«ՆԱՅԻՐԻ»
ԵՒ
Յ.
ՕՇԱԿԱՆ
«
Նայիրի
»
վերսկսած
է
հրատարակուիլ
իբրեւ
ամսագիր
գրականութեան
եւ
արուեստի։
Զուտ
գրական
մտահոգութիւններ
կը
վարեն
այս
երիտասարդ
պարբերաթերթը։
Խմբագիրը,
բանաստեղծ
Ծառուկեան,
սրտոտ
տղայ
մըն
է։
Գրական
խղճմտանք
մը
ունի
եւ
լայն
հետաքրքրութիւններ։
«
Նայիրի
»ի
այս
առաջին
թիւին
մէջ
(նոր
շրջան),
Յ.
Օշական
ինքնատիպ
փորձը
կընէ
դատելու
ինքզինքը
եւ
իր
գործը։
Ծանօթութեան
մը
մէջ՝
խմբագրութիւնը
ասիկա
կը
նկատէ
«եզական
գրագէտի
մը
եզական
մէկ
աշխատասիրութիւնը՝
եզական
նիւթի
մը
մասին
—
ի՛ր
մասին»։
Եւ
կ՚աւելցնէ.
«…
Այո՛,
խոշոր
չափերու
եւ
խոշոր
իրագործումներու
այսօրինակ
գործ
մը,
ինչպէ՞ս
կ՚ուզէիք,
որ
փորձութեան
մղէր
փունջ
մը
ոտանաւորի
վրայ
իրենց
ամբողջ
հմտութիւնը
սպառող
մեր
քննադատները»։
Այս
քողածածուկ
ակնարկութիւնները
իմ
ճաշակիս
յարմար
չեն։
«
Նայիրի
»ի
խմբագիրը
կրնար
անուն
մը
հագցնել
իր
մարդապատկերին
կամ
մարդապատկերներուն։
Ասոր
համար
ո՛չ
ոք
մտքէն
պիտի
անցնէր
քէն
ընել
իրեն
եւ
կամ
ոխ
կապել։
Ենթադրելով,
որ
այս
ակնարկութիւնը
ինծի
ալ
կը
հասնի
քիչ
մը,
մէկ
քանի
թիւրիմացութիւններ
կ՚ուզեմ,
որ
հարթուին
եւ
վերնան։
Վասնզի,
նախ՝
թիւրիմացութիւն
է
ըսելը,
թէ
Օշականը
անտեսուած
է
կամ
անիրաւուած,
եւ
թէ՝
«ահաւոր
մեկուսացումի
դատապարտուած
է
իր
գործով»։
Օշական
պէտք
չունի
դուրսէն
սպասելու
աժան
ու
ապսպրուած
վերադիրներ,
քանի
որ
իր
գործը
կ՚ապրի
ներսէն,
ինք
իրմով
եւ
իր
ներգոյակ
արժէքներով։
Ինչ
որ
կայ
այդ
գործին
մէջ
անհարազատ
ու
անվաստակ,
ժամանակը
կ՚առնէ–կը
տանի՝
առանց
պէտք
ունենալու
ուրիշներու
պարսաւին
կամ
պաշտպանութեան։
1931ին,
երբ
Օշական
ձեռնարկած
էր
գրելու
իր
առաջին
մեծ
վէպը
—
«
Մնացորդաց
»ը
—
երկու
հոգի
աղմուկ-շառաչով
լեցուցին
մեր
գրական
հրապարակը,
ծանոթացնելու
համար
գործը
եւ
նոր
պատուանդանի
մը
վրայ
բարձրացնելու
համար
հեղինակը,
որ
շատ
ալ
պէտք
չունէր
ծանօթացուելու։
Այդ
երկու
հոգիներն
էին
Գուրգէն
Մխիթարեան
եւ…
«հրամանքս»։
Երկուքս
ալ
Կիպրոս
գացինք
այն
ատեն,
թէ
խօսեցնելու
համար
Օշականը
եւ
թէ
խօսելու
համար
հայ
գրականութեան
մասին։
Երկուքս
ալ
ամբողջ
վեց
ամիս
«թմբկի
հարկանէաք»։
Եւ
ասիկա
ըրինք
ո՛չ
միայն
պաշտպանելու
համար
Օշականը
սրբապիղծ
հեթանոսներու
դէմ,
այլեւ՝
յանուն
գրականութեան
եւ
արուեստի։
Դարձեալ
կը
կրկնեմ,
որ
Օշական
պէտք
չունէր
մեր
ժանգոտած
սուրերուն,
որովհետեւ
արդէն
կը
վայելէր
պաշտպանութիւնը
իր
գործին
ժանգ
չկապող
եւ
կրկնակ
արժէքներուն
(ներքին
եւ
արտաքին)։
Բայց,
վերջապէս,
Քրիստոս
անգամ
առաքեալներու
պէտք
ունեցաւ՝
իր
անձին,
ինչպէս
գործին
փայլը
աւելցնելու
կամ
ամրացնելու
համար
անոնց
տիրակալութիւնը
կռապաշտ
մարդկութեան
մէջ։
Գ.
Մխիթարեան
անշուշտ
առաջին
տեղը
կը
գրաւէ
իբրեւ
«առաքեալ»,
եւ
եթէ
պատահի,
որ
պարապ
անկիւն
մը
գտնուի
առաքելական
վերնատան
մէջ,
ո՛չ
ոք
բան
մը
կը
կորսնցնէ
այդ
անկիւնին
մէջ
տեղաւորելու
իմ
փոշոտ
աթոռս։
Իմ
գրական
զրոյցս
Օշականի
հետ,
մայրիներու
շուքին
տակ,
հրատարակուեցաւ
մաս-մաս
«
Հայրենիք
»
ամսագրին,
«
Վէմ
»ի,
«
Մասիս
»
տարեգրքին
եւ
«
Յուսաբեր
»
օրաթերթին
մէջ։
Մաս
մըն
ալ
դեռ
անտիպ
կը
մնայ
քովս։
Տարի
մը
ամբողջ
(եւ
դեռ
մինչեւ
հիմա),
այդ
զրոյցը
վիճաբանութեան
եւ
ասուլիսի
նիւթ
հայթայթեց
թերթերու
եւ
պարբերականներու:
Մօտի
եւ
հեռուի
շրջանակներուն
մէջ
եւ
հետ
(հիմա՝
ինչպէս
այն
ատեն,
սրախաղութեան
փորձեր
ըրինք,
պաշտպանելու
համար
«դատ»
մը,
որ
արդար
կը
թուէր
մեզի։
Շահան
Շահնուր,
Սարաֆեան
եւ
Լեւոն
Մեսրոպ
(ուրիշներ՝
իրենց
կարգին)
կատաղի
յարձակումներ
գործեցին
այդ
«դատ»ին
տիրոջը
եւ
պաշտպաններուն
դէմ։
«
Յուսաբեր
»ի
մէջ,
երբեմն
ստորագրութեամբ,
երբեմն
առանց
ստորագրութեան,
օշականեան
ճակատ
մը
բացինք,
մեր
զէնքերուն
բախտը
փորձելով
ժամանակի
մարդոց
եւ
ընթացիկ
ու
թացիկ
ճաշակներու
դէմ։
Անոնք՝
որ
կը
հետեւէին
այս
ճակատին
եւ
հոն
մղուած
պայքարին,
ո՛չ
հասարակաց
մեկնակէտ
մը
ունէին
դատումի,
ոչ
ալ
հասարակաց
ժամկէտ
մը
եզրակացնելու։
Ոմանք
աւելորդ
եւ
անտեղի
կը
գտնէին
ստեղծուած
աղմուկը,
ուրիշներ՝
անհրաժեշտ
եւ
տեղին։
Կային՝
որ
կողմ
էին
Օշականի
դէմ,
ուրիշներ
թեր
էին
եւ
կուսակից։
Գրեթէ
բոլորն
ալ,
սակայն,
ունէին
իրենց
վերապահումները։
Հարկ
էր
կռուիլ
թէ
դէմերուն,
թէ՛
թերերուն
եւ
թէ
վերապահումներուն
դէմ։
Հարկ
էր
նախ
զետեղել
արձանը
իր
պատուանդանին
վրայ
եւ
յետոյ
միայն
վիճիլ
կցորդ
խնդիրներու
մասին։
Պէ՞տք
է,
որ
կրկնեք
անգամ
մը
եւս,
թէ
մենք
հետամուտ
չէինք
գրական
դիկտատուրա
հաստատելու
եւ
կամ
կռապաշտութեան
նոր
ծէս
ստեղծելու։
Գիտէինք,
թէ
արժէք
մը
կամ
արժանիք
մը
պաշտպանելը
ո՛չ
արութեան
գործ
մըն
էր,
ոչ
ալ
տաղանդի։
Կ՚ուզէինք
պարզապէս,
որ
Կեսարին
տրուէր
ինչ
որ
Կեսարինն
էր,
եւ
Աստուծոյ՝
ինչ
որ
Աստծուն
էր։
Ասիկա
դուք
կը
կոչէք
«հմտութի՞ւն
սպառել
փունջ
մը
ոտանաւորի
վրայ»։
Ծախու
ապրա՞նք
է
դարձեր
հմտութիւնը
հիմա։
Բայց,
վերջապէս,
ի՞նչ
ունի
Օշական
ինքզինք
անտեսուած,
անիրաւուած,
դժբախտ
համարելու
համար։
Իրմէ
աւելի
դժբախտ
մարդիկ
կան
այստեղուանքը,
բայց
երբեք
մտքերնուն
չեն
անցուցած
Նեղոս
գետը
նետուիլ
կամ
Միջերկրական
ծովը։
Մնաց
որ,
Օշական
այն
հեղինակներէն
է
մեր
մէջ,
որոնց
մասին
թէ՛
շատ
գրուած
եւ
թէ
շատ
խօսուած
է,
մա՛նաւանդ
շատ
խօսուած։
Օշականի
դժբախտութիւնը,
սակայն,
առաջ
կու
գայ
իր
դժգոհութենէն,
իր
յոռետես,
կասկածոտ,
բծախնդիր
խառնուածքէն։
Ուրիշ
մը
իր
տեղը՝
երջանիկ
պիտի
համարէր
ինքզինք
իր
տուածին
եւ
առաջին
համար։
Oշական
յաճախ
յայտարարած
է,
յարմար
կամ
անյարմար
առիթներով
(բայց
միշտ
հանդիսաւորապէս),
թէ
չի
կարդար
իր
մասին
գրուած
ո՛չ
ներբողները,
ո՛չ
պարսաւները։
Արհամարհա՞նք
պէտք
է
նկատել
այս
յայտարարութիւնը,
թէ
մարտահրաւէր։
Մարդիկ
հիմա
այնքան
չար
են,
որ
կը
սիրեն
փոխադարձել
արհամարհանքը
եւ
կը
սիրեն
մա՛նաւանդ
վերցնել
նետուած
ձեռնոցը։
Ասկէ
զատ՝
Օշական
ինչո՞ւ
կը
կարծէ
անպատճառ,
թէ
իրեն
համար
կը
գրուին
ներբողն
ու
պարսաւը։
Ես
կը
կարծեմ
մինչդեռ,
որ
իր
մասին,
բայց
ո՛չ
իրեն
համար
գրուած
են
եւ
պիտի
գրէին
թէ
մէկը,
թէ՛
միւսը։
Եւ
ասիկա
միեւնոյն
բանը
չէ
կարծեմ։
Ու
ո՛չ
ոք
պարտաւոր
է
արտօնութիւն
խնդրել
իրմէ
թեր
կամ
դէմ՝
գրելու
համար
իր
մասին։
Կրնա՞նք
պահանջել,
որ
մարդիկ
իրենք
զիրենք
նկատեն
Օշականի
գործակատարները
եւ
ըստ
այնմ
հրաման
կամ
հրահանգ
ստանան
իրմէ։
Բառ
մըն
ալ
եւ
վերջացնեմ։
Երբ
«
Համապատկեր
»ը
հրատարակելու
խօսք
եղաւ
եւ
լոյս
տեսաւ
անոր
«
Մուտք
»էն
մաս
մը
«
Սիոն
»ի
մէջ,
նորէն
իր
հին
բարեկամներն
էին,
որ
փոյթ
ունեցան
քանի
մը
տող
գրելու
այդ
առթիւ
«
Յուսաբեր
»
ամսագրի
առաջին
թիւերուն
մէջ։
Եթե
չեմ
սխալիր,
ուրիշ
որեւէ
տեղ
որեւէ
բան
չգրուեցաւ
դեռ,
գուցէ
այն
պատճառով,
որ
հմտութիւն
ունեցողները
չեն
ուզեր
սպառել
իրենց
մթերքը
եւ
կամ
պարզապէս
չեն
ուզեր
քննադատի
դափնեպսակ
ձեռք
բերել
«մեղրածոր
լեզուագարութեամբ»։
Մարդ
կը
շուարի–կը
մնայ,
թէ
ի՞նչ
պետք
է
ընել,
որ
չըլլայ
«լեզուագիտութիւն»
ու
չըլլայ,
մա՛նաւանդ՝
«հմտութիւն
սպառել»։