ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Բոլոր
փոքր
ժողովուրդները
անխտիր
թարգմանած
են
օտար
գրականութեանց
կարեւոր
գործերը։
Տեսակէտէ
մը
մեկնելով՝
այդ
շարժումը
կրնայ
կործանարար
ազդեցութիւն
ունենալ
մեր
գրողներու
արդեն
վտիտ
անձնաւորութեան
վրայ,
խորտակելով
անոնց
կորովը
ու
խլելով
անոնցմէ
արդէն
իսկ
սակաւաթիւ
ընթերցողներու
խումբը։
Մեծ
գործերու
դէմ
մերիններուն
մրցումի
անկարողութիւնը
բաւարար
պատճառ
չէ,
որպէսզի
զանց
առնուի
այդ
աշխատանքը,
քանի
որ
փոխանակ
Ֆլօպէռի,
մեր
ընթերցողները
Արմէն
Շիտանեան
պիտի
կարդան
եւ
պիտի
անգիտանան
արուեստի
գագաթները,
քաջալերելով
այսպէս
անփութութիւնը,
աղկաղկութիւնը,
ընթերցողին
հանդէպ
արհամարհանքը։
Երկրորդ
տեսակէտ
մը,
որ
այս
անգամ
կը
պաշտպանէ
մեծ
գործերու
փոխադրութիւնը
մեր
մէջ,
ես
կը
գտնեմ
համակրելի,
վասնզի
հարիւրներու
մէջէն
մէկ
կամ
երկու
հոգի
հաղորդ
պիտի
ըլլան
անոնց
խռովքին
եւ,
մեր
կեանքը
տալու
ատեն՝
առնուազն
պիտի
այցուին
անոնց
մեծութենէն,
բաւարար
պատճառ,
որ
սթափին
եւ
հսկեն
իրենց
գրիչին։
Ա՛ն՝
որ
փոքր
տարիքէն,
փոխանակ,
օրինակի
մը
համար,
Սմբատ
Բիւրատ
կարդալու,
սնանի
Պալլաքով,
Տիքընզով,
վերջապէս
արուեստի
հսկաներուն
հսկայ
գործերովը,
պարզ
վարժութեան
իսկ
բերումով
պիտի
մերժէ
միջակութիւններու
մատուցուած
յարգանքը
ու
արգիլէ
անոնց
«դպրոց»ին
ծաւալումը
մեր
մէջ։
Միւս
կողմէ՝
գրելու
կոչումը
ստացած
ատեն,
գրողը
ինքզինք
պիտի
հարկադրէ
գոնէ
հեռուէն
մօտենալու
կատարեալ
տիպարներու
կաղապարին։
Ճիշդ
է,
որ
ամէն
ժողովուրդ
իրեն
յատուկ
ձեւ
մը
ունի
արուեստ
ընելու,
թարգմանութիւնները
այդ
ձեւին
մէջ
պիտի
զեղչեն
աւելորդ
երակներ
եւ
պիտի
աւելցնեն
նոր
ու
կենդանի
ուրիշ
երակներ։
Յետոյ,
երբ
1860ին
մեր
թարգմանական
շարժումը
լեզուական
նպատակներ
միայն
կը
հետապնդէր,
կամ
երբ
Մխիթարեան
ձեռնարկը
դասական
ու
դպրոցական
առաջադրութիւններ
միայն
ունէր,
արդի
թարգմանութիւնները
կոչուած
են
արուեստի
տառապանքը
հաղորդել։
Եւ
ատով
կը
ծառայէ
հոգիներու
մեծ
եղբայրութեան։
Ատեն
մը,
երբ
գաւառ
ունէինք,
Մխիթարեան
թարգմանութիւնները
ընթերցող
հասարակութեան
նեղութիւնը
չէին
քաշեր։
Այսօր
մեր
գրական
ճաշակները
բաւարարութիւն
չեն
զգար
քիչ
մը
հնաբոյր
անոնց
արձակէն,
որքան
թարգմանուած
նիւթին
փոքր
արժէքէն։
Այսպէս,
լաւ
գիտեմ,
թէ
Հայր
Ղազիկեանի
թարգմանութիւնները
չունին
բաւարար
ընթերցող։
Այնպէս
որ՝
խորքով
ու
ձեւով
յետընկալ
ու
ժողովուրդէն
մասամբ
կտրուած
այդ
յոգնութիւնը
հեռու
է
ինքզինք
արժեւորելէ։
Թարգմանութեան
ատեն
անշուշտ
առաջին
մտահոգութիւնը
պիտի
երթար
գիրքերու
եւ
գործերու
ընտրութեան։
Մեր
թարգմանական
գրականութեան
մէջ
դասականների
փոխադրութիւնները
գրեթէ
ակօս
չեն
բացած
մեր
հասարակութեան
մէջ
այն
պարզ
պատճառով,
որ
գործերը
տրուած
են
առանց
բաւարար
լուսաբանութեան։
Միւս
կողմէ՝
թարգմանիչները,
առաւելաբար
շահու
հետամուտ,
նկատի
ունեցած
են
միայն
թերթօնական
հետաքրքրութիւնը։
Անոնք
պարտաւոր
են
խուսափիլ
գիտնալ
հասարակէն
ու
առօրեայէն
եւ
իրենց
ընտրութիւնը
դնել
գործերու
վրայ,
որոնք
մինակնին,
այսինքն՝
առանց
նոթին
եւ
հետաքրքրութեան
խթանին,
լոկ
իրենց
ներգոյակ
կենդանութեամբ
պարտադրէին
իրենք
զիրենք
մեր
հրապարակին։
Բոլոր
գրականութիւններէն
անյետաձգելի
գլուխ-գործոցներ,
առաւելաբար
վէպի
կալուածէն,
տրուած
շատ
սահուն
հայերէնով,
մեր
պատանութիւնը
պիտի
պաշտպանէին
ձանձրոյթի
եւ
չորութեան
դէմ։
Տպաւորութեան
դեռ
թարմ
շրջաններուն՝
բաւարար
հրահանգումի
այս
պակասը
պատճառ
է,
որ
մեր
տղաքը
երբ
գոլէճէ
մը
դուրս
ելեն,
չկարենան
կարդալ
թարգմանութիւններ։
Միւս
կողմէ՝
զանգուածը
խանդավառելու,
անոր
ճաշակին
մակարդակը
բարձրացնելու
կենսական
հարցը
կայ
մէջտեղը։
Մեծ
գործերը
լաւագոյն
նպաստը
կը
բերեն
այդ
ճաշակին
բարւոքման։
Ուրեմն,
մեր
գործունէութիւնը
առաւելաբար
պիտի
սահմանափակուի
մեզմէ
ոչ-հեռու
զգայնութեամբ
տոգորուած
գիրքերու
թարգմանութեան
մէջ։
Մենք
չենք
կրնար
կարդալ,
օրինակի
մը
համար,
Տելեմաքի
արկածներուն
ամէնէն
կատարեալ
թարգմանութիւնն
իսկ։
Կամ
Քոռնէյլի
մէկ
գլուխ–գործոցին
հայեցի
տաղաչափումը։
Շատ
են
ասոր
պատճառները.
դասական
մշակոյթը
այլեւս
անհրապոյր
է
մեզի
համար.
առօրեային
կնիքովը
չյատկանշուած
գործեր
դժուար
մուտք
կը
գործեն
մեր
վայելքէն
ներս։
Յետոյ՝
բոլորովին
ժամանակակից,
դեռ
մելանին
հոտէն
չազատուած
գործերուն
համար
կը
բերեմ՝
նոյն
հրաւէրը
զգուշաւորութեան։
Կէս
դարը
բաւարար
միջոց
մըն
է,
որպէսզի
գործի
մը
ներկն
ու
ծեփը
թափին
եւ
մնայ
անկորուստ
ոսկորը։
Առաւելաբար
այդ
շրջանակին
մէջ
տեղաւորուած
գիրքերն
են,
որ
մեր
մէջ
փոխադրուելով
պիտի
փրկեն
մեր
հրապարակը։
Թերեւս
միակողմանի
գտնէք
դատելու
այս
ձեւը։
Գրելու
միւս
սեռե՞րը.
բայց
անթարգմանելի
է
բանաստեղծութիւն
մը,
ընթերցող
չ՚ունենար
(եւ
անտեղի
է
արդէն
պահանջել
ատիկա)
քննադատական
հատորներու
հայերէնի
վերածումը։
Թատրոնը
ինքզինք
կը
կառավարէ
իր
միջոցներով
եւ
դերասանները
ճաշակի
ասպետներ
չեն
անշուշտ։
Բանասիրական
ու
պատմագիտական
մեծափոր
հատորները
մատչելի
չեն
զանգուածին։