուղպ
քալել։
Իրաւունք
ունէր
Տերենտիոս.
hom
sum…
մարդ
ենք
եւ
մարդկային
ո՛չ
մէկ
բան
կրնայ
անտարբեր
թողուլ
մեզ։
Հանրայինը
այսպէս
կամ
այնպէս
կը
հասնի
մեզի
նոյնիսկ
հակառակ
մեր
կամքին։
Կարելի
չէ
կամովին
մերժել
անոր
միջամտութիւնը
մեր
կեանքին՝
ինչպէս
գործին
մէջ։
Օշական
ինքն
իսկ
պէտք
զգաց
այս
միջամտութեան,
գրելու
համար
«
Մնացորդաց
»
ի
այն
գլուխը,
զոր
ուզեց
արիւնի
ճամբով
քալեցնել
կամ
այն
միւսը,
ուր
դատելու
ելաւ
Հայ
Յեղափոխութիւնը
անցեալի
մշուշին
ու
ներկայի
աղջամուղջին
մէջէն։
Երբեմն
պէտք
է
գրականութիւնը
պատնէշ
դարձնել,
ու
արուեստը՝
մարտկոց.
ալ
լա
Վոլթեռ,
ա
լա
Ռուսօ։
Ասիկա
չի
ժխտել
բնաւ
ինչ
որ
մենք
կը
կոչենք
«
զուտ
»,
«
մաքուր
»,
«
անխառն
»
արուեստ։
Կարելի
է
պայքարող,
սուր,
յարձակողական
հրապարակագիր
ըլլալ
ու
միաժամանակ
զտարիւն
գրագէտ։
Կարելի
է
խիզախ
ու
տենդոտ
գործիչ
ըլլալ
ու
միեւնոյն
ատեն
«
մաքուր
»
բանաստեղծ։
Պէտք
կա՞յ,
դարձեալ
վկայութեան
կանչելու
Վոլթեռը
կամ
տ՚Անունցիոն։
Ու
մերիններէն
Արփիարը
կամ
Զարդարեանը։
*
*
*
Օշականի
գրականութիւնը
ո՛չ
Ռոպեսփիէռ
կը
ստեղծէ,
ո՛չ
Վերթեր։
Ճակատին
վրայ
կռուողներ
չի
տար
ան,
այլ՝
կատարուած
դիւցազներգութիւններ,
ապրուած
ողբերգութիւններ.
Հոգեբանական
խորասուզումներ։
Երբեմն
այս
հերձուածողը,
որ
կուռքեր
կը
տապալէր
անխնայ,
վանականի
խաղաղ
գնացք
մը
ունի
հիմա։
Կը
սիրէ
փոթորիկներ
յարուցանել
ոչ
այնքան
մարդերու
շուրջ,
որքան
մարդերու
մէջ։
Յոյնը,
հնութեան
ամէնէն
արուեստագէտ
ժողովուրդը,
Հռոմի
մէջ
նկատուած
էր
աճպարար։
Արդի
կեանքը
դէպի
Հռոմ
կ՚երկարի։
Պղատոն
կը
յայտարարէր,
թէ
«
զուտ
»
արուեստագէտները
յիմարներ
են
եւ
մուտք
չունին
իր
հիմնելիք
Քաղաք
ին
մէջ։
Չենք
սպասեր,
որ
Կէօթէ
կամ
տ՚Անունցիօ
ըլլայ
Օշական։
Չենք
սպասեր,
որ
լաւ
քաղաքապետ
կամ
լաւ
խորհրդական
դառնայ։
Չենք
կրնար
ընկերաբանութիւն
մը
կամ
ապագայի
դրութիւն
մը
հանել
իր
գրականութենէն։
Յեղափոխութեան
մը
գաղափարական
հայրութիւնը
չենք
փնտռեր
իր
գործերուն
մէջ։
Չենք
մեղադրեր
զինքը
պակասին
համար,
որուն
հաստատումը
ընելու
կոչուեցան
այս
քանի
մը
թշուառ
տողերը։
Վասնզի
չենք
կրնար
ուրիշ
բան
պահանջել
գրագէտէն,
քան
ա՛յն
`
զոր
ինք
ուզած
է
տալ։
Բան
մը
անուրանալի
է
սակայն.
«
մեհենական
»
ու
հիմնովին
գիւղացի
այս
գրագէտը
ամէնէն
ինքնատիպ,
ամէնէն
յանդուգն
ու
ամէնէն
անկորուստ
դէմքերէն
է
գիրքերու
մեր
պատմութեան
մէջ։
Իր
գրականութիւնը,
այսինքն՝
ինչ
որ
տուած
է
իբրեւ
մտածում,
իբրեւ
դատում
կամ
հոգեբանութիւն,
անփոխարինելի
նպաստ
մըն
է
մեր
ցեղային
գանձարանին։
Չենք
սակարկեր
մեր
համակրութիւնը
այդ
գրականութեան
ու
անոր
մշակին
համար։