Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՀԷՆ ԵՏՔ 

Եգիպտահայ գաղութը ժլատ գտնուեցաւ Օշականի հանդէպ։ Ոչ հրապարակային մեծարանք, ո՛չ յոբելեան։ Ո՛չ իսկ գոնէ նիւթական նպաստ մը՝ անտիպ գործերուն հրատարակութեան համար։ Եւ սակայն ալեւոր գրագէտը քրտինք թափած էր հոս. իբրեւ ուսուցիչ՝ աշակերտներ հասցուցած էր եւ բարեկամներ ունէր երէց ու կրտսեր սերունդներուն մէջ։

Անշուշտ դեռ ժամանակ կայ դարմանելու այս « մոռացօնք » ը։ Յոյս ունինք, որ մեր գաղութը պիտի տայ յետ մահու « ժամուց » մը այս անվեղար վարդապետին, որ քառասուն տարի հայ դպրութեան ծառայեց աննահանջ նուիրումով եւ այլն

Օշական կուսակցութեան մը, հատուածի մը մարդը չէր։ Իր մշակած գրականութիւնը մասնաւոր դրոշմ մը չէր կրեր եւ ոչ ալ խմբակցութեան մը թրէյտ մարքը ունէր վրան։ Իր գործը կը պատկանի հայ ժողովուրդին, այսինքն՝ ամբողջ ին, բայց երբեք՝ կոտորակ ին։ Այսպէս էր նաեւ իր անձը. ո՛չ ոքի կը պատկանէր ան մասնաւոր կերպով եւ սեփականութիւնն էր ամբողջին, այսինքն՝ հայ ժողովուրդին։ Զուր է հիմա փորձել սեղմ շրջանակի մը մէջ զետեղել « կոր գիծ » ի այս գեղեցկութիւնը, ակամայ փոքրցնելով թէ՛ անձը, թէ՛ գործը։

Փերիշան մարդ մըն էր ողջութեանը։ « Շուք » չունէր վրան, թերեւս չէր ուզեր ունենալ։ Առհասարակ մարդիկ իրենց անձով աւելի  մեծ են, քան իրենց գործով։ Ինչպէս ամէն բանի, նաեւ այս կէտին մէջ զարտուղութիւն մըն էր Օշական։ Իր գործն էր մանաւանդ, որ ծանրութիւն, շուք ու կշիռ կու տար իր անձին։ Անշուշտ անձէն կը բխէր գործը, եւ ինչ որ չունէր առաջինը, չէր կրնար ունենալ նաեւ երկրորդը։ Սակայն մակերես մը չէր ինքը, այլ՝ խորք մը։ Այս խորքը տեսանելի չէր ամէնուն, անո՛նց՝ որ կը նային, բայց չեն տեսներ։ Հակասութիւններու եւ հակադրութիւններու հանգոյց մըն էր. կարելի չէր մէկ ակնարկով « ընդգրկել » զինք, կամ մէկ փորձով լուծել առեղծուածը իր բարդ ու բազմերանդ հոգիին։

Օշական կաթիլ կաթիլ կու տար ինքզինք։ Ասոր համար էր, որ ո՛չ կը պարպուէր, ո՛չ կը սպառէր։ Միշտ բան մը կը մնար անթեղուած իր մէջ։ Մարդիկ կան, որ մէկ երկու հատոր տալէ ետք կը դեղնին, կ՚աղօտին, կը թօշնին. ուրիշներ յիսուն հատոր կու տան ու կը շարունակեն պահել իրենց թարմութիւնը, նորութիւնը, թոքերուն արիւնը։ Օշական աւազան մըն էր, բաց ծորակով, բայց նաեւ մշտաբուխ ակով։ Միշտ կը պարպուէր ու միշտ կը լեցուէր։ Միշտ կը մաշէր ու միշտ կը վերանորոգուէր։

Գրելը կիրք մըն էր իրեն համար։ Ինքն էր, որ կը հպատակէր այդ կիրքին, փոխանակ զայն իրեն հպատակեցնելու։ Գրեթէ գերին էր գրելու կիրքին։ Չէր կրնար չգրել ։

Տրամաբանութեան մարդ մը չէր, այլ՝ տրամադրութեան։ Կուռքեր չուներ, բայց « կռապաշտ » էր։ Խորասոյզ կեդրոնացումէն առաջ, թերեւս անկէ աւելի, յանդգնութիւնն էր զինք վարողը։ Հայ գրականութեան մէջ իրմէ աւելի « կռապաշտ », իրմէ աւելի յանդուգն մարդ ես չեմ ճանչնար։ Հոգեխոյզի աչք մըն էր իրենը։ Հոգին հետազօտութեան գետին մըն էր իրեն համար։ Քառասուն տարի անընդհատ պեղեց այդ գետինը։ Ու տուաւ մարդեր, բայց տուաւ նաեւ կեանք։

Զիջումներու մարդը չէր Օշական։ Պայքարի մարդ ալ չէր սակայն։ Հաւատքով կը պաշտպանէր իր տեսակետներն ու ըմբռնումները, բայց չէր պարտադրեր զանոնք։ Չէր կռուեր անոնց համար։ Գրականութիւնը լրագրութեան չէր տաներ։ Կ՚ուզէր հեռու մնալ, մա՛նաւանդ զերծ մնալ հռետորութենէն, այս « արձակ » բարբարոսութենէն, զոր կը նկատէր արուեստի եօթը մահացու մեղքերէն մեծագոյնը։ 

Իբրեւ մարդ՝ զերծ չէր տկարութիւններէ։ Զերծ չէր նաեւ նախապաշարումներէ, նախատրամադրութիւններէ։ Սանձարձակ էր իր ուրացումներուն մէջ, գրեթէ առանց վերապահանքի։ Բայց զուսպ  էր ու ժլատ՝ իր հիացումներուն մէջ։ Աղանդամոլութեան տարած էր իր չկամութիւնը Արեւելահայ գրականութեան, մա՛նաւանդ քերթողութեան դէմ։ Կիրք չկար անշուշտ այդ չկամութեան մէջ, բայց չկար նաեւ չափի պահպանակը անոր վրայ։ « Անբանաստեղծ ըլլալու » մեղք վերագրել « նոյնիսկ » Չարենցին կամ Մահարիին, յանցանք մըն է, որ քաւութիւն չունի։ Բայց ի վերջոյ կրցաւ գտնել միջին տարազ մը, որ արդարացում մըն էր գոնէ, եթէ քաւութիւն մը չէր։ « Արեւելահայ քերթողութեան մէջ, կ՚ըսէր, ոգին կայ, բանաստեղծութիւնը չկայ։ Արեւմտահայ քերթողութեան մէջ բանաստեղծութիւնը կայ, ոգին չկայ » ։ Բացատրութիւն մըն է ասիկա վերջապէս, որուն մարդ կրնայ համաձայն ըլլալ կամ չըլլալ։ Բացարձակ ուրացում մը չէ, թէեւ բացարձակ հիացում մըն ալ չէ։

Կը թուի ինծի, թէ իր անհաշտութիւնը չէր բխեր իր հոգիէն, որ գիւղացիի պարզ ու անխարդախ հոգի մըն էր։ Իր անհուն դժգոհութիւնը, իր մենութիւնը, իր խորունկ դառնութիւնները հետզհետէ՝ իր մէջ ստեղծեցին քիչ մը բիրտ այդ անհաշտութիւնը։ Ամէնուն դէմ՝ էր կարծես եւ ոչ ոքի հետ. գոնէ այս տպաւորութիւնը կրնային ունենալ անոնք, որ ծանօթ չէին իր տենդագրգիռ հոգեվիճակին։ 

Կիրքի մարդ էր Օշական, բայց իր կիրքը աղմուկ չէր, այլ՝ ապրում։ Երեւոյթ մըն էր մեր գրականութեան մէջ։ Ձայն մըն էր։ Արթուն պահա՛կ մը, որ զգաստութեան կը հրաւիրէր մեզ ու կը հրաւիրէ հիմա ալ, իր մահէն ետքն իսկ։ Ոչ կանոնի հպատակ էր, ո՛չ օրէնքի։ Զարտուղութիւն մըն էր, գրեթե բացառութիւն մը։ Իր կանոնը կ՚առնէր ուժական, տարակեդրոն իր խառնուածքէն՝ բոլոր անոնց պէս, որոնք իրենց ոճը իրենք կը ստեղծեն եւ դուրս են հասարակաց կաղապարէն։ 

Սխալներ կ՚ընէր անշուշտ, քանի որ վերջապէս աստուած մը չէր։ Իր բոլոր մեղանչումները պիտի ներուին իրեն սակայն, վասնզի իր մեծ վաստակին անկորնչելի գեղեցկութիւնը գրեթէ առաքինութեան կը վերածէ իր թերութիւններն անգամ։ 

Մահուան անկողնին մէջ իսկ Օշական ունի դէմքը մարդու մը, որ կարծես մեռած չէ, այլ կը քնանալ միայն եւ կրնայ յանկարծ արթննալ վաղը։ 

Այսպէս են անմահ մահկանացուները, կը քնանան, բայց չեն մեռնիր։ 

( ՎԵՐՋ )