Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ

Օշական իր ազատ պահերը յօժարակամ կը տրամադրէր ինծի՝ թէ՛ հարցումներուս պատասխանելու եւ թէ խօսելու համար աջէն ու ձախէն, մա՛նաւանդ… ձախէն, քանի որ մեծահամբաւ ձախակողմեան մըն է ինք գրականութեան մէջ։

Յարմար առիթ մը գտածս պէս, առաջ կը քշէի իմ վերապահումներս՝ իր պաշտպանած կարգ մը տեսակէտներուն մասին։ Զգուշութեամբ կը մեղադրէի զինք՝ իր անսանձ յարձակումներուն համար արեւելահայ հին ու նոր բանաստեղծութեան ու բանաստեղծներուն դէմ։ Այս մարզին մէջ իր ուրացումները կը նկատէի չափազանցուած։ Կը պաշտպանէր ինքզինք հանդարտ զօրութեամբ մը, իմ խանդավառութեանս հակադրելով իր սառն տրամաբանութիւնը։ Կը ջանար ո՛չ թէ հերքել, այլ մեղմացնել գրական հաւատաքննիչի, կուռքեր տապալողի, մարդու չհաւնողի մեղքերը, որոնցմով «ծաղկազարդուած» է իր անունը իբրեւ քննադատ։ Կը գտնէր այս վերագրումները ծայրայեղ ու «ոսկեջրուած»։ Համակրանքով կը խօսէր Թումանեանի, Իսահակեանի, Բակունցի եւ ուրիշներու մասին, միշտ չակերտներ ու փակագիծեր բանալով սակայն իր վերապահումներուն համար։ Կը տեսնէի իր յուզումը՝ այս մարդոց մասին խօսելու ատեն։ Աչքերը կը կարմրէին յանկարծ, չեմ գիտեր յուզումէ՞ն, զայրոյթէ՞ն, թէ գորովանքէն։ 

Իր ձեռագիրներուն դէզը, անփութօրէն նետուած սեղանին վրայ, որմափոր պահարաններու կամ պատուհանի բացուածքին մէջ, փոշիներու տակ կը քնանային արդար քունով…։ 

Չե՞ս վախնար, որ կը կորսուին, հարցուցի օր մը։ 

Ի՞նչ ընեմ. արդէն կորսուած են, ըսաւ դառնութեամբ։

Յուզուելու կարգը իմս էր` այս անգամ ալ իմ աչքերս սկսան կարմրիլ։ Կը մտածէի ճակատագրին վրայ, որ հայ գրողինն է։ 

Սակայն, հակառակ իր խոր դառնութեան, բոլորովին անյոյս  չէ Օշական։ Կը հաւատայ հրաշքին, որ պիտի փրկէ իր մտքի վաստակը։ 

Կը հաւատամ, կ՚ըսէ, թէ այս ժողովուրդին մէջ պիտի գտնուին մարդեր (գրողները չունիմ նկատի ), որոնք պիտի ազատեն « Համապատկեր »ը իր գերութենէն, այրուելու իր ճակատագրէն, անոր տալով ապրելու իրաւունքը

Չեմ յիշեր, թէ ուրիշ ատեն ալ ունեցա՞ծ եմ հարուստ ըլլալու փափաքը այնքան ուժգնօրէն, որքան դառնացած մարդու այս խոստովանանքը լսելու պահուս։ Միտքս ինկաւ յանկարծ Ինտրան, որ այրած էր իր ձեռագիրները. ու Եղիան, որուն կարծեմ կը վերագրուի նման արարք մը։ Մտածեցի, թէ Օշականն ալ կրնար օր մը կրակի տալ տարիներու իր վաստակը, յուրահատութեան նոպայէ մը մղուած։ Ասոր համար հայ ժողովուրդը չէր կործաներ անշուշտ, բայց մեր հարուստները կարմրելու պատճառներ պիտի ունենային։ Մնաց որ, ինծի չ՚իյնար ահազանգ հնչեցնել հիմա, քանի որ ես ալ կը հաւատամ, թէ «պիտի գտնուին մարդեր, որոնք պիտի ազատեն « Համապատկեր »ը այրուելու իր ճակատագրին»։

Սակայն այս վտանգը արգելք մը չէ, որ Օշական դադրի ստեղծագործելէ։ Գրելը կիրք մըն է իրեն համար, ինչպէս խմելը կիրք մըն է ուրիշներուն համար։ Ու հիմա ձեռնարկած է նոր գործի մը, որ կրնայ իր «կարապի երգը» ըլլալ, փակելու համար ասպարէզին հետ նաեւ իր կեանքը։

Հսկայ գործ մըն է ասիկա. իմ հաշուիս՝ ես կը հաւատամ, թէ գիւղացիի իր ամրակազմ ուսերը պիտի տոկան իր ձեռնարկած գործին ծանրութեան, որքան ալ ծերացած, կքած ըլլան անոնք։ Իր մեծ հաւատքը, իր մեծ կիրքին պէս, ջուրերուն վրայ կը բռնէ զինք։ 

Պատրաստ է արդէն գործին ընդհանուր յատակագիծը. վէպ մըն է, « Կեանքին պէս » խորագրին տակ, բաղկացած տասնըհինգ հատորէ, իւրաքանչիւրը 300—350 էջերով։

Խենթեցա՞ր դուն, Օշակա՛ն, ըսի զարմացած։ Արդի վէպը, իմ գիտցածս, 250–300 էջէն անդին չ՚անցնիր։ Տասնըհինգ հատոր վէպ կը գրուի՞ հիմա, եւ գրուելէն ետքն ալ կը կարդացուի։ « Մնացորդաց »ի ճակատագի՞րը կ՚ուզես, որ ունենալ այս նոր վէպդ ալ։ 

Օշական տեղի տուող մարդերէն չէ։ Իր յամառութիւնը եւ իմ միամտութիւնս գրեթէ հաւասար են՝ իբրեւ առանձին միաւորներ։ 

Արդի վէպը, տղա՛ս, հայրաբար ուզեց սրբագրել զիս Oշական, կ՚ընթանայ դէպի ծաւալը։ Երկու հարիւր յիսուն էջնոց  վէպ մը կեանքէն մասնիկ մըն է միայն, բայց կեանքը չէ։ Իմ ուզածս՝ տալն է որոշ շրջանի մը կեանքը իր լիութեանը մէջ։ Մի՛ մոռնար « Ժան Քրիսթոֆ »ը, մի՛ մոռնար Փրուստը։

Ապա աւելցուց:

« Կեանքին պէս »ը շարունակութիւնն է « Մնացորդաց »ին։ Հերոսը նոյն մարդն է, որ կ՚անցնի յաջորդական atmosphereներէ։ Նոր վէպը փորձ մըն է սեւեռելու մեր ժողովուրդին կեանքը, 1880էն մինչեւ մեր օրերը, այնպէս՝ ինչպէս տեսած ու ապրած եմ ես։

Ու շարունակեց.

Այս նոր վէպը կը գրեմ՝ բոլորովին մոռցած աշխարհը։ Հո՛ն՝ ուր կ՚իյնայ հեղինակը, վէպը կը վերջանայ։ Եթէ միայն հինգ տարի կեանք տաս ինծի, գործը ամբողջութեամբ գրուած-վերջացած կ՚ըլլայ։ 

Տուի, աւելի՛ն ալ տուի, ըսի ես հաւատքով ու ջերմեռանդութեամբ։ Եթէ մինչեւ 80 ալ չհասնիս, ապահովաբար 75ը կ՚անցնիս։ Հաշիւդ ըստ այնմ բռնէ պակասը ես կը լրացնեմ։ 

Չեմ գիտեր, թէ այս ապահովութիւնը, որ «ապառիկ» էր, ի՛նչ «կանխիկ» ազդեցութիւն գործեց իր վրայ։ Երուսաղէմ գտնուած միջոցիս՝ գործը «կը քալէր»։ Կ՚իմանամ հիմա, որ առաջին հատորը գրեթէ գրուած-վերջացած է արդէն։

Երբ վերջին օրը գացի հրաժեշտ առնելու իրմէ, Օշական խնդրեց Տոքթ. Խաթանասեանին հաղորդել իր բարեւները եւ աւելցուց։ 

Ըսէ՛ իրեն, որ ես զիս լաւ կը զգամ . շատ աւելի լաւ, քան երբեւիցէ։ 

* *  *

Ամսագրի նախանցեալ թիւով տուի արդէն Օշականի «քննադատական հանգանակը» այնպէս՝ ինչպէս ինք թելադրած էր ինծի։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ անոր յաւելուածն ալ, զոր գրի առի գրեթէ ոտքի վրայ, հապճեպով, բայց որ նուազ շահեկան չէ ատոր համար.

«Քեզի անծանօթ չէ իմ կեցուածքս՝ քննադատութիւն ըսուած իրողութեան հանդէպ։ Հետաքրքրութիւնդ չափով մը գոհացնելու համար, կու տամ քանի մը անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ։ Այսպէս.

Ա. Կ՚արհամարհեմ, իմ հաշուիս խօսելով, հանդէսի կամ օրաթերթի ընթացիկ դատելակերպը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր  գրականութեան մեծ մեղքերէն՝ խմբագրականի չըսեմ մոլութիւնը, առնուազն միամտութիւնը։ Ունիմ անայլայլելի հաւատքը նման վաստակի մը հիմնական ստերջութեան։ Ո՛չ ոք ուրիշին գրել կը սորվեցնէ։ 

Բ. Կը հաւատամ պատմական քննադատութեան (Թիպոտէ, որոշ չափով՝ Սէնթ–Պէօվ), որ առնուազն պատմական մտայնութիւններու, միջավայրերու ստիպողական վերարտադրումը պարտաւոր է հետապնդել՝ բառ չաղալու համար։ Հոս մուտք ունին բանասիրական պահը, ախորժակը (ո՛չ անշուշտ վիեննացիներին փորձուածը), որուն նմոյշը մեզի տուաւ լուսահոգի Ադոնցը։ Արդի ուսումնասիրական մեթոտներու նրբացումը, թափանցումի նոր միջոցներու կրկէս իջնելը, մա՛նաւանդ մշակութային մեծ ընդհանրութիւններու, համադրումները կարելիութիւնը պատմական քննադատութիւնը կ՚ընեն ո՛չ միայն մշակոյթի մեծ հանդէս մը, այլեւ, գրագէտին կողմէ գործադրուած պարագային, գրական ճշմարիտ վայելք մը։ Մեր մէջ Արշակ Չօպանեան այս մեթոտին նախափորձը ըրաւ՝ Պէշիկթաշլեանի անձին եւ շրջանին նուիրուած իր հատորին մէջ, որ այդ իսկ փաստով ապրելու սահմանուած գործ մըն է։ 

Գ. Կը հաւատամ նոր եղանակի մը, որ շատ բարիքով կը փոխանորդէ դար մը առաջուան խառնուրդները (դրական եւ փիլիսոփայական)։ Կ՚ակնարկեմ դատելու, վերբերելու, ապրեցնելու այն տարօրինակ մեթոտին, որով Մօրիս Մարթէն տիւ Կար, Տիւհամէլ, Քիւրսիուս, Ալէն, Պենտա, Քայզերլինկ մշակոյթները կ՚ենթարկեն վերլուծումի, հազիւ-հազ մօտենալով անոնց մէջ դրական ճաշակ ըսուած սնոտիքին, բայց մանրակրկիտ խորացումով մը թափանցումը ընելով այն բոլոր ազդակներուն, որոնց գումարն է ամէն արուեստի գործ։ Եկեղեցի մը քարէ երգ մըն է, ինչպէս մագաղաթ մը՝ դեղնած, հանգստացած հոգի մը։ Քննադատը պաշտօնը ունի այդ երգին իւրաքանչիւր բջիջը տարրալուծելու, հասնելու համար գերագոյն իսկութեան, որմէ կերպարանք մըն է այդ եկեղեցին։ Նոյնպէս քերթուած մը երբեմն կը վկայէ միլիոններու սրտէն։ Քննադատը ա՛ն է, որ տրուած այդ փշրանքներուն վրայէն կը յաջողի իջնել կրկէսին, ուր այդ սիրտերը կ՚ապրէին, ինչպէս իր իսկ սիրտը կ՚ապրի իր կուրծքին տակ։ Այս թափանցումը, իր կարգին, կը նպաստէ ո՛չ միայն տրուած վկայութիւնները արժեւորելու, արդիացնելու, այլեւ պիտի ծառայէ անհատական ջիղերու դրութիւնը (որուն մէջ կը զետեղենք զգացող եւ մտածող մարդը) տարածելու իրմէ անդին։ Այդպիսի հետախուզութեան մը ենթարկուած մեր հին մատենագրութեան  պատմութիւնը պիտի դառնար ամէնէն սխրագին գեղեցկութիւնը, հայ կեանքի զարկերուն մինչեւ հիմա մեզի մութ մնացած օրէնքներու աղօտակի խելամտումը։ Կը հասկցուի, թէ դեռ փորձն իսկ չենք ըրած նման թափանցումէ մը։ « Համապատկեր »ին մէջ Օտեանի նուիրուած իմ ներքին մենախօսութիւնը դժուար, վտանգաւոր փորձ մըն է՝ ընթերցողը դասալիք ընելու կոչուած, քանի որ ամէն նորու թեան նման՝ այդ նորութիւնն ալ ժամանակով պարտաւոր է հասուննալ»։ 

Վերջակէտ, հրամայեց Օշական եւ անմիջապէս աւելցուց, յոգնեցա՜յ…

Մտածեցի, որ յոգնած մարդէ մը ասկէ աւելի սպասելը կրնար վտանգաւոր ըլլալ «Օտեանի նուիրուած ներքին մենախօսութեան» պէս. ուստի՝ խոհեմութիւն համարեցի ո՛չ միայն վերջակետ դնել, այլեւ չակերտը գոցել…