«ԱՆԱՀԻՏ»
«
Անահիտ
»ը
կը
պատկանի
սերունդի
մը,
որմէ
եթէ
գրող
չունինք
այսօր,
բառին
իսկական
տարողութեամբը,
բայց
ունինք
մեծ
բազմութիւն
մը
սիրողներու,
տարազին
տակ
դուք
հասկցէք
բոլոր
այն
պարկեշտ
հայրենակիցները,
որոնք
իսկական
գորով
կը
տածեն
հանդէպ
մեր
Գիրին։
Ուրիշ
ժողովուրդներու
մէջ
տարիքը
գլխաւոր
սահմանանիշն
է
այս
բաժանումներուն։
Ամէն
սերունդ
ինքզինքը
կ՚երկարէ
իր
արուեստին
մէջ
ու
կը
փակէ
իր
ջիղերը
ուրիշներու։
Տարօրինակը
մեր
մէջ
ա՛յն
է,
որ
ծերերը
կը
յամառին
երիտասարդ
մնալ
ու
«վարժապետել»,
ա՛լ
ախտազերծ
ընտանութեան
մը
գնով։
«
Անահիտ
»ը
իբր
ժամանակավրէպ
մը
դատապարտելու
չափ
առաջ
չեմ
երթար,
ո՛չ
թէ
իրմով
մեզի
եկած
կամ
գալիք
արժէքներուն,
գեղեցկութեան
դէմ
զիջումով
մը,
այլ՝
գլխաւոր
ա՛յն
փաստին
համար,
որ
«
Անահիտ
»ի
ընթերցողները
թանկագին
ծերութիւններ
են
(տարիքէն
չէ,
որ
կը
խօսիմ,
այլ՝
ուղեղէն)
ու
իբր
այդ՝
հանդէսը
կ՚ապրեցնեն։
Անոնք
հաւատաւոր
եռանդով
մը
կը
բանան
այդ
մեծադիր
էջերը,
խորապէս
պարա՜պ
բոլոր
արժէք
խուզարկողներուն
համար,
բայց
խորապէս
կենդանի,
խայտալից,
թրթռուն
ան
միւսներուն
համար,
որոնք
շինուած,
ներկուած,
կոկիկ
զգեստներու
պէտք
ունին՝
իրենց
ուղեղին
մերկութիւնը
հագուեցնելու։
«
Անահիտ
»ը
փաստ
մըն
է
մեր
միտքին
տարբեր
մէկ
անկում
էին,
որուն՝
ուղեղային
պնդերակութիւն
որակում
մը
անյարմար
պիտի
չգար։
Անոր
ընթերցողները,
զայն
խմբագրողին
նման,
կը
կարծեն
ծառայած
ըլլալ
մեր
գիրին,
երբ
հաճոյքով
կը
թարթափին
հասարակ
տեղիքի,
միամիտ
սոփեստութեան,
շրջուած
հռետորութեան
այն
հարիւրաւոր
սիւնակներուն
մէջ,
որոնք
պաշտօն
ունին
Պ.
Արշակ
Չօպանեանի
դատումները
տարազելու։
Նկատի
ունիմ
եւրոպական
մշակոյթին
ոչ
թէ
մակերեսին,
այլ՝
անոր
որոշ
մէկ
շերտին
մէջ
ամրափակ,
անզիջող
զանգուածը։
Անիկա
նման
է
մեր
վաթսունական-ութսունական
թուականներու
իմացական
ընտրանիին,
որ
«
Թափառական
հրեայ
»ով,
«
Թշուառներ
»ով,
«
Մայտա
»յով
կամ
«
Արշակ
Բ.
»ով
կը
բաւարարէ
ինքզինքը
ու
հպա՜րտ
ալ
է
ատով։
(Յայտնի
էր,
թէ
այդ
շրջանին
մեծագոյն
բանաստեղծը
(կը
խնայեմ
անունը)
հետզհետէ
կը
լքէ
դպրոցական
հաւաքածոներէն
ալ
իր
դիրքերը,
օր
մը
բնաւ
չեղած
ըլլալու
արդար
ճակատագրին
դիմելով)։
Ու
դժուար
է
ինծի
համար
շատ
տարբերութիւն
գտնել
ընդ
մէջ
անոր
ու
ներկայի
այն
գրասէրներուն,
որոնք
իրենց
հաստատ
զբաղումները,
կենսաթոշակները,
վայելքները,
պզտիկ
tic
(իմացական)
ամրապէս
կաղապարած,
իրենց
սրահներուն
մէջ
կը
հանդուրժեն
կանանչ
այդ
հանդէսը,
ատենը
հեղ
մը
աչք
նետելու՝
պատկերներուն
կամ
ալ
այցելուները
intriguer
ընելու
տխուր
իմաստութեամբ։
Ծերա՛խտ,
որ
կ՚արգիլէ
մեր
ջիղերուն
զօրաւոր
ցնցումներ
ու
արուեստը
կը
վերածէ
քաղցր
palliatifի
մը
ստոր
ճակատագրին։
Ատոնք
պիտի
ուզեն
քիչ
մը
ամէն
բան,
սանկ
միջակ
ու
անվնաս,
առաւելապէս
թարգմանածոյ։
Եւ
ուշադրութի՛ւն։
Այդ
էջերն
ալ
ըլլալու
են
դարձեալ
չէզոք,
միջազգային
համբաւին
(բայց
անոր
pédantique
երակէն)
ամբողջ
կշիռովը
անդամալոյծ,
ու
պիտի
պատկանի
գովուած,
բայց
չկարդացուած
գործերու
խումբին։
Ոչ
մէկ
հայ
ընթերցող
կրնայ
հաճոյքով
ու
հոգեկան
թրթռացումով
հետեւիլ
այդ
գլուխ–գործոցներուն
թարգմանութեան,
պարզ
այն
պատճառով,
որ
առանց
բաւարար
ծանօթացման,
նոթի
եւ,
մա՛նաւանդ՝
գործերը
պատրաստող
ենթահողին
լայնօրէն
ուսումնասիրումին,
սա
տողերը
պիտի
ըլլան
անարժէք
փոխադրումներ։
Գործեր
կան,
որ
կ՚ապրուին։
Ուրիշներ՝
որ
կը
ծամուին։
Ուրիշներ՝
որ
կը
սիրուին։
Ու
կան՝
որ
կը
յարգուին,
բայց
մեր
զգայական
մարզերուն
չեն
հասնիր։
Ո՞վ
պիտի
ուրանայ
հսկայ
գեղեցկութիւնը,
օրինակի
համար,
Եւքիլեսի
«
Պարսիկները
»
խաղին,
պայմանով,
որ
զայն
թարգմանողը
օրինակիչ
մը
չըլլայ,
այլ՝
արուեստագէտ
մը
նոյն
ատեն,
որ
հնօրեայ
եղերերգակին
զգայնութիւնը
հարազատօրէն
վերարտադրէ
իր
մէջ
ու
նոյն
ատեն
լուսաւորէ
բազմաբեղուն
լոյսերովը
արուեստին
բոլոր
ալքերը,
հեռանկեալ
խորշերը,
որոնք
ժամանակին
փոշիէն
դեղնած
են
ու
մեռեալ։
Մաքրել
այդ
ամէնէն՝
խաւը
դիակին,
հասնիլ
անմահ
խմորին,
որ
մարդուն
հոգին
է
ամէն
տեղ
ու
ամէն
ժամանակ,
լուալ
տաղանդին
կրակովը,
ու
նոր
քուրայէն
հանուած
ոսկիի
մը
նման
բռնել
մեր
առջին
հին
դարերու
մարդե՛րը,
—
ահա
թէ
ի՛նչ
է
ինծի
համար
թարգմանութիւնը
օտար
գլուխ–գործոցներու։
Պ.
Չօպանեան
գիտէ՞,
թէ
կ՚ուրանայ,
երբ
մեռած
տողեր
կը
փռէ
«
Անահիտ
»ի
էջերուն,
երբ
մա՛նաւանդ
մարդոց
անունները
բարձրաղաղակ
պոռալով
անոնց
հոգին.
ալ
տուած
ըլլալ
կը
յաւակնի։
Սխալ
թող
չհասկնան
զիս
բոլոր
անոնք,
որ
այս
տողերուն
մէջ
վիրաւորանք
կամ
յարձակում
պիտի
տեսնեն։
Ես
կը
յարգեմ
ամէն
աշխատանք
։
Կը
նեղուիմ,
երբ
ասոր
արժէքը
դիտումով
կը
խեղաթիւրեն,
կը
չափազանցեն։
Ու
կը
տխրիմ,
երբ
աշխատին
ուրիշին
գովեստին
ակնկառոյց։
Կը
բաւականանամ
դիտել
տալով,
որ
օտարներէ
ամէն
փոխադրում
ենթակայ
է
որոշ
հոգեզրկումի,
քանի
որ
մարդկային
հոգին
նմանելի
է
ամէն
անգայտութեան։
Ասոնք
երբ
մարզ
կը
փոխեն,
կը
ձգեն
բան
մը
իրենց
իսկութենէն։
Ինչ
որ
Պայրընը
Պայրըն
կ՚ընէ,
Անգլիոյ
վերեւ
սաւառնող
հազարամեայ
քաղաքակրթութեան
մը
շամանդաղն
է։
Փորձեցէք
զայն
հայացնել.
բառ
միայն
պիտի
տաք։
Այնպէս
որ՝
«
Անահիտ
»ի
խմբագիրը
միջազգային
գովեստի
պատմուճաններով
պատուըւած
գործերու
համար
երբ
կը
բանայ
իր
էջերը,
բաւարարած
չըլլար
պահանջը,
զոր
ունի
մեր
ընթերցողը
արուեստի
մեծ
գործերէն։
«
Անահիտ
»ի
հրատարակիչը,
մեր
երիցագոյն
խմբագիրներէն,
իր
օրը
ապրած
գրագէտներէն
ու
իր
պատրանքին
մէջ
հպարտ
ու
աննահանջ
աշխատողներէն
մէկն
է։
Չեմ
զբաղիր
անոր
աշխատանքին
միւս
երեսով,
որ
մեր
գեղեցկութեանց
օտարներուն
ծանօթացումը
ունի
նպատակ։
Արշակ
Չօպանեան
այդ
աշխատանքին
ամէնէն
յարմար
մարդն
է,
նկատի
ունենալով
իր
խառնուածքին
տիրական
գիծը,
որ
հասարակական,
խմբագրական
է
եւ
հետեւաբար
օտար՝
արուեստին։
Օրը
օրին,
բեմ–բասացական,
հայրենասիրական,
լրագրական
իր
զբաղումներու
ընթացքին,
ափյափոյ,
յաճախ
սխալ,
միշտ
տառ,
երբեք
հոգի
տուող
այդ
փոխադրումները
առնուազն
կը
ստուերեն
գեղեցկութիւնը
այն
արուեստին,
որուն
տարփողը
ունի
ընելիք,
մեծ
մշակոյթներու
կրկէսին
մէջ։
Ով
որ
կարդայ
իր
Քուչակին
ֆրանսերէնը,
պիտի
նետէ
ձեռքէն
իբր
անհամ
ու
անարժէք
շատախօսութիւն։
Գիտեմ,
թէ
Արշակ
Չօպանեան
իր
ամէն
մէկ
թարգմանութեանց
համար
պահեստի
գովեստ
մը
ունի
իր
դարանին
մէկ
անկիւնը,
ստորագրուած
աս
ու
ան,
երեւելի
ու
չերեւելի
ակադեմիականներէն,
որոնք
հայասիրաբար,
առանց
աչք
իսկ
նետելու,
գովեստը
չեն
խնայած
քաջարի
վաստակաւորին։
Մի
մոռնաք
Հիւկոն,
որ
մեծ
գովեստներ
կը
բաշխէր
չկարուած
գիրքերուն
մասին։
Արժէքով
աշխատա՞նք։
Անշո՛ւշտ
որ
կարելի
է,
բայց
ատիկա
ընողը
արուեստագէտն
է
ըլլալու,
ոչ
թէ
խմբագիրը։
Չեմ
ուրանար
կշիռը
Պ .
Չօպանեանի
գիրքերուն
ընդհանուր
հաշուեցուցակին։
Չունինք
մէկը,
որ
արտադրած
ըլլայ
անոր
քառորդին
չափ։
Անշո՛ւշտ
որ
այդքան
մելան
բան
մը
կ՚ապացուցանէ
ի
վերջոյ։
Չեմ
ուրանար
արժէքը
«
Ծաղիկ
»ին
(1890),
ինչպէս
առջի
«
Անահիտ
»ին։
Առաջինին
մէջ
Արշակ
Չօպանեան
իր
տաղանդին
խանդավառ
արձակումը
կ՚ընէ
ու
մեր
գրականութեան
մէջ
կը
բանայ
որոշ
շրջան։
Երկրորդին
մէջ
անիկա
իր
տաղանդին
լիութիւնը
կը
գտնէ
ու
իր
շրջանին
ընդհանուր
մտայնութիւնը,
անոր
մէկ
երեսը
կը
սեւեռէ,
դժբախտաբար
ամէնէն
ապերախտ
գործիքով
մը,
—
քննադատօրէն։
Բայց
շահ
է
ատիկա
նորէն։
Գալով
ներկայ
պարբերաթերթին
(«
Անահիտ
»,
հանդէս
արուեստի
եւ
մտածման,
նոր
շրջան)
զայն
կը
գտնեմ
փաստաթուղթ
մը
մեր
հոգեկան
յոգնութեան,
մտքին
ծերութեան
ու
նման
ամէն
ծերութեան՝
տրտունջի,
շատ
խօսելու,
ուզածին
հաւնելու,
հին,
երջանիկ
օրեր
ոգեկոչելու
մարդկային
տկարութեան։